Հալածիչը մեծ լոյս մը կը տեսնէ
ՍՕՂՈՍ Յիսուսի հետեւորդներուն դէմ բարկութեամբ կ’եռար։ Երուսաղէմի մէջ անոնց դէմ արդէն իսկ հրահրուած հալածանքէն չգոհանալով, Ստեփանոսի քարկոծումն ալ ներառեալ, հիմա կը ծրագրէր ճնշումը ընդլայնել։ «Տակաւին Տէրոջը աշակերտներուն դէմ սպառնալիք եւ մահ փչելով՝ [Սօղոս] քահանայապետին քով գնաց եւ անկէ թուղթեր ուզեց Դամասկոս ժողովարանները տանելու, որպէս զի եթէ այն ճամբուն հետեւողներ գտնելու ըլլայ, այրեր կամ կիներ, կապած Երուսաղէմ բերէ»։—Գործք 9։1, 2
Մինչ Սօղոս Դամասկոս կ’ուղղուէր, հաւանաբար կը մտածէր թէ իրեն տրուած յանձնարարութիւնը ի՛նչպէս կրնար աւելի ազդու կերպով կատարել։ Անկասկած, քահանայապետին կողմէ իրեն շնորհուած հեղինակութիւնը, այդ քաղաքին մէջ բնակող Հրեայ մեծ գաղութի առաջնորդներուն համագործակցութիւնը կ’ապահովէր։ Սօղոս անոնցմէ օգնութիւն պիտի խնդրէր։
Սօղոս հետզհետէ աւելի ոգեւորուած ըլլալու էր, մինչ իր որոշեալ վայրին կը մօտենար։ Երուսաղէմէն Դամասկոս ուղեւորութիւնը յոգնեցուցիչ էր՝ շուրջ 220 քիլոմեթր, որ քալելով եօթէն ութը օր կը տեւէր։ Կէսօրուան դէմ, յանկարծ արեւէն փայլուն լոյս մը փայլատակեց եւ ան գետին ինկաւ։ Ան ձայն մը լսեց որ Եբրայերէնով իրեն կ’ըսէր. «Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես. դժուար բան է քեզի՝ խթանի դէմ կից զարնել»։ Սօղոս հարցուց. «Դուն ո՞վ ես, Տէ՛ր»։ Պատասխանը եղաւ. «Ես եմ Յիսուսը, որ դուն կը հալածես. բայց ելի՛ր ու ոտքի՛ կայնէ. վասն զի անոր համար քեզի երեւցայ, որ քեզ ձեռք առնեմ պաշտօնեայ եւ վկայ ընելու այն բաներուն՝ որոնք տեսար ու այն բաներուն որոնցմով պիտի երեւնամ քեզի, քեզ ազատելով այդ ժողովուրդէն ու հեթանոսներէն, որոնց հիմա քեզ կը ղրկեմ»։ «Ի՞նչ ընեմ, Տէր», հարցուց Սօղոս։ «Ելի՛ր, գնա՛ Դամասկոս ու հոն քեզի պիտի խօսուի այն ամէն բաներուն վրայ, որ սահմանուած է որ ընես»։—Գործք 9։3-6. 22։6-10. 26։13-17
Սօղոսի հետ ճամբորդողները ձայն մը լսեցին, սակայն չտեսան խօսողը, ոչ ալ հասկցան անոր ըսածը։ Երբ Սօղոս ոտքի կանգնեցաւ, լոյսին փայլքին պատճառաւ չէր կրնար տեսնել, ուստի ձեռքէն բռնելով առաջնորդեցին զինք։ «Երեք օր կեցաւ առանց տեսնելու։ Ո՛չ կերաւ, ո՛չ ալ խմեց»։—Գործք 9։7-9. 22։11
Երեք Օր Խորհրդածութիւն
Սօղոս հիւրասիրուեցաւ Ուղիղ կոչուած փողոցին մէջ բնակող Յուդային կողմէ։a (Գործք 9։11) Արաբերէն Տէրպ էլ Մուսթագիմ կոչուած այս փողոցը, տակաւին գլխաւոր ճամբայ մըն է Դամասկոսի մէջ։ Երեւակայեցէք թէ Սօղոսի մտքէն ի՜նչեր կ’անցնէր, մինչ ան Յուդայի տան մէջ էր։ Այս փորձառութիւնը կուրցուցած ու ցնցած էր Սօղոսը։ Հիմա անոր իմաստներուն վրայ խոկալու ժամանակն էր։
Հալածիչը դէմ յանդիման եկած էր բանի մը հետ զոր յիմարական նկատած էր։ Հրէական բարձրագոյն հեղինակութեան կողմէ դատապարտուած եւ ‘մարդոցմէ անարգուած ու երեսէ ձգուած’՝ ցցահանուած Տէր Յիսուս Քրիստոսը ո՛ղջ էր։ Ան նոյնիսկ «անմերձենալի լոյսի մէջ» Աստուծոյ հաճութեան աջ կողմը կայնած էր։ Յիսուս Մեսիան էր։ Ստեփանոս եւ ուրիշներ շիտակ էին։ (Եսայեայ 53։3. Գործք 7։56. Ա. Տիմոթէոս 6։16) Սօղոս չարաչար սխալած էր, քանի որ Յիսուս Սօղոսի հալածած անհատներուն հետ դասած էր ինքզինք։ Այս ապացոյցին ի տես, Սօղոս ի՞նչպէս կրնար «խթանի դէմ կից զարնել»։ Նոյնիսկ յամառ ցուլ մը ի վերջոյ խթանուելով կ’ուղղուէր իր տիրոջ ուզած ուղղութեամբ։ Հետեւաբար, Յիսուսի ցուցմունքին չհետեւելով, Սօղոս իր անձին վնաս պիտի հասցնէր։
Որպէս Մեսիան, Յիսուս Աստուծոյ կողմէ դատապարտուած չէր կրնար ըլլալ։ Սակայն, Եհովա թոյլ տուած էր որ ան ամենէն ամօթալի մահը ճաշակէր եւ Օրէնքին դատապարտութեան արժանանար. «Կախուածը Աստուծոյ անիծածն է»։ (Բ. Օրինաց 21։23) Յիսուս տանջանքի ցիցին վրայ կախուած մեռաւ։ Ան անիծեալ եղած էր՝ ոչ թէ իր անձնական մեղքերուն համար, քանի որ մեղք չունէր՝ հապա մարդկութեան մեղքերուն համար։ Սօղոս հետագային բացատրեց. «Անոնք որ օրէնքին գործերէն են, անէծքի տակ են. վասն զի գրուած է թէ՝ ‘Անիծեալ ըլլայ ամէն մարդ՝ որ օրէնքին գրքին բոլոր գրածներուն մէջ չի կենար, որպէս զի զանոնք կատարէ’։ Եւ թէ օրէնքով մէ՛կը չի կրնար արդարանալ Աստուծոյ առջեւ, այդ յայտնի է. . . . Քրիստոս մեզ ծախու առաւ օրէնքին անէծքէն՝ ինք մեզի համար անիծուեցաւ. վասն զի գրուած է թէ՝ ‘Անիծեալ է ան՝ որ փայտէ կը կախուի’»։—Գաղատացիս 3։10-13
Յիսուսի զոհագործութիւնը փրկարար արժէք ունէր։ Այդ զոհագործութիւնը ընդունելով, Եհովա այլաբանօրէն Օրէնքը ու անոր անէծքը ցիցին վրայ կը գամէր։ Այս իրողութիւնը ըմբռնելով, Սօղոս կրնար «Հրեաներուն գայթակղութիւն» սեպուած տանջանքի ցիցը արժեւորել, որպէս «Աստուծոյ իմաստութիւն»ը։ (Ա. Կորնթացիս 1։18-25. Կողոսացիս 2։14) Հետեւաբար, եթէ փրկութիւնը Օրէնքի գործերով չէր գար, այլ՝ Սօղոսի նման մեղաւորներու հանդէպ Աստուծոյ ցուցաբերած անարժան ողորմութեամբ, ուրեմն անիկա Օրէնքէն դուրս եղողներուն ալ մատուցուած էր։ Իսկ Յիսուս Սօղոսը հեթանոսներուն էր որ կը ղրկէր։—Եփեսացիս 3։3-7
Չենք կրնար գիտնալ թէ Սօղոս իր դարձի եկած ժամանակ ասոնցմէ ո՛րքանը հասկցաւ։ Յիսուս հեթանոսներու առնչութեամբ Սօղոսի առաքելութեան մասին կրկին պիտի խօսէր իրեն, թերեւս մէկէ աւելի անգամներ։ Ասկէ զատ, տարիներ ետք էր որ Սօղոս աստուածային ներշնչման ներքեւ այս բոլորը գրի առաւ։ (Գործք 22։17-21. Գաղատացիս 1։15-18. 2։1, 2) Սակայն, քանի մը օր ետքն էր որ Սօղոս իր նոր Տիրոջմէն յաւելեալ ուղղութիւններ ստացաւ։
Անանիայի Այցելութիւնը
Սօղոսի երեւնալէն յետոյ, Յիսուս Անանիայի ալ երեւցաւ, անոր ըսելով. «Ելի՛ր ու գնա այն փողոցը, որ Ուղիղ կը կոչուի եւ հոն Յուդայի տանը մէջ փնտռէ Սօղոս անունով Տարսոնացի մը. վասն զի ահա անիկա աղօթք կ’ընէ. ու տեսիլքի մէջ մարդ մը տեսաւ Անանիա անունով՝ քովը մտած եւ ձեռքը իր վրայ դրած, որպէս զի տեսնէ»։—Գործք 9։11, 12
Քանի որ Անանիա կը ճանչնար Սօղոսը, Յիսուսի խօսքերուն նկատմամբ իր զարմանքը հասկնալի էր։ Ան ըսաւ. «Տէ՛ր, շատերէ լսեցի այն մարդուն համար թէ շատ չարիքներ ըրաւ քու սուրբերուդ Երուսաղէմի մէջ եւ հոս ալ քահանայապետներէն իշխանութիւն ունի կապելու անոնք, որոնք քու անունդ կը կանչեն»։ Սակայն, Յիսուս ըսաւ Անանիայի. «Գնա՛ դուն, վասն զի անիկա ինծի ընտիր աման մըն է, իմ անունս կրելու հեթանոսներուն ու թագաւորներուն եւ Իսրայէլի որդիներուն առջեւ»։—Գործք 9։13-15
Քաջալերուած, Անանիա Յիսուսի տուած հասցէին գնաց։ Սօղոսը գտնելէն ու անոր բարեւելէն ետք, Անանիա իր ձեռքերը անոր վրայ դրաւ։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Շուտ մը անոր աչքերէն թեփերու պէս բաներ ինկան եւ իսկո՛յն տեսաւ»։ Հիմա՛, Սօղոս մտիկ ընելու պատրաստ էր։ Անանիայի խօսքերը հաստատեցին այն ինչ որ Սօղոս հաւանաբար հասկցած էր Յիսուսի խօսքերէն։ «Մեր հայրերուն Աստուածը առաջուընէ քեզ ընտրեց, որպէս զի իր կամքը ճանչնաս ու այն Արդարը տեսնես եւ անոր բերնէն ձայն լսես։ Քանզի բոլոր մարդոց առջեւ անոր վկայ պիտի ըլլաս այն բաներուն համար, որոնք տեսար ու լսեցիր։ Հիմա, ալ ի՞նչ կ’ուշանաս. ելի՛ր, մկրտուէ՛ ու մեղքերդ լուա՛յ անոր անունը կանչելով»։ Հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։ Սօղոս ‘ելաւ մկրտուեցաւ եւ կերակուր ուտելով ոյժը վրան եկաւ’։—Գործք 9։17-19. 22։12-16
Իր յանձնարարութիւնը կատարելէ ետք, հաւատարիմ Անանիա այն արագութեամբ որ երեւցաւ թատերաբեմին վրայ, նոյն արագութեամբ կ’անհետանայ, եւ իր մասին այլեւս չենք լսեր։ Սակայն, Սօղոս բոլոր իրեն մտիկ ընողները կը զարմացնէր։ Նախկին հալածիչը, որ Դամասկոս եկած էր Յիսուսի աշակերտները ձերբակալելու համար, սկսաւ ժողովարաններուն մէջ քարոզել եւ ապացուցանել թէ Յիսուս՝ Մեսիան էր։— Գործք 9։20-22
«Հեթանոսներուն Առաքեալ»ը
Դամասկոսի ճամբուն վրայ Սօղոսի ունեցած հանդիպումը, այս հալածիչին պարտադրած էր որ իր ընթացքը կասեցնէր։ Մեսիայի ինքնութիւնը ընդունելով, Սօղոս կրնար Եբրայերէն Գրութիւններէն շատ մը գաղափարներ ու մարգարէութիւններ Յիսուսի կիրարկել։ Սօղոսի կեանքը մեծ փոփոխութիւն կրեց, երբ անդրադարձաւ որ Յիսուս իրեն երեւցաւ, զինք ‘բռնեց’ եւ որպէս «հեթանոսներուն առաքեալ» իրեն յանձնարարութիւն տուաւ։ (Փիլիպպեցիս 3։12. Հռովմայեցիս 11։13) Հիմա, որպէս Պօղոս առաքեալ, ան առանձնաշնորհում եւ հեղինակութիւն ունէր, որոնք ո՛չ միայն երկրի վրայ իր կեանքին մնացեալ օրերը պիտի ձեւաւորէին, այլ նաեւ՝ քրիստոնէական պատմութեան ընթացքը։
Տարիներ ետք, երբ Պօղոսի առաքելութիւնը հարցի տակ դրուեցաւ, ան իր հեղինակութիւնը պաշտպանեց, Դամասկոսի ճամբուն վրայ իր ունեցած փորձառութեան ակնարկում ընելով։ Ան հարցուց. «Չէ՞ որ ես առաքեալ եմ. . . . չէ՞ որ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը աչքովս տեսայ»։ Իսկ յարուցեալ Յիսուսի ուրիշներուն երեւնալը յիշելէ ետք, Սօղոս (Պօղոս) ըսաւ. «Ամենէն ետքը՝ որպէս թէ վիժածի մը՝ ինծի ալ երեւցաւ»։ (Ա. Կորնթացիս 9։1. 15։8) Որպէս թէ, Յիսուսի երկնային փառքին տեսիլքը տեսնելով, հոգեղէն կեանքի համար ծնանելու կամ յարուցուելու կանխահաս պատիւը շնորհուած էր Սօղոսի։
Սօղոս իր առանձնաշնորհումին գիտակցեցաւ եւ ջանաց անոր համաձայն ապրիլ։ Ան գրեց. «Ես առաքեալներուն ամենէն յետինն եմ, որ արժանի ալ չեմ առաքեալ ըսուելու, վասն զի Աստուծոյ եկեղեցին հալածեցի։ . . . [Աստուծոյ] շնորհքը որ իմ վրաս է, պարապ բան մը չեղաւ։ Ես [միւս բոլոր առաքեալներէն] ամենէն աւելի աշխատեցայ»։—Ա. Կորնթացիս 15։9, 10
Թերեւս Սօղոսի նման կը յիշէք այն ժամանակը երբ նկատեցիք թէ Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալու համար, պէտք ունէիք ձեր երբեմնի կրօնական գաղափարները փոխելու։ Անկասկած շատ երախտապարտ էիք որ Եհովա ձեզի օգնեց ճշմարտութիւնը ճանչնալու։ Երբ Սօղոս լոյսը տեսաւ եւ իրմէ պահանջուածը հասկցաւ, զայն ընելու չվարանեցաւ։ Ան շարունակեց զայն նախանձախնդրութեամբ ու վճռակամութեամբ ընել, երկրի վրայ իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան։ Ի՜նչ հոյակապ օրինակ մը բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին Եհովայի հաճութիւնը ունենալ ներկայիս։
[Ստորանիշ]
a Ուսումնականի մը կարծիքով Յուդան տեղական հրէական համայնքի մը առաջնորդը կամ հրէական իջեւանի մը տէրը ըլլալու էր։
[Նկար՝ էջ 27]
Ուղիղ կոչուած փողոցը ներկայ Դամասկոսի մէջ
[Նկարին աղբիւրը]
Photo by ROLOC Color Slides