Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ99 10/1 էջ 17-21
  • Կրնա՛ք մինչեւ վերջը համբերել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կրնա՛ք մինչեւ վերջը համբերել
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Պատշաճ Սննդառութիւնը Պայման Է
  • Ձեզ Խթանող Հանդիսատեսներ
  • Ձեր Քայլերը Իմաստուն Կերպով Նետեցէք
  • Մրցանակին Վրայ Սեւեռեցէք Ձեր Աչքերը
  • Մինչ Վախճանը Աւելի կը Մօտենայ
  • Տոկունութեամբ մրցավազքը վազէ՛
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Կեանքի վազքին մէջ ինչպէ՞ս կը վազէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • «Այնպէս վազեցէք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Կեանքի վազքին մէջ մի՛ հեղգանաք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
դ99 10/1 էջ 17-21

Կրնա՛ք մինչեւ վերջը համբերել

«Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 12։1

1, 2. Ի՞նչ կը նշանակէ համբերել։

«ՊԷՏՔ է ձեզի համբերութիւն», գրեց Պօղոս առաքեալ առաջին դարու Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն։ (Եբրայեցիս 10։36) Այս յատկութեան կարեւորութիւնը ընդգծելով, Պետրոս առաքեալ ալ հետեւեալ յորդորը տուաւ Քրիստոնեաներուն. «Ձեր հաւատքին վրայ . . . աւելցուցէք . . . համբերութիւն»։ (Բ. Պետրոս 1։5, 6) Բայց ճիշդ ի՞նչ է համբերութիւնը։

2 Յունարէն–Անգլերէն բառագիրք մը «համբերել» թարգմանուած Յունարէն բայը կը սահմանէ որպէս՝ «փոխանակ փախչելու՝ կենալ . . . իր դիրքին վրայ հաստատ մնալ, տոկալ»։ Յունարէն «համբերութիւն» գոյականին մասին, աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ. «Անիկա [համբերութիւնը] այն հոգին է որ կրնայ խնդիրներու տոկալ, ոչ թէ պարզապէս համակերպելով, այլ, բոցակէզ յոյսով . . . Անիկա այն յատկութիւնն է, որ մարդը ոտքի կը կեցնէ, իր երեսը ընդդէմ հովին։ Անիկա այն առաքինութիւնն է, որ ամենադժուար փորձութիւնը՝ փառքի կը փոխէ, քանի որ ցաւերէն անդին կը տեսնէ նպատակը»։ Ուստի, համբերութիւնը կարող կը դարձնէ որ անհատ մը հաստատ մնայ արգելքներու եւ դժուարութիւններու դիմաց՝ առանց իր յոյսը կորսնցնելու։ Մասնաւորաբար որո՞նք այս յատկութեան կարիքը ունին։

3, 4. (ա) Որո՞նք համբերութեան կարիքը ունեցած են։ (բ) Ինչո՞ւ մինչեւ վերջ պէտք է համբերենք։

3 Բոլոր Քրիստոնեաներն ալ այլաբանօրէն մրցավազքի մը կը մասնակցին, որ համբերութիւն կը պահանջէ։ Հ.Դ. 65–ի ատենները, Պօղոս առաքեալ իր գործակիցին ու հաւատարիմ ուղեկիցին՝ Տիմոթէոսի, հետեւեալ խրախուսիչ խօսքերը գրեց. «Բարի պատերազմը պատերազմեցայ, ընթացքը կատարեցի, հաւատքը պահեցի»։ (Բ. Տիմոթէոս 4։7) «Ընթացքը կատարեցի» ըսելով, Պօղոս որպէս Քրիստոնեայ իր կեանքը կը բաղդատէր, որոշուած ընթացք մը եւ աւարտագիծ մը ունեցող մրցավազքի մը։ Այդ ժամանակ, Պօղոս յաղթականօրէն կը մօտենար մրցավազքի աւարտին եւ վստահութեամբ կը սպասէր վարձքի հատուցման։ Ան շարունակեց ըսել. «Ասկէ յետոյ կայ ու կը մնայ ինծի արդարութեան պսակը, որ Տէրը՝ արդար Դատաւորը՝ պիտի հատուցանէ ինծի այն օրը»։ (Բ. Տիմոթէոս 4։8) Պօղոս վստահ էր որ հատուցում պիտի ստանար, քանի որ մինչեւ վերջ համբերած էր։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին։

4 Այս մրցավազքին մասնակցողները խրախուսելու համար, Պօղոս գրեց. «Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը»։ (Եբրայեցիս 12։1) Որպէս Քրիստոնեաներ, համբերութիւն պահանջող այս մրցավազքին մէջ կը մտնենք, երբ մենք մեզ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ Եհովա Աստուծոյ կը նուիրենք։ Աշակերտութեան ընթացքին մէջ լաւ կերպով սկսիլը կարեւոր է, բայց հիմնականը այն է որ այս ընթացքը աւարտենք։ Յիսուս ըսաւ. «Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի»։ (Մատթէոս 24։13) Այս ընթացքը յաջողութեամբ աւարտողներուն սպասող մրցանակը՝ յաւիտենական կեանք է։ Ուստի, մեր մտքին մէջ նպատակակէտ մը ունենալով, մինչեւ վերջ պէտք է համբերենք։ Ի՞նչ բան պիտի օգնէ այդ նպատակակէտին հասնելու։

Պատշաճ Սննդառութիւնը Պայման Է

5, 6. (ա) Կեանքի մրցավազքին մէջ համբերելու համար, ի՞նչ բանի ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք։ (բ) Հոգեւոր ո՞ր հայթայթումներէն պէտք է օգտուինք եւ ինչո՛ւ։

5 Յունաստանի Կորնթոս քաղաքին մօտ կը կատարուէին երբեմնի հռչակաւոր Իսթմեան Խաղերը։ Անշուշտ, Պօղոս տեղեակ էր որ հոն կատարուած մարմնամարզական եւ այլ մրցումներուն ծանօթ էին Կորնթացի եղբայրները։ Իրենց ունեցած տեղեկութիւնը գործածելով, անոնց վերյիշեցուց այն մրցավազքը որու մէջ մտած էին. «Չէ՞ք գիտեր ասպարէզին մէջ վազողները։ Իրաւ ամէնքը կը վազեն, բայց մէ՛կը կ’առնէ մրցանակը։ Այնպէս վազեցէք, որ հասնիք»։ Պօղոս ընդգծեց մրցավազքին մէջ մնալու եւ մինչեւ աւարտագիծ առաջ նետուելու կարեւորութիւնը։ Բայց ի՞նչ բան պիտի օգնէր որ ասիկա ընէին։ «Ամէն ով որ կը մրցի, ամէն բանի մէջ չափաւորութիւն կը պահէ», ըսաւ ան։ Այո, անցեալի խաղերու մրցորդները խիստ մարզումի կ’ենթարկուէին, բծախնդրաբար հոգ կը տանէին իրենց կերած ու խմած բաներուն եւ իրենց ամէն գործունէութեան վրայ կը հսկէին՝ որպէսզի շահէին։—Ա. Կորնթացիս 9։24, 25

6 Ի՞նչ կրնանք ըսել այն մրցավազքին մասին, որու ձեռնարկած են Քրիստոնեաները։ «Ձեր հոգեւոր սննդառութեան ուշադրութիւն պէտք է ընէք, եթէ կեանքի մրցավազքին մէջ կ’ուզէք տոկալ», կ’ըսէ երէց մը, որ կը ծառայէ Եհովայի Վկաներու ժողովքի մը մէջ։ Նկատի առէք թէ Եհովա՝ ‘համբերութեան Աստուածը’, հոգեւոր ի՛նչ կերակուր հայթայթած է մեզի։ (Հռովմայեցիս 15։5) Մեր հոգեւոր սննդառութեան գլխաւոր աղբիւրը իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչն է։ Պէտք չէ՞ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան լաւ յայտագիր մը պահենք։ «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ, Եհովա ժամանակայարմար պարբերաթերթեր ալ հայթայթած է՝ Դիտարան–ը ու Զարթի՛ր–ը, ինչպէս նաեւ Սուրբ Գրքի վրայ հիմնուած ուրիշ գրականութիւններ։ (Մատթէոս 24։45) Այս բոլորը ջանադրութեամբ ուսումնասիրելը մեզ հոգեւորապէս պիտի զօրացնէ։ Այո, ժամանակ պէտք է յատկացնենք, ‘ժամանակը ծախու առնենք’ անձնական ուսումնասիրութեան համար։—Եփեսացիս 5։16

7. (ա) Քրիստոնէական հիմնական վարդապետութիւնները պարզապէս գիտնալով ինչո՞ւ պէտք չէ բաւարարուինք։ (բ) Ինչպէ՞ս կրնանք ‘հասունութեան դիմել’։

7 Քրիստոնէական աշակերտութեան ընթացքին մէջ մնալու համար, պէտք է «նախնական սորվելիքներ»էն անդին երթանք եւ «կատարելութեան [«հասունութեան», ՆԱ] դիմենք»։ (Եբրայեցիս 6։1) Ուստի, ճշմարտութեան ‘լայնութեան ու երկայնութեան եւ խորութեան ու բարձրութեան’ հանդէպ հետաքրքրութիւն պէտք է զարգացնենք, եւ ‘չափահասներուն համար եղած հաստատուն կերակուրով’ սնուցանուինք։ (Եփեսացիս 3։18. Եբրայեցիս 5։12-14) Առէք, զոր օրինակ, երկրի վրայ Յիսուսի կեանքին չորս վստահելի պատմութիւնները՝ Մատթէոսի, Մարկոսի, Ղուկասի եւ Յովհաննէսի Աւետարանները։ Այս Աւետարաններուն արձանագրութիւնները ուշադրութեամբ սերտելով, ո՛չ միայն կը սորվինք Յիսուսի կատարած գործերուն ու իր անձնաւորութեան մասին, այլ նաեւ՝ իր արարքներուն ետին եղող մղիչ ոյժն ալ կը հասկնանք։ Այդ կերպով «Քրիստոսին միտքը» կրնանք ունենալ։—Ա. Կորնթացիս 2։16

8. Քրիստոնէական ժողովները ի՞նչպէս կ’օգնեն մեզի որ կեանքի մրցավազքին մէջ համբերենք։

8 Պօղոս իր հաւատակիցներուն հետեւեալ խրատը տուաւ. «Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք»։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Քրիստոնէական ժողովները քաջալերութեան ի՜նչ հոյակապ աղբիւր մըն են։ Իսկ որքա՜ն թարմացուցիչ է սիրալիր եղբայրներու եւ քոյրերու հետ գտնուիլ, որոնք մեզմով հետաքրքրուած են եւ կ’ուզեն օգնել մեզի որ մինչեւ վերջ տոկանք։ Եհովայէ եկած այս սիրալիր հայթայթումը չենք ուզեր թեթեւի առնել։ Ջանադիր անձնական ուսումնասիրութեամբ եւ ժողովներու կանոնաւոր յաճախելով, թող որ «մտքով՝ չափահաս» ըլլանք։—Ա. Կորնթացիս 14։20

Ձեզ Խթանող Հանդիսատեսներ

9, 10. (ա) Հանդիսատեսները ի՞նչ կերպով կրնան քաջալերութեան աղբիւր մը ըլլալ համբերութիւն պահանջող վազքին մէջ։ (բ) Եբրայեցիս 12։1–ի ‘մեզ պաշարող ամպը’ ի՞նչ է։

9 Սակայն, վազող մը որքան ալ լաւ պատրաստուած ըլլայ, ճամբու ընթացքին այնպիսի բաներ կրնան պատահիլ որ իր տատանելուն պատճառ կրնան ըլլալ։ «Դուք աղէկ կը վազէիք. ո՞վ ձեզ ետ կեցուց՝ որ ճշմարտութեան չհնազանդիք», հարցուց Պօղոս։ (Գաղատացիս 5։7) Այնպէս կ’երեւնայ որ Գաղատացի Քրիստոնեաներէն ոմանք չար ընկերակցութիւն ունեցան եւ որպէս հետեւանք, կեանքի մրցավազքէն հեռացան։ Միւս կողմէ, ուրիշներու կողմէ տրուած աջակցութիւնը եւ քաջալերութիւնը կրնայ մրցավազքին տոկալը աւելի դիւրացնել։ Ասիկա ճիշդ կը նմանի խաղի մը ժամանակ մասնակցողներուն վրայ հանդիսականներուն ունեցած ազդեցութեան։ Խանդավառ ամբոխներ աւելի կ’ոգեւորեն, եւ ասիկա կը խթանէ մրցումին մասնակցողները՝ սկիզբէն մինչեւ վերջ։ Դիտողներուն ուրախ բացագանչութիւնները, որոնց յաճախ կ’ընկերակցին բարձր երաժշտութիւն եւ ծափահարութիւն, կրնան յաւելեալ խթանում տալ մասնակցողներուն, որու պէտք ունին, մինչ կը մօտենան աւարտին։ Արդարեւ, կարեկից հանդիսատեսներ կրնան դրական ազդեցութիւն մը ունենալ մրցավազքին մասնակցողներուն վրայ։

10 Քրիստոնեաներուն ձեռնարկած կեանքի մրցավազքին մէջի հանդիսատեսները որո՞նք են։ Եբրայեցիս 11–րդ գլուխին մէջ արձանագրուած Եհովայի նախաքրիստոնէական հաւատարիմ վկաները թուելէ ետք, Պօղոս գրեց. «Ուստի մենք ալ, որ այսչափ վկաներու ամպով շրջապատուած ենք, ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք եւ մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը։ Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը»։ (Եբրայեցիս 12։1, ստորանիշ) Երբ ամպի փոխաբերութիւնը կը գործածէ, Պօղոս Յունարէն այն բառը չի գործածեր որ որոշ չափ եւ ձեւ ունեցող ամպ մը կը բնութագրէ։ Այլ կը գործածէ այն բառը որ, ըստ բառարանագիր Ու. Ի. Վայնի, «կը նշէ երկինքը ծածկող ամպոտ, անձեւ զանգուած մը»։ Ուստի, Պօղոս իր մտքին մէջ ունէր վկաներու հսկայ բազմութիւնը, այնքան շատ, որ ամպի զանգուածի մը կը նմանէին։

11, 12. (ա) Նախաքրիստոնէական հաւատարիմ վկաները ի՞նչպէս կրնան մեզ ոգեւորել, որպէսզի համբերութեամբ վազենք։ (բ) ‘Վկաներու մեծ ամպէն’ ի՞նչպէս կրնանք աւելի լման կերպով օգտուիլ։

11 Նախաքրիստոնէական հաւատարիմ վկաները կրնա՞ն բառացիօրէն արդի հանդիսատեսները ըլլալ։ Քիչ մը դժուար է։ Անոնք մահուան քունին մէջ են եւ յարութեան կը սպասեն։ Սակայն, անոնք իրենց ողջութեան յաջողակ վազողներ էին եւ անոնց օրինակը Աստուածաշունչի էջերուն ընդմէջէն կ’ապրի։ Մինչ Սուրբ Գիրքը կ’ուսումնասիրենք, այս հաւատարիմները մեր մտքին մէջ կը կենդանանան եւ մեզ կ’ոգեւորեն, որպէսզի մրցավազքին մէջ մինչեւ վերջը վազենք։—Հռովմայեցիս 15։4a

12 Օրինակ, երբ աշխարհային փորձիչ պատեհութիւններու դիմաց գտնուինք, Մովսէսի Եգիպտոսի փառքերը մերժելը մեզ չի՞ մղեր որ վազքին մէջ մնանք։ Եթէ մեր դիմագրաւելիք փորձութիւնը խիստ թուի, վստահաբար իր որդին՝ Իսահակը մատուցանելու Աբրահամի դիմագրաւած դժուար փորձութիւնը մեզ պիտի քաջալերէ որ հաւատքի մրցումէն չհրաժարինք։ Այս վկաներու ‘մեծ ամպ’ին մեզ խթանելու տարողութիւնը կախեալ է թէ մենք ո՛րքան յստակօրէն կը տեսնենք զանոնք մեր հաւատքի աչքերով։

13. Եհովայի արդի Վկաները ի՞նչպէս կեանքի մրցավազքին մէջ մեզ կը խթանեն։

13 Արդի օրերուն, մենք ալ Եհովայի Վկաներու հսկայ բազմութիւն մը ունինք մեր շուրջը։ Օծեալ Քրիստոնեաները, ինչպէս նաեւ, ‘մեծ բազմութենէն’ այրեր ու կիներ հաւատքի ի՜նչ հոյակապ տիպարներ եղած են։ (Յայտնութիւն 7։9) Այս պարբերաթերթին եւ Դիտարանի այլ գրականութիւններուն մէջ, երբեմն կը կարդանք անոնց մասին։b Երբ մտածենք անոնց հաւատքին մասին, մենք ալ կը քաջալերուինք որ մինչեւ վերջ տոկանք։ Իսկ ի՜նչ հոյակապ է մտերիմ բարեկամներու եւ ազգականներու աջակցութիւնը վայելել, որոնք իրենց կարգին հաւատարմօրէն կը ծառայեն Եհովայի։ Այո, հաւատքի մրցավազքին մէջ մեզ խթանողները շատ են։

Ձեր Քայլերը Իմաստուն Կերպով Նետեցէք

14, 15. (ա) Ինչո՞ւ կարեւոր է որ մեր քայլերը իմաստուն կերպով նետենք։ (բ) Նպատակակէտեր դնելու մէջ ինչո՞ւ բանաւոր պէտք է ըլլանք։

14 Երբ մարաթոնի նման երկար մրցավազքի մը կը մասնակցի, վազող մը իր քայլերը իմաստուն կերպով պէտք է նետէ։ «Շատ արագ վազելուն արդիւնքը կրնայ ձախողութիւն ըլլալ», կ’ըսէ Տը Նիւ Եորք Ռանըր պարբերաթերթը։ «Հաւանական արդիւնքը կրնայ ըլլալ կա՛մ վերջին քանի մը մղոններուն երկար պայքար մը, կամ՝ հրաժարիլ»։ Մարաթոնական մը կը յիշէ. «Դասախօսութիւն մը ունկնդրեցի մրցավազքի նախապատրաստութեան մասին, որուն մէջ դասախօսը յստակօրէն զգուշացուց. ‘Մի՛ փորձէք արագ վազողներուն հետ քայլ պահել։ Ձեր գնացքով վազեցէք։ Եթէ ոչ՝ ուժասպառ պիտի ըլլաք եւ թերեւս ստիպուած ըլլաք հրաժարիլ’։ Այս խրատին մտիկ ընելը ինծի օգնեց որ վազքը աւարտեմ»։

15 Կեանքի մրցավազքին մէջ, Աստուծոյ ծառաները պէտք է շատ մեծ ջանք թափեն։ (Ղուկաս 13։24) Սակայն, Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Վերին իմաստութիւնը . . . բանաւոր է»։ (Յակոբու 3։17, ՆԱ) Թէեւ ուրիշներուն լաւ օրինակը կրնայ մեզ քաջալերել որ աւելին ընենք, բայց բանաւորութիւնը պիտի օգնէ որ մեր կարողութիւններուն ու պարագաներուն համաձայն իրապաշտ նպատակակէտեր դնենք։ Աստուածաշունչը մեզի կը յիշեցնէ՝ «Ամէն մարդ իր գործը թող կշռէ ու ետքը միայն իր անձին վրայ թող պարծենայ, ո՛չ թէ ուրիշին վրայ։ Վասն զի ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ»։—Գաղատացիս 6։4, 5

16. Համեստութիւնը մեր քայլերը նետելու ի՞նչպէս կ’օգնէ։

16 Միքիայ 6։8–ի մէջ, միտք գրգռող հետեւեալ հարցումը ուղղուած է. «Տէրը քեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ, բայց միայն . . . խոնարհութիւնով [«համեստութիւնով», ՆԱ] քու Աստուծոյդ հետ քալել»։ Համեստութիւնը կը ներփակէ գիտակցիլ որ սահմանափակ ենք։ Վատառողջութիւնը կամ յառաջացած տարիքը Աստուծոյ ծառայութեան մէջ որոշ սահմանափակումներ դրա՞ծ են մեր վրայ։ Չյուսահատի՛նք։ Եհովա մեր ջանքերն ու զոհողութիւնները կ’ընդունի ‘մեր ունեցածին չափովը ու ոչ թէ չունեցածին չափովը’։—Բ. Կորնթացիս 8։12. համեմատել՝ Ղուկաս 21։1-4

Մրցանակին Վրայ Սեւեռեցէք Ձեր Աչքերը

17, 18. Ի՞նչ բան իր դիմաց ունենալով է որ Յիսուս տանջանքի ցիցին տոկաց։

17 Կորնթացի Քրիստոնեաներուն մատնանշելէ ետք կեանքի մրցավազքին մէջ համբերելու կարիքը, Պօղոս Իսթմեան Խաղերու ուրիշ մէկ երեսակին հրաւիրեց անոնց ուշադրութիւնը։ Այդ խաղերու մրցորդներուն նկատմամբ Պօղոս գրեց. «Անոնք [կը վազեն] եղծանելի պսակը առնելու համար ու մենք՝ անեղծանելին։ Ուստի ես կը վազեմ, ոչ թէ անստուգութեամբ. ես բռնամարտութիւն կ’ընեմ, ոչ թէ հովը ծեծելով»։ (Ա. Կորնթացիս 9։25, 26) Այդ խաղերու ախոյեանին մրցանակն էր դափնիէ կամ ուրիշ բոյսէ, կամ նոյնիսկ չորցած տերեւներէ շինուած պսակ մը. իրապէս «եղծանելի պսակ» մը։ Սակայն, ի՞նչ կը սպասէ այն Քրիստոնեաներուն, որոնք մինչեւ վերջ կը համբերեն։

18 Մեր Տիպարին՝ Յիսուս Քրիստոսի ակնարկելով, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց ու Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ»։ (Եբրայեցիս 12։2) Յիսուս իր մարդկային կեանքին մինչեւ վերջը համբերեց, իր տանջանքի ցիցէն անդին՝ իր մրցանակը դիտելով։ Այդ մրցանակը իր մէջ կը պարփակէր Եհովայի անուան սրբացման նպաստելու իր ուրախութիւնը, մարդկային ընտանիքը մահուընէ փրկելով, եւ որպէս Թագաւոր ու Քահանայապետ իշխելով, ու հնազանդ մարդկութիւնը դրախտանման երկրի մը վրայ անվերջ կեանքի վերադարձնելով։—Մատթէոս 6։9, 10. 20։28. Եբրայեցիս 7։23-26

19. Մինչ քրիստոնէական աշակերտութեան ընթացքին հետամուտ կ’ըլլանք, մեր աչքին առջեւ ի՞նչ պէտք է պահենք։

19 Նկատի առէք մեր դիմաց դրուած ուրախութիւնը, մինչ քրիստոնէական աշակերտութեան ընթացքին հետամուտ կ’ըլլանք։ Եհովա մեզի տուած է Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութիւնը եւ Աստուածաշունչի կենսատու գիտութիւնը ուրիշներուն հաղորդելու շատ գոհացուցիչ գործը։ (Մատթէոս 28։19, 20) Ի՜նչ հաճելի է գտնել մէկը որ հետաքրքրուած է ճշմարիտ Աստուծմով եւ անոր օգնել, որ կեանքի մրցավազքին մէջ մտնէ։ Իսկ մեր քարոզած անհատներուն ընդառաջումը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, Եհովայի անունը սրբացնող գործին մէջ մասնակցութիւն բերելը առանձնաշնորհում մըն է։ Երբ՝ ի հեճուկս մեր թաղամասի մարդոց անտարբերութեան ու հակառակութեան, ծառայութեան մէջ կը համբերենք, Եհովայի սիրտը ուրախացնելու հաճոյքը կ’ունենանք։ (Առակաց 27։11) Իսկ իր խոստացած հոյակապ վարձքը՝ յաւիտենական կեանք է։ Ի՜նչ հաճոյալի պիտի ըլլայ անիկա։ Այս օրհնութիւնները մեր աչքին առջեւ պէտք է պահենք եւ մրցավազքին մէջ յարատեւենք։

Մինչ Վախճանը Աւելի կը Մօտենայ

20. Մինչ վախճանը աւելի կը մօտենայ, կեանքի մրցավազքը ինչո՞ւ կրնայ աւելի դժուարանալ։

20 Կեանքի մրցավազքին մէջ, մեր գլխաւոր թշնամիին՝ Բանսարկու Սատանային դէմ պէտք է պայքարինք։ Մինչ վախճանին կը մօտենանք, ան անխոնջօրէն կը փորձէ մեզ գայթակղեցնել կամ դանդաղեցնել։ (Յայտնութիւն 12։12, 17) Իսկ պատերազմներ, սովեր, համաճարակներ եւ «վերջին ժամանակ»ը յատկորոշող ուրիշ դժուարութիւններ ըլլալով հանդերձ, որպէս հաւատարիմ ու նուիրուած Թագաւորութեան հրատարակիչներ շարունակելը՝ դիւրին չէ։ (Դանիէլ 12։4. Մատթէոս 24։3-14. Ղուկաս 21։11. Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Ասկէ զատ, երբեմն վախճանը մեր ակնկալածէն հեռու կրնայ թուիլ, մանաւանդ եթէ այս մրցավազքին տասնեակ տարիներէ ձեռնարկած ենք։ Բայց Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը վստահեցնէ որ վախճանը պիտի գա՛յ։ Եհովա կ’ըսէ որ անիկա պիտի չուշանայ։ Վախճանը մեր տեսադաշտի ծիրին մէջ է։—Ամբակումայ 2։3. Բ. Պետրոս 3։9, 10

21. (ա) Ի՞նչ բան մեզ պիտի զօրացնէ, մինչ կեանքի մրցավազքին մէջ կը շարունակենք։ (բ) Ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր որոշումը, մինչ վախճանը աւելի կը մօտենայ։

21 Կեանքի մրցավազքին մէջ յաջողելու համար ուրեմն, մեր հոգեւոր սննդառութեան համար Եհովայի սիրալիր հայթայթումներէն ոյժ պէտք է առնենք։ Նաեւ պէտք ունինք այն քաջալերութեան որ նոյն մրցավազքին մէջ եղող մեր հաւատակիցներուն հետ կանոնաւորաբար ընկերակցելէն կը ստանանք։ Եթէ նոյնիսկ այս ճամբուն վրայ խիստ հալածանքներ եւ չնախատեսուած դէպքեր մեր վազքը դժուարացնեն, տակաւին կրնանք մինչեւ վերջ համբերել, քանի որ Եհովա «բնականէն գերիվեր եղող զօրութիւնը» կու տայ։ (Բ. Կորնթացիս 4։7, ՆԱ) Որքա՜ն մեզ կը խրախուսէ գիտնալ որ Եհովա կ’ուզէ որ մեր ընթացքը յաջողութեամբ աւարտենք։ Վճռենք ‘համբերութիւնով վազել մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը’, ամբողջովին վստահ ըլլալով որ «յարմար ժամանակին պիտի հնձենք՝ եթէ չթուլնանք»։—Եբրայեցիս 12։1. Գաղատացիս 6։9

[Ստորանիշ]

a Եբրայեցիս 11։1–12։3–ի մասին տեղեկութեանց համար տես Դիտարան 15 Յունուար 1987, էջ 10-20 (Անգլերէն)։

b Այսպիսի քաջալերական արդի պատմութիւններէն ոմանք կրնաք գտնել Դիտարան 1 Յունիս 1998, էջ 28-31–ի, 1 Սեպտեմբեր 1998, էջ 24-28–ի, 1 Փետրուար 1999, էջ 25-29–ի մէջ (Անգլերէն)։

Կը Յիշէ՞ք

◻ Ինչո՞ւ մինչեւ վերջ պէտք է համբերենք։

◻ Եհովայի ո՞ր հայթայթումները պէտք չէ անտեսենք։

◻ Մեր քայլերը իմաստուն կերպով նետելը ինչո՞ւ կարեւոր է։

◻ Մինչ մրցավազքին մէջ կը յարատեւենք, ի՞նչ ուրախութիւն կը սպասէ մեզի։

[Նկար՝ էջ 18]

Քրիստոնէական ժողովներէն քաջալերուեցէք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել