Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ98 12/1 էջ 8-13
  • Աստուծոյ հետ քալելուն առաջին քայլերը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուծոյ հետ քալելուն առաջին քայլերը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ճշգրիտ Գիտութիւնը Անհրաժեշտ Է
  • Կարեւոր Երկու Քայլեր՝ Նուիրում եւ Մկրտութիւն
  • Յիսուսի Քայլերուն Հետեւիլ
  • Վստահ Եղէք Որ Աստուած Ձեզի Նեցուկ Պիտի Կանգնի
  • Աստուծոյ հետ պիտի քալե՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Յաւիտեան Աստուծոյ ծառայելը ձեր նպատակը դարձուցէք
    Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ
  • ‘Գացէ՛ք, աշակերտեցէ՛ք ու մկրտեցէ՛ք զանոնք’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Մկրտութիւնը եւ Աստուծոյ հետ փոխյարաբերութիւնդ
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
դ98 12/1 էջ 8-13

Աստուծոյ հետ քալելուն առաջին քայլերը

«Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ»։—ՅԱԿՈԲՈՒ 4։8

1, 2. Ինչո՞ւ կ’ըսէք որ Եհովայի ծառայելը մեծ առանձնաշնորհում մըն է։

ՏԱՐԻՆԵՐՈՎ բանտ նետուած մարդ մըն էր, բայց ետքը երկրի կառավարիչին առջեւ ներկայանալու կանչուեցաւ։ Դէպքերը արագօրէն իրարու յաջորդեցին։ Յանկարծ, բանտարկեալը ինքզինք գտաւ այն ժամանակուան աշխարհի ամենահզօր միապետին սպասարկութեան մէջ։ Նախկին բանտարկեալին մեծ պատասխանատուութիւն եւ արտակարգ պատիւ տրուեցան։ Ոտքերը շղթաներու մէջ եղած այս մարդը՝ Յովսէփ, հիմա թագաւորին հետ կը քալէր։—Ծննդոց 41։14, 39-43. Սաղմոս 105։17, 18

2 Այսօր, մարդիկ Եգիպտոսի Փարաւոնէն շա՛տ աւելի մեծ մէկու մը սպասարկութեան մէջ ըլլալու պատեհութիւնը ունին։ Տիեզերքի Գերիշխանը բոլորս կը հրաւիրէ որ իրեն ծառայենք։ Ի՜նչ պատկառելի առանձնաշնորհում մըն է ասիկա, որով Եհովայի, Ամենակալ Աստուծոյ հետ սերտ յարաբերութիւն մը կրնանք մշակել։ Սուրբ Գիրքը Անոր կը կցորդէ փառաշուք զօրութիւն եւ շքեղութիւն, ինչպէս նաեւ պայծառութիւն, գեղեցկութիւն եւ վայելչութիւն։ (Եզեկիէլ 1։26-28. Յայտնութիւն 4։1-3) Իր բոլոր գործառնութիւնները սիրով պատուած են։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Ան բնաւ չի ստեր։ (Թուոց 23։19) Նաեւ, Եհովա բնաւ յուսախաբ չ’ըներ իրեն հաւատարիմ եղողները։ (Սաղմոս 18։25, ՆԱ) Իր արդար պահանջներուն համաձայն գործելով, կրնանք ուրախ, իմաստալից կեանք մը վայելել հիմա, յաւիտենական կեանքի հեռանկարով։ (Յովհաննու 17։3) Մարդկային ո՛չ մէկ կառավարիչ այսպիսի օրհնութիւններ եւ առանձնաշնորհումներ կրնայ մատուցանել։

3. Ի՞նչ կերպով Նոյ «Աստուծոյ հետ քալեց»։

3 Դարեր առաջ, Նոյ նահապետ որոշեց Աստուծոյ կամքին ու նպատակներուն համաձայն կեանք մը վարել։ Իր մասին Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Նոյ իր դարուն մարդոցը մէջ արդար ու կատարեալ մարդ մըն էր. Նոյ Աստուծոյ հետ քալեց»։ (Ծննդոց 6։9) Անշուշտ, Նոյ բառացիօրէն չքալեց Եհովայի հետ, քանի որ ոեւէ մէկը «երբե՛ք Աստուած տեսած չէ»։ (Յովհաննու 1։18) Նոյ Աստուծոյ հետ քալեց, այն առումով որ ան ըրաւ ի՛նչ որ Աստուած իրեն ըսաւ որ ընէ։ Քանի որ Նոյ իր կեանքը Եհովայի կամքը կատարելու նուիրեց, ան Ամենակալ Աստուծոյ հետ ջերմ, մտերիմ յարաբերութիւն մը վայելեց։ Նոյի նման, այսօր ալ միլիոնաւոր անհատներ ‘Աստուծոյ հետ կը քալեն’, Եհովայի խրատներուն ու հրահանգներուն համաձայն ապրելով։ Անհատ մը ի՞նչպէս այս ընթացքը կը բռնէ։

Ճշգրիտ Գիտութիւնը Անհրաժեշտ Է

4. Եհովա ի՞նչ կերպով կը սորվեցնէ իր ծառաներուն։

4 Եհովայի հետ քալելու համար, նախ պէտք է զինք ճանչնանք։ Եսայի մարգարէն նախագուշակեց. «Վերջին օրերը Տէրոջը տանը լեռը լեռներուն գլխուն վրայ պիտի հաստատուի, բլուրներէն վեր պիտի բարձրանայ, բոլոր հեթանոսները հեղեղի պէս պիտի դիմեն անոր։ Շատ ժողովուրդներ պիտի երթան ու ըսեն. ‘Եկէ՛ք, Եհովայի լեռը, Յակոբին Աստուծոյն տունը ելլենք, որպէս զի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ ու անոր շաւիղներուն մէջ քալենք’։ Վասն զի օրէնքը՝ Սիօնէն ու Տէրոջը խօսքը Երուսաղէմէն պիտի ելլէ»։ (Եսայեայ 2։2, 3) Այո, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա պիտի սորվեցնէ բոլոր անոնց, որոնք կ’ուզեն իր ճամբաներուն մէջ քալել։ Եհովա իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը՝ հայթայթած է, եւ մեզի կ’օգնէ որ զայն հասկնանք։ «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» այս միջոցներէն մէկն է։ (Մատթէոս 24։45-47) Եհովա ‘հաւատարիմ ծառան’ կը գործածէ, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած գրականութիւններու, քրիստոնէական ժողովներու եւ տան սուրբ գրային ձրի ուսումնասիրութիւններու միջոցաւ հոգեւոր խրատներ հայթայթելու համար։ Աստուած իր սուրբ հոգիին միջոցաւ ալ իր ծառաներուն կ’օգնէ որ իր Խօսքը հասկնան։—Ա. Կորնթացիս 2։10-16

5. Սուրբ Գրքի ճշմարտութիւնը ինչո՞ւ շատ թանկարժէք է։

5 Թէեւ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան համար դրամ չենք վճարեր, բայց անիկա թանկարժէք է։ Մինչ Աստուծոյ Խօսքը կ’ուսումնասիրենք, Աստուծոյ մասին շատ բան կը սորվինք, ինչպէս՝ իր անունը, իր անձնաւորութիւնը, իր նպատակը եւ մարդոց հետ իր ունեցած գործառնութիւնները։ Նաեւ, կեանքի հիմնական հարցումներուն մասին մեզ ազատագրող պատասխաններ կը ստանանք. Ինչո՞ւ հոս ենք։ Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ տառապանքը։ Ապագան ի՞նչ վերապահած է մեզի համար։ Ինչո՞ւ կը ծերանանք ու կը մեռնինք։ Մահուընէ ետք կեանք կա՞յ։ Ասկէ զատ, կը սորվինք թէ ի՛նչ է Աստուծոյ կամքը մեզի համար, այսինքն, զինք լիովին հաճեցնելու համար ի՛նչպէս պէտք է քալենք։ Կը սորվինք որ իր պահանջները տրամաբանական են եւ երբ անոնց համաձայն ապրինք, հոյակապօրէն անոնցմէ կ’օգտուինք։ Առանց Աստուծոյ դաստիարակութեան, բնաւ չենք կրնար հասկնալ այսպիսի բաներ։

6. Աստուածաշունչի ճշգրիտ գիտութիւնը մեզի կ’օգնէ որ ի՞նչ ընթացք բռնենք։

6 Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը զօրեղ է եւ մեզ կը մղէ որ մեր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնենք։ (Եբրայեցիս 4։12) Սուրբ Գրքէն գիտութիւն ստանալէ առաջ, պարզապէս «կը քալէիք այս աշխարհին բռնած ճամբովը»։ (Եփեսացիս 2։2) Բայց Աստուծոյ Խօսքին ճշգրիտ գիտութիւնը մեր առջեւ տարբեր ընթացք մը գծեց, որպէսզի ‘Տէրոջը արժանի կերպով քալենք եւ ամէն բանի մէջ զինք հաճեցնենք’։ (Կողոսացիս 1։10) Ի՜նչ հաճելի է համայն տիեզերքի ամենափառաւոր Անհատին՝ Եհովայի հետ քալելու համար մեր առաջին քայլերը նետել։—Ղուկաս 11։28

Կարեւոր Երկու Քայլեր՝ Նուիրում եւ Մկրտութիւն

7. Մինչ Աստուծոյ Խօսքը կ’ուսումնասիրենք, մարդկային առաջնորդութեան մասին ի՞նչ ճշմարտութիւն բացայայտ կ’ըլլայ։

7 Երբ Աստուածաշունչի հասկացողութեան մէջ յառաջանանք, կը սկսինք մարդկային գործառնութիւնները եւ մեր անձնական կեանքը քննել Աստուծոյ Խօսքին հոգեւոր լոյսով։ Կարեւոր ճշմարտութիւն մը բացայայտ կը դառնայ։ Այդ ճշմարտութիւնը տարիներ առաջ խոստովանեցաւ Երեմիան, որ գրեց. «Գիտեմ, ո՛վ Տէր, թէ մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ»։ (Երեմեայ 10։23) Մարդիկ՝ բոլորս ալ՝ Աստուծոյ առաջնորդութեան կարիքը ունինք։

8. (ա) Ի՞նչ բան կը մղէ որ մարդիկ Աստուծոյ նուիրուին։ (բ) Քրիստոնէական նուիրումը ի՞նչ է։

8 Այս կենսական իրողութիւնը հասկնալը պիտի մղէ մեզ որ Եհովայի առաջնորդութիւնը փնտռենք։ Իսկ Աստուծոյ հանդէպ սէրը մեզ կը մղէ որ մեր կեանքը իրեն նուիրենք։ Աստուծոյ նուիրուիլ կը նշանակէ աղօթքով իրեն մօտենալ եւ լրջօրէն խոստանալ մեր կեանքը գործածել իր ծառայութեան համար եւ իր ճամբաներուն մէջ հաւատարմօրէն քալել։ Այսպէս ընելով, Յիսուսի օրինակին հետեւած կ’ըլլանք, որ ինքզինք Եհովայի ներկայացուց աստուածային կամքը կատարելու հաստատ որոշումով մը։—Եբրայեցիս 10։7

9. Անհատներ ինչո՞ւ իրենց կեանքը Եհովայի կը նուիրեն։

9 Եհովա Աստուած ոեւէ մէկուն վրայ ո՛չ ճնշում կը բանեցնէ, ոչ ալ կը ստիպէ որ իրեն նուիրուի։ (Բաղդատել՝ Բ. Կորնթացիս 9։7։) Նաեւ, Աստուած չ’ակնկալեր որ ոեւէ մէկը վաղանցիկ զգացումներու վրայ հիմնուած իր կեանքը Իրեն նուիրէ։ Մկրտուելէ առաջ, անհատ մը արդէն աշակերտ մը եղած պէտք է ըլլայ, եւ գիտութիւն ձեռք ձգելը իրմէ ջանք կը պահանջէ։ (Մատթէոս 28։19, 20) Պօղոս արդէն մկրտուած անհատներուն աղաչեց որ ‘իրենց մարմինները Աստուծոյ ընծայեն, որպէս կենդանի զոհ մը, սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, սրբազան ծառայութիւն մը՝ իրենց բանականութիւնով’։ (Հռովմայեցիս 12։1, ՆԱ) Մեր բանականութիւնը այս կերպով գործածելով է որ Եհովա Աստուծոյ կը նուիրուինք։ Մեզմէ ակնկալուածը գիտնալով եւ այս հարցին մասին լրջօրէն մտածելով, յօժարութեամբ եւ ուրախութեամբ մեր կեանքը Աստուծոյ կը նուիրենք։—Սաղմոս 110։3

10. Նուիրումը ի՞նչ կապակցութիւն ունի մկրտութեան հետ։

10 Իր ճամբաներուն մէջ քալելու մեր վճռակամութիւնը յայտնելու համար աղօթքով Աստուծոյ մօտենալէ ետք, յաջորդ քայլը կ’առնենք։ Ջուրի մկրտութեամբ բոլորին կը յայտնենք մեր նուիրումը։ Ասիկա հանրային յայտարարութիւն մըն է թէ ուխտած ենք Աստուծոյ կամքը կատարել։ Իր երկրային ծառայութեան սկիզբը, Յիսուս Յովհաննէսի կողմէ մկրտուեցաւ, մեզի համար օրինակ հանդիսանալով։ (Մատթէոս 3։13-17) Հետագային, Յիսուս իր հետեւորդներուն յանձնարարութիւն տուաւ որ աշակերտեն ու մկրտեն։ Հետեւաբար, նուիրումը եւ մկրտութիւնը անհրաժեշտ քայլեր են, անոնց համար, որոնք կը փափաքին Եհովայի հետ քալել։

11, 12. (ա) Մկրտութիւնը ի՞նչպէս ամուսնութեան կրնանք նմանցնել։ (բ) Ի՞նչ նմանութիւն կարելի է գծել Եհովայի հետ մեր յարաբերութեան եւ այր ու կնոջ յարաբերութեան միջեւ։

11 Յիսուս Քրիստոսի նուիրուած ու մկրտուած աշակերտ մը ըլլալը կերպով մը ամուսնանալու կը նմանի։ Շատ մը երկիրներու մէջ, ամուսնութեան օրուընէ առաջ առնուելիք շատ մը քայլեր կան։ Տղամարդ մը եւ աղջիկ մը իրար կը տեսնեն, իրարու հետ կը ծանօթանան եւ իրար կը սիրեն։ Անոր կը յաջորդէ նշանտուքը։ Ամուսնութիւնը հանրապէս կը գիտցնէ այն ինչ որ առանձնաբար որոշուած է, այսինքն, ամուսնանալով՝ որպէս այր ու կին ապրիլ։ Ամուսնութիւնն է որ հանրապէս կը նշէ այդ մասնաւոր յարաբերութեան սկիզբը։ Այդ թուականը ամուսնութեան սկիզբը կը համարուի։ Համեմատաբար, մկրտութիւնը՝ Եհովայի հետ նուիրեալ յարաբերութեան մէջ քալելով, անձնուէր կեանքի մը սկիզբն է։

12 Ուրիշ նմանութիւն մը նկատի առէք։ Իրենց ամուսնութենէն ետք, ամուսինի ու կնոջ միջեւ սէրը պէտք է աւելի խորանայ։ Իրարու հետ շատ մտերիմ ըլլալու համար, երկու կողակիցներն ալ անձնուրացաբար պէտք է ջանան իրենց ամուսնական յարաբերութիւնը պահել ու զօրացնել։ Թէեւ Աստուծոյ հետ ամուսնութեան մէջ չենք մտներ, բայց մեր մկրտութենէն ետք պէտք է աշխատինք Եհովայի հետ սերտ յարաբերութիւն մը պահել։ Իր կամքը կատարելու մեր ջանքերը, Ան կը դիտէ ու կը գնահատէ եւ մեզի աւելի կը մօտենայ։ «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ», կը գրէ Յակոբոս աշակերտ։—Յակոբու 4։8

Յիսուսի Քայլերուն Հետեւիլ

13. Երբ Աստուծոյ հետ կը քալենք, որու օրինակին պէտք է հետեւինք։

13 Եհովայի հետ քալելու համար, Յիսուս Քրիստոսի ձգած օրինակին պէտք է հետեւինք։ Պետրոս առաքեալ գրեց. «Դուք այս բանին համար կանչուեցաք, վասն զի Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր շաւիղներուն [«մօտէն», ՆԱ] հետեւիք»։ (Ա. Պետրոս 2։21) Քանի որ Յիսուս կատարեալ էր ու մենք՝ անկատար, չենք կրնար անթերի կերպով իր օրինակին հետեւիլ։ Այսուհանդերձ, Եհովա կ’ակնկալէ որ մեր լաւագոյնը ընենք։ Հիմա Յիսուսի կեանքին ու ծառայութեան հինգ երեսակները առնենք, զորս պէտք է ընդօրինակէ նուիրուած Քրիստոնեայ մը։

14. Աստուծոյ Խօսքը գիտնալը ի՞նչ կը պարփակէ։

14 Յիսուս Աստուծոյ Խօսքին մասին ճշգրիտ ու ամբողջական գիտութիւն մը ունէր։ Իր ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս յաճախ մէջբերումներ ըրաւ Եբրայերէն Գրութիւններէն։ (Ղուկաս 4։4, 8) Անշուշտ, իր օրուան կրօնական ամբարիշտ առաջնորդներն ալ Սուրբ Գրութիւններէն մէջբերումներ կ’ընէին։ (Մատթէոս 22։23, 24) Տարբերութիւնը այդ էր որ Յիսուս կը հասկնար այդ համարներուն իմաստը եւ իր կեանքին մէջ կը գործադրէր զանոնք։ Ան ոչ միայն Օրէնքին բառերը կը հասկնար, հապա՝ անոր հոգին։ Մինչ Քրիստոսի կը հետեւինք, մենք ալ պէտք է ջանանք Աստուծոյ Խօսքը հասկնալ, անոր իմաստը կամ հոգին ըմբռնել։ Այսպէս ընելով Աստուծոյ հաճութեան արժանի գործաւորներ կ’ըլլանք, «ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելով»։—Բ. Տիմոթէոս 2։15

15. Աստուծոյ մասին խօսելու շուրջ Յիսուս ի՞նչպէս օրինակ հանդիսացաւ։

15 Քրիստոս Յիսուս իր երկնաւոր Հօր մասին ուրիշներուն խօսեցաւ։ Յիսուս Աստուծոյ Խօսքին գիտութիւնը ինքն իրեն չպահեց։ Նոյնիսկ իր թշնամիները զինք «Վարդապետ» կոչեցին, քանի որ ո՛ւր որ երթար մարդոց կը խօսէր Եհովայի եւ Իր նպատակներուն մասին։ (Մատթէոս 12։38) Յիսուս տաճարի շրջանին, ժողովարաններուն, քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ հանրապէս քարոզեց։ (Մարկոս 1։39. Ղուկաս 8։1. Յովհաննու 18։20) Երբ կը սորվեցնէր, ան կարեկից ու ազնիւ էր, իր օգնութեան կարօտ եղողներուն հանդէպ սէր ցոյց տալով։ (Մատթէոս 4։23) Յիսուսի օրինակին հետեւողներն ալ ուրիշներուն Եհովա Աստուծոյ եւ իր հոյակապ նպատակներուն մասին խօսելու շատ մը վայրեր եւ կերպեր կը գտնեն։

16. Եհովայի երկրպագուներուն հետ Յիսուսի յարաբերութիւնը որքա՞ն մօտ էր։

16 Յիսուս սերտ կապ մը կը զգար Եհովան պաշտողներուն հանդէպ։ Առիթով մը, երբ Յիսուս բազմութեան մը կը խօսէր, իր մայրն ու անհաւատ եղբայրները եկան որ զինք տեսնեն։ Աստուածաշունչի տեղեկագրութիւնը կ’ըսէ. «Մէկը իրեն ըսաւ. ‘Ահա քու մայրդ ու եղբայրներդ դուրսը կայներ են եւ կ’ուզեն քեզի հետ խօսիլ’։ Ան ալ իրեն ըսողին պատասխան տուաւ ու ըսաւ. ‘Ո՞վ է իմ մայրս եւ որո՞նք են իմ եղբայրներս’։ Եւ իր ձեռքը դէպի իր աշակերտները երկնցնելով՝ ըսաւ. ‘Ահա իմ մայրս եւ իմ եղբայրներս. վասն զի ով որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ, անիկա է իմ եղբայրս եւ քոյրս ու մայրս’»։ (Մատթէոս 12։47-50) Ասիկա չի նշանակեր թէ Յիսուս իր ընտանիքը կը մերժէր, քանի որ յաջորդ դէպքերը ցոյց կու տան որ պարագան այս չէր։ (Յովհաննու 19։25-27) Սակայն, այս պատմութիւնը կը շեշտէ իրեն հաւատացողներուն հանդէպ Յիսուսի սէրը։ Այսօր ալ, անոնք որոնք Աստուծոյ հետ կը քալեն, Եհովայի ուրիշ ծառաներուն ընկերակցութիւնը կը փնտռեն եւ զանոնք սրտանց սիրել կը սորվին։—Ա. Պետրոս 4։8

17. Յիսուս իր երկնաւոր Հօրը կամքը կատարելը ի՞նչպէս կը նկատէր, եւ ասիկա ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ մեր վրայ։

17 Աստուածային կամքը կատարելով, Յիսուս իր երկնաւոր Հօրը հանդէպ իր սէրը ցոյց տուաւ։ Յիսուս ամէ՛ն բանի մէջ Եհովայի հնազանդեցաւ։ Ան ըսաւ. «Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ եւ անոր գործը կատարեմ»։ (Յովհաննու 4։34) Քրիստոս նաեւ ըսաւ. «Միշտ [Աստուծոյ] հաճելի եղած բաները կ’ընեմ»։ (Յովհաննու 8։29) Յիսուս իր երկնաւոր Հայրը այնքան սիրեց, որ «ինքզինք խոնարհեցուց, մինչեւ իսկ մեռնելու յօժարեցաւ ու այն ալ խաչի մահուամբ»։ (Փիլիպպեցիս 2։7, 8) Փոխարէն, Եհովա օրհնեց Յիսուսը, անոր տալով այնպիսի հեղինակաւոր ու պատուական դիրք մը որ միայն Իրմէ ետք կու գայ։ (Փիլիպպեցիս 2։9-11) Յիսուսի նման, մենք ալ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը ցոյց կու տանք իր պատուիրանները պահելով ու իր կամքը կատարելով։—Ա. Յովհաննու 5։3

18. Աղօթքի մէջ Յիսուս ի՞նչ կերպով օրինակ հանդիսացաւ։

18 Յիսուս աղօթասէր մէկն էր։ Ան իր մկրտութեան ժամանակ աղօթեց։ (Ղուկաս 3։21) Իր 12 առաքեալները ընտրելէն առաջ, ան ամբողջ գիշերը աղօթելով անցուց։ (Ղուկաս 6։12, 13) Յիսուս իր աշակերտներուն աղօթել սորվեցուց։ (Ղուկաս 11։1-4) Իր մահուան նախորդ գիշերը, ան իր աշակերտներուն համար ու անոնց հետ աղօթեց։ (Յովհաննու 17։1-26) Յիսուսի կեանքին մէջ աղօթքը կարեւոր տեղ մը կը գրաւէր, ինչ որ պէտք է ըլլայ մեր պարագային ալ, քանի որ մենք իր հետեւորդներն ենք։ Ի՜նչ մեծ պատիւ է Տիեզերքի Գերիշխանին հետ խօսիլ՝ աղօթքով։ Մանաւանդ որ Եհովա կը պատասխանէ աղօթքներու, քանի որ Յովհաննէս գրեց. «Մենք համարձակութիւնը ունինք անոր քով, քանզի գիտենք թէ ինչ որ խնդրելու ըլլանք իր կամքին համեմատ, պիտի լսէ մեզի։ Եւ եթէ գիտնանք թէ պիտի լսէ ինչ որ խնդրելու ըլլանք, ուրեմն կը գիտնանք թէ պիտի առնենք ինչ որ խնդրենք իրմէ»։—Ա. Յովհաննու 5։14, 15

19. (ա) Յիսուսի ո՞ր յատկութիւնները պէտք է ընդօրինակենք։ (բ) Յիսուսի կեանքն ու ծառայութիւնը ուսումնասիրելով ի՞նչպէս կրնանք օգտուիլ։

19 Յիսուս Քրիստոսի երկրային կեանքը եւ ծառայութիւնը քննելով շա՜տ բան կրնանք սորվիլ։ Իր ցուցաբերած յատկութիւններուն մասին խորհեցէք. սէր, կարեկցութիւն, ազնուութիւն, զօրութիւն, հաւասարակշռութիւն, տրամաբանութիւն, հեզութիւն, քաջութիւն եւ անձնուրացութիւն։ Որքան սորվինք Յիսուսի մասին, այդքան մեծ կ’ըլլայ իր հաւատարիմ հետեւորդները ըլլալու մեր փափաքը։ Յիսուսի մասին գիտութիւնն ալ մեզ աւելի կը մօտեցնէ Եհովայի։ Վերջապէս, Յիսուս կատարելապէս արտացոլացուց իր երկնաւոր Հայրը։ Այդքան մօտ էր Եհովայի, որ ան կրցաւ ըսել. «Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ»։—Յովհաննու 14։9

Վստահ Եղէք Որ Աստուած Ձեզի Նեցուկ Պիտի Կանգնի

20. Ի՞նչպէս կրնանք Եհովայի հետ վստահութեամբ քալել։

20 Երբ մանուկ մը տակաւին նոր քալել կը սորվի, իր քայլերը անհաստատ կ’ըլլան։ Ան ի՞նչպէս կը սորվի վստահութեամբ քալել։ Միմիայն վարժութիւնով ու յարատեւութեամբ։ Եհովայի հետ քալողներն ալ կը ջանան վստահութեամբ, հաստատ քայլերով ընթանալ։ Ասիկա ալ ժամանակ ու յարատեւութիւն կը պահանջէ։ Աստուծոյ հետ յարատեւութեամբ քալելուն կարեւորութեան նշեց Պօղոս, երբ գրեց. «Ալ հիմա, եղբա՛յրներ, ձեզի կ’աղաչենք ու կը յորդորենք ձեզ Տէր Յիսուսով, որ ինչպէս մեզմէ սորվեցաք այնպէս քալէք ու Աստուծոյ հաճոյ ըլլաք, ա՛լ աւելի յառաջանաք անոր մէջ»։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։1

21. Մինչ Եհովայի հետ կը քալենք, ի՞նչ օրհնութիւններ կրնանք վայելել։

21 Եթէ սրտանց նուիրուած ենք Աստուծոյ, ան մեզի պիտի օգնէ որ շարունակենք իր հետ քալել։ (Եսայեայ 40։29-31) Այս աշխարհի մատուցած որեւէ բան չի կրնար բաղդատուիլ այն օրհնութիւններուն հետ, զորս կը ստանան Աստուծոյ ճամբաներուն մէջ քալողները։ Ինք է որ ‘օգտակար եղածը կը սորվեցնէ, քալելու ճամբուն մէջ մեզ կ’առաջնորդէ։ Եթէ իր պատուիրանքին մտիկ ընենք, այն ատեն մեր խաղաղութիւնը գետի պէս ու մեր արդարութիւնը ծովուն ալիքներուն պէս պիտի ըլլայ’։ (Եսայեայ 48։17, 18) Աստուծոյ հետ քալելու հրաւէրը ընդունելով ու ասիկա հաւատարմաբար ընելով, կրնանք յաւիտեան իր հետ խաղաղութիւն վայելել։

Ի՞նչպէս Պիտի Պատասխանէիք

◻ Ճշմարիտ Աստուծոյ հետ քալելը ինչո՞ւ պատիւ մըն է։

◻ Եհովայի հետ քալելու համար ուսումնասիրութիւնը, նուիրումը եւ մկրտութիւնը ինչո՞ւ սկզբնական քայլեր են։

◻ Ի՞նչպէս կրնանք Յիսուսի քայլերուն հետեւիլ։

◻ Ի՞նչպէս գիտենք թէ Եհովա մեզի նեցուկ պիտի կանգնի, երբ իրեն հետ քալենք։

[Նկարներ՝ էջ 11]

Ուսումնասիրութիւնը, նուիրումը եւ մկրտութիւնը Աստուծոյ հետ քալելու համար սկզբնական քայլեր են

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել