Հարցումներ ընթերցողներէն
Եհովայի Վկաները քուէարկութեան հանդէպ ի՞նչ տեսակէտ ունին։
Աստուածաշունչին մէջ յստակ սկզբունքներ կան, որոնք կ’օգնեն Աստուծոյ ծառաներուն որ այս հարցին շուրջ պատշաճ տեսակէտ մը ունենան։ Սակայն, այնպէս կը թուի թէ քուէարկութեան դէմ ինքնին որեւէ սկզբունք չկայ։ Զոր օրինակ, պատճառ չկայ թէ վարչական խորհուրդ մը ինչո՛ւ պիտի չքուէարկէ, իր ընկերութեան ազդող որոշումներու յանգելու համար։ Եհովայի Վկաներու ժողովքները, ժողովի ժամերուն եւ ժողովքի ունեցած գումարներու գործածութեան շուրջ իրենց որոշումները կը յայտնեն, յաճախ ձեռք բարձրացնելով քուէարկելով։
Սակայն, ի՞նչ կրնայ ըսուիլ քաղաքական ընտրութիւններուն մէջ քուէարկելու մասին։ Անշուշտ, կարգ մը ժողովրդավարական երկիրներու մէջ, բնակչութեան մինչեւ 50 առ հարիւրը ընտրութեան օրը քուէարկութեան չեն երթար։ Իսկ գալով Եհովայի Վկաներուն, անոնք ուրիշներու քուէարկելու իրաւունքին չեն խառնուիր, ո՛չ ալ քաղաքական ընտրութիւններուն դէմ արշաւներ կը կազմակերպեն։ Անոնք այս կերպով ընտրուած հեղինակութիւնները կը յարգեն ու անոնց հետ կը համագործակցին։ (Հռովմայեցիս 13։1-7) Ընտրութեան մասնակցող թեկնածուի մը քուէարկելու նկատմամբ, իւրաքանչիւր Եհովայի Վկայ իր որոշումը կու տայ, հիմնուելով՝ Աստուածաշունչի համաձայն մարզուած իր խղճմտանքին, եւ Աստուծոյ ու պետութեան հանդէպ իր ունեցած պատասխանատուութեանց հասկացողութեան վրայ։ (Մատթէոս 22։21. Ա. Պետրոս 3։16) Անձնական որոշում տալու մէջ, Վկաները քանի մը ազդակներ նկատի կ’առնեն։
Նախ, Յիսուս Քրիստոս իր հետեւորդներուն մասին ըսաւ թէ անոնք «աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ»։ (Յովհաննու 17։14) Եհովայի Վկաները այս սկզբունքը լուրջի կ’առնեն։ ‘Աշխարհէն չըլլալով’, անոնք աշխարհի քաղաքական հարցերուն մէջ չէզոք կեցուածք մը կ’առնեն։—Յովհաննու 18։36
Երկրորդ, Պօղոս առաքեալ ինքն իր մասին խօսեցաւ որպէս «դեսպան»՝ իր օրուան մարդոց Քրիստոսը ներկայացնող մը։ (Եփեսացիս 6։20. Բ. Կորնթացիս 5։20) Եհովայի Վկաները կը հաւատան թէ այժմ Քրիստոս Յիսուս երկնքի մէջ Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան գահակալուած Թագաւորն է, եւ թէ անոնք, դեսպաններու պէս, ազգերուն պէտք է յայտարարեն ասիկա։ (Մատթէոս 24։14. Յայտնութիւն 11։15) Դեսպաններէն կ’ակնկալուի որ չէզոք ըլլան եւ իրենց ղրկուած երկիրներուն ներքին հարցերուն միջամուխ չըլլան։ Որպէս Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան ներկայացուցիչներ, Եհովայի Վկաներն ալ իրենց ապրած երկիրներու քաղաքականութեան միջամուխ չըլլալու պարտաւորութիւնը կը զգան։
Նկատի առնուելիք երրորդ ազդակը այն է, որ պաշտօնի մը համար անհատի մը քուէարկողը, կրնայ անոր արարքներուն պատասխանատու ըլլալ։ (Համեմատել՝ Ա. Տիմոթէոս 5։22, Արարատ) Քրիստոնեաներ ուշադրութեամբ նկատի պէտք է առնեն, թէ այդ պատասխանատուութիւնը կրել կ’ուզեն թէ ոչ։
Չորրորդ, Եհովայի Վկաները մեծապէս կ’արժեւորեն իրենց քրիստոնէական միութիւնը։ (Կողոսացիս 3։14) Երբ կրօնքներ քաղաքականութեան միջամուխ կ’ըլլան, անոնց անդամներուն մէջ յաճախ բաժանումներ կը ծագին։ Յիսուս Քրիստոսը ընդօրինակելով, Եհովայի Վկաները կը խուսափին քաղաքականութեան միջամուխ ըլլալէ, եւ այսպիսով իրենց քրիստոնէական միութիւնը կը պահպանեն։—Մատթէոս 12։25. Յովհաննու 6։15. 18։36, 37
Հինգերորդ եւ վերջին ազդակը. քաղաքականութեան միջամուխ չըլլալը պատճառ կ’ըլլայ որ Եհովայի Վկաները կարենան համարձակօրէն տանիլ Թագաւորութեան կարեւոր պատգամը ամէն տեսակ քաղաքական համոզումներ ունեցող մարդոց։—Եբրայեցիս 10։35
Վերոյիշեալ սուրբ գրային սկզբունքներուն ի տես, Եհովայի Վկաները բազմաթիւ երկիրներու մէջ անձնապէս կ’որոշեն քաղաքական ընտրութիւններու չքուէարկել, եւ այդ երկիրներուն օրէնքը թիկունք կը կանգնի այսպիսի որոշում մը տալու անոնց ազատութեան։ Սակայն, ի՞նչ կը պատահի եթէ օրէնքը քաղաքացիներէն պահանջէ որ քուէարկեն։ Այսպիսի պարագայի, իւրաքանչիւր Վկայ ինք պատասխանատու է կացութիւնը ի՛նչպէս ձեռք առնելու նկատմամբ խղճամիտ եւ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած որոշում մը տալու։ Եթէ անհատ մը որոշէ քուէարկութեան խցիկը երթալ, անիկա իր որոշումն է։ Հոն ան ի՛նչ որ կ’ընէ իր ու Ստեղծիչին միջեւ է։
Դիտարան–ի 15 Նոյեմբեր 1950–ի համարը, 445-446–րդ էջերուն վրայ ըսաւ. «Հոն ուր Կայսրը կը ստիպէ քաղաքացիներուն որ քուէարկեն . . . [Վկաները] կրնան քուէարկելու երթալ եւ քուէարկութեան խցիկը մտնել։ Հոս է որ անոնցմէ կը պահանջուի քուէաթուղթը նշել կամ գրել թէ որու կողմնակից են։ Քուէարկողները քուէաթուղթերը իրենց ուզածին պէս կը լեցնեն։ Ուստի հոն, Աստուծոյ ներկայութեա՛ն է որ Իր վկաները իր պատուիրանքներուն եւ իրենց հաւատքին հետ ներդաշնակ պէտք է գործեն։ Մեր պատասխանատուութիւնը չէ անոնց պատուիրել թէ ի՛նչ ընեն իրենց քուէաթուղթով»։
Ի՞նչ կրնանք ըսել եթէ Քրիստոնեայ կնոջ մը անհաւատ ամուսինը կը պնդէ որ ան քուէարկութեան ներկայանայ։ Ան իր ամուսնոյն ենթակայ է, ճիշդ ինչպէս որ Քրիստոնեաները վերին իշխանութիւններուն կը հնազանդին։ (Եփեսացիս 5։22. Ա. Պետրոս 2։13-17) Եթէ ան իր ամուսնոյն հնազանդի եւ քուէարկութեան խցիկները երթայ, անիկա իր անձնական որոշումն է։ Ոեւէ անհատ զինք պէտք չէ քննադատէ։—Համեմատել՝ Հռովմայեցիս 14։4
Ի՞նչ կրնանք ըսել երկրի մը մասին ուր օրէնքը չի պարտադրեր քուէարկել, բայց քուէարկութեան վայր չգացողները հակառակութեան թիրախ կը դառնան, եւ թերեւս ֆիզիքական վտանգներու կրնան ենթարկուիլ։ Կամ, ի՞նչ կրնանք ըսել երբ անհատ մը, որ ըստ օրէնքին պարտաւոր չէ քուէարկել, քուէարկելու վայրը չերթալուն համար ձեւով մը խիստ պատիժի կ’ենթարկուի։ Այսպիսի եւ ասոր նման պարագաներուն, Քրիստոնեան իր անձնական որոշումը պէտք է տայ։ «Ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ»։—Գաղատացիս 6։5
Ոմանք կրնան գայթակղիլ երբ իրենց երկրի ընտրութիւններու ընթացքին տեսնեն որ Եհովայի Վկաներէն ոմանք՝ քուէարկութեան վայրերը կ’երթան, մինչ ուրիշներ՝ ոչ։ Անոնք կրնան ըսել. ‘Եհովայի Վկաները միասնակամ չեն’։ Սակայն, մարդիկ պէտք է գիտնան, թէ անհատական խղճմտանքի վերաբերող նման հարցերու մէջ, իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ Եհովա Աստուծոյ առջեւ իր անձնական որոշումը պէտք է տայ։—Հռովմայեցիս 14։12
Որեւէ պարագայի, Եհովայի Վկաները անձնական ի՛նչ որոշումներ ալ տան, անոնք զգոյշ կ’ըլլան որ պահպանեն իրենց քրիստոնէական չէզոքութիւնը եւ խօսելու համարձակութիւնը։ Ամէն բանի մէջ, անոնք Եհովա Աստուծոյ կ’ապաւինին որպէսզի զիրենք զօրացնէ, իրենց իմաստութիւն տայ եւ օգնէ որ որեւէ կերպով իրենց հաւատքին մէջ համակերպումներ չընեն։ Հետեւաբար անոնք սաղմոսերգուին խօսքերուն հանդէպ վստահութիւն կը ցուցաբերեն. «Իմ Վէմս ու բերդս դուն ես եւ քու անուանդ համար ինծի առաջնորդէ ու զիս կառավարէ»։—Սաղմոս 31։3