Եհովա ողորմած Աստուած մըն է ինծի համար
ՊԱՏՄՈՒԱԾ ԵԱՆԻՍ ԱՆՏՐՈՆԻԳՈՍԻ ԿՈՂՄԷ
Տարին 1956–ն էր։ Ամուսնութենէս միայն ինը օր ետք, հիւսիսային Յունաստանի Գոմոթինիի վերաքննիչ ատեանին մէջ կը գտնուէի։ Կը յուսայի որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը քարոզելու համար ստացած 12 ամսուան դատավճիռս չեղեալ համարուէր։ Վերաքննիչ ատեանի վեց ամսուան բանտարկութեան որոշումը այդ յոյսս բեկանեց եւ անիկա դատերու երկար շարքի մը միայն սկիզբը եղաւ։ Սակայն այս բոլորին ընթացքին, Եհովա ողորմած Աստուած մը եղաւ ինծի համար։
ԸՆՏԱՆԻՔՍ կ’ապրէր Գավալա քաղաքին՝ Մակեդոնիայի Նէապոլիսին մէջ, ուր Պօղոս առաքեալ այցելած էր իր միսիոնարական երկրորդ շրջապտոյտի ընթացքին՝ երբ ես ծնայ 1 Հոկտեմբեր 1931–ին։ Մայրս Եհովայի Վկայ մը եղաւ, երբ ես հինգ տարեկան էի, եւ գրեթէ անգրագէտ ըլլալով հանդերձ, ան իր լաւագոյնը ըրաւ իմ մէջս Աստուծոյ սէրն ու վախը դնելու համար։ Հայրս չափազանց աւանդապահ մարդ մըն էր, որ յամառօրէն կառչած էր Յոյն Ուղղափառ աւանդութեան։ Ան որեւէ հետաքրքրութիւն չունէր Աստուածաշունչի ճշմարտութեան հանդէպ եւ մօրս հակառակեցաւ, յաճախ բռնութեան դիմելով։
Հետեւաբար, բաժնուած տան մը մէջ մեծցայ, ուր հայրս կը զարնէր մօրս եւ կը նախատէր, եւ ի վերջոյ մեզ լքեց։ Իմ մանկութենէս՝ մայրս զիս եւ աւելի փոքր քոյրս քրիստոնէական ժողովներու կը տանէր։ Սակայն, երբ 15 տարեկան եղայ, պատանեկան ցանկութիւններն ու անկախութեան հոգին զիս հեռացուցին Եհովայի Վկաներէն։ Այսուհանդերձ, հաւատարիմ մայրս ջանք չխնայեց եւ ինծի օգնելու համար շատ արցունք թափեց։
Աղքատութեան եւ իմ վարած գէշ կեանքիս պատճառաւ ծանրօրէն հիւանդացայ եւ աւելի քան երեք ամիս անկողին մնացի։ Այն ատեն էր որ շատ հեզ եղբայր մը՝ որ իմ մօրս օգնած էր ճշմարտութիւնը սորվելու, նկատեց որ իմ մէջս Աստուծոյ հանդէպ անկեղծ սէր մը կայ։ Ան զգաց որ հոգեւորապէս ապաքինելու համար կրնայի օգնութիւն ստանալ։ Ուրիշներ իրեն ըսին. «Եանիսին օգնելու համար ժամանակդ կը վատնես. ան այլեւս հոգեւոր բաներով բնաւ չի հետաքրքրուիր»։ Բայց ինծի օգնելու համար այս եղբօր համբերութիւնն ու յարատեւութիւնը արդիւնաբեր եղան։ 15 Օգոստոս 1952–ին, 21 տարեկան հասակիս, Եհովայի կատարած նուիրումս ջուրի մկրտութեամբ խորհրդանշեցի։
Նոր Ամուսնացած եւ Բանտի Մէջ
Երեք տարի ետք, հոգեւոր մտայնութիւն եւ արտակարգ յատկութիւններ ունեցող քրոջ մը՝ Մարթայի ծանօթացայ եւ շուտով նշանուեցանք։ Օր մը իրապէս ապշահար եղայ, երբ Մարթա ըսաւ. «Ծրագրած եմ այսօր տունէ տուն քարոզել։ Կ’ուզե՞ս հետս գալ»։ Մինչեւ այն ատեն գործի այս երեսակին չէի մասնակցած, սովորաբար անպաշտօն կերպով կը քարոզէի։ Այդ ժամանակ, Յունաստանի մէջ քարոզչութիւնը արգիլուած էր եւ մեր քարոզչութիւնը գաղտնի կերպով կը կատարէինք։ Որպէս հետեւանք, բազմաթիւ ձերբակալութիւններ, դատավարութիւններ եւ խիստ բանտարկութեան դատավճիռներ արձակուած էին։ Այսուհանդերձ, չէի կրնար նշանածիս առաջարկը մերժել։
Մարթան իմ կինս եղաւ 1956–ին։ Այն ատեն էր որ՝ ամուսնութենէս ինը օր ետք՝ Գոմոթինիի վերաքննիչ ատեանին կողմէ ստացայ վեց ամսուան բանտարկութեան դատապարտութիւնը։ Ասիկա ինծի յիշեցուց հարցում մը որ ժամանակ մը առաջ հարցուցած էի Քրիստոնեայ քրոջ մը, որ մօրս ընկերուհին էր՝ «Ի՞նչպէս կրնամ իրապէս ցոյց տալ որ ես ճշմարիտ Եհովայի Վկայ մըն եմ։ Հաւատքս ապացուցանելու բնաւ առիթ չեմ ունեցած»։ Երբ այս քոյրը բանտ եկաւ այցելութեան, ինծի յիշեցուց այդ հարցումը ու ըսաւ. «Հիմա Եհովայի կրնաս ցոյց տալ թէ ո՛րքան կը սիրես զինք։ Ահաւասիկ քու նշանակումդ»։
Երբ գիտցայ որ իմ փաստաբանս կը փորձէր դրամ տալ զիս բանտէն հանելու համար, իրեն ըսի որ կը նախընտրէի ինծի տրուած վճիռը ամբողջացնել։ Որքա՜ն ուրախ էի վեց ամսուան բանտարկութեանս աւարտին տեսնելով որ երկու բանտակիցներ ճշմարտութիւնը ընդունեցին։ Յաջորդ տարիներուն, բարի լուրին համար բազմիցս ատեաններու քաշուեցայ։
Ընտրութիւններ՝ Որոնց Համար Բնաւ Զղջացած Չենք
1959–ին, ազատ արձակուելէս քանի մը տարի ետք, որպէս ժողովքի տեսուչ, կամ վերակացու տեսուչ կը ծառայէի, երբ հրաւէր ստացայ Թագաւորութեան Ծառայութեան Դպրոց յաճախելու, որ ժողովքի երէցներու համար մարզումի դասընթացք մըն է։ Սակայն միեւնոյն ժամանակ, հանրային հիւանդանոցի մը մէջ մնայուն աշխատանքի առաջարկ մը ստացայ, որ ինծի ու ընտանիքիս համար ցկեանս նիւթական ապահովութիւն մըն էր։ Ո՞ր մէկը պէտք էր ընտրէի։ Արդէն երեք ամիսէ ի վեր հիւանդանոցին մէջ կ’աշխատէի եւ տնօրէնը շատ գոհ էր իմ աշխատանքէս, բայց երբ դպրոցին հրաւէրը ստացայ, ան նոյնիսկ մէկ օր առանց վճարովի արձակուրդ տալ չուզեց։ Աղօթքով այս անել կացութիւնը քննարկելէ ետք, որոշեցի Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնել եւ գործի առաջարկը մերժեցի։—Մատթէոս 6։33
Նոյն շրջանին, նահանգային եւ շրջանային տեսուչները մեր ժողովքը այցելեցին։ Յոյն Ուղղափառ կղերներուն եւ հեղինակութիւններու բուռն հակառակութեան պատճառաւ, անձնական տան մը մէջ գաղտագողի ունեցանք մեր ժողովը։ Ժողովներէն մէկուն վերջաւորութեան, նահանգային տեսուչը մօտեցաւ ինծի եւ հարցուց որ լիաժամ ծառայութեան մասին բնաւ մտածա՞ծ եմ։ Իր թելադրութիւնը սրտիս լարերէն մէկուն դպաւ, քանի որ մկրտուելէս ի վեր երազս էր ասիկա։ Պատասխանեցի՝ «Շա՛տ կը փափաքիմ»։ Բայց աղջիկ զաւկի մը տէր ալ ըլլալով, պատասխանատուութիւնս աւելցած էր։ Եղբայրը ինծի ըսաւ. «Եհովայի վստահիր եւ ինք պիտի օգնէ քեզի որ քու ծրագիրներդ իրականանան»։ Ուստի, առանց մեր ընտանեկան պատասխանատուութիւնները անտեսելու, կինս եւ ես մեր պարագաները բարեճշդեցինք, այնպէս որ 1960–ի Դեկտեմբերին ես որպէս մասնաւոր ռահվիրայ սկսայ ծառայել արեւելեան Մակեդոնիայի մէջ. այն ատեն ամբողջ երկրին հինգ մասնաւոր ռահվիրաներէն մէկը ըլլալով։
Մէկ տարի որպէս մասնաւոր ռահվիրայ ծառայելէ ետք, Աթէնքի մասնաճիւղը զիս հրաւիրեց որ որպէս շրջուն տեսուչ ծառայեմ։ Երբ այս ծառայութեան մարզումէն տուն վերադարձայ ամիս մը ետք, երբ տակաւին Մարթայի կը պատմէի իմ փորձառութիւնս, մանգանի հսկայ հանքի մը տնօրէնը այցելութեան եկաւ եւ առաջարկեց որ զտումի բաժնին որպէս տնօրէն աշխատիմ, ինծի հրամցնելով հինգ տարուան լաւ վճարուած պայմանագիր, գեղեցիկ տուն եւ ինքնաշարժ մը։ Ինծի երկու օր տուաւ որպէսզի մտածեմ։ Դարձեալ, առա՛նց վարանելու, Եհովայի աղօթեցի. «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ»։ (Եսայեայ 6։8) Կինս լիովին համաձայն էր։ Աստուծոյ վստահելով սկսանք ուղեւորութեան գործին եւ Եհովա իր ողորմութեամբ բնաւ մեզ չլքեց։
Ծառայել՝ Հակառակ Ամէն Խոչընդոտի
Թէեւ տնտեսական խնդիրներ կային, բայց շարունակեցինք եւ Եհովա հարկ եղածը հայթայթեց։ Սկիզբը պզտիկ մոթորսիքլով մը կ’այցելէի ժողովքները, մինչեւ 500 քմ. հեռաւորութիւն կտրելով։ Շատ անգամ դժուարութիւններու հանդիպեցայ եւ քանի մը արկածներ ալ ունեցայ։ Ձմեռ օր մը, ժողովքէ մը վերադարձիս, յորդած գետակէ մը կ’անցնէի, երբ մոթորսիքլս մարեցաւ եւ մինչեւ ծունկս ջուրի մէջ մնացի։ Անկէ ետք մոթորսիքլին անիւը իջաւ։ Անցորդ մը որ օդահան մեքենայ մը ունէր, օգնեց ինծի եւ այսպիսով կրցայ մօտակայ գիւղը հասնիլ եւ նորոգել անիւը։ Վերջապէս, առտուան ժամը երեքին տուն հասայ, սառած եւ ուժասպառ։
Ուրիշ առիթով մը, երբ ժողովքէ մը ուրիշ ժողովքի մը կ’երթայի, մոթորսիքլս սահեցաւ եւ ծունկիս վրայ ինկաւ։ Տափատս պատռեցաւ եւ արիւնաթաթախ եղաւ։ Ուրիշ տափատ չունէի, ուստի այդ երեկոյ ուրիշ եղբօր մը տափատով դասախօսութիւն տուի, որ շատ մեծ էր վրաս։ Այսուհանդերձ, ո՛չ մէկ դժուարութիւն Եհովայի եւ սիրելի եղբայրներուն ծառայելու իմ ցանկութիւնս մարեց։
Ուրիշ արկածի մը մէջ, ծանրօրէն վիրաւորուեցայ, թեւս եւ առջեւի ակռաներս կոտրելով։ Այն ժամանակ էր որ քոյրս այցելութեան եկաւ որ Վկայ մը չէր եւ Միացեալ Նահանգներ կը բնակէր։ Որչա՜փ հանգստացայ, երբ ինծի օգնեց որ ինքնաշարժ մը գնեմ։ Երբ Աթէնքի մասնաճիւղի եղբայրները արկածիս մասին լսեցին, ինծի քաջալերական նամակ մը գրեցին, ի միջի այլոց յիշած էին Հռովմայեցիս 8։28–ն (Անթիլիաս), ուր կ’ըսէ. «Աստուած բարիին համար գործակից կ’ըլլայ անոնց՝ որոնք կը սիրեն զինք»։ Այս հաւաստիքին ճշմարիտ ըլլալը կրկին ու կրկին փաստուած է կեանքիս մէջ։
Հաճելի Անակնկալ մը
1963–ին, մասնաւոր ռահվիրայի մը հետ կ’աշխատէի գիւղի մը մէջ, ուր մարդիկ ընդառաջող չէին։ Որոշեցինք անջատաբար աշխատիլ, ամէն մէկս ճամբուն մէկ կողմը առնելով։ Տուն մը, հազիւ դուռը զարկի, կին մը հապճեպով զիս ներս քաշեց եւ դուռը ետեւէն կղպեց։ Շուարեցայ, հարց տալով թէ ի՛նչ կը պատահէր։ Քիչ ետք, ան մասնաւոր ռահվիրան ալ աճապարանքով իր տունը կանչեց։ Ապա կինը մեզի ըսաւ. «Սո՜ւս. մի՛ շարժիք»։ Քիչ ետք դուրսը թշնամական խօսքեր լսեցինք։ Մարդիկ մեզ կը փնտռէին։ Երբ ամէն բան հանդարտեցաւ, տիկինը մեզի ըսաւ. «Ասիկա ձեր պաշտպանութեան համար ըրի։ Ես կը յարգեմ ձեզ, քանի որ կը հաւատամ որ դուք ճշմարիտ Քրիստոնեաներ էք»։ Անկեղծօրէն շնորհակալութիւն յայտնեցինք ու մեկնեցանք, իր քով բազմաթիւ գրականութիւններ ձգելով։
Տասնըչորս տարի ետք, երբ Յունաստանի մէջ նահանգային համաժողովի մըն էի, կին մը մօտեցաւ ինծի ու ըսաւ. «Եղբայր, կը յիշե՞ս զիս։ Ես այն կինն եմ որ քեզ պահեցի հակառակորդներէն, երբ մեր գիւղը եկած էիր վկայելու համար»։ Ան Գերմանիա գաղթած էր, Աստուածաշունչը ուսումնասիրած եւ Եհովայի ժողովուրդին միացած էր։ Այժմ, ընտանեօք ճշմարտութեան մէջ էին։
Արդարեւ, այս բոլոր տարիներու ընթացքին, բազմաթիւ «յանձնարարութեան թուղթեր»ով օրհնուած էինք։ (Բ. Կորնթացիս 3։1) Աստուածաշունչի գիտութիւնը ձեռք ձգելու համար մեր օգնած անհատներուն մէջ կան շատեր, որոնք ներկայիս կը ծառայեն որպէս երէցներ, օգնական ծառաներ եւ ռահվիրաներ։ Որքա՜ն ոգեւորիչ է տեսնել որ 1960–ական թուականներուն սկիզբը իմ ծառայած շրջաններուս մէջ եղող ափ մը հրատարակիչները աւելի քան 10,000–ի բարձրացած են։ Բոլոր վարկը մեր ողորմած Աստուծոյ կ’երթայ, որ մեզ իր կամքին համաձայն կը գործածէ։
«Տկարութեան Անկողնին Մէջ»
Ուղեւորութեան գործին մէջ մեր անցուցած տարիներու ընթացքին, Մարթան արտակարգ օգնական մը եղաւ, միշտ զուարթ տրամադրութիւն մը պահելով։ 1976–ի Հոկտեմբերին, ան լուրջ հիւանդութեան մը բռնուեցաւ եւ շատ ցաւոտ վիրաբուժութեան մը ենթարկուեցաւ։ Վերջապէս անդամալուծուեցաւ ու հաշմակառքի դատապարտուեցաւ։ Այս բոլոր ծախսին եւ զգացական ճնշումին տակէն ի՞նչպէս պիտի ելլէինք։ Անգամ մը եւս Եհովայի վստահելով, իր սիրալիր եւ առատաձեռն հոգածութիւնը վայելեցինք։ Երբ ես Մակեդոնիա կ’երթայի ծառայելու համար, Մարթան Աթէնքի մէջ եղբօր մը տունը կը մնար ֆիզիքական դարմանումի համար։ Ան կը հեռաձայնէր քաջալերական խօսքերով. «Ես լաւ եմ։ Դուն շարունակէ, եւ երբ ես դարձեալ շարժելու կարող ըլլամ, հաշմակառքով կ’ընկերակցիմ քեզի»։ Իրապէս ալ ըրաւ։ Պէթէլէն մեր սիրելի եղբայրները քաջալերական բազմաթիւ նամակներ ղրկեցին։ Մարթային յաճախ կը վերյիշեցնէին Սաղմոս 41։3–ը. «Տէրը անոր ոյժ պիտի տայ տկարութեան անկողնին մէջ. անոր բոլոր տկարութիւնները պիտի բուժէ [«կ’փոխես», Արարատ] հիւանդութեան ատենը»։
Առողջապահական այս լուրջ խնդիրներուն պատճառաւ, 1986–ին յարմար տեսնուեցաւ որ որպէս մասնաւոր ռահվիրայ ծառայեմ Գավալայի մէջ, ուր հիմա կ’ապրիմ սիրելի աղջկանս ընտանիքին մօտ։ Անցեալ Մարտին սիրելի տիկինս մահացաւ, հաւատարիմ նմալով մինչեւ վերջ։ Իր մահուընէ առաջ, երբ եղբայրներ իրեն կը հարցնէին՝ «Ի՞նչպէս ես», ան սովորաբար կը պատասխանէր՝ «Այնքան ատեն որ Եհովայի հետ սերտ եմ, շա՛տ լաւ եմ»։ Երբ ժողովներու կը պատրաստուէինք կամ հունձքը շատ եղող շրջաններու մէջ ծառայելու հրապուրիչ հրաւէրներ կը ստանայինք, Մարթան սովորաբար կ’ըսէր. «Եանիս, երթանք ծառայելու հոն ուր աւելի մեծ կարիք կայ»։ Ան իր նախանձախնդիր հոգին երբեք չկորսնցուց։
Քանի մը տարի առաջ ես ալ առողջապահական լուրջ խնդիր մը ունեցայ։ 1994–ի Մարտին, սրտի վտանգաւոր խնդիր մը ախտորոշուեցաւ եւ վիրաբուժումի ստիպողական կարիք մը տեսնուեցաւ։ Անգամ մը եւս, Եհովայի սիրալիր ձեռքը թիկունք կանգնեցաւ ինծի այս դժուարին շրջանին։ Բնաւ չեմ մոռնար այն աղօթքը որ շրջանային տեսուչ մը արտասանեց անկողնիս քով, երբ բժշկական խիստ հսկողութենէն դուրս եկայ, ինչպէս նաեւ՝ այն Յիշատակատօնը զոր կատարեցի ուղղակի հիւանդանոցի սենեակիս մէջ, ճշմարտութեան հանդէպ քիչ մը հետաքրքրութիւն ցոյց տուող չորս հիւանդներու հետ։
Եհովա Մեր Օգնականը Եղած Է
Ժամանակը կը թռչի եւ մեր մարմինները կը տկարանան, բայց մեր հոգին միշտ կը նորոգուի ուսումնասիրութեամբ ու ծառայութեամբ։ (Բ. Կորնթացիս 4։16) Ահաւասիկ 39 տարի անցաւ այն օրուընէ որ ըսի՝ «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ»։ Իրապէս լիարժէք, ուրախ եւ վարձահատոյց կեանք մը ունեցանք։ Այո, երբեմն կը զգամ որ «աղքատ ու տնանկ եմ», բայց այն ատեն Եհովայի կրնամ ըսել. «Իմ օգնականս ու փրկիչս դո՛ւն ես»։ (Սաղմոս 40։17) Արդարեւ, ան ողորմած Աստուած մը եղած է։
[Նկար՝ էջ 25]
Մարթային հետ՝ 1956–ին
[Նկար՝ էջ 26]
Գավալայի նաւահանգիստը
[Նկար՝ էջ 26]
Մարթային հետ՝ 1997–ին