Եհովա ի՞նչ կը պահանջէ մեզմէ՝ ներկայիս
«Ձայն մը եկաւ՝ ըսելով. ‘Ատիկա է սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ, ատոր մտիկ ըրէք’»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 17։5
1. Օրէնքը ե՞րբ իր նպատակին ծառայեց։
ԵՀՈՎԱ Իսրայէլ ազգին տուաւ Օրէնքը, իր բազմաթիւ երեսակներով։ Անոնց մասին Պօղոս առաքեալ գրեց որ անոնք «մարմնական ծիսակատարութիւններ էին, որոնք մինչեւ ուղղութեան ատենը կը կենային»։ (Եբրայեցիս 9։10) Երբ Օրէնքը Իսրայելացի մնացորդի մը ուղղեց որ Յիսուսը ընդունի որպէս Մեսիան կամ Քրիստոսը, անիկա իր նպատակին ծառայած եղաւ։ Անոր համար Պօղոս ըսաւ. «Օրէնքին վախճանը Քրիստոս է»։—Հռովմայեցիս 10։4. Գաղատացիս 3։19-25. 4։4, 5
2. Որո՞նք Օրէնքին ներքեւ էին եւ ե՛րբ անկէ ազատեցան։
2 Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ ներկայիս Օրէնքին պարտադրանքին տակ չենք։ Իրականութեան մէջ, մարդկութեան հսկայ մեծամասնութիւնը բնաւ Օրէնքին ներքեւ եղած չէ, ինչպէս սաղմոսերգուն բացատրեց. «[Եհովա] իր խօսքը կը պատմէ Յակոբին եւ իր կանոնները ու դատաստանները՝ Իսրայէլին։ Բնաւ ազգի մը այսպէս չըրաւ, բայց անոնք անոր դատաստանները չճանչցան»։ (Սաղմոս 147։19, 20) Երբ Աստուած Յիսուսի զոհագործութեան հիման վրայ նոր ուխտը հաստատեց, նոյնիսկ Իսրայէլ ազգը այլեւս Օրէնքին հնազանդելու պարտադրանքին տակ չէր։ (Գաղատացիս 3։13. Եփեսացիս 2։15. Կողոսացիս 2։13, 14, 16) Արդ, եթէ այլեւս Օրէնքին պարտադրանքին տակ չենք, Եհովա ներկայիս ի՞նչ կը պահանջէ անոնցմէ, որոնք կը փափաքին իրեն ծառայել։
Եհովա Ի՛նչ կը Պահանջէ
3, 4. (ա) Եհովա հիմնականօրէն մեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ ներկայիս։ (բ) Ինչո՞ւ Յիսուսի շաւիղներուն պէտք է մօտէն հետեւինք։
3 Յիսուսի ծառայութեան վերջին տարուան ընթացքին, իր առաքեալներէն Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը իր հետ բարձր լեռ մը ելան, հաւանաբար Հերմոն Լերան բարձունքներէն մէկուն վրայ։ Հոն՝ մարգարէական տեսիլք մը տեսան. Յիսուս՝ շքեղ փառքով եւ լսեցին Աստուծոյ ձայնը, որ ըսաւ՝ «Ատիկա է սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ, ատոր մտիկ ըրէք»։ (Մատթէոս 17։1-5) Հիմնականօրէն, Եհովա ա՛յս է որ կը պահանջէ մեզմէ. իր Որդւոյն մտիկ ընել եւ իր օրինակին ու ուսուցումին հետեւիլ։ (Մատթէոս 16։24) Անոր համար, Պետրոս առաքեալ գրեց. «Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւիք»։—Ա. Պետրոս 2։21
4 Ինչո՞ւ Յիսուսի շաւիղներուն պէտք է հետեւինք։ Քանի որ զինք ընդօրինակելով՝ ընդօրինակած կ’ըլլանք Եհովա Աստուած։ Յիսուս մօտէն կը ճանչնար Հայրը, երկիր գալէն առաջ, երկնքի մէջ անոր հետ անհամար տարիներ անցուցած ըլլալով։ (Առակաց 8։22-31. Յովհաննու 8։23. 17։5. Կողոսացիս 1։15-17) Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս հաւատարմաբար ներկայացուց իր Հայրը։ Ան բացատրեց. «Հայրս ինչպէս ինծի սորվեցուց՝ այնպէս կը խօսիմ»։ Այո, Յիսուս այնքան ճշգրտօրէն ընդօրինակեց Եհովան, որ կրցաւ ըսել. «Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ»։—Յովհաննու 8։28. 14։9
5. Քրիստոնեաները ո՞ր օրէնքին ներքեւ են եւ այդ օրէնքը ե՛րբ ի զօրու եղաւ։
5 Յիսուսի մտիկ ընելը եւ զինք ընդօրինակելը ի՞նչ կը ներփակէ։ Անիկա կը նշանակէ՞ որ օրէնքի մը ներքեւ ենք։ Պօղոս գրեց թէ ‘ինք օրէնքի տակ չէր’։ Հոս ան կ’ակնարկէ «հին կտակարանին», Իսրայէլի հետ կատարուած Օրէնքի ուխտին։ Պօղոս ընդունեց որ ինք «Քրիստոսին օրէնքին տակ» էր։ (Ա. Կորնթացիս 9։20, 21. Բ. Կորնթացիս 3։14) Հին կտակարանը, կամ ուխտը, վերջ գտնելով, «նոր ուխտ» մը ի զօրու եղաւ՝ «Քրիստոսին օրէնք»ով, եւ ներկայիս Եհովայի բոլոր ծառաներն ալ պարտաւորուած են անոր հնազանդիլ։—Ղուկաս 22։20. Գաղատացիս 6։2. Եբրայեցիս 8։7-13
6. «Քրիստոսին օրէնքը» ի՞նչպէս կարելի է նկարագրել եւ անոր ի՛նչպէս կը հնազանդինք։
6 Եհովա «Քրիստոսին օրէնք»ը կանոնագրի ձեւով չտուաւ, տարբեր դասերու բաժնելով զանոնք, ինչպէս էր հին Օրէնքի ուխտը։ Քրիստոսի հետեւորդներուն այս նոր օրէնքը, ըրէ ու մի՛ ըներներու երկար ցանկ մը չունէր։ Սակայն, իր Խօսքին մէջ, Եհովա իր Որդւոյն կեանքին եւ ուսուցումին չորս համապարփակ տեղեկութիւններ պահպանած է։ Ասկէ զատ, Աստուած Յիսուսի հետեւորդներէն ոմանք ներշնչած է, որպէսզի անձնական վարմունքի, ժողովքային գործերու, ընտանիքէն ներս վարուելակերպի եւ ուրիշ հարցերու շուրջ գրաւոր հրահանգներ հայթայթեն։ (Ա. Կորնթացիս 6։18. 14։26-35. Եփեսացիս 5։21-33. Եբրայեցիս 10։24, 25) Երբ մեր կեանքը Յիսուս Քրիստոսի օրինակին եւ ուսուցումին համաձայն կերտենք, եւ առաջին դարու ներշնչեալ գրողներուն խրատներուն հետեւինք, «Քրիստոսին օրէնք»ին հնազանդած կ’ըլլանք։ Ներկայիս Եհովա ասիկա է որ կը պահանջէ իր ծառաներէն։
Սիրոյ Կարեւորութիւնը
7. Յիսուս իր առաքեալներուն հետ վերջին Պասեքը կատարելու ընթացքին, իր օրէնքին էութիւնը ի՞նչպէս շեշտեց։
7 Թէեւ սէրը կարեւոր էր Օրէնքին ներքեւ, բայց անիկա Քրիստոսի օրէնքին կորիզը կամ ծուծը կը կազմէ։ Յիսուս շեշտեց այս իրողութիւնը, երբ իր առաքեալներուն հետ հանդիպում մը ունեցաւ, Հ.Դ. 33–ի Պասեքը տօնակատարելու համար։ Այդ գիշերուան անցուդարձին մասին Յովհաննէս առաքեալի ամփոփ տեղեկութեան համաձայն, Յիսուսի սրտաբուխ խօսքերուն մէջ սիրոյ մասին 28 ակնարկութիւն եղած է։ Ասիկա իր առաքեալներուն մէջ տպաւորեց իր օրէնքին էութիւնը կամ հոգին։ Նշանակալից կերպով, Յովհաննէս այդ ծանրակշիռ իրիկուան դէպքերուն ներածականին մէջ կ’ըսէ. «Զատկի տօնէն առաջ՝ Յիսուս գիտնալով թէ իր ժամանակը հասեր է, որ այս աշխարհէն ելլէ Հօրը քով, սիրելով իրենները, որոնք աշխարհի մէջ էին, մինչեւ վերջն ալ սիրեց զանոնք»։—Յովհաննու 13։1
8. (ա) Ի՞նչ բան կ’ապացուցանէ որ առաքեալներուն միջեւ շարունակական վէճ մը կար։ (բ) Յիսուս իր առաքեալներուն ի՞նչպէս խոնարհութեան դաս մը սորվեցուց։
8 Յիսուս իր առաքեալները սիրեց, հակառակ անոր որ, երեւութապէս առանց յաջողելու, ջանաց անոնց օգնել որ հեղինակութեան եւ դիրքի շուրջ իրենց չափազանց մեծ ցանկութիւնը յաղթահարեն։ Երուսաղէմ գալէն ամիսներ առաջ, ‘իրարու հետ վիճաբանութիւն ըրած էին թէ՝ ո՞վ մեծ է’։ Իսկ Պասեքի համար քաղաք գալէն ճիշդ առաջ, դիրքի շուրջ վէճը դարձեալ բռնկեցաւ։ (Մարկոս 9։33-37. 10։35-45) Այս վէճին շարունակական բնոյթ ունենալը ցոյց կը տրուի, միասնաբար իրենց վերջին Պասեքին մասնակցելու համար վերնատունը մտնելէն քիչ ետք տեղի ունեցածէն։ Այն ժամանակ, ոեւէ մէկը առիթէն օգտուելով սովորական հիւրասիրական ծառայութիւնը չըրաւ, միւսներուն ոտքերը լուալով։ Անոնց խոնարհութեան դաս մը սորվեցնելու համար, Յիսուս ի՛նք լուաց անոնց ոտքերը։—Յովհաննու 13։2-15. Ա. Տիմոթէոս 5։9, 10
9. Վերջին Պասեքին յաջորդող եղելութիւնը Յիսուս ի՞նչպէս ձեռք առաւ։
9 Հակառակ այդ դասին, Պասեքը տօնակատարուելէն եւ Յիսուս իր մահուան Յիշատակատօնը հաստատելէն ետք, նկատի առէք թէ դարձեալ ի՛նչ տեղի ունեցաւ։ Ղուկասու Աւետարանը կ’ըսէ. «Վէճ մըն ալ եղաւ անոնց մէջ՝ թէ իրենցմէ ո՞վ մեծ պիտի սեպուի»։ Փոխանակ առաքեալներուն բարկանալու ու զանոնք պախարակելու, Յիսուս ազնուութեամբ խրատեց զանոնք որ աշխարհի հեղինակութեան ծարաւի իշխաններէն տարբեր պէտք է ըլլան։ (Ղուկաս 22։24-27) Այն ատեն, անոնց տուաւ՝ ինչ որ կարելի է կոչել Քրիստոսի օրէնքին հիմնաքարը, ըսելով. «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք»։—Յովհաննու 13։34
10. Յիսուս իր աշակերտներուն ի՞նչ պատուիրանք տուաւ եւ անիկա ի՛նչ կը պարփակէր։
10 Այդ երեկոյ, աւելի ետք Յիսուս նշեց թէ Քրիստոսի նման սէր ունենալը ո՛րքան հեռուն պէտք էր երթար։ Ան ըսաւ. «Այս է իմ պատուէրս, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։ Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ»։ (Յովհաննու 15։12, 13) Յիսուս ըսել կ’ուզէր որ եթէ պարագաները պարտադրեն, իր հետեւորդները հաւատակիցներու սիրոյն մեռնելո՞ւ պատրաստ պէտք է ըլլան։ Յովհաննէս, որ հոն ներկայ էր, ինք այդպէս հասկցաւ, քանի որ հետագային գրեց. «Ասով գիտցանք Քրիստոսին սէրը, որ անիկա իր կեանքը մեզի համար տուաւ. մենք ալ պարտաւոր ենք մեր եղբայրներուն համար տալ մեր կեանքը»։—Ա. Յովհաննու 3։16
11. (ա) Քրիստոսին օրէնքը ի՞նչպէս կը կատարենք։ (բ) Յիսուս ի՞նչ օրինակ հայթայթեց։
11 Ուստի, միայն ուրիշներուն իր մասին սորվեցնելով չէ որ կատարած կ’ըլլանք Քրիստոսի օրէնքը։ Այլ, պէտք է Յիսուսի նման ապրինք ու վարուինք։ Ճիշդ է որ Յիսուս իր քարոզներուն մէջ գեղեցիկ եւ լաւ ընտրուած բառեր գործածեց։ Բայց ան իր անձնական օրինակով ալ սորվեցուց։ Թէեւ Յիսուս երկնքի մէջ հզօր հոգեղէն արարած մըն էր, բայց երկրի վրայ եղած ժամանակ, առիթէն օգտուելով իր Հօրը շահերուն ծառայեց եւ ցոյց տուաւ թէ ի՛նչպէս պէտք է ապրինք։ Ան հեզ, ազնիւ եւ փափկանկատ էր եւ կ’օգնէր բեռնաւորուածներուն ու հարստահարուածներուն։ (Մատթէոս 11։28-30. 20։28. Փիլիպպեցիս 2։5-8. Ա. Յովհաննու 3։8) Յիսուս իր հետեւորդները յորդորեց որ զիրար սիրեն, ճիշդ ինչպէս որ ինք սիրած էր զիրենք։
12. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Քրիստոսին օրէնքը, Եհովան սիրելու կարիքը չի նսեմացներ։
12 Եհովայի հանդէպ սէրը՝ Օրէնքին մեծագոյն պատուիրանքը՝ ի՞նչ տեղ կը գրաւէր Քրիստոսի օրէնքին մէջ։ (Մատթէոս 22։37, 38. Գաղատացիս 6։2) Երկրորդակա՞ն տեղ մը։ Բնա՛ւ երբեք։ Եհովայի հանդէպ սէրը եւ Քրիստոնեայ հաւատակիցներու հանդէպ սէրը կարելի չէ իրարմէ բաժնել։ Մէկը իրապէս չի կրնար սիրել Եհովան, առանց իր եղբայրն ալ սիրելու, քանի որ Յովհաննէս առաքեալ նշեց. «Եթէ մէկը կ’ըսէ թէ ‘Ես Աստուած կը սիրեմ’ ու իր եղբայրը ատէ, անիկա ստախօս է. քանզի ան որ իր եղբայրը չի սիրեր՝ որ կը տեսնէ, Աստուած՝ որ չի տեսներ, ի՞նչպէս կրնայ սիրել»։—Ա. Յովհաննու 4։20. բաղդատել՝ Ա. Յովհաննու 3։17, 18
13. Յիսուսի տուած նոր պատուիրանքին հանդէպ աշակերտներուն հնազանդութեան արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։
13 Երբ Յիսուս իր աշակերտներուն նոր պատուիրանը տուաւ, որ զիրար սիրեն ինչպէս ինք սիրած էր զիրենք, ան բացատրեց թէ ասիկա ի՛նչ ազդեցութիւն պիտի ունենար։ Ան ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։ (Յովհաննու 13։35) Տերտուղիանոսի համաձայն, որ Յիսուսի մահուընէ աւելի քան հարիւր տարի ետք ապրեցաւ, նախկին Քրիստոնեաներուն եղբայրասիրութիւնը ճիշդ այդ ազդեցութիւնը ունեցաւ։ Տերտուղիանոս մէջբերում ըրաւ Քրիստոնեայ չեղողներու խօսքերը, որոնք կ’ըսէին. «Նայեցէք ինչպէ՛ս իրար կը սիրեն, եւ ինչպէ՛ս իրարու համար մեռնելու պատրաստ են»։ Մենք մեզի կրնանք հարցնել. ‘Այսպիսի սէր ցոյց կու տա՞մ Քրիստոնեայ հաւատակիցներու հանդէպ, որ կը փաստէ թէ ես Յիսուսի աշակերտներէն մէկն եմ’։
Մեր Սէրը Ի՛նչպէս կ’Ապացուցանենք
14, 15. Ի՞նչ բան կը դժուարացնէ Քրիստոսին օրէնքին հնազանդիլը, բայց ի՞նչ բան մեզի կրնայ օգնել որ ասիկա ընենք։
14 Կենսական է որ Եհովայի ծառաները քրիստոսանման սէր ցոյց տան։ Բայց անձնասէր նկարագրի գծեր ցուցաբերող Քրիստոնեայ հաւատակիցները սիրելը դժուար կը գտնէ՞ք։ Լաւ, ինչպէս տեսանք, նոյնիսկ առաքեալները իրարու հետ վէճեր ունեցան եւ փորձեցին իրենց շահը առաջ քշել։ (Մատթէոս 20։20-24) Գաղատացիներն ալ իրարու հետ բախումներ ունեցան։ Մատնանշելէ ետք թէ ընկերոջ հանդէպ սէրը Օրէնքը կը կատարէ, Պօղոս զանոնք զգուշացուց, ըսելով. «Ապա եթէ իրար խածնէք եւ ուտէք, զգոյշ կեցէք որ չըլլայ թէ իրար սպառէք»։ Մարմնին գործերը Աստուծոյ հոգիին պտուղներուն հետ հակադրելէ ետք, Պօղոս հետեւեալ խրատը աւելցուց. «Սնապարծ չըլլանք՝ մէկզմէկ գրգռելով ու իրարու վրայ նախանձելով»։ Ապա՝ առաքեալը յորդորեց. «Իրարու նեղութիւնները կրեցէք եւ այնպէս Քրիստոսին օրէնքը կատարեցէք»։—Գաղատացիս 5։14–6։2
15 Քրիստոսի օրէնքին հնազանդութիւն պահանջելով, Եհովան մեզմէ շա՞տ պահանջած կ’ըլլայ։ Թէեւ դժուար է ազնիւ կերպով վարուիլ անոնց հետ, որոնք իրապէս կծած են մեզ եւ զգացական գետնի վրայ վնաս հասցուցած են մեզի, բայց մենք ստիպուած ենք ‘Աստուծոյ նմանող ըլլալ սիրելի զաւակներու պէս, եւ սիրով վարուիլ’։ (Եփեսացիս 5։1, 2) Մենք պէտք է շարունակենք Աստուծոյ օրինակին նայիլ, որ «իր սէրը որ մեր վրայ ունէր՝ յայտնեց, երբ դեռ մեղաւոր էինք։ Քրիստոս մեզի համար մեռաւ»։ (Հռովմայեցիս 5։8, 9) Ուրիշներուն՝ նոյնիսկ մեզի հետ գէշ վարուողներուն, օգնելու նախաձեռնութիւնը առնելով, գոհունակութիւն կը զգանք գիտնալով որ Աստուծոյ նմանողներ կ’ըլլանք եւ Քրիստոսի օրէնքին կը հնազանդինք։
16. Աստուծոյ եւ Քրիստոսի հանդէպ մեր սէրը ի՞նչպէս կ’ապացուցանենք։
16 Պէտք է յիշենք որ մեր սէրը կ’ապացուցանենք մեր ըրած բաներով եւ ոչ թէ միայն մեր ըսած բաներով։ Նոյնիսկ Յիսուս առիթով մը Աստուծոյ կամքը կատարելը դժուար գտաւ, անոր մէջ պարփակուած բաներուն պատճառաւ։ Յիսուս աղօթեց. «Հա՛յր, եթէ կ’ուզես, այս գաւաթը ինծմէ անցուր»։ Բայց աւելցուց. «Ոչ թէ իմ կամքս՝ հապա քուկդ թող ըլլայ»։ (Ղուկաս 22։42) Յիսուս որքան ալ տառապեցաւ, ան կատարեց Աստուծոյ կամքը։ (Եբրայեցիս 5։7, 8) Հնազանդութիւնը մեր սիրոյն ապացոյցն է եւ ցոյց կու տայ թէ մենք կ’ընդունինք որ Աստուծոյ ճամբան լաւագոյն ճամբան է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք»։ (Ա. Յովհաննու 5։3) Իսկ Յիսուս իր առաքեալներուն ըսաւ. «Եթէ զիս կը սիրէք, իմ պատուիրանքներս պահեցէ՛ք»։—Յովհաննու 14։15
17. Յիսուս ի՞նչ մասնայատուկ պատուիրանք մը տուաւ իր հետեւորդներուն, եւ ի՞նչպէս գիտենք թէ անիկա ներկայիս մեզի ալ կիրարկելի է։
17 Իր հետեւորդներուն իրար սիրելու պատուէրը տալէ զատ, Քրիստոս ուրիշ ի՞նչ մասնայատուկ պատուէր տուաւ։ Ան պատուիրեց որ անոնք քարոզեն, որու համար մարզած էր զանոնք։ Պետրոս ըսաւ. «Ինք պատուիրեց մեզի, որ ժողովուրդին քարոզենք ու վկայութիւն տանք»։ (Գործք 10։42) Յիսուս մասնաւորաբար պատուիրած էր. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. Սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։ (Մատթէոս 28։19, 20. Գործք 1։8) Յիսուս ցոյց տուաւ որ այսպիսի հրահանգներ իր ներկայ հետեւորդներուն ալ պիտի կիրարկուէին, հիմա այս «վերջին ժամանակ»ին մէջ, քանի որ ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։ (Դանիէլ 12։4. Մատթէոս 24։14) Անշուշտ, Աստուծոյ կամքն է որ քարոզենք։ Սակայն, ոմանք կրնան խորհիլ որ երբ Աստուած այս գործը կը պահանջէ մեզմէ, ասիկա շա՛տ մեծ բան մըն է։ Բայց արդեօք իրապէս շա՞տ մեծ բան մըն է։
Ինչո՛ւ Կրնայ Դժուար Թուիլ
18. Երբ Եհովայի մեզմէ պահանջածը ընելու համար տառապինք, ի՞նչ պէտք է յիշենք։
18 Ինչպէս տեսանք, Եհովա ամբողջ պատմութեան ընթացքին մարդոցմէ տարբեր բաներ պահանջած է։ Ճիշդ ինչպէս որ անոնցմէ պահանջուած բաները իրարմէ տարբեր էին, նոյնն էր պարագան անոնց ունեցած փորձութիւններու բնոյթին։ Աստուծոյ սիրելի Որդին ամենադժուար փորձութեանց ենթարկուեցաւ, վերջապէս ամենէն անողորմ կերպով սպաննուելով, քանի որ Աստուծոյ իրմէ պահանջուածը կ’ընէր։ Բայց մենք երբ կը տառապինք Եհովայի մեզմէ պահանջածը ընելու համար, պէտք է յիշենք որ ինք պատասխանատու չէ մեր փորձութիւններուն։ (Յովհաննու 15։18-20. Յակոբու 1։13-15) Սատանայի ըմբոստութիւնը մեղք, տառապանք եւ մահ բերաւ եւ ի՛նքն է որ այնպիսի պարագաներ ստեղծած է, որոնք Իր ծառաներէն Եհովայի պահանջածը կատարելը շատ կը դժուարացնեն։—Յոբայ 1։6-19. 2։1-8
19. Ինչո՞ւ առանձնաշնորհում մըն է ընել ինչ որ Աստուած մեզմէ պահանջած է իր Որդւոյն միջոցաւ։
19 Իր Որդւոյն միջոցաւ, Եհովա ըսած է որ այս վերջին ժամանակին մէջ, Իր ծառաները համերկրային ծանուցում պիտի ընէին, թէ մարդկային տառապանքին միակ լուծումը Թագաւորութեան իշխանութիւնն է։ Աստուծոյ այս կառավարութիւնը երկրի վրայէն բոլոր խնդիրները պիտի վերացնէ. պատերազմ, ոճիր, աղքատութիւն, ծերութիւն, հիւանդութիւն եւ մահ։ Թագաւորութիւնը երկրային փառաւոր դրախտ մըն ալ պիտի բերէ, ուր նոյնիսկ մեռելները պիտի յարուցանուին։ (Մատթէոս 6։9, 10. Ղուկաս 23։43. Գործք 24։15. Յայտնութիւն 21։3, 4) Ի՜նչ առանձնաշնորհում է այսպիսի բաներու բարի լուրը ծանուցանել։ Յստակ է ուրեմն, որ Եհովայի մեզմէ պահանջուածին մէջ խնդիր մը չկայ։ Երբ մենք հակառակութեան կը հանդիպինք, Բանսարկու Սատանան եւ այս աշխարհը պատասխանատու են ասոր։
20. Բանսարկուին կողմէ ներկայացուած որեւէ դժուարութիւն ի՞նչպէս կրնանք դիմակալել։
20 Սատանայի կողմէ ներկայացուած որեւէ դժուարութիւն ի՞նչպէս կրնանք դիմակալել։ Հետեւեալ խօսքերը ի մտի ունենալով. «Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէսզի [զիս] անարգողին պատասխան տամ»։ (Առակաց 27։11) Երկրի վրայ Եհովայի կամքը կատարելու համար երկնքի մէջ իր ապահով կեանքը ձգելով, Յիսուս Սատանայի անարգանքին դէմ պատասխան մը հայթայթեց Եհովայի։ (Եսայեայ 53։12. Եբրայեցիս 10։7) Որպէս մարդ, Յիսուս իր վրայ եկած բոլոր փորձութիւններուն նոյնիսկ՝ ցիցի մը վրայ մահուան, տոկաց։ Եթէ որպէս մեր Տիպարը իրեն հետեւինք, մե՛նք ալ կրնանք տառապանքներու տոկալ եւ ընել ինչ որ Եհովա մեզմէ կը պահանջէ։—Եբրայեցիս 12։1-3
21. Եհովայի եւ իր Որդւոյն ցուցաբերած սիրոյն հանդէպ ի՞նչ կը զգաք։
21 Աստուած եւ իր Որդին ի՜նչ մեծ սէր ցոյց տուած են մեզի հանդէպ։ Յիսուսի զոհագործութեան շնորհիւ, հնազանդ մարդկութիւնը Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրելու հեռանկարը ունի։ Ուստի, թոյլ չտանք որ որեւէ բան մթագնէ մեր յոյսը։ Ընդհակառակը, անհատապէս Պօղոսի նման թող որ մեր սրտին ալ խօսի այն ինչ որ Յիսուս կարելի դարձուց։ Պօղոս ըսաւ. ‘Աստուծոյ Որդին զիս սիրեց ու իր անձը ինծի համար մատնեց’։ (Գաղատացիս 2։20) Իսկ, սրտագին երախտապարտութիւն ցոյց տանք մեր սիրալիր Աստուծոյն՝ Եհովայի, որ բնաւ շատ չի պահանջեր մեզմէ։
Ի՞նչպէս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Եհովա ներկայիս մեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ։
◻ Առաքեալներուն հետ կատարած իր վերջին ընթրիքի ընթացքին, Քրիստոս սիրոյ կարեւորութիւնը ի՞նչպէս շեշտեց։
◻ Ի՞նչպէս կ’ապացուցանենք որ Աստուած կը սիրենք։
◻ Ինչո՞ւ առանձնաշնորհում է ընել այն ինչ որ Եհովա մեզմէ կը պահանջէ։
[Նկար՝ էջ 23]
Յիսուս իր առաքեալներուն ոտքերը լուալով ի՞նչ դաս սորվեցուց
[Նկար՝ էջ 25]
Ի հեճուկս հակառակութեան, բարի լուրը բաժնելը հաճելի առանձնաշնորհում մըն է