Իրապէս հոգացող անհատ մը կա՛յ
ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ անհատներ ցոյց կու տան թէ իրապէս կը հոգան։ Անոնք չեն որդեգրեր այդ անկարեկից, անձնասէր տեսակէտը թէ ուրիշներու խնդիրները զիրենք չեն հետաքրքրեր։ Փոխարէն, անոնք իրենց ձեռքէն եկածը կ’ընեն, երբեմն նոյնիսկ իրենց կեանքը վտանգելով, տառապանքը թեթեւցնելու համար։ Ասիկա վիթխարի աշխատանք մըն է, որ կը բարդացուի անոնց հակակշռէն դուրս եղող զօրաւոր ուժերու կողմէ։
Օգնութեան փութացող կամաւոր մը ըսաւ թէ ագահութեան, քաղաքական գաղտնի ծրագիրներու, պատերազմներու եւ բնական աղէտներու նման ազդակներ կրնան՝ «անօթութիւնը վերացնելու [նոյնիսկ] ամենէն լաւատեղեակ եւ վճռակամ ջանքերը» ի դերեւ հանել։ Անօթութիւնը վերացնելը, հոգացող անհատներուն դիմագրաւած բազմաթիւ խնդիրներէն միայն մէկն է։ Անոնք նաեւ կը պայքարին հիւանդութեան, աղքատութեան, անարդարութեան եւ պատերազմին պատճառած հսկայ տառապանքներուն դէմ։ Բայց արդեօք անոնք պայքարէն յաղթական դուրս կու գա՞ն։
Բարեգործական գործակալութեան մը գլխաւոր գործադիրը ըսաւ թէ անոնք որոնք անօթութիւնը եւ վիշտը վերացնելու այսպիսի «լաւատեղեակ եւ վճռական ջանքեր» կը թափեն, Յիսուս Քրիստոսի առակին մէջ նկարագրուած կարեկից Սամարացիին կը նմանին։ (Ղուկաս 10։29-37) Սակայն, ան ըսաւ թէ ի՛նչ որ ալ ընեն, զոհերուն թիւը կը շարունակէ աւելնալ։ Ուստի հարց տուաւ. «Բարի Սամարացին ի՞նչ պէտք է ընէ, եթէ տարիներով ամէն օր նոյն ճամբէն անցնի, եւ ամէն շաբաթ ճամբուն եզերքը գողերուն կողմէ կողոպտուած ուրիշ զոհ մը գտնէ»։
Դիւրին պիտի ըլլար, այդպէս նկարագրուած, ‘տալու յոգնութեան մահացու հիւանդութեան’ ենթարկուիլ եւ պարզապէս յուսախաբ ըլլալով ընդվզիլ։ Բարեբախտաբար, իրապէս հոգատար անհատներ ձեռնթափ չեն ըլլար։ (Գաղատացիս 6։9, 10) Օրինակի համար, Բրիտանիոյ Ճուիշ Թէլէկրաֆ–ին գրող անհատ մը, Եհովայի Վկաները գովաբանեց, որոնք Նացի Գերմանիոյ ժամանակ «հազարաւոր Հրեաներու օգնած էին, որպէսզի Օշվիթցի թշուառութիւններէն վերապրին»։ Գրողը ըսաւ. «Երբ սակաւ ուտելիք ըլլար, անոնք իրենց հացը մեր [Հրեայ] եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ կը բաժնէին»։ Վկաները իրենց ունեցածին համեմատ շարունակեցին իրենց ձեռքէն եկածը ընել։
Սակայն, իրականութիւնը այն է թէ մարդիկ որքան ալ հացը իրարու հետ բաժնեն, անիկա մարդկային տառապանքին ամբողջական վերջ մը պիտի չդնէ։ Ըսել չենք ուզեր որ կարեկից մարդոց ըրած արարքները արժէք մը չունին։ Որեւէ արարք որ տառապանքը կը թեթեւցնէ՝ արժէքաւոր է։ Այդ Վկաները իրենց բանտակիցներուն վիշտը ձեւով մը թեթեւցուցին, իսկ Նացիականութիւնը ի վերջոյ կործանեցաւ։ Սակայն, այսպիսի կեղեքումներ պատճառող համաշխարհային դրութիւնը կը գոյատեւէ եւ անհոգածու մարդիկ տակաւին շատ են։ Արդարեւ, «մարդ կայ, որուն ակռաները սուրերու պէս են եւ անոր ժանիքները դանակներու պէս են, աղքատները երկրի վրայէն ու տնանկները մարդոց մէջէն ուտելու համար»։ (Առակաց 30։14) Հաւանաբար, հարց տաք թէ կացութիւնը ինչո՛ւ այսպէս է։
Ինչո՞ւ Աղքատութիւն եւ Կեղեքում Կայ
Յիսուս Քրիստոս առիթով մը ըսաւ. «Աղքատները ամէն ատեն ձեզի հետ ունիք ու երբ ուզէք՝ կրնաք անոնց բարիք ընել»։ (Մարկոս 14։7) Յիսուս ըսել ուզեց թէ աղքատութիւնը եւ կեղեքումը երբեք վերջ պիտի չգտնե՞ն։ Ոմանց նման, արդեօք ան կը հաւատա՞ր թէ այսպիսի տառապանք Աստուծոյ ծրագրին մէկ մասն է, որպէսզի կարեկից մարդիկ պատեհութիւն ունենան իրենց հոգածութեան տարողութիւնը ցոյց տալու։ Ո՛չ, Յիսուս այնպէս չէր խորհեր։ Ան պարզապէս ըսել կ’ուզէր թէ այնքան ատեն որ իրերու այս դրութիւնը կայ, աղքատութիւնը կեանքին մաս պիտի կազմէր։ Բայց Յիսուս գիտէր նաեւ թէ իր երկնաւոր Հօր սկզբնական նպատակը չէր որ երկրի վրայ այսպիսի վիճակներ տիրէին։
Եհովա Աստուած երկիրը ստեղծեց որ դրախտ մը ըլլայ, եւ ոչ թէ աղքատութեամբ, անիրաւութեամբ եւ կեղեքումով հարուածուած վայր մը։ Ան մարդկային ընտանիքին հանդէպ իր հոգածութեան տարողութիւնը ցոյց տուաւ, երբ սքանչելի կարգադրութիւններ ըրաւ, որոնք կեանքը աւելի հաճելի պիտի դարձնէին։ Պահ մը նկատի առէք մեր առաջին ծնողքին՝ Ադամ ու Եւայի ապրած պարտէզին անունը։ Անիկա Եդեմ կոչուած էր, այսինքն՝ «Հաճոյք»։ (Ծննդոց 2։8, 9) Մարդիկ չստեղծուեցան միմիայն անհրաժեշտ կարիքները ունենալով՝ տաղտկալի ու կեղեքիչ միջավայրի մը մէջ ապրելու համար։ Իր ստեղծագործութեան վերջաւորութեան, Եհովա իր ըրածը աչքէ անցուց եւ ըսաւ թէ անիկա «շատ բարի» էր։—Ծննդոց 1։31
Հետեւաբար, աղքատութիւնը, կեղեքումը եւ տառապանքի ուրիշ պատճառներ երկրի վրայ ինչո՞ւ այսքան համատարած են։ Ներկայ ամբարիշտ դրութիւնը գոյութիւն ունի, քանի որ մեր առաջին ծնողքը ընտրեց Աստուծոյ դէմ ըմբոստանալ։ (Ծննդոց 3։1-5) Ասիկա յարուց այն հարցումը թէ Աստուած իրաւունք ունէ՞ր իր արարածներէն հնազանդութիւն պահանջելու։ Ուստի Եհովա, Ադամի սերունդին անկախութեան սահմանափակ ժամանակաշրջան մը թոյլատրեց։ Աստուած տակաւին հետաքրքրուած էր մարդկային ընտանիքին պատահած բաներով։ Ան կարգադրութիւն ըրաւ որ իր դէմ եղած ըմբոստութենէն յառաջ եկած բոլոր վնասները չէզոքացուին։ Իսկ շատ շուտով, Եհովա աղքատութեան եւ կեղեքումին՝ մէկ խօսքով, ամէն տեսակ տառապանքին՝ վերջ պիտի դնէ։—Եփեսացիս 1։8-10
Մարդոց Կողմէ Անլուծելի Եղող Խնդիր մը
Մարդուն ստեղծագործութեան յաջորդող դարերուն, մարդկութիւնը հետզհետէ հեռացաւ Եհովայի չափանիշներէն։ (Բ. Օրինաց 32։4, 5) Աստուծոյ օրէնքները եւ սկզբունքները յարատեւաբար մերժելով, մարդիկ իրարու հետ կռուած են եւ ‘մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ իշխած է իրեն թշուառութեան համար’։ (Ժողովողի 8։9) Տառապող զանգուածները հարուածող բոլոր բաներէ զերծ, իրապէս արդար ընկերութիւն մը յառաջ բերելու բոլոր ջանքերը ի դերեւ ելած են, փոխանակ Աստուծոյ գերիշխանութեան ենթարկուելու, հարցերը իրենց ուզած կերպով ձեռք առնել ուզողներուն անձնասիրութեան պատճառաւ։
Ուրիշ խնդիր մըն ալ կայ, զոր շատեր կ’անտեսեն որպէս ունայն նախապաշարում մը։ Աստուծոյ դէմ ըմբոստութիւն հրահրողը, տակաւին մարդիկը չարութեան եւ անձնասիրութեան կը դրդէ։ Ան Բանսարկու Սատանան է, զոր Յիսուս Քրիստոս կոչեց «այս աշխարհին իշխանը»։ (Յովհաննու 12։31. 14։30. Բ. Կորնթացիս 4։4. Ա. Յովհաննու 5։19) Յովհաննէս առաքեալի տրուած յայտնութեան մէջ, Սատանան բնորոշուած է որպէս վայերու գլխաւոր աղբիւրը. ան «բոլոր աշխարհ մոլորեցուց»։—Յայտնութիւն 12։9-12
Ոմանք իրենց ընկեր արարածներով որքան ալ հետաքրքրուին, բնաւ պիտի չկրնան Բանսարկու Սատանան վերցնել, կամ այս դրութիւնը փոխել, որ երթալով աւելի մեծ թիւով զոհեր կը խլէ։ Ուստի, մարդկային խնդիրները լուծելու համար ի՞նչ պահանջուած է։ Լուծումը միայն հոգածու անհատ մը գտնել չէ։ Հարկ կայ անհատի մը, որ Սատանան եւ անոր ամբողջ անարդար դրութիւնը բնաջնջելու կամքը եւ զօրութիւնը ունենայ։
«Քու Կամքդ Ըլլայ . . . Երկրի Վրայ»
Աստուած կը խոստանայ իրերու այս ամբարիշտ դրութիւնը կործանել։ Ան ասիկա ընելու կամքը եւ զօրութիւնը ունի։ (Սաղմոս 147։5, 6. Եսայեայ 40։25-31) Աստուածաշունչի Դանիէլի մարգարէական գրքին մէջ, նախագուշակուած է. «Երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ», այո, մշտնջենապէս։ (Դանիէլ 2։44) Յիսուս Քրիստոս այս մնայուն եւ բարեգործ երկնային կառավարութիւնը ի մտի ունէր երբ իր աշակերտներուն սորվեցուց որ աղօթքով զայն Աստուծմէ խնդրեն. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։—Մատթէոս 6։9, 10
Եհովա այսպիսի աղօթքներու պիտի պատասխանէ, քանի որ ան իրապէս հետաքրքրուած է մարդկային ընտանիքով։ 72–րդ Սաղմոսի մարգարէական խօսքերուն համաձայն, Աստուած իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ հեղինակութիւն պիտի տայ որ մնայուն հանգստութիւն բերէ Յիսուսի իշխանութեան սատար կանգնող աղքատին, տառապողին եւ կեղեքուածին։ Հետեւաբար, ներշնչեալ սաղմոսերգուն երգեց. «[Աստուծոյ Մեսիական Թագաւորը] ժողովուրդին աղքատներուն իրաւունք պիտի ընէ, տնանկին զաւակները պիտի ազատէ ու բռնաւորը պիտի ջարդէ։ . . . Աղքատը պիտի փրկէ աղաղակելու ատենը, խեղճն ալ ու զանիկա ալ, որ օգնական չունի։ Պիտի խղճայ աղքատին ու տնանկին եւ տնանկներուն անձերը պիտի ազատէ։ Հարստահարութենէ ու բռնութենէ պիտի փրկէ անոնց անձը եւ անոնց արիւնը պատուական պիտի ըլլայ իր առջեւ»։—Սաղմոս 72։4, 12-14
Մեր օրերուն մասին եղող տեսիլքի մը մէջ, Յովհաննէս առաքեալ «նոր երկինք մը ու նոր երկիր մը» տեսաւ, Աստուծոյ կողմէ հաստատուած իրերու բոլորովին նոր դրութիւն մը։ Տառապող մարդկութեան համար ի՜նչ օրհնութիւն մը։ Եհովայի ընելիքներուն մասին մարգարէանալով, Յովհաննէս գրեց. «Երկնքէն մեծ ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. ‘Ահա՛ Աստուծոյ խորանը մարդոց մէջ։ Անիկա հոն պիտի բնակի եւ անոնք անոր ժողովուրդը պիտի ըլլան եւ Աստուած ինք անոնց հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան’։ Ան որ աթոռին վրայ կը նստէր, ըսաւ. ‘Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ’ ու ըսաւ ինծի. ‘Գրէ՛, վասն զի այս խօսքերը ճշմարիտ ու հաւատարիմ են’»։—Յայտնութիւն 21։1-5
Այո, այս խօսքերուն կրնանք հաւատալ, քանի որ անոնք ճշմարիտ ու հաւատարիմ են։ Եհովա շուտով գործի պիտի լծուի երկիրը աղքատութենէ, անօթութենէ, կեղեքումէ, հիւանդութենէ եւ բոլոր անիրաւութիւններէ ձերբազատելու համար։ Ինչպէս որ այս պարբերաթերթը Աստուածաշունչէն մէջբերելով յաճախ նշած է, բազմաթիւ ապացոյցներ ցոյց կու տան թէ կ’ապրինք ժամանակի մը մէջ, երբ այս խոստումները պիտի կատարուին։ Աստուծոյ խոստացեալ նոր աշխարհը դրան սեմին կը գտնուի։ (Բ. Պետրոս 3։13) Եհովա շուտով «մահը յաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ» եւ «ամէն աչքէ արցունքը պիտի սրբէ»։—Եսայեայ 25։8
Մինչեւ որ ասիկա պատահի, կրնանք ուրախ ըլլալ որ նոյնիսկ հիմա անկեղծօրէն հոգացող անհատներ կան։ Ուրախանալու աւելի մեծ պատճառ մըն է, որ Եհովա Աստուած ինք իրապէս կը հոգայ։ Ան շուտով բոլոր կեղեքումը եւ տառապանքը պիտի բնաջնջէ։
Եհովայի խոստումներուն վրայ կրնաք բացարձակ վստահութիւն ունենալ, Աստուծոյ ծառային՝ Յեսուի նման։ Կատարեալ վստահութեամբ, ան Աստուծոյ վաղեմի ժողովուրդին ըսաւ. «Դուք ձեր բոլոր սրտովն ու բոլոր հոգիովը գիտէք թէ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի համար որչափ բարիք որ խոստացաւ, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ. անոնց ամէնքն ալ կատարուեցան։ Անոնցմէ բնաւ խօսք մը գետին չինկաւ»։ (Յեսուայ 23։14) Հետեւաբար, մինչ իրերու ներկայ դրութիւնը կը գոյատեւէ, թոյլ մի տաք որ ձեր դիմագրաւելիք հաւանական փորձութիւնները ձեզ ջախջախեն։ Ձեր ամէն հոգը Եհովայի վրայ ձգեցէ՛ք, քանի որ անիկա ձեզի իրապէս կը հոգայ։—Ա. Պետրոս 5։7
[Նկարներ՝ էջ 7]
Աստուծոյ խոստացեալ նոր աշխարհին մէջ, երկիրը աղքատութենէ, կեղեքումէ, հիւանդութենէ եւ անիրաւութենէ պիտի ձերբազատուի