Կենսագրութիւն
Եհովա մի՛շտ կը վարձատրէ իրեն հաւատարիմ եղողները
ՊԱՏՄՈՒԱԾ՝ ՎԵՐՆՈՆ ՏԱՆՔՈՄ–Ի ԿՈՂՄԷ
Ուշ երեկոյեան թեթեւ ընթրիք մը ընելէ ետք, ըստ սովորութեան՝ ծխախոտ մը վառեցի։ Ապա կնոջս՝ Այլինին հարցուցի. «Այս գիշեր ժողովը ի՞նչպէս անցաւ»։
ԱՆ ՊԱՀ մը կեցաւ, ապա ըսաւ. «Նամակ մը կարդացուեցաւ որ նոր նշանակումներ կը ծանուցանէր. անունդ ալ յիշուեցաւ։ Ձայնային դրութեան հոգ տանող ծառան պիտի ըլլաս։ Նամակին վերջին տողը կ’ըսէր. ‘Եթէ այս նոր նշանակուած եղբայրներէն մէկը ծխախոտ գործածող մըն է, ան Ընկերութեան պէտք է գրէ, ըսելու համար որ նշանակումը չի կրնար ընդունիլ’»։a Երկար եւ վճռական կերպով մը պատասխանեցի. «Լա՜ւ։ Ուրեմն ա՛յդպէս կ’ըսէր»։
Ակռաներս սեղմելով ձեռքի ծխախոտս քովս գտնուող մոխրամանին մէջ մարեցի։ «Չեմ գիտեր թէ այս նշանակումին համար ինչու ե՛ս ընտրուեցայ։ Բայց երբեք նշանակում մը մերժած չեմ, միտք ալ չունիմ ասկէ ետք մերժելու»։ Վճռեցի անգա՛մ մըն ալ չծխել։ Այս որոշումը, որպէս Քրիստոնեայ եւ երաժիշտ, կեանքիս վրայ խոր ազդեցութիւն ունեցաւ։ Ձեզի պատմեմ կարգ մը իրադարձութիւններ, որոնք զիս առաջնորդեցին որոշումս տալու։
Ընտանեկան Կեանքս
Ծնած եմ 21 Սեպտեմբեր 1914–ին, Թորոնթոյի մէջ, Գանատա։ Ես անդրանիկն էի սիրալիր եւ ծանր աշխատող ծնողներուս՝ Վերնոնի եւ Լիլայի՝ որոնք չորս մանչ եւ երկու աղջիկ մեծցուցին։ Տարիքի շարքաւորումով ինծմէ ետք կու գար, Եորքը, Օրլանտօն, Տուկլասը, Այլինը եւ Գորալը։ Երբ հազիւ ինը տարեկան էի, մայրս ձեռքերուս մէջ ջութակ մը դնելով, կարգադրեց որ Հէրիս Երաժշտանոցին մէջ երաժշտական դասընթացքներու հետեւիմ։ Տնտեսական պայմանները դժուար էին, սակայն մայրս ու հայրս երթեւեկի ծախսերս եւ կրթաթոշակս վճարելու կերպեր գտան։ Հետագային երաժշտական տեսութիւն եւ ներդաշնակագիտութիւն սորվեցայ, Թորոնթոյի Րոյըլ Երաժշտանոցին մէջ. իսկ 12 տարեկանիս, նուագահանդէսի մրցոյթի մը մասնակցեցայ, որ տեղի ունեցաւ քաղաքին կեդրոնը գտնուող երաժշտական շքեղ լսարանին՝ Մէսսի Հոլին մէջ։ Մրցանակը շահեցայ եւ կոկորդիլոսի կաշիով շինուած տուփի մը մէջ ընտիր ջութակ մը ստացայ։
Ժամանակի ընթացքին, դաշնակ եւ հակաբամբ (կոնդրըպաս) նուագել սորվեցայ։ Յաճախ մեր խումբը պզտիկ հաւաքոյթներուն եւ աշակերտական պարահանդէսներուն կը նուագէր Ուրբաթ եւ Շաբաթ երեկոները։ Այս պարահանդէսներէն մէկուն ընթացքին էր որ առաջին անգամ ըլլալով Այլինին հանդիպեցայ։ Երկրորդական վարժարանի վերջին տարիս, քանի մը նուագախումբերու հետ նուագեցի, քաղաքին զանազան մասերուն մէջ։ Շրջանաւարտ ըլլալէս ետք, հրաւէր ստացայ Ֆէրտէ Մորի Օրքիսթրէին միանալու. ասիկա լաւ վճարուած ու մշտական գործ մը եղաւ մինչեւ 1943։
Եհովան Ճանչցայ
Ծնողքս առաջին անգամ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան ծանօթացաւ, Ա. Համաշխարհային Պատերազմէն ճիշդ առաջ, երբ հայրս կ’աշխատէր որպէս ցուցափեղկ զարդարող մը, Թորոնթոյի կեդրոնական շուկային մէջ գտնուող մեծ վաճառատան մը մէջ։ Ճաշասրահին մէջ ան երկու աշխատաւորներու միջեւ տեղի ունեցող խօսակցութեան կը հետեւէր, որոնք Աստուածաշունչի Աշակերտներ էին (ինչպէս Եհովայի Վկաները կը ճանչցուէին այն ատեն), ապա, երեկոյեան երբ տուն վերադառնար, իր լսածները մօրս կը պատմէր։ Քանի մը տարի ետք, 1927–ին, Աստուածաշունչի Աշակերտները մեծ համաժողով մը գումարեցին Թորոնթոյի Քոլոսիումին՝ Գանատայի Ազգային Ցուցահանդէսի Համալիրին մէջ։ Մեր տունը՝ որ համալիրի արեւմտեան մուտքէն երկու թաղ անդին կը գտնուէր, որպէս իջեւան ծառայեց Օհայոյէն (Ա.Մ.Ն.) եկած 25 հոգիներու համար։
Անկէ ետք, Աստուածաշունչի Աշակերտներէն մէկը՝ Ատա Պլէթսօ, սկսաւ յաճախակի այցելութիւններ տալ մօրս, վերջին գրականութիւնները տալով անոր։ Օր մը ան ըսաւ. «Տիկին Տանքոմ, ատենէ մը ի վեր ձեզի գրականութիւններ կու տամ։ Բնաւ անոնցմէ մէկը կարդացի՞ք»։ Թէեւ մայրս վեց զաւակ կը մեծցնէր, բայց այն օրուընէ սկսեալ, վճռեց պարբերաթերթերը կարդալ, եւ անկէ ետք երբեք չդադրեցաւ կարդալէ։ Սակայն ես գրականութիւններուն ուշադրութիւն չէի ընծայեր։ Դպրոցէն շրջանաւարտ ըլլալով հետաքրքրուած էի, նաեւ խոր կերպով երաժշտութեան մէջ ընկղմած էի։
1935–ի Յունիսին, Այլինը եւ ես ամուսնացանք Անգլիքան Եկեղեցիի մը մէջ։ 13 տարեկանիս, Գանատայի Միացեալ Եկեղեցին ձգելէս ի վեր, ուրիշ կրօնական կապակցութիւն մը չունենալով՝ ամուսնութիւնս գրանցեցի որպէս Եհովայի Վկայ, թէեւ՝ տակաւին Վկայ մը չէի։
Կ’ակնկալէինք ապագային ընտանիք մը մեծցնել եւ օրինակելի ծնողներ ըլլալ։ Ուստի, միասնաբար Նոր Կտակարանը սկսանք կարդալ։ Սակայն, հակառակ մեր բարի դիտաւորութիւններուն, ուրիշ բաներ զայն ընդմիջեցին։ Կարճ ժամանակ մը ետք, դարձեալ փորձեցինք, բայց միեւնոյն հետեւանքով։ Ապա 1935–ի Ծնունդի տօնին առթիւ, նուէրի թուղթով փաթթուած գիրք մը ստացանք՝ Աստուծոյ Քնարը խորագրով։ Կինս ըսաւ. «Մայրդ մեզի Ծննդեան առթիւ տարօրինա՛կ նուէր մը ղրկեր է»։ Այսուհանդերձ, գործի երթալէս ետք, կինս սկսաւ զայն կարդալ, եւ ախորժեցաւ։ Ժամանակ մը, ասկէ տեղեակ չէի։ Իսկ ինչ կը վերաբերի ընտանիք մեծցնելու մեր ակնկալութիւններուն, անոնք ջուրը ինկան։ 1 Փետրուար 1937–ին ծնած մեր նորածին աղջիկը, չապրեցաւ։ Ասիկա որքա՜ն խոր վիշտ պատճառեց մեզի։
Այս միջոցին, ընտանիքս գործօն կերպով կը մասնակցէր քարոզչութեան, եւ լսեցի թէ հայրս ընտանիքին մէջ Թագաւորութեան միա՛կ հրատարակիչն էր, որ տակաւին Մխիթարութիւն (ներկայիս՝ Զարթի՛ր) պարբերաթերթի բաժանորդագրութիւն մը չէր տեղաւորած։ Ասիկա այդ ամսուան դաշտի ծառայութեան նպատակակէտն էր։ Թէեւ տակաւին Ընկերութեան ո՛չ մէկ գրականութիւնը կարդացած էի, սակայն հօրս մեղքնալով ըսի. «Լաւ, հայրի՛կ, զի՛ս բաժանորդագրէ։ Այսպէս դո՛ւն ալ միւս հրատարակիչներուն պէս կ’ըլլաս»։ Ամառը եկաւ եւ նուագախումբը քաղաքէն դուրս փոխադրուեցաւ, զբօսավայրի մը մէջ նուագելու համար։ Մխիթարութիւն–ը թղթատարական միջոցով շարունակեց գալ։ Աշունը եկաւ եւ նուագախումբը վերադարձաւ Թորոնթօ։ Պարբերաթերթերը շարունակեցին գալ մեր նոր հասցէին. անոնցմէ հատ մը իսկ իր ծրարէն չէի հանած։
Ծնունդի արձակուրդի մը ընթացքին, պարբերաթերթերու տրցակին նայեցայ եւ եզրակացուցի որ եթէ ասոնց համար վճարած եմ, առնուազն անոնցմէ քանի մը հատը պէտք է կարդամ, տեսնելու համար թէ ի՛նչ կը պարունակեն։ Առաջին պարբերաթերթը որ բացի՝ զիս ցնցեց։ Անիկա քաղաքական դաւերն ու այդ ատենուան ապականութիւնը կը քօղազերծէր։ Երաժիշտ բարեկամներուս սկսայ խօսիլ կարդացած նիւթերուս մասին։ Սակայն, անոնք ըսածներուս ճշմարիտ ըլլալը հարցի տակ դրին. պէտք էր ընթերցանութիւնս շարունակէի, ինքզինքս պաշտպանելու համար։ Անգիտակցաբար, սկսած էի Եհովայի մասին վկայել։ Անկէ ի վեր երբե՛ք չեմ դադրած՝ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հոյակապ գրականութիւնները կարդալէ։—Մատթէոս 24։45
Թէեւ շաբթուան ընթացքին գործովս շատ զբաղած էի, բայց շատ չանցած սկսայ Այլինին հետ Կիրակի օրուան ժողովներուն ներկայ գտնուիլ։ 1938–ին, Կիրակի օր մը երբ ժողովի եկանք, երկու տարեց քոյրեր մեզ բարեւեցին եւ անոնցմէ մէկը ըսաւ. «Երիտասարդ եղբա՛յր, Եհովայի կողքին դիրք բռնա՞ծ ես։ Գիտե՛ս, Արմագեդոնը շա՛տ մօտ է»։ Գիտէի թէ Եհովան միակ ճշմարիտ Աստուածն է, եւ համոզուած էի թէ ասիկա իր կազմակերպութիւնն է։ Ուզեցի անոր մաս կազմել, ուստի, 15 Հոկտեմբեր 1938–ին, մկրտուեցայ։ Ինծմէ շուրջ վեց ամիս ետք Այլինը մկրտուեցաւ։ Ուրախ եմ ըսելու թէ ընտանիքիս բոլոր անդամները Եհովայի նուիրուած ծառաներ եղան։
Աստուծոյ ժողովուրդին հետ ընկերակցիլը ի՜նչ հաճելի փորձառութիւն մըն էր ինծի համար։ Անոնց հետ շատ շուտով շաղուեցայ։ Երբ չկարենայի ժողովի մը ներկայ գտնուիլ, միշտ անհամբեր կ’ըլլայի գիտնալու թէ ժողովին ի՛նչ պատահեցաւ։ Յօդուածին սկիզբը յիշուած այդ մասնայատուկ երեկոն, Եհովայի ծառայութեանս մէջ դարձակէտ մը եղաւ։
Մեզի Համար Մեծ Փոփոխութեան Ժամանակ մը
Մեզի համար յատկանշական ուրիշ վերաճշդում մը տեղի ունեցաւ 1 Մայիս 1943–ին։ 1942–ի Սեպտեմբերին, Քլիվլէնտի մէջ (Օհայօ) տեղի ունեցած Նոր Աշխարհի Աստուածպետական Համաժողովը, մեր յաճախած առաջին մեծ համաժողովն էր։ Այդ օրը, համաշխարհային ահռելի պատերազմի կիսուն, որու վերջը տակաւին յայտնի չէր, մտիկ ըրինք Եղբայր Նորի, այն ատենուան Դիտարանի Ընկերութեան նախագահին, որ խիզախօրէն ներկայացուց «Խաղաղութի՛ւն՝ Կրնա՞յ Յարատեւել» բնաբանով յափշտակիչ հանրային դասախօսութիւնը։ Տակաւին մեր մտքին մէջ թարմ է, թէ ան ի՛նչպէս Յայտնութեան 17–րդ գլուխէն ցոյց տուաւ, որ պատերազմէն ետք խաղաղութեան ժամանակաշրջան մը պիտի ըլլար, որուն ընթացքին քարոզչութեան հսկայ գործ մը պիտի կատարուէր։
Մեզ ամենէն շատ տպաւորողը Եղբայր Նորի նախկին դասախօսութիւնն էր՝ «Յեփթայէն եւ Իր Ուխտը»։ Անոր ընթացքին կոչ ուղղուեցաւ թէ աւելի՛ ռահվիրաներ կ’ուզուին։ Այլինը եւ ես իրարու երես նայեցանք եւ միասնաբար ըսինք (այն ատեն շատ մը ուրիշներու հետ մէկտեղ). «Ասիկա մեզի՛ ուղղուած է»։ Անմիջապէս սկսանք կարգադրութիւններ ընել, որպէսզի աւելի կարեւոր գործին ձեռնարկենք։
Գանատայի մէջ, 4 Յուլիս 1940–էն ի վեր, Եհովայի Վկաներու գործունէութիւնը արգելքի տակ դրուած էր։ Երբ 1 Մայիս 1943–ին ռահվիրայութեան սկսանք, Եհովայի մասին վկայելը եւ դաշտի ծառայութեան մէջ Ընկերութեան գրականութիւնները ներկայացնելը, տակաւին անօրէն կը նկատուէին։ Որպէս Քրիստոնեաներ, միայն մեր անհատական Աստուածաշունչը՝ Գինկ Ճէյմս Թարգմանութիւն–ը կը կրէինք ծառայութեան մէջ։ Մեր առաջին ռահվիրայական նշանակումին վայրը՝ Բէրրի Սաունտ, Օնդէրիօ, հասնելէն քանի մը օր ետք, մասնաճիւղի գրասենեակը Սթիուըրդ Մէն անունով փորձառու ռահվիրայ մը ղրկեց, դաշտին մէջ մեր հետ աշխատելու համար։ Ասիկա ի՜նչ սիրալիր կարգադրութիւն մըն էր։ Եղբայր Մէն հաճելի բնաւորութեան տէր էր եւ ժպտուն դէմք մը ունէր։ Իրմէ շատ բան սորվեցանք եւ հաճելի ժամանակ անցուցինք։ Արդէն մի քանի Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարէինք, երբ Ընկերութիւնը մեզ վերանշանակեց Հէմիլթըն քաղաքին մէջ։ Անկէ քիչ ետք, զինուորագրութեան տարիքս անցած ըլլալով հանդերձ, զօրակոչի ենթարկուեցայ։ Մերժելով բանակին միանալ, 31 Դեկտեմբեր 1943–ին ձերբակալուեցայ։ Դատական ձեւականութիւններուն հոգ տարուելէ ետք, զինուորական ծառայութեան փոխարէն՝ քաղաքացիական ծառայութեան բանակավայր մը ղրկուեցայ, ուր մնացի մինչեւ Օգոստոս 1945։
Ազատ արձակուելէս ետք, Այլինը եւ ես անմիջապէս ռահվիրայական նշանակում մը ստացանք, որ մեզ տարաւ Գորնուօլ, Օնդէրիօ։ Անկէ քիչ ետք, Ընկերութեան Օրինական Գրասենեակին կողմէ Քէպէք մեկնեցանք՝ ոստիկանական դատարանի մասնայատուկ նշանակումով մը։ Ասիկա Քէպէքի մէջ Տիւփլեսիի իշխանութեան շրջանին էր, երբ Եհովայի Վկաներու դէմ բուռն հալածանք կար։ Ամէն շաբաթ քանի մը օր, չորս դատարաններու մէջ մեր եղբայրներուն կ’օգնէի։ Ասոնք ոգեւորիչ եւ հաւատք կերտող ժամանակներ էին։
1946–ին Քլիվլէնտի համաժողովէն ետք, շրջանային եւ նահանգային գործին մասնակցելու նշանակում ստացանք. ասիկա մեզ Գանատայի մէկ ծովափէն միւս ծովափը տարաւ։ Ամէն բան շատ արագ կ’ընթանար։ 1948–ին հրաւիրուեցանք Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոցի 11–րդ դասարանը։ 108 աշակերտներէ բաղկացած մեր դասարանը 40 օծեալներէ կը բաղկանար, իսկ Եղբայր Ալպերթ Շրոտըրը եւ Եղբայր Մէքսուէլ Ֆրէնտը մեր ուսուցիչներն էին։ Երկար ատենէ Եհովայի ծառայող այսքան շատ անհատներու հետ գտնուիլը, արդարեւ ճոխ եւ վարձահատոյց փորձառութիւն մըն էր։
Օր մը Եղբայր Նոր Պրուքլինէն մեզի այցելութեան եկաւ։ Իր դասախօսութեան մէջ, ան խնդրեց որ 25 կամաւորներ Ճափոներէն սորվին։ 108 աշակերտներն ալ պատրաստակամութիւն յայտնեցին։ Նախագահին մնաց անոնց մէջէն ընտրել թէ որո՛նք պիտի ըլլային սորվողները։ Կը խորհիմ թէ Եհովան էր այդ ընտրութիւնը առաջնորդողը, քանի որ անիկա շատ լաւ արդիւնքներ տուաւ։ Այդ 25–էն շատերը, որոնք ընտրուեցան եւ ապա Ճափոնի մէջ գործը սկսան, տակաւին իրենց նշանակումին մէջ են. տարեց են, սակայն տակաւի՛ն հոն են։ Ոմանք, ինչպէս՝ Լոյտ եւ Մելպա Պէրին, ուրիշ նշանակումներու փոխադրուեցան։ Լոյտ Կառավարիչ Մարմինի մէկ անդամն էր, մինչեւ իր մահը՝ անցեալ տարի։ Բոլորին հետ կ’ուրախանանք, Եհովայի տուած վարձատրութեան համար։
Շրջանաւարտութեան օրը հասաւ, եւ Ճամայիքա նշանակուեցանք։ Սակայն, Քէպէքի մէջ առկախուած դատերու թուականներուն պատճառաւ, Գանատա վերադառնալու հրահանգ ստացանք։
Աւելի՛ Երաժշտութիւն
Թէեւ ռահվիրայական ծառայութեան սիրոյն երաժշտութիւնը ետիս ձգած էի, բայց կը թուէր թէ երաժշտութիւնը զիս չէր ձգած։ Յաջորդ տարի, Ընկերութեան նախագահը՝ Նաթան Նորը եւ իր քարտուղարը՝ Միլթըն Հէնչըլ, Թորոնթոյի՝ Մէյփլ Լիյֆ Կարտընզը եկան։ Եղբայր Նորի հանրային դասախօսութիւնը բոլորս ցնցեց, որու բնաբանն էր՝ «Ձեր Կարծածէն Աւելի՞ Ուշ Է»։ Առաջին անգամ ըլլալով, ինծմէ խնդրուեցաւ որ համաժողովի նուագախումբը ղեկավարեմ։ Թագաւորութեան Ծառայութեան Երգեցողութեան Գիրք–ին (1944) մէջի կարգ մը հանրածանօթ երգեցողութիւններուն համար վալս երաժշտութիւններ պատրաստեցինք։ Կարծես թէ եղբայրները սիրեցին ասիկա։ Երբ Շաբաթ յետմիջօրէի յայտագիրը լրացաւ, Կիրակի օրուան մեր ծրագրուած յայտագիրը փորձ ըրինք։ Ակնարկ մը նետելով տեսայ թէ Եղբայր Հէնչըլ հանդիսասրահին մէջէն մեր ուղղութեամբ կու գար. նուագախումբը կեցուցի, որպէսզի կարենամ իրեն քով երթալ։ Ան հարցուց. «Ձեր այս նուագախումբը քանի՞ երաժիշտներէ կը բաղկանայ»։ Պատասխանեցի. «Երբ բոլորը ներկայ ըլլան, շուրջ 35 հոգի»։ Ան պատասխանեց. «Լա՛ւ, յառաջիկայ ամրան, Նիւ Եորքի մէջ ասոր կրկնապատիկը պիտի ունենաս»։
Սակայն, ամառը չեկած Պրուքլին հրաւիրուեցայ։ Պարագաներու բերմամբ, սկիզբը Այլինը չկրցաւ հետս գալ։ 124 Գոլոմպիա Հայթցի նոր շէնքը տակաւին չէր ամբողջացած, ուստի, նախկին շէնքին մէջ ինծի անկողին մը նշանակուեցաւ, փոքր սենեակի մը մէջ երկու օծեալ եղբայրներու հետ՝ տարեց Եղբայր Փէյնը եւ Գարլ Գլայնը, որոնց առաջին անգամ ըլլալով կը ծանօթանայի։ Սենեակը խճողուա՞ծ էր։ Այո՛։ Այսուհանդերձ, իրարու հետ շատ լաւ կը հասկցուէինք։ Տարիքով ինծմէ մեծ եղող եղբայրները երկայնամիտ եւ համբերատար էին։ Ջանացի անոնց արգելք չըլլալ։ Ասիկա հոյակապ դաս մըն էր, թէ Աստուծոյ հոգին ի՛նչ կրնայ իրագործել։ Եղբայր Գլայնին ծանօթանալը եւ իր հետ աշխատիլը, անհամար օրհնութիւններ բերաւ։ Ան միշտ ազնիւ եւ օգնող էր։ Միասնաբար լաւ աշխատանք տարինք, եւ աւելի քան 50 տարիէ սերտ բարեկամներ մնացած ենք։
Առանձնաշնորհում ունեցայ 1950, 1953, 1955 եւ 1958–ին Եանգի Սթէյտիըմի մէջ տեղի ունեցած համաժողովներուն մէջ երաժշտութեան աջակցելու, ինչպէս նաեւ՝ 1963–ի համաժողովին, նուագախումբի վերաբերեալ պատասխանատուութիւններու մասնակից ըլլալու Էլ Գէւըլինի հետ, Ռոզ Պաուլի մէջ, Բասատենա, Գալիֆորնիա։ 1953–ին, Եանգի Սթէյտիըմի համաժողովին, Կիրակի օրուան հանրային դասախօսութենէն առաջ, երաժշտական յայտագիր մը ներկայացուեցաւ։ Էրիք Ֆրոսթը ներկայացուց Էտիթ Շեմիոնիքը (հետագային՝ Վիկընտ), սոփրանօ մը, որ մեր նուագախումբին ընկերակցութեամբ երգեց Էրիքի յօրինած «Օ՛ն Յառաջ, Ո՛վ Վկաներ» երգեցողութիւնը։ Ապա, հրճուեցանք երբ առաջին անգամ ըլլալով մեր Ափրիկեցի եղբայրներուն ու քոյրերուն ճոխ եւ գեղեցիկ ձայները լսեցինք։ Միսիոնար Հէրրի Արնըթ, Հիւսիսային Րոտեզիայէն (այժմ՝ Զամպիա) իր հետ բերած էր գեղեցիկ ձայներիզ մը, մեզ ուրախացնելու համար։ Երգեցողութիւնը ամբողջ մարզադաշտը լեցուց։
1966–ի Երգարանին Ձայնագրութիւնը
Կը յիշէ՞ք վարդագոյն վինիլ–ակազմ երգարանը՝ «Երգեցէ՛ք ու Սաղմոս Ըսէ՛ք Ձեր Սրտերուն Մէջ»։ Երբ անոր պատրաստութիւնը իր աւարտին կը հասնէր, Եղբայր Նոր ըսաւ. «Կարգ մը ձայնագրութիւններ պիտի ընենք։ Կ’ուզեմ որ պզտիկ նուագախումբ մը կազմես, միայն քանի մը ջութակներէ եւ սրինգներէ բաղկացած։ ‘Իր փողը հնչեցնող’ չեմ ուզեր»։ Պէթէլի Թագաւորութեան Սրահը մեր սթիուտիօ–ն պիտի ըլլար, բայց զայն գործածելու նկատմամբ կարգ մը մտահոգութիւններ ունէինք։ Ձայնակլանիչ պատեր չունեցող, կճայատակ գետինով եւ մետաղէ ծալլուող աթոռներով ի՞նչ ձայն մէջտեղ պիտի գար։ Ո՞վ կրնար մեզի օգնել որ ձայնի աննպաստ խնդիրները լուծէինք։ Մէկը թելադրեց. «Թո՛մի Միթչըլը։ Ան ABC Network Studios–ի մէջ կ’աշխատի»։ Եղբայր Միթչըլի հետ հաղորդակցութեան մէջ մտանք, եւ ան սիրով փափաքեցաւ մեզի օգնել։
Առաջին Շաբաթ առաւօտը եկաւ որ պիտի ձայնագրէինք, եւ մինչ երաժիշտները կը ներկայացուէին, եղբայրներէն մէկը թրամպոն–ի տուփ ունէր։ Յիշեցի Եղբայր Նորի ազդարարութիւնը. «‘Իր փողը հնչեցնող’ չե՛մ ուզեր»։ Հիմա ի՞նչ կրնայի ընել։ Դիտեցի, մինչ այս եղբայրը իր թրամպոն–ը տուփէն հանեց, զայն լարեց եւ սկսաւ փորձ ընել։ Այս եղբայրը՝ Թոմ Միթչըլն էր, եւ իր առաջին քանի մը նոթերը գեղեցիկ էին։ Ան թրամպոն–ով ջութակի ձայն հանեց։ Միտքէս ըսի, ‘այս եղբայրը պէ՛տք է մնայ’։ Եղբայր Նոր երբեք չառարկեց։
Այդ նուագախումբին մէջ, խումբ մը ընտիր երաժիշտներ ունէինք, որոնք նաեւ սիրալիր եղբայրներ ու քոյրեր էին։ Դիւրագրգիռ անհատներ չկային։ Արձանագրութիւնը ծանր աշխատանք մըն էր, սակայն գանգատող չկար։ Երբ գործը լրացաւ, արցունքներո՛վ բաժնուեցանք իրարմէ. մինչեւ օրս սերտ մտերմութիւն մնացած է ձայնագրութեան մասնակցողներուն միջեւ։ Իւրաքանչիւրս ուրախացանք այդ առանձնաշնորհումով, եւ Եհովայի շնորհիւ գործը կատարեցինք։
Յաւելեալ Վարձահատոյց Առանձնաշնորհումներ
Այսքան տարիներ ետք, տակաւին կը շարունակեմ հաճոյք առնել լիաժամ ծառայութենէն։ 28 տարի շրջանային եւ նահանգային գործի նշանակումներ ունեցայ, ամէնքն ալ հաճելի էին։ Անկէ ետք հինգ տարի Օնդէրիոյի մէջ, Նորվալի Համաժողովի Սրահին հոգատարութիւնը ստանձնեցի։ Ամէն շաբաթավերջ տեղի ունեցող շրջանային համաժողովները, ինչպէս նաեւ՝ օտար լեզուով նահանգային համաժողովները, Այլինը եւ զիս զբաղած կը պահէին։ 1979/1980–ին, ճարտարապետներ ու երկրաչափներ Համաժողովի Սրահին համալիրը գործածեցին, Հէլթըն Հիլզի մէջ Ընկերութեան ապագայ մասնաճիւղին ծրագիրները պատրաստելու համար։ Համաժողովի Սրահին մէջ մեր կատարած աշխատանքէն ետք, ուրիշ նշանակում մը մեզ առաջնորդեց որ երաժշտութեան մարզին մէջ յաւելեալ բաժին մը բերենք. ասիկա 1982-1984–ին էր, Պրուքլինի մէջ։
Սիրելի կինս մահացաւ 17 Յունիս 1994–ին, մեր հարսանեկան 59–րդ տարեդարձէն եօթը օր վերջ։ Միասնաբար ամբողջացուցած էինք ռահվիրայական անձնուրաց ծառայութեան 51 տարիներ։
Երբ կեանքի մէջ ունեցած բազմաթիւ փորձառութիւններուս վրայ յետադարձ ակնարկ մը նետեմ, կը մտաբերեմ թէ Աստուածաշունչը որքա՛ն արժէքաւոր առաջնորդ մը եղած է։ Երբեմն, Այլինին անձնական Աստուածաշունչը կը գործածեմ եւ շատ հաճոյք կ’առնեմ նկատելով իր սրտին դպչող բաները, ինչպէս՝ լման համարներ, որոշ հատուածներ, եւ անջատ բառեր, զորս ընդգծած էր։ Ինչպէս Այլինը, ե՛ս ալ ունիմ համարներ որոնք ինծի համար մասնայատուկ իմաստ մը կը կրեն։ Այդ հատուածներէն մէկը 137–րդ Սաղմոսն է, որ այս գեղեցիկ աղօթքը կ’ուղղէ Եհովային. «Ո՛վ Երուսաղէմ, եթէ քեզ մոռնամ, թո՛ղ իմ աջ ձեռքս իր պաշտօնը մոռնայ [«թող անգամ մըն ալ չկարենամ քնար նուագել», Մերօրեայ Անգլերէն Թարգմանութիւն]. թո՛ղ իմ լեզուս իմ քիմքիս փակչի, եթէ քեզ չյիշեմ, եթէ Երուսաղէմը իմ գլխաւոր ուրախութենէս աւելի մեծ չհամարեմ»։ (Սաղմոս 137։5, 6) Թէեւ երաժշտութիւնը կը սիրեմ, սակայն, մեծագոյն ուրախութիւնս կու գայ հաւատարմաբար Եհովայի ծառայելէ, որ ինծի լեցուն եւ գոհունակ կեանքով մը վարձատրած է։
[Ստորանիշ]
a Դիտարան 1 Յունիս 1973–ը (Անգլերէն) բացատրեց թէ ինչո՛ւ այդ թուականէն սկսեալ անհատ մը ծխախոտը պէտք է դադրեցնէ, մկրտուելէ եւ Եհովայի Վկայ մը ըլլալէ առաջ։
[Նկար՝ էջ 28]
Այլինին հետ՝ 1947–ին
[Նկար՝ էջ 30]
Ձայնագրութեան սկզբնական նիստի մը ընթացքին