Ինչո՞ւ այսքան քիչ է ժամանակը
ԺԱՄԱՆԱԿ։ Թերեւս դժուար գտնէք այս բառը ճշգրտօրէն սահմանել, բայց վստահաբար գիտենք որ բնաւ չենք կրնար բաւարար ժամանակ ունենալ։ Գիտենք նաեւ որ ան արագօրէն կ’անցնի։ Արդարեւ, յաճախ հառաչելով կ’ըսենք. «Ժամանակը կը թռի»։
Այսուհանդերձ, Անգլիացի բանաստեղծ Օսթին Տոպսըն այս մասին ճշմարտութեան մօտեցաւ, երբ 1877–ին գրեց. «Ժամանակը կ’անցնի՞ կ’ըսէք։ Աւա՜ղ ո՛չ. ժամանակը կը կենայ, մե՛նք է որ կ’անցնինք»։ 1921–ին իր մահէն ի վեր, Տոպսըն գրեթէ 80 տարիէ գացած է, բայց ժամանակը շարունակուած է։
Առատ Ժամանակ
Մարդուն Ստեղծիչին մասին, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Լեռներուն ծնանելէն առաջ՝ երկրի եւ աշխարհի ստեղծուելէն առաջ՝ յաւիտենից մինչեւ յաւիտեանս դո՛ւն ես Աստուած»։ (Սաղմոս 90։2) Ուստի ժամանակը պիտի գոյատեւէ այնքան ատեն որքան Աստուած գոյութիւն ունի, ուստի՝ յաւիտեա՛ն։
Իր տրամադրութեան տակ յաւիտեան ժամանակ ունեցող Աստուծոյ ճիշդ հակառակը, մարդոց մասին կը կարդանք. «Մեր բոլոր օրերը քու բարկութիւնովդ կ’անցնին, մեր տարիները՝ ցնորքի մը պէս։ Մեր կեանքի տարիները եօթանասուն են. եթէ զօրութիւնով ութսուն ալ ըլլան, տակաւին անոնց փառքը աշխատանք ու ցաւ է, վասն զի անոնք շուտով կ’անցնին ու մենք կը թռչինք»։—Սաղմոս 90։9, 10
Ներկայիս կեանքը ինչո՞ւ այսքան կարճ է, երբ Աստուածաշունչը յստակօրէն կը սորվեցնէ որ մարդուն համար Աստուծոյ նպատակն էր որ մարդը յաւիտեան ապրէր։ (Ծննդոց 1։27, 28. Սաղմոս 37։29) Փոխանակ Աստուծոյ նպատակին համաձայն անվերջ կեանքի երկարութիւն ունենալու, ինչո՞ւ սովորաբար մարդիկ լաւագոյն պայմաններու ներքեւ իսկ, միջին հաշուով 30,000 օրէն նուազ կեանք մը ունին։ Մարդիկ ինչո՞ւ ա՛յսքան քիչ ժամանակ ունին։ Ո՞վ կամ ի՛նչ բան պատասխանատու է այս տխուր կացութեան։ Աստուածաշունչը յստակ եւ գոհացուցիչ պատասխաններ կը հայթայթէ։a
Հետզհետէ Աւելի Նուազ Ժամանակ
Տարեցները պիտի հաստատեն որ այս վերջին տասնամեակներուն, կեանքը աւելի արագ կ’ընթանայ։ Լրագրող մը՝ Տոքթ. Սիպիլ Ֆրիթչ նշեց թէ անցեալ 200 տարիներուն, շաբաթական աշխատանքը 80 ժամէն 38–ի իջած է, «սակայն ասիկա չէ կասեցուցած մեր գանգատը»։ Ան ասիկա պարզեց, ըսելով. «Ժամանակ չկայ. ժամանակը ոսկի է. ժամանակի շա՛տ մեծ պահանջ ունինք, ինչպէս՝ շնչելու. վազէվազ կեանք մըն է»։
Նոր գիւտեր պատեհութիւններու եւ կարելիութիւններու դուռ բացած են, որոնց մասին չէին կրնար երազել իսկ նախկին սերունդները։ Բայց ո՛րքան մեծ ըլլայ այլազան գործունէութիւններու մասնակից ըլլալու կարելիութիւնը, զանոնք ընելու համար շատ քիչ ժամանակ ունենալու ընդվզումը ա՛յնքան աւելի մեծ կ’ըլլայ։ Ներկայիս, աշխարհի շատ մը մասերուն մէջ, մարդիկ ժամացոյցով կ’ապրին, մէկ ժամկէտէն միւսին վազելով։ Հայրը պէտք է տունէն դուրս ելլէ ժամը կ.ա. 7։00–ին, մայրը պզտիկները դպրոց պէտք է հասցնէ կ.ա. 8։30–ին, մեծ–հայրը բժիշկին հետ ժամադրութիւն ունի կ.ա. 9։40–ին եւ բոլորս ալ պէտք է կ.ե. 7։30–ին պատրաստ ըլլանք կարեւոր ժողովի մը համար։ Մէկ ժամկէտէն միւսին ետեւէն վազելով, ուրիշ որեւէ զբօսանքի համար գրեթէ ժամանակ չի մնար. ուստի կը գանգատինք առօրեայ տաղտկալի աշխատանքին, վազվզուքին համար։
Քիչ Ժամանակ Ունենալու Մէջ Առանձին Չենք
Աստուծոյ Հակառակորդը՝ Բանսարկու Սատանան, որու խորամանկ ծրագիրները պատճառ եղան մարդուն կեանքի կարճատեւութեան, հիմա ինքն իր ամբարշտութեան զոհը դարձած է։ (Համեմատել՝ Գաղատացիս 6։7, 8) Երկնքի մէջ Մեսիական Թագաւորութեան ծնունդին մասին խօսելով, Յայտնութիւն 12։12–ը յոյսի պատճառ մը կու տայ մեզի, երբ կ’ըսէ. «Ասոր համար ուրախացէք, ո՛վ երկինք ու անոր մէջ բնակողներ. վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասն զի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։
Աստուածաշունչի վստահելի ժամանակագրութեան ու մարգարէութեանց կատարման համաձայն, հիմա կ’ապրինք այդ «քիչ ժամանակ»ի վերջաւորութեան։ Ի՜նչ ուրախութիւն է գիտնալ թէ Սատանայի ժամանակը շատ շուտով լրիւ պիտի վերջանայ։ Անգամ մը որ ան մէջտեղէն վերցուի, հնազանդ մարդիկ կատարելութեան պիտի բերուին եւ պիտի կարենան հասնիլ այն յաւիտենական կեանքին, որ սկիզբէն իսկ Եհովայի նպատակն էր իրենց համար։ (Յայտնութիւն 21։1-4) Այն ատեն, ժամանակի պակաս պիտի չունենանք այլեւս։
Կրնա՞ք երեւակայել թէ ի՛նչ պիտի նշանակէ յաւիտենական կեանք ունենալ՝ յաւիտեան ապրիլ։ Այլեւս չկատարուած գործերու մտատանջութիւնը բնաւ պիտի չունենաք։ Եթէ աւելի ժամանակի պէտք ունենաք, վաղը, յաջորդ շաբաթը, կամ յաջորդ տարին ունիք. այո՝ ձեր առջեւ ընդարձակ յաւիտենականութիւնը տարածուած է։
Հիմա Մեր Ունեցած Ժամանակը Իմաստուն Կերպով Գործածենք
Սատանան գիտակցելով որ մարդոց վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու իր ժամանակը սահմանափակուած է, կը շարունակէ մարդիկը ա՛յնքան զբաղած պահել որ անոնք Աստուծոյ հաստատուած Թագաւորութեան բարի լուրին մտիկ ընելու ժամանակ չունենան։ Հետեւաբար, պէ՛տք է աստուածային այս խրատին ականջ տանք. «Նայեցէք որ զգուշութեամբ քալէք, ո՛չ թէ անմիտներու պէս, հապա իմաստուններու պէս։ Ժամանակը ծախու առէք, վասն զի օրերս չար են։ Անոր համար անմիտ մի՛ ըլլաք, հապա իմացէք թէ ի՞նչ է Տէրոջը կամքը»։—Եփեսացիս 5։15-17
Ո՛րքան կենսական է որ մեր ժամանակը իմաստուն կերպով գործածենք մեծագոյն կարեւորութիւն ունեցող բաներուն համար, քան թէ զայն վատնենք մնայուն օգուտ չբերող անպէտ հետապնդումներով։ Մովսէսի ունեցած նոյն կեցուածքը պէտք է մշակենք, որ Եհովայի սրտանց պաղատեցաւ. «Այնպէս սորվեցուր մեզի մեր օրերը համրել, որ սրտի իմաստութիւն ստանանք»։—Սաղմոս 90։12
Ճիշդ է որ ներկայ աշխարհին մէջ ամէն մարդ զբաղած է։ Հակառակ ասոր, Եհովայի Վկաները ջերմօրէն կը յորդորեն ձեզ որ ձեր թանկագին ժամանակին մէկ մասը տրամադրէք Աստուծոյ պահանջներուն մասին սորվելու, որպէսզի իր Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ յաւիտենական կեանք ձեռք ձգէք։ Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար ուսումնասիրելու՝ ‘Տէրոջը կամքին ի՛նչ ըլլալը իմանալու’ համար շաբաթը ժամ մը տրամադրելը, կարելի պիտի դարձնէ որ անձամբ տեսնէք այս խօսքերուն կատարումը. «Չարութենէ ետ կեցի՛ր ու բարութիւն ըրէ՛ եւ յաւիտեան պիտի մնաս։ Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։—Սաղմոս 37։27, 29
[Ստորանիշ]
a Տես՝ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքը, գլուխ 6, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։