«Եհովա իմաստութիւն կու տայ»
Ո՞Ր ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄՆԵՐԸ ձեր ժամանակն ու կորովը կը վատնեն։ Բարի անո՞ւն մը շինելով հետաքրքրուած էք։ Հարստութի՞ւն դիզելու նուիրուած էք։ Ի՞նչ կրնաք ըսել որոշ մարզի մը մէջ ասպարէզ մը հետապնդելու կամ ուսման մէկ կամ երկու ճիւղի մէջ մասնագիտանալու նկատմամբ։ Ուրիշներու հետ լաւ յարաբերութիւններ մշակելը ձեզի համար կարեւո՞ր է։ Լաւ առողջութիւն ունենալը ձեր գլխաւոր մտահոգութի՞ւնն է։
Վերոյիշեալ բոլոր բաները կրնան որոշ արժէք մը ներկայացնել։ Սակայն, անոնցմէ ո՞ր մէկը ամենակարեւորն է։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Ամէն բանին գլուխը իմաստութիւնն է։ Իմաստութիւն ստացիր»։ (Առակաց 4։7) Ուստի, ի՞նչպէս կրնանք իմաստութիւն ձեռք ձգել եւ ի՞նչ են անոր օգուտները։ Աստուածաշունչի Առակաց գրքին երկրորդ գլուխը պատասխաններ կը հայթայթէ։
‘Ականջդ Իմաստութեան Տուր’
Հօր մը սիրալիր խօսքերով, վաղեմի Իսրայէլի իմաստուն Սողոմոն Թագաւորը կ’ըսէ. «Որդեա՛կ իմ, եթէ [«դուն», ՆԱ] իմ խօսքերս ընդունիս ու իմ պատուիրանքներս քովդ պահես, այնպէս որ ականջդ իմաստութեան տաս ու սիրտդ հանճարին բանաս, եթէ դուն իմաստութիւնը [«հասկացողութիւնը», ՆԱ] քեզի կանչես եւ քու ձայնդ հանճարի ուղղես, եթէ [«դուն», ՆԱ] զանիկա արծաթի պէս փնտռես ու ծածուկ գանձերու պէս խնդրես, այն ատեն Տէրոջը վախը պիտի հասկնաս եւ Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնես»։—Առակաց 2։1-5
Նկատի առի՞ք թէ իմաստութիւն ձեռք ձգելու պատասխանատուութիւնը որու վրայ կ’իյնայ։ Վերոյիշեալ համարներուն մէջ «եթէ դուն» արտայայտութիւնը երեք անգամ կ’երեւի։ Բացայայտօրէն, մեզմէ իւրաքանչիւրը ի՛նք պատասխանատու է իմաստութիւնը եւ անոր յարակից՝ ներատեսութիւնն ու հասկացողութիւնը փնտռելու։ Նախ, սակայն, պէտք է ‘ընդունինք’ եւ մեր յիշողութեան մէջ ‘պահենք’ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ արձանագրուած իմաստուն խօսքերը։ Այս պատճառաւ Աստուածաշունչը պէտք է ուսումնասիրենք։
Իմաստութիւնը, աստուածատուր գիտութիւնը պատշաճ կերպով գործածելու կարողութիւնն է։ Իսկ Աստուածաշունչը իմաստութիւնը ի՜նչ հոյակապ կերպով մատչելի կը դարձնէ։ Այո, անիկա իմաստութեան խօսքեր կը բովանդակէ, Առակաց եւ Ժողովողի գրքերուն մէջ արձանագրուածները, զոր օրինակ, եւ հարկ է որ այդ խօսքերուն ականջ տանք։ Աստուածաշունչի էջերուն մէջ նաեւ կը գտնենք բազմաթիւ օրինակներ, որոնք ցոյց կու տան աստուածային սկզբունքները կիրարկելուն օգուտները եւ զանոնք զանց ընելուն ծուղակները։ (Հռովմայեցիս 15։4. Ա. Կորնթացիս 10։11) Օրինակ, նկատի առէք Եղիսէ մարգարէին ծառան՝ ագահ Գէեզիի պատմութիւնը։ (Դ. Թագաւորաց 5։20-27) Ասիկա ագահութենէ խուսափելու իմաստութիւնը ցոյց չի՞ տար։ Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել Յակոբի աղջկան՝ Դինայի, Քանանու «երկրին աղջիկներ»ուն տուած երեւութապէս անվնաս թուող այցելութիւններուն եղերական հետեւանքին մասին։ (Ծննդոց 34։1-31) Չար ընկերակցութիւններու յիմարական ըլլալը իսկոյն չե՞նք նկատեր։—Առակաց 13։20, ստորանիշ. Ա. Կորնթացիս 15։33
Իմաստութեան մտիկ ընելը առնչուած է հանճար ու հասկացողութիւն ձեռք ձգելու հետ։ Ուէպսթըրի Վերստուգուած Ամբողջական Բառարան–ին համաձայն, հանճարը «մտքին զօրութիւնը կամ կարողութիւնն է, որով ան բան մը ուրիշ բանէ մը կը զանազանէ»։ Աստուածային հանճարը, սխալը շիտակէն զանազանելու ապա շիտակ ընթացքը ընտրելու կարողութիւնն է։ Եթէ մեր ‘սիրտը հանճարին չբանանք’, կամ զայն ձեռք ձգելու փափաքը չունենանք, ի՞նչպէս կրնանք ‘դէպի կեանք տանող ճամբուն’ մէջ կենալ։ (Մատթէոս 7։14. համեմատել՝ Բ. Օրինաց 30։19, 20) Աստուծոյ Խօսքին ուսումնասիրութիւնը եւ կիրարկումը հանճար կու տայ։
Ի՞նչպէս կրնանք ‘հասկացողութիւնը մեզի կանչել’. հասկացողութիւնը, հարցի մը երեսակները ի՛նչպէս իրարու հետ եւ ամբողջութեան հետ յարակցութիւն ունենալը տեսնելու կարողութիւնն է։ Անշուշտ, տարիքն ու փորձառութիւնը ազդակներ են, որոնք կ’օգնեն մեզի որ յաւելեալ հասկացողութիւն մշակենք, սակայն ասիկա պայման չէ։ (Յոբայ 12։12. 32։6-12) Սաղմոսերգուն ըսաւ. «Ծերերէն աւելի իմաստուն եղայ, վասն զի քու [Եհովայի] հրամաններդ պահեցի»։ Ան նաեւ երգեց. «Քու խօսքերուդ յայտնուիլը լոյս կու տայ ու միամիտները իմաստուն կ’ընէ»։ (Սաղմոս 119։100, 130) Եհովա «Հինաւուրց»ն է եւ բոլոր մարդկութենէն անսահմանելիօրէն գերազանց հասկացողութիւն ունի։ (Դանիէլ 7։9) Աստուած կրնայ անփորձին հասկացողութիւն շնորհել, կարող դարձնելով զայն որ այդ յատկութեան մէջ նոյնիսկ իրմէ աւելի տարեցները գերազանցէ։ Հետեւաբար, Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը՝ ուսումնասիրելու եւ զայն կիրարկելու մէջ ժրաջան պէտք է ըլլանք։
Առակաց գրքին երկրորդ գլուխին բացման խօսքերուն մէջ, «եթէ դուն» կրկնուած արտայայտութեան կը յաջորդէ այսպիսի արտայայտութիւններ՝ «ընդունիս», «քովդ պահես», «կանչես», «փնտռես», «խնդրես»։ Ասոնք գրողը ինչո՞ւ այս արտայայտութիւնները այսքան աւելցող ուժգնութեամբ կը գործածէ։ Աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ. «Իմաստունը [հոս] կը շեշտէ իմաստութիւն հետապնդելու մէջ լրջութեան անհրաժեշտութիւնը»։ Այո, իմաստութիւնը ու անոր առնչակից յատկութիւնները՝ ներատեսութիւնն ու հասկացողութիւնը՝ լրջօրէն պէտք է հետապնդենք։
Հարկ Եղած Ջանքը Պիտի Թափէ՞ք
Իմաստութիւնը հետապնդելու գլխաւոր ազդակներէն մէկն է Աստուածաշունչի ժրաջան ուսումնասիրութիւնը։ Այս ուսումնասիրութիւնը, սակայն, տեղեկութիւն ամբարելու սիրոյն պարզապէս կարդալէն աւելին պէտք է ըլլայ։ Մեր կարդացածին մասին ծրագրուած խորհրդածութիւնը, Սուրբ Գրութիւնները ուսումնասիրելու կենսական մէկ մասն է։ Իմաստութիւն ու ներատեսութիւն ձեռք ձգելը կը պարփակէ խորհիլ թէ մեր սորված բաները ի՛նչպէս կրնանք գործածել, խնդիրներ լուծելու եւ որոշումներ տալու համար։ Հասկացողութիւն ստանալը կը պահանջէ, որ խորհրդածենք թէ նոր տեղեկութիւնը ի՛նչ կապ ունի մեր արդէն գիտցածին հետ։ Ո՞վ պիտի ժխտէ թէ Աստուածաշունչի այսպիսի իմաստալից ուսումնասիրութիւն մը ժամանակ ու կորովալից ջանք կը պահանջէ։ Ժամանակի ու կորովի ներդրումը նման է ‘արծաթ փնտռելու ու ծածուկ գանձեր խնդրելու’ ներդրումին։ Հարկ եղած ջանքը պիտի թափէ՞ք։ Ասիկա ընելու համար ‘ժամանակը ծախու պիտի առնէ՞ք’։—Եփեսացիս 5։15, 16
Նկատի առէք թէ ի՜նչ մեծ գանձեր կը սպասեն մեզի, եթէ անկեղծ սրտով մը Աստուածաշունչին խորը թափանցենք։ Այո, «Աստուծոյ գիտութիւնը»՝ մեր Ստեղծիչին հաստատ, անփոփոխ, կենսատու գիտութիւնը՝ պիտի գտնենք։ (Յովհաննու 17։3) «Տէրոջը վախ»ն ալ ձեռք ձգուելիք գանձ մըն է։ Այս յարգալից վախը որքա՜ն արժէքաւոր է։ Զինք տհաճեցնելու առողջ վախը պէտք է ղեկավարէ մեր կեանքի իւրաքանչիւր երեսակը, մեր ըրած բոլոր բաներուն հոգեւոր նշանակութիւն մը տալով։—Ժողովողի 12։13
Հոգեւոր գանձեր փնտռելու եւ անոնց համար խորը թափանցելու անկեղծ տենչ մը պէտք է վառ պահենք մեր մէջ։ Մեր հետազօտութիւնը դիւրացնելու համար, Եհովա խորը թափանցելու հոյակապ գործիքներ հայթայթած է. Դիտարան–ը եւ Զարթի՛ր–ը՝ ճշմարտութեան այժմէական պարբերաթերթերը, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած ուրիշ գրականութիւններ։ (Մատթէոս 24։45-47) Իր Խօսքին ու ճամբաներուն մէջ դաստիարակութիւն ստանալու համար, Եհովա նաեւ քրիստոնէական ժողովները հայթայթած է։ Պէտք է կանոնաւորաբար յաճախենք այդ ժողովներուն, ըսուած բաներուն լաւ ուշադրութիւն ընծայենք, գլխաւոր կէտերը ըմբռնելու եւ անոնց վրայ կեդրոնանալու համար անկեղծ ջանք թափենք, եւ Եհովայի հետ մեր ունեցած յարաբերութեան մասին խոր կերպով մտածենք։—Եբրայեցիս 10։24, 25
Պիտի Չձախողիք
Յաճախ, թաղուած գոհարներու, ոսկիի կամ արծաթի համար եղած փնտռտուք մը ապարդիւն կ’ըլլայ։ Հոգեւոր գանձեր փնտռելու պարագան նոյնպէս չէ։ Ինչո՞ւ ոչ։ Սողոմոն կը հաւաստիացնէ մեզ ըսելով. «Իմաստութիւնը Տէրը կու տայ, գիտութիւնն ու հանճարը անոր բերնէն են»։—Առակաց 2։6
Սողոմոն Թագաւոր հանրածանօթ էր իր իմաստութեամբ։ (Գ. Թագաւորաց 4։30-32) Սուրբ Գրութիւնները երեւան կը հանեն թէ ան այլազան նիւթերու շուրջ գիտութիւն ունէր, մէջը ըլլալով՝ բոյսերու, անասուններու, մարդկային բնոյթին եւ Աստուծոյ Խօսքին մասին։ Նոյն զաւկին մայրը ըլլալ դաւանող երկու կիներու միջեւ վէճ մը լուծելու ատեն, որպէս երիտասարդ թագաւոր անոր ցուցաբերած ներատեսութիւնը, նպաստեց որ ան միջազգային համբաւ շահի։ (Գ. Թագաւորաց 3։16-28) Իր մեծ հմտութեան աղբիւրը ո՞վ էր։ Սողոմոն Եհովայի՛ աղօթեց որ իրեն «իմաստութիւն ու գիտութիւն», նաեւ ‘բարին ու չարը որոշելու’ կարողութիւն տար։—Բ. Մնացորդաց 1։10-12. Գ. Թագաւորաց 3։9
Մենք ալ օգնութեան համար Եհովայի պէտք է աղօթենք, մինչ ժրաջանօրէն իր Խօսքը կ’ուսումնասիրենք։ Սաղմոսերգուն աղօթեց. «Ո՛վ Տէր, սորվեցուր ինծի քու ճամբադ, որպէս զի քու ճշմարտութեանդ մէջ քալեմ. միացուր իմ սիրտս, որպէս զի քու անունէդ վախնայ»։ (Սաղմոս 86։11) Եհովա այդ աղօթքը ընդունեց, քանի որ զայն Աստուածաշունչի մէջ արձանագրել տուաւ։ Կրնանք վստահ ըլլալ, թէ Աստուածաշունչին մէջ հոգեւոր գանձեր գտնելու համար իր օգնութիւնը խնդրելու մեր անկեղծ ու յաճախակի աղօթքները, անպատասխան պիտի չմնան։—Ղուկաս 18։1-8
Սողոմոն կը նշէ. «Անիկա ուղիղներուն համար փրկութիւն կը պահէ. անիկա ուղղութեամբ քալողներուն վահանն է, որպէս զի արդարութեան ճամբաները պաշտպանէ ու իր սուրբերուն ճամբան պահէ։ Այն ատեն արդարութիւնը, դատաստանը, ուղղութիւնը եւ ամէն աղէկ ճամբայ պիտի հասկնաս»։ (Առակաց 2։7-9) Ասիկա ի՜նչ երաշխիք մըն է։ Եհովա զինք անկեղծօրէն փնտռողներուն ո՛չ միայն ճշմարիտ իմաստութիւն կու տայ, այլ նաեւ՝ արդարներուն վահան մը կ’ըլլայ, քանի որ անոնք ճշմարիտ իմաստութիւն կը ցուցաբերեն, ու հաւատարմօրէն իր արդար չափանիշներուն կը համակերպին։ Թող որ մենք ալ անոնց մէջ ըլլանք, որոնց Եհովա կ’օգնէ որ «ամէն աղէկ ճամբան» հասկնան։
Երբ ‘Գիտութիւնը Հաճելի կ’Ըլլայ’
Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութիւնը, որ իմաստութիւն փնտռելու կենսական պահանջ մըն է, շատ մը մարդոց համար անպայմանօրէն հաճելի նպատակակէտ մը չէ։ Զոր օրինակ, 58 տարեկան Լօրընս կ’ըսէ. «Ես միշտ ձեռային աշխատանք ըրած եմ։ Ուսումնասիրութիւնը ինծի համար դժուար բան մըն է»։ 24 տարեկան Մայքըլ, որ դպրոցին մէջ սերտողութենէն հաճոյք չէր առներ, ըսաւ. «Ինքզինքս կը ստիպէի որ նստիմ եւ սերտեմ»։ Սակայն, ուսումնասիրելու փափաք մը կարելի է մշակել։
Նկատի առէք թէ Մայքըլ ինչ ըրաւ։ Ան կ’ըսէ. «Ինքզինքս ստիպեցի որ ամէն օր կէս ժամ ուսումնասիրեմ։ Շուտով ասոր ունեցած ազդեցութիւնը տեսայ իմ վարմունքիս, քրիստոնէական ժողովներու ընթացքին իմ պատասխաններուս, եւ ուրիշներու հետ իմ խօսակցութեանս վրայ։ Այժմ, կը սպասեմ ուսումնասիրութեան պահերուս, եւ կը նեղուիմ երբ որեւէ բան արգելք ըլլայ անոնց»։ Այո, անձնական ուսումնասիրութիւնը յարատեւ ջանքով ձեռք ձգուած հաճոյք մը կը դառնայ, երբ մեր կատարած յառաջդիմութիւնը տեսնենք։ Լօրընս ալ Աստուածաշունչի ուսումնասիրելու ջանքեր թափեց եւ ժամանակի ընթացքին Եհովայի Վկաներու ժողովքի մը մէջ որպէս երէց ծառայեց։
Անձնական ուսումնասիրութիւնը հաճելի փորձառութիւն մը դարձնելը յարատեւ ջանք կը պահանջէ։ Սակայն անոր օգուտները շատ են։ «Երբ իմաստութիւնը քու սրտիդ մէջ մտնէ եւ գիտութիւնը քու հոգիիդ ախորժելի ըլլայ, խոհեմութիւնը քեզ պիտի պահէ ու հանճարը քեզ պիտի պաշտպանէ»։—Առակաց 2։10, 11
«Որպէս զի Քեզ Ազատէ Չար Մարդուն Ճամբայէն»
Իմաստութիւնը, գիտութիւնը, մտային կարողութիւնը եւ ներատեսութիւնը ի՞նչ կերպով կրնան պաշտպանել։ «Որպէս զի քեզ ազատէ չար մարդուն ճամբայէն, նենգութիւններ խօսող մարդէն եւ անոնցմէ՝ որոնք ուղիղ ճամբան թողուցեր են, որպէս զի խաւար ճամբաներու մէջ քալեն։ Չարութիւն ընելով կ’ուրախանան եւ չարին նենգութիւններովը կը ցնծան։ Անոնց ճամբաները ծուռ են ու անոնց ընթացքը խոտորնակ է»։—Առակաց 2։12-15
Այո, ճշմարիտ իմաստութեան վրայ գուրգուրացողները կը խուսափին ընկերակցելէ «նենգութիւններ խօսող»՝ այսինքն՝ ճշմարիտ եւ շիտակ բաներու հակառակը խօսող անհատներու հետ։ Մտային կարողութիւնն ու հանճարը կը պաշտպանեն անոնցմէ, որոնք ճշմարտութիւնը կը մերժեն, խաւար ճամբաներու մէջ քալելու համար, եւ անոնցմէ՝ որոնք ծուռ են եւ չար արարքներ ընելէ հաճոյք կ’առնեն։—Առակաց 3։32
Որքա՜ն երախտապարտ կրնանք ըլլալ որ ճշմարիտ իմաստութիւնը, նաեւ անոր ընկերակցող յատկութիւնները մեզ կը պաշտպանեն անբարոյ մարդոց ու կիներու չար ճամբայէն։ Սողոմոն կ’աւելցնէ թէ այս յատկութիւնները «քեզ ազատէ օտար կնոջմէն, շողոքորթութիւն խօսող օտար կնոջմէն։ Ան որ իր երիտասարդութեան բարեկամը կը թողու եւ իր Աստուծոյն ուխտը կը մոռնայ, անոր տունը մահուան պիտի տանի ու անոր շաւիղները՝ մեռելներուն։ Անոր գացողները բնաւ չեն դառնար եւ կեանքի ճամբաներուն չեն հասնիր»։—Առակաց 2։16-19
‘Օտար կինը’՝ պոռնիկը, նկարագրուած է որպէս մէկը որ «իր երիտասարդութեան բարեկամը կը թողու», հաւանաբար իր երիտասարդութեան ամուսինը։a (Համեմատել՝ Մաղաքեայ 2։14) Ան Օրէնքի ուխտին մաս կազմող շնութեան մասին եղած արգելքը մոռցած է։ (Ելից 20։14) Անոր շաւիղները մահուան կ’առաջնորդեն։ Անոր ընկերակցողները թերեւս բնաւ «կեանքի ճամբաներուն չեն հասնիր», քանի որ ուշ կամ կանուխ անոնք տեղ մը կը հասնին, ուրկէ վերադարձ չկայ, ուրիշ խօսքով՝ մահուան։ Ներատեսութիւն եւ մտային կարողութիւն ունեցող մարդ մը զգոյշ է անբարոյութեան թակարդներէն եւ իմաստուն կերպով կը խուսափի անոնց մէջ իյնալէ։
«Ուղիղները Երկրի Վրայ Պիտի Բնակին»
Իմաստութեան մասին իր տուած խրատին նպատակը ամփոփելով, Սողոմոն կ’ըսէ. «Բայց [«նպատակը այն է որ», ՆԱ] դուն բարի մարդոց ճամբան պիտի երթաս ու արդարներուն շաւիղները պիտի պահես»։ (Առակաց 2։20) Իմաստութիւնը ի՜նչ հոյակապ նպատակի մը կը ծառայէ։ Անիկա կ’օգնէ որ ուրախ եւ գոհացուցիչ կեանք մը վարենք, որու Եհովա կը հաճի։
Նկատի առէք նաեւ այն հոյակապ օրհնութիւնները, որոնք վերապահուած են «բարի մարդոց ճամբան» քալողներուն։ Սողոմոն կը շարունակէ. «Ուղիղները երկրի վրայ պիտի բնակին եւ կատարեալները [«անմեղները», ՆԱ] անոր մէջ պիտի մնան։ Բայց ամբարիշտները երկրէն պիտի կորսուին ու անօրէնները անկէ պիտի մերժուին»։ (Առակաց 2։21-22) Կը մաղթենք որ ըլլաք այն անմեղներուն մէջ, որոնք Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ յաւիտեան պիտի ապրին։—Բ. Պետրոս 3։13
[Ստորանիշ]
a «Օտար» բառը կը կիրարկուէր Օրէնքին հետ ներդաշնակ եղող բաներէն խոտորողներուն եւ այս կերպով Եհովայէ օտարացողներուն։ Հետեւաբար, պոռնիկին՝ որ թերեւս օտարական մը չէ՝ ակնարկուած է որպէս ‘օտար կին’։
[Նկար՝ էջ 26]
Սողոմոն իմաստութեան համար աղօթեց։ Մենք ալ նոյնը պէտք է ընենք