Ո՛վ երիտասարդներ՝ ձեր ըմբռնողութիւնը մարզեցէ՛ք
«Հաստատուն կերակուրը չափահասներուն համար է, որոնց զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած են [«ըմբռնողութիւնը մարզուած է», ՆԱ] բարին ու չարը զանազանել»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 5։14
1, 2. (ա) Մեր ներկայ կացութիւնը ի՞նչպէս նման է Եփեսոսի մէջ եղած վաղեմի Քրիստոնեաներուն կացութեան։ (բ) Ի՞նչ կարողութիւններ կրնան ձեզ պաշտպանել վտանգէ, եւ ի՞նչպէս կրնաք մշակել զանոնք։
«ՆԱՅԵՑԷՔ որ զգուշութեամբ քալէք, ո՛չ թէ անմիտներու պէս, հապա իմաստուններու պէս։ Ժամանակը ծախու առէք, վասն զի օրերս չար են»։ (Եփեսացիս 5։15, 16) Երկու հազար տարի առաջ, Պօղոս առաքեալ այս խօսքերը գրի առնելէն ի վեր, ‘չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ յառաջացած են՝ մոլորեցնելով ու մոլորելով’։ Մենք «չար ժամանակներ»ու, կամ ինչպէս ուրիշ թարգմանութիւն մը կ’ըսէ՝ «վտանգով լեցուն» ժամանակներու, մէջ կ’ապրինք։—Բ. Տիմոթէոս 3։1-5, 13, Ֆիլիբս։
2 Սակայն, ձեր ճամբուն վրայ դարանամուտ եղած վտանգներէն վնասուելէ կրնաք խուսափիլ, «սրամտութիւն . . . գիտութիւն եւ հանճար» մշակելով։ (Առակաց 1։4) Առակաց 2։10-12–ն կ’ըսէ. «Երբ իմաստութիւնը քու սրտիդ մէջ մտնէ եւ գիտութիւնը քու հոգիիդ ախորժելի ըլլայ, խոհեմութիւնը քեզ պիտի պահէ ու հանճարը քեզ պիտի պաշտպանէ։ Որպէս զի քեզ ազատէ չար մարդուն ճամբայէն, նենգութիւններ խօսող մարդէն»։ Բայց այս կարողութիւնները ի՞նչպէս կրնաք մշակել։ Եբրայեցիս 5։14–ը կ’ըսէ. «Հաստատուն կերակուրը չափահասներուն համար է, որոնց զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած են [«ըմբռնողութիւնը մարզուած է», ՆԱ] բարին ու չարը զանազանել»։ Որեւէ հմտութեան նման, ըմբռնողութեան տիրանալու համար մարզում կը պահանջուի։ Պօղոսի գործածած Յունարէն բառին տառացի իմաստն է՝ ‘մարզիկի մը նման վարժուիլ’։ Այսպիսի մարզումի մը ի՞նչպէս կը ձեռնարկէք։
Ձեր Ըմբռնողութիւնը Մարզեցէք
3. Երբ որոշում տալու հարկադրուած էք, ի՞նչպէս կրնաք ձեր ըմբռնողութիւնը գործածել։
3 Նկատի առէք որ ձեր ըմբռնողութիւնը՝ բարին ու չարը զանազանելու ձեր կարողութիւնը՝ մարզուած է ‘վարժութեամբ’։ Երբ որոշում մը պիտի տաք, այդ մասին ենթադրութիւն ընելը, առանց մտածելու նետուիլը, կամ պարզապէս ամբոխին հետեւիլը պիտի չօգնէ որ ձեր որոշումը իմաստուն ըլլայ։ Իմաստուն որոշումներու յանգելու համար, պէտք է ձեր ըմբռնողութիւնը գործածէք։ Ի՞նչպէս։ Նախ եւ առաջ, կացութիւնը լիովին քննելով եւ բոլոր իրողութիւնները գիտնալով։ Եթէ հարկ ըլլայ՝ հարցումներ հարցուցէք։ Սահմանեցէք թէ ի՛նչ են ձեր ընտրելու հնարաւորութիւնները։ Առակաց 13։16–ն կ’ըսէ. «Ամէն խելացի իմաստութեամբ կը գործէ»։ Ապա՝ ջանացէք որոշել թէ սուրբ գրային ո՛ր օրէնքները կամ սկզբունքները կը կիրարկուին այդ հարցին։ (Առակաց 3։5) Անշուշտ ասիկա ընելու համար, Աստուածաշունչէն գիտութիւն պէտք է ունենաք։ Անոր համար է որ Պօղոս մեզ կը քաջալերէ որ «հաստատուն կերակուր» ստանանք, որպէսզի ճշմարտութեան «լայնութիւնը ու երկայնութիւնը եւ խորութիւնը ու բարձրութիւնը» սորվինք։—Եփեսացիս 3։18
4. Աստուծոյ սկզբունքները գիտնալը ինչո՞ւ անհրաժեշտ է։
4 Ասիկա ընելը անհրաժեշտ է, քանի որ անկատար ենք եւ՝ մեղանչելու հակամէտ։ (Ծննդոց 8։21. Հռովմայեցիս 5։12) «Սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ ու խիստ չար է», կ’ըսէ Երեմեայ 17։9–ն։ Եթէ աստուածային սկզբունքներով չառաջնորդուինք, կրնանք մենք մեզ խաբել, չար բան մը բարի նկատելով, պարզ անոր համար որ մեր մարմինը կը փափաքի անոր։ (Համեմատել՝ Եսայեայ 5։20) Սաղմոսերգուն գրեց. «Երիտասարդը ինչո՞վ մաքրէ իր ճամբան։ Քու խօսքիդ համեմատ անոր զգուշութիւն ընելով։ Քու հրամաններովդ իմաստուն եղայ, անոր համար ստութեան ամէն ճամբայ ատեցի»։—Սաղմոս 119։9, 104
5. (ա) Ինչո՞ւ շատ պատանիներ սխալ ճամբաներու կը հետեւին։ (բ) Երիտասարդուհի մը ճշմարտութիւնը ի՞նչպէս իւրացուց։
5 Քրիստոնէական տան մէջ մեծցած կարգ մը պատանիներ ինչո՞ւ սխալ ճամբաներու հետեւած են։ Կրնա՞յ ըլլալ որ այսպիսիներ բնաւ ‘փորձառաբար չեն քննած թէ ի՛նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է’։ (Հռովմայեցիս 12։2) Ոմանք թերեւս իրենց ծնողներուն հետ ժողովներու յաճախած են եւ Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումներէն ոմանք իրենց կարգին կրկնած են։ Բայց երբ անոնցմէ խնդրուի որ իրենց հաւատալիքները ապացուցանեն, կամ Աստուծոյ Խօսքին աւելի խորունկ բաներէն ոմանք բացատրեն, անոնց գիտութիւնը յուսախաբ ընելու աստիճան մակերեսային է։ Այսպիսի պատանիներ դիւրաւ կը մոլորին։ (Եփեսացիս 4։14) Եթէ ձեր պարագան ալ այս է, որոշեցէք փոփոխութիւններ ընել։ Երիտասարդ քոյր մը կը յիշէ. «Ես փնտռտուքներ կ’ընէի։ Ինքզինքիս հարց կու տայի. ‘Ի՞նչպէս գիտեմ որ ասիկա է շիտակ կրօնքը։ Ի՞նչպէս գիտեմ որ Աստուած մը կայ, որու անունը Եհովա է’»։a Սուրբ Գիրքը մանրակրկիտ կերպով քննելը համոզեց զինք որ իր ծնողքէն սորված բաները իրապէս շիտակ էին։—Համեմատել՝ Գործք 17։11
6. Ի՞նչպէս կրնաք ‘քննել թէ ի՛նչ է Տէրոջը հաճելին’։
6 Եհովայի սկզբունքներու գիտութեամբ զինուած ըլլալով, աւելի դիւրաւ պիտի ‘քննենք թէ ի՛նչ է Տէրոջը հաճելին’։ (Եփեսացիս 5։10) Բայց ի՞նչ կրնաք ըսել, եթէ որոշ կացութեան մը մէջ էք եւ չէք գիտեր թէ ո՛րն է հետեւելիք իմաստուն ընթացքը։ Առաջնորդութեան համար Եհովայի աղօթեցէք։ (Սաղմոս 119։144) Փորձեցէք այդ հարցին մասին խօսիլ ձեր ծնողքին կամ հասուն Քրիստոնեայի մը հետ։ (Առակաց 15։22. 27։17) Օգտակար ուղղութիւն կրնաք գտնել նաեւ Աստուածաշունչին եւ Դիտարանի հրատարակութեանց մէջ փնտռտուքներ ընելով։ (Առակաց 2։3-5) Ո՛րքան շատ գործածէք ձեր ըմբռնելու կարողութիւնները, ա՛յնքան աւելի պիտի սրի ձեր ըմբռնողութիւնը։
Ժամանցներու Մէջ Ներատեսութիւն Ցոյց Տուէք
7, 8. (ա) Հաւաքոյթի մը ներկայ ըլլալ որոշելու համար ի՞նչպէս կրնաք ձեր ըմբռնողութիւնը գործածել։ (բ) Ժամանցի նկատմամբ ի՞նչ է Աստուածաշունչին տեսակէտը։
7 Հիմա տեսնենք թէ մասնայատուկ կացութիւններու մէջ ի՛նչպէս կրնաք ձեր ըմբռնողութիւնը գործածել։ Ենթադրենք որ հաւաքոյթի մը հրաւիրուած էք։ Թերեւս նոյնիսկ հաւաքոյթին համար հրաւիրատոմս մը ստացաք։ Կը տեղեկանաք որ մեծ թիւով Վկայ պատանիներ հոն ներկայ պիտի ըլլան։ Բայց ծախսերուն պէտք է մասնակցիք։ Պիտի երթա՞ք։
8 Հոս, ձեր ըմբռնողութիւնը գործածեցէք։ Նախ՝ իրողութիւններէն տեղեակ եղէք. Այդ հաւաքոյթը ո՞րքան մեծ պիտի ըլլայ։ Որո՞նք պիտի գան։ Ե՞րբ պիտի սկսի։ Ե՞րբ պիտի վերջանայ։ Ի՞նչ ձեռնարկներ ծրագրուած են։ Ո՞վ պիտի ղեկավարէ։ Ապա՝ Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ–էնb կարգ մը փնտռտուքներ ըրէք, «Ընկերային Հաւաքոյթներ» եւ «Ժամանց» նիւթերուն ներքեւ։ Ձեր փնտռտուքը ի՞նչ կրնայ յայտնել։ Նախ՝ թէ Եհովա հաճելի ժամանցներու համար իրարու քով հաւաքուիլը չի դատապարտեր։ Արդարեւ, Ժողովողի 8։15–ը կ’ըսէ թէ ծանր աշխատանքի հետ մէկտեղ՝ «մարդ արեւուն տակ ուտելէ, խմելէ եւ ուրախութիւն ընելէ զատ աղէկ բան մը չունի»։ Այո, Յիսուս Քրիստոս ալ մասնաւոր ճաշկերոյթներու եւ, առնուազն մէկ անգամ, հարսանիքի ներկայ գտնուեցաւ։ (Ղուկաս 5։27-29. Յովհաննու 2։1-10) Երբ հաւասարակշռուած ըլլայ, ուրիշներու հետ ընկերակցիլը կրնայ օգտակար ըլլալ։
9, 10. (ա) Կարգ մը հաւաքոյթներ ի՞նչ վտանգ կը ներկայացնեն։ (բ) Հաւաքոյթի մը երթալու որոշում մը տալէն առաջ, ի՞նչ հարցումներ կրնաք հարցնել դուք ձեզի։
9 Այսուհանդերձ, բաւարար չափով չկազմակերպուած հաւաքոյթներ կրնան խնդիրներ յարուցանել։ Ա. Կորնթացիս 10։8–ի մէջ կը կարդանք թէ ինչպէս իմաստութեամբ չընտրուած ընկերակցութիւններ պոռնկութեան առաջնորդեցին եւ «մէկ օրուան մէջ քսանըերեք հազար» անհաւատարիմ Իսրայելացիներ սպաննուեցան։ Ուրիշ զգաստացուցիչ ազդարարութիւն մը կը գտնուի Հռովմայեցիս 13։13–ի մէջ. «Ցորեկ ատեն՝ պարկեշտութեամբ պտըտինք, ո՛չ թէ անառակութիւններով ու գինովութիւններով եւ ո՛չ թէ խառնակ անկողիններով ու պղծութիւններով եւ ո՛չ թէ հակառակութիւնով ու նախանձով»։ (Համեմատել՝ Ա. Պետրոս 4։3) Ճիշդ է որ կարելի չէ սահմանել թէ քանի՛ անհատներ պէտք է ներկայ ըլլան հաւաքոյթի մը մէջ։ Բայց փորձառութիւնը ցոյց կու տայ որ խումբը որքան մեծ ըլլայ, զայն ղեկավարելը այնքան աւելի դժուար կ’ըլլայ։ Շատ քիչ է հաւանականութիւնը, որ պզտիկ ու լաւ կերպով ղեկավարուած հաւաքոյթներ «անսանձ հաւաքոյթներ»ու վերածուին։—Գաղատացիս 5։21, Պայինկթըն։
10 Ձեր փնտռտուքը անկասկած յաւելեալ հարցումներու պիտի առաջնորդէ. զոր օրինակ՝ հասուն ու չափահաս կարգ մը Քրիստոնեաներ ներկայ պիտի ըլլա՞ն հաւաքոյթին։ Իրապէս, ո՞վ է կազմակերպողը։ Հաւաքոյթին նպատակը լաւ ընկերակցութի՞ւնն է, թէ ոչ՝ մէկու մը շահ ապահովել է։ Արդեօք ոեւէ մէկը կրնա՞յ ներկայ ըլլալ։ Եթէ հաւաքոյթը շաբաթավերջին կ’իյնայ, տրամաբանական ժամու մը պիտի վերջանա՞յ, որպէսզի հոն գացողները կարենան յաջորդ օրը ծառայութեան մասնակցիլ։ Եթէ երաժշտութիւն ու պար պիտի ըլլան, անոնք քրիստոնէական չափանիշներուն համաձայն պիտի ըլլա՞ն։ (Բ. Կորնթացիս 6։3) Այսպիսի հարցումներ հարցնելը կրնայ դիւրին չըլլալ։ Բայց Առակաց 22։3–ը կը զգուշացնէ. «Խորագէտը չարիքը կը տեսնէ ու կը զգուշանայ, բայց միամիտները առաջ կ’անցնին ու կը վնասուին»։ Այո, ձեր ըմբռնողութիւնը գործածելով, կրնաք խուսափիլ վտանգաւոր կացութիւններէ։
Ձեր Ուսումը Ծրագրելու Մէջ Խոհեմ Եղէք
11. Պատանիներ իրենց ապագային համար ծրագիրներ ընելու ժամանակ իրենց ըմբռնողութիւնը ի՞նչպէս կրնան գործածել։
11 Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ ապագայի համար ծրագիրներ ընելը իմաստութիւն է։ (Առակաց 21։5) Ձեր ծնողներուն հետ ձեր ապագային մասին խօսա՞ծ էք։ Թերեւս կը ծրագրէք որպէս ռահվիրայ լիաժամ ծառայութեան մէջ մտնել։ Իրապէս, գործի ուրիշ որեւէ ասպարէզ ասկէ աւելի գոհունակութիւն չի կրնար տալ։ Եթէ ուսումնասիրութեան լաւ սովորութիւններ եւ ծառայութեան մէջ լաւ հմտութիւններ մշակէք, այդ պարագային այս խայտալի ասպարէզին համար պատրաստութիւն տեսած կ’ըլլաք։ Ծառայութեան մէջ ձեր ծախսերը հոգալու մասին մտածա՞ծ էք։ Ապագային, եթէ որոշէք ընտանիք կազմել, այդ յաւելեալ պատասխանատուութեան հոգ տանելու կարող պիտի ըլլա՞ք։ Այսպիսի բաներու մասին հաւասարակշռուած, իրապաշտ որոշումներ տալու համար, պէտք է ձեր ըմբռնողութիւնը գործածէք։
12. (ա) Կարգ մը ընտանիքներ, տնտեսական կացութեան փոփոխութեան յարմարելու ի տես ի՞նչ որոշած են ընել։ (բ) Որոշ չափով յաւելեալ ուսում ստանալը, ռահվիրայութեան նպատակակէտին հակընդդէմ եղող բա՞ն մըն է։ Բացատրեցէք։
12 Կարգ մը վայրերու մէջ տակաւին կարելի է աշխատանոցին մէջ պիտանի հմտութիւն մը կամ արհեստ մը սորվիլ։ Կարգ մը պատանիներ իրենց ծնողքին անձնական գործին մէջ կը հմտանան, կամ գործի տէր եղող չափահաս բարեկամներու կողմէ մարզում կը ստանան։ Ուրիշներ դասընթացքներու կը հետեւին, որպէսզի հետագային կարենան իրենց կարիքներուն հոգ տանիլ։ Հոն ուր այսպիսի պատեհութիւններ մատչելի չեն, ծնողներ այս հարցին մասին ուշադրութեամբ մտածելէ ետք, թերեւս կարգադրեն որ իրենց զաւակները երկրորդականէն ետք յաւելեալ ուսում ստանան։ Չափահասութեան պատասխանատուութիւններուն հոգ տանելու եւ մանաւանդ երկար ժամանակ ռահվիրայական ծառայութեան մէջ մնալու համար այսպիսի ծրագիրներ ընելը, Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնելուն հակառակ բաներ չեն։ (Մատթէոս 6։33) Իսկ յաւելեալ ուսումը ռահվիրայութեան չհամապատասխանող բան մը չէ։ Օրինակ, երիտասարդ Վկայ մը կը փափաքէր երկար ժամանակ ռահվիրայութիւն ընել։ Երկրորդական վարժարանը աւարտելէ ետք, իր ծնողները՝ որոնք կանոնաւոր ռահվիրաներ են՝ կարգադրութիւն ըրին որ իրենց աղջիկը յաւելեալ ուսում ստանայ։ Ան ռահվիրայութիւն ընելով մէկտեղ դպրոց կ’երթար, իսկ հիմա արհեստ մը ունի, որու շնորհիւ իր ռահվիրայութիւնը կը շարունակէ, իր ապրուստն ալ ճարելով։
13. Ընտանիքներ ի՞նչպէս պէտք է հաշիւ ընեն թէ յաւելեալ ուսումը ի՛նչ պիտի արժէ իրենց։
13 Յաւելեալ ուսումի հարցին մէջ, իւրաքանչիւր ընտանիքի իրաւունքը եւ պատասխանատուութիւնն է այս մասին որոշում տալ։ Երբ լաւ ընտրութիւն մը ըլլայ, այսպիսի ուսում մը կրնայ օգտակար ըլլալ։ Սակայն, անիկա ծուղակ մըն ալ կրնայ ըլլալ։ Եթէ այսպիսի կրթութեան մասին կը մտածէք, ի՞նչ է ձեր նպատակակէտը։ Արդեօք անոր նպատակը չափահասութեան պատասխանատուութիւնները պատուաբեր կերպով ստանձնե՞լ է։ Արդեօք ‘դուք ձեզի համար մեծ բանե՞ր կը փնտռէք’։ (Երեմեայ 45։5. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։10. Ա. Տիմոթէոս 5։8. 6։9) Տունէն հեռու, թերեւս համալսարանի մը համալիրին մէջ մնալով, յաւելեալ ուսում ստանալու մասին ի՞նչ կը մտածէք։ Անիկա իմաստութիւն պիտի ըլլա՞ր, նկատի ունենալով Պօղոսի՝ «չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն» ազդարարութիւնը։ (Ա. Կորնթացիս 15։33. Բ. Տիմոթէոս 2։22) Յիշեցէք նաեւ որ «ժամանակը կարճցած է»։ (Ա. Կորնթացիս 7։29) Ո՞րքան ժամանակ պիտի յատկացնէք այս ուսումին։ Անիկա ձեր պատանեկութեան կամ երիտասարդութեան տարիներուն մեծագոյն մասը պիտի առնէ՞։ Եթէ այո, ի՞նչպէս պիտի գործադրէք Աստուածաշունչի տուած յորդորը, որ ‘ձեր Ստեղծիչը երիտասարդութեան օրերուն մէջ յիշէք’։ (Ժողովողի 12։1) Ասկէ զատ, ձեր հետեւած դասընթացքները ժամանակ պիտի ձգե՞ն ժողովներու, ծառայութեան եւ անձնական ուսումնասիրութեան նման քրիստոնէական գործունէութիւններու։ (Մատթէոս 24։14. Եբրայեցիս 10։24, 25) Եթէ ձեր ըմբռնողութիւնը սուր է, ձեր հոգեւոր նպատակակէտը բնա՛ւ պիտի չանտեսէք, երբ դուք եւ ձեր ծնողքը ապագայի ծրագիրներ կ’ընէք ձեզի համար։
Սիրատածութիւնը Պատուաբեր Պահել
14. (ա) Սիրատածող զոյգեր ի՞նչ սկզբունքներով պէտք է առաջնորդուին, իրարու հանդէպ իրենց խանդաղատանքը ցոյց տալու ժամանակ։ (բ) Կարգ մը զոյգեր այս մարզին մէջ ի՞նչպէս ներատես չեն գտնուած։
14 Սիրատածութիւնը ուրիշ մարզ մըն է, որու մէջ ըմբռնողութեան կարիքը կը տեսնուի։ Շատ բնական է խանդաղատանք ցուցաբերել անոր հանդէպ որու կը համակրիք։ Սողոմոնի Երգ Երգոցին մէջի մաքրաբարոյ ամոլը բացայայտօրէն իրենց ամուսնութենէն առաջ իրարու հանդէպ իրենց սէրը կարգ մը կերպերով դրսեւորեցին։ (Երգ Երգոց 1։2. 2։6. 8։5) Ներկայիս ալ սիրատածող կարգ մը զոյգեր կրնան խորհիլ որ իրարու ձեռք բռնելը, համբուրուիլը եւ ողջագուրուիլը պատշաճ է, մանաւանդ երբ ամուսնութիւնը մօտ է։ Բայց մի՛ մոռնաք որ «իր սրտին ապաւինողը անմիտ է»։ (Առակաց 28։26) Դժբախտաբար, կարգ մը զոյգեր ներատես չեն գտնուած, իրենք զիրենք դնելով վտանգաւոր վիճակներու մէջ։ Իրենց սէրը չափազանցուած ու անկաշկանդ կերպով դրսեւորած են. որպէս հետեւանք անմաքուր արարքներ գործած եւ նոյնիսկ սեռային անբարոյութեան հասած են։
15, 16. Զոյգեր ի՞նչ նախազգուշութիւններ կրնան ձեռք առնել, որպէսզի իրենց սիրատածութիւնը պատուաբեր մնայ։
15 Եթէ հակառակ սեռի պատկանողի մը հետ կը ժամադրուիք, իմաստութիւն է ձեր ապագացու կողակիցին հետ անպատշաճ պարագաներու մէջ գտնուելէ զգուշանալ։ Ուստի, նախընտրելի է իրարու ընկերակցութիւնը վայելել ուրիշներու ներկայութեան կամ հանրային վայրերու մէջ։ Կարգ մը զոյգեր իրենց ընկերակցող մը կ’ունենան։ Ովսեայ 4։11–ի խօսքերն ալ նկատի առէք. «Գինին ու քաղցուն սիրտը կը խաբեն»։ Ոգելից ըմպելին կրնայ թուլցնել ներատեսութիւնը, մղելով որ զոյգը այնպիսի արարքներու անձնատուր ըլլայ, որոնց համար հետագային պիտի զղջայ։
16 Առակաց 13։10–ը կ’ըսէ. «Հպարտութենէն կռիւ կը ծագի, բայց խրատին մտիկ ընողներուն [«խորհրդակցողներուն», ՆԱ] քով իմաստութիւն կայ»։ Այո, ‘խորհրդակցեցէք’ եւ խօսակցեցէք թէ ի՛նչպէս պիտի վարուիք։ Սէր արտայայտելու մէջ սահմաններ դրէք, յարգելով դիմացինին զգացումները եւ խղճմտանքը։ (Ա. Կորնթացիս 13։5. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3-7. Ա. Պետրոս 3։16) Այս նուրբ նիւթին շուրջ խօսիլը սկիզբը կրնայ դժուար թուիլ, բայց անիկա հետագային զարգանալիք լուրջ խնդիրներուն առաջքը կ’առնէ։
‘Մանկութենէն’ Սորվիլ
17. Դաւիթ ի՞նչպէս ‘մանկութենէն ի վեր իր յոյսը’ Եհովայի վրայ դրած էր։
17 Սատանային որոգայթներէն խուսափելու համար յարատեւ արթնութիւն, եւ երբեմն ալ մեծ քաջութիւն կը պահանջուի։ Այո, երբեմն դուք ձեզ տարբեր կրնաք գտնել, ո՛չ միայն ձեր տարեկիցներէն, այլ նաեւ, ամբողջ աշխարհէն։ Սաղմոսերգու Դաւիթ աղօթեց. «Իմ վստահութիւնս դուն ես, ո՛վ Տէր Եհովա. մանկութենէս ի վեր դուն ես իմ յոյսս։ Ո՛վ Աստուած, մանկութենէս ի վեր սորվեցուցիր ինծի. մինչեւ հիմա քու հրաշալի գործերդ պատմեցի»։ (Սաղմոս 71։5, 17)c Դաւիթ ծանօթ է իր քաջութեան համար։ Բայց անիկա այս քաջութիւնը ե՞րբ մշակեց։ Երբ պատանի՛ էր։ Գողիաթի հետ իր ունեցած հանրածանօթ բախումը ունենալէն առաջ իսկ, Դաւիթ արտակարգ քաջութիւն ցոյց տուած էր իր հօրը հօտերը պաշտպանելու համար առիւծ մը եւ արջ մը սպաննելով։ (Ա. Թագաւորաց 17։34-37) Սակայն, Դաւիթ իր քաջագործութիւններուն համար, ամբողջ վարկը Եհովայի կու տար, զայն կոչելով ‘իր յոյսը՝ մանկութենէն ի վեր’։ Եհովայի ապաւինելու Դաւիթի կարողութիւնը պատճառ եղաւ որ ան որեւէ տեսակի փորձութիւն դիմակալէ։ Դուք ալ պիտի սորվիք որ եթէ գիտնաք Եհովայի ապաւինիլ, ան ‘աշխարհին յաղթելու’ համար հարկ եղած քաջութիւնը եւ զօրութիւնը պիտի տայ ձեզի։—Ա. Յովհաննու 5։4
18. Ներկայիս, աստուածավախ պատանիներու ի՞նչ քաջալերութիւն կը տրուի։
18 Ձեզի պէս հազարաւոր երիտասարդներ քաջարի կեցուածք մը բռնած են եւ հիմա կը ծառայեն որպէս բարի լուրի մկրտուած հրատարակիչներ։ Մենք Աստուծոյ շնորհակալ ենք ձեր ցուցաբերած հաւատքին ու քաջութեան համար, ո՛վ երիտասարդներ։ Աշխարհի ապականութենէն փախչելու ձեր որոշումին վրայ հաստատ կեցէք։ (Բ. Պետրոս 1։4) Շարունակեցէք ձեր աստուածատուր ըմբռնողութիւնը գործածել։ Այսպէս ընելով, հիմա չարիքներէ զերծ պիտի մնաք եւ ի վերջոյ ձեր փրկութիւնը պիտի ապահովէք։ Արդարեւ, դուք յաջողակ կեանք մը պիտի վարէք, ինչպէս մեր յաջորդ յօդուածը ցոյց պիտի տայ։
[Ստորանիշներ]
a Տես՝ «Երիտասարդները կը Հարցնեն . . . Ճշմարտութիւնը Ի՞նչպէս Կրնամ Իւրացնել» յօդուածը, Զարթի՛ր 22 Հոկտեմբեր 1998 համարին մէջ։
b Այս նիւթին շուրջ, ճոխ տեղեկութիւն կրնաք գտնել Դիտարան 1 Նոյեմբեր 1992–ի համարին մէջի՝ «Ընկերային Ժամանցներ—Օգուտները վայելեցէք, Որոգայթներէն Խուսափեցէք» յօդուածին մէջ։
c Այնպէս կը թուի թէ 71–րդ Սաղմոսը 70–րդին շարունակութիւնն է, որու մակագրութիւնը ցոյց կու տայ որ անիկա Դաւիթի սաղմոսներէն մէկն է։
Վերաքաղի Հարցումներ
◻ Պատանի մը ի՞նչպէս կը մարզէ իր ըմբռնողութիւնը։
◻ Պատանի մը ի՞նչպէս կրնայ իր ըմբռնողութիւնը գործածել Քրիստոնեաներու հետ կատարուած հաւաքոյթներու առնչութեամբ։
◻ Ի՞նչ ազդակներ նկատի պէտք է առնուին ուսումի հարցի ծրագրման մէջ։
◻ Սիրատածող զոյգերը ի՞նչպէս կրնան սեռային անբարոյութեան ծուղակէն խուսափիլ։
[Նկար՝ էջ 26]
Պզտիկ հաւաքոյթները աւելի դիւրին է վերահսկել եւ աւելի քիչ հաւանականութիւն կայ որ անոնք անսանձ անառակութեան դառնան
[Նկար՝ էջ 26]
Ծնողներ պէտք է օգնեն իրենց զաւակներուն ուսումը ծրագրելու հարցին մէջ