Եհովայի տալ այն՝ որու արժանի է
ՊԱՏՄՈՒԱԾ՝ ԹԻՄՈԼԷՈՆ ՎԱՍԻԼԻՈՒԻ ԿՈՂՄԷ
Իթոնոքորի գիւղին մէջ Աստուածաշունչ ուսուցանելուս պատճառաւ ձերբակալուած էի։ Ոստիկանները կօշիկներս հանեցին եւ սկսան ոտքերուս ներբաններուն հարուածներ տալ։ Մինչ ծեծը կը շարունակուէր, ոտքերս թմրեցան եւ այլեւս ցաւ չզգացի։ Այն օրերուն Յունաստանի մէջ սովորական եղող այս բիրտ վերաբերմունքին առաջնորդող պատճառները բացատրելէս առաջ, թոյլ տուէք որ ձեզի պատմեմ թէ ի՛նչպէս Աստուածաշունչի ուսուցիչ մը դարձայ։
ԾՆԱԾ եմ 1921–ին, անկէ քիչ ետք ընտանիքս հիւսիսային Յունաստանի Ռոտոլեվոս գիւղաքաղաքը փոխադրուեցաւ։ Պատանեկութեան տարիներուս, անկարգ կեանք մը վարեցի։ Երբ 11 տարեկան էի, ծխելու սկսայ։ Հետագային գինեմոլ ու խաղամոլ դարձայ. գրեթէ ամէն գիշեր անսանձ հաւաքոյթներու կ’երթայի։ Երաժշտութեան ձիրք ունէի, ուստի տեղական խումբի մը միացայ։ Գրեթէ մէկ տարուան մէջ, խումբին բոլոր նուագարանները արդէն կրնայի նուագել։ Սակայն, միեւնոյն ժամանակ ուսումնասէր էի եւ արդարութիւնը կը սիրէի։
1940–ի սկիզբը, մինչ Բ. Աշխարհամարտը աւերներ կը գործէր, մեր նուագախումբը կանչուեցաւ որ աղջնակի մը թաղման առթիւ նուագէ։ Գերեզմանին շուրջ, ազգականներ ու բարեկամներ անզուսպօրէն կ’ողբային։ Անոնց ամբողջական յուսահատութիւնը վրաս խոր տպաւորութիւն ձգեց։ Սկսայ հարց տալ. ‘Ինչո՞ւ կը մեռնինք։ Այս կարճատեւ գոյութենէն զատ ուրիշ կեանք մը կա՞յ։ Հարցումներուս պատասխանները ո՞ւր կրնամ գտնել’։
Քանի մը օր ետք, տանս մէջ դարակի մը վրայ Նոր Կտակարան մը նկատեցի։ Զայն առի եւ սկսայ կարդալ։ Երբ Մատթէոս 24։7–ի մէջ Յիսուսի խօսքերը կարդացի, ուր կը խօսէր իր ներկայութեան նշանին մաս կազմող համատարած պատերազմներու մասին, ըմբռնեցի թէ իր խօսքերը մեր ժամանակին պէտք էր կիրարկուէին։ Յաջորդ շաբաթներուն, Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները պարունակող այս գիրքը քանի մը անգամ կարդացի։
Ապա 1940–ի Դեկտեմբերին, այցելեցի մօտակայքը ապրող ընտանիքի մը, հինգ զաւակներով որբեւայրի մը։ Անոնց ձեղնայարկը գրքոյկներու կոյտի մը մէջ գտայ՝ Ցանկալի Կառավարութիւն մը բնաբանով գրքոյկ մը, հրատարակուած՝ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։ Ձեղնայարկը մնացի եւ ամբողջ գրքոյկը կարդացի։ Ինչ որ կարդացի լիովին համոզեց զիս թէ արդարեւ կ’ապրինք Աստուածաշունչի ըսած «վերջին օրեր»ուն մէջ, եւ թէ Եհովա Աստուած շուտով իրերու այս դրութեան վերջ պիտի դնէ ու զայն նոր աշխարհով մը պիտի փոխարինէ։—Բ. Տիմոթէոս 3։1-5. Բ. Պետրոս 3։13
Մասնաւորաբար զիս տպաւորողը սուրբ գրային այն ապացոյցներն էին, թէ հաւատարիմ անհատներ երկրային դրախտի մը մէջ յաւիտեան պիտի ապրէին, եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ եղող նոր աշխարհին մէջ այլեւս տառապանք ու մահ պիտի չըլլար։ (Սաղմոս 37։9-11, 29. Յայտնութիւն 21։3, 4) Մինչ կը կարդայի, աղօթեցի Աստուծոյ ու շնորհակալութիւն յայտնեցի այս բաներուն համար, եւ խնդրեցի իրմէ որ ինծի իր պահանջները ցոյց տայ։ Ինծի համար յստակ եղաւ որ Եհովա Աստուած իմ բոլորանուէր նուիրումիս արժանի էր։—Մատթէոս 22։37
Իմ Սորվածիս Համաձայն Գործեցի
Այդ վայրկեանէն սկսեալ, ծխելը, գինովնալը եւ բախտախաղը դադրեցուցի։ Որբեւայրիին հինգ զաւակները եւ իմ երկու քոյրերս ու եղբայրս հաւաքելով անոնց բացատրեցի ինչ որ գրքոյկէն սորված էի։ Շատ չանցած, բոլորս ալ սկսանք մեր ունեցած քիչ մը գիտութիւնը ուրիշներուն տարածել։ Համայնքին մէջ ճանչցուեցանք որպէս Եհովայի Վկաներ, թէեւ երբեք Վկայի մը չէինք հանդիպած։ Սկիզբէն իսկ, ամէն ամիս աւելի քան հարիւր ժամ կը տրամադրէի, ուրիշներուն պատմելու համար այն սքանչելի բաները զորս կը սորվէի։
Տեղւոյն Յոյն Ուղղափառ քահանաներէն մէկը, քաղաքապետին գնաց մեր մասին գանգատելու համար։ Բայց քանի մը օր առաջ, երիտասարդ Վկայ մը կորսուած ձի մը գտած եւ զայն իր տէրերուն վերադարձուցած էր. մենք ասկէ տեղեակ չէինք։ Այսպիսի պարկեշտութեան որպէս հետեւանք, քաղաքապետը կը յարգէր Վկաները, եւ մերժեց քահանային մտիկ ընել։
1941–ի Հոկտեմբերին, օր մը մինչ շուկային մէջ կը վկայէի, անհատ մը ըսաւ թէ մօտակայ գիւղաքաղաքի մը մէջ Եհովայի Վկայ մը կ’ապրէր։ Ան նախկին ոստիկան մըն էր, անունը՝ Խրիսդոս Թրիանդաֆիլու։ Զինք տեսնելու գացի եւ տեղեկացայ որ ան 1932–էն ի վեր Վկայ մըն էր։ Որքա՜ն ուրախացայ, երբ ինծի Դիտարանի Ընկերութեան հին գրականութիւններէն մեծ տրցակ մը տուաւ։ Ասոնք իրապէս օգնեցին ինծի որ հոգեւորապէս յառաջդիմեմ։
1943–ին, Աստուծոյ ծառայելու իմ նուիրումս խորհրդանշեցի ջուրի մկրտութեամբ։ Մինչ այդ, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարէի դրացի երեք գիւղերու՝ Տրավիսքոսի, Փալիոգոմիի եւ Մավրոլոֆոսի մէջ։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան համար կը գործածէի Աստուծոյ Քնարը գիրքը։ Հետագային, առանձնաշնորհումը ունեցայ այս շրջանին մէջ Եհովայի Վկաներու չորս ժողովքներու կազմուիլը տեսնելու։
Քարոզել՝ Հակառակ Արգելքներու
1944–ին, Յունաստան գերմանական գրաւումէն ազատագրուեցաւ։ Անկէ քիչ ետք Աթէնքի մէջ եղող Դիտարանի Ընկերութեան մասնաճիւղի գրասենեակին հետ հաղորդակցութեան կապեր հաստատուեցան։ Մասնաճիւղի գրասենեակը զիս հրաւիրեց քարոզելու թաղամասի մը մէջ, ուր գրեթէ ոեւէ մէկը Թագաւորութեան պատգամը լսած չէր։ Հոն փոխադրուելէս ետք, երեք ամիս ագարակի մը մէջ աշխատեցայ եւ տարուան մնացեալ մասը ծառայութեան յատկացուցի։
Այդ տարին ուրախութիւնը ունեցայ մօրս, ինչպէս նաեւ որբեւայրիին եւ անոր զաւակներուն մկրտութիւնները տեսնելու, ի բացառեալ անոր կրտսեր աղջկան՝ Մարիանթիին, որ 1943–ին մկրտուեցաւ ու այդ տարուան Նոյեմբերին իմ սիրելի կինս եղաւ։ Երեսուն տարի ետք, 1974–ին, հայրս ալ մկրտուած Վկայ մը եղաւ։
1945–ի սկիզբը, մասնաճիւղի գրասենեակէն առաջին բազմագրուած Դիտարան–ը ստացանք։ Անոր գլխաւոր յօդուածը կը կրէր՝ «Գացէ՛ք Բոլոր Ազգերը Աշակերտեցէք» բնաբանը։ (Մատթէոս 28։19) Մարիանթին ու ես անմիջապէս ձգեցինք մեր տունը, որպէսզի Սթրիմոն Գետին արեւելքը գտնուող հեռաւոր թաղամասերուն մէջ քարոզենք։ Հետագային, ուրիշ Վկաներ մեզի միացան։
Գիւղ մը երթալու համար յաճախ բոպիկ կը քալէինք, ձորերու ու լեռներու մէջէն մղոններ կտրելով։ Ասիկա կ’ընէինք մեր կօշիկները խնայելու համար, քանի որ մաշելու պարագային՝ ուրիշը չունէինք։ 1946-1949–ի տարիներուն, քաղաքացիական պատերազմը աւերներ կը գործէր Յունաստանի մէջ եւ ճամբորդելը շատ վտանգաւոր էր։ Ճամբուն վրայ փռուած դիակներ տեսնելը սովորական տեսարան մըն էր։
Դժուարութիւններու պատճառով յուսահատելու փոխարէն, շարունակեցինք եռանդունօրէն ծառայել։ Շատ անգամ սաղմոսերգուին նման զգացի, որ գրեց. «Թէեւ մահուան շուքի ձորին մէջ ալ պտըտիմ, չարէն պիտի չվախնամ, վասն զի դուն ինծի հետ ես, քու ցուպդ ու գաւազանդ՝ անոնք զիս պիտի մխիթարեն»։ (Սաղմոս 23։4) Այդ ժամանակամիջոցին, յաճախ շաբաթներով տունէն կը բացակայէինք, իսկ ես, երբեմն ամիսը 250 ժամ ծառայութեան կը յատկացնէի։
Մեր Ծառայութիւնը Իթոնոքորիի Մէջ
1946–ին մեր այցելած գիւղերէն մէկը Իթոնոքորին էր, որ բարձր լերան մը վրայ կը գտնուէր։ Հոն մարդու մը ծանօթացանք, որ մեզի ըսաւ թէ գիւղին մէջ երկու մարդ կային, որոնք կ’ուզէին Աստուածաշունչին պատգամը լսել։ Սակայն, իր դրացիներէն վախնալով, այս մարդը չուզեց մեզ անոնց քով տանիլ։ Ձեւով մը կրցանք անոնց տունը գտնել եւ լաւ ընդունելութեան մը արժանացանք։ Իրականութեան մէջ, քանի մը վայրկեան ետք, նստասենեակը մարդոցմով լեցուեցաւ։ Անոնք կա՛մ ազգականներ էին, կամ ալ՝ մտերիմ բարեկամներ։ Իրապէս զարմացայ երբ տեսայ թէ որքան ուշի ուշով մտիկ կ’ընէին մեզի։ Ետքը գիտցանք թէ անոնք ակնկառոյց կը սպասէին Եհովայի Վկաներուն հետ շփման մէջ գալ, բայց գերմանական գրաւման ընթացքին այդ շրջանին մէջ Վկայ չկար։ Ի՞նչ բան անոնց հետաքրքրութիւնը շարժած էր։
Երկու ընտանիքի գլուխները տեղական Համայնավար կուսակցութեան մէջ կարկառուն անդամներ էին, եւ ժողովուրդին համայնավարական գաղափարներ ներկայացուցած էին։ Ապա Դիտարանի Ընկերութեան կողմէ հրատարակուած Կառավարութիւն գրքէն օրինակ մը անոնց ձեռքը անցած էր։ Զայն կարդալէ ետք, անոնք համոզուած էին թէ կատարեալ, արդար կառավարութեան մը համար միակ յոյսը՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնն էր։
Մինչեւ կէս գիշեր այս մարդոց ու անոնց բարեկամներուն հետ խօսեցանք։ Անոնք լիովին գոհացում ստացան, իրենց հարցումներուն Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած պատասխաններ առնելով։ Սակայն, անկէ քիչ ետք գիւղին մէջի Համայնավարները զիս սպաննել դաւեցին, քանի որ իրենց նախկին առաջնորդներուն հաւատափոխութեան պատասխանատու կը նկատէին զիս։ Դիպուածով, այդ առաջին գիշերը ներկայ եղողներուն մէջ կը գտնուէր այն մարդը, որ ինծի խօսած էր գիւղին մէջ հետաքրքրուած անհատներուն մասին։ Ի վերջոյ, ան Աստուածաշունչի գիտութեան մէջ յառաջդիմեց, մկրտուեցաւ ու հետագային Քրիստոնեայ երէց մը եղաւ։
Բիրտ Հալածանք
Այս նախկին Համայնավարներուն հանդիպելէս քիչ ետք, երկու ոստիկաններ խուժեցին այն տունէն ներս, ուր ժողով մը կը վարէինք։ Անոնք մեզմէ չորս հոգի ձերբակալեցին, եւ իրենց զէնքերը մեր վրայ ուղղած մեզ առաջնորդեցին ոստիկանատուն։ Հոն՝ Յոյն Ուղղափառ կղերներուն հետ սերտ յարաբերութիւն ունեցող ոստիկանատան տեղակալը, մեզ պախարակեց։ Վերջապէս, ան հարցուց. «Ըսէք տեսնեմ, ի՞նչ ընեմ ձեզի»։
«Լա՛ւ մը ծեծ քաշենք ասոնց». միաբերան բացագանչեցին մեր ետեւ կանգնած ոստիկանները։
Արդէն, ուշ գիշեր էր։ Ոստիկանները մեզ ներքնայարկը բանտարկեցին ու կողքի գինետունը գացին։ Երբ բաւական հարբած էին, անոնք վերադարձան ու զիս վեր հանեցին։
Նկատելով անոնց վիճակը, զգացի թէ կրնային որեւէ վայրկեան սպաննել զիս։ Ուստի, Աստուծոյ աղօթեցի որ ինչ որ ալ պատահէր, տոկալու համար հարկ եղած զօրութիւնը տար ինծի։ Անոնք փայտէ գաւազաններ առին ու ինչպէս սկիզբը ըսած էի, սկսան ոտքերուս ներբաններուն հարուածներ տալ։ Անկէ ետք ամբողջ մարմինս ծեծեցին, ապա ետ ներքնայարկ նետեցին զիս։ Ինծմէ ետք, ուրիշ մը հանեցին ու սկսան ծեծել։
Այդ միջոցին, առիթը օգտագործեցի միւս երկու երիտասարդ Վկաները պատրաստելու մօտալուտ փորձութիւնը դիմագրաւելու համար։ Սակայն, ոստիկանները անոր փոխարէն նախընտրեցին դարձեալ զիս վեր հանել։ Անոնք հագուստներս հանեցին, եւ հինգը միասին մէկ ժամու չափ ծեծեցին զիս, իրենց զինուորական կօշիկներով գլուխս կոխկռտեցին, ապա զիս աստիճաններէն վար գլորեցին։ Հոն շուրջ 12 ժամ ուշակորոյս մնացի։
Երբ ի վերջոյ ազատ արձակուեցանք, գիւղին մէջ ընտանիք մը մեզ ներս առաւ եւ այդ գիշեր մեզ խնամեց։ Յաջորդ օրը տուն վերադառնալու համար ճամբայ ելանք։ Ծեծին պատճառաւ այնքան խոնջած եւ ուժասպառ եղած էինք, որ քալելով երկու ժամ առնող ճամբան, ութը ժամէն կտրեցինք։ Մարմինս ծեծէն այնքան ուռած էր, որ Մարիանթին դժուարաւ ճանչցաւ զիս։
Աճում՝ Հակառակ Հալածանքի
1949–ին, մինչ քաղաքացիական պատերազմը կը շարունակուէր, Թեսաղոնիկէ փոխադրուեցանք եւ հոն քաղաքին չորս ժողովքներէն մէկուն մէջ, ժողովքի ծառային օգնական նշանակուեցայ։ Տարի մը ետք, ժողովքը այնքան մեծցաւ որ ուրիշ մը կազմեցինք, իսկ ես ժողովքի ծառայ, կամ՝ վերակացու տեսուչ, նշանակուեցայ։ Տարի մը ետք նոր ժողովքը գրեթէ կրկնապատկուեցաւ, ուստի ուրի՛շ ժողովք մը կազմուեցաւ։
Թեսաղոնիկէի մէջ Եհովայի Վկաներու աճումը, հակառակորդները զայրացուց։ 1952–ի օր մը, երբ գործէն տուն վերադարձայ, մեր տունը հրդեհուած ու հիմնայատակ եղած գտայ։ Մարիանթին հազիւ կրցած էր պրծիլ։ Այդ գիշեր, ժողովին մէջ մեր եղբայրներուն ստիպուեցանք բացատրել թէ ինչո՛ւ աղտոտ հագուստով ժողովի եկած էինք. քանի որ ուրիշ որեւէ բան չունէինք։ Մեր Քրիստոնեայ եղբայրները շատ կարեկցութիւն ցուցաբերեցին ու թիկունք կանգնեցան մեզի։
1961–ին, շրջուն տեսուչ նշանակուեցայ, եղբայրները հոգեւորապէս զօրացնելու համար ամէն շաբաթ տարբեր ժողովք մը այցելելով։ Յաջորդ 27 տարիներուն, Մարիանթին եւ ես Մակեդոնիոյ, Թրակիոյ եւ Թեսալիի շրջանները ու նահանգները այցելեցինք։ Թէեւ իմ սիրելի Մարիանթիս 1948–էն ի վեր գրեթէ կուրցած էր, սակայն խիզախօրէն ինծի հետ ծառայեց, հաւատքի բազմաթիւ փորձութիւններու տոկալով։ Ան ալ շատ անգամ ձերբակալուեցաւ, դատերու քաշուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ։ Յետոյ, իր առողջութիւնը սկսաւ վատթարանալ եւ 1988–ին մահացաւ, խլիրդի հետ երկար ժամանակ պայքարելէ ետք։
Նոյն տարին, Թեսաղոնիկէի մէջ ծառայելու համար մասնաւոր ռահվիրայ նշանակուեցայ։ Ներկայիս, աւելի քան 56 տարիներ Եհովայի ծառայելէ ետք, տակաւին կրնամ ծանր աշխատիլ եւ ծառայութեան բոլոր երեսակներուն մասնակցիլ։ Երբեմն, շաբաթը 20 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն վարած եմ հետաքրքրուած անհատներու հետ։
Կրցած եմ գնահատել թէ իրապէս ուսուցումի մեծ յայտագրի մը սկզբնաշրջանին կը գտնուինք, որ պիտի շարունակուի Եհովայի նոր աշխարհին մէջ եւ մինչեւ հազարամեայի վերջաւորութեան։ Սակայն, կը խորհիմ թէ հիմա ժամանակը չէ դանդաղելու, ամէն բան յետաձգելու, կամ մեր մարմնային ցանկութիւններուն գոհացում տալու համար ժամանակ տրամադրելու։ Կը գոհանամ Աստուծմէ, որ սկիզբը կատարած խոստումս պահելու մէջ ինծի օգնեց, քանի որ Եհովա իրապէս արժանի է մեր բոլորանուէր նուիրումին ու ծառայութեան։
[Նկար՝ էջ 24]
Մեր քարոզչութիւնը արգիլուած շրջանին՝ երբ դասախօսութիւն մը կը ներկայացնեմ
[Նկար՝ էջ 25]
Կնոջս՝ Մարիանթիի՝ հետ