Աչալուրջ եւ ջանասէր եղէ՛ք
«[«Շարունակ», ՆԱ] արթուն կեցէք, վասն զի ո՛չ օրը գիտէք եւ ո՛չ ժամը»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 25։13
1. Յովհաննէս առաքեալ ի՞նչ բանի կը սպասէր։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ մէջ Յիսուսի վերջին խօսակցութիւնը իր հետեւեալ խոստումն էր. «Շուտով կու գամ ես»։ Իր առաքեալը՝ Յովհաննէս պատասխանեց. «Ամէ՛ն, եկո՛ւր, Տէր Յիսուս»։ Առաքեալը Յիսուսի գալուն վրայ կասկած չունէր։ Յովհաննէս մաս կը կազմէր այն առաքեալներուն, որոնք Յիսուսի հարցուցին. «Ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ քու գալուստիդ [«ներկայութեանդ», ՆԱ, Յունարէն՝ բա·րու·սիա] ու աշխարհիս վերջին [«իրերու դրութեան վախճանին», ՆԱ] նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ Այո՛, Յովհաննէս վստահութեամբ կը սպասէր Յիսուսի ապագայ ներկայութեան։—Յայտնութիւն 22։20. Մատթէոս 24։3
2. Յիսուսի ներկայութեան նկատմամբ, ի՞նչ է եկեղեցիներու կեցուածքը։
2 Մեր օրերուն այսպիսի վստահութիւն մը տեսնելը հազուագիւտ է։ Շատ եկեղեցիներ պաշտօնական վարդապետութիւն մը ունին Յիսուսի «գալուստ»ին մասին, բայց իրենց անդամներէն իրապէս քիչեր կը սպասեն զայն ու ըստ այնմ կ’ապրին։ Բարուսիան Նոր Կտակարանին Մէջ գիրքը (Անգլերէն) կը նշէ. «Եկեղեցիին կեանքին, խորհուրդին եւ գործին մէջ Բարուսիայի յոյսը շատ քիչ իմաստալից ազդեցութիւն ունի։ . . . Ապաշխարութեան ու միսիոնարներու կողմէ աւետարանին ծանուցման ծայր աստիճան հրատապ կերպով կատարելիք իր պարտականութեան մէջ եկեղեցին տկարացած է, չըսելու համար որ ամբողջովին կորսնցուցած է զայն»։ Բայց ամենուն պարագան այս չէ՛։
3. (ա) Ճշմարիտ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կը նկատեն բա·րու·սիա–ն։ (բ) Հիմա մասնայատուկ ի՞նչ բան նկատի պիտի առնենք։
3 Յիսուսի ճշմարիտ աշակերտները ներկայ ամբարիշտ դրութեան վախճանը անձկագին կը սպասեն։ Մինչ հաւատարմաբար ասիկա կ’ընենք, պէտք է Յիսուսի ներկայութեան հետ առնչուող բոլոր բաներուն հանդէպ շիտակ տեսակէտ ունենանք եւ անոր համաձայն վարուինք։ Անիկա մեզի պիտի օգնէ որ ‘մինչեւ վերջը համբերենք ու փրկուինք’։ (Մատթէոս 24։13) Մատթէոս 24 եւ 25–րդ գլուխներուն մէջ արձանագրուած մարգարէութիւնը տալու ընթացքին, Յիսուս իմաստուն խրատներ տուաւ, զորս կրնանք գործադրել ու անոնցմէ մնայուն օգուտներ քաղել։ 25–րդ գլուխը առակներ կը պարունակէ, որոնք հաւանաբար գիտէք, մէջը ըլլալով տասը կոյսերու (իմաստուն ու յիմար կոյսերու) եւ տաղանդներու առակները։ (Մատթէոս 25։1-30) Այս առակներէն ի՞նչպէս կրնանք օգտուիլ։
Հինգ Կոյսերուն Նման Աչալուրջ Ըլլանք
4. Կոյսերու առակին միտք բանին ի՞նչ է։
4 Թերեւս փափաքիք Մատթէոս 25։1-13–ի մէջ արձանագրուած կոյսերուն առակը վերստին կարդալ։ Պարզուած պատկերը հետեւեալն է. հրէական փարթամ հարսանիք մը տեղի կ’ունենայ, որու ընթացքին փեսան հարսին հօրը տունը կ’երթայ, որպէսզի ուղեկիցներով փեսային (կամ իր հօրը) տունը բերէ հարսը։ Թերեւս այսպիսի թափօրի մը կը մասնակցէին երաժիշտներ եւ երգիչներ եւ անոր հասնելու ճշգրիտ ժամանակը չէր գիտցուեր։ Առակին մէջ, տասը կոյսերը մինչեւ կէս գիշերը փեսային գալուն սպասեցին։ Անոնցմէ հինգը յիմարաբար բաւարար իւղ բերած չէին իրենց լապտերներուն համար, հետեւաբար ստիպուեցան երթալ ու գնել։ Միւս հինգը իմաստութեամբ վարուելով, ամաններով յաւելեալ իւղ բերած էին իրենց լապտերներուն համար՝ սպասման ընթացքին հարկ ըլլալու պարագային։ Երբ փեսան հասաւ, միայն այս վերջին հինգը ներկայ ու պատրաստ էին։ Ուստի, միայն անոնք խնճոյքին մտնելու արտօնութիւն ունեցան։ Երբ հինգ յիմար կոյսերը հասան, ներս մտնելու համար շատ ուշ էր ժամանակը։
5. Ո՞ր համարները լոյս կը սփռեն կոյսերու առակին այլաբանական իմաստին վրայ։
5 Այս առակին բազմաթիւ երեսակները այլաբանօրէն կրնան հասկցուիլ։ Օրինակ, Սուրբ Գիրքը Յիսուսի մասին կը խօսի որպէս փեսայ։ (Յովհաննու 3։28-30) Յիսուս ինքզինք նմանցուց թագաւորի որդւոյն, որու համար հարսանիք մը պատրաստուած էր։ (Մատթէոս 22։1-14) Իսկ Աստուածաշունչը Քրիստոսը կը նմանցնէ ամուսինի մը։ (Եփեսացիս 5։23) Հետաքրքրականօրէն, մինչ օծեալ Քրիստոնեաները ուրիշ տեղեր նկարագրուած են որպէս Քրիստոսի «հարսը», բայց առակը հարսը չի յիշեր։ (Յովհաննու 3։29. Յայտնութիւն 19։7. 21։2, 9) Բայց, անիկա կը խօսի տասը կոյսերու մասին, եւ ուրիշ համարի մէջ օծեալները նմանցուած են Քրիստոսի ամուսնութեան խոստացուած կոյսի մը։—Բ. Կորնթացիս 11։2a
6. Երբ կոյսերու առակը կ’եզրափակէր, Յիսուս ի՞նչ յորդոր տուաւ։
6 Այսպիսի մանրամասնութիւններէն ու մարգարէական կիրարկումներէն զատ, վստահաբար գեղեցիկ սկզբունքներ կրնանք սորվիլ այս առակէն։ Նկատի առէք, զոր օրինակ, որ Յիսուս զայն կ’եզրափակէ հետեւեալ խօսքերով. «Ուրեմն [«շարունակ», ՆԱ] արթուն կեցէք, վասն զի ո՛չ օրը գիտէք եւ ո՛չ ժամը»։ Ուստի, այս առակը իւրաքանչիւրիս կը հասկցնէ իրերու այս չար դրութեան վախճանին նկատմամբ աչալուրջ, արթուն ըլլալու կարիքը։ Այս վախճանը աներկբայելիօրէն կը մօտենայ, նոյնիսկ երբ անոր համար ժամկէտ մը չենք կրնար որոշել։ Այս ուղղութեամբ, նկատի առէք կոյսերու երկու խումբին յայտնաբերած կեցուածքը։
7. Առակին մէջի հինգ կոյսերը ի՞նչ առումով յիմար էին։
7 Յիսուս ըսաւ. ‘Անոնցմէ հինգը յիմար էր’։ Արդեօք փեսային գալուն նկատմամբ հաւա՞տք չունէին։ Հաճոյքի ետեւէն վազելո՞ւ համար գացած էին. թէ ոչ՝ խաբուած էին։ Ասոնցմէ ո՛չ մէկը։ Յիսուս ըսաւ որ այս հինգը «փեսան դիմաւորելու ելան»։ Անոնք գիտէին որ փեսան գալու վրայ էր. անոնք կը փափաքէին մասնակից ըլլալ եւ նոյնիսկ «հարսանիքը» մտնել անոր հետ։ Բայց բաւարար չափով պատրա՞ստ էին։ Անոնք ատեն մը սպասեցին իրեն, մինչեւ «կէս գիշեր», բայց պատրաստուած չէին անոր գալուն համար, երբ ըլլար անիկա՝ իրենց սկիզբի ակնկալութենէն առաջ կամ վերջ։
8. Առակին մէջի հինգ կոյսերը ի՞նչ առումով իմաստուն էին։
8 Միւս հինգը՝ զորս Յիսուս իմաստուն կոչեց՝ իրենք ալ վառած լապտերներով գացին, փեսային գալը ակնկալելով։ Անոնք ալ պէտք էր սպասէին, բայց՝ «իմաստուն» էին։ «Իմաստուն» թարգմանուած Յունարէն բառը, «խոհեմ, զգայուն, գործնականապէս իմաստուն» գաղափարները կրնայ հաղորդել։ Այս հինգը ապացուցանեցին որ իմաստուն էին, հարկ եղած պարագային իրենց լապտերները լեցնելու համար ամաններով յաւելեալ իւղ բերելով։ Իրականութեան մէջ, անոնք ա՛յն աստիճան մտադրած էին փեսային գալուն համար պատրաստ ըլլալու, որ չուզեցին նոյնիսկ իրենց իւղէն տալ։ Այսպիսի աչալրջութիւն անտեղի չէր. փաստը՝ փեսան եկած ժամանակ անոնք ներկայ էին եւ իրապէս պատրաստ։ «Պատրաստ եղողները անոր հետ հարսանիքը մտան եւ դուռը գոցուեցաւ»։
9, 10. Կոյսերու առակին միտքը ի՞նչ է, եւ մենք մեզի ի՞նչ հարցումներ պէտք է հարցնենք։
9 Հոս Յիսուս հարսնիքի մը ընթացքին ինչպիսի վարուելակերպ ունենալու մասին դաս չէր տար, ոչ ալ մեր ունեցածը բաժնելու մասին խրատ կու տար։ Իր շեշտած կէտը հետեւեալն էր. «Ուրեմն [«շարունակ», ՆԱ] արթուն կեցէք, վասն զի ո՛չ օրը գիտէք եւ ո՛չ ժամը»։ Դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Ես իրապէս աչալո՞ւրջ եմ Յիսուսի ներկայութեան նկատմամբ’։ Կը հաւատանք որ Յիսուս ներկայիս երկնքի մէջ կ’իշխէ, բայց ո՞րքանով մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած ենք այն իրողութեան վրայ որ ‘Որդին մարդոյ երկնքի ամպերով պիտի գայ՝ զօրութիւնով ու մեծ փառքով’։ (Մատթէոս 24։30) «Կէս գիշերին», փեսային գալը շատ աւելի մօտեցած էր, քան երբ կոյսերը գացին զինք դիմաւորելու։ Նմանապէս, ներկայ ամբարիշտ իրերու դրութիւնը կործանելու համար Որդի մարդոյ գալուստը հիմա շա՛տ աւելի մօտ է քան երբ սկսանք իր գալը ակնկալել։ (Հռովմայեցիս 13։11-14) Արդեօք շարունակա՞ծ ենք աչալուրջ մնալ, թերեւս, մինչ ժամանակը կը մօտենայ, տակաւին աւելի աչալուրջ ըլլալով։
10 «Շարունակ արթուն կեցէք» պատուէրին հնազանդիլը յարատեւ աչալրջութիւն կը պահանջէ։ Հինգ կոյսերը ձգեցին որ իրենց իւղերը վերջանան, ապա գացին գնելու։ Այսօր նոյն կերպով, Քրիստոնեայ մը կրնայ ցրուած ըլլալ եւ որպէս հետեւանք Յիսուսի մօտալուտ գալուն համար լիովին պատրաստուած չըլլալ։ Ասիկա պատահեցաւ առաջին դարու կարգ մը Քրիստոնեաներուն։ Այսօր մեզի ալ կրնայ պատահիլ։ Ուստի, մենք մեզի հարցնենք. ‘Արդեօք ե՞ս ալ այս վիճակին մէջ եմ’։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։6-8. Եբրայեցիս 2։1. 3։12. 12։3. Յայտնութիւն 16։15
Ջանասէր Եղէ՛ք՝ Մինչ Վախճանը կը Մօտենայ
11. Յաջորդիւ Յիսուս ի՞նչ առակ տուաւ, եւ անիկա ո՞ր առակին կը նմանէր։
11 Իր յաջորդ առակին մէջ, Յիսուս իր հետեւորդները յորդորեց որ աչալուրջ ըլլալէն աւելին ընեն։ Իմաստուն ու յիմար կոյսերուն մասին խօսելէ ետք, ան տաղանդներու առակը տուաւ։ (Կարդացէք՝ Մատթէոս 25։14-30։) Ասիկա շատ մը մարզերու մէջ կը նմանի մնասներու նախկին առակին, զոր Յիսուս տուաւ, «անոնց այնպէս կարծելուն համար թէ՝ շուտ մը Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի յայտնուի»։—Ղուկաս 19։11-27
12. Տաղանդներու առակին միտք բանին ի՞նչ է։
12 Տաղանդներու առակին մէջ, Յիսուս կը խօսի մարդու մը մասին որ երկար ճամբորդութիւն մը ընելէն առաջ, երեք ծառաները իր քով կը կանչէ։ Անոնցմէ մէկուն հինգ տաղանդ կը յանձնէ, ուրիշի մը երկու, իսկ վերջինին՝ մէկ. «Ամէն մէկուն իր կարողութեանը չափ»։ Հաւանաբար, ասիկա արծաթէ տաղանդ մըն էր, որ այն ատեն կը ներկայացնէր միջին հաշուով 14 տարուան աշխատավարձք մը. բաւական մեծ գումար մը։ Երբ մարդը վերադարձաւ, «շատ ժամանակ» անոնցմէ հեռու եղած ընթացքին, անոնց կատարած բաներուն մասին ծառաներէն հաշիւ պահանջեց։ Առաջին երկու ծառաները իրենց վստահուած գումարը կրկնապատկած էին։ Անոնց ըսաւ. «Ապրի՛ս». իւրաքանչիւրին յաւելեալ պատասխանատուութիւններ խոստացաւ ու եզրափակեց, ըսելով. «Մտիր քու տիրոջդ ուրախութեանը մէջ»։ Մէկ տաղանդ ունեցող ծառան խորհելով որ իր տէրը չափազանց պահանջկոտ է, տաղանդը որեւէ կերպով չէր բանեցուցած։ Ան դրամը պահած էր, նոյնիսկ սեղանաւորներուն չէր տուած որ տոկոս բերէր։ Տէրը զինք «չար եւ ծո՛յլ» ծառայ կոչեց, քանի որ իր տիրոջ շահերուն դէմ աշխատած էր։ Հետեւաբար, մէկ տաղանդը անկէ առին եւ զինք դուրս նետեցին, ուր «լալ ու ակռաներ կրճտել» պիտի ըլլար։
13. Առակին մէջ տիրոջ եւ Յիսուսի միջեւ ի՞նչ նմանութիւններ կան։
13 Դարձեալ, այս առակին մանրամասնութիւնները այլաբանական առումով կրնան հասկցուիլ։ Օրինակ, Յիսուս՝ որ օտար երկիր գացող մարդով պատկերացուած է՝ իր աշակերտները պիտի ձգէր, երկինք պիտի երթար եւ հոն պիտի սպասէր, մինչեւ որ թագաւորական հեղինակութիւն ստանար։b (Սաղմոս 110։1-4. Գործք 2։34-36. Հռովմայեցիս 8։34. Եբրայեցիս 10։12, 13) Անգամ մը եւս ասկէ մեծ դաս մը կամ սկզբունք մը կը սորվինք, զոր պէտք է ամէն մէկս մեր կեանքին մէջ կիրարկենք։ Ի՞նչ է այդ դասը։
14. Տաղանդներու առակը ի՞նչ կենսական կարիք մը կը շեշտէ։
14 Մեր յոյսը ըլլայ երկնքի մէջ անմահ կեանք թէ դրախտ երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանք, Յիսուսի առակէն յստակ կ’ըլլայ թէ քրիստոնէական գործունէութեանց մէջ ջանադիր պէտք է ըլլանք։ Արդարեւ, այս առակին հաղորդած պատգամը կարելի է մէկ բառի մէջ ամփոփել՝ ջանասիրութիւն։ Առաքեալները Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն ետք ասոր մէջ օրինակ հանդիսացան։ Կը կարդանք. «Ուրիշ շատ խօսքերով [Պետրոս] վկայութիւն կու տար ու կը յորդորէր զանոնք եւ կ’ըսէր. ‘Այս խոտորած ազգէն ինքզինքնիդ ազատեցէ՛ք’»։ (Գործք 2։40-42) Իսկ իր ջանքերը ի՜նչ լաւ արձագանգ գտան։ Մինչ ուրիշներ քրիստոնէական քարոզչութեան մէջ առաքեալներուն կը միանային, անոնք ալ իրենց կարգին ջանասէր կ’ըլլային, որու հետեւանքով բարի լուրը ‘բոլոր աշխարհի մէջ աճեցաւ’։—Կողոսացիս 1։3-6, 23. Ա. Կորնթացիս 3։5-9
15. Ի՞նչ մասնայատուկ կերպով տաղանդներու առակին գլխաւոր կէտը պէտք է կիրարկենք։
15 Այս առակին բովանդակութիւնը ի մտի ունեցէք, որ է Յիսուսի ներկայութեան մասին մարգարէութիւն մը։ Բաւարար փաստեր ունինք որ Յիսուսի բա·րու·սիա–ն գործընթացի մէջ է եւ շուտով իր բարձրակէտին պիտի հասնի։ Յիշեցէք որ Յիսուս «վերջը» կապեց Քրիստոնեաներուն ընելիք գործին հետ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։ (Մատթէոս 24։14) Ասիկա ի մտի ունենալով, մենք ո՞ր ծառային կը նմանինք։ Դուք ձեզի հարցուցէք. ‘Պատճառներ կա՞ն եզրակացնելու որ ես կը նմանիմ այն ծառային որ իրեն յանձնուածը պահեց, թերեւս մինչ այդ իր անձնական հետաքրքրութիւններով զբաղելով։ Կամ՝ բացայայտօրէն բարի ու հաւատարիմ ծառաներուն կը նմանի՞մ։ Լիովին վճռա՞ծ եմ Տիրոջ շահերը աւելցնել ամէն առիթով’։
Աչալուրջ եւ Ջանասէր՝ Իր Ներկայութեան Ընթացքին
16. Մեր նկատի առած երկու առակները ի՞նչ պատգամ կը հաղորդեն ձեզի։
16 Այո, անոնց այլաբանական կամ մարգարէական իմաստէն զատ, այս երկու առակները մեզի բացայայտ քաջալերութիւն կու տան որ ուղղակի Յիսուսի բերանը արտասանած է։ Անոր պատգամը հետեւեալն է. Աչալուրջ եղէ՛ք. ջանասէր եղէ՛ք, մանաւանդ երբ Քրիստոսի բա·րու·սիա–յի նշանը կը տեսնուի. ուրիշ խօսքով՝ հիմա։ Արդ, իրապէս աչալուրջ եւ ջանասէ՞ր ենք։
17, 18. Յակոբոս աշակերտ ի՞նչ խրատեց Յիսուսի ներկայութեան մասին։
17 Յիսուսի կէս եղբայրը՝ Յակոբոս, Ձիթենեաց Լերան վրայ չէր որ Յիսուսի մարգարէութիւնը լսէր։ Բայց ան հետագային այդ մասին տեղեկացաւ եւ անոր կարեւորութիւնը ըմբռնեց։ Ան գրեց. «Ուստի համբերո՛ղ եղէք, ե՛ղբայրներ, մինչեւ Տէրոջը գալուստը [«ներկայութիւնը», ՆԱ]։ Ահա երկրագործը կը սպասէ երկրին պատուական պտուղին՝ անոր համար համբերելով, մինչեւ առաջին ու վերջին անձրեւը առնէ։ Դո՛ւք ալ համբերութիւն ունեցէ՛ք, սրտերնիդ հաստա՛տ բռնեցէք. վասն զի Տէրոջը գալուստը [«ներկայութիւնը», ՆԱ] մօտ է»։—Յակոբու 5։7, 8
18 Տրուած ըլլալով որ Աստուած պիտի դատապարտէ անոնք որոնք իրենց հարստութիւնը սխալ կերպով կը գործածեն, Յակոբոս յորդորեց Քրիստոնեաները որ մինչ Եհովայի գործի լծուելուն կը սպասեն՝ անհամբեր չըլլան։ Անհամբեր Քրիստոնեայ մը կրնայ վրէժխնդիր ըլլալ, սխալները շտկելու իրաւասութիւն ունեցողի մը պէս։ Բայց այսպէս պէտք չէ ըլլայ, քանի որ դատաստանի ժամանակը անպայման պիտի գայ։ Երկրագործին օրինակը ասիկա ցոյց կու տայ, ինչպէս Յակոբոս բացատրեց։
19. Իսրայելացի երկրագործ մը ի՞նչպիսի համբերութիւն ի գործ կրնար դնել։
19 Իսրայելացի երկրագործ մը որ սերմեր ցանած է, պէտք է սպասէ, որպէսզի նախ անիկա ծլի, ապա բոյսը աճի ու վերջապէս հնձէ։ (Ղուկաս 8։5-8. Յովհաննու 4։35) Այդ ամբողջ ամիսներու ընթացքին, թերեւս մտահոգուելու ժամանակներ կամ պատճառներ պիտի ըլլան։ Արդեօք առաջին անձրեւը պիտի գայ եւ բաւարար պիտի ըլլա՞յ։ Ի՞սկ վերջին անձրեւը. . . ։ Արդեօք բոյսերը պիտի մեռնի՞ն միջատներու կամ փոթորիկի հետեւանքով։ (Համեմատել՝ Յովելեայ 1։4. 2։23-25։) Այսուհանդերձ, ընդհանուր առմամբ Իսրայելացի երկրագործ մը կրնայ Եհովայի եւ Իր կարգի դրած բնական շրջաններուն վստահիլ։ (Բ. Օրինաց 11։14. Երեմեայ 5։24) Երկրագործին համբերութիւնը կարելի է համեմատել վստահ ակնկալութեան հետ։ Հաւատքով, ան գիտէ թէ ինչ որ կը սպասէ՝ պիտի գայ. իրապէ՛ս պիտի գայ։
20. Յակոբոսի խրատին համաձայն, ի՞նչպէս կրնանք համբերութիւն ցոյց տալ։
20 Մինչ երկրագործ մը կրնար որոշ գաղափար մը ունենալ թէ հունձքը ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ, բայց առաջին դարու Քրիստոնեաները չէին կրնար հաշուել թէ Յիսուսի ներկայութիւնը ե՛րբ պիտի ըլլայ։ Բայց՝ անիկա վստահ պիտի գար։ Յակոբոս գրեց. «Տէրոջը գալուստը [«ներկայութիւնը», ՆԱ, Յունարէն՝ բա·րու·սիա] մօտ է»։ Երբ Յակոբոս այս խօսքերը գրեց, Քրիստոսի ներկայութեան ընդարձակ, կամ համերկրային նշանը տակաւին չէր տեսնուեր։ Սակայն հիմա, կը տեսնուի՛։ Ուստի, այս շրջանին մենք ի՞նչպէս պէտք է զգանք։ Նշանը իրապէս նշմարելի է։ Կը տեսնե՛նք զայն։ Կրնանք վստահութեամբ ըսել. ‘Կը տեսնեմ նշանին կատարուիլը’։ Մենք վստահութեամբ կրնանք ըսել. ‘Տէրոջը ներկայութիւնը եղած է եւ անոր յանգումը մօտ է’։
21. Ի՞նչ բան ընել վճռած ենք։
21 Քանի որ այս է պարագան, աւելի զօրաւոր պատճառ ունինք նկատի առնուած Յիսուսի երկու առակներուն մէջի հիմնական դասերը սրտանց ըմբռնելու եւ կիրարկելու։ Ան ըսաւ. «Ուրեմն [«շարունակ», ՆԱ] արթուն կեցէք, վասն զի ո՛չ օրը գիտէք եւ ո՛չ ժամը»։ (Մատթէոս 25։13) Կասկած չկայ որ հիմա մեր քրիստոնէական ծառայութեան մէջ նախանձախնդիր ըլլալու ժամանակն է։ Մեր առօրեայ կեանքով ցոյց տանք թէ Յիսուսի ըսել ուզածը հասկցած ենք։ Թո՛ղ որ աչալուրջ եւ ջանասէր ըլլանք։
[Ստորանիշ]
a Առակին այլաբանական մանրամասնութեանց համար տես՝ Աստուծոյ Հազարամեայ Թագաւորութիւնը Մօտեցած Է գրքին էջ 169-211, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
b Տես՝ Աստուծոյ Հազարամեայ Թագաւորութիւնը Մօտեցած Է, էջ 212-256։
Կը Յիշէ՞ք
◻ Իմաստուն ու յիմար կոյսերու առակէն ո՞ր գլխաւոր կէտը ըմբռնեցիք։
◻ Տաղանդներու առակով, Յիսուս ի՞նչ հիմնական խրատ մը կու տայ ձեզի։
◻ Բա·րու·սիա–յի նկատմամբ ձեր համբերութիւնը ի՞նչպէս Իսրայելացի երկրագործին համբերութեան նման է։
◻ Ինչո՞ւ մեր ապրած ժամանակը ամենէն ոգեւորիչ եւ ամենէն պահանջկոտ ժամանակն է։
[Նկարներ՝ էջ 31]
Կոյսերու ու տաղանդներու առակներէն ի՞նչ դասեր կը սորվինք