Երախտապարտ՝ քրիստոնէական զօրաւոր ժառանգութեան մը համար
ՊԱՏՄՈՒԱԾ՝ ԿՈՒԷՆ ԿՈՒՉԻ ԿՈՂՄԷ
Դպրոցին մէջ, մեղեդի մը երգեցի, որու բառերն էին՝ ‘Մեծ Եհովան իր փառքով գահը նստած’։ Յաճախ հարց կու տայի, ‘Ո՞վ է այս Եհովան’։
ՄԵԾ ՀԱՅՐՍ ու մայրս աստուածավախ անհատներ էին։ Այս դարուն սկիզբը, անոնք կ’ընկերակցէին Աստուածաշունչի Աշակերտներուն հետ՝ ինչպէս որ Եհովայի Վկաները կը ճանչցուէին այն ժամանակ։ Հայրս իր գործին մէջ յաջողած մարդ մըն էր, բայց իրեն մատուցուած քրիստոնէական ժառանգութիւնը սկիզբը իր երեք զաւակներուն չփոխանցեց։
Միմիայն երբ հայրս՝ Իր Գործերը եւ Ո՞վ Է Աստուած խորագրով գրքոյկները, իմ եղբօրս Տուկլասին, քրոջս Էնին ու ինծի տալէն ետքն էր որ սորվեցայ թէ Եհովա ճշմարիտ Աստուծոյ անունն է։ (Սաղմոս 83։18) Իրապէ՛ս հրճուեցայ։ Սակայն, ի՞նչ բան Հօրս հետաքրքրութիւնը շարժած էր։
1938–ին, երբ Հայրս տեսաւ թէ ազգերը պատերազմելու կը պատրաստուին, ան գիտակցեցաւ որ աշխարհի խնդիրներուն դարման մը գտնելու համար մարդկային ջանքերէն աւելին կը պահանջուի։ Մեծ մայրս անոր տուաւ Եհովայի Վկաներու կողմէ հրատարակուած Թշնամիներ խորագրով գիրքը (Անգլերէն)։ Զայն կարդալով, ան սորվեցաւ թէ մարդկութեան իսկական թշնամին Բանսարկու Սատանան է եւ թէ միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կրնայ համաշխարհային խաղաղութիւն բերել։a —Դանիէլ 2։44. Բ. Կորնթացիս 4։4
Մինչ պատերազմը կը մօտենար, մեր ընտանիքը սկսաւ ժողովներու ներկայ գտնուիլ, Եհովայի Վկաներու Թագաւորութեան Սրահին մէջ, Ուուտ Կրինի մէջ, Հիւսիսային Լոնտոն։ Յունիս 1939–ին, մօտակայքը եղող Ալեքսանդրա Փալասը գացինք, «Կառավարութիւն եւ Խաղաղութիւն» խորագրով հանրային դասախօսութիւն մը լսելու համար, որ Դիտարանի Ընկերութեան այն ատենուայ նախագահին՝ Ժոզէֆ Ֆ. Ռատըրֆորտի՝ կողմէ պիտի ներկայացուէր։ Նիւ Եորք Սիթիի Մէտիսըն Սքուէր Կարտընի մէջ ներկայացուած Ռատըրֆորտի դասախօսութիւնը, ձայնասփռուեցաւ Լոնտոնի եւ կարգ մը ուրիշ գլխաւոր քաղաքներու մէջ։ Դասախօսութիւնը այնքան յստակ կը լսէինք, որ երբ Նիւ Եորքի մէջ կռուազան ամբոխ մը խռովութիւն պատճառեց, շուրջս նայեցայ տեսնելու համար թէ արդեօք այս բոլորը մե՞ր լսարանին մէջ կը պատահէին։
Հօրս Նախանձախնդրութիւնը՝ Աստուածաշունչի Ճշմարտութեան Հանդէպ
Հայրս ստիպեց որ ամէն Շաբաթ օր երեկոյեան, ընտանեօք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ունենայինք։ Մեր ուսումնասիրութիւնը Աստուածաշունչէն նիւթ մը կ’ըլլար, հիմնուած՝ յաջորդ օրը սերտուելիք Դիտարան–ի ուսումնասիրութեան վրայ։ Այս ուսումնասիրութիւններուն իմ վրաս ունեցած տպաւորութիւնը ցոյց տալու համար, կ’ուզեմ յիշել թէ մինչեւ այսօր Դիտարան 1 Մայիս 1939–ի մէջ (Անգլերէն) նկատի առնուած՝ Յեսուի եւ Գայի քաղաքին պաշարման պատմութիւնը, տակաւին մտքիս մէջ վառ է։ Այդ դէպքը իմ հետաքրքրութիւնս այնքան շարժեց, որ անոր մասին եղած բոլոր վերագրումները Աստուածաշունչիս մէջ աչքէ անցուցի։ Այսպիսի հետազօտութիւն չափազանց հետաքրքրական գտայ ու մինչեւ օրս ալ նոյնն է պարագան։
Մեր սորված բաները ուրիշներուն հետ բաժնեկցիլը, Աստուածաշունչի ուսուցումները սրտիս մէջ դրոշմեց։ Օր մը Հայրս ինծի տուաւ ֆոնոկրաֆ մը, Աստուածաշունչի արձանագրուած քարոզ մը, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան համար գործածուող գրքոյկ մը եւ տարեց կնոջ մը հասցէն։ Ապա ինծմէ խնդրեց որ կնոջ այցելեմ։
Հօրս հարցուցի. «Ի՞նչ պիտի ըսեմ եւ ի՞նչ պիտի ընեմ»։
Ան պատասխանեց. «Ամէն բան հո՛ն է։ Պարզապէս ձայնապնակը աշխատցուր, հարցումները կարդա՛, տանտիրոջմէ խնդրէ որ պատասխանները կարդայ, ապա համարները կարդա՛»։
Հօրս ըսածները ըրի եւ այս կերպով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարել սորվեցայ։ Սուրբ Գրութիւնները այս կերպով իմ ծառայութեանս մէջ գործածելը, օգնեց որ զանոնք աւելի լաւ հասկնամ։
Պատերազմի Տարիներուն Դժուարութիւնները
Համաշխարհային Բ. Պատերազմը սկսաւ 1939–ին, իսկ յաջորդ տարին, Եհովայի ծառայելու իմ նուիրումս խորհրդանշեցի՝ մկրտուելով։ Այն ժամանակ միմիայն 13 տարեկան էի։ Ապա որոշեցի ռահվիրայ կամ լիաժամ քարոզիչ մը ըլլալ։ 1941–ին դպրոցը ձգեցի ու Լիչէսթըրի համաժողովին Տուկլասին միացայ, լիաժամ քարոզչութեան գործին մէջ։
Յաջորդ տարի, Հայրս բանտարկուեցաւ՝ պատերազմի դէմ խղճմտանքի առարկութիւն ընելուն պատճառաւ։ Պատերազմի այդ դժուարին տարիներու ընթացքին, ես, քոյրս ու եղբայրս մօրս քով մնացինք, մեր տան հոգ տանելու համար։ Հայրս ազատ արձակուելէն քիչ ետք, Տուկլասը զինուորական ծառայութեան կանչուեցաւ։ Տեղական լրագրի մը վերնագիրը ծանուցանեց. «Որդին Ինչո՛ւ Հօրը Նման Բանտը Ընտրեց»։ Լաւ վկայութիւն տրուեցաւ, քանի որ առիթ եղաւ բացատրելու թէ ճշմարիտ Քրիստոնեաները ինչո՛ւ չեն մասնակցիր իրենց ընկեր արարածը սպաննելու մէջ։—Յովհաննու 13։35. Ա. Յովհաննու 3։10-12
Պատերազմի այդ տարիներուն, լիաժամ ծառայութեան մէջ եղող բազմաթիւ Վկաներ կանոնաւորաբար մեր տունը կ’այցելէին, եւ անոնց շինիչ սուրբ գրային խօսակցութիւնները մնայուն տպաւորութիւն մը ձգեցին։ Այդ հաւատարիմ Քրիստոնեայ եղբայրներուն մէջ կային՝ Ճոն Պառ եւ Ալպըրթ Շրոտըր, որոնք ներկայիս Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինին անդամներէն են։ Ծնողներս իրապէս հիւրասէր էին եւ մեզի ալ սորվեցուցին նոյն հոգին ցուցաբերել։—Եբրայեցիս 13։2
Պատրաստ՝ Պատասխան մը Հայթայթելու
Ռահվիրայութիւնս սկսելէն քիչ ետք, դռնէ–դուռի ծառայութեան ընթացքին, ծանօթացայ Հիլտային։ Ան բարկութեամբ ըսաւ. «Ամուսինս ձեզի՛ պէս մարդոց համար կը պատերազմի։ Ինչո՞ւ համար պատերազմին մէջ ձեւով մը ձեր մասնակցութիւնը չէք բերեր»։
«Ի՞նչ գիտէք թէ ես ի՛նչ կ’ընեմ», հարցուցի անոր։ «Գիտէ՞ք թէ ինչո՛ւ ձեզի կ’այցելեմ»։
Ան պատասխանեց. «Լաւ կ’ընէք եթէ ներս հրամմելով ինծի բացատրէք»։
Կարողացայ Հիլտային բացատրել թէ մենք իսկական յոյս մը կու տանք, յաճախ Աստուծոյ անունով կատարուող ահռելի արարքներուն պատճառաւ տառապող մարդոց։ Ան գնահատութեամբ մտիկ ըրաւ, եւ Աստուածաշունչի առաջին կանոնաւոր աշակերտս եղաւ։ Ներկայիս ան աւելի քան 55 տարիներէ ի վեր գործունեայ Վկայ մըն է։
Պատերազմի աւարտին, ռահվիրայութեան նոր նշանակում մը ստացայ, հարաւային Անգլիոյ հարաւ–արեւմուտքը գտնուող գիւղաքաղաքներէն մէկուն՝ Տորչէսթըրի՝ մէջ։ Ասիկա առաջին անգամն էր որ ընտանիքէս հեռու կ’ապրէի։ Մեր փոքր ժողովքը կը հաւաքուէր ճաշարանի մը մէջ՝ ԺԶ. դարու կառոյց մը, որ կը կոչուէր «Հին Թէյատուն»։ Իւրաքանչիւր ժողովին ստիպուած էինք սեղաններն ու աթոռները կարգի դնել։ Անիկա նախապէս իմ յաճախած Թագաւորութեան Սրահէն շատ տարբեր էր։ Այսուհանդերձ, նոյն հոգեւոր սնունդը ու Քրիստոնեայ եղբայրներու ու քոյրերու սիրալիր ընկերակցութիւնը կը վայելէինք։
Մինչ այդ, ծնողքս փոխադրուեցաւ Լոնտոնի հարաւը գտնուող Թանպրիճ Ուէլզ շրջանը։ Տուն վերադարձայ, որպէսզի ես, Էնը եւ Հայրս կարենանք միասնաբար ռահվիրայութիւն ընել։ Շատ չանցած, մեր ժողովքին մէջ Վկաներու թիւը 12–էն 70–ի բարձրացաւ։ Հետեւաբար մեր ընտանիքէն խնդրուեցաւ որ հարաւային ծովեզերքը՝ Պրայթըն փոխադրուի, ուր Թագաւորութեան հրատարակիչներու աւելի մեծ կարիք կար։ Շատեր նախանձախնդրաբար մեր ռահվիրայ ընտանիքին միացան քարոզչութեան գործին մէջ, եւ զգացինք որ Եհովա առատօրէն կ’օրհնէր մեր գործունէութիւնը։ Շատ չանցած, մէկ ժողովքը՝ երեք եղաւ։
Չակնկալուած Հրաւէր մը
1950–ի ամրան, մեր ընտանիքը կը գտնուէր այն 850 Բրիտանացի պատուիրակներուն մէջ, որոնք ներկայ գտնուեցան Աստուածպետութեան Յաւելում Միջազգային Համաժողովին, Նիւ Եորք Սիթիի Եանգի Սթէտիումին մէջ։ Այդ համաժողովին ներկայ գտնուող պատուիրակ ռահվիրաներէն շատերուն, դիմումնագիր մը ղրկուեցաւ, որպէսզի յաճախեն Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոցը, որ կը գտնուէր Հարաւային Լէնսինկի մէջ, Նիւ Եորք։ Տուկլասը, Էնը եւ ես, դիմումնագիր ստացողներուն մէջ էինք։ Կը յիշեմ, երբ լեցուած դիմումնագիրս նամակատուփին մէջ կը ձգէի, ես ինծի խորհեցայ. ‘Հիմա, իրապէ՛ս իմ անձս պարտաւորութեան մը տակ դրի։ Կեանքս ի՞նչպիսի ուղղութիւն մը պիտի առնէ’։ Սակայն, իմ վճռակամութիւնս էր. «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ»։ (Եսայեայ 6։8) Շատ հրճուեցայ երբ Տուկլասի եւ Էնի հետ միասին հրաւէր ստացայ համաժողովէն ետք հոն մնալու, որպէսզի Գաղաադու 16–րդ դասարանին ներկայ գտնուինք։ Երեքս ալ շատ լաւ գիտէինք թէ որպէս միսիոնարներ կրնայինք ղրկուիլ աշխարհի որեւէ մէկ մասը։
Համաժողովը ընտանեօք վայելելէն յետոյ, ժամանակը եկաւ որ մեր ծնողքը Անգլիա վերադառնայ՝ առանձին։ Երեքս ալ՝ մեր ձեռքերը երերցնելով հրաժեշտ տուինք, մինչ անոնց շոգենաւը՝ Մորիթանիա–ն՝ դէպի Անգլիա նաւարկեց։ Ի՜նչ յուզիչ բաժանում մըն էր։
Միսիոնարական Նշանակումներ
Գաղաադու 16–րդ դասարանը կը բաղկանար աշխարհի բոլոր մասերէն եկած 120 աշակերտներէ, որոնց մէջ կային ոմանք, որոնք Նացի կեդրոնացման ճամբարներու մէջ տառապած էին։ Քանի որ մեր դասարանին Սպաներէն կ’ուսուցուէր, կ’ակնկալէինք Հարաւային Ամերիկայի մէջ սպանախօս երկիր մը նշանակուիլ։ Երեւակայեցէք մեր զարմանքը երբ վկայականներու բաշխման օրը իմացանք որ Տուկլասը նշանակուած էր Ճափոն, մինչ Էնը եւ ես՝ Սուրիա։ Հետեւաբար երկուքս ալ Արաբերէն պէտք էր սորվէինք, եւ պարագան չփոխուեցաւ նոյնիսկ երբ մեր նշանակումը փոխուելով՝ Լիբանան եղաւ։ Մինչ մեր անցագրերը կը սպասէինք, շաբաթը երկու անգամ Արաբերէն դասաւանդութիւն ունեցանք, Դիտարանի Ընկերութեան Արաբերէն Դիտարան–ի գրաշարին՝ Ճորճ Շախաշիրիի՝ կողմէ։
Որքա՜ն ոգեւորիչ էր երթալ երկիր մը, որու մասին Աստուածաշունչէն սորված էինք դասարանին մէջ։ Մեզի ընկերակցեցան՝ Գիթ եւ Ճոյս Չու, Էտնա Սթէքհաոս, Ալիվ Թըրնըր, Տորին Ուարպըրթըն եւ Տորիս Վուտ։ Ի՜նչ ուրախ միսիոնարական ընտանիք մը կազմեցինք։ Տեղացի Վկայ մը մեր միսիոնարական տունը կ’այցելէր, լեզուն սորվելու նկատմամբ յաւելեալ օգնութիւն մատուցանելու համար։ Առօրեայ մեր դասընթացքներու ընթացքին, հակիրճ ներկայացում մը փորձ ընելէն ետք, դուրս ելլելով զայն կը գործածէինք քարոզչութեան մէջ։
Առաջին քանի մը տարիները անցուցինք Թրիփոլիի մէջ, ուր հաստատուած ժողովք մը կար։ Ճոյսը, Էտնան, Ալիվը, Տորինը, Տորիսը, Էնը եւ ես, տեղացի Վկաներու կիներուն ու դուստրերուն օգնեցինք որ ժողովներու ինչպէս նաեւ հանրային քարոզչութեան մասնակցին։ Մինչեւ այն ատեն, տեղւոյն սովորութեան հետեւելով, մեր եղբայրները ու քոյրերը միասնաբար չէին նստեր ժողովներուն, իսկ Քրիստոնեայ քոյրերը հազուադէպօրէն տունէ–տուն ծառայութեան կը մասնակցէին։ Հանրային մեր քարոզչութեան մէջ, լեզուի նկատմամբ անոնց աջակցութեան կարիքը ունէինք, եւ քաջալերեցինք որ իրենք ալ անձամբ այս գործունէութեան մասնակցին։
Էնին եւ իմ յաջորդ նշանակումն էր՝ վաղեմի Սիդոն քաղաքին մէջ գտնուող Վկաներու պզտիկ խումբին օգնել։ Անկէ քիչ ետք, մեզմէ խնդրուեցաւ մայրաքաղաք՝ Պէյրութ՝ վերադառնալ։ Հոն՝ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան սերմեր ցանուած էին հայախօս համայնքին մէջ, ուստի անոնց օգնելու համար այդ լեզուն սորվեցանք։
Նշանակումի Փոփոխութիւններ
Անգլիայէն չմեկնած Ուիլֆրէտ Կուչին ծանօթացած էի։ Ան նախանձախնդիր, կարեկից եղբայր մըն էր, որ ծառայած էր Լոնտոնի Պէթէլին մէջ։ Ուիլֆ՝ Գաղաադու 15–րդ դասարանի աշակերտներէն էր, որոնք շրջանաւարտ եղան 1950–ին, Եանգի Սթէտիումի մէջ գումարուած համաժողովի ընթացքին։ Անոր միսիոնարական նշանակումն էր Դիտարանի Ընկերութեան՝ Նիկերիոյ մասնաճիւղի գրասենեակը, եւ որոշ ժամանակ իրարու հետ թղթակցեցանք։ 1955–ին, երկուքս ալ ներկայ եղանք «Յաղթական Թագաւորութիւն» նահանգային համաժողովին, Լոնտոնի մէջ, իսկ անկէ քիչ ետք նշանուեցանք։ Յաջորդ տարին, Կանայի մէջ ամուսնացանք, ու ես Ուիլֆի միսիոնարական նշանակումին միացայ Լակոսի մէջ, Նիկերիա։
Լիբանան ձգելէս ետք, Էնը ամուսնացաւ Քրիստոնեայ լաւ եղբօր մը հետ, որ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը Երուսաղէմի մէջ սորված էր։ Ծնողքս չկարողացաւ մեր հարսանիքներուն ներկայ գտնուիլ, քանի որ Տուկլասը, Էնը եւ ես աշխարհի զանազան մասերուն մէջ ամուսնացանք։ Սակայն, անոնք գոհացան գիտնալով որ բոլորս ալ ուրախ էինք մեր Աստուծոյն՝ Եհովայի՝ ծառայելով։
Գործունէութիւն Նիկերիոյ Մէջ
Լակոսի մասնաճիւղի գրասենեակին մէջ, նշանակումս էր մեր մասնաճիւղի ընտանիքին ութը անդամներուն սենեակները մաքրել, ինչպէս նաեւ անոնց կերակուր պատրաստել ու լուացքնին ընել։ Այնպէս եղաւ որ ո՛չ միայն ամուսին մը ունեցած էի, այլ նաեւ՝ անմիջական ընտանիք մը։
Ուիլֆը եւ ես Եօրուպա լեզուով Աստուածաշունչի հակիրճ ներկայացումներ սորվեցանք, եւ մեր ջանքերուն համար մեծապէս վարձատրուեցանք։ Երիտասարդ աշակերտ մը, որու այն ժամանակ վկայեցինք, ներկայիս տղայ մը ու աղջիկ մը ունի, որոնք կը ծառայեն շուրջ 400 անդամներէ բաղկացած Նիկերիոյ Պէթէլի մեծ ընտանիքին մէջ։
1963–ին, Ուիլֆը՝ տասը ամսուան մասնայատուկ դասընթացքի մը հետեւելու հրաւէր մը ստացաւ, Պրուքլինի մէջ, Նիւ Եորք։ Զայն աւարտելէ ետք, անսպասելիօրէն Անգլիա վերանշանակուեցաւ։ Մինչ այդ, ես Նիկերիա էի եւ միայն 14 օր տրուեցաւ ինծի, որպէսզի Ուիլֆին միանամ Լոնտոնի մէջ։ Նիկերիան շատ ուրախ նշանակում մը եղած էր, ուստի անկէ մեկնեցայ խառն զգացումներով։ 14 տարիներ օտարութեան մէջ ծառայելէ ետք, ժամանակ առաւ մինչեւ որ դարձեալ Անգլիոյ ապրելակերպին վարժուիմ։ Սակայն, շնորհապարտ էինք որ մեր ծերացած ծնողներուն դարձեալ մօտ էինք եւ պիտի կարենայինք անոնց հոգ տանիլ։
Մեր Յոյսով Զօրացած
1980–էն սկսեալ, առանձնաշնորհումը ունեցայ Ուիլֆին ընկերակցելու, մինչ ան բազմաթիւ երկիրներ կը ճամբորդէր որպէս գօտիի տեսուչ։ Մասնաւորաբար մեծ ակնկալութեամբ կը սպասէի Նիկերիա վերայցելել։ Հետագային, նաեւ գացինք՝ Սկանտինավիա, Արեւմտեան Ինտիներ եւ Միջին Արեւելք, ի ներառեալ Լիբանան։ Ինծի համար մասնայատուկ ուրախութիւն մըն էր երջանիկ յիշատակներ վերապրիլ, ինչպէս նաեւ տեսնել նախկին ծանօթ պատանիներ, որոնք հիմա կը ծառայէին որպէս Քրիստոնեայ երէցներ։
Ցաւալիօրէն, 1992–ի գարնան սիրելի ամուսինս մահացաւ։ Ան միայն 69 տարեկան էր։ Ասիկա յատկապէս աղիտալի հարուած մըն էր, քանի որ անակնկալօրէն պատահեցաւ։ 35 տարի ամուսնացած կեանք մը վարելէն ետք, փոփոխութեան վարժուիլը ժամանակ առաւ։ Սակայն, համաշխարհային քրիստոնէական ընտանիքէս շատ օգնութիւն եւ սէր ստացայ։ Բազմաթիւ ուրախ փորձառութիւններ ունեցած եմ, որոնց մասին կրնամ խոկալ։
Ծնողքս քրիստոնէական ուղղամտութեան սքանչելի օրինակ մը հանդիսացաւ։ Մայրս մահացաւ 1981–ին, իսկ Հայրս՝ 1986–ին։ Տուկլասը եւ Էնը կը շարունակեն հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայել։ Տուկլասը եւ իր կինը՝ Գէմ՝ Լոնտոն վերադարձան, ուր մնացին Հօրս հոգ տանելէ ետք։ Էնը եւ իր ընտանիքը Միացեալ Նահանգներ են։ Բոլորս ալ մեր աստուածատուր յոյսը եւ ժառանգութիւնը կը գնահատենք։ Կը շարունակենք ունենալ ‘սպասողական կեցուածք’ մը, յառաջ նայելով այն ժամանակուան երբ ապրողները, իրենց սիրելի յարուցեալներուն հետ, միասնաբար յաւիտեան պիտի ծառայեն, որպէս Եհովայի երկրային ընտանիքի անդամները։—Ողբք 3։24, ՆԱ։
[Ստորանիշ]
a Հօրս՝ Էրնէսթ Պիվըրի՝ կենսագրութիւնը լոյս տեսաւ Դիտարան 15 Մարտ 1980–ի թիւին մէջ (Անգլերէն)։
[Նկարներ՝ էջ 23]
Ձախէն աջ. Կուէն, 13 տարեկանին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կը ցուցադրէ, Էնֆիլտի Թագաւորութեան Սրահին մէջ
Միսիոնարական ընտանիքը Թրիփոլիի մէջ, Լիբանան, 1951
Կուէն իր հանգուցեալ ամուսնոյն՝ Ուիլֆի՝ հետ