Զգո՛յշ եղիր քու ուսուցումիդ
«Զգո՛յշ եղիր դուն քու անձիդ եւ ուսուցումիդ նկատմամբ. յարատեւէ՛ ատոր մէջ։ Եթէ ընես այդ բանը՝ պիտի փրկես թէ՛ քեզ եւ թէ՛ զանոնք՝ որ կ’ունկնդրեն քեզի»։—Ա. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 4։16, Երուսաղէմ։
1, 2. Ինչո՞ւ ներկայիս նախանձախնդիր ուսուցանողներու ստիպողական կարիքը կայ։
«ԳԱՑԷ՛Ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, . . . սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։ (Մատթէոս 28։19, 20) Յիսուս Քրիստոսի այս պատուէրին ի տես, բոլոր Քրիստոնեաները պէտք է ջանան ուսուցանողներ ըլլալ։ Նախանձախնդիր ուսուցանողներու կարիքը կայ, որպէսզի ուղղամիտ անհատներ կարենան Աստուծոյ գիտութիւնը ստանալ, շատ ուշ ըլլալէ առաջ։ (Հռովմայեցիս 13։11) Պօղոս առաքեալ յորդորեց. «Խօսքը քարոզէ՛, մտադրութեամբ գործիդ պարապէ՛ ատենին ու ատենէ դուրս»։ (Բ. Տիմոթէոս 4։2) Ասիկա ժողովքէն ներս եւ դուրս սորվեցնել կը պահանջէ։ Արդարեւ, քարոզելու յանձնարարութիւնը, պարզապէս Աստուծոյ պատգամը ծանուցանելէն աւելին կը բովանդակէ։ Հմտօրէն ուսուցանուելով, հետաքրքրուած անհատները աշակերտներ կ’ըլլան։
2 Կ’ապրինք «չար ժամանակներ»ու մէջ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Մարդոց ուղեղները լուացուած են աշխարհային փիլիսոփայութիւններով եւ սուտ ուսուցումներով։ Շատերու «իմացականութիւնը խաւարած է» եւ «անզգայ» եղած են։ (Եփեսացիս 4։18, 19) Ոմանք զգացական խոր վէրքեր ունին։ Այո, մարդիկ իրապէս ‘յոգնած ու ցիրուցան եղած են հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս’։ (Մատթէոս 9։36) Այսուհանդերձ, ուսուցանելու արուեստը գործածելով, կրնանք օգնել ուղղամիտ անհատներու, որպէսզի հարկ եղած փոփոխութիւնները ընեն։
Ուսուցանողներ՝ Ժողովքէն Ներս
3. (ա) Ուսուցանելու Յիսուսի յանձնարարութիւնը ի՞նչ կը բովանդակէ։ (բ) Ժողովքին մէջ ուսուցանելը գլխաւորաբար որո՞նց պատասխանատուութիւնն է։
3 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան կարգադրութեան միջոցաւ, միլիոնաւոր անհատներ անձնական ուսուցում կը ստանան։ Սակայն, իրենց մկրտութենէն ետք, նորեկները յաւելեալ օգնութեան կը կարօտին ‘արմատանալու ու հաստատուելու’ համար։ (Եփեսացիս 3։17) Մատթէոս 28։19, 20–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի յանձնարարութիւնը կատարելով, եւ նորեկները Եհովայի կազմակերպութեան ուղղելով, անոնք ժողովքին մէջ տրուած ուսուցումէն կ’օգտուին։ Եփեսացիս 4։11-13–ի համաձայն, տղամարդիկ նշանակուած են, ծառայելու համար որպէս «հովիւներ ու վարդապետներ [«ուսուցանողներ», Անթիլիաս]. սուրբերուն կատարելութեանը համար, պաշտօնին գործին համար, Քրիստոսին մարմնին շինութեանը համար»։ Երբեմն, անոնց ուսուցանելու արուեստը կը պարփակէ ‘յանդիմանել, սաստել, յորդորել ամենայն երկայնմտութեամբ’։ (Բ. Տիմոթէոս 4։2) Ուսուցանողներու գործը ա՛յնքան կարեւոր էր, որ երբ Կորնթացիներուն կը գրէր, Պօղոս ուսուցանողները առաքեալներէն ու մարգարէներէն անմիջապէս ետք դասեց։—Ա. Կորնթացիս 12։28
4. Ուսուցանելու կարողութիւնը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի որ Եբրայեցիս 10։24, 25–ի մէջ արձանագրուած Պօղոսի խրատին հնազանդինք։
4 Ճիշդ է որ բոլոր Քրիստոնեաներն ալ որպէս երէցներ կամ տեսուչներ չեն ծառայեր։ Այսուհանդերձ, բոլորին քաջալերութիւն տրուած է որ զիրար «սիրոյ եւ բարեգործութեան» մղեն։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Ժողովներուն ասիկա կը պարփակէ լաւ պատրաստուած ու սրտանց տրուած պատասխանները, որոնք ուրիշները կը կերտեն ու կը քաջալերեն։ Թագաւորութեան փորձառու հրատարակիչներն ալ կրնան ‘բարեգործութեան մղել’, իրենց ունեցած գիտութեան եւ փորձառութեան բաժնեկից ընելով նորեկները, դաշտի ծառայութեան մէջ անոնց հետ աշխատելով։ Այսպիսի առիթներով, ինչպէս նաեւ անպաշտօն կերպով, արժէքաւոր ուսուցում կարելի է տալ։ Հասուն կիներուն յորդոր տրուած է, զոր օրինակ, որ «բարի խրատ տուող»ներ ըլլան։—Տիտոս 2։3
Համոզումով Հաւատալ
5, 6. (ա) Ճշմարիտ Քրիստոնէութիւնը ի՞նչպէս սուտ պաշտամունքին հակառակն է։ (բ) Երէցները ի՞նչպէս կ’օգնեն նորեկներուն որ իմաստուն որոշումներու յանգին։
5 Այս կերպով, ճշմարիտ Քրիստոնէութիւնը ամբողջովին հակառակն է սուտ կրօնքներուն, որոնցմէ ոմանք կը ջանան տիրել իրենց անդամներուն մտքին վրայ։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, կրօնական առաջնորդները մարդակերտ խիստ աւանդութիւններով կը ջանային մարդոց կեանքին գրեթէ բոլոր երեսակներուն վրայ հսկել։ (Ղուկաս 11։46) Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները յաճախ նոյնը ըրած են։
6 Սակայն, ճշմարիտ պաշտամունքը «սուրբ» ծառայութիւն մըն է, զոր կը մատուցանենք «բանաւոր» կերպով։ (Հռովմայեցիս 12։1) Եհովայի ծառաները ‘համոզումով կը հաւատան’։ (Բ. Տիմոթէոս 3։14, ՆԱ) Կարգ մը պարագաներու, առաջնորդութիւն առնողները կարգ մը ուղեգծերու եւ գործելակերպերու կարիքը ունին, որպէսզի ժողովքը դիւրասահ ընթանայ։ Սակայն, փոխանակ հաւատակիցներու տեղ որոշումներ տալու, երէցները պէտք է անոնց սորվեցնեն «բարին ու չարը զանազանել»։ (Եբրայեցիս 5։14) Երէցները ասիկա կ’ընեն գլխաւորաբար սնուցանելով ժողովքը «հաւատքին խօսքերովը եւ այն բարի վարդապետութիւնովը»։—Ա. Տիմոթէոս 4։6
Զգո՛յշ Եղէք Ձեր Ուսուցումին
7, 8. (ա) Համեստ կարողութիւններ ունեցող անհատներ ի՞նչպէս որպէս ուսուցանողներ կը ծառայեն։ (բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ ազդու ուսուցանող մը ըլլալու համար անձնական ջանքեր կը պահանջուին։
7 Սակայն հիմա ետ դառնանք ուսուցանելու մեր ընդհանուր յանձնարարութեան։ Այս գործին մասնակցիլը մասնայատուկ հմտութիւն, ուսում կամ կարողութիւննե՞ր կը պահանջէ։ Պայման չէ։ Այս համաշխարհային գործը մեծաւ մասամբ կը կատարուի համեստ կարողութիւններ ունեցող սովորական անհատներու կողմէ։ (Ա. Կորնթացիս 1։26-29) Պօղոս կը բացատրէ. «Արդ՝ մենք այս գանձը [ծառայութիւնը] հողէ ամաններու մէջ [անկատար մարմիններու մէջ] ունինք, որպէս զի զօրութեան առաւելութիւնը Աստուծմէն ըլլայ ու ո՛չ թէ մեզմէ»։ (Բ. Կորնթացիս 4։7) Համերկրային Թագաւորութեան քարոզչութեան մէջ ձեռք ձգուած հսկայական յաջողութիւնը, Եհովայի հոգիին զօրութեան մէկ ապացոյցն է։
8 Այսուհանդերձ, անձնական շատ լուրջ ջանք կը պահանջուի, ‘առանց ամչնալու ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրող բանուոր մը ըլլալու համար’։ (Բ. Տիմոթէոս 2։15) Պօղոս հետեւեալ յորդորը տուաւ Տիմոթէոսի. «Զգո՛յշ եղիր դուն քու անձիդ եւ ուսուցումիդ նկատմամբ. յարատեւէ՛ ատոր մէջ։ Եթէ ընես այդ բանը՝ պիտի փրկես թէ՛ քեզ եւ թէ՛ զանոնք՝ որ կ’ունկնդրեն քեզի»։ (Ա. Տիմոթէոս 4։16, Երուսաղէմ) Արդ, անհատ մը ի՞նչպէս զգոյշ կ’ըլլայ իր ուսուցումին, ժողովքէն ներս թէ դուրս։ Ասիկա ընելը անպայմանօրէն որոշ որակումներ կամ արուեստական հմտութիւննե՞ր կ’ուզէ։
9. Ի՞նչ բան շատ աւելի կարեւոր է քան բնական կարողութիւնները։
9 Յիսուս իր Լերան Քարոզով ցոյց տուաւ որ ուսուցանելու արտակարգ կերպերու տիրապետած էր։ Երբ իր խօսակցութիւնը աւարտեց, ‘ժողովուրդը զարմացած էր անոր վարդապետութեանը վրայ’։ (Մատթէոս 7։28) Անշուշտ, ոեւէ մէկս Յիսուսի նման չենք կրնար սորվեցնել։ Բայց ազդու ուսուցանող մը ըլլալու համար պերճախօս ըլլալու պէտք չունինք։ Այո, Յոբայ 12։7–ի համաձայն, նոյնիսկ «անասուններ»ը եւ «թռչուններ»ը կրնան լռելեայն սորվեցնել։ Բնական կարողութիւններէն ու հմտութիւններէն աւելի կարեւոր է թէ «ի՞նչպիսի մարդիկ» ենք. ի՛նչ յատկութիւններ ունինք, կամ հոգեւոր ի՛նչպիսի սովորութիւններ մշակած ենք, զորս աշակերտները կրնան ընդօրինակել։—Բ. Պետրոս 3։11. Ղուկաս 6։40
Աստուծոյ Խօսքին Աշակերտները
10. Յիսուս ի՞նչպէս լաւ օրինակ հանդիսացաւ որպէս Աստուծոյ Խօսքին աշակերտ մը։
10 Սուրբ գրային ճշմարտութիւնները ազդու կերպով ուսուցանելու համար, Աստուծոյ Խօսքին ջանադիր աշակերտ մը պէտք է ըլլանք։ (Հռովմայեցիս 2։21) Այս ուղղութեամբ, Յիսուս Քրիստոս արտակարգ օրինակ մը հանդիսացաւ։ Իր ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս ակնարկութիւն ըրաւ, կամ գաղափարներ արտայայտեց, որոնք Եբրայերէն Գրութիւններուն գրեթէ կէսէն առնուած հատուածներու վրայ հիմնուած էին։a Ան Աստուծոյ Խօսքին ծանօթ էր արդէն 12 տարեկան հասակին, երբ զինք գտան ‘վարդապետներուն հետ նստած, անոնց մտիկ կ’ընէր ու անոնց բան կը հարցնէր’։ (Ղուկաս 2։46) Երբ չափահաս եղաւ, Յիսուսի սովորութիւնն էր ժողովարան երթալ, ուր Աստուծոյ Խօսքը կը կարդացուէր։—Ղուկաս 4։16
11. Ուսուցանող մը ուսումնասիրութեան ի՞նչ լաւ վարժութիւն մը պէտք է զարգացնէ։
11 Դուք Աստուծոյ Խօսքը անյագօրէն կարդացո՞ղ մըն էք։ Զայն պեղելով է որ «Տէրոջը վախը պիտի հասկնաս եւ Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնես»։ (Առակաց 2։4, 5) Ուստի, ուսումնասիրութեան լաւ սովորութիւններ զարգացուցէք։ Ջանացէք ամէն օր Աստուծոյ Խօսքէն հատուած մը կարդալ։ (Սաղմոս 1։2) Վարժութիւն դարձուցէք Դիտարան–ի եւ Զարթի՛ր–ի ամէն թիւ կարդալ, անմիջապէս որ ստանաք։ Ժողովներուն հետեւեցէք առանց անջատուելու։ Ուշադիր փնտռտուք կատարել սորվեցէք։ Ամէն բան ‘ճշդութեամբ տեղեկանալ’ սորվելով, ձեր ուսուցումին մէջ չափազանցութիւններէն եւ անճշգրտութիւններէն կրնաք խուսափիլ։—Ղուկաս 1։3
Ձեր Ուսուցանած Անհատներուն Հանդէպ Սէր եւ Յարգանք Ունեցէք
12. Իր աշակերտներուն հանդէպ Յիսուսի կեցուածքը ի՞նչ էր։
12 Ձեր ուսուցանած անհատներուն հանդէպ պատշաճ կեցուածք ունենալն ալ ուրիշ կարեւոր յատկութիւն մըն է։ Փարիսեցիները Յիսուսի մտիկ ընողներուն հանդէպ արհամարհանք ունէին։ «Այս ռամիկ ժողովուրդը՝ որ օրէնքը չեն գիտեր, նզովուած են», ըսին անոնք։ (Յովհաննու 7։49) Բայց Յիսուս իր աշակերտներուն հանդէպ խոր սէր եւ յարգանք ունէր։ Ան ըսաւ. «Ասկէ ետքը ձեզ ծառայ չեմ անուաներ, վասն զի ծառան չի գիտեր թէ իր տէրը ի՞նչ կ’ընէ։ Ես ձեզ բարեկամ անուանեցի, վասն զի այն ամէն բաները որոնք իմ Հօրմէս լսեցի, ձեզի իմացուցի»։ (Յովհաննու 15։15) Ասիկա ցոյց կու տար թէ Յիսուսի աշակերտները իրենց կարգին ի՛նչպէս պէտք էր ուսուցանէին։
13. Պօղոս ի՞նչ զգացում ունէր անոնց հանդէպ որոնց կը սորվեցնէր։
13 Պօղոս, զոր օրինակ, իր աշակերտներուն հետ ցուրտ, առեւտրական յարաբերութիւն մը չէր պահեր։ Ան Կորնթացիներուն ըսաւ. «Թէեւ դուք տասը հազար վարժապետներ ունենաք Քրիստոսով, բայց ո՛չ թէ շատ հայրեր կ’ունենաք, քանզի Քրիստոս Յիսուսին աւետարանով ես ձեզ ծնայ»։ (Ա. Կորնթացիս 4։15) Եղան ժամանակներ, երբ Պօղոս նոյնիսկ արցո՛ւնք թափեց, երբ իր սորվեցուցած անհատներուն կը յորդորէր։ (Գործք 20։31) Ան արտակարգ համբերութիւն եւ քաղցրութիւն ալ ցոյց տուաւ։ Ուստի, կրցաւ Թեսաղոնիկեցիներուն ըսել. «Թէեւ կրնայինք իբրեւ Քրիստոսին առաքեալներ ծանրութիւն ըլլալ, բայց մենք համեստ եղանք ձեր մէջ. ինչպէս դայեակ մը որ իր երախաները կը խնամէ»։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։7, 8
14. Աստուածաշունչի մեր աշակերտներուն հանդէպ մասնայատուկ հետաքրքրութիւն ունենալը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։ Բացատրեցէք։
14 Յիսուսը եւ Պօղոսը կ’ընդօրինակէ՞ք։ Մեր աշակերտներուն հանդէպ անկեղծ սէրը, մեր անատակութիւններուն տեղը կը լեցնէ։ Աստուածաշունչի մեր աշակերտները կը զգա՞ն որ անձնապէս հետաքրքրուած ենք իրենցմով։ Զանոնք ճանչնալու համար ժամանակ կը տրամադրե՞նք։ Կին մը որ հոգեւորապէս չէր յառաջդիմեր, իր հետ ուսումնասիրող Քրիստոնեայ կինը ազնուութեամբ անոր հարցուց. «Մտահոգութի՞ւն մը ունիս»։ Կինը սկսաւ իր սիրտը թափել եւ պատմել իր ունեցած բազմաթիւ հոգերը եւ մտավախութիւնները։ Այդ սիրալիր խօսակցութիւնը դարձակէտ մը եղաւ կնոջ համար։ Այսպիսի պարագաներու, սուրբ գրային գաղափարներ եւ մխիթարական ու քաջալերական խօսքեր ըսելը պատշաճ է։ (Հռովմայեցիս 15։4) Բայց զգո՛յշ եղէք. Աստուածաշունչի աշակերտ մը կրնայ արագօրէն յառաջդիմել, բայց տակաւին քրիստոնէավայել չեղող սովորութիւններ ունենալ։ Ուստի, իմաստութիւն չէ ընկերային գետնի վրայ անտեղի մտերմութիւն հաստատել անհատին հետ։ Միշտ քրիստոնէական որոշ սահմաններ պէտք է պահուին։—Ա. Կորնթացիս 15։33
15. Աստուածաշունչի մեր աշակերտներուն հանդէպ ի՞նչպէս կրնանք յարգանք ցոյց տալ։
15 Մեր աշակերտներուն հանդէպ յարգանք ունենալ կը նշանակէ, անոնց անձնական կեանքը չղեկավարել։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։11) Օրինակ, թերեւս կ’ուսումնասիրենք կնոջ մը հետ որ առանց ամուսնանալու կը կենակցի մարդու մը հետ։ Կրնայ ըլլալ որ անոնք իրենց կենակցութենէն զաւակներ ալ ունին։ Աստուծոյ մասին ճշգրիտ գիտութիւն ունենալով, կինը կը փափաքի հարցերը շտկել։ (Եբրայեցիս 13։4) Պէտք է մարդուն հետ ամուսնանա՞յ՝ թէ անկէ բաժնուի։ Մենք թերեւս իրապէս կը խորհինք որ հոգեւոր բաներով չհետաքրքրուող կամ քիչ հետաքրքրուող մարդու մը հետ ամուսնանալը արգելք պիտի ըլլայ իր յառաջդիմութեան։ Իսկ միւս կողմէն, թերեւս զաւակներուն բարօրութեան մասին մտածելով, կը խորհինք որ աւելի լաւ է որ անոր հետ ամուսնանայ։ Ինչ որ ալ ըլլայ պարագան, անյարգալից եւ անսիրալիր է աշակերտին կեանքին մէջ մուտք գործել եւ այսպիսի հարցերու շուրջ մեր անհատական կարծիքները պարտադրել։ Վերջ ի վերջոյ, կինն է որ իր տուած որոշումին հետեւանքները պիտի կրէ։ Ուստի, աւելի լաւ պիտի չը՞լլար աշակերտը մարզել, որպէսզի իր «ըմբռնելու կարողութիւնը» գործածէ եւ իր ընելիքը որոշէ։—Եբրայեցիս 5։14, ՆԱ։
16. Երէցները ի՞նչպէս կրնան սէր ու յարգանք ցոյց տալ Աստուծոյ հօտին հանդէպ։
16 Ժողովքի երէցներուն համար մասնաւորաբար կարեւոր է որ սիրալիր կերպով ու յարգանքով վարուին հօտին հետ։ Փիլիմոնի գրելով, Պօղոս ըսաւ. «Ասոր համար թէեւ համարձակութիւն ունիմ Քրիստոսով վայելուչ եղածը քեզի հրամայելու, բայց յաւէտ սիրով կ’աղաչեմ»։ (Փիլիմոն 8, 9) Երբեմն ժողովքին մէջ նեղացուցիչ կացութիւններ կրնան յառաջանալ։ Թերեւս անհրաժեշտ ըլլայ հաստատ քայլեր առնել։ Պօղոս յորդորեց Տիտոսը որ «սաստիկ յանդիմանէ՛ [յանցագործները] որպէս զի առողջանան հաւատքի մէջ»։ (Տիտոս 1։13) Երէցները ուշադիր պէտք է ըլլան որ նոյնիսկ այսպիսի պարագաներու անազնիւ կերպով չխօսին ժողովքին։ «Տէրոջը ծառան պէտք չէ կռուի, հապա հեզահոգի ըլլայ ամենուն, սորվեցնող, ոխ չպահող», գրեց Պօղոս։—Բ. Տիմոթէոս 2։24. Սաղմոս 141։3
17. Մովսէս ի՞նչ սխալ ըրաւ, իսկ երէցները անկէ ի՞նչ կը սորվին։
17 Տեսուչները իրենց մտքէն պէտք չէ հանեն որ իրենց գործը «Աստուծոյ հօտ»ին հետ է։ (Ա. Պետրոս 5։2) Մովսէս որ այդքան հեզ էր, պահ մը ինքզինք մոռցաւ։ Իսրայելացիները «դառնացուցին անոր հոգին։ Ան ալ անխորհրդաբար խօսեցաւ իր շրթունքներովը»։ (Սաղմոս 106։33) Թէեւ ժողովուրդը մեղադրելի էր, բայց Աստուած չհաւնեցաւ Իր հօտին հանդէպ Մովսէսի ունեցած վերաբերմունքը։ (Թուոց 20։2-12) Ներկայիս ալ երբ երէցներ նոյնանման դժուարութիւններու դիմաց գտնուին, պէտք է ջանան ներատեսութեամբ եւ ազնուութեամբ ուսուցանել եւ դաստիարակել։ Մեր եղբայրները շատ աւելի լաւ կ’ընդառաջեն, երբ իրենց հետ վարուինք նկատառութեամբ եւ որպէս օգնութեան կարօտ անհատներ, ո՛չ թէ՝ որպէս անսրբագրելի անհատներ։ Երէցները Պօղոսի ունեցած դրական տեսակէտը պէտք է ունենան, որ ըսաւ. «Ձեր վրայ վստահութիւն ունինք Տէրոջմով, թէ ինչ որ ձեզի պատուիրեցինք՝ կ’ընէք ու պիտի ընէք ալ»։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։4
Անոնց Կարիքները Լեցուցէք
18, 19. (ա) Սահմանափակ կարողութիւն ունեցող Աստուածաշունչի մեր աշակերտներուն կարիքներուն ի՞նչպէս պէտք է ընդառաջենք։ (բ) Մասնաւոր նիւթերու շուրջ դժուարութիւն ունեցող մեր աշակերտներուն ի՞նչպէս կրնանք օգնել։
18 Ազդու ուսուցանող մը իր աշակերտներուն կարողութիւններուն եւ սահմանափակումներուն կը յարմարի։ (Համեմատել՝ Յովհաննու 16։12։) Յիսուսի տաղանդներու առակին մէջ, տէրը «ամէն մէկուն իր կարողութեանը չափ»ով առանձնաշնորհումներ տուաւ։ (Մատթէոս 25։15) Երբ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարենք, մենք ալ այս օրինակին կրնանք հետեւիլ։ Բնական է որ նախընտրելի է սուրբ գրային գրականութիւն մը տրամաբանական ժամանակի մը մէջ վերջացնել։ Բայց պէտք է գիտակցիլ որ ամէն մարդ լաւ կարդալու, կամ նոր գաղափարները արագօրէն իւրացնելու կարողութիւն չունի։ Հետեւաբար, եթէ ընդառաջող անհատներ կարողութիւն չունին արագօրէն ընթանալու, ներատեսութիւն պէտք է գործածենք որոշելու համար թէ ուսումնասիրութեան ընթացքին ե՛րբ որոշ կէտէ մը միւսին անցնիլ։ Շատ աւելի կարեւոր է աշակերտներուն օգնել որ իրենց սորվածներուն իմաստը ըմբռնեն, քան որոշ արագութեամբ մը նիւթերը ծածկել։—Մատթէոս 13։51
19 Նոյնը կրնայ ըսուիլ Աստուածաշունչի այդ աշակերտներուն մասին, որոնք որոշ նիւթեր ընդունելու մէջ դժուարութիւն ունին, ինչպէս՝ Երրորդութիւնը կամ կրօնական տօները։ Թէեւ սովորաբար կարիքը չկայ որ մեր ուսումնասիրութիւններուն համար սուրբ գրային նիւթի մը շուրջ փնտռտուք ընենք, բայց եթէ ասիկա շատ օգտակար կրնայ ըլլալ, կրնանք պարբերաբար ասիկա ընել։ Լաւ դատողութիւն մը պէտք է ունենանք, որպէսզի աշակերտին յառաջդիմութիւնը անտեղիօրէն չդանդաղեցնենք։
Խանդավառ Եղէ՛ք
20. Պօղոս իր ուսուցումին մէջ նախանձախնդրութիւն եւ համոզում յայտնաբերելով ի՞նչպէս օրինակ հանդիսացաւ։
20 «Հոգիով բորբոքեցէ՛ք»՝ ըսաւ Պօղոս։ (Հռովմայեցիս 12։11) Այո, տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը վարենք, թէ ժողովներուն մէջ մասնակցութիւն մը ունենանք, պէտք է զայն նախանձախնդրութեամբ ու խանդավառութեամբ ընենք։ Պօղոս Թեսաղոնիկեցիներուն ըսաւ. «Մեր աւետարանը ո՛չ միայն խօսքով քարոզուեցաւ ձեզի, հապա զօրութիւնով ալ եւ Սուրբ Հոգիով ու ստուգութեամբ»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։5) Այս կերպով, Պօղոս եւ իր ընկերակիցները ‘ո՛չ միայն Աստուծոյ աւետարանը անոնց տուին, հապա իրենց անձերն ալ’։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։8
21. Ուսուցումի մեր նշանակումներուն հանդէպ ի՞նչպէս նախանձախնդիր կեցուածք մը կրնանք ունենալ։
21 Երբ համոզուած ըլլանք թէ Աստուածաշունչի մեր աշակերտները կարիքը ունին լսելու ինչ որ իրենց պիտի ըսենք, ասիկա անկեղծ խանդավառութիւն ունենալու կը նպաստէ։ Ուսուցանելու որեւէ նշանակում թեթեւի չառնենք։ Եզրաս դպիրը վստահաբար այս ուղղութեամբ ուշադիր էր իր ուսուցումին։ Ան «իր սիրտը պատրաստեց՝ որպէս զի Տէրոջը օրէնքը փնտռէ ու կատարէ ու օրէնքն ու կանոնները սորվեցնէ Իսրայէլին»։ (Եզրասայ 7։10) Մենք ալ նոյնը պէտք է ընենք, մեր նիւթը լաւ կերպով պատրաստելով եւ անոր կարեւորութեան մասին մտածելով։ Աղօթե՛նք Եհովայի, որպէսզի մեզ հաւատքով ու համոզումով լեցնէ։ (Ղուկաս 17։5) Մեր խանդավառութիւնը Աստուածաշունչի աշակերտներուն պիտի օգնէ, որ ճշմարտութեան հանդէպ իրական սէր մշակեն։ Անշուշտ, մեր ուսուցումին ուշադրութիւն ընծայելը, ուսուցանելու մասնայատուկ ճարտարամտութիւններ գործածել ալ կը նշանակէ։ Յաջորդ յօդուածը անոնցմէ քանի մը հատը ձեռք պիտի առնէ։
[Ստորանիշ]
a Տես՝ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ, Հատոր Բ., էջ 1071, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
Կը Յիշէ՞ք
◻ Ներկայիս ինչո՞ւ Քրիստոնեայ հմուտ ուսուցանողներու կարիքը կայ։
◻ Ուսումնասիրութեան ի՞նչ լաւ սովորութիւններ կրնանք մշակել։
◻ Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է սէր եւ յարգանք ունենալ անոնց հանդէպ, որոնց կը սորվեցնենք։
◻ Աստուածաշունչի մեր աշակերտներուն կարիքներուն ի՞նչպէս կ’ընդառաջենք։
◻ Երբ ուրիշներուն կը սորվեցնենք, նախանձախնդրութիւնը եւ համոզումը ինչո՞ւ կենսական են։
[Նկար՝ էջ 10]
Լաւ ուսուցանողները իրենք Աստուծոյ Խօսքին աշակերտներ են
[Նկար՝ էջ 13]
Անձնապէս հետաքրքրուեցէք Աստուածաշունչի աշակերտներով