Կարեւորութիւն ունեցող հազարամեակին համար պատրաստուեցէք
ՔՐԻՍՏՈՍԻ Հազարամեայ Իշխանութիւնը մարդկային ընտանիքին համար անպատում օրհնութիւններ պիտի բերէ։ Յիսուսի սիրալիր առաջնորդութեան ներքեւ, մարդկութիւնը իր ներկայ ողորմելի վիճակէն պիտի բարձրացուի փառաւոր կատարելութեան։ Պահ մը խորհեցէք թէ ասիկա ձեզի համար ի՛նչ կրնայ նշանակել։ Կայտա՛ռ առողջութիւն։ Երեւակայեցէք՝ ամէն առաւօտ զարթնիլ ու նախորդ օրուընէ լաւ զգալ։ Միլիոնաւոր տղամարդիկ, կիներ ու երախաներ կ’ակնկալեն ապրիլ այդ ուրախ ժամանակամիջոցին։ Անոնք անոր կը սպասեն եւ անոր համար կ’աղօթեն։ Իրենց Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեամբ, անոնք համոզուած են որ այս օրհնութիւնները պիտի կարենան վայելել։
Սակայն, Յիսուս Քրիստոս իր Հազարամեայ Իշխանութիւնը սկսելէն առաջ, երկիրը պիտի մաքրէ իր իշխանութեան բոլոր ընդդիմացողներէն։ Ասիկա պիտի ընէ Աստուածաշունչին մէջ Արմագեդոն կոչուած պատերազմով։ (Յայտնութիւն 16։16) Երկրի վրայ գտնուող ճշմարիտ Քրիստոնեաները այս պատերազմին պիտի չմասնակցին։ Անիկա Աստուծո՛յ պատերազմն է։ Անիկա աշխարհագրական վայրի մը սահմանուած պիտի չըլլայ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ անիկա երկրի ամենահեռաւոր ծայրերը պիտի հասնի։ Քրիստոսի իշխանութեան հակառակողները պիտի սպաննուին։ Անոնցմէ մէ՛կը պիտի չազատի։—Երեմեայ 25։33
Ապա, Յիսուս իր ուշադրութիւնը պիտի դարձնէ Բանսարկու Սատանայի ու իր դեւերուն։ Պահ մը երեւակայեցէք այն տեսարանը զոր Յայտնութիւն գիրքը գրողը տեսաւ. «Հրեշտակ մը [Յիսուս Քրիստոս] տեսայ, որ երկնքէն կ’իջնէր ու անդունդին բանալին ու մեծ շղթայ մը ունէր իր ձեռքը։ Ան բռնեց վիշապը, այսինքն առաջին օձը որ Բանսարկուն ու Սատանան է եւ կապեց զանիկա հազար տարի»։ (Յայտնութիւն 20։1, 2) Հետագային, Սատանան ու իր դեւերը յաւիտեան պիտի կործանին։—Մատթէոս 25։41
Արմագեդոնէն պիտի վերապրի «մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել»։ (Յայտնութիւն 7։9) Ճիշդ ինչպէս որ հովիւ մը իր ոչխարները կենարար ջուրերու քով կ’առաջնորդէ, Քրիստոս զանոնք պիտի առաջնորդէ «կենդանի ջուրերու աղբիւրներ»ը, որպէսզի լիովին օգտուին անոնցմէ։ (Յայտնութիւն 7։17) Արմագեդոնէն վերապրողները, որոնց հոգեւոր յառաջդիմութիւնը Սատանայի ու իր դեւերուն կողմէ անարգել պիտի ընթանայ, աստիճանաբար օգնութիւն պիտի ստանան, որպէսզի իրենց մեղաւոր հակումները յաղթահարեն, մինչեւ որ ի վերջոյ կատարելութեան հասնին։
Քրիստոսի սիրալիր իշխանութեան ներքեւ, ապրելակերպի պայմանները շարունակ պիտի բարելաւուին։ Եհովա Աստուած, Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, ցաւ ու վիշտ պատճառող բոլոր բաները պիտի անհետացնէ։ Ինք «անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ»։ (Յայտնութիւն 21։4) Եսայի մարգարէն պատկերը կ’ամբողջացնէ, ըսելով. «Այն ատեն կոյրերուն աչքերը պիտի բացուին ու խուլերուն ականջները պիտի բացուին։ Այն ատեն կաղը եղջերուի պէս պիտի ցատկռտէ ու համրին լեզուն օրհնութիւն պիտի երգէ»։ (Եսայեայ 35։5, 6) Իսկ «պզտիկ ու մեծ» մեռելները պիտի յարուցուին, անգամ մը եւս չմեռնելու ակնկալութեամբ։—Յայտնութիւն 20։12
Արդէն իսկ, Արմագեդոնէն վերապրելիք «մեծ բազմութիւնը» կը հաւաքուի։ Անոնք Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան կը պատրաստուին։ Թէեւ չեն գիտեր թէ այդ իշխանութիւնը ե՛րբ պիտի սկսի, անոնք վստահ են որ Աստուծոյ յարմար ժամանակին անիկա պիտի սկսի։ Դուք ալ կրնաք անոնց մէջ ըլլալ, բայց նախ պէտք է պատրաստուիք, ոչ թէ ձեր ինչքերը ծախելով եւ աշխարհագրական վայր մը ճամբորդելով, այլ՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան միջոցաւ Եհովա Աստուծոյ ու իր նպատակներուն մասին ճշգրիտ գիտութիւն ստանալով։ Առանց ձեր վրայ հարկ մը դնելու, Եհովայի Վկաները ուրախութեամբ ցոյց պիտի տան թէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ի՛նչպէս կրնայ ձեզի ու ձեր ընտանիքին օգտակար ըլլալ։ Այս պարբերաթերթին հրատարակիչներն ալ հաճոյքով յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի հայթայթեն ձեզի։
[Շրջանակ՝ էջ 7]
Հազարամեան՝ բառացի՞ թէ այլաբանական
Քանի որ Յայտնութիւն գրքին մեծ մասը այլաբանական լեզուով գրուած է, հարց մը կը ծագի. Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ Յայտնութիւն գրքին մէջ յիշուած Քրիստոսի Հազարամեային մասին։ Անիկա բառացի՞ թէ այլաբանական ժամանակաշրջան մըն է։
Ամէն բան ցոյց կու տայ թէ անիկա բառացի հազարամեայ շրջան մը կը նշէ։ Նկատի ունեցէք որ Պօղոս առաքեալ Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան կ’ակնարկէ որպէս օր մը, որու ընթացքին մարդկութիւնը պիտի դատուի։ (Գործք 17։31. Յայտնութիւն 20։4) Պետրոս առաքեալ գրեց թէ Եհովայի քով մէկ օրը (24 ժամ) հազար տարուան պէս է։ (Բ. Պետրոս 3։8) Ասիկա կը փաստէ թէ այս դատաստանի «օրը» բառացի հազար տարուան շրջան մըն է։ Ասկէ զատ, Յայտնութիւն 20։3, 5-7–ի մէջ չորս տարբեր տեղեր կը կարդանք՝ «հազար տարին» եւ ոչ թէ՝ «հազար տարի մը»։ Ասիկա որոշ երկարութիւն ունեցող ժամանակաշրջան մը ցոյց կու տայ։