‘Պայքարեցէք՝ հաւատքին համար’
‘Պայքարեցէք հաւատքին համար, որ ձեզի՝ Աստուծոյ ընտրեալներուդ աւանդուեցաւ միանգամընդմիշտ’։—ՅՈՒԴԱ 3, ԱՆԹԻԼԻԱՍ։
1. Ի՞նչ առումով ճշմարիտ Քրիստոնեաները ներկայիս պատերազմ մը կը մղեն։
ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ մէջ եղող զինուորներուն վիճակը ծանր է։ Երեւակայեցէք որ պատերազմական լման հագուստը հագուած եւ ամէն տեսակ եղանակին, անհամար քիլոմեթրներ կը քալէք, զէնքեր գործածելու համար խիստ մարզում կը ստանաք, կամ կեանքի սպառնացող ու վնաս հասցնող ամէն տեսակ վայրագ սպառնալիքներու դէմ կը դնէք։ Բայց ճշմարիտ Քրիստոնեաները ազգերու պատերազմներուն չեն մասնակցիր։ (Եսայեայ 2։2-4. Յովհաննու 17։14) Այսուհանդերձ, բնաւ պէտք չէ մոռնանք որ բոլորս ալ կերպով մը պատերազմի մը մէջ ենք։ Սատանան ատելութեամբ լեցուն է Յիսուս Քրիստոսի եւ երկրի վրայ գտնուող անոր հետեւորդներուն դէմ։ (Յայտնութիւն 12։17) Անոնք որոնք Եհովա Աստուծոյ ծառայելու որոշում կու տան, իրականութեան մէջ հոգեւոր պատերազմ մղելու համար կը զինուորագրուին։—Բ. Կորնթացիս 10։4
2. Յուդա ի՞նչպէս կը նկարագրէ քրիստոնէական պատերազմը, եւ այս նամակը ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել որ տոկանք։
2 Տեղին ըլլալով, Յիսուսի կէս–եղբայրը՝ Յուդա՝ գրեց. «Սիրելինե՛ր, միշտ ալ կը փափաքէի ձեզի գրել մեր հասարակաց փրկութեան մասին։ Բայց հիմա անհրաժեշտ նկատեցի գրել եւ խնդրել ձեզմէ՝ որ պայքարիք հաւատքին համար, որ ձեզի՝ Աստուծոյ ընտրեալներուդ աւանդուեցաւ միանգամընդմիշտ»։ (Յուդա 3, Անթիլիաս) Երբ Յուդա կը յորդորէ Քրիստոնեաները որ ‘պայքարին հաւատքին համար’, ան կը գործածէ «ճգնաժամ»ի հետ առնչուող արտայայտութիւն մը։ Այո, այս պայքարը կրնայ դժուար, նոյնիսկ ճգնաժամային ըլլալ։ Կը պատահի՞ որ երբեմն այս պատերազմին մէջ յարատեւելու մէջ կը դժուարանաք։ Յուդայի հակիրճ բայց զօրեղ նամակը կրնայ օգտակար ըլլալ մեզի։ Ան մեզ կը յորդորէ որ անբարոյութեան դէմ դնենք, Աստուծոյ կողմէ հիմնուած հեղինակութիւնը յարգենք եւ մենք մեզ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահենք։ Տեսնենք թէ այս խրատները ի՛նչպէս կրնանք կիրարկել։
Անբարոյութեան Դէմ Դնենք
3. Յուդայի օրերուն, քրիստոնէական ժողովքը ստիպողական ի՞նչ վիճակ կը դիմագրաւէր։
3 Յուդա կը նշմարէր որ իր Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն բոլորն ալ Սատանայի դէմ մղուած պատերազմէն յաղթական դուրս չէին գար։ Հօտը ստիպողական վիճակ մը կը դիմագրաւէր։ Յուդա կը գրէ որ ապականած անհատներ ‘գաղտուկ մտած’ էին։ Այս անհատները խորամանկօրէն անբարոյութիւնը կը քաջալերէին։ Իսկ անոնք սրամտութեամբ իրենց արարքները կը բանարկէին, ‘մեր Աստուծոյն շնորհքը անառակութեան դարձնելով’։ (Յուդա 4) Թերեւս վաղեմի կարգ մը Գնոստիկներուն նման, անոնք կը պատճառաբանէին թէ անհատ մը որքան մեղանչէ, այնքան աւելի կ’արժանանայ Աստուծոյ շնորհքին, հետեւաբար նախընտրելի էր աւե՛լի մեղանչել։ Կամ, թերեւս կը պատկերացնէին որ ազնիւ Աստուած մը բնաւ չի կրնար պատժել զիրենք։ Ամենայնդէպս, անոնք կը սխալէին։—Ա. Կորնթացիս 3։19
4. Յուդա սուրբ գրային ի՞նչ երեք օրինակներ կը յիշէ, անցեալին Եհովայի գործադրած դատաստաններուն մասին։
4 Յուդա անոնց չար պատճառաբանութիւնները կը հերքէ, անցեալէն Եհովայի դատաստանական երեք արարքներ յիշելով. ‘չհաւատացող’ Իսրայելացիներու վրայ, ‘այն հրեշտակներուն վրայ, որոնք իրենց իշխանութիւնը չպահեցին’, որպէսզի կիներու հետ մեղանչեն եւ՝ Սոդոմի ու Գոմորի բնակիչներուն վրայ, որոնք «պոռնկացան ընկերներուն մարմնին ետեւէն երթալով»։ (Յուդա 5-7. Ծննդոց 6։2-4. 19։4-25. Թուոց 14։35) Իւրաքանչիւր պարագային, Եհովա ցնցիչ դատաստան մը բերաւ մեղաւորներուն վրայ։
5. Յուդա վաղեմի ո՞ր մարգարէին խօսքերը կը մէջբերէ, եւ այդ մարգարէութիւնը ի՞նչպէս անոր կատարման բացարձակ վստահութիւն կ’արտայայտէ։
5 Աւելի ետք, Յուդա ակնարկութիւն կ’ընէ շատ աւելի հեռահաս դատաստանի մը։ Ան Ենովքի մարգարէութիւնը կը մէջբերէ՝ հատուած մը որ ներշնչեալ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ ուրիշ որեւէ տեղ չ’երեւնար։a (Յուդա 14, 15) Ենովք խօսեցաւ ժամանակի մը մասին, երբ Եհովա պիտի դատէր բոլոր ամբարիշտները եւ անոնց ամբարիշտ արարքները։ Հետաքրքրական է որ Ենովք անցեալ եղանակով խօսեցաւ, քանի որ Աստուծոյ դատաստանները ա՛յնքան վստահ էին, որքան արդէն գործադրուածները։ Թերեւս մարդիկ ծաղրեցին Ենովքը եւ հետագային Նոյը, բայց այդ ծաղրողներուն բոլորը համերկրային Ջրհեղեղին մէջ խեղդամահ եղան։
6. (ա) Յուդայի օրերուն, Քրիստոնեաները ի՞նչ վերյիշեցումներու կարիքը ունեցան։ (բ) Յուդայի վերյիշեցումներուն ինչո՞ւ պէտք է անսանք։
6 Յուդա ինչո՞ւ գրեց աստուածային այս դատաստաններուն մասին։ Քանի որ գիտէր թէ իր օրերուն քրիստոնէական ժողովքին հետ ընկերակցողներէն ոմանք նոյնքան պիղծ եւ մեղադրելի մեղքեր կը գործէին, որքան այդ անցեալի դատաստաններուն արժանացողները։ Հետեւաբար, Յուդա կը գրէ որ ժողովքներուն պէտք է վերյիշեցուին հիմնական ճշմարտութիւններէն ոմանք։ (Յուդա 5) Անոնք բացայայտօրէն մոռցած էին որ Եհովա Աստուած կը տեսնէր իրենց ըրած բաները։ Այո, Եհովա կը տեսնէ երբ իր ծառաները գիտակցաբար իր օրէնքները կը բռնաբարեն, իրենք զիրենք եւ ուրիշները կը պղծեն։ (Առակաց 15։3) Այսպիսի արարքներ զինք խորապէս կը ցաւցնեն։ (Ծննդոց 6։6. Սաղմոս 78։40) Ահաւոր բան է գիտնալ թէ մենք մարդկայիններս, կրնանք տիեզերքի Գերիշխան Տիրոջ զգացումներուն դպչիլ։ Ան ամէն օր կը դիտէ մեզ, եւ երբ իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ քայլերուն հետեւելու համար մեր լաւագոյնը կ’ընենք, այն ատեն մեր վարմունքը իր սիրտը կ’ուրախացնէ։ Ուստի, բնա՛ւ չդժգոհինք Յուդայի մատուցածին նման վերյիշեցումներէն, այլ անոնց անսանք։—Առակաց 27։11. Ա. Պետրոս 2։21
7. (ա) Լուրջ յանցանքներու մէջ եղողներուն համար ինչո՞ւ ճակատագրական է անմիջապէս օգնութիւն փնտռել։ (բ) Բոլորս ալ ի՞նչպէս կրնանք անբարոյութենէ խուսափիլ։
7 Եհովա ո՛չ միայն կը տեսնէ, այլ՝ գործի ալ կը լծուի։ Արդարութեան Աստուած մը ըլլալով, ան ուշ կամ կանուխ չարերը կը պատժէ։ (Ա. Տիմոթէոս 5։24) Անոնք որոնք կը պատճառաբանեն որ անոր դատաստանները հին պատմութիւններ են, եւ թէ ան իրենց ներկայ չարութիւններով հետաքրքրուած չէ, պարզապէս իրենք զիրենք կը խաբեն։ Որքա՜ն ճակատագրական է այսօր որ անբարոյութեան միջամուխ եղած ոեւէ մէկը անմիջապէս օգնութիւն խնդրէ Քրիստոնեայ երէցներէն։ (Յակոբու 5։14, 15) Մինչ հոգեւոր պատերազմը կը մղենք, կրնանք գիտակցիլ անբարոյութեան սպառնալիքին։ Ամէն տարի կորուստներ կը պատահին, մեր մէջէն կարգ մը անհատներ կը վտարուին, մեծամասնութիւնը առանց զղջալու անբարոյ արարքներ գործելուն համար։ Պէտք է հաստատօրէն վճռենք ընդդիմանալ որեւէ փորձութեան, որ նոյնիսկ կը սկսի մեզ դէպի այդ ուղղութեամբ առաջնորդել։—Բաղդատել՝ Մատթէոս 26։41։
Աստուծոյ Կողմէ Հաստատուած Հեղինակութիւնը Յարգենք
8. Յուդա 8–ի մէջ յիշուած «մեծափառներ»ը որո՞նք են։
8 Յուդայի ձեռք առած ուրիշ մէկ խնդիրն է՝ Աստուծոյ կողմէ հաստատուած հեղինակութեան հանդէպ յարգանքի պակասը։ Օրինակ, 8–րդ համարին մէջ՝ այս նոյն անհատները կը մեղադրէ որպէս ‘մեծափառներուն դէմ հայհոյողներ’։ Որո՞նք էին այս «մեծափառներ»ը։ Անոնք անկատար անհատներ էին, բայց Եհովայի սուրբ հոգիին միջոցաւ, անոնց պատասխանատուութիւններ վստահուած էին։ Օրինակ, ժողովքին մէջ երէցներ կային, որոնց տրուած էր հօտը հովուելու պատասխանատուութիւնը։ (Ա. Պետրոս 5։2) Կային նաեւ ճամբորդող տեսուչներ, ինչպէս Պօղոս առաքեալ։ Իսկ Երուսաղէմի մէջ երէցներու մարմինը կը գործէր որպէս կառավարիչ մարմին, ամբողջ քրիստոնէական ժողովքին ազդող որոշումներ տալով։ (Գործք 15։6) Յուդա խորապէս մտահոգուած էր որ ժողովքներուն մէջէն կարգ մը անհատներ այսպիսի տղամարդոց նկատմամբ նախատալից կերպով՝ կամ հայհոյելով՝ կը խօսէին։
9. Հեղինակութեան հանդէպ յարգանքի պակասի ի՞նչ օրինակներ կը յիշէ Յուդա։
9 Այսպիսի անյարգալից խօսակցութիւններ դատապարտելու համար, 11–րդ համարին մէջ Յուդա երեք ուրիշ օրինակներ կը յիշեցնէ՝ Կայէնը, Բաղաամը եւ Կորխը։ Կայէն Եհովայի սիրալիր խրատը անտեսեց եւ մարդասպանութեան առաջնորդող ատելավառ ընթացք մը հետապնդեց։ (Ծննդոց 4։4-8) Բաղաամ կրկնակի ազդարարութիւններ ստացաւ, որոնք անվարանօրէն գերբնական աղբիւրէ մը կու գային. նոյնիսկ իր էշը խօսեցաւ իրեն։ Բայց ան անձնասիրաբար շարունակեց Աստուծոյ ժողովուրդին դէմ դաւեր հիւսել։ (Թուոց 22։28, 32-34. Բ. Օրինաց 23։5) Կորխ պատասխանատու դիրք մը ունէր, բայց անով չգոհացաւ։ Ան երկրի ամենէն հեզ մարդուն՝ Մովսէսի՝ դէմ ըմբոստութիւն սադրեց։—Թուոց 12։3. 16։1-3, 32
10. Ներկայիս ոմանք ի՞նչպէս ‘մեծափառներուն դէմ խօսելու’ ծուղակին մէջ կրնան իյնալ, եւ այսպիսի խօսակցութիւններէ ինչո՞ւ պէտք է խուսափինք։
10 Այս օրինակները որքա՜ն վառ կերպով մեզի կը սորվեցնեն որ խրատի անսանք եւ Եհովայի կողմէ գործածուած պատասխանատու դիրքի վրայ եղողները յարգենք։ (Եբրայեցիս 13։17) Շա՜տ դիւրին է նշանակուած երէցներուն վրայ յանցանքներ գտնել, քանի որ անոնք ալ մեզի պէս անկատար անհատներ են։ Բայց եթէ անոնց յանցանքներուն վրայ կենանք եւ պէտք եղած յարգանքը ցոյց չտանք իրենց հանդէպ, կրնա՞յ ըլլալ որ ‘մեծափառներուն դէմ հայհոյած’ կ’ըլլանք։ 10–րդ համարին մէջ Յուդա կը յիշէ այդ անհատները ‘որոնք իրենց չհասկցած բաներուն հայհոյութիւն կ’ընեն’։ Ոմանք երբեմն երէցներու մարմինին կամ դատական յանձնախումբին կողմէ տրուած որոշում մը կը քննադատեն։ Բայց անոնք տեղեակ չեն այն բոլոր մանրամասնութիւններէն, որոնց վրայ հիմնուելով երէցները այդ որոշումին յանգած են։ Ուստի, ինչո՞ւ խօսինք այնպիսի բաներու մասին զորս չենք հասկնար կամ չենք գիտեր։ (Առակաց 18։13) Այսպիսի բացասական խօսակցութիւններու մէջ յարատեւողները ժողովքին մէջ բաժանումներ կը պատճառեն եւ հաւատակիցներու հաւաքոյթներու մէջ թերեւս կարելի է զանոնք նմանցնել ‘գայթակղութեան ժայռերու’։ (Յուդա 12, Արարատ, 16, 19) Բնաւ չենք ուզեր ուրիշներու առջեւ հոգեւոր վտանգ մը դնել։ Ընդհակառակը, ամէն մէկս վճռենք գնահատել պատասխանատու տղամարդիկը, իրենց ծանր աշխատանքին եւ Աստուծոյ հօտին հանդէպ իրենց ունեցած նուիրումին համար։—Ա. Տիմոթէոս 5։17
11. Միքայէլ ինչո՞ւ Սատանայի դէմ նախատալից արտայայտութիւններով դատաստան բերելէ զգուշացաւ։
11 Յուդա կը յիշէ մէկու մը մասին որ ըստ արժանւոյն, յարգեց հաստատուած հեղինակութիւնը։ Ան կը գրէ. «Միքայէլ հրեշտակապետը, երբ Սատանային դէմ դնելով Մովսէսին մարմնին համար կը վիճէր, չհամարձակեցաւ հայհոյութեան դատապարտութիւն բերել անոր վրայ, հապա ըսաւ. ‘Տէրը յանդիմանէ քեզ’»։ (Յուդա 9) Ներշնչուած Սուրբ Գրութիւններուն մէջ միայն Յուդայի կողմէ արձանագրուած այս հետաքրքրական դրուագը մեզի երկու տարբեր դասեր կը սորվեցնէ։ Նախ կը սորվեցնէ որ դատաստանը Եհովայի ձգենք։ Անշուշտ Սատանան կը փափաքէր հաւատարիմ մարդուն՝ Մովսէսի՝ մարմինը սխալ կերպով գործածել, կեղծ պաշտամունք քաջալերելու համար։ Շա՜տ մեծ չարութիւն մըն էր ասիկա։ Սակայն, Միքայէլ անոր վրայ դատաստան բերելէն զգուշացաւ, քանի որ միայն Եհովան ունէր այդ հեղինակութիւնը։ Ուստի, մե՛նք որքան պէտք է զգուշանանք դատապարտելէ այն հաւատարիմ տղամարդիկը, որոնք կը ջանան Եհովայի ծառայել։
12. Քրիստոնէական ժողովքի պատասխանատու անհատները ի՞նչ կը սորվին Միքայէլի օրինակէն։
12 Իսկ միւս կողմէ, ժողովքին մէջ հեղինակութիւն ունեցողներն ալ կրնան դաս մը առնել Միքայէլէն։ Միքայէլ՝ «հրեշտակապետ», բոլոր հրեշտակներուն գլուխը՝ ըլլալով հանդերձ, իր հեղինակաւոր դիրքը սխալ կերպով չգործածեց, նոյնիսկ գրգռութեան դիմաց։ Հաւատարիմ երէցներ մօտէն կը հետեւին այս օրինակին, գիտակցելով որ իրենց հեղինակութեան սխալ գործածութիւնը Եհովայի գերիշխանութեան հանդէպ յարգանքի պակաս պիտի ըլլար։ Յուդայի նամակը շատ բան կը խօսի ժողովքներու մէջ յարգալից դիրքեր ունեցողներու մասին, որոնք իրենց հեղինակութիւնը սկսած էին սխալ կերպով գործածել։ Օրինակի համար, 12-14–րդ համարներուն մէջ, Յուդա խստիւ ամբաստանեց ‘աներկիւղ իրենց անձը կերակրող’ հովիւները։ (Բաղդատել՝ Եզեկիէլ 34։7-10։) Ուրիշ խօսքով, անոնք գլխաւորաբար հետաքրքրուած էին իրենց անձին շահով, քան թէ Եհովայի հօտով։ Այսօր երէցները շատ բան կրնան սորվիլ այսպիսի բացասական օրինակներէն։ Արդարեւ, Յուդա հոս կը նկարագրէ ինչ որ չենք ուզեր դառնալ։ Եթէ անձնասիրութեան անձնատուր ըլլանք, մեր անձին համար պայքարելով շատ զբաղած ըլլալով, Քրիստոսի զինուորներ չենք կրնար ըլլալ։ Թող որ Յիսուսի հետեւեալ խօսքերուն համաձայն ապրինք. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։—Գործք 20։35
«Անձերնիդ Աստուծոյ Սիրոյն Մէջ Պահեցէք»
13. Ինչո՞ւ բոլորս ալ պէտք է սրտանց փափաքինք Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալ։
13 Իր նամակին վերջաւորութեան, Յուդա այս սրտապնդիչ խրատը կու տայ. «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»։ (Յուդա 21) Միակ բանը որ մեզի կ’օգնէ քրիստոնէական պատերազմը լաւագոյնս պատերազմելու, ան ալ Եհովայի սիրոյն առարկան ըլլալն է։ Արդարեւ, սէրը Եհովայի տիրական յատկութիւնն է։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Պօղոս՝ Հռովմի Քրիստոնեաներուն գրեց. «Ես հաստատ գիտեմ թէ ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ զօրութիւնները, ո՛չ ներկայ բաները, ո՛չ գալու բաները, ո՛չ բարձրութիւնը, ո՛չ խորունկութիւնը եւ ո՛չ ուրիշ արարած կրնայ մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն՝ որ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմով է»։ (Հռովմայեցիս 8։38, 39) Սակայն ի՞նչպէս կը մնանք այդ սիրոյն մէջ։ Նկատէ առէք թէ Յուդայի համաձայն, ի՛նչ են առնուելիք երեք միջոցառումները։
14, 15. (ա) Ի՞նչ կը նշանակէ մեր «ամենասուրբ հաւատքին» վրայ շինուիլ։ (բ) Մեր հոգեւոր սպառազինութեան վիճակը ի՞նչպէս կրնանք քննել։
14 Նախ, Յուդա մեզի կ’ըսէ որ շարունակենք մեր «ամենասուրբ հաւատքին» վրայ մենք մեզ կերտել։ (Յուդա 20) Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք, ասիկա շարունակական գործընթաց մըն է։ Մենք շինարարութեան կը նմանինք, որ երթալով աւելի ամրացուելու կարիքը ունի, ի տես տարրերուն հետզհետէ աւելի վատ յարձակումներուն։ (Բաղդատել՝ Մատթէոս 7։24, 25։) Ուստի, բնաւ չափազանց ինքնավստահ չըլլանք։ Այլ, աւելի նայինք թէ մեր հաւատքին ո՛ր մասը կրնանք կերտել, Քրիստոսի աւելի զօրաւոր եւ աւելի հաւատարիմ զինուորները ըլլալով։ Օրինակ, Եփեսացիս 6։11-18–ի մէջ նկարագրուած հոգեւոր սպառազինութեան տարբեր մասերը կրնանք նկատի ունենալ։
15 Մեր հոգեւոր սպառազինութեան վիճակը ի՞նչ է։ Մեր «հաւատքին վահանը» հարկ եղած չափով զօրաւո՞ր է։ Երբ յետադարձ ակնարկ մը նետենք վերջին տարիներուն վրայ, արդեօք ‘անփութութեան’ նշաններ կը տեսնե՞նք, ինչպէս՝ ժողովներ փախցնել, ծառայութեան համար եռանդի պակաս, կամ անձնական ուսումնասիրութեան համար խանդավառութեան նուազում։ Այսպիսի նշաններ շա՜տ լուրջ են։ Հիմա է ժամանակը գործի լծուելու, որպէսզի ճշմարտութեան մէջ կերտուինք եւ զօրանանք։—Ա. Տիմոթէոս 4։15. Բ. Տիմոթէոս 4։2. Եբրայեցիս 10։24, 25
16. Ի՞նչ կը նշանակէ սուրբ հոգիով աղօթել, եւ կանոնաւորաբար ի՞նչ պէտք է խնդրենք Եհովայէ։
16 Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալու երկրորդ կերպն է՝ շարունակել ‘Սուրբ Հոգիով աղօթել’։ (Յուդա 20) Ատիկա կը նշանակէ Եհովայի հոգիին ազդեցութեան ներքեւ եւ իր հոգիով–ներշնչուած Խօսքին հետ ներդաշնակ աղօթել։ Աղօթքը Եհովայի անձնապէս մօտենալու ու մեր նուիրումը իրեն արտայայտելու կենսական միջոց մըն է։ Այս հոյակապ առանձնաշնորհումը բնաւ պէտք չէ անտեսենք։ Իսկ երբ կ’աղօթենք, կրնանք խնդրել, իրականութեան մէջ կը շարունակենք խնդրել, իր սուրբ հոգին։ (Ղուկաս 11։13) Անիկա մեզի ձեռնտու եղող ամենէն զօրաւոր ոյժն է։ Այսպիսի օգնութեամբ, միշտ կրնանք Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալ եւ որպէս Քրիստոսի զինուոր՝ տոկալ։
17. (ա) Ողորմութեան հարցով Յուդայի օրինակը ինչո՞ւ աչքառու է։ (բ) Բոլորս ալ ի՞նչպէս կրնանք ողորմութիւն ցոյց տալ։
17 Երրորդ, Յուդա մեզ կը յորդորէ որ շարունակենք ողորմութիւն ցուցաբերել։ (Յուդա 22) Այս նկատմամբ իր անձնական օրինակը յատկանշական է։ Թէեւ ինք տեղին ըլլալով մտահոգուած էր քրիստոնէական ժողովքին մէջ սպրդած ապականութեան, անբարոյութեան եւ հաւատուրացութեան համար։ Այսուհանդերձ, ան խուճապի չմատնուեցաւ, որդեգրելով այն տեսակէտը թէ ա՛յնքան վտանգաւոր ժամանակներու մէջ կ’ապրէին որ ողորմութեան նման «մեղմ» յատկութիւն մը ցուցաբերելու ժամանակը չէ։ Ընդհակառակը, ան իր եղբայրները յորդորեց որ շարունակեն ողորմութիւն ցոյց տալ՝ երբ կարելի է, կասկած ունեցողներուն հետ ազնուօրէն տրամաբանելով, եւ նոյնիսկ լուրջ մեղքի սեմին գտնուողները «կրակէն յափշտակելով»։ (Յուդա 23. Գաղատացիս 6։1) Ասիկա ի՜նչ գեղեցիկ յորդոր մըն է երէցներուն՝ այս դժուարին ժամանակներուն մէջ։ Անոնք ալ պէտք է ջանան ողորմութիւն ցոյց տալ հոն՝ ուր հիմ մը կայ, մինչ հաստատ մնալով, երբ հարկ է։ Բոլորս ալ նմանապէս պէտք է իրարու հանդէպ ողորմած գտնուինք։ Օրինակ, փոխանակ չնչին բաներու համար քէն սնուցանելու, կրնանք ներելու մէջ առատաձեռն ըլլալ։—Կողոսացիս 3։13
18. Մեր հոգեւոր պատերազմին մէջ ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ յաղթանակէն։
18 Մեր մղած պատերազմը դիւրին չէ։ Ինչպէս Յուդա կ’ըսէ, անիկա ծանր ‘պայքար’ մըն է։ (Յուդա 3) Մեր թշնամիները ուժեղ են։ Ոչ միայն Սատանան, այլ նաեւ իր ամբարիշտ աշխարհը եւ մեր անկատարութիւններն ալ մեզի դէմ լարուած են։ Բայց կրնանք բացարձակապէս վստահ ըլլալ յաղթանակէն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովայի կողմը կը գտնուինք։ Յուդա իր նամակը կ’աւարտէ յիշեցնելով որ Եհովա արժանի է ‘փառքի, մեծութեան, զօրութեան ու իշխանութեան բոլոր դարերէն առաջ, եւ հիմա ու բոլոր դարերուն մէջ’։ (Յուդա 25) Ասիկա երկիւղ արթնցնող միտք մը չէ՞։ Կարիքը կա՞յ հարցնելու թէ այս նոյն Աստուածը «կրնայ ձեզ անկումներէ փրկել» թէ ոչ։ (Յուդա 24, Անթիլիաս) Վստահաբար ո՛չ։ Թող որ իւրաքանչիւրս վճռենք շարունակաբար դէմ դնել անբարոյութեան, Աստուծոյ կողմէ հաստատուած հեղինակութիւնը յարգել եւ մենք մեզ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահել։ Այդ կերպով, միասնաբար պիտի կարենանք վայելել փառաւոր յաղթանակը։
[Ստորանիշներ]
a Կարգ մը հետազօտողներ դաւանեցան որ Յուդա այս խօսքերը պարականոն Ենովքի Գիրք–էն մէջբերած է։ Բայց, Ռ. Ս. Հ. Լէնսգի կը նշէ. «Հարց կու տանք. ‘Այս Ենովքի գիրք–ին՝ կարկտանին՝ աղբիւրը ի՞նչ է’։ Այս գիրքը կուտակում մըն է, ոեւէ մէկը չի կրնար վստահ ըլլալ անոր տարբեր մասերուն թուականէն . . . ոեւէ մէկը չի կրնար վստահ ըլլալ, որ անոր կարգ մը արտայայտութիւնները նոյնիսկ չեն առնուած Յուդայի նամակէն»։
[Նկար՝ էջ 32]
Վերաքաղի Հարցումներ
◻ Յուդայի նամակը ի՞նչպէս մեզի կը սորվեցնէ որ անբարոյութեան ընդդիմանանք։
◻ Աստուծոյ կողմէ հաստատուած հեղինակութիւնը յարգելը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։
◻ Ժողովքային հեղինակութիւնը սխալ կերպով գործածելը ինչո՞ւ շատ լուրջ բան մըն է։
◻ Ի՞նչպէս կրնանք ջանալ Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալ։