Վհատութիւնը յաղթահարելու համար ի՞նչ կարելի է ընել
ԱՆՀԱՏ մը ի՞նչպէս կրնայ վհատութեան դէմ պայքարիլ։ Եհովայի Վկաներու ժողովքները կանոնաւորաբար այցելող կարգ մը ճամբորդող տեսուչներու այս հարցումը հարցուեցաւ։ Անոնց տուած պատասխանները կրնան օգնել որ վհատութեան պատճառները վերլուծենք, եւ զայն դարմանելու կերպեր գտնենք. վիճակ մը որու մէջ կրնայ իյնալ ոեւէ Քրիստոնեայ։
Վհատութեան հետ գլուխ ելլելու համար, վերլուծում ընելէն աւելին կը պահանջուի, բայց ախտանշանները կրնան պարփակել՝ աղօթելու կամ անձնական ուսումնասիրութիւն ընելու մէջ հետաքրքրութեան պակաս, ժողովներու ներկայ գտնուելու մէջ անկանոնութիւն, խանդավառութեան պակաս, եւ նոյնիսկ Քրիստոնեայ ընկերակիցներու հանդէպ որոշ պաղութիւն մը։ Սակայն, ամենէն բացորոշ նշաններէն մէկն է՝ աւետարանելու մէջ նախանձախնդրութեան նուազում։ Քննենք ախտանշանները եւ նկատի առնենք կարգ մը դարմանումներ։
Աւետարանելու Գործին Մէջ Վհատութիւն
Յիսուս Քրիստոս քաջածանօթ էր աշակերտելու յանձնարարութեան հետ առնչուած դժուարութիւններուն։ (Մատթէոս 28։19, 20) Ան իր հետեւորդները ղրկեց «իբրեւ ոչխարներ գայլերու մէջ», գիտնալով որ անոնց քարոզչութիւնը իրենց վրայ հալածանք պիտի բերէր։ (Մատթէոս 10։16-23) Սակայն, ասիկա պատճառ մը չէր որ անոնք վհատէին։ Իրականութեան մէջ, հալածանքը յաճախ կը զօրացնէ աղօթքով Եհովայի ապաւինող Աստուծոյ ծառաները։—Գործք 4։29-31. 5։41, 42
Քրիստոսի աշակերտները նոյնիսկ բիրտ հալածանքէ զերծ ըլլային, անոնք յաճախ լաւ ընդունելութեան չէին արժանանար։ (Մատթէոս 10։11-15) Նմանապէս, ներկայիս Եհովայի Վկաներու քարոզչութիւնը դիւրութեամբ չի կատարուիր։a Շատերու համար, Աստուծոյ հաւատալը անձնական հարց մըն է, որու մասին չեն փափաքիր խօսիլ։ Ուրիշներ չեն ուզեր որեւէ կապ ունենալ կրօնական կազմակերպութեան մը հետ, որու հանդէպ որոշ կանխադատողութիւններ ունին։ Վստահաբար, անտարբերութիւնը, ապարդիւնութիւնը, կամ զանազան այլ խնդիրներ, կրնան վհատութեան մեծ պատճառներ ըլլալ։ Այս արգելքները ի՞նչպէս կրնան յաղթահարուիլ։
Աւելի Լաւ Արդիւնքներ Ձեռք Ձգել
Ծառայութենէն մեր քաղած ուրախութիւնը մասամբ ձեռք ձգուած արդիւնքներէն կախեալ է։ Արդ, ի՞նչպէս կրնանք աւելի արդիւնաբեր ծառայութիւն մը ունենալ։ Մենք «մարդոց որսորդ» ենք։ (Մարկոս 1։16-18) Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, ձկնորսները գիշերը ձկնորսութեան կ’երթային, երբ աւելի շատ ձուկ կրնային որսալ։ Մենք ալ պէտք է քննենք մեր թաղամասը, որպէսզի «ձկնորսութեան» երթանք երբ մարդիկ ընդհանրապէս տունն են եւ մեր պատգամին հանդէպ աւելի ընդունակ են։ Ասիկա կրնայ ըլլալ՝ երեկոյեան, շաբաթավերջերուն կամ ուրիշ ժամանակ մը։ Ճամբորդող տեսուչի մը համաձայն, ասիկա գործնական է այն շրջաններուն մէջ, ուր մարդիկ ամբողջ օրը կ’աշխատին։ Ան կը նշէ թէ երեկոյեան վկայութիւնը յաճախ հոյակապ արդիւնքներ կու տայ։ Հեռաձայնը կամ անպաշտօն վկայութիւնն ալ կարելի կը դարձնէ որ աւելի շատ մարդոց հանդիպինք։
Ծառայութեան մէջ յարատեւութիւնը լաւ արդիւնքներ կու տայ։ Արեւելեան Եւրոպայի եւ կարգ մը Ափրիկեան երկիրներու մէջ, Թագաւորութեան քարոզչութիւնը լաւ յառաջդիմութիւն կ’արձանագրէ, եւ ասիկա շատ յաւելումներու պատճառ եղած է։ Նաեւ, բազմաթիւ ժողովքներ կազմուած են երկար ժամանակ անբերրի նկատուած շրջաններու, կամ նոյնիսկ շատ յաճախ աշխատցուած թաղամասերու մէջ։ Սակայն, ի՞նչ կրնանք ըսել եթէ ձեր թաղամասին մէջ այսպիսի արդիւնքներ ձեռք չեն ձգուիր։
Լաւ Տեսակէտ մը Պահպանեցէք
Յիսուսի կողմէ դրուած նպատակակէտերը յստակ կերպով ի մտի ունենալը, պիտի օգնէ մեզի որ չվհատինք ծառայութեան մէջ ցուցաբերուած անտարբերութեան դիմաց։ Քրիստոս ուզեց որ իր աշակերտները արժանի եղողները փնտռեն, եւ ոչ թէ զանգուածային կրօնափոխութիւն կատարեն։ Բազմաթիւ առիթներով ան ցոյց տուաւ թէ մարդոց մեծամասնութիւնը բարի լուրը պիտի չընդունէր, ճիշդ ինչպէս որ Իսրայելացիները մեծաւ մասամբ վաղեմի մարգարէներուն մտիկ չըրին։—Եզեկիէլ 9։4. Մատթէոս 10։11-15. Մարկոս 4։14-20
«Իրենց հոգեւոր կարիքներուն գիտակից» եղող անհատներ «թագաւորութեան բարի լուրը» երախտագիտութեամբ կ’ընդունին։ (Մատթէոս 5։3, ՆԱ. 24։14, ՆԱ) Անոնք կը փափաքին Աստուծոյ ծառայել իր սահմանած կերպով։ Ուստի, մեր գործունէութեան արդիւնքը աւելի կախեալ է մարդոց սրտի վիճակէն, քան՝ պատգամը ներկայացնելու մեր վարպետութենէն։ Անշուշտ, մեր լաւագոյնը պէտք է ընենք բարի լուրը գրաւիչ դարձնելու համար։ Սակայն, արդիւնքը Աստուծմէ կախեալ է, քանի որ Յիսուս ըսաւ. «Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ»։—Յովհաննու 6։44
Մեր աւետարանչութիւնը Եհովայի անունը կը ճանչցնէ։ Մարդիկ լսեն կամ ոչ, մեր քարոզչական գործունէութիւնը Եհովայի սուրբ անուան սրբացման կը նպաստէ։ Ասկէ զատ, մեր աւետարանչութեան միջոցաւ, կը փաստենք թէ Քրիստոսի աշակերտներն ենք, եւ առանձնաշնորհումը ունինք մեր օրերուն կատարուած ամենէն կարեւոր առաքելութեան մէջ բաժին բերելու։—Մատթէոս 6։9. Յովհաննու 15։8
Վհատութիւն եւ Յարաբերութիւններ
Մարդկային որոշ յարաբերութիւններ, ընտանիքին կամ ժողովքին մէջ, կրնան վհատութիւն պատճառել։ Օրինակ, ուրիշներուն կողմէ չհասկցուելու զգացումը կրնաք ունենալ։ Մեր հաւատակիցներուն անկատարութիւններն ալ կրնան մեզ վհատեցնել։ Անգամ մը եւս, Սուրբ Գրութիւնները կրնան մեծապէս օգնել մեզի։
Համաշխարհային «եղբայրութիւնը» հոգեւոր մեծ ընտանիք մըն է։ (Ա. Պետրոս 2։17) Բայց միացած ժողովուրդի մը պատկանելու զգացումը կրնայ տկարանալ, երբ անձնաւորութեան գծերու տարբերութեան պատճառաւ բախումներ ըլլան։ Բացայայտօրէն, առաջին դարու Քրիստոնեաները այսպիսի խնդիրներէ զերծ չէին, քանի որ Պօղոս առաքեալ կրկին անգամ պարտաւորուեցաւ անոնց յիշեցնել որ իրարու հետ միաբանութեամբ ապրին։ Ան Քրիստոնեայ երկու կիներ՝ Եւոդիան ու Սիւնտիքը յորդորեց, զոր օրինակ, որ իրենց խնդիրները լուծեն։—Ա. Կորնթացիս 1։10. Եփեսացիս 4։1-3. Փիլիպպեցիս 4։2, 3
Եթէ այս է խնդիրը, ի՞նչպէս կրնանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ անկեղծ սէր մը վերարծարծել։ Յիշելով որ Քրիստոս անոնց համար մեռաւ եւ թէ մեզի նման անոնք ալ իր փրկանքի զոհագործութեան հաւատք ընծայած են։ Կրնանք նաեւ ի մտի ունենալ թէ մեր եղբայրներէն շատեր իրենց կեանքը մեզի համար վտանգելով, Յիսուս Քրիստոսը ընդօրինակելու պատրաստ են։
Քանի մը տարի առաջ Փարիզի մէջ, Ֆրանսա, երիտասարդ Վկայ մը Թագաւորութեան Սրահին առջեւ դրուած ռումբ պարունակող պայուսակ մը առանց վարանելու վերցուց, աստիճաններէն վար սլաց եւ զայն աղբիւրի մը մէջ նետեց, ուր ռումբը պայթեցաւ։ Երբ անոր հարցուցին թէ ի՛նչ բան մղեց զինք որ իր կեանքը այս ձեւով վտանգէր, ան պատասխանեց. «Գիտակցեցայ թէ մեր կեանքերը վտանգի մէջ էին։ Ուստի խորհեցայ թէ աւելի լաւ էր որ ե՛ս մեռնէի, քան թէ բոլորս սպաննուէինք»։b Ի՜նչ օրհնութիւն է այսպիսի ընկերակիցներ ունենալ, որոնք պատրաստ են Յիսուսի օրինակին ա՛յսքան մօտէն հետեւելու։
Ասկէ զատ, կրնանք խոկալ Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին կեդրոնացման ճամբարներու մէջ եղող Եհովայի Վկաներուն համագործակցութեան հոգիին մասին։c Աւելի վերջերս, Մալաուիի մեր եղբայրներն ու քոյրերը միեւնոյն հաւատարմութիւնը ցոյց տուին, որպէս ճշմարիտ Քրիստոնեաներ իրենց ուղղամտութիւնը պահելով։ Երբ մտածենք որ մեր ժողովքի եղբայրները աննպաստ պարագաներու ներքեւ նոյն կերպով պիտի վարուին, ասիկա ինքնին պիտի չմղէ՞ մեզ որ առօրեայ լարուածութիւնները եւ դժուարութիւնները զանց ընենք, կամ առնուազն թեթեւցնենք զանոնք։ Եթէ Քրիստոսի միտքը մշակենք, հաւատակիցներու հետ մեր ամէնօրեայ յարաբերութիւնները մեզի համար թարմացումի եւ ո՛չ թէ վհատութեան աղբիւր մը պիտի ըլլան։
Վհատեցուցիչ Անձնական Զգացումներ
«Ուշացած յոյսը սիրտը կը հիւանդացնէ, բայց փափաքին հասնիլը կեանքի ծառ մըն է»։ (Առակաց 13։12) Եհովայի ծառաներէն ոմանց համար, իրերու այս դրութեան վախճանը կ’ուշանայ։ Քրիստոնեաներ, անհաւատներէն շատերուն նման, կը զգան որ մեր ապրած ժամանակաշրջանը «չար ժամանակներ» են։—Բ. Տիմոթէոս 3։1-5
Անհաւատներուն հակառակը, սակայն, Քրիստոնեաները պէտք է ուրախանան, այս դժուարին վիճակներուն մէջ տեսնելով Յիսուսի ներկայութեան «նշանը», ինչ որ կը մատնանշէ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շուտով վերջ մը պիտի դնէ իրերու այս չար դրութեան։ (Մատթէոս 24։3-14) Նոյնիսկ երբ կացութիւնը վատթարանայ՝ ինչ որ անպայման պիտի ըլլայ «մեծ նեղութեան» ընթացքին՝ այս դէպքերը ուրախութեան աղբիւր մըն են, քանի որ անոնք Աստուծոյ մօտալուտ նոր աշխարհը կը ծանուցանեն։—Մատթէոս 24։21. Բ. Պետրոս 3։13
Առօրեայ հարցերուն մէջ Թագաւորութեան միջամտութիւնը իր մտքին մէջ յետաձգելը, կրնայ պատճառ ըլլալ որ Քրիստոնեան աւելի ու աւելի ժամանակ յատկացնէ նիւթական հետապնդումներու։ Եթէ ան թոյլ տայ որ աշխարհիկ գործը ու զբօսանքը իր ամբողջ ժամանակը եւ կորովը խլեն, իրեն համար դժուար պիտի ըլլայ իր սուրբ գրային պատասխանատուութիւնները պատշաճօրէն կատարել։ (Մատթէոս 6։24, 33, 34) Այսպիսի տեսակէտ մը ընդվզումի, ու հետեւաբար՝ վհատութեան կ’առաջնորդէ։ Ճամբորդող տեսուչ մը ըսաւ. «Իրապաշտութիւն չէ այս դրութեան մէջ՝ նոր դրութեան նման ապրիլ ուզել»։
Լաւագոյն Դարմանումներէն Երկուքը
Ախտաճանաչումը կատարելէ ետք, անհատ մը ի՞նչպէս ազդու դարման մը կրնայ գտնել։ Մատչելի լաւագոյն մեթոտներէն մէկն է՝ անձնական ուսումնասիրութիւնը։ Ինչո՞ւ։ «Անիկա մեզի կը յիշեցնէ թէ ինչո՛ւ պէտք է ընենք ինչ որ կ’ընենք», նշեց ճամբորդող տեսուչ մը։ Տակաւին ուրիշ մը բացատրեց. «Պարզապէս առ ի պարտականութիւն քարոզելը, ժամանակի ընթացքին բեռ կը դառնայ»։ Սակայն լաւ անձնական ուսումնասիրութիւնը, մեզի կ’օգնէ որ մինչ վախճանին կը մօտենանք, մեր դերին մասին յստակ տեսակէտ մը ունենանք։ Նոյն գծով, Սուրբ Գրութիւնները կրկին անգամ մեզի կը յիշեցնեն հոգեւորապէս կերակրուելու կարիքը, որպէսզի Աստուծոյ կամքը ընելու մէջ իրական ուրախութիւն ունենանք։—Սաղմոս 1։1-3. 19։7-10. 119։1, 2
Երէցները կրնան ուրիշներուն օգնել որ վհատութիւնը յաղթահարեն, անոնց հովուական քաջալերական այցելութիւններ տալով։ Այս անձնական այցելութիւններու ընթացքին, երէցներ կրնան ցոյց տալ թէ իւրաքանչիւր անհատ մեծապէս գնահատուած է եւ Եհովայի ժողովուրդին մէջ կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ։ (Ա. Կորնթացիս 12։20-26) Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն ակնարկելով, երէց մը ըսաւ. «Անոնց արժէքը ընդգծելու համար, անոնց կը յիշեցնեմ անցեալին իրենց իրագործած բաները։ Անոնց ուշադրութեան կը յանձնեմ թէ իրենք Եհովայի աչքին թանկագին են եւ թէ իր Որդւոյն արիւնը իրենց համար թափուած է։ Տրամաբանութեան այս գիծը միշտ լաւ ընդունելութիւն կը գտնէ։ Անգամ մը որ ասիկա սուրբ գրային հաստատ ապացոյցներով ցոյց տրուի, վհատած անհատներ նոր նպատակակէտեր դնելու հակամէտ կ’ըլլան, ինչպէս՝ ընտանեկան աղօթքը, ուսումնասիրութիւնը եւ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը»։—Եբրայեցիս 6։10
Հովուական այցելութիւններու ընթացքին, երէցները զգոյշ պէտք է ըլլան, որ այն գաղափարը չտան թէ Աստուած հաճեցնելը անկարելի է։ Ընդհակառակը, երէցները կրնան վհատած հաւատակիցներուն օգնել տեսնելու, որ Յիսուսի հետեւորդներուն վրայ դրուած բեռը թեթեւ է։ Հետեւաբար, մեր քրիստոնէական ծառայութիւնը ուրախութեան աղբիւր մըն է։—Մատթէոս 11։28-30
Վհատութիւնը Նուաճել
Ի՛նչ որ ալ ըլլան պատճառները, վհատութիւնը պատուհաս մըն է, որու դէմ պէտք է պայքարիլ։ Յիշեցէք, սակայն, թէ այս պայքարին մէջ մինակ չենք։ Եթէ վհատած ենք, մեր Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն՝ յատկապէս երէցներուն՝ մատուցած օգնութիւնը ընդունինք։ Այսպէս ընելով, վհատութեան զգացումները կրնանք նուազեցնել։
Ամէն բանէ աւելի, վհատութիւնը յաղթահարելու համար Աստուծոյ պէտք է դիմենք։ Եթէ աղօթքով Եհովայի ապաւինինք, ան կրնայ օգնել մեզի որ վհատութիւնը ամբողջովին նուաճենք։ (Սաղմոս 55։22. Փիլիպպեցիս 4։6, 7) Ամէն պարագայի, որպէս իր ժողովուրդը կրնանք սաղմոսերգուին զգացումները բաժնել, որ երգեց. «Երանի այն ժողովուրդին որ կը ճանչնայ ցնծութեան ձայնը. ո՛վ Տէր, անոնք քու երեսիդ լոյսով պիտի քալեն։ Քու անունովդ ամէն օր պիտի ցնծան ու քու արդարութիւնովդ պիտի բարձրանան։ Վասն զի դուն ես անոնց զօրութեան փառքը եւ քու հաճութիւնովդ պիտի բարձրանայ մեր եղջիւրը»։—Սաղմոս 89։15-17, ստորանիշ
[Ստորանիշներ]
a Տես՝ «Տունէ Տուն Քարոզչութեան Մարտահրաւէրը» խորագրով յօդուածը, Դիտարան 15 Մայիս 1981 (Անգլերէն)։
b Տես՝ Զարթի՛ր 22 Փետրուար 1985, էջ 12-13, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
c Տես՝ «‘Մահուան Երթէն’ Վերապրեցայ» յօդուածը, Դիտարան 15 Օգոստոս 1980 (Անգլերէն), եւ «Նացի Գերմանիոյ Մէջ Ուղղամտութիւն Պահել» յօդուածը, Զարթի՛ր 22 Յունիս 1985։
[Նկար՝ էջ 31]
Սիրալիր երէցներու կողմէ հովուական կերտիչ այցելութիւններ կրնան օգնել Քրիստոնեաներուն որ իրենց վհատութիւնը յաղթահարեն