Քրիստոնեաները եւ մարդկային աշխարհը
«Խոհեմութեամբ վարուեցէք դուրսիններուն հետ»։—ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 4։5
1. Յիսուս իր հետեւորդներու ու աշխարհի մասին ի՞նչ ըսաւ։
ԻՐ ԵՐԿՆԱՒՈՐ Հօրը ուղղած աղօթքի մը մէջ, Յիսուս իր հետեւորդներուն մասին ըսաւ. «Աշխարհ զանոնք ատեց, վասն զի աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ»։ Ապա աւելցուց. «Չեմ աղաչեր որ զանոնք աշխարհէն վերցնես, հապա որ զանոնք չարէն պահես»։ (Յովհաննու 17։14, 15) Քրիստոնեաները ֆիզիքապէս պիտի չբաժնուէին աշխարհէն, զոր օրինակ, վանքերու մէջ մեկուսանալով։ Ճիշդ հակառակը, Քրիստոս զանոնք «աշխարհ ղրկեց», որպէսզի իր վկաները ըլլան՝ «մինչեւ երկրին ծայրերը»։ (Յովհաննու 17։18. Գործք 1։8) Ան նաեւ Աստուծմէ խնդրեց որ անոնց վրայ հսկէ, քանի որ Սատանան՝ «այս աշխարհին իշխանը», Քրիստոսի անուան պատճառաւ անոնց դէմ ատելութիւն պիտի հրահրէր։—Յովհաննու 12։31. Մատթէոս 24։9
2. (ա) Աստուածաշունչը «աշխարհ» բառը ի՞նչպէս կը գործածէ։ (բ) Աշխարհի հանդէպ Եհովա ի՞նչ հաւասարակշռուած կեցուածք մը ունի։
2 Աստուածաշունչին մէջ «աշխարհ» բառը (Յունարէն՝ գոզմոս) յաճախ կ’ակնարկէ անիրաւ մարդկային ընկերութեան, որ «չարին մէջ [«զօրութեան ներքեւ», ՆԱ] է»։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Քանի որ Քրիստոնեաները Եհովայի չափանիշներուն կը հետեւին եւ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու պատուէրին կը հնազանդին, ասոր համար երբեմն աշխարհի հետ լարուած յարաբերութիւն մը կ’ունենան։ (Բ. Տիմոթէոս 3։12. Ա. Յովհաննու 3։1, 13) Սակայն Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, գոզմոս բառը կ’ակնարկէ նաեւ մարդկային ընդհանուր ընտանիքին։ Ա՛յս առումով աշխարհին ակնարկելով, Յիսուս ըսաւ. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ։ Վասն զի Աստուած իր Որդին չղրկեց աշխարհ, որպէս զի աշխարհը դատէ, հապա՝ որպէս զի աշխարհ անով փրկուի»։ (Յովհաննու 3։16, 17. Բ. Կորնթացիս 5։19. Ա. Յովհաննու 4։14) Արդ, Սատանայի աշխարհը յատկորոշող բաները ատելով հանդերձ, Եհովա մարդկութեան հանդէպ իր սէրը ցոյց տուաւ, իր Որդին երկիր ղրկելով, որպէսզի բոլոր ‘զղջացողները’ փրկուին։ (Բ. Պետրոս 3։9. Առակաց 6։16-19) Աշխարհի հանդէպ Եհովայի ունեցած հաւասարակշռուած կեցուածքը, որպէս օրինակ պէտք է ծառայէ իր երկրպագուներուն։
Յիսուսի Օրինակը
3, 4. (ա) Յիսուս ի՞նչ կեցուածք որդեգրեց իշխանութեան հանդէպ։ (բ) Յիսուս ի՞նչպէս նկատեց մարդկային աշխարհը։
3 Իր մահուընէ քիչ առաջ, Յիսուս Պոնտացի Պիղատոսի ըսաւ. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ»։ (Յովհաննու 18։36) Այս խօսքերուն հետ ներդաշնակ վարուելով, Յիսուս նախապէս մերժած էր այս աշխարհի թագաւորութիւններուն վրայ իշխելու Սատանայի հրաւէրը եւ չէր ուզած որ Հրեաները զինք թագաւոր ընէին։ (Ղուկաս 4։5-8. Յովհաննու 6։14, 15) Սակայն, Յիսուս անհուն սէր ունէր մարդկային աշխարհին հանդէպ։ Ասոր մէկ օրինակին մասին Մատթէոս կը տեղեկագրէ. «Ժողովուրդները տեսնելով, անոնց վրայ խղճաց, վասն զի յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս»։ (Մատթէոս 9։36) Սէրէ մղուած, ան մարդոց քարոզեց իրենց քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ։ Անոնց սորվեցուց եւ անոնց հաշմանդամութիւնները բուժեց։ (Մատթէոս 9։36) Սորվելու համար իրեն քով եկողներուն մարմնաւոր կարիքներուն հանդէպ ալ ան անտարբեր չէր։ Կը կարդանք. «Յիսուս իր աշակերտները քովը կանչելով՝ ըսաւ. ‘Կը խղճամ այդ ժողովուրդին վրայ, վասն զի երեք օր է, որ քովս են եւ բան մը չունին ուտելու։ Զանոնք անօթի արձակել չեմ ուզեր, չըլլայ որ ճամբան մարին’»։ (Մատթէոս 15։32) Ի՜նչ կարեկցութիւն։
4 Հրեաները մեծապէս նախապաշարուած էին Սամարացիներուն հանդէպ, բայց Յիսուս երկար խօսակցութիւն մը ունեցաւ Սամարացի կնոջ մը հետ եւ անոնց քաղաքներէն մէկուն մէջ երկու օր մնալով՝ անոնց վկայեց։ (Յովհաննու 4։5-42) Թէեւ Աստուած զինք «Իսրայէլի տանը կորսուած ոչխարներուն» ղրկած էր, բայց եղան առիթներ, երբ Յիսուս Հրեայ չեղող անհատներուն օգնեց՝ անոնց հաւատքը նկատելով։ (Մատթէոս 8։5-13. 15։21-28) Այո, Յիսուս ապացուցանեց որ կարելի էր ‘աշխարհէ չըլլալ’, բայց միեւնոյն ատեն մարդկային աշխարհին՝ ուրիշ խօսքով՝ մարդոց հանդէպ սէր ցոյց տալ։ Մենք ալ նման կարեկցութիւն ցոյց կու տա՞նք մեր դրացիներուն, գործակիցներուն եւ գնումի ընթացքին մեր հանդիպած մարդոց հանդէպ։ Անոնց բարօրութեամբ կը հետաքրքրուի՞նք. ո՛չ միայն իրենց հոգեւոր կարիքներով, այլ մեր կարողութեան ներած չափով, անոնց մնացեալ կարիքներով ալ։ Յիսուս ասիկա ըրաւ, եւ այսպէս վարուելով, Թագաւորութեան մասին մարդոց սորվեցնելու առիթներ ստեղծեց։ Ճիշդ է որ մենք չենք կրնար Յիսուսի նման բառացի հրաշքներ ընել։ Բայց ազնիւ արարք մը, յաճախ կանխակալ կարծիքի պատը փշրելու հրաշքը կը գործէ։
«Դուրսիններ»ուն Հանդէպ Պօղոսի Կեցուածքը
5, 6. Պօղոս առաքեալ «դուրսը» գտնուող Հրեաներուն հետ ի՞նչպէս վարուեցաւ։
5 Պօղոս առաքեալ իր նամակներուն մէջ քանիցս «դուրսիններ»ու, կամ, «դուրս եղողներ»ու, այսինքն՝ ոչ–Քրիստոնեաներու մասին ակնարկութիւն ըրած է, ըլլան անոնք Հրեայ կամ Հեթանոս։ (Ա. Կորնթացիս 5։12. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։12. Ա. Տիմոթէոս 3։7) Անոնց հետ ի՞նչպէս կը վարուէր։ Ան ‘ամենուն հետ ամէն բան եղաւ, որպէս զի մէկ քանիները ապրեցնէ’։ (Ա. Կորնթացիս 9։20-22) Երբ քաղաք մը հասնէր, նախ հոն հաստատուած Հրեաներուն կը քարոզէր։ Ասիկա ընելու համար ի՞նչ կերպ կը գործածէր։ Փափկանկատութեամբ եւ յարգալից կերպով Մեսիայի եկած, զոհաբերական մահով մը մեռած եւ յարուցուած ըլլալուն մասին սուրբ գրային համոզիչ փաստեր կը ներկայացնէր։—Գործք 13։5, 14-16, 43. 17։1-3, 10
6 Այս կերպով, Պօղոս Օրէնքի ու մարգարէներուն մասին Հրեաներուն ունեցած գիտութեան վրայ կը յենուէր, Մեսիային ու Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին անոնց սորվեցնելու համար։ Ան յաջողեցաւ զանոնք համոզել։ (Գործք 14։1. 17։4) Հակառակ Հրեայ առաջնորդներուն ընդդիմութեան, Պօղոս ջերմ սէր ցոյց տուաւ իր ազգակիցներուն հանդէպ, երբ գրեց. «Եղբայրնե՛ր, սրտանց կը փափաքիմ ու կ’աղօթեմ Աստուծոյ, որ Իսրայէլը փրկէ։ Վասն զի ես կը վկայեմ անոնց համար թէ Աստուծոյ համար նախանձախնդիրներ են, թէեւ ո՛չ գիտակցաբար»։—Հռովմայեցիս 10։1, 2
Հրեայ Չեղող Հաւատացեալներուն Տրուած Օգնութիւն
7. Բազմաթիւ նորադարձներ ի՞նչպէս ընդառաջեցին Պօղոսի քարոզած բարի լուրին։
7 Նորադարձները Հրեաներ չէին, բայց թլփատուած ըլլալով՝ Հրէականութեան կը հետեւէին։ Բացայայտօրէն, ամբողջ հրէական սփիւռքի՝ Հռովմի, Սուրիական Անտիոքի, Եթովպիայի եւ Պիսիդիայի Անտիոքի՝ մէջ, նորադարձ Հրեաներ կային։ (Գործք 2։8-10. 6։5. 8։27. 13։14, 43. բաղդատել՝ Մատթէոս 23։15։) Հրեայ բազմաթիւ կառավարիչներու հակառակը, նորադարձները հպարտ չէին եւ Աբրահամէ սերած ըլլալու սնապարծութիւնը չունէին։ (Մատթէոս 3։9. Յովհաննու 8։33) Այլ, իրենց հեթանոս չաստուածները լքած ու խոնարհութեամբ Եհովայի դարձած էին, որոշ գիտութիւն մը ձեռք ձգելով Աստուծոյ եւ իր օրէնքներուն մասին։ Մեսիայի գալուն մասին Հրեաներուն ունեցած յոյսն ալ կը բաժնէին։ Քանի որ ճշմարտութեան իրենց փնտռտուքին մէջ արդէն փոփոխութիւն ընելու պատրաստակամութիւն ցոյց տուած էին, անոնցմէ շատեր յաւելեալ փոփոխութիւններ ընելու եւ Պօղոսի քարոզչութեան ընդառաջելու պատրաստ էին։ (Գործք 13։42, 43) Անցեալին հեթանոս չաստուածներ պաշտող նորադարձ մը երբ Քրիստոնէութիւնը որդեգրէր, ան լաւ կերպով զինուած կ’ըլլար տակաւին այդ չաստուածները պաշտող հեթանոսներուն վկայելու համար։
8, 9. (ա) Նորադարձներէն զատ, հեթանոսներու ո՞ր դասակարգին համար ալ հրէական կրօնքը գրաւիչ էր։ (բ) Չթլփատուած բազմաթիւ աստուածավախ անհատներ բարի լուրին ի՞նչպէս ընդառաջեցին։
8 Թլփատուած նորադարձներէն զատ, ուրիշ ոչ–Հրեաներ ալ հրապուրուած էին հրէական կրօնքով։ Անոնցմէ առաջինը որ Քրիստոնէութիւնը ընդունեց՝ Կոռնելիոսն էր, որ թէեւ նորադարձ մը չէր, բայց «բարեպաշտ ու աստուածավախ» մարդ մըն էր։ (Գործք 10։2) Ուսուցչապետ Ֆ. Ֆ. Պրուս Գործք Առաքելոց գրքին մասին մեկնաբանութիւն տալով, ըսաւ. «Այսպիսի հեթանոսներ առհասարակ կը կոչուէին ‘Աստուծմէ վախցողներ’. թէեւ ասիկա գիտարուեստական արտայայտութիւն մը չէ, բայց՝ շատ տեղին է։ Այդ օրերուն, թէեւ հեթանոսներէն շատեր լիովին Հրէականութեան դառնալու պատրաստուած չէին (թլփատութեան պահանջքը մասնաւորաբար այր մարդիկը կը խրտչեցնէր), բայց հրէական ժողովարանի միաստուածութեան պարզ պաշտամունքը եւ Հրեաներու կենցաղագիտական չափանիշները գրաւիչ կը գտնէին։ Անոնցմէ ոմանք ժողովարաններ կը յաճախէին եւ բաւարար տեղեկութիւն ունէին աղօթքներու մասին, ինչպէս նաեւ՝ Սուրբ Գրութիւններու սերտողութիւններու մասին, որոնց ընթերցանութիւնը կը լսէին Յունարէն թարգմանութեամբ»։
9 Երբ Պօղոս առաքեալ Փոքր Ասիոյ եւ Յունաստանի ժողովարաններուն մէջ կը քարոզէր, բազմաթիւ աստուածավախ մարդոց հանդիպեցաւ։ Պիսիդիայի Անտիոքի մէջ, ան ժողովարանին մէջ հաւաքուած անհատներուն ուղղելով իր խօսքը, ըսաւ. «Ո՛վ Իսրայէլացի մարդիկ եւ դուք որ Աստուծմէ կը վախնաք»։ (Գործք 13։16, 26) Ղուկաս կը գրէ որ Պօղոս երեք Շաբաթ օր Թեսաղոնիկէի ժողովարանին մէջ քարոզելէ ետք, «անոնցմէ [Հրեաներէն] ոմանք հաւատացին [Քրիստոնեաներ եղան] ու Պօղոսին եւ Շիղային հետ միացան. աստուածավախ Յոյներէն ալ մեծ բազմութիւն ու երեւելի կիներէն ալ հաւատացողները քիչուոր չէին»։ (Գործք 17։4) Հաւանաբար, այդ Յոյներէն ոմանք անթլփատ աստուածավախ մարդիկ էին։ Անկասկած բազմաթիւ այսպիսի հեթանոսներ հրէական գաղութներու հետ ընկերակցութիւն ունէին։
«Անհաւատներ»ուն Քարոզել
10. Պօղոս ի՞նչպէս քարոզեց Սուրբ Գրութիւններէն բնաւ տեղեակ չեղող անհատներու եւ ի՛նչ արդիւնքով։
10 Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ, «անհաւատներ» բառը կրնայ ակնարկել քրիստոնէական ժողովքէն դուրսը գտնուողներուն, յաճախ՝ հեթանոսներուն։ (Հռովմայեցիս 15։31. Ա. Կորնթացիս 14։22, 23. Բ. Կորնթացիս 4։4. 6։14) Աթէնքի մէջ բազմաթիւ անհաւատներ յունական իմաստասիրութեամբ դաստիարակուած էին, բայց Սուրբ Գրութիւններէն բնաւ տեղեկութիւն չունէին։ Այս իրողութիւնը Պօղոսը ետ պահե՞ց վկայելէ։ Բնա՛ւ. սակայն ան տարբեր մօտեցում գործածեց։ Ան հմուտ կերպով սուրբ գրային գաղափարներ ներկայացուց, առանց ուղղակիօրէն մէջբերելով Եբրայերէն Գրութիւններէն, որոնց անծանօթ էին Աթենացիները։ Ան ճարտարօրէն ցոյց տուաւ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան եւ վաղեմի Ստոյիկեան բանաստեղծներու արտայայտած որոշ միտքերու մէջ գոյութիւն ունեցող նմանութիւնները։ Նաեւ ներկայացուց այն միտքը թէ բոլոր մարդկութեան համար մէկ ճշմարիտ Աստուած գոյութիւն ունէր. Աստուած մը որ արդարութեամբ պիտի դատէր այն մարդուն ձեռքով, որ մեռելներէն յարուցանած էր։ Ուստի, Պօղոս ճարտարօրէն Քրիստոսի մասին խօսեցաւ Աթենացիներուն։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Թէեւ շատեր զինք ուղղակիօրէն ծաղրեցին կամ թերահաւատ գտնուեցան, «սակայն քանի մը մարդիկ իրեն յարելով հաւատացին, որոնց մէջ էին Դիոնեսիոս Արիսպագացի եւ Դամարիս անունով կին մը ու անոնց հետ ուրիշներ ալ»։—Գործք 17։18, 21-34
11. Կորնթոսը ի՞նչպիսի քաղաք մըն էր եւ Պօղոսի քարոզչութիւնը ի՞նչ արդիւնք տուաւ հոն։
11 Կորնթոսի մէջ հրէական կարեւոր գաղութ մը կար, ուստի Պօղոս սկսաւ ժողովարանին մէջ քարոզել։ Բայց երբ Հրեաները հակառակեցան, Պօղոս հեթանոսներուն գնաց։ (Գործք 18։1-6) Իսկ ի՜նչ ժողովուրդ. . . ։ Կորնթոսը բազմազբաղ, բազմազգ, առեւտրական քաղաք մըն էր եւ յունա–հռովմէական ամբողջ աշխարհի մէջ հռչակաւոր էր իր անբարոյութեան համար։ Արդարեւ, «Կորնթացի ըլլալ» կը նշանակէր՝ անբարոյ ըլլալ։ Սակայն, Հրեաները Պօղոսի քարոզչութիւնը մերժելէն ետքն էր որ Քրիստոս անոր երեւցաւ եւ ըսաւ. «Մի՛ վախնար, հապա խօսէ՛ եւ լուռ մի՛ կենար, . . . քանզի այս քաղաքին մէջ ես շատ ժողովուրդ ունիմ»։ (Գործք 18։9, 10) Ճիշդ այդպէս ալ եղաւ. Պօղոս Կորնթոսի մէջ ժողովք մը հիմնեց, հակառակ անոր որ անոր անդամներէն ոմանք «կորնթոսական» ապրելակերպ մը ունէին։—Ա. Կորնթացիս 6։9-11
Փորձենք ‘Ամէն Տեսակ Մարդիկ Փրկել’
12, 13. (ա) Ներկայիս մեր թաղամասը ի՞նչպէս կը նմանի Պօղոսի օրուան թաղամասին։ (բ) Ի՞նչ վերաբերմունք ցոյց կու տանք այն թաղամասերուն մէջ, ուր Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնքները դարերէ ի վեր հաստատուած են, կամ հոն՝ ուր շատեր յուսախաբ եղած են կրօնքներէն։
12 Ինչպէս առաջին դարուն, այսօր ալ ‘Աստուծոյ շնորհքը . . . փրկութիւն կը բերէ ամէն տեսակ մարդոց’։ (Տիտոս 2։11, ՆԱ) Բարի լուրի քարոզչութիւնը բոլոր ցամաքամասերն ու կղզիներու մեծամասնութեան հասած է արդէն։ Ինչպէս Պօղոսի օրերուն, արդարեւ ‘ամէն տեսակ մարդոց’ կը հանդիպինք։ Օրինակ, մեզմէ ոմանք կը քարոզեն այն երկիրներու մէջ, ուր Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիները դարերէ ի վեր հաստատուած են։ Առաջին դարու Հրեաներուն նման, անոնց անդամները զօրաւոր կերպով կապուած կրնան ըլլալ իրենց կրօնական աւանդութիւններուն։ Սակայն, մենք ուրախութեամբ կը փնտռենք սրտի լաւ վիճակ ունեցողները եւ անոնց Աստուածաշունչէն ունեցած գիտութեան վրայ կը կառուցանենք։ Նոյնիսկ երբ անոնց կրօնական առաջնորդները մեզի հակառակին կամ մեզ հալածեն, մենք անոնց ցած աչքով չենք նայիր, ոչ ալ կ’անարգենք զանոնք։ Այլ, կը գիտակցինք որ անոնցմէ ոմանք թէեւ ճշգրիտ գիտութիւն չունին, բայց Աստուծոյ հանդէպ «նախանձախնդիր» են։ Յիսուսի եւ Պօղոսի նման, մարդոց հանդէպ անկեղծ սէր ցոյց կու տանք եւ սրտանց կը փափաքինք որ անոնք փրկուին։—Հռովմայեցիս 10։2
13 Մինչ կը քարոզենք, շատերս կը հանդիպինք անհատներու, որոնք կրօնքներէն յուսախաբ եղած են։ Այսուհանդերձ, անոնք թերեւս տակաւին աստուածավախ են, որոշ չափով Աստուծոյ կը հաւատան եւ կը ջանան մաքուր կեանք մը վարել։ Այս խոտորած եւ հետզհետէ աւելի անաստուած դարձող սերունդին մէջ, տակաւին որոշ չափով Աստուծոյ հաւատացողներու հանդիպիլը մեզ չո՞ւրախացնէր։ Իսկ չե՞նք ուզեր բոլոր սրտով զանոնք ուղղել պաշտամունքի կերպի մը, որ կեղծաւորութեամբ ու ստութեամբ արատաւորուած չէ։—Փիլիպպեցիս 2։15
14, 15. Բարի լուրի քարոզչութեան ի՞նչ ընդարձակ դաշտ մը մատչելի եղած է։
14 Ուռկանի մասին իր տուած առակին մէջ, Յիսուս նախագուշակեց որ քարոզչութեան թաղամասը ընդարձակ պիտի ըլլար։ (Մատթէոս 13։47-49) Այս առակին մասին բացատրութիւն տալով, 1 Սեպտեմբեր 1992–ի Դիտարան–ը, 24–րդ էջին վրայ կ’ըսէր. «Դարերու ընթացքին, Քրիստոնեայ Աշխարհի անդամները մեծ դեր մը խաղացին Աստուծոյ Խօսքը թարգմանելու, ընդօրինակելու եւ տարածելու մէջ։ Հետագային, Եկեղեցիները Աստուածաշունչի ընկերութիւններ կազմեցին, կամ անոնց թիկունք կանգնեցան, որոնք Աստուածաշունչը երկրի հեռաւոր մասերուն մէջ ապրողներուն լեզուներով թարգմանեցին։ Անոնք նաեւ բժշկական միսիոնարներ եւ ուսուցիչներ ղրկեցին, որոնք բրինձի Քրիստոնեաներ կերտեցին։ Այս գործողութիւնը հսկայական թիւով անշահ ձուկեր ժողվեց, որոնք Աստուծոյ հաճութիւնը չունէին։ Սակայն գոնէ Քրիստոնեայ չեղողներ շփման մէջ մտան Աստուածաշունչին եւ թէեւ եղծանուած՝ Քրիստոնէութեան մէկ ձեւին հետ»։
15 Քրիստոնեայ Աշխարհի կողմէ կատարուած հաւատափոխութիւնը մասնաւորաբար ազդու եղած է Հարաւային Ամերիկայի, Ափրիկէի եւ կարգ մը կղզիներու մէջ։ Մեր օրերուն, այդ շրջաններուն մէջ բազմաթիւ հեզ անհատներ գտնուած են եւ մենք ի՛րապէս բարիք ըրած կ’ըլլանք, եթէ շարունակենք դրական ու սիրալիր կեցուածք մը ունենալ անոնց հանդէպ, ինչպէս Պօղոս կը վարուէր Հրեայ նորադարձներուն հետ։ Մեր օգնութեան կարիքը ունին նաեւ այն միլիոնաւոր անհատները, զորոնք կրնանք կոչել Եհովայի Վկաներու «համակիրներ»։ Ամէն անգամ որ զիրենք այցելենք, հաճոյքով կը լսեն մեզ։ Անոնցմէ ոմանք մեզի հետ ուսումնասիրած են Աստուածաշունչը եւ մեր ժողովներուն եկած են, մասնաւորաբար Քրիստոսի տարեկան Յիշատակատօնին։ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու համար այսպիսիները ընդարձակ դաշտ մը չե՞ն ներկայացներ։
16, 17. (ա) Ի՞նչպիսի անհատներու կը մօտենանք բարի լուրով։ (բ) Տարբեր տեսակի մարդոց քարոզելով, ի՞նչպէս Պօղոսը ընդօրինակած կ’ըլլանք։
16 Նաեւ, ի՞նչ կրնանք ըսել Քրիստոնեայ Աշխարհի մշակոյթներուն չպատկանող մարդոց մասին, որոնց կը հանդիպինք իրենց երկրին՝ թէ Արեւմտեան երկիրներու մէջ, որպէս գաղթականներ։ Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել անոնց մասին, որոնք ամբողջովին կռնակ դարձուցած են կրօնքին, անաստուած կամ երեւութապաշտ դառնալով։ Տակաւին ի՞նչ կրնանք ըսել անոնց մասին, որոնք կրօնական ջերմեռանդութեամբ կը հետեւին արդի փիլիսոփայութեան կամ ժողովրդային հոգեբանութեան, որ կարելի է գտնել գրատուներու մէջ վաճառուած բազմաթիւ ինքնազարգացման գրքերու մէջ։ Արդեօք այսպիսի անհատներ պէ՞տք է անտեսենք եւ փրկուելու անարժան սեպենք։ Ո՛չ՝ եթէ կ’ուզենք հետեւիլ Պօղոս առաքեալի օրինակին։
17 Երբ Աթէնքի մէջ կը քարոզէր, Պօղոս իր ունկնդիրներուն հետ փիլիսոփայական նիւթեր ծեծելու որոգայթին մէջ չինկաւ։ Այսուհանդերձ, ան իր ունկնդիրներուն համաձայն պատճառաբանութիւններ ներկայացուց, Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ներկայացնելով յստակ եւ տրամաբանական կերպով։ Մենք ալ կարիքը չունինք մեր քարոզած անհատներուն պատկանած կրօնքներուն կամ անոնց հետեւած փիլիսոփայութեան մասնագէտները դառնալու։ Սակայն մեր վկայութիւնը աւելի ազդու դարձնելու համար, մեր մօտեցումները կը յարմարցնենք, որպէսզի «ամենուն հետ ամէն բան» ըլլանք։ (Ա. Կորնթացիս 9։22) Կողոսացի Քրիստոնեաներուն գրելով, Պօղոս նշեց. «Խոհեմութեամբ վարուեցէք դուրսիններուն հետ՝ ժամանակը ծախու առնելով։ Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով, որպէս թէ աղով համովցած ըլլայ ու գիտնաք թէ ի՛նչպէս կը վայլէ ձեզի ամէն մէկուն պատասխան տալ»։—Կողոսացիս 4։5, 6
18. Ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունինք եւ ի՞նչ բան բնաւ պէտք չէ մոռնանք։
18 Յիսուսի ու Պօղոս առաքեալի նման, ամէն տեսակ մարդոց հանդէպ սէր ցոյց տանք։ Մասնաւորաբար յաւելեալ ջանք թափենք ուրիշներն ալ Թագաւորութեան բարի լուրին մասնակից դարձնելու համար։ Իսկ միշտ մեր մտքին մէջ ունենանք ինչ որ Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն մասին՝ «անոնք աշխարհէն չեն»։ (Յովհաննու 17։16) Յաջորդ յօդուածով պիտի տեսնենք թէ ասիկա ի՛նչ կը նշանակէ մեզի համար։
Վերաքաղի Համար
◻ Աշխարհի հանդէպ Յիսուսի ունեցած հաւասարակշռուած կեցուածքը նկարագրեցէք։
◻ Պօղոս առաքեալ ի՞նչպէս քարոզեց Հրեաներուն եւ նորադարձներուն։
◻ Պօղոս ի՞նչ կերպով մօտեցաւ աստուածավախ եւ անհաւատ մարդոց։
◻ Մեր քարոզչութեան ընթացքին, ի՞նչպէս կրնանք «ամենուն հետ ամէն բան» ըլլալ։
[Նկար՝ էջ 10]
Իրենց դրացիներուն հանդէպ ազնիւ վերաբերմունք ցոյց տալով, Քրիստոնեաները յաճախ իրենց դէմ եղած կանխակալ կարծիքը կը փշրեն