Սիրոյ լաւագոյն ճամբան սորվինք
Քոսովօ, Լիբանան եւ Իրլանտա։ Վերջին տարիներուն, այս անուններուն յաճախ հանդիպած ենք լուրերուն մէջ։ Անոնք մարդոց մտքին մէջ կ’արթնցնեն արիւնահեղութեան, ռմբակոծման եւ սպանութեան տեսարաններ։ Անշուշտ կրօնական, ցեղային, տոհմային կամ ուրիշ տարակարծութիւններէ առթած կռիւները նոր բաներ չեն։ Արդարեւ, պատմութեան էջերը լեցուն են անոնցմով եւ անոնք անհամար տառապանքներ բերած են մարդկութեան վրայ։
ՏԵՍՆԵԼՈՎ որ ամբողջ պատմութեան ընթացքին պատերազմները անպակաս եղած են, շատեր այն եզրակացութեան հասած են որ պատերազմները իրապէս անխուսափելի են եւ թէ մարդոց համար բնական է իրար ատել։ Այսպիսի տեսակէտներ սակայն, ամբողջովին հակառակ են Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչի ուսուցումներուն։ Սուրբ Գիրքը անշրջանցելիօրէն կ’ըսէ. «Ան որ չի սիրեր՝ Աստուած չի ճանչնար. վասն զի Աստուած սէր է»։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Յստակ է որ Ստեղծիչը կ’ուզէ որ մարդիկ զիրար սիրեն։
Աստուածաշունչը կը յայտնէ նաեւ որ մարդը ստեղծուած էր Աստուծոյ պատկերով։ (Ծննդոց 1։26, 27) Ասիկա կը նշանակէ որ մարդկութիւնը Աստուծոյ յատկութիւնները արտացոլացնելու կարողութեամբ օժտուած է, որոնցմէ ամենէն աչքառուն սէրն է։ Քանի որ այս է պարագան, մարդիկ ինչո՞ւ ամբողջ պատմութեան ընթացքին սէր ցոյց տալու մէջ այսքան թերացած են։ Դարձեալ Աստուածաշունչը կ’օգնէ որ հասկնանք։ Քանի որ մարդկային առաջին զոյգը՝ Ադամն ու Եւան, Աստուծոյ դէմ ըմբոստացան եւ մեղքի մէջ ինկան։ Որպէս հետեւանք, անոնց ամբողջ սերունդը մեղքն ու անկատարութիւնը ժառանգեց։ Հռովմայեցիս 3։23–ը կը բացատրէ. «Ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան»։ (Հռովմայեցիս 3։23) Ժառանգուած մեղքն ու անկատարութիւնը, սիրելու մեր աստուածատուր կարողութեան վնաս հասցուցած է։ Ասիկա կը նշանակէ՞ որ մարդիկ զիրար սիրելու կարող չեն այլեւս։ Ի՞նչ յոյս կայ որ օր մը պիտի կարենանք խաղաղ ու սիրալիր յարաբերութիւն մը վայելել մեր նմաններուն հետ։
Աստուած Սիրել Պէտք Է Սորվինք
Եհովա Աստուած գիտէ թէ հակառակ այս բոլորին, մարդկութիւնը տակաւին սէր ցոյց տալու կարող է։ Այս պատճառաւ բոլոր զինք հաճեցնել ուզողներէն կը պահանջէ որ իրենց կարողութեան լաւագոյն չափով սէր ցոյց տան։ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս այս պահանջը բացայայտ ըրաւ, երբ իրմէ խնդրուեցաւ որ Իսրայէլի տրուած Օրէնքին մեծագոյն պատուիրանը ըսէ։ Ան ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ։ Այս է առաջին ու մեծ պատուիրանքը»։ Ապա աւելցուց. «Երկրորդը՝ ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’։ Այս երկու պատուիրանքէն կախուած են բոլոր օրէնքը եւ մարգարէները»։—Մատթէոս 22։37-40
Սակայն շատեր կը խորհին որ շատ դժուար է սիրել մէկը, զոր չեն կրնար տեսնել, իսկ մենք՝ մարդ արարածներս, չենք կրնար Եհովա Աստուած տեսնել, քանի որ ան Հոգի է։ (Յովհաննու 4։24) Հակառակ ասոր, ամէն օր Աստուծոյ ըրած բաներուն ազդեցութեան ներքեւ ենք, քանի որ բոլորս ալ մեր օգտին համար իր ստեղծած բարի բաներէն կախեալ ենք։ Պօղոս առաքեալ այս իրողութեան մատնանշեց, երբ ըսաւ. «[Աստուած] ինքզինք առանց վկայութեան չթողուց, բարերարութիւնով երկնքէն մեզի անձրեւներ ու պտղաբեր եղանակներ տալով, կերակուրներով եւ ուրախութիւնով մեր սրտերը լեցնելով»։—Գործք 14։16
Թէեւ ամէն մարդ կերպով մը կ’օգտուի Ստեղծիչին ըրած հայթայթումներէն, բաղդատաբար քիչեր երախտապարտ կ’ըլլան իրեն կամ կը մղուին իրենց շնորհակալութիւնը յայտնել։ Հետեւաբար, պէտք է աչքէ անցընենք այն բոլոր բարի բաները զորս Աստուած ըրած է մեզի համար եւ անոնց ընդմէջէն թափանցող հոյակապ յատկութիւններուն վրայ խոկանք։ Ասիկա ընելը պիտի օգնէ մեզի որ մեր Հոյակապ Ստեղծիչին պատկառազդու իմաստութիւնը եւ զօրութիւնը հասկնանք։ (Եսայեայ 45։18) Ամէն բանէ աւելի, անիկա մեզի պէտք է օգնէ տեսնելու թէ ի՛նչ սիրալիր Աստուած մըն է. Ան ո՛չ միայն կեանք շնորհած է մեզի, այլ կարելի դարձուցած է որ կեանքի բազմաթիւ հաճոյքները վայելենք։
Օրինակ, խորհեցէք երկրի վրայ Աստուծոյ ստեղծած պէսպիսի գեղեցիկ ծաղիկներուն մասին։ Ի՜նչ հոյակապ բան է որ մեզի այս գեղեցիկ բաները տեսնելու ու անոնցմէ հաճոյք առնելու կարողութեամբ ալ օժտած է։ Նոյն կերպով, մեր կեանքը գոյատեւելու համար Աստուած ամէն տեսակ սննդարար ուտելիքներ ալ հայթայթած է։ Իր կողմէ որքան հոգատարութիւն է մեզ ստեղծել համտեսելու զգայարանքով, որպէսզի ուտելէն հաճո՛յք առնենք։ Այս բոլորը ցայտուն փաստեր չե՞ն որ Աստուած իրապէս կը սիրէ մեզ եւ մեր բարիքը կը մտածէ։—Սաղմոս 145։16, 17. Եսայեայ 42։5, 8
«Բնութեան գրքով» ինքզինք մեզի յայտնելէն զատ, Ստեղծիչը իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին ընդմէջէն մեզի ցոյց կու տայ թէ ինք ի՛նչպիսի Աստուած մըն է։ Քանի որ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած են Եհովա Աստուծոյ անցեալին ըրած սիրալիր բաները եւ մօտ ապագային մարդկութեան վրայ տեղացնելիք բազմաթիւ օրհնութիւնները։ (Ծննդոց 22։17, 18. Ելից 3։17. Սաղմոս 72։6-16. Յայտնութիւն 21։4, 5) Իսկ Աստուածաշունչը մանաւանդ կը յայտնէ մարդկութեան հանդէպ Աստուծոյ ունեցած մեծագոյն սէրը. Ան իր միածին Որդին տուաւ, որ մեր Փրկիչը ըլլայ, որպէսզի մեղքի ու մահուան կապանքներէն ձերբազատուինք։ (Հռովմայեցիս 5։8, 9) Արդարեւ, որքան սորվինք մեր սիրալիր Ստեղծիչին մասին, այդքան աւելի կը մղուինք սրտանց սիրել զինք։
Մեր Ընկեր Արարածները Սիրել Սորվինք
Ինչպէս Յիսուս մատնանշեց, Աստուած մեր բոլոր սրտով, անձով ու մտքով սիրելէն զատ, մեր ընկերն ալ պէտք է սիրենք մեր անձին պէս։ Արդարեւ, Աստուծոյ սէրը մեզ կը ստիպէ որ մեր ընկեր արարածները սիրենք։ Յովհաննէս առաքեալ բացատրեց. «Եթէ մէկը կ’ըսէ թէ ‘Ես Աստուած կը սիրեմ’ ու իր եղբայրը ատէ, անիկա ստախօս է. քանզի ան որ իր եղբայրը չի սիրեր՝ որ կը տեսնէ, Աստուած՝ որ չի տեսներ, ի՞նչպէս կրնայ սիրել։ Աստուած այս պատուէրը տուած է. ‘Ան որ Աստուած կը սիրէ, իր եղբայրն ալ պէտք է սիրէ’»։—Ա. Յովհաննու 4։11, 20, 21
Ներկայիս կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր մարդոց մեծամասնութիւնը ‘առաջ ես’ի ուղեգծին կը հետեւի, ինչպէս Աստուածաշունչը նախագուշակած է՝ «անձնասէր» եղած են։ (Բ. Տիմոթէոս 3։2) Հետեւաբար, եթէ սիրոյ լաւագոյն ճամբան պիտի սորվինք, պէտք է մեր միտքը նորոգելու եւ մեր սիրալիր Ստեղծիչը ընդօրինակելու համար լուրջ ջանք թափենք, փոխանակ ընդհանուր մարդոց անձնասէր ընթացքին հետեւելու։ (Հռովմայեցիս 12։2. Եփեսացիս 5։1) Աստուած «բարերար է ապերախտներուն ու չարերուն» եւ «իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը ղրկէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ»։ Քանի որ մեր երկնաւոր Հայրը այսքան հոյակապ օրինակ կը հանդիսանայ մեզի, մենք ալ բոլորին հանդէպ ազնիւ եւ օգնող պէտք է ըլլանք։ Այսպէս ընելով կը փաստենք որ «Բարձրեալին որդիներ»ն ենք։—Ղուկաս 6։35. Մատթէոս 5։45.
Երբեմն այսպիսի ազնիւ արարքներ պատճառ կ’ըլլան որ մարդիկ ճշմարիտ Աստուածը պաշտողներ ըլլան։ Քանի մը տարիներ առաջ, Եհովայի Վկայ տանտիկին մը փորձեց Աստուածաշունչի պատգամը տալ իր դրացուհիին, որ խստօրէն մերժեց։ Բայց այս ընդառաջումը չվհատեցուց Վկան։ Այլ, ան շարունակեց իր դրացուհիին հետ ազնիւ վարուիլ եւ անոր օգտակար ըլլալ։ Անգամ մը դրացուհիին փոխադրութեան օգնեց։ Ուրիշ անգամ մը կարգադրութիւն ըրաւ որ մէկը զինք օդակայան տանի, իր ազգականները դիմաւորելու համար։ Հետագային, այս դրացուհին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց եւ եռանդուն Քրիստոնեայ մը եղաւ, հակառակ իր ամուսնոյն կողմէ եկած ծանր հալածանքին։ Այո, սիրոյ այդ արտայայտութիւնները յաւիտենական օրհնութիւններու որպէս հիմ ծառայեցին։
Պարկեշտ ըլլալու համար, պէտք է ընդունինք որ մեր բազմաթիւ հիանալի յատկութիւններուն համար չէ որ Աստուած կը սիրէ մեզ։ Ընդհակառակը, բազմաթիւ սխալներ եւ թերութիւններ ունենալով հանդերձ, ան մեզ կը սիրէ։ Քանի որ այս է պարագան, մենք ալ պէտք է սորվինք մեր ընկեր արարածները սիրել, հակառակ իրենց ունեցած բազմաթիւ թերացումներուն։ Եթէ մենք մեզ վարժեցնենք ուրիշներուն ունեցած գեղեցիկ յատկութիւնները տեսնելու ու գնահատելու, փոխանակ անոնց սխալները փնտռելու, շա՛տ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ զանոնք սիրել։ Անոնց հանդէպ մեր զգացումը սկզբունքային սէրէն անդին կրնայ երթալ եւ մտերիմ բարեկամներու միջեւ գոյութիւն ունեցող ջերմ ու սրտանց խանդաղատանքին վերածուիլ։
Ձեր Սէրը Աճեցուցէք
Սէրը եւ բարեկամութիւնը պէտք է սնուցանուին ու մշակուին եւ ասոր համար ամենէն կենսական բաղադրամասերն են անկեղծութիւնը եւ պարկեշտութիւնը։ Ոմանք կը ջանան իրենց թերութիւնները պահել, որպէսզի իրենց բարեկամանալ ուզած անհատներուն վրայ լաւ տպաւորութիւն մը ձգեն։ Սակայն, այսպիսի ընթացք մը յաճախ իր ժխտական անդրադարձը կ’ունենայ, քանի որ դիմացինները վերջապէս իրողութիւնները երեւան կը հանեն եւ այս անպարկեշտութիւնը զիրենք ետ կը պահէ։ Հետեւաբար, պէտք չէ վախնանք որ ուրիշները մեզ ճանչնան ճիշդ ինչպէս որ ենք, նոյնիսկ երբ ունինք թերութիւններ, որոնց դէմ կը պայքարինք։ Անոնց հետ բարեկամութիւն զարգանալու կրնայ նպաստել ասիկա։
Օրինակ, Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ, տարեց Վկայ քոյր մը կայ որ շատ քիչ կրթութիւն ստացած է։ Բայց ան երբեք չի փորձեր թաքցնել ասիկա ուրիշներէն։ Ան անկեղծօրէն կ’ընդունի, զոր օրինակ, որ չի կրնար ուրիշներուն ցոյց տալ թէ ի՛նչպէս Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն հաշիւները եւ պատմութիւնը կ’ապացուցանեն որ Հեթանոսաց Ժամանակները 1914–ին վերջացան։a Սակայն, ան ծառայութեան մէջ այնպիսի եռանդ մը ունի, ինչպէս նաեւ՝ եղբայրներուն հանդէպ սիրոյ ու առատաձեռնութեան մէջ այնպիսի օրինակ մըն է, որ յաճախ անոր ակնարկուած է որպէս ժողովքին գոհարը։
Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, բացայայտօրէն սէր ցոյց տալը լաւ աչքով տեսնուած չէ. մարդոց կը սորվեցնեն որ ուրիշներուն հետ իրենց յարաբերութիւնը միայն քաղաքավարական բնոյթ ունենայ։ Մինչ միշտ լաւ է որ քաղաքավար ու փափկանկատ ըլլանք, բայց պէտք չէ թոյլ տանք որ բարեկրթութիւնը արգելք հանդիսանայ ուրիշներուն հանդէպ մեր զգացումները ցոյց տալու։ Եհովա չամչցաւ իր սէրը արտայայտելու իր ժողովուրդին՝ վաղեմի Իսրայէլին հանդէպ, անոնց ըսելով. «Քեզ յաւիտենական սիրով սիրեցի»։ (Երեմեայ 31։3) Նմանապէս, Պօղոս առաքեալ Թեսաղոնիկէի մէջ գտնուող իր հաւատակիցներուն ըսաւ. «Մենք ձեր վրայ գորով ունենալով՝ կը յօժարէինք ո՛չ միայն Աստուծոյ աւետարանը ձեզի տալ, հապա մեր անձերն ալ. վասն զի դուք մեր սիրելիներն էիք»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։8) Ուստի, մինչ կը ջանանք մարդ արարածներուն հանդէպ անկեղծ սէր մշակել, Աստուածաշունչի ուսուցումին հետ ներդաշնակ է այսպիսի զգացումներ արտայայտել քան թէ զանոնք թաքցնել։
Շարունակական Ջանք կը Պահանջուի
Ուրիշներու հանդէպ սէր զգալ ու զայն ցոյց տալը շարունակական գործընթաց մըն է։ Ասիկա ընելը մեր կողմէն շատ ջանք կը պահանջէ, քանի որ մեր անկատարութիւնները յաղթահարելու, ինչպէս նաեւ այս անսիրալիր աշխարհին ազդեցութիւններուն ընդդիմանալու համար ծանր պէտք է աշխատինք։ Բայց ասոր բերած ճոխ վարձատրութիւնները ի մտի ունենալով, իրապէս կ’արժէ այս ջանքը թափել։—Մատթէոս 24։12
Նոյնիսկ այս շա՛տ անկատար աշխարհին մէջ, կրնանք մեր ընկեր արարածներուն հետ աւելի լաւ յարաբերութիւն մը ունենալ, որմէ թէ՛ մենք եւ թէ ուրիշները կը վայելենք շատ ուրախութիւն, խաղաղութիւն եւ գոհունակութիւն։ Այսպիսի ջանք թափելով, կրնանք փաստել որ արժանի ենք Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ յաւիտեան ապրելու։ Սիրոյ լաւագոյն ճամբան սորվելով, մանաւանդ մեր սիրալիր Ստեղծիչին հաճութիւնը կրնանք շահիլ՝ հիմա եւ յաւիտեան։
[Ստորանիշ]
a Մանրամասնութեանց համար, տես՝ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ գիրքը, Հատոր Ա., էջ 132-135։
[Նկարներ՝ էջ 10]
Քրիստոնէական սէրը կրնայ ցոյց տրուիլ ազնիւ արարքներով
[Նկար՝ էջ 8]
UN PHOTO 186226/M. Grafman