Սպասողական վերաբերմունք մը ցոյց տանք
«Ես Տէրոջը պիտի սպասեմ, իմ փրկութեանս Աստուծոյն պիտի յուսամ, իմ Աստուածս պիտի լսէ»։—ՄԻՔԻԱՅ 7։7
1, 2. (ա) Սխալ վերաբերմունք մը ի՞նչպէս վնաս հասցուց անապատին մէջ եղող Իսրայելացիներուն։ (բ) Շիտակ վերաբերմունք չմշակող Քրիստոնեայի մը ի՞նչ կրնայ պատահիլ։
ԿԵԱՆՔԻ մէջ շատ բաներ կրնանք դրական կամ ժխտական կերպով դիտել. ասիկա մեր վերաբերմունքէն կախեալ է։ Երբ Իսրայելացիները անապատին մէջ էին, անոնց հրաշքով մանանայ հայթայթուեցաւ։ Անոնք հաւանաբար իրենց շուրջի անբերրի բնապատկերին նայելով, իրենց մատակարարուած ուտելիքին համար Եհովայի երախտապարտ ըլլալու էին։ Ասիկա դրական վերաբերմունք մը եղած պիտի ըլլար։ Բայց հակառակը, անոնք Եգիպտոսի այլազան ուտելիքները յիշեցին եւ գանգատեցան որ մանանան անախորժ էր։ Ի՜նչ ժխտական վերաբերմունք մը։—Թուոց 11։4-6
2 Այսօր ալ Քրիստոնեայ մը իր վերաբերմունքով կրնայ բան մը կա՛մ փայլուն երեւցնել, կա՛մ մռայլ։ Եթէ շիտակ վերաբերմունք մը չունենայ, Քրիստոնեայ մը դիւրաւ իր ուրախութիւնը կրնայ կորսնցնել եւ ասիկա կրնայ լուրջ ըլլալ, քանի որ ինչպէս Նէեմիան ըսաւ՝ «Տէրոջը ուրախութիւնը [մեր] զօրութիւնն է»։ (Նէեմեայ 8։10) Դրական եւ ուրախ վերաբերմունք մը զօրաւոր մնալու եւ ժողովքին մէջ խաղաղութիւն ու միութիւն յառաջացնելու կը նպաստէ։—Հռովմայեցիս 15։13. Փիլիպպեցիս 1։25
3. Պատշաճ վերաբերմունքը ի՞նչպէս օգնեց Երեմիայի դժուարին ժամանակներուն։
3 Դժուարին ժամանակներու մէջ ապրելով հանդերձ, Երեմիա դրական վերաբերմունք մը ցոյց տուաւ։ Նոյնիսկ երբ Հ.Դ.Ա. 607–ի Երուսաղէմի անկման սարսափներուն ականատես եղաւ, ան կրցաւ անոր դրական մասերը տեսնել։ Եհովա պիտի չմոռնար Իսրայէլը եւ ազգը պիտի վերապրէր։ Ողբք Երեմեայ գրքին մէջ Երեմիա գրեց. «Տէրոջը ողորմութեամբ չհատանք, վասն զի անոր գթութիւնը չպակսեցաւ. անոնք ամէն առտու կը նորոգուին, քու ճշմարտութիւնդ մեծ է»։ (Ողբք 3։22, 23) Ամբողջ պատմութեան ընթացքին, Աստուծոյ ծառաները ամենէն դժուար պարագաներու ներքեւ փորձած են դրական, նոյնիսկ ուրախ վերաբերմունք մը պահպանել։—Բ. Կորնթացիս 7։4. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։6. Յակոբու 1։2
4. Յիսուս ի՞նչ վերաբերմունք պահպանեց եւ ասիկա ի՞նչպէս օգնեց իրեն։
4 Երեմիայէն վեց հարիւր տարի ետք, դրական վերաբերմունքը օգնեց Յիսուսի որ տոկայ։ Կը կարդանք. «Իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար խաչը [«տանջանքի ցիցը», ՆԱ] յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց ու Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ»։ (Եբրայեցիս 12։2) Ի՛նչ հակառակութիւն կամ հալածանք որ պիտի դիմագրաւէր՝ մինչեւ տանջանքի ցիցին տառապանքը՝ Յիսուս իր միտքը սեւեռած պահեց «իր առջեւ կեցած ուրախութեանը» վրայ։ Այդ ուրախութիւնը՝ Եհովայի գերիշխանութիւնը ջատագովելու եւ Իր անունը սրբացնելու առանձնաշնորհումը, ինչպէս նաեւ, ապագային հնազանդ մարդկութեան մեծ օրհնութիւններ բերելու ակնկալութիւնն էր։
Սպասողական Վերաբերմունք մը Որդեգրենք
5. Ո՞ր առանձնայատուկ կացութեան մը պարագային սպասողական վերաբերմունքը պիտի օգնէ մեզի որ հարցերը պատշաճ կերպով դիտենք։
5 Եթէ Յիսուսի նման մտավիճակ մը մշակենք, Եհովայի ուրախութիւնը պիտի չկորսնցնենք, նոյնիսկ երբ ամէն բան մեր ուզած կերպով եւ մեր ակնկալած ժամանակին չպատահի։ Միքիա մարգարէն ըսաւ. «Ես Տէրոջը պիտի սպասեմ, իմ փրկութեանս Աստուծոյն պիտի յուսամ»։ (Միքիայ 7։7. Ողբք 3։21) Մենք ալ կրնանք սպասողական վերաբերմունք մը ունենալ։ Ի՞նչպէս։ Շատ կերպերով։ Օրինակ, կրնանք խորհիլ որ հեղինակութիւն ունեցող եղբայր մը սխալ մը գործած է եւ անմիջական սրբագրումի հարկը կայ։ Սպասողական վերաբերմունք ունենալը մեզի պիտի օգնէ որ մտածենք. ‘Իրապէս ա՞ն սխալ մը գործած է, թէ ոչ ե՛ս եմ որ կը սխալիմ։ Եթէ սխալի մէջ էր, կրնա՞յ ըլլալ որ Եհովան թոյլ կու տայ որ կարգ մը դէպքեր պատահին, քանի որ կը խորհի թէ անհատը պիտի շտկուի եւ թէ սրբագրիչ մեծ քայլեր առնելու հարկը պիտի չըլլայ’։
6. Սպասողական վերաբերմունքը ի՞նչպէս պիտի օգնէ անձնական խնդրով մը պայքարող անհատին։
6 Եթէ անձնական խնդրով մը խանգարուած ենք, կամ տկարութեան մը դէմ կը պայքարինք, սպասողական վերաբերմունքի կարիքը կրնանք ունենալ։ Ենթադրենք որ Եհովայէ օգնութիւն խնդրեցինք, բայց խնդիրը կը շարունակուի։ Ի՞նչ ընել։ Պէտք է շարունակենք մեր ձեռքէն եկածին չափ խնդիրը լուծելու նայիլ, ապա՝ Յիսուսի խօսքերուն հաւատք ընծայենք, որ ըսաւ. «Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէք ու պիտի գտնէք, դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի»։ (Ղուկաս 11։9) Շարունակեցէք աղօթել ու Եհովայի սպասել։ Եհովա յարմար ժամանակին եւ իր կերպով պիտի պատասխանէ մեր աղօթքներուն։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17
7. Սպասողական վերաբերմունքը ի՞նչ կերպով պիտի օգնէ Աստուածաշունչը աստիճանաբար յստակացուելու մեր տեսակէտին։
7 Մինչ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները կը կատարուին, Սուրբ Գրքի մեր հասկացողութիւնը կը յստականայ։ Երբեմն սակայն, կրնանք խորհիլ որ կարգ մը յստակացումներ կ’ուշանան։ Եթէ անոնք մեր նախընտրած ատեն չյայտնուին, սպասելու պիտի յօժարի՞նք։ Յիշեցէք որ Եհովա յարմար տեսաւ որ «Քրիստոսին խորհուրդ»ը աստիճանաբար յայտնէ եւ ասիկա ըրաւ աւելի քան 4,000 տարուան ժամանակաշրջանի մը մէջ։ (Եփեսացիս 3։3-6) Ուստի, անհամբեր ըլլալու պատճառ մը ունի՞նք։ Կը կասկածի՞նք որ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ» մը նշանակուած է, որպէսզի Եհովայի ժողովուրդին ‘ատենին կերակուր տայ’։ (Մատթէոս 24։45) Ինչո՞ւ մենք մեզ զրկենք աստուածային ուրախութենէն, պարզ անոր համար որ ամէն բան լիովին հասկցուած չէ։ Յիշեցէք որ Եհովա ի՛նք կ’որոշէ թէ իր «գաղտնիքը» ե՛րբ եւ ի՛նչպէս պիտի յայտնէ։—Ամովսայ 3։7
8. Եհովայի համբերութիւնը ի՞նչպէս շատերու օգտակար եղած է։
8 Ոմանք թերեւս յուսահատին, խորհելով որ տարիներու հաւատարիմ ծառայութենէ ետք, հաւանաբար ողջ չըլլան տեսնելու համար «Եհովայի մեծ ու ահեղ օրը»։ (Յովելեայ 2։30, 31, ՆԱ) Այսուհանդերձ, կրնան քաջալերուիլ հարցին դրական կողմը դիտելով։ Պետրոս խրատեց. «Մեր Տէրոջը երկայնմտութիւնը փրկութիւն սեպեցէք»։ (Բ. Պետրոս 3։15) Եհովայի համբերութիւնը թոյլ տուած է որ ուրիշ միլիոնաւոր ուղղամիտ անհատներ ճշմարտութիւնը սորվին։ Ասիկա հոյակապ չէ՞։ Ասկէ զատ, Եհովա որքան որ համբերութիւն ի գործ դնէ, այնքան աւելի ժամանակ կ’ունենանք ‘ահով ու դողով մեր անձերնուն փրկութիւնը գործելու’ համար։—Փիլիպպեցիս 2։12. Բ. Պետրոս 3։11, 12
9. Եթէ Եհովայի ծառայութեան մէջ մեր ըրածը սահմանափակ է, սպասողական վերաբերմունքը ի՞նչպէս պիտի օգնէ մեզի որ կացութեան տոկանք։
9 Սպասողական վերաբերմունքը մեզի կ’օգնէ որ չյուսահատինք երբ հակառակութիւնը, հիւանդութիւնը, յառաջացած տարիքը, կամ ուրիշ խնդիրներ մեզ ետ պահեն Թագաւորութեան ծառայութենէն։ Եհովա մեզմէ կ’ակնկալէ որ սրտանց ծառայենք իրեն։ (Հռովմայեցիս 12։1) Սակայն, Աստուծոյ Որդին, որ կը «խղճայ աղքատին ու տնանկին», տրամաբանական չափով մեր տուածէն աւելին չ’ակնկալեր մեզմէ. նոյնն է Եհովան։ (Սաղմոս 72։13) Ուստի, մեզի քաջալերութիւն կը տրուի որ մեր կարողութեան չափով տանք, համբերութեամբ սպասելով մինչեւ որ պարագաները փոխուին, կա՛մ այս դրութեան մէջ, եւ կամ՝ գալիքին։ Մի՛ մոռնաք որ «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք, որ սուրբերուն ծառայեցիք ու կը ծառայէք»։—Եբրայեցիս 6։10
10. Սպասողական վերաբերմունք ունեցող մը ո՞ր անբարեպաշտ յատկանիշէ կրնայ զգուշանալ։ Բացատրեցէք։
10 Սպասողական վերաբերմունքը յաւակնոտութենէ ալ հեռու կը պահէ մեզ։ Հաւատուրաց դարձած անհատներէն ոմանք չուզեցին սպասել։ Անոնք թերեւս խորհեցան որ բարեճշդումի կարիքը կար, անիկա ըլլայ Աստուածաշունչի հասկացողութեան թէ կազմակերպչական հարցերու մէջ։ Բայց, անոնք չգիտակցեցան որ Եհովայի հոգին կը մղէ որ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան բարեճշդումներ ընէ Ի՛ր ուզած ժամանակին, եւ ո՛չ թէ երբ մե՛նք կը խորհինք որ ասոր կարիքը կայ։ Իսկ որեւէ բարեճշդում Եհովայի՛ կամքին հետ ներդաշնակ պէտք է ըլլայ եւ ո՛չ թէ՝ մեր գաղափարներուն հետ։ Հաւատուրացները թոյլ կու տան որ յաւակնոտ վերաբերմունք մը աղաւաղէ իրենց միտքը եւ զիրենք գայթակղեցնէ։ Բայց եթէ անոնք Քրիստոսի մտավիճակը որդեգրած ըլլային, իրենց ուրախութիւնը պահպանած կ’ըլլային եւ Եհովայի ժողովուրդին մէջ կրնային մնալ։—Փիլիպպեցիս 2։5-8
11. Սպասումի ժամանակը ի՞նչպէս կրնանք օգտակար կերպով գործածել. որո՞նց օրինակին հետեւելով։
11 Անշուշտ, սպասողական վերաբերմունք ունենալը ծոյլ կամ անգործունեայ ըլլալ չի նշանակեր։ Ընելիք բաներ ունինք։ Օրինակ, Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութեամբ զբաղած պէտք է ըլլանք, եւ այսպիսով ցոյց տանք որ հոգեւոր բաներու հանդէպ հաւատարիմ մարգարէներուն եւ նոյնիսկ հրեշտակներուն ունեցած սուր հետաքրքրութիւնը ունինք։ Այսպիսի հետաքրքրութեան մասին խօսելով, Պետրոս կ’ըսէ. «Այդ փրկութեան համար փնտռեցին ու քննեցին մարգարէները . . . որոնց հրեշտակները կը ցանկան տեսնել ակնկառոյց»։ (Ա. Պետրոս 1։10-12) Ո՛չ միայն անձնական ուսումնասիրութիւնը անհրաժեշտ է, հապա նաեւ՝ ժողովներու կանոնաւորաբար յաճախելը եւ աղօթքով Աստուծոյ մօտենալը։ (Յակոբու 4։8) Անոնք որոնք կանոնաւորաբար հոգեւորապէս կերակրուելով եւ Քրիստոնեայ հաւատակիցներու հետ ընկերակցելով իրենց հոգեւոր պէտքերուն գիտակցութիւնը ցոյց կու տան՝ կ’ապացուցանեն որ Քրիստոսի մտավիճակը որդեգրած են։—Մատթէոս 5։3, ՆԱ
Իրապաշտ Տեսակէտ մը Ունեցէք
12. (ա) Ադամն ու Եւան ի՞նչ անկախութիւն փնտռեցին։ (բ) Ադամի ու Եւայի ընթացքին հետեւելուն արդիւնքը ի՞նչ եղած է մարդկութեան համար։
12 Երբ Աստուած մարդկային առաջին զոյգը ստեղծեց, շիտակի ու սխալի չափանիշներ դնելու իրաւունքը ինքն իրեն վերապահեց։ (Ծննդոց 2։16, 17) Ադամն ու Եւան Աստուծոյ առաջնորդութենէն անկախ ըլլալ ուզեցին եւ ասոր հետեւանքը եղաւ մեր տեսած ներկայ աշխարհը։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին»։ (Հռովմայեցիս 5։12) Ադամէն ի վեր մարդկային վեց հազար տարուան պատմութիւնը, Երեմիայի խօսքին ճշմարտութիւնը հաստատած է. «Գիտեմ, ո՛վ Տէր, թէ մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ»։ (Երեմեայ 10։23) Երեմիային խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը ընդունիլը պարտութիւն չէ, այլ իրապաշտութիւն է։ Անիկա կը բացատրէ թէ այսքան դարերէ ի վեր ‘մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ իշխած է իրեն թշուառութեան համար’, քանի որ մարդիկ Աստուծմէ անկախ տիրած են։—Ժողովողի 8։9
13. Եհովայի Վկաները ի՞նչ իրապաշտ տեսակէտ ունին, մարդոց կողմէ իրագործուելիք բաներուն մասին։
13 Մարդկութեան կացութեան ի տես, Եհովայի Վկաները կը գիտակցին որ իրերու ներկայ դրութեան մէջ շատ բան չեն կրնար իրագործել։ Դրական կեցուածք մը կրնայ օգնել որ մեր ուրախութիւնը պահենք, բայց անիկա ամէն բանի լուծումը չէ։ 1950–ական թուականներուն սկիզբը, Ամերիկացի կղերական մը արագ սպառում ունեցող գիրք մը հրատարակեց, որու խորագիրն էր՝ Դրական Մտածումին Զօրութիւնը (Անգլերէն)։ Գիրքը կը թելադրէր որ շատ արգելքներ կը յաղթահարուին, եթէ դրականօրէն մօտենանք անոնց։ Դրական մտածելակերպը վստահաբար հիանալի է։ Բայց փորձառութիւնը ցոյց կու տայ որ գիտութիւնը, հմտութիւնը, նիւթական միջոցները եւ բազմաթիւ ուրիշ ազդակներ, որպէս անհատներ մեր իրագործումները կը սահմանափակեն։ Իսկ համաշխարհային գետնի վրայ, խնդիրները պարզապէս այնքան մեծ են, որ մարդիկ չեն կրնար յաջողապէս լուծել զանոնք, որքան ալ դրական կերպով մօտենան անոնց։
14. Եհովայի Վկաներու վերաբերմունքը բացասակա՞ն է։ Բացատրեցէք։
14 Այսպիսի հարցերու շուրջ իրենց ունեցած իրապաշտ տեսակէտին պատճառաւ, Եհովայի Վկաները երբեմն ամբաստանուած են որպէս ժխտական տեսակէտի տէր անհատներ։ Ընդհակառակը, անոնք ջանադրութեամբ մարդոց կը խօսին այն միակ Էութեան մասին, որ կրնայ վերջնականապէս բարելաւել մարդկութեան վիճակը։ Ասոր մէջ ալ անոնք կ’ընդօրինակեն Քրիստոսի մտավիճակը։ (Հռովմայեցիս 15։2) Իսկ անոնք մարդոց օգնելով զբաղած են, որպէսզի Աստուծոյ հետ լաւ յարաբերութիւն մը ունենան։ Անոնք գիտեն որ ի վերջոյ ասիկա մեծագոյն բարիքը պիտի իրագործէ։—Մատթէոս 28։19, 20. Ա. Տիմոթէոս 4։16
15. Եհովայի Վկաներուն աշխատանքը ի՞նչպէս անհատները կը բարեփոխէ։
15 Եհովայի Վկաները զիրենք շրջապատող ընկերային խնդիրներուն՝ մանաւանդ սուրբ գրային չեղող պիղծ սովորոյթներու նկատմամբ կոյր չեն։ Հետաքրքրուած անհատ մը Եհովայի Վկայ մը ըլլալէն առաջ, ան իր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ կը մտցնէ, յաճախ Աստուծոյ հաճելի չեղող մոլութիւններ նուաճելու համար։ (Ա. Կորնթացիս 6։9-11) Այս կերպով Եհովայի Վկաները օգնած են ընդառաջող անհատներու, որ գինովութիւնը, թմրամոլութիւնը, անբարոյութիւնը եւ խաղամոլութիւնը յաղթահարեն։ Այսպիսի բարեփոխուած անհատներ պատասխանատու եւ պարկեշտ կերպով իրենց ընտանիքներուն հոգ տանիլ սորված են։ (Ա. Տիմոթէոս 5։8) Երբ անհատներ ու ընտանիքներ այս կերպով օգնութիւն ստանան, համայնքին մէջ խնդիրները կը նուազին, աւելի նուազ թմրամոլներ, նուազ ընտանեկան խնդիրներ եւ նման բաներ կ’ըլլան։ Իրենք անձամբ օրինապահ քաղաքացիներ ըլլալով եւ ուրիշներուն օգնելով որ իրենց կեանքը բարեփոխեն, Եհովայի Վկաները ընկերային խնդիրներով զբաղող վարչութեան բեռը կը թեթեւցնեն։
16. Եհովայի Վկաները ինչո՞ւ աշխարհիկ բարեկարգչական շարժումներուն միջամուխ չեն ըլլար։
16 Ուստի, Եհովայի Վկաները աշխարհի բարոյական վիճակը փոխա՞ծ են։ Անցեալ տասը տարիներուն, հազիւ 3,800,000 եղող գործօն Վկաներուն թիւը բարձրացած է, հասնելով գրեթէ 6,000,000–ի։ Ասիկա շուրջ 2,200,000 յաւելում մըն է, որոնցմէ շատեր Քրիստոնեայ ըլլալէ ետք սխալ սովորութիւններէ ձերբազատուեցան։ Շա՛տ կեանքեր բարեփոխուեցան։ Բայց այս թիւը շատ քիչ է բաղդատած նոյն ժամանակին մէջ աշխարհի բնակչութեան աճումին՝ 875,000,000։ Եհովայի Վկաներուն համար ընդառաջող անհատներուն օգնելը ուրախութեան աղբիւր մը եղած է, գիտակցելով հանդերձ որ մարդոց մէջէն քիչեր կեանքի ճամբան պիտի առնեն։ (Մատթէոս 7։13, 14) Մինչ Վկաները համաշխարհային բարեփոխումներու կը սպասեն՝ որոնք միայն Աստուած կրնայ ընել, անոնք աշխարհային բարեկարգչական շարժումներու միջամուխ չեն ըլլար, որոնք յաճախ լաւ մտադրութեամբ կը սկսուին, բայց յուսախաբութեամբ եւ նոյնիսկ վայրագութեամբ կը վերջանան։—Բ. Պետրոս 3։13
17. Յիսուս ի՞նչ ըրաւ իր շուրջի մարդոց օգնելու համար, բայց ի՛նչ չըրաւ։
17 Այս ընթացքին հետեւելով, Եհովայի Վկաները նոյն վստահութիւնը ցոյց կու տան Եհովայի վրայ, որքան ունէր Յիսուս՝ երկրի վրայ եղած ատեն։ Առաջին դարուն, Յիսուս հրաշքով բուժումներ կատարեց։ (Ղուկաս 6։17-19) Ան նոյնիսկ մեռելներ յարուցանեց։ (Ղուկաս 7։11-15. 8։49-56) Բայց հիւանդութեան վերջ չդրաւ, ոչ ալ թշնամի մահը նուաճեց։ Ան գիտէր թէ ասոր համար տակաւին Աստուծոյ յարմար ժամանակը եկած չէր։ Կատարեալ մարդու գերազանց կարողութիւններով, Յիսուս հաւանաբար շատ բան կրնար ընել քաղաքական եւ ընկերային լուրջ խնդիրները լուծելու համար։ Ըստ երեւոյթին, իր ժամանակակիցներէն ոմանք ուզեցին որ ան հեղինակութիւնը ձեռք առնէ ու այս հանգամանքով վարուի, բայց Յիսուս մերժեց։ Կը կարդանք. «Մարդիկը, երբ Յիսուսին ըրած հրաշքը տեսան, ըսին. ‘Ասիկա է ճշմարտապէս այն մարգարէն, որ աշխարհ պիտի գար’։ Յիսուս գիտնալով թէ պիտի գան զինք յափշտակեն, որպէս զի զինք թագաւոր ընեն, նորէն մինակը լեռը գնաց»։—Յովհաննու 6։14, 15
18. (ա) Յիսուս ի՞նչպէս միշտ սպասողական մտավիճակ ցոյց տուած է։ (բ) 1914–էն ի վեր Յիսուսի գործունէութիւնը ի՞նչպէս փոխուած է։
18 Յիսուս մերժեց քաղաքականութեան կամ զուտ ընկերային գործերու միջամուխ ըլլալ, քանի որ գիտէր որ թագաւորութեան հեղինակութիւն առնելու, ու ամէնուրեք բոլոր մարդիկը բուժելու համար, ժամանակը տակաւին հասած չէր։ Նոյնիսկ երկնքի մէջ հոգեղէն անմահ կեանքի համբառնալէ ետք գործի լծուելէ առաջ, սիրայօժար կերպով սպասեց Եհովայի որոշած ժամանակին։ (Սաղմոս 110։1. Գործք 2։34, 35) Սակայն, 1914–ին որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը գահակալուելէն ի վեր, ան ոտքի ելաւ որպէս ‘յաղթող ու յաղթելու գնաց’։ (Յայտնութիւն 6։2. 12։10) Որքա՜ն երախտապարտ ենք որ իր թագաւորութեան կը հպատակինք, մինչդեռ անդին՝ Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանողներէն շատեր, Թագաւորութեան մասին Աստուածաշունչի ուսուցումներուն շուրջ կը նախընտրեն տգէտ մնալ։
Սպասումը Ընդվզումի՞ թէ Ուրախութեան Աղբիւր Է
19. Ե՞րբ է որ սպասելը «սիրտը կը հիւանդացնէ», իսկ ե՞րբ ուրախութեան աղբիւր մը կ’ըլլայ։
19 Սողոմոն գիտակցեցաւ որ սպասելը ընդվզեցուցիչ կրնայ ըլլալ։ Ան գրեց. «Ուշացած յոյսը սիրտը կը հիւանդացնէ»։ (Առակաց 13։12) Եթէ անհատ մը անհիմն յոյսեր սնուցանէ, վստահաբար սիրտը պիտի հիւանդանայ յուսահատութենէ։ Բայց ուրախ պահերու համար սպասելը՝ թերեւս հարսանիք մը, երախայի մը ծնունդը, կամ մեր սիրած անհատներուն հետ համախմբում մը՝ այդ օրը հասնելէն շատ առաջ կրնայ մեզ լեցնել կանխօրօք ուրախութեամբ։ Այս ուրախութիւնը աւելի մեծ կ’ըլլայ, եթէ սպասումի ժամանակը իմաստութեամբ գործածենք, գալիք դէպքին համար պատրաստութիւններ տեսնելով։
20. (ա) Ի՞նչ հոյակապ դէպքեր կ’ակնկալենք տեսնել։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք ուրախութիւն գտնել, մինչ կը սպասենք Եհովայի նպատակներուն կատարման։
20 Երբ լիովին վստահ ըլլանք որ մեր յոյսերը պիտի իրականանան՝ նոյնիսկ երբ չենք գիտեր թէ ե՛րբ՝ սպասումի ժամանակը ‘մեր սիրտը չի հիւանդացներ’։ Աստուծոյ հաւատարիմ երկրպագուները գիտեն թէ Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութիւնը մօտ է։ Անոնք վստահ են որ պիտի տեսնեն մահուան ու հիւանդութեան վախճանը։ Անձկալից ակնկալութեամբ ուրախութեամբ կը սպասեն այն ժամանակին, երբ միլիառաւոր մեռեալներուն բարի գալուստ պիտի մաղթեն, մէջը ըլլալով իրենց սիրելի ննջեցեալները։ (Յայտնութիւն 20։1-3, 6. 21։3, 4) Մթնոլորտաբանական տագնապի այս ժամանակին մէջ, անոնք երկրի վրայ Դրախտի հաստատումը տեսնելու վստահ հեռանկարը կ’ըմբոշխնեն։ (Եսայեայ 35։1, 2, 7) Ուստի, որքա՜ն խելացութիւն է սպասումի ժամանակը իմաստուն կերպով գործածել, ‘ամէն ատեն աւելնալով Տէրոջը գործին մէջ’։ (Ա. Կորնթացիս 15։58) Շարունակեցէք հոգեւորապէս կերակրուիլ։ Եհովայի հետ շատ աւելի մտերմութիւն կերտեցէք։ Փնտռեցէք ուրիշներ, որոնց սիրտը կը մղէ զիրենք որ Եհովայի ծառայեն։ Ձեր հաւատակիցները քաջալերեցէք։ Լիովին օգտուեցէք այն ժամանակէն որ Եհովա տակաւին պիտի թոյլատրէ։ Այն ատեն, Եհովայի սպասելը որեւէ ատեն ‘ձեր սիրտը պիտի չհիւանդացնէ’։ Ընդհակառակը, անիկա ձեր սիրտը ուրախութեամբ պիտի լեցնէ։
Կրնա՞ք բացատրել
• Յիսուս ի՞նչպէս սպասողական վերաբերմունք ցոյց տուաւ։
• Ի՞նչ պարագաներու Քրիստոնեաները սպասողական վերաբերմունք պէտք է ունենան։
• Եհովայի Վկաները ինչո՞ւ Եհովայի սպասելով գոհ են։
• Եհովայի սպասելը ի՞նչպէս կրնանք ուրախութեան աղբիւր մը դարձնել։
[Նկարներ՝ էջ 12]
Յիսուս իր առջեւ դրուած ուրախութեան համար տոկաց
[Նկար՝ էջ 13]
Նոյնիսկ տարիներ ծառայելէ ետք, կրնանք պահել մեր ուրախութիւնը
[Նկարներ՝ էջ 15]
Միլիոնաւոր անհատներ իրենց կեանքը բարելաւած են՝ Եհովայի Վկաներ ըլլալով