Աստուծոյ կողմէ տրուած գիրք մը
«Մարգարէութիւն մը երբեք մարդոց կամքին պէս չտրուեցաւ, հապա Աստուծոյ սուրբ մարդիկը Սուրբ Հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան»։—Բ. ՊԵՏՐՈՍ 1։21
1, 2. (ա) Ինչո՞ւ ոմանք հարց կու տան թէ արդի ապրելակերպին համար Աստուածաշունչը որքանով յարմար է։ (բ) Ի՞նչ երեք փաստեր կրնանք ներկայացնել, ցոյց տալու համար թէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ կողմէ տրուած է։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻԱ. դարու սեմին ապրող մարդոց յարմա՞ր է։ Ոմանք այս հարցումին՝ Ո՛Չ կը պատասխանեն։ Բացատրելով թէ ինչո՛ւ Աստուածաշունչը ժամանակավրէպ կը նկատէր, Տոքթ. Էլի Չէսըն գրեց. «Քիմիաբանութեան արդի դասարանի մը մէջ գործածուելու համար, ոեւէ մէկը քիմիաբանութեան դասագրքի մը 1924–ի հրատարակութեան գործածութիւնը պիտի չպաշտպանէր. անկէ ի վեր քիմիաբանութեան մասին շատ բան գիտցուած է»։ Առանց խորը թափանցելու, այս պատճառաբանութիւնը կրնայ իմաստալից թուիլ։ Արդարեւ, Աստուածաշունչի ժամանակներէն ի վեր, մարդը շատ բան սորված է մտային առողջութեան եւ մարդկային վարուելակերպին մասին։ Ուստի ոմանք հարց կու տան. ‘Այսքան հին գիրք մը ի՞նչպէս կրնայ գիտականօրէն անսխալ ըլլալ։ Անիկա ի՞նչպէս կրնայ արդի ապրելակերպին շուրջ խրատներ պարունակել’։
2 Աստուածաշունչը ինք կու տայ ասոնց պատասխանները։ Բ. Պետրոս 1։21–ի մէջ, մեզի ըսուած է որ Աստուածաշունչի մարգարէները «Սուրբ Հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան»։ Այս խօսքերով, Աստուածաշունչը կը նշէ որ անիկա Աստուծոյ կողմէ տրուած գիրք մըն է։ Բայց ի՞նչպէս կրնանք ուրիշները համոզել որ ասիկա ընդունին։ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքը ըլլալը ապացուցանող երեք փաստեր առնենք. (1) Անիկա գիտականօրէն ճշգրիտ է, (2) արդի ապրելակերպին համար անվախճան սկզբունքներ կը պարունակէ, եւ (3) կարգ մը մասնայատուկ մարգարէութիւններ կը բովանդակէ, որոնք կատարուած են եւ պատմական իրողութիւններով ալ հաստատուած են։
Գիտութեան Հետ Համաձայն Եղող Գիրք մը
3. Գիտական գիւտերը ինչո՞ւ չեն սպառնացած Աստուածաշունչին։
3 Աստուածաշունչը գիտական դասագիրք մը չէ։ Բայց անիկա ճշմարտութեան գիրք մըն է, ճշմարտութիւն մը որ ժամանակի փորձէն յաջողութեամբ անցած է։ (Յովհաննու 17։17) Գիտական գիւտերը Աստուածաշունչին չեն սպառնացած։ Երբ գիտական նիւթեր շօշափէ, անիկա վաղեմի «գիտական» տեսութիւններէն բոլորովին զերծ է, որոնց առասպել մը ըլլալը փաստուած է։ Արդարեւ, անիկա կը խօսի կարգ մը բաներու մասին, որոնք ո՛չ միայն գիտականօրէն շիտակ են, այլ իր ժամանակուան ընդունուած կարծիքներուն բացէ ի բաց կը հակառակին։ Օրինակ, նկատի առէք Աստուածաշունչին եւ բժշկական գիտութեան միջեւ եղող ներդաշնակութիւնը։
4, 5. (ա) Վաղեմի բժիշկները հիւանդութիւններու մասին ի՞նչ չէին հասկցած։ (բ) Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Մովսէս անկասկած ծանօթ էր Եգիպտացի բժիշկներու։
4 Վաղեմի բժիշկները լիովին չէին հասկցած թէ հիւանդութիւնները ի՛նչպէս կը տարածուին, ոչ ալ հիւանդութիւններուն առաջքը առնելու համար առողջապահական միջոցառումներուն կարեւորութիւնը կը տեսնէին։ Վաղեմի բժշկական սովորութիւններէն շատեր բարբարոսական կը թուին արդի չափանիշներով։ Մատչելի եղող ամենահին բժշկական ձեռագիրը Էպըրզի Պապիրոսն է, եգիպտական բժշկութեան գրաքաղութիւն մը, շուրջ Հ.Դ.Ա. 1550–էն։ Անիկա 700 դարմանումներ կը պարունակէ տարբեր ցաւերու համար, «կոկորդիլոսի խածուածքէն մինչեւ ոտնամատի եղունգին ցաւը»։ Այս դարմանումներէն շատերը պարզապէս անօգուտ էին, իսկ ոմանք՝ չափազանց վտանգաւոր։ Վէրք մը դարմանելու համար, դեղագիր մը կը յանձնարարէր զայն ծեփել մարդկային կղկղանքէ եւ այլ նիւթերէ բաղկացած խառնուրդով մը։
5 Եգիպտական դեղագրերու այս գրութիւնը գրուած էր գրեթէ Մովսիսական Օրէնքը պարունակող Աստուածաշունչի առաջին գրքերուն գրութեան ժամանակ։ Մովսէս, որ Հ.Դ.Ա. 1593–ին ծնած էր, Եգիպտոսի մէջ մեծցաւ։ (Ելից 2։1-10) Փարաւոնի տան մէջ մեծցած ըլլալով, «Եգիպտացիներուն բոլոր իմաստութիւնովը վարժուեցաւ»։ (Գործք 7։22) Անոր ծանօթ էր Եգիպտոսի «բժիշկներ»ը։ (Ծննդոց 50։1-3) Արդեօք անոնց բժշկական անօգուտ կամ վտանգաւոր սովորութիւնները իր գրութիւններուն ազդեցի՞ն։
6. Մովսիսական Օրէնքին առողջապահական ո՞ր կանոնները տրամաբանական պիտի նկատուէր արդի բժշկութեան կողմէ։
6 Ընդհակառակը, Մովսիսական Օրէնքը առողջապահական կանոններ կը պարունակէր, որոնք արդի բժշկութեան կողմէ տրամաբանական կը նկատուին։ Օրինակ, զինուորական բանակավայրի առնչութեամբ օրէնք մը կը պահանջէր կղկղանքը բանակավայրէն հեռու թաղել։ (Բ. Օրինաց 23։13) Ասիկա կանխարգելման շա՜տ յառաջացած միջոց մըն է։ Անիկա ջուրի աղբիւրները հեռու կը պահէր վարակումէ եւ պաշտպանութիւն կը հայթայթէր ճանճերու կողմէ պատճառուած աղիքային լուրջ խանգարումներէ եւ ուրիշ փորհարական հիւանդութիւններէ, որոնք ցարդ ամէն տարի միլիոնաւոր կեանքեր կը խլեն, զարգացումի վրայ եղող շատ մը երկիրներու մէջ։
7. Մովսիսական Օրէնքի առողջապահական ո՞ր կանոնները վարակիչ հիւանդութիւններու տարածումը կ’արգիլէին։
7 Մովսիսական Օրէնքը առողջապահական ուրիշ կանոններ ալ կը պարունակէր, որոնք վարակիչ հիւանդութիւններու տարածումը արգիլելու կը նպաստէին։ Եթէ անհատ մը վարակիչ հիւանդութիւն ունենար, կամ կասկած ծագէր այդ ուղղութեամբ, ան կը մեկուսացուէր։ (Ղեւտացւոց 13։1-5) Ինքնիրմէ սատկած (թերեւս հիւանդութեան պատճառաւ) անասունի մը հետ շփման մէջ եկած որեւէ հագուստ կամ աման գործածուելէ առաջ, կա՛մ պէտք է լուացուէր եւ կամ փճացուէր։ (Ղեւտացւոց 11։27, 28, 32, 33) Դիակի դպած ոեւէ անհատ անմաքուր կը նկատուէր եւ պէտք էր մաքրուէր, իր հագուստները լուալով եւ լոգնալով։ Անմաքրութեան եօթը օրերու ընթացքին, ան ուրիշներու հետ ֆիզիքական շփում պէտք չէր ունենար։—Թուոց 19։1-13
8, 9. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Մովսիսական Օրէնքի առողջապահական կանոնագրութիւնը իր ժամանակէն շատ աւելի յառաջացած էր։
8 Առողջապահական այս կանոնագրութիւնը շատ յառաջացած իմաստութիւն մը կը յայտնէր։ Արդի բժշկութիւնը շատ բան սորված է ախտերու կանխարգելման ու տարածման մասին։ Օրինակ, ԺԹ. դարուն բժշկական յառաջդիմութեան որպէս արդիւնք հականեխիչներ մէջտեղ եկան. վարակումներու առաջքը առնող մաքրական միջոցներ։ Ասոր արդիւնքը եղաւ վարակիչ հիւանդութիւններու եւ կանխահաս մահուան յատկանշական նուազում։ Իսկ 1900–ին, եւրոպական երկիրներու եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ կեանքի երկարութիւնը 50–էն նուազ էր։ Անկէ ի վեր, անիկա շշմեցուցիչ կերպով աւելցաւ, ոչ միայն ախտերը հսկողութեան տակ առնող բժշկական յառաջդիմութեան շնորհիւ, այլ, քանի որ առողջապահական միջոցառումներն ու ապրելու պայմանները բարելաւուեցան։
9 Սակայն, բժշկութիւնը ախտերու տարածման կերպերուն մասին գիտնալէն հազարաւոր տարիներ առաջ, Աստուածաշունչը տրամաբանական կանխազգուշութիւններ կը յանձնարարէր, հիւանդութիւններու դէմ պաշտպանուելու համար։ Զարմանալի չէ որ Մովսէս կը խօսի, որ իր օրուան Իսրայելացիները 70 կամ 80 տարի կ’ապրէին։ (Սաղմոս 90։10) Մովսէս ի՞նչպէս գիտէր առողջապահական այսպիսի կանոններ։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ որ Մովսիսական Օրէնքին կանոնները ‘հրեշտակներու կողմէ տրուած’ էր։ (Գաղատացիս 3։19) Այո, Աստուածաշունչը մարդկային իմաստութեամբ եղած գիրք մը չէ. անիկա Աստուծոյ կողմէ տրուած գիրք մըն է։
Արդի Ապրելակերպի Համար Գործնական Գիրք մը
10. Թէեւ Աստուածաշունչը շուրջ 2,000 տարիներ առաջ ամբողջացած է, բայց ի՞նչ կրնայ ըսուիլ անոր բովանդակութեան մասին։
10 Խրատ տուող գրքերը ժամանակավրէպ կը դառնան եւ շատ չանցած վերստուգման կ’ենթարկուին կամ կը փոխարինուին։ Բայց Աստուածաշունչը իրապէս անզուգական գիրք մըն է։ «Քու վկայութիւններդ շատ վստահելի են», կ’ըսէ Սաղմոս 93։5–ը։ Թէեւ Աստուածաշունչը շուրջ 2,000 տարիներ առաջ ամբողջացած էր, անոր խօսքերը տակաւին գործնական են։ Իսկ ի՛նչ որ ալ ըլլայ մեր մորթին գոյնը, կամ մեր ապրած երկիրը, անոր կիրարկումը նոյնքան ազդեցիկ է։ Աստուածաշունչին անվախճան եւ «շատ վստահելի» խրատներէն քանի մը հատը նկատի առնենք։
11. Տասնեակ տարիներ առաջ, շատ ծնողներ ի՞նչ կը խորհէին զաւակներու կրթութեան մասին։
11 Տասնեակ տարիներ առաջ, զաւակ մեծցնելու շուրջ «նոր գաղափարներ»ով տարուած, շատ մը ծնողներ խորհեցան որ «արգիլուած է՝ արգիլել»։ Անոնք վախցան որ երախաներուն սահմաններ դնելը հոգեկան խանգարում եւ ընդվզում կրնայ պատճառել։ Խրատատուներ լաւ միտումով կը պնդէին որ ծնողներ միմիայն մեղմօրէն պէտք է սրբագրեն իրենց զաւակները։ Բայց անոնցմէ շատեր հիմա «կը յորդորեն ծնողները որ քիչ մը աւելի խիստ գտնուին», կը տեղեկագրէ Տը Նիու Եորք Թայմզ–ը։
12. «Վարժութիւն» թարգմանուած Յունարէն գոյականը ի՞նչ կը նշանակէ, եւ երախաները ինչո՞ւ այսպիսի կրթութեան կարիքը ունին։
12 Սակայն, երախաներու կրթութեան մասին Աստուածաշունչը միշտ մասնայատուկ, հաւասարակշռուած խրատներ տուած է։ Ան կը խրատէ. «Հայրե՛ր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, հապա զանոնք մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը»։ (Եփեսացիս 6։4) «Վարժութիւն» թարգմանուած Յունարէն գոյականը կը նշանակէ՝ «մեծցնել, մարզել, դաստիարակել»։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ կրթութիւնը կամ դաստիարակութիւնը ծնողական սիրոյ մէկ ապացոյցն է։ (Առակաց 13։24) Զաւակները կը բարգաւաճին բարոյական պարզ ու յստակ ուղեգծերով, որոնք շիտակի ու սխալի զգացումը զարգացնելու կը նպաստեն։ Պատշաճօրէն տրուած կրթութիւնը անոնց կ’օգնէ որ ապահով զգան. անիկա կը յայտնէ որ իրենց ծնողքը հոգ կը տանի իրենց եւ հետաքրքրուած է թէ ի՛նչպիսի անհատ մը պիտի ըլլան։—Բաղդատել՝ Առակաց 4։10-13։
13. (ա) Կրթութեան հարցով, Աստուածաշունչը ի՞նչ կերպով կը զգուշացնէ ծնողները։ (բ) Աստուածաշունչը ի՞նչպիսի կրթութիւն կը յանձնարարէ։
13 Բայց կրթութեան այս հարցով, Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ ծնողները։ Ծնողական հեղինակութիւնը բնաւ չարաչար պէտք չէ գործադրուի։ (Առակաց 22։15) Ոեւէ երախայ բրտօրէն պէտք չէ պատժուի։ Աստուածաշունչով ապրող ընտանիքներուն մէջ ֆիզիքական վայրագութեան տեղ չկայ։ (Սաղմոս 11։5) Երախայի մը հոգին քանդող զգացական վայրագութիւնն ալ՝ բիրտ խօսքեր, յարատեւ քննադատութիւն եւ կծու հեգնանք՝ տեղ չունի Քրիստոնեայի մը տան մէջ։ (Բաղդատել՝ Առակաց 12։18։) Աստուածաշունչը իմաստուն կերպով ծնողներուն հետեւեալ ազդարարութիւնը կու տայ. «Ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, որպէս զի չվհատին»։ (Կողոսացիս 3։21) Աստուածաշունչը կանխարգելիչ քայլեր կը յանձնարարէ։ Բ. Օրինաց 11։19–ի մէջ, ծնողներուն յորդոր տրուած է որ անպաշտօն առիթներէն օգտուին, իրենց զաւակներուն մէջ բարոյական եւ հոգեւոր արժէքներ զետեղելու համար։ Զաւակներ մեծցնելու մասին այսպիսի յստակ ու տրամաբանական խրատներ նոյնքան տեղին են այսօր, որքան՝ Աստուածաշունչի ժամանակներուն։
14, 15. (ա) Աստուածաշունչը ի՞նչ կերպով իմաստուն խրատներ տալէն աւելին կ’ընէ։ (բ) Աստուածաշունչի ո՞ր ուսուցումը կ’օգնէ որ տարբեր ցեղի ու ազգութեան պատկանող այրեր ու կիներ զիրար հաւասար նկատեն։
14 Աստուածաշունչը իմաստուն խրատներ տալով չբաւականանար։ Անոր պատգամը սրտերու կոչ կ’ընէ։ Եբրայեցիս 4։12–ը կ’ըսէ. «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ եւ ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ, որ կը թափանցէ մինչեւ շունչը ու ոգին եւ յօդուածները ու ծուծը։ Կը քննէ սրտին խորհուրդները ու մտածումները»։ Աստուածաշունչի պատգամին խթանող ոյժին մասին միայն մէկ օրինակ առնենք։
15 Ներկայիս, մարդիկ ցեղային, ազգային եւ ազգատոհմային արգելքներով բաժանուած են։ Այսպիսի արուեստական պատեր, համայն երկրի վրայ պատերազմներու մէջ անմեղ անհատներու սպանդին նպաստած են։ Միւս կողմէ, Աստուածաշունչը ուսուցումներ կը պարունակէ, որոնք տարբեր ցեղի ու ազգի պատկանող այրերու ու կիներու կ’օգնեն որ իրարու հաւասար աչքով նային։ Օրինակ, Գործք Առաքելոց 17։26–ը (Անթիլիաս) կ’ըսէ որ Աստուած «միակ մարդէ մը ամբողջ մարդկութիւնը յառաջ բերաւ»։ Ասիկա ցոյց կու տայ որ միայն մէկ ցեղ կայ՝ մարդկային ցեղը։ Աստուածաշունչը մեզ կը յորդորէ նաեւ որ «Աստուծոյ նմանող» ըլլանք, որու մասին կ’ըսէ. «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է»։ (Եփեսացիս 5։1. Գործք 10։34, 35) Անոնք որոնք իրապէս Աստուածաշունչի ուսուցումներուն համաձայն կ’ուզեն ապրիլ, այս գիտութիւնը միացնող ազդեցութիւն մը կ’ունենայ իրենց վրայ։ Անիկա շա՜տ խորունկը կ’իջնէ, մարդուն սրտին մէջ կը ներգործէ, մարդիկը բաժանող մարդակերտ խոչընդոտները մէջտեղէն վերցնելով։ Արդեօք անիկա արդի աշխարհին մէջ իրապէս գործնակա՞ն է։
16. Փորձառութիւն մը պատմեցէք, որ ցոյց կու տայ թէ Եհովայի Վկաները միջազգային եղբայրութիւն մը կը կազմեն։
16 Վստա՛հաբար այո։ Եհովայի Վկաները հանրածանօթ են իրենց համերկրային եղբայրասիրութեան համար, որ տարբեր ենթահող ունեցող անհատներ իրարու հետ միութեան մէջ բերած է, որ սովորաբար իրարու հետ խաղաղութեան մէջ պիտի չըլլային։ Ռուանտայի ցեղամիջեան բախումներու ընթացքին, երկու ցեղերու Եհովայի Վկաները իրենց կեանքը վտանգելով, պաշտպանեցին հակառակ ցեղի իրենց Քրիստոնեայ եղբայրներն ու քոյրերը։ Պարագաներէն մէկուն, Հութու Վկայ մը իր տան մէջ պահեց վեց անդամէ բաղկացած Թութսի ընտանիք մը, որ իր ժողովքէն էր։ Դժբախտաբար, այս Թութսի ընտանիքը վերջապէս երեւան հանուեցաւ եւ սպաննուեցաւ։ Բայց Հութու եղբայրը եւ իր ընտանիքը սպաննողներուն բարկութեան արժանացան եւ ստիպուեցան Թանզանիա փախչիլ։ Նոյնանման շատ դէպքեր տեղեկագրուեցան։ Եհովայի Վկաները բացէ ի բաց կ’ընդունին որ այս միութիւնը կարելի եղած է, քանի որ իրենց սիրտը Աստուածաշունչի պատգամին զօրութենէն դրդուած է։ Այս ատելավառ աշխարհին մէջ մարդիկը միութեան մէջ պահելու Աստուածաշունչի զօրութիւնը կ’ապացուցանէ որ անիկա Աստուծոյ կողմէ է։
Ճշմարիտ Մարգարէութիւններու Գիրք մը
17. Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները ի՞նչպէս մարդակերտ գուշակութիւններու չեն նմանիր։
17 «Մարգարէութիւնը իր յատուկ մեկնութիւնը չունի», կ’ըսէ Բ. Պետրոս 1։20–ը։ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը աշխարհի անցուդարձին հոսանքները վերլուծելով, անոնց մասին անձնական մեկնաբանութիւններ չտար։ Ոչ ալ տարտամ գուշակութիւններ կ’ընէ, որոնք կարելի է որեւէ ապագայ դէպքի մը հետ կապել։ Որպէս օրինակ առնենք սուրբ գրային մարգարէութիւն մը, որ այն ատեն ապրող մարդոց ակնկալութեան ճիշդ հակառակը կը մարգարէանար։
18. Վաղեմի Բաբելոնի բնակիչները ինչո՞ւ իրենք զիրենք շատ ապահով կը զգային, սակայն Եսային ի՞նչ նախագուշակած էր։
18 Հ.Դ.Ա. եօթներորդ դարուն, Բաբելոնի Կայսրութեան մէջ, Բաբելոնը անառիկ մայրաքաղաք մը կը թուէր ըլլալ։ Եփրատ գետը կ’անցնէր քաղաքին մէջէն եւ գետին ջուրերը կը գործածուէին լայն, խորունկ խրամատ մը եւ ջրանցքներու ցանց մը կազմելու համար։ Քաղաքը նաեւ պաշտպանուած էր կրկնակի պարիսպներու վիթխարի դրութեամբ մը, որոնց վրայ պաշտպանութեան աշտարակներ բարձրացած էին։ Զարմանալի չէ որ Բաբելոնի բնակիչները իրենք զիրենք ապահով կը զգային։ Բայց, Հ.Դ.Ա. ութերորդ դարուն, տակաւին Բաբելոն իր փառքի գագաթնակէտին իսկ հասած չէր, Եսայի մարգարէն նախագուշակեց. «Բաբելոնը տակնուվրայ պիտի ըլլայ, ինչպէս Աստուած Սոդոմն ու Գոմորը կործանեց։ Հոն յաւիտեան բնակութիւն պիտի չըլլայ եւ ազգէ ազգ մարդ պիտի չբնակի։ Հոն Արաբացիները վրան պիտի չկանգնեցնեն եւ հովիւները իրենց հօտը հոն պիտի չպառկեցնեն»։ (Եսայեայ 13։19, 20) Նկատի առէք որ մարգարէութիւնը ոչ միայն կը գուշակէր որ Բաբելոնը պիտի կործանէր, այլ նաեւ՝ անիկա յաւիտեան անբնակ պիտի մնար։ Ի՜նչ խիզախ գուշակութիւն մը։ Եսային կրնա՞ր իր մարգարէութիւնը գրել Բաբելոնի ամայացումը տեսնելէն ետք։ Պատմութիւնը Ո՛Չ կը պատասխանէ։
19. Եսայիի մարգարէութիւնը ինչո՞ւ ամբողջովին չկատարուեցաւ Հ.Դ.Ա. 5 Հոկտեմբեր 539–ին։
19 Հ.Դ.Ա. 5 Հոկտեմբեր 539–ի գիշերը, Բաբելոնը ինկաւ Մեծն Կիւրոսի հրամանատարութեան ներքեւ եղող Մարա–Պարսկական բանակներուն ձեռքը։ Սակայն, Եսայիի մարգարէութիւնը այդ ժամանակ լրիւ չկատարուեցաւ։ Կիւրոսի կողմէ նուաճուելէն ետք, բնակուած՝ սակայն նուազ կարեւոր, Բաբելոն մը դարերով գոյատեւեց։ Հ.Դ.Ա. երկրորդ դարուն, Մեռեալ Ծովու Եսայիի Մագաղաթին գրուած ժամանակները, Պարթեւները Բաբելոնը գրաւեցին, որ այն ժամանակ մրցանակ մըն էր, որու համար շրջակայ ազգերը կը կռուէին։ Հրեայ պատմաբան Յովսեպոս կը տեղեկագրէ, որ Հ.Դ.Ա. առաջին դարուն «մեծ թիւով» Հրեաներ կը բնակէին հոն։ Գէմպրիճ Էնշընթ Հիսթըրի–ի համաձայն (Անգլերէն), Փալմիրացի վաճառականներ առեւտրական բարգաւաճ գաղութ մը հիմնած էին Բաբելոնի մէջ, արդէն իսկ Հ.Դ. 24–ին։ Ուստի, մինչեւ Հ.Դ. առաջին դարը, Բաբելոն տակաւին ամբողջովին քանդուած չէր. բայց Եսայիի գիրքը ամբողջացած էր անկէ շա՜տ առաջ։—Ա. Պետրոս 5։13
20. Ի՞նչ ապացոյց կայ որ Բաբելոն վերջապէս «աւերակի դէզեր» եղաւ։
20 Եսային չապրեցաւ տեսնելու համար Բաբելոնի անբնակ վիճակը։ Բայց մարգարէութիւնը շիտակ ելլելով, Բաբելոնը վերջապէս «աւերակի դէզեր» եղաւ։ (Երեմեայ 51։37) Ըստ Եբրայերէնի ուսումնական Ժերոմի (ծնած Հ.Դ. չորրորդ դարուն), իր օրերուն Բաբելոնը որսորդութեան վայր մըն էր, ուր «ամէն տեսակ անասուններ» կը թափառէին եւ մինչեւ օրս ամայի մնացած է։ Բաբելոնի վերակառուցումը կրնայ զբօսաշրջիկներ հրապուրել, բայց Բաբելոնի «զաւակն ու սերունդը» յաւիտեան բնաջնջուած է, ինչպէս Եսային նախագուշակած էր։—Եսայեայ 14։22
21. Հաւատարիմ մարգարէները ի՞նչպէս կրցան անթերի ճշգրտութեամբ ապագան գուշակել։
21 Եսային տեղեկութեանց վրայ հիմնուած ենթադրութիւն մը չըրաւ։ Ոչ ալ պատմութիւնը վերստին գրեց, որպէսզի անոր մարգարէութեան երեւոյթ մը տայ։ Եսային ճշմարիտ մարգարէ մըն էր, ինչպէս էր պարագան Աստուածաշունչի մնացեալ բոլոր հաւատարիմ մարգարէներուն։ Ինչո՞ւ այս մարդիկը կրցան ընել բան մը՝ անթերի ճշգրտութեամբ ապագան գուշակել՝ որ ուրիշներ չեն կրնար ընել։ Պատասխանը որոշ է. Մարգարէութիւնները ծագում կ’առնեն մարգարէութեան Աստուծմէն՝ Եհովայէ, որ «վերջինը՝ սկիզբէն» կը պատմէ։—Եսայեայ 46։10
22. Ինչո՞ւ մեր ձեռքէն եկածը պէտք է ընենք, պարկեշտ սիրտ ունեցողները յորդորելու համար, որ Աստուածաշունչը քննեն։
22 Աստուածաշունչը քննութեան արժանի գի՞րք մըն է։ Անշո՛ւշտ։ Բայց շատեր ասոր համոզուած չեն։ Անոնք Աստուածաշունչին մասին կարծիք մը կազմած են, հակառակ անոր որ զայն բնաւ կարդացած չեն։ Յիշեցէք նախորդ յօդուածին բացման մէջ յիշուած ուսուցիչը։ Ան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց եւ այն եզրակացութեան յանգեցաւ թէ անիկա Աստուծոյ կողմէ եկած գիրք մըն է։ Ան վերջապէս մկրտուեցաւ եւ Եհովայի Վկայ մը եղաւ եւ ներկայիս որպէս երէց կը ծառայէ։ Մեր ձեռքէն եկածը ընենք, որպէսզի պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատներ անձամբ քննեն Աստուածաշունչը եւ ապա կարծիք մը կազմեն անոր շուրջ։ Վստահ ենք որ եթէ զայն քննելու առաջին քայլը առնեն, պիտի անդրադառնան որ այս անզուգական գիրքը՝ Աստուածաշունչը՝ արդարեւ գիրք մըն է բոլոր մարդոց համար։
[Նկար՝ էջ 22]
Կրնա՞ք Բացատրել
◻ Մովսիսական Օրէնքը գործածելով ի՞նչպէս կրնաք ցոյց տալ թէ Աստուածաշունչը մարդկային ծագում չունի։
◻ Աստուածաշունչի ո՞ր անվախճան սկզբունքները գործնական են արդի ապրելակերպին համար։
◻ Եսայեայ 13։19, 20–ի մարգարէութիւնը ինչո՞ւ չէր կրնար դէպքերը պատահելէն ետք գրուած ըլլալ։
◻ Պարկեշտ սիրտ ունեցողներուն ի՞նչ ընել պէտք է քաջալերենք։
[Շրջանակ՝ էջ 22]
Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՆՔ ԸՍԵԼ ԱՆՓԱՍՏԵԼԻԻՆ ՄԱՍԻՆ
Աստուածաշունչը տարբեր տեղեկութիւններ կը պարունակէ, որոնց համար ֆիզիքական անջատ ապացոյցներ չկան։ Օրինակ, հոգեղէն արարածներու կողմէ բնակուած անտեսանելի ոլորտին մասին ինչ որ կ’ըսէ՝ կարելի չէ գիտականօրէն փաստել, կամ հերքել։ Այսպիսի անփաստելի բաներ Աստուածաշունչի ու գիտութեան միջեւ անհամաձայնութիւն կը ստեղծէ՞։
Մոլորակային երկրաբան մը, որ քանի մը տարիներ առաջ, Եհովայի Վկաներու հետ սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել՝ այս հարցին հետ դէմ յանդիման եկաւ։ «Պէտք է ընդունիմ որ սկիզբը ինծի համար դժուար եղաւ Աստուածաշունչը ընդունիլ, քանի որ անոր կարգ մը տեղեկութիւնները չէի կրնար գիտականօրէն փաստել», կը յիշէ ան։ Այս անկեղծ անհատը շարունակեց Աստուածաշունչը ուսումնասիրել եւ վերջապէս համոզուեցաւ որ մատչելի եղող ապացոյցները ցոյց կու տային որ անիկա Աստուծոյ Խօսքն էր։ Ան կը բացատրէ. «Ասիկա նուազեցուց Աստուածաշունչի իւրաքանչիւր իրողութիւն անջատաբար փաստելու տենչս։ Գիտական միտում ունեցող անհատ մը պէտք է յօժարի հոգեւոր հայեցակէտով մը ուսումնասիրել Աստուածաշունչը, ապա թէ ոչ ճշմարտութիւնը բնաւ պիտի չընդունի։ Կարելի չէ ակնկալել որ գիտութիւնը ապացուցանէ Աստուածաշունչի իւրաքանչիւր տեղեկութիւն։ Բայց քանի որ կարգ մը տեղեկութիւններ անփաստելի են, ասիկա չի նշանակեր որ անոնք շիտակ չեն։ Կարեւոր բանը այդ է որ Աստուածաշունչի այն բաները, որոնք կարելի է փաստել, անոնց ճշգրտութիւնը վաւերացուած է»։
Մովսէս առողջապահական կանոններ արձանագրեց, որոնք իր ժամանակին հետ բաղդատած շա՜տ յառաջացած էին