2000. Յատկանշական տարի՞ մը
ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ բան մը կա՞յ 2000 տարուան նկատմամբ։ Արեւմտեան երկիրներու մէջ ապրող մարդիկ ընդհանրապէս զայն կը նկատեն որպէս երրորդ հազարամեակին առաջին տարին։ Զայն տօնակատարելու համար՝ արդէն մեծ խնամքով պատրաստութիւններ կը տեսնուին։ Հսկայ ելեկտրական ժամացոյցներ զետեղուած են, նոր հազարամեակի արշալոյսը ծագելուն երկվայրկեանները հաշուելու համար։ Նոր Տարուան Նախօրեակի տօնախմբութեան համար պարահանդէսներ կը կազմակերպուին։ Հազարամեայի վերջ նշող նշանաբաններ կրող Թիշըրդ–ներ կը վաճառուին, թէ՛ պզտիկ քաղաքներու վաճառատուներու եւ թէ մեծ քաղաքներու վաճառականական կեդրոններուն մէջ։
Մեծ ու պզտիկ եկեղեցիներ, տարուան ընթացքին տեղի ունեցող տօնախմբութիւններուն պիտի միանան։ Յառաջիկայ տարուան սկիզբը, կ’ակնկալուի որ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը Իսրայէլ ճամբորդէ, Կաթողիկէները առաջնորդելու համար՝ «Կաթողիկէ Եկեղեցիին հազարամեակի Յոբելենական տօնակատարութեան»։ Կ’ենթադրուի թէ երկուքուկէս միլիոնէն վեց միլիոն զբօսաշրջիկներ, կրօնասէրէն սկսեալ մինչեւ հետաքրքիրը, կը ծրագրեն յառաջիկայ տարի Իսրայէլ այցելել։
Ինչո՞ւ այսքան շատ անհատներ կը ծրագրեն Իսրայէլ այցելել։ Վատիկանի մէկ բանբերը՝ Ռաճըր Կարդինալ Էչեկէրի, Պապին կողմէ խօսելով ըսաւ. «2000 տարին, այս երկրին մէջ Քրիստոսի եւ անոր կեանքին տօնակատարութիւնն է։ Հետեւաբար, բնական է որ Պապը հո՛ս գայ»։ 2000 տարին ի՞նչ կերպով Քրիստոսի հետ առնչութիւն ունի։ Սովորաբար, կը կարծուի թէ 2000 տարին Քրիստոսի ծննդեան 2,000 ամեակը կը նշէ։ Բայց ասիկա ճի՞շդ է։ Պիտի տեսնենք։
Կրօնական կարգ մը խումբերու անդամներուն համար, 2000 տարին ասկէ շա՜տ աւելի յատկանշական է։ Անոնք համոզուած են, թէ վերիվերոյ, յաջորդ տարուան ընթացքին, Յիսուս Ձիթենեաց Լեռը պիտի վերադառնայ եւ Յայտնութեան գրքին մէջ խօսուած Արմագեդոնի պատերազմը, Մակեդդովի հովիտին մէջ պիտի մղուի։ (Յայտնութիւն 16։14-16) Այս դէպքերուն ակնկալութեամբ, Միացեալ Նահանգներէն հարիւրաւոր քաղաքացիներ, իրենց տուները եւ ստացուածքին մեծ մասը կը ծախեն եւ Իսրայէլ կը փոխադրուին։ Կ’ըսուի թէ Մ.Ն.–էն երեւելի աւետարանիչ մը խոստացած է Յիսուսի վերադարձը հեռատեսիլէն սփռել գունաւոր պաստառի վրայ, անոնց համար որոնք պիտի չկարենան իրենց տունը ձգել ու փոխադրուիլ։
Արեւմտեան երկիրներու մէջ, երրորդ հազարամեակը մտնելու ծրագիրները կը բազմապատկուին։ Միւս կողմէ, ուրիշ երկիրներու մէջ, մարդիկ իրենց սովորական կեանքը կը շարունակեն։ Աշխարհի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կազմող այս անհատները չեն հաւատար թէ Նազովրեցի Յիսուս Մեսիան էր։ Ոչ ալ կ’ընդունին Ք.Ա.–Յ.Տ. թուարկութեան կերպը։a Մահմետականներէն շատեր, զոր օրինակ, իրենց անձնական օրացոյցը կը գործածեն, որու համաձայն յառաջիկայ տարին պիտի ըլլայ 1420, եւ ոչ թէ՝ 2000։ Մահմետականները իրենց տարիները կը հաշուեն այն թուականէն որ Մուհամմէտ Մէքքէյէն Մետինէ փախաւ։ Ընդհանրապէս, համայն աշխարհի մէջ մարդիկ շուրջ 40 տարբեր օրացոյցներ կը գործածեն։
2000 տարին Քրիստոնեաներուն համար իմաստ մը պէ՞տք է ունենայ։ 1 Յունուար 2000–ը, իրապէս յատկանշակա՞ն օր մըն է։ Այս հարցումները յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի պատասխանուին։
[Ստորանիշ]
a Ք.Ա.–Յ.Տ. թուականներու դրութեան մէջ, Յիսուսի ծննդեան աւանդական թուականէն առաջ պատահած դէպքերը «Ք.Ա.» (Քրիստոսէ առաջ) տարիներ կը կոչուին. իսկ անկէ ետք պատահած դէպքերը «Յ.Տ.» (Յամի Տեառն՝ «Տիրոջ տարին») տարիներ կը կոչուին։ Սակայն, կարգ մը լաւատեղեակ ուսումնականներ կը նախընտրեն գործածել՝ «Հ.Դ.Ա.» (Հասարակ Դարաշրջանէն առաջ) եւ «Հ.Դ.» (Հասարակ Դարաշրջան) ոչ–կրօնական անուանումները։