Աստուծոյ խոստումներուն վստահելով ապրեցէք
«Ե՛ս եմ Աստուած եւ ինծմէ ուրիշը՝ չկայ. ե՛ս եմ Աստուած եւ ինծի պէս մէ՛կը չկայ, որ վերջինը՝ սկիզբէն ու դեռ չեղածը առաջուընէ պատմեցի»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 46։9, 10
1, 2. Երկրի գործերուն մէջ Աստուծոյ միջամտութեան նկատմամբ ի՞նչ տարակարծութիւններ կան։
ԱՍՏՈՒԱԾ ո՞րքանով պարփակուած է երկրի գործերուն մէջ։ Կարծիքները կը տարբերին։ Կարծիքներէն մէկը այն է թէ ան բնաւ անոնց մէջ պարփակուած չէ։ Ստեղծագործութեամբ ամէն բան շարժման մէջ դնելէ ետք, ան կա՛մ չ’ուզեր եւ կամ կարողութիւնը չունի մեզի համար բան մը ընելու։ Այս կարծիքով, Աստուած հօր մը նման է, որ իր տղան նոր հեծանիւի մը վրայ կը դնէ, զայն կը շտկէ եւ ետեւէն կը հրէ որ տղան ճամբան առնէ։ Անկէ ետք, հայրը կը ձգէ կ’երթայ։ Տղան ինքն իր գլխուն կը ձգուի. ան կրնայ իյնալ, կամ՝ չիյնալ։ Երկու պարագային ալ, խնդիրը հօրը հակակշռին տակ չի գտնուիր։
2 Ուրիշ կարծիք մը այն է թէ Աստուած ուղղակիօրէն կ’առաջնորդէ մեր կեանքին բոլոր երեսակները, եւ թէ իր համայն ստեղծագործութեան բոլոր պատահարներուն մէջ մատ ունի։ Սակայն, եթէ այս է պարագան, ոմանք պիտի հետեւցնեն որ Աստուած ոչ միայն բարի բաները կը պատճառէ, այլ նաեւ՝ մարդկութիւնը ընկճող ոճիրն ու ողբերգութիւնը։ Աստուծոյ վերաբերմունքին մասին ճշմարտութիւնը տեղեկանալը, մեզի պիտի օգնէ գիտնալու թէ ի՛նչ կրնանք ակնկալել իրմէ։ Անիկա նաեւ իր կարգ մը խոստումներուն կատարման վրայ մեր հաւատքը պիտի զօրացնէ։—Եբրայեցիս 11։1
3. (ա) Ի՞նչպէս գիտենք թէ Եհովա նպատակի տէր Աստուած մըն է։ (բ) Ինչո՞ւ Եհովայի մասին ըսուած է որպէս իր նպատակը ‘կազմող’ կամ ձեւաւորող։
3 Մարդկային գործերուն մէջ Աստուծոյ պարփակուած ըլլալուն հիմնական հարցը այն է, որ Եհովա նպատակի տէր Աստուած մըն է։ Ասիկա կը տեսնուի իր իսկ անուան մէջ։ «Եհովա» կը նշանակէ՝ «Ան կը Պատճառէ Ըլլալ»։ Եհովա աստիճանաբար ի՛նք Կատարողը կ’ըլլայ իր բոլոր խոստումներուն։ Հետեւաբար, Եհովայի մասին կ’ըսուի, որպէս ապագայ դէպքերու կամ արարքներու նկատմամբ իր նպատակը ‘կազմողը’ կամ ձեւաւորողը։ (Դ. Թագաւորաց 19։25. Եսայեայ 46։11) Այս արտայայտութիւնները Եբրայերէն եա·թցար բառէն առնուած են, որ «բրուտ» նշանակող բառին հետ առնչուած է։ (Երեմեայ 18։4) Ճիշդ ինչպէս որ վարպետ բրուտ մը կաւի զանգուածին ձեւ տալով գեղեցիկ ծաղկամանի մը կրնայ վերածել, Եհովա ալ իր կամքը կատարելու համար իրերը կը ձեւաւորէ, կամ անոնց ուղղութիւն կու տայ։—Եփեսացիս 1։11
4. Աստուած ի՞նչպէս պատրաստեց երկիրը մարդկային բնակութեան համար։
4 Օրինակ, Աստուած նպատակադրած էր որ երկիրը շատ գեղեցիկ վայր մը ըլլար, եւ կատարեալ ու հնազանդ մարդոցմով բնակուէր։ (Եսայեայ 45։18) Առաջին մարդն ու կինը ստեղծելէն շատ առաջ, Եհովա սիրալիր կերպով պատրաստութիւն տեսաւ անոնց համար։ Ծննդոց գրքին սկիզբի գլուխները կը նկարագրեն թէ Եհովա ի՛նչպէս ցերեկն ու գիշերը, ցամաքն ու ծովը հաստատեց։ Ապա՝ բուսականութիւնը եւ անասնական կեանքը ստեղծեց։ Մարդկային բնակչութեան համար երկրին այս պատրաստութիւնը հազարաւոր տարիներ առաւ։ Ծրագիրը յաջող կերպով ամբողջացաւ։ Առաջին մարդն ու կինը իրենց կեանքը սկսան Եդեմի մէջ, հաճելի դրախտ մը, որ ամէն բանով սարքաւորուած էր, որպէսզի անոնք կեանքը վայելէին։ (Ծննդոց 1։31) Ուստի, Եհովա ուղղակիօրէն պարփակուած էր երկրի գործերուն մէջ, աստիճանաբար իր գործերը ձեւաւորելով, իր վեհ նպատակին համաձայն։ Մարդկային ընտանիքին մեծնալը որեւէ կերպով զինք պատկերէն դուրս ձգե՞ց։
Եհովա Մարդոց Հետ Իր Գործառնութիւնները կը Սահմանափակէ
5, 6. Աստուած ինչո՞ւ մարդոց հետ իր գործառնութիւնները կը սահմանափակէ։
5 Եհովա մարդոց բոլոր գործունէութիւնները ամենայն մանրամասնութեամբ չի ղեկավարեր, հակառակ անոր որ ասիկա ընելու հեղինակութիւնը ունի։ Ան իր պատճառները ունի ասոր համար։ Պատճառներէն մէկը այն է որ մարդիկ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած են, ազատ կամք ունին եւ բարոյական ազատ գործակալներ են։ Եհովա մեզ չի ստիպեր որ իր հրամանները կատարենք. մենք խամաճիկներ ալ չենք։ (Բ. Օրինաց 30։19, 20. Յեսուայ 24։15) Թէեւ մեր արարքներուն համար մեզ համարատու կը նկատէ, Աստուած սիրալիր կերպով մեզի որոշ ազատութիւն մը տուած է, որոշելու համար թէ մեր կեանքը ի՛նչպէս պիտի վարենք։—Հռովմայեցիս 14։12. Եբրայեցիս 4։13
6 Ուրիշ պատճառ մը թէ Աստուած ինչո՛ւ բոլոր պատահած բաներուն ուղղութիւն չի տար՝ կապուած է Եդեմի մէջ Սատանային յարուցած հարցին հետ։ Սատանան Աստուծոյ գերիշխանութեան ասպարէզ կարդաց։ Ան Եւայի հրամցուց ակներեւաբար անկախութեան պատեհութիւն մը. հրաւէր մը զոր ինք եւ հետագային իր ամուսինը՝ Ադամ, ընդունեցին։ (Ծննդոց 3։1-6) Որպէս հակազդեցութիւն, Աստուած թոյլ տուած է որ մարդիկ ժամանակ մը իրենք զիրենք կառավարեն, փաստելու համար թէ Սատանային մարտահրաւէրը արդարացի՞ էր թէ ոչ։ Այս պատճառով, ներկայիս մարդոց ըրած չար բաներուն համար չենք կրնար Աստուած այպանել։ Մովսէս ըմբոստ մարդոց մասին գրեց. «Ապականուեցան նորա դէմ. նորա [Աստուծոյ] որդիքը չեն. իրանցն է արատը»։—Բ. Օրինաց 32։5, Արարատ։
7. Երկրի ու անոր բնակչութեան նկատմամբ Եհովայի նպատակը ի՞նչ է։
7 Սակայն, անկախ իշխանութեամբ ազատ ընտրութեան եւ փորձառութեան թոյլտուութիւն տալով հանդերձ, Եհովա երկրի գործերուն նկատմամբ ձեռնպահ ըլլալու քաղաքականութեան չէ հետեւած, որ մեզի շատ յոյս պիտի չտար թէ ան իր խոստումները պիտի կատարէ։ Թէեւ Ադամն ու Եւան Աստուծոյ գերիշխանութեան դէմ ըմբոստացան, Եհովա երկրի ու մարդկութեան նկատմամբ իր սիրալիր նպատակը չփոխեց։ Ան անպայման երկիրը դրախտի պիտի վերածէ, զայն բնակեցնելով կատարեալ, հնազանդ եւ ուրախ մարդոցմով։ (Ղուկաս 23։42, 43) Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը՝ Ծննդոցէն Յայտնութիւն, կը նկարագրէ թէ Եհովա ի՛նչպէս աստիճանաբար կը գործէ այդ նպատակը իրագործելու համար։
Աստուած կը Գործէ Իր Կամքը Իրագործելու Համար
8. Իսրայելացիները Խոստացեալ Երկիրը բերելը իր մէջ ի՞նչ կը պարփակէր։
8 Իսրայէլ ազգին հետ իր ունեցած գործառնութեամբ, Աստուած ցոյց տուաւ որ իր նպատակը պիտի իրագործէր։ Օրինակ, Եհովա վստահեցուց Մովսէսը որ Ինք Իսրայելացիները պիտի ազատագրէր Եգիպտոսէն եւ պիտի բերէր Խոստացեալ Երկրին մէջ. երկիր մը որ կաթ ու մեղր կը բղխէր։ (Ելից 3։8) Ասիկա ծանրակշիռ եւ հանգստացուցիչ ծանուցում մըն էր։ Անիկա պիտի նշանակէր իրենց ընկերակցողներուն հետ շուրջ երեք միլիոնի հասնող Իսրայելացիները ազատագրել հզօր ազգի մը ձեռքէն, որոնք զօրաւոր կերպով կ’ընդդիմանային անոնց մեկնումին։ (Ելից 3։19) Այն երկիրը ուր անոնք պիտի բերուէին, զօրաւոր ազգերով բնակուած էր, որոնք հակառակ էին անոնց ժամանումին։ (Բ. Օրինաց 7։1) Այս երկուքին միջեւ, անապատ մը կար, ուր Իսրայելացիները ուտելիքի եւ խմելիքի կարիքը ունէին։ Ահաւասիկ կացութիւն մը, որ թոյլ տուաւ որ Եհովա իր գերագոյն ոյժը եւ աստուածութիւնը ցոյց տայ։—Ղեւտացւոց 25։38
9, 10. (ա) Յեսու ինչո՞ւ կրնար վկայել որ Աստուծոյ խոստումները վստահելի էին։ (բ) Իր հաւատարիմները վարձատրելու Աստուծոյ կարողութեան վրայ վստահութիւն ունենալը ո՞րքան կարեւոր է։
9 Աստուած շարք մը հրաշագործ արարքներով Իսրայելացիները Եգիպտոսէ դուրս հանեց։ Նախ Եգիպտացիներուն վրայ տասը կործանարար պատուհասներ բերաւ։ Ապա՝ Կարմիր Ծովը բաժնեց, թոյլ տալով որ Իսրայելացիները փախչին, մինչ կործանելով զանոնք հետապնդող եգիպտական բանակը։ (Սաղմոս 78։12, 13, 43-51) Անկէ ետք, ան 40 տարի անապատին մէջ Իսրայելացիներուն հոգ տարաւ, զանոնք մանանայով կերակրելով, ջուր հայթայթելով, նոյնիսկ ուշադրութիւն ընելով որ անոնց լաթերը չհիննան ու ոտքերը չուռին։ (Բ. Օրինաց 8։3, 4) Իսրայելացիները Խոստացեալ Երկիրը մտնելէ ետք, Եհովա անոնց յաղթանակ տուաւ թշնամիներուն վրայ։ Յեսու, որ Եհովայի խոստումներուն հանդէպ զօրաւոր վստահութիւն ունէր, այս բոլոր բաներուն ականատես եղաւ։ Ուստի, ան իր օրուան ծերերուն վստահութեամբ կրցաւ ըսել. «Դուք ձեր բոլոր սրտովն ու բոլոր հոգիովը գիտէք թէ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի համար որչափ բարիք որ խոստացաւ, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ. անոնց ամէնքն ալ կատարուեցան։ Անոնցմէ բնաւ խօսք մը գետին չինկաւ»։—Յեսուայ 23։14
10 Երբեմնի Յեսուին նման, ներկայ Քրիստոնեաները ամբողջական վստահութիւն ունին որ Աստուած իրեն ծառայողներուն ի նպաստ գործելու կամեցողութիւնն ու կարողութիւնը ունի։ Այս համոզումը մեր հաւատքին կենսական մէկ մասն է։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Բայց առանց հաւատքի անհնար էր Աստուծոյ հաճելի ըլլալ. վասն զի ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։—Եբրայեցիս 11։6
Աստուած Ապագան կը Նախատեսէ
11. Ի՞նչ ազդակներ կարելի կը դարձնեն որ Աստուած կատարէ իր խոստումները։
11 Մինչեւ հոս տեսանք որ թէեւ Աստուած ազատ կամքը եւ մարդկային անկախ իշխանութիւնը կը թոյլատրէ, բայց իր նպատակը իրագործելու զօրութիւնը եւ կամեցողութիւնն ալ ունի։ Սակայն, ուրիշ ազդակ մըն ալ կայ, որ Աստուծոյ որոշ խոստումներուն կատարման կը նպաստէ։ Եհովան կրնայ ապագան նախատեսել։ (Եսայեայ 42։9) Իր մարգարէին միջոցաւ, Աստուած ըսաւ. «Սկիզբէն եղած բաները յիշեցէ՛ք. քանզի ե՛ս եմ Աստուած եւ ինծմէ ուրիշը՝ չկայ. ե՛ս եմ Աստուած եւ ինծի պէս մէ՛կը չկայ, որ վերջինը՝ սկիզբէն ու դեռ չեղածը առաջուընէ պատմեցի ու կ’ըսեմ թէ ‘Իմ խորհուրդս պիտի հաստատուի եւ իմ ամէն կամքս պիտի կատարուի’»։ (Եսայեայ 46։9, 10) Փորձառու երկրագործ մը գիտէ թէ ե՛րբ եւ ո՛ւր պիտի ցանէ իր հունտերը, բայց ինք չի գիտեր թէ կացութիւնը ի՛նչպէս պիտի ընթանայ։ Սակայն, «յաւիտենական թագաւոր»ը ճշգրիտ գիտութիւն ունի նախատեսելու թէ ճշգրտօրէն ե՛րբ եւ ո՛ւր պէտք է գործի լծուի իր նպատակը իրագործելու համար։—Ա. Տիմոթէոս 1։17
12. Նոյի օրերուն, Եհովա ի՞նչ կերպով կանխագիտութիւն գործածեց։
12 Նկատի առէք թէ Աստուած ի՛նչպէս կանխագիտութիւն գործածեց Նոյի օրերուն։ Ամբողջ երկիրը չարութեամբ լեցուած ըլլալուն պատաճառաւ, Աստուած որոշեց վերջ մը դնել անհնազանդ մարդկութեան։ Ասոր համար ժամանակ մը որոշեց. 120 տարի ետք։ (Ծննդոց 6։3) Այս մասնայատուկ ժամանակը որոշած ժամանակ, Եհովա շատ աւելին նկատի ունէր քան միայն ամբարիշտներուն կործանումը, քանի որ անիկա որեւէ ժամանակ կրնար ընել։ Եհովայի ժամանակացոյցը արդարներուն պահպանումն ալ կ’ապահովէր։ (Համեմատել՝ Ծննդոց 5։29) Իր իմաստութեամբ, Աստուած նախատեսեց թէ ե՛րբ պէտք էր յանձնէր այն գործը որ այս նպատակին պիտի ծառայէր։ Ան հարկ եղած մանրամասն տեղեկութիւնը տուաւ Նոյի։ Նոյ տապան մը պիտի շինէր «իր տունը փրկելու համար», իսկ ամբարիշտները համերկրային Ջրհեղեղով մը պիտի բնաջնջուէին։—Եբրայեցիս 11։7. Ծննդոց 6։13, 14, 18, 19
Հսկայ Շինարարութեան Ծրագիր մը
13, 14. Տապանին շինութիւնը ինչո՞ւ դժուար նշանակում մըն էր։
13 Այժմ, Նոյի տեսանկիւնէն նկատի առէք այս նշանակումը։ Քանի որ Նոյ Աստուծոյ մարդն էր, ան գիտէր թէ Եհովա կրնար կործանել ամբարիշտները։ Սակայն անիկա պատահելէն առաջ, կատարուելիք գործ մը կար, գործ մը՝ որ հաւատք կը պահանջէր։ Տապանին շինութիւնը հսկայական ծրագիր մըն էր։ Աստուած յատկապէս նշած էր անոր չափերը։ Տապանը՝ արդի մարզադաշտի մը երկարութիւնը պիտի ունենար եւ՝ հինգ յարկանի շէնքի մը բարձրութիւնը։ (Ծննդոց 6։15) Շինարարները անփորձ եւ քիչ պիտի ըլլային։ Անոնք ներկայիս մատչելի եղող կատարելագործուած գործիքներն ու սարքերը չունէին։ Ասկէ զատ, քանի որ ինք ապագան նախատեսելու Եհովայի կարողութիւնը չունէր, Նոյ կերպ մը չունէր գիտնալու թէ տարիներ ետք ի՛նչ կրնար ըլլալ կացութիւնը, որ կա՛մ օգտակար կրնար ըլլար եւ կամ արգելք կը հանդիսանար շինարարական ծրագրին։ Հաւանական է որ Նոյ շատ մը հարցերու մասին խորհեցաւ։ Շինարարական նիւթերը ի՞նչպէս պիտի ժողվէր։ Անասունները ի՞նչպէս պիտի հաւաքէր։ Ի՞նչ տեսակ կերակուրի կարիք պիտի ըլլար եւ՝ ո՛րքան։ Նախագուշակուած Ջրհեղեղը ճիշդ ե՞րբ տեղի պիտի ունենար։
14 Յետոյ, կային ընկերային պայմանները։ Ամբարշտութիւնը կը շատնար։ Ուժեղ Նեֆիլիմները՝ չար հրեշտակներու ու կիներու խառնածին սերունդը՝ երկիրը բռնութեամբ լեցուցած էին։ (Ծննդոց 6։1-4, 13) Մանաւանդ որ տապանին շինութիւնը գաղտագողի կատարուելիք ծրագիր մը չէր։ Մարդիկ հարց պիտի տային թէ Նոյ ի՛նչ կ’ընէր եւ ան պիտի բացատրէր իրենց։ (Բ. Պետրոս 2։5) Նոյ կրնա՞ր ակնկալել որ անոնք հաւանութիւն տային։ Շատ յոյս չկար։ Քանի մը տարի առաջ, հաւատարիմ Ենովք ամբարիշտներուն կործանումը ծանուցանած էր։ Անոր պատգամը ա՛յնքան անժողովրդական էր, որ «Աստուած առաւ զանիկա», կամ իր կեանքը կրճատեց, թերեւս Իր թշնամիներուն կողմէ սպաննուիլը արգիլելու համար։ (Ծննդոց 5։24. Եբրայեցիս 11։5. Յուդա 14, 15) Նոյ ո՛չ միայն անժողովրդական եղող նոյնանման պատգամ մը պիտի ծանուցանէր, այլ նաեւ տապան մը պիտի շինէր։ Մինչ տապանը կը շինուէր, անիկա որպէս զօրաւոր յիշեցում պիտի ծառայէր իր ժամանակակից ամբարիշտներուն դէմ Նոյի հաւատարմութեան։
15. Նոյ ինչո՞ւ վստահութիւն ունէր որ կրնար իր նշանակումը գլուխ հանել։
15 Նոյ գիտէր թէ այս ծրագիրը Ամենակալ Աստուծոյ աջակցութիւնը եւ օրհնութիւնը ունէր։ Եհովա ինք չէ՞ր որ գործը նշանակած էր։ Եհովա հաւաստիացուցած էր Նոյը թէ ինք եւ իր ընտանիքը ամբողջացած տապանին մէջ պիտի մտնէին եւ համերկրային Ջրհեղեղէն ողջ պիտի անցնէին։ Աստուած ասիկա հաստատեց ուխտով մը։ (Ծննդոց 6։18, 19) Հաւանաբար, Նոյ գիտակցեցաւ որ Եհովա այս նշանակումը տալէն առաջ, անոր մէջ պարփակուած բոլոր բաները նախատեսած եւ արժեւորած էր։ Ասկէ զատ, Նոյ գիտէր որ Եհովա զօրութիւնը ունէր միջամտելու, երբ հարկը տեսնէր։ Ուստի, Նոյի հաւատքը զինք գործի լծեց։ Իրմէ սերած Աբրահամի նման, Նոյ «իր մտքին մէջ հաստատ պահեց թէ՝ ան որ խօսք տուաւ, կարող է ընելու ալ»։—Հռովմայեցիս 4։21
16. Մինչ տապանին շինութիւնը կը յառաջանար, Նոյի հաւատքը ի՞նչպէս կը զօրանար։
16 Մինչ տարիները սահեցան եւ տապանը մէջտեղ եկաւ, Նոյի հաւատքը զօրացաւ։ Շինարարութիւնը եւ հետեւողական խնդիրները լուծուեցան, իսկ փորձութիւնները՝ յաղթահարուեցան։ Ո՛չ մէկ ընդդիմութիւն կրցաւ կասեցնել գործը։ Նոյի ընտանիքը Եհովայի աջակցութիւնը եւ պաշտպանութիւնը վայելեց։ Մինչ Նոյ կը յարատեւէր, ‘իր հաւատքին փորձուած որակը համբերութիւն ներգործեց’։ (Յակոբու 1։2-4, ՆԱ) Ի վերջոյ, տապանը ամբողջացաւ, Ջրհեղեղը եկաւ եւ Նոյ ու իր ընտանիքը վերապրեցան։ Նոյ Աստուծոյ խոստումներուն իրականացումը տեսաւ, ինչպէս Յեսուն՝ հետագային։ Նոյի հաւատքը վարձատրուեցաւ։
Եհովա Նեցուկ կը Կանգնի Գործին
17. Մեր օրերը ի՞նչ կերպերով Նոյի օրերուն կը նմանին։
17 Յիսուս նախագուշակեց որ մեր օրերը Նոյի օրերուն նման պիտի ըլլային։ Աստուած վճռած է ամբարիշտները կործանել եւ ասոր համար ժամանակ մը որոշած է։ (Մատթէոս 24։36-39) Ան նաեւ արդարները պահպանելու համար պատրաստութիւններ տեսած է։ Ճիշդ ինչպէս որ Նոյ տապան մը պէտք էր շինէր, Աստուծոյ ծառաները ներկայիս պէտք է ծանուցանեն Եհովայի նպատակները, իր Խօսքը սորվեցնեն եւ աշակերտեն։—Մատթէոս 28։19
18, 19. Ի՞նչպէս գիտենք որ բարի լուրի քարոզչութիւնը Եհովայի աջակցութիւնը ունի։
18 Եթէ Եհովա Նոյի աջակցելով եւ պահպանելով անոր հետ չըլլար, տապանը չէր շինուեր։ (Համեմատել՝ Սաղմոս 127։1) Նմանապէս, առանց Եհովայի աջակցութեան, կարելի պիտի չըլլար որ ճշմարիտ Քրիստոնէութիւնը վերապրէր, ուր մնաց որ՝ բարգաւաճէր։ Առաջին դարուն, Գամաղիէլ՝ որ մեծարուած Փարիսեցի մը եւ Օրէնքի ուսուցիչ մըն էր, ասոր գիտակցեցաւ։ Երբ հրէական Սենետրիոնը ուզեց առաքեալները ոչնչացնել, ան զգուշացուց այդ ատեանը, ըսելով. «Այդ մարդոցմէ մէկդի՛ կեցէք ու թո՛ղ տուէք զանոնք, վասն զի եթէ այդ խորհուրդը կամ գործը մարդոցմէ է՝ պիտի քակուի, իսկ եթէ Աստուծմէ է՝ չէք կրնար ատիկա քակել. չըլլայ թէ Աստուծոյ դէմ մարտնչիք»։—Գործք 5։38, 39
19 Թէ՛ առաջին դարուն եւ թէ ներկայիս, քարոզչութեան յաջողութիւնը փաստած է թէ անիկա մարդոց գործը չէ, այլ՝ Աստուծոյ։ Յաջորդ յօդուածը պիտի խօսի կարգ մը խայտալի պարագաներու եւ բարեփոխութիւններու մասին, որոնք օգնած են որ այս գործը այսքան յաջողութիւն գտնէ եւ այսքան լայնածիր տարողութեամբ։
Բնա՛ւ Մի Հրաժարիք
20. Երբ բարի լուրը կը քարոզենք, որո՞նք մեզի նեցուկ կը կանգնին։
20 Թէեւ «չար ժամանակներ»ու մէջ կ’ապրինք, կրնանք վստահ ըլլալ որ ղեկը Եհովայի ձեռքն է։ Ան իր ժողովուրդին կ’աջակցի եւ զանոնք կը պահէ, մինչ անոնք կ’աշխատին, որպէսզի բարի լուրի քարոզչութիւնը ամբողջանայ, այս ամբարիշտ իրերու դրութիւնը կործանելու Աստուծոյ որոշած ժամանակը հասնելէն առաջ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1. Մատթէոս 24։14) Եհովա մեզ կը հրաւիրէ որ իր «գործակից»ները ըլլանք։ (Ա. Կորնթացիս 3։9) Մեզի երաշխաւորութիւն տրուած է նաեւ որ Քրիստոս Յիսուս մեր հետ է այս գործին մէջ, եւ թէ հրեշտակային աջակցութեան եւ առաջնորդութեան կրնանք վստահիլ։—Մատթէոս 28։20. Յայտնութիւն 14։6
21. Ո՞ր համոզումէն բնաւ պէտք չէ հրաժարինք։
21 Քանի որ Նոյ եւ իր ընտանիքը Եհովայի խոստումներուն հաւատք ընծայեցին, անոնք Ջրհեղեղի ջուրերէն փրկուեցան։ Ներկայիս, բոլոր անոնք որոնք նոյնանման հաւատք մը ի գործ կը դնեն, մօտալուտ «մեծ նեղութենէն» պիտի փրկուին։ (Յայտնութիւն 7։14) Հիմա կ’ապրինք այնպիսի ժամանակներու մէջ, որոնք իրապէս ոգեւորիչ են։ Ծանրակշիռ դէպքեր մեզ կը սպասեն։ Շուտով Աստուած գործի պիտի լծուի, որպէսզի բերէ փառաւոր նոր երկինքն ու նոր երկիրը, որու մէջ արդարութիւն պիտի բնակի։ (Բ. Պետրոս 3։13) Բնա՛ւ, բնա՛ւ մի հրաժարիք ձեր համոզումէն, թէ Աստուած ի՛նչ որ կ’ըսէ՝ ընելու ալ կարող է։—Հռովմայեցիս 4։21
Վերյիշումի Կէտեր
◻ Եհովա ինչո՞ւ մարդուն բոլոր գործունէութիւններուն վրայ չի հսկեր։
◻ Իսրայէլի հետ իր գործառնութեանց մէջ, իր նպատակը կատարելու Եհովայի կարողութիւնը ի՞նչպէս բացայայտ եղաւ։
◻ Նոյի օրերուն, ապագան տեսնելու Եհովայի կարողութիւնը ի՞նչպէս ցոյց տրուեցաւ։
◻ Աստուծոյ խոստումներուն վրայ ի՞նչ վստահութիւն կրնանք ունենալ։