Գիրք մը՝ բոլոր մարդոց համար
«Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է»։—ԳՈՐԾՔ 10։34, 35
1. Համալսարանի ուսուցիչ մը ի՞նչ պատասխանեց, երբ իր կարծիքը հարցուեցաւ Աստուածաշունչի մասին, եւ ան ի՞նչ ընել որոշեց։
ԿԻՐԱԿԻ յետ միջօրէ մը, համալսարանի ուսուցիչ մը տունն էր եւ այցելուներ չէր ակնկալեր։ Բայց երբ մեր Քրիստոնեայ քոյրերէն մէկը զինք այցելեց, ան մտիկ ըրաւ։ Քոյրը խօսեցաւ ապականութեան ու երկրի ապագային մասին ու այս նիւթերը իր հետաքրքրութիւնը շարժեցին։ Բայց երբ քոյրը խօսակցութեան ընթացքին Աստուածաշունչին ակնարկեց՝ ան թերահաւատութիւն ցոյց տուաւ։ Ուստի, քոյրը հարցուց թէ Աստուածաշունչին մասին ի՛նչ կը խորհէր։
«Անիկա քանի մը խելացի անհատներու կողմէ գրուած լաւ գիրք մըն է, բայց պէտք չէ զայն լուրջի առնել», պատասխանեց ան։
«Աստուածաշունչը բնաւ կարդացա՞ծ էք», հարցուց քոյրը։
Անակնկալի գալով, ուսուցիչը ստիպուած եղաւ ընդունելու թէ՝ չէր կարդացած։
Ուստի քոյրը հարց տուաւ. «Ի՞նչպէս կրնաք այսքան զօրաւոր համոզում մը ունենալ գրքի մը մասին, զոր չէք կարդացած»։
Քրոջ առարկութիւնը կշիռ ունեցաւ։ Ուսուցիչը որոշեց նախ քննել Աստուածաշունչը, ապա ատոր մասին կարծիք մը կազմել։
2, 3. Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը գոց գիրք մըն է շատերուն համար, եւ ասիկա ի՞նչ դժուարութիւն կը յարուցանէ մեզի։
2 Այս ուսուցիչը բացառութիւն չի կազմեր։ Շատեր որոշ կարծիք մը ունին Աստուածաշունչին մասին, հակառակ անոր որ անձնապէս բնաւ չեն կարդացած զայն։ Անոնք թերեւս ունին Աստուածաշունչ մը եւ անոր գրական կամ պատմական արժէքը գիտեն։ Բայց շատերուն համար, անիկա գոց գիրք մըն է։ Ոմանք կ’ըսեն. ‘Աստուածաշունչ կարդալու ժամանակ չունիմ’։ Ուրիշներ հարց կու տան. ‘Այսքան հին գիրք մը ի՞նչ առնչութիւն կրնայ ունենալ իմ կեանքիս հետ’։ Այսպիսի տեսակէտ մը իրական դժուարութիւն մը կը ներկայացնէ մեզի։ Եհովայի Վկաները հաստատօրէն կը հաւատան որ Աստուածաշունչը «Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Բայց ի՞նչպէս կրնանք մարդոց համոզել, որ հակառակ իրենց ցեղային, ազգային կամ ազգատոհմային ծագումին, պէ՛տք է քննեն Աստուածաշունչը։
3 Միասնաբար քննարկենք կարգ մը պատճառներ, տեսնելու համար թէ Աստուածաշունչը ինչո՛ւ նկատողութեան արժանի է։ Այսպիսի քննարկութիւն մը պիտի զինէ մեզ, որ ծառայութեան մէջ մեր հանդիպած անհատներուն հետ տրամաբանենք, թերեւս անոնց համոզելով որ իրենք ալ պէտք է նկատի առնեն Աստուածաշունչը։ Միեւնոյն ժամանակ, անիկա մեր հաւատքն ալ պիտի զօրացնէ թէ Աստուածաշունչը՝ Աստուծոյ Խօսքն է, ինչպէս անիկա կը դաւանի ըլլալ։—Եբրայեցիս 4։12
Աշխարհի Ամենաշատ Տարածուած Գիրքը
4. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ որ Աստուածաշունչը աշխարհի ամենաշատ տարածուած գիրքն է։
4 Առաջին՝ Աստուածաշունչը նկատի առնուելու արժանի է, քանի որ մարդկային պատմութեան մէջ անիկա ամենալայն շրջաբերութիւն ունեցող եւ ամենաշատ թարգմանուած գիրքն է։ Աւելի քան 500 տարիներ առաջ, անոր առաջին հատորը լոյս տեսաւ Ճոհաննէս Կիւթէնպէրկի շարժուն տպագրամեքենայէն։ Անկէ ի վեր շուրջ չորս միլիառ Աստուածաշունչեր, ամբողջութեամբ կամ մասամբ, տպուած են։ Մինչեւ 1996, ամբողջ Աստուածաշունչը կամ անկէ մասեր, 2,167 լեզուներու եւ բարբառներու թարգմանուած էին։a Մարդկային ընտանիքին աւելի քան 90 տոկոսը իր անձնական լեզուով Աստուածաշունչէն առնուազն մաս մը կրնայ ձեռք ձգել։ Ուրիշ ո՛չ մէկ գիրք՝ կրօնական կամ այլ՝ նոյնիսկ կրնայ մրցիլ անոր հետ։
5. Ինչո՞ւ պէտք է ակնկալենք որ Աստուածաշունչը համայն աշխարհի մարդոց մատչելի ըլլայ։
5 Վիճակագրութիւնները ինքնին չեն փաստեր որ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է։ Սակայն, վստահաբար կ’ակնկալենք որ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը եղող գրութիւն մը մատչելի ըլլայ համայն աշխարհի մարդոց։ Չէ՞ որ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ որ «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է»։ (Գործք 10։34, 35) Ուրիշ որեւէ գրքէ տարբեր ըլլալով, Աստուածաշունչը ազգային սահմանները անցած եւ ցեղային ու ազգատոհմային արգելքները յաղթահարած է։ Արդարեւ, Աստուածաշունչը գիրք մըն է բոլոր մարդոց համար։
Պահպանուած Յատուկ Արձանագրութիւն մը
6, 7. Ինչո՞ւ զարմանալի չէ որ Աստուածաշունչի բնագիրներէն որեւէ մէկը գոյութիւն չունի ներկայիս, եւ ասիկա ի՞նչ հարց կը յարուցանէ։
6 Աստուածաշունչը մեր կողմէ նկատի առնուելու ուրիշ պատճառ մըն ալ կայ։ Անիկա թէ՛ բնական եւ թէ մարդկային արգելքներէն վերապրած է։ Հակառակ հսկայական արգելքներու, անոր պահպանման արձանագրութիւնը իրապէս յատուկ է վաղեմի գրութիւններուն մէջ։
7 Աստուածաշունչը գրողները բացայայտօրէն իրենց աշխատասիրութիւնը կը կատարէին պապիրոսներու (նոյն անունը կրող եգիպտական բոյսէ մը շինուած) եւ մագաղաթներու (անասուններու մորթերէն շինուած) վրայ մելանով գրելով։b (Յոբայ 8։11) Սակայն գրութեան համար գործածուած այս նիւթերը իրենց բնական թշնամիները ունէին։ Ուսումնական Օսգար Փարէթ կը բացատրէ. «Խոնաւութիւնը, բորբոսումը եւ ցեցի տեսակները, նոյն չափով վտանգի ենթարկած են գրութեան այս երկու միջոցները։ Առօրեայ փորձառութենէն գիտենք թէ թուղթը, եւ նոյնիսկ հաստատուն կաշին, որքա՛ն դիւրութեամբ կը փճանան բացօթեայ վայրի մը կամ խոնաւ սենեակի մը մէջ»։ Ուստի, զարմանալի չէ որ Աստուածաշունչի բնագիրներէն որեւէ մէկը գոյութիւն չունի ներկայիս. անոնք հաւանաբար շատոնց փճացած են։ Բայց եթէ բնագիրները բնական թշնամիներու զոհ գացին, այդ պարագային Աստուածաշունչը ի՞նչպէս վերապրեցաւ։
8. Դարերու ընթացքին, Աստուածաշունչի գրութիւնները ի՞նչպէս պահպանուեցան։
8 Բնագիրները գրուելէն անմիջապէս ետք, ձեռագիր արտագրութիւններ սկսան կատարուիլ։ Արդարեւ, Օրէնքը եւ Սուրբ Գրութիւններու ուրիշ մասերը ընդօրինակելը իրապէս արհեստ մը դարձաւ վաղեմի Իսրայէլի մէջ։ Եզրաս քահանան, զոր օրինակ, «Մովսէսին օրէնքին արագագիր դպիրն էր»։ (Եզրասայ 7։6, 11. բաղդատել՝ Սաղմոս 45։1։) Բայց արտադրուած պատճեններն ալ փճանալու ենթակայ էին. վերջ ի վերջոյ հարկ տեսնուեցաւ զանոնք ալ փոխարինել ուրիշ ձեռագիրներով։ Արտագրութիւնը դարեր շարունակուեցաւ։ Քանի որ մարդիկ անկատար են, արդեօք արտագրողներու սխալները Աստուածաշունչի բովանդակութեան մէջ փոփոխութիւններ մտցուցի՞ն։ Բազմաթիւ ապացոյցներ կը հերքեն այս միտքը։
9. Մազօրէթներու օրինակը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչը արտագրողները որքան հոգածու եւ ճշգրիտ էին։
9 Արտագրողները ո՛չ միայն շատ հմուտ էին, այլ նաեւ, իրենց ընդօրինակած բառերուն հանդէպ խոր յարգանք ունէին։ «Արտագրող [դպիր]» թարգմանուած Եբրայերէն բառը՝ հաշուելու եւ արձանագրելու կ’ակնարկէ։ Արտագրողներուն չափազանց հոգատարութիւնը բացատրելու համար՝ Մազօրէթները նկատի առէք, որոնք Եբրայերէն Գրութիւնները արտագրողներ էին եւ Հ.Դ. վեցէն՝ տասներորդ դարերու միջեւ կ’ապրէին։ Ուսումնական Թոմաս Հարթուէլի համաձայն, անոնք գիտէին թէ «այբուբենի իւրաքանչիւր տառ քանի անգամ կը գտնուի ամբողջ Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ»։ Խորհեցէք պահ մը. տառ մը զանց չընելու համար, այս անձնուէր արտագրողները ո՛չ միայն բառերը կը համրէին, այլ նաեւ՝ տառերը։ Ուսումնականի մը հաշուով, տեղեկագրուած է որ անոնք Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ ընդամէնը 815,140 տառ հաշուած են։ Այսպիսի տքնաջան աշխատանք մը բարձրորակ ճշգրտութիւն կ’երաշխաւորէ։
10. Ի՞նչ հսկայական փաստեր կան որ Եբրայերէն եւ Յունարէն ձեռագիրները նախնական բնագրին բառերը ճշգրտօրէն ներկայացուցած են, որոնց վրայ հիմնուած են արդի թարգմանութիւնները։
10 Արդարեւ, բազմաթիւ ապացոյցներ կան թէ Եբրայերէն եւ Յունարէն բնագիրները յատկանշական հաւատարմութեամբ նախնական գրողներուն բառերը հաղորդած են, որոնց վրայ հիմնուած են արդի թարգմանութիւնները։ Ապացոյցը՝ գոյութիւն ունեցող Աստուածաշունչի բազմաթիւ ձեռագիրներն են. Եբրայերէն Գրութիւններէն ամբողջութեամբ կամ մասամբ շուրջ 6,000 օրինակներ, իսկ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններէն Յունարէնով 5,000 օրինակներ վերապրած են մինչեւ մեր օրերը։ Ուսումնականներ գոյութիւն ունեցող բազմաթիւ ձեռագիրները ուշադրութեամբ իրարու հետ բաղդատելով կրցած են ոեւէ արտագրողի սխալները գտնել եւ սրբագրել։ Հետեւաբար, Եբրայերէն Գրութիւններու բովանդակութեան մասին խօսելով, ուսումնական Ուիլիըմ Կրին կրնար ըսել. «Վստահ կերպով կրնանք ըսել որ վաղեմի ո՛չ մէկ աշխատասիրութիւն այսքան ճշգրիտ կերպով փոխանցուած է»։ Նոյն վստահութիւնը կրնանք ունենալ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն վրայ։
11. Ա. Պետրոս 1։24, 25–ի լոյսին տակ, Աստուածաշունչը ինչո՞ւ մինչեւ մեր օրերը վերապրած է։
11 Աստուածաշունչը որքա՜ն դիւրութեամբ կրնար փճանալ, եթէ թանկարժէք պատգամներ պարունակող բնագիրները փոխարինող ձեռագիրներ չըլլային։ Անոր վերապրումը միայն մէկ բացատրութիւն ունի. Եհովա ի՛նքն է իր Խօսքին Պահպանիչը եւ Պաշտպանը։ Ինչպէս Աստուածաշունչը կ’ըսէ Ա. Պետրոս 1։24, 25–ի մէջ. «Ամէն մարմին խոտի պէս է եւ մարդուն բոլոր փառաւորութիւնը՝ խոտի ծաղիկի պէս. խոտը կը չորնայ ու անոր ծաղիկը կը թափթփի. բայց Տէրոջը խօսքը յաւիտեան կը մնայ»։
Մարդոց Խօսած Կենդանի Լեզուներու Թարգմանուած
12. Դարերու արտագրումէն զատ, Աստուածաշունչը ուրիշ ի՞նչ արգելք ալ դիմագրաւեց։
12 Դարերով արտագրութիւն կատարելը բաւական դժուար երեւոյթ մըն էր։ Բայց Աստուածաշունչը ուրիշ խոչընդոտ մըն ալ դիմագրաւեց. Մարդոց խօսած լեզուներուն թարգմանելու գործը։ Աստուածաշունչը պէտք է մարդոց լեզուներով խօսի, որպէսզի անոնց սրտերուն հասնի։ Սակայն, Աստուածաշունչի աւելի քան 1,100 գլուխներու եւ 31,000 համարներու թարգմանութիւնը դիւրին գործ մը չէր։ Բայց դարերու ընթացքին, անձնուէր թարգմանիչներ ուրախութեամբ ստանձնեցին այս մարտահրաւէրը, երեւութապէս անյաղթահարելի դժուարութիւններու դիմաց։
13, 14. (ա) ԺԹ. դարուն սկիզբը, Աստուածաշունչի թարգմանիչ Ռոպէրթ Մոֆաթ ի՞նչ դժուարութիւն դիմագրաւեց։ (բ) Ցուանախօս ժողովուրդը ի՞նչպէս հակազդեց, երբ իրենց լեզուով Ղուկասու Աւետարանը մատչելի եղաւ։
13 Նկատի առէք, զոր օրինակ, թէ Աստուածաշունչը ի՛նչպէս ափրիկեան լեզուներու թարգմանուեցաւ։ 1800–ին, Ափրիկէի մէջ միայն տասնեակ մը գրաւոր լեզուներ կային։ Խօսուած ուրիշ հարիւրաւոր լեզուներ գրութեան կերպ մը չունէին։ Ռոպէրթ Մոֆաթի նման Աստուածաշունչի թարգմանիչներ այս դժուարութեան դիմաց գտնուեցան։ 1821–ին, 25 տարեկան հասակին, Մոֆաթ միսիոնարական դպրոց մը հաստատեց հարաւային Ափրիկէի Ցուանախօս ժողովուրդին մէջ։ Անոնց գրութիւն չունեցող լեզուն սորվելու համար, ան ժողովուրդին խառնուեցաւ։ Մոֆաթ յարատեւեց եւ առանց այբենարանի կամ բառարաններու, ան վերջապէս տիրապետեց լեզուին, անոր գրութիւնն ալ հնարեց եւ կարգ մը Ցուանացիներու սորվեցուց անոր ընթերցումը։ 1829–ին, Ցուանացիներուն մէջ ութ տարի աշխատելէ ետք, Մոֆաթ Ղուկասու Աւետարանին թարգմանութիւնը աւարտեց։ Ան հետագային ըսաւ. «Անհատներ գիտեմ որոնք հարիւրաւոր մղոններ հեռաւորութենէ եկան Սբ. Ղուկասու գիրքէն օրինակներ առնելու համար։ . . . Տեսայ անհատներ որոնք Սբ. Ղուկասէն մասեր ստացան եւ լացին անոնց համար, զանոնք իրենց ծոցը դրին ու երախտագիտութեան արցունքներ թափեցին, մինչեւ անգամ քանի մը հոգիին ըսի. ‘Ձեր արցունքներով գիրքերը պիտի փճացնէք’»։ Մոֆաթի նաեւ ըսուեցաւ Ափրիկեցի մարդու մասին, որ տեսաւ շատ անհատներ, որոնք Ղուկասու Աւետարանը կը կարդային եւ անոնց հարցուց թէ ի՛նչ էր իրենց ձեռքին մէջ եղածը։ «Աստուծոյ Խօսքն է», ըսին անոնք։ Մարդը հարցուց. «Անիկա կը խօսի՞»։ «Այո՛, սրտին կը խօսի», պատասխանեցին անոնք։
14 Մոֆաթի նման անձնուէր թարգմանիչներ այս կերպով շատ մը Ափրիկեցիներու պատեհութիւնը տուին որ առաջին անգամ ըլլալով գրութեան հետ շփման մէջ գան։ Սակայն, թարգմանիչները Ափրիկեցի ժողովուրդին ասկէ աւելի արժէքաւոր նուէր մը տուին. Աստուածաշունչը՝ իրենց լեզուով։ Ասկէ զատ, Մոֆաթ Ցուանախօս ժողովուրդին ծանօթացուց աստուածային անունը եւ այդ անունը գործածեց ամբողջ թարգմանութեան մէջ։c Անոր համար Ցուանախօս ժողովուրդը Աստուածաշունչին ակնարկեց որպէս՝ «Եհովայի բերանը»։—Սաղմոս 83։18
15. Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը շատ կենդանի է ներկայիս։
15 Աշխարհի տարբեր մասերուն մէջ, ուրիշ թարգմանիչներ նոյնանման խոչընդոտներ դիմագրաւեցին։ Ոմանք նոյն իսկ իրենց կեանքը վտանգեցին, Աստուածաշունչը թարգմանելու համար։ Պահ մը խորհեցէք. Եթէ Աստուածաշունչը միայն հին Եբրայերէնով եւ Յունարէնով մնար, շատոնց «մեռած» պիտի ըլլար, քանի որ այդ լեզուները ժամանակի ընթացքին ամբողջովին մոռցուեցան եւ աշխարհի շատ մասերուն մէջ անոնց մասին գաղափար իսկ չունէին։ Բայց Աստուածաշունչը շատ կենդանի է, քանի որ անիկա համայն աշխարհի մարդոց անձնական լեզուներով իրենց հետ «կը խօսի». ուրիշ գիրք մը չկայ որ ասիկա կարենայ ընել։ Որպէս հետեւանք, անոր պատգամը ‘կը ներգործէ անոր հաւատք ընծայողներուն մէջ’։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13) Երուսաղէմի Աստուածաշունչը հետեւեալ կերպով կը թարգմանէ. «անիկա տակաւին կենդանի զօրութիւն մըն է ձեր մէջ, որ անոր կը հաւատաք»։
Վստահութեան Արժանի
16, 17. (ա) Աստուածաշունչը վստահելի ըլլալու համար ի՞նչ ապացոյց գոյութիւն պէտք է ունենայ։ (բ) Աստուածաշունչի գրութեան մասնակցած Մովսէսի անկեղծութիւնը օրինակով մը բացատրեցէք։
16 ‘Կրնա՞նք Աստուածաշունչին վստահիլ’, կը հարցնեն ոմանք։ ‘Անիկա իրապէս ապրած մարդոց, գոյութիւն ունեցած վայրերու եւ պատահած դէպքերու մասին կը խօսի՞’։ Եթէ անոր պիտի վստահինք, ապացոյցներու պէտք ունինք որ անիկա ուշադիր ու պարկեշտ անհատներու կողմէ գրուած է։ Ասիկա մեզի կը հասցնէ Աստուածաշունչը քննելու ուրիշ մէկ պատճառին. Հաստատ ապացոյց կայ որ անիկա ճշգրիտ եւ վստահելի է։
17 Պարկեշտ գրողներ ոչ միայն յաջողութիւնները, այլ նաեւ՝ ձախողութիւնները, ոչ միայն զօրութիւնները, այլ նաեւ՝ տկարութիւնները պէտք է արձանագրեն։ Աստուածաշունչը գրողները այսպիսի անկեղծութիւն ցոյց տուին։ Նկատի առէք, զոր օրինակ, Մովսէսի անկեղծութիւնը։ Ան ճշգրիտ կերպով գրեց իր ճարտարախօս չըլլալը, որու համար Իսրայէլի առաջնորդը ըլլալու ինքզինք անարժան սեպեց (Ելից 4։10), իր գործած լուրջ յանցանքը, որու համար զրկուեցաւ Խոստացեալ Երկիրը մտնելէ (Թուոց 20։9-12. 27։12-14), իր եղբօր՝ Ահարոնի խոտորիլը, որ ոսկիէ հորթը շինելու մէջ ըմբոստ Իսրայելացիներու հետ համագործակցեցաւ (Ելից 32։1-6), իր քրոջ՝ Մարիամի՝ ըմբոստութիւնն ու անոր նուաստացուցիչ պատիժը (Թուոց 12։1-3, 10), իր զարմիկներուն՝ Նադաբի ու Աբիուդի՝ սրբապիղծ ըլլալը (Ղեւտացւոց 10։1, 2), եւ իր ժողովուրդին անդադար գանգատն ու տրտունջը։ (Ելից 14։11, 12. Թուոց 14։1-10) Այսպիսի անխարդախ, պարկեշտ տեղեկագրութիւն մը, ճշմարտութեան հանդէպ հոգատարութիւն չի՞ նշեր։ Քանի որ Աստուածաշունչը գրողները իրենց սիրելի եղող անհատներուն, իրենց ժողովուրդին եւ նոյնիսկ իրենք իրենց մասին աննպաստ տեղեկութիւններ արձանագրած են, ասիկա լաւ պատճառ մը չէ՞ որ անոնց գրութիւններուն վստահինք։
18. Ի՞նչ բան Աստուածաշունչի գրչագիրները վստահելի կը դարձնէ։
18 Աստուածաշունչի գրչագիրներուն համերաշխութիւնն ալ իրենց գրութիւնները կը վաւերացնէ որպէս վստահելի։ Իրապէս յատկանշական է որ 40 անհատներ, շուրջ 1,600 տարուան ժամանակաշրջանի մը մէջ իրարու հետ համաձայն գտնուած են, նոյնիսկ ամենադոյզն մանրամասնութեանց մէջ։ Սակայն իրարու միջեւ գաղտնի համաձայնութեամբ մը ուշադիր կերպով կարգադրուած չէր այս ներդաշնակութիւնը։ Ընդհակառակը, բազմաթիւ մանրամասնութեանց մէջ բացայայտ պակասութիւն մը կայ. յաճախ պատահմամբ կարելի է զանոնք ներդաշնակել։
19. Յիսուսի ձերբակալութեան շուրջ Աւետարաններու պատմութիւնները ի՞նչպէս ներդաշնակութիւն մը կը յայտնեն, որ մտադրուած չէր։
19 Որպէս օրինակ նկատի առնենք Յիսուսի ձերբակալման գիշերը պատահած դէպք մը։ Չորս Աւետարանիչներն ալ կ’արձանագրեն որ աշակերտներէն մէկը սուրը քաշեց եւ քահանայապետին ծառային ականջը կտրեց։ Բայց միայն Ղուկասն է որ կ’ըսէ թէ Յիսուս «դպաւ անոր ականջին ու բժշկեց զանիկա»։ (Ղուկաս 22։51) Ասիկա պիտի չակնկալէի՞ք գրողէ մը որ ճանչցուած էր որպէս ‘սիրելի բժիշկը’։ (Կողոսացիս 4։14) Յովհաննէսի պատմութիւնը կ’ըսէ որ հոն ներկայ գտնուող բոլոր աշակերտներուն մէջ Պետրոսն էր որ իր սուրը քաշեց. բան մը որ մեզ չի զարմացներ, գիտնալով Պետրոսի յանդուգն եւ առաջ նետուող բնաւորութիւնը։ (Յովհաննու 18։10. բաղդատել՝ Մատթէոս 16։22, 23 եւ Յովհաննու 21։7, 8–ն։) Յովհաննէս երեւութապէս անհրաժեշտ չեղող ուրիշ մանրամասնութիւն մը կը յիշէ. «Այն ծառային անունը Մաղքոս էր»։ Ինչո՞ւ միայն Յովհաննէս կու տայ ծառային անունը։ Ասոր բացատրութիւնը կը գտնուի միայն Յովհաննէսի պատմութեան մէջ տրուած չնչին իրողութեամբ մը. Յովհաննէս «քահանայապետին ծանօթ» էր։ Քահանայապետին ընտանիքին կողմէ ալ ճանչցուած էր. ծառաները ծանօթ էին իրեն, ինքն ալ՝ ծառաներուն։d (Յովհաննու 18։10, 15, 16) Ուստի, բնական է որ Յովհաննէս յիշէր վիրաւորուած մարդուն անունը, մինչդեռ միւս Աւետարանիչները ասիկա չըրին, քանի որ այդ մարդը իրենց ծանօթ չէր։ Այս բոլոր մանրամասնութեանց միջեւ գոյութիւն ունեցող ներդաշնակութիւնը յատկանշական է, բայց բացայայտօրէն ասիկա մտադրուած չէր։ Ամբողջ Աստուածաշունչին մէջ այսպիսի տասնեակ օրինակներ կան։
20. Պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատներ ի՞նչ պէտք է գիտնան Աստուածաշունչի մասին։
20 Հետեւաբար, կրնա՞նք Աստուածաշունչին վստահիլ։ Անշո՛ւշտ։ Աստուածաշունչը գրողներուն պարկեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչի ներքին ներդաշնակութիւնը զայն կը կնքեն որպէս ճշմարտախօս։ Պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատներ պէտք է գիտնան որ կրնան Աստուածաշունչին վստահիլ, քանի որ անիկա ‘ճշմարտութեան Աստուծոյն՝ Եհովայի’ ներշնչեալ Խօսքն է։ (Սաղմոս 31։5) Յաւելեալ պատճառներ ալ կան թէ Աստուածաշունչը գիրք մըն է բոլոր մարդոց համար, ինչպէս պիտի տեսնենք յաջորդ յօդուածով։
[Ստորանիշներ]
a Ըստ Աստուածաշունչի Միացեալ Ընկերութեան կողմէ հրատարակուած թուանիշերուն։
b Հռովմի մէջ իր երկրորդ բանտարկութեան ընթացքին, Պօղոս խնդրեց Տիմոթէոսէ որ իրեն հետ բերէ ‘գրքերը՝ մանաւանդ մագաղաթները’։ (Բ. Տիմոթէոս 4։13) Հաւանաբար Պօղոս բանտին մէջ ուսումնասիրելու համար Եբրայերէն Գրութիւններէն մասեր կ’ուզէր։ «Մանաւանդ մագաղաթները» նախադասութիւնը կրնայ իր մէջ պարփակել թէ՛ գալարները եւ թէ մագաղաթները։
c 1838–ին, Մոֆաթ ամբողջացուց Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն թարգմանութիւնը։ Գործակիցի մը օգնութեամբ, ան Եբրայերէն Գրութիւնները վերջացուց 1857–ին։
d Հետագային պատմութեան մէջ դարձեալ կը տեսնուի որ Յովհաննէս քահանայապետին եւ անոր տան մէկ ծանօթն էր։ Երբ քահանայապետին ծառաներէն ուրիշ մը Պետրոսի ըսաւ որ ինք Յիսուսի աշակերտներէն մէկն է, Յովհաննէս կ’ըսէ որ այս ծառան ‘այն մարդուն ազգականն էր, որուն ականջը Պետրոս կտրեր էր’։—Յովհաննու 18։26
Ի՞նչպէս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Ինչո՞ւ պէտք է ակնկալենք որ Աստուածաշունչը աշխարհի ամենէն մատչելի գիրքը ըլլայ։
◻ Ի՞նչ ապացոյց կայ որ Աստուածաշունչը ճշգրտօրէն պահպանուած է։
◻ Աստուածաշունչը թարգմանողները ի՞նչ դժուարութիւններ դիմագրաւեցին։
◻ Ի՞նչ բան Աստուածաշունչի գրութիւնները վստահելի կը դարձնէ։