Ինչո՞ւ հաւատալ Յիսուս Քրիստոսի
«ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ չեղող շատեր անգամ կը հաւատան որ Ան մեծ եւ իմաստուն ուսուցիչ մըն էր։ Վստահաբար ան ցարդ ապրած ամենէն ազդեցիկ մարդն էր»։ (Տը Ուորլտ Պուք Ինսայգլոբիտիա) Ո՞վ է «Ան»։ Ան Յիսուս Քրիստոսն է՝ Քրիստոնէութեան հիմնադիրը։
Սակայն, համայնագիտարանը այսպէս ըսելով հանդերձ, Արեւելքի մէջ եւ այլ տեղեր ապրող հարիւր միլիոնաւորներու համար Յիսուս Քրիստոս անծանօթ մըն է, անուն մը, որ պարզապէս կը յիշեն բարձրագոյն վարժարանի դասագրքերէն։ Նոյնիսկ Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիներուն մէջ, կան աստուածաբաններ եւ կրօնաւորներ, որոնք կ’ըսեն թէ իրապէս չենք ճանչնար Յիսուսը եւ Աստուածաշունչին մէջ գտնուած անոր կեանքին պահպանուած չորս պատմութիւններուն (Աւետարաններուն) հարազատութիւնը կասկածի տակ կը ձգեն։
Կրնա՞յ ըլլալ որ Աւետարանիչները Յիսուսի կեանքի պատմութիւնը հնարեցին։ Բնա՛ւ երբեք։ Հանրածանօթ պատմաբան Ուիլ Տիւրանթ, Աւետարաններուն բովանդակութիւնները վերլուծելէ ետք, գրեց. «Քանի մը պարզ մարդիկ, մէկ սերունդի մէջ այսպիսի զօրաւոր եւ սրտառուչ անձնաւորութիւն մը, այսքան բարձր բարոյագիտութիւն մը եւ մարդկային եղբայրակցութեան այսքան ներշնչիչ տեսակէտ մը ստեղծած ըլլալը, ինքնին Աւետարանին մէջ յիշուած որեւէ հրաշքէ աւելի անհաւատալի պիտի ըլլար։ Երկու դարու բարձրագոյն քննադատութենէն ետք, Քրիստոսի կեանքին, նկարագրին եւ ուսուցումին համառօտ շարադրանքը բանաւորապէս յստակ կը մնայ եւ Արեւմտեան մարդուն պատմութեան մէջ ամենահմայիչ երեւոյթը կը կազմէ»։
Իսկ կան ուրիշներ, որոնք Յիսուս Քրիստոսը իրենց ուշադրութեան արժանի մէկը չեն սեպեր, անոր հետեւորդները ըլլալ դաւանողներուն ըրած բաներուն պատճառաւ։ Ճափոնի մէջ ոմանք կրնան ըսել. ‘Իրենք են որ հիւլէական ռումբը նետեցին Նակազաքիի վրայ, ուր շատ աւելի Քրիստոնեաներ կան, քան Ճափոնի ուրիշ քաղաքներու մէջ’։ Բայց հիւանդի մը հիւանդութեան համար կրնա՞ք բժիշկը այպանել, եթէ հիւանդը անոր տուած ցուցմունքներուն չհետեւի։ Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանողներէն շատեր վաղուց անտեսած են մարդկութեան ցաւերը բուժելու համար Յիսուսի տուած դարմանը։ Սակայն Յիսուս մեր առօրեայ խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ համայն մարդկութեան ցաւերուն դարմանը տուաւ։ Անոր համար կը հրաւիրենք ձեզ որ կարդաք յաջորդ յօդուածը, անձամբ տեսնելու համար թէ ան ի՛նչպիսի մարդ մըն էր։