Մղուած՝ ծառայելու
Ի՞ՆՉ բան պիտի մղէր որ 24 ամոլներ իրենց գարուն հասակին, ձգեն իրենց ընտանիքը, բարեկամները եւ իրենց ծանօթ շրջապատը, որպէսզի օտար երկիրներու մէջ միսիոնարական գործին ձեռնարկեն։ Անոնք ինչո՞ւ ուրախ պիտի ըլլային երթալու Բաբուա Նոր Կուինիա եւ Թայուան, ինչպէս նաեւ Ափրիկեան եւ Լատին Ամերիկայի երկիրներ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ անոնք արկածախնդրութիւն կը սիրեն։ Ո՛չ։ Այլ, Աստուծոյ եւ դրացիի հանդէպ հարազատ սէրն է անոնց շարժառիթը։—Մատթէոս 22։37-39
Ո՞վ են ասոնք։ Անոնք Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոցին 109–րդ դասարանի շրջանաւարտներն են։ Շաբաթ, 9 Սեպտեմբեր 2000–ին, ընդամէնը 5,198 հոգի հաւաքուեցաւ Դիտարանի Կրթական Կեդրոնին մէջ, Փէթըրսըն (Նիւ Եորք), եւ մօտակայ այլ վայրերու մէջ, լսելու համար սիրալիր խրատներ որոնք կրնային շրջանաւարտներուն օգնել յաջող միսիոնարներ ըլլալու։
Յայտագրին ատենապետն էր Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինին Ուսուցումի Յանձնախումբին անդամներէն՝ Սթիվըն Լէթ։ Ան իր բացման խօսքերը հիմնեց Մատթէոս 5։13–ին վրայ. «Դուք էք երկրի աղը»։ Եղբայր Լէթ բացատրեց թէ Յիսուսի խօսքերը վստահաբար կը կիրարկուին շրջանաւարտ աշակերտներուն։ Օրինակ, աղը ուտելիքը համովցնելու յատկութիւնը ունի։ Նոյնպէս, իրենց ազդու քարոզչութեամբ, միսիոնարները այլաբանական աղի նման են։
Հրաժեշտի Քաջալերական Խօսքեր
Ապա Եղբայր Լէթ երկար ժամանակէ Եհովայի ծառայող քանի մը անհատներ ներկայացուց, որոնք հակիրճ սակայն ազդու սուրբ գրային դասախօսութիւններ տուին։ Առաջինը՝ Գրական Բաժինին մէջ ծառայող Ճոն Ուիսչուքն էր։ Անոր բնաբանն էր՝ «Ամենակարճ Սաղմոսը Միսիոնարական Հոգին կը Քաջալերէ», հիմնուած՝ Սաղմոս 117–ին վրայ։ Ներկայիս, համայն աշխարհի մէջ կարիքը կայ որ Եհովայի եւ իր Թագաւորութեան մասին «ազգեր»ուն եւ «ժողովուրդներ»ուն վկայութիւն տրուի։ Աշակերտներուն քաջալերութիւն տրուեցաւ որ Սաղմոս 117–ի ըսածը կատարեն, ուրիշները յորդորելով որ ‘Եահը Փառաբանեն’։
Ասկէ ետք, ատենապետը Կառավարիչ Մարմինի անդամ՝ Կի Փիրսը ներկայացուց։ Ան խօսեցաւ «Դիւրաթեք, Սակայն Հաստատ Եղէ՛ք» նիւթին շուրջ։ Աստուծոյ Խօսքը հաստատ է։ Բ. Օրինաց 32։4–ի մէջ (ստորանիշ), Եհովա Աստուած Վէմ կը կոչուի, այսուհանդերձ, իր Խօսքը դիւրաթեք է, այն իմաստով որ անիկա բոլոր լեզուական խումբերու եւ մշակոյթներու համար՝ այո՛, բոլոր մարդկութեան համար գրուած է։ Աշակերտներուն յորդոր տրուեցաւ որ Աստուծոյ Խօսքը քարոզեն, եւ թոյլ տան որ անոր պատգամը մարդոց սրտին ու խղճին դպչի։ (Բ. Կորնթացիս 4։2) Եղբայր Փիրս յորդորեց. «Շիտակ սկզբունքներուն նկատմամբ հաստատ եղէք, սակայն՝ դիւրաթեք։ Ձեր նշանակուած երկրին մշակոյթը ձեր մշակոյթէն տարբեր ըլլալուն համար, անոնց ցած աչքով մի՛ դիտէք»։
Գարլ Էտըմզ, շուրջ 53 տարիներէ ի վեր համաշխարհային կեդրոնատեղիին մէջ ծառայող Գաղաադու ուսուցիչ մը, խօսեցաւ «Այս Տեղէն Ո՞ւր Պիտի Երթաք» միտք գրգռող բնաբանին շուրջ։ Խորքին մէջ, 24 ամոլները աշխարհի տարածքին գտնուող 20 երկիրներու մէջ միսիոնարական նշանակումներ ստացան, բայց հարց մը կը ծագէր. Անգամ մը որ հոն հասնէին եւ նոր երկիրը տեսնէին, յետոյ ի՞նչ պիտի ընէին։ Կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ որ անհանդարտ հոգի մը ունի։ Մարդիկ կ’ուզեն նոր վայրեր երթալ եւ նոր բաներ ընել, իրենք զիրենք հաճեցնելու ջանքով մը։ Միւս կողմէ, աշակերտները Եհովայէ նշանակում ստացան երթալու վայր մը, ուր ի՛նք կ’ուզէ որ հոն ըլլան, որպէսզի իր «ոչխարներուն» անձնուրացօրէն հոգ տանին։ Անոնք վաղեմի Իսրայէլի մէջ եղող անհատներուն պէս պէտք չէ ըլլան, որոնք անձնասիրութեան պատճառաւ բոլոր մարդկութիւնը օրհնելու համար Եհովայի կողմէ գործածուելու պատեհութիւնը կորսնցուցին։ Փոխարէն, անոնք Յիսուս Քրիստոսը պէտք է ընդօրինակեն, որ միշտ անձնուրացաբար իր Հօր կամքը կատարեց եւ իր դիմագրաւած իւրաքանչիւր պարագային հնազանդ գտնուեցաւ։—Յովհաննու 8։29. 10։16
Գաղաադու Դպրոցի դիւանապետին՝ Ուէլըս Լիվըրընսի դասախօսութեան բնաբանն էր՝ «Աստուծոյ Խորունկ Բաները Արժեւորեցէ՛ք»։ Շատ անգամ Սուրբ Գրութիւնները Աստուծոյ Խօսքին կ’ակնարկեն որպէս՝ հարստութիւն, գոհարներ, թանկարժէք մետաղներ, եւ մեծապէս արժեւորուած եւ փնտռուած բաներ։ Առակաց 2։1-5–ը ցոյց կու տայ թէ «Աստուծոյ գիտութիւնը» գտնելու համար, պէտք է զայն «ծածուկ գանձերու» պէս փնտռենք։ Դասախօսը աշակերտները քաջալերեց որ շարունակեն Աստուծոյ խորունկ բաները պրպտել, մինչ իրենց նոր նշանակումներուն մէջ կը ծառայեն։ Եղբայր Լիվըրընս պատճառաբանեց. «Ասիկա գործնական է, քանի որ Եհովայի հանդէպ հաւատք եւ վստահութիւն կը կերտէ, եւ ձեր նշանակումին կառչելու ձեր վճռակամութիւնը պիտի զօրացնէ։ Անիկա պիտի օգնէ որ համոզումով խօսիք եւ աւելի ազդու ուսուցիչ մը ըլլաք, մինչ Աստուծոյ նպատակները ուրիշներուն կը բացատրէք»։
Դասարանին մէկ պահը ցուցադրելով, Գաղաադու Դպրոցի ուրիշ ուսուցիչ մը վերաքաղ ըրաւ թէ վերջին հինգ ամիսներուն Եհովա ի՛նչպէս օրհնեց աշակերտներուն դաշտի ծառայութեան գործունէութիւնը։ Լորընս Պօուըն ակնարկեց Գործք Առաքելոց 20։20–ին՝ Եփեսոսի մէջ իր հանրային ծառայութեան նկատմամբ Պօղոս առաքեալի խօսքերուն, ուշագրաւ դարձնելով թէ Պօղոս վկայութիւն մը տալու համար ամէ՛ն պատեհութիւն օգտագործեց։ Աշակերտներուն փորձառութիւնները ապացուցանեցին թէ Պօղոս առաքեալի նման, ներկայիս ալ Աստուծոյ եւ դրացիին հանդէպ սէրէ մղուած անհատներ բնաւ ետ չեն կենար ճշմարտութիւնը խօսելէ, եւ թոյլ կու տան որ Աստուծոյ Խօսքին զօրութիւնը ուրիշներուն մէջ ներգործէ։ Ասիկա Եհովայի ճոխ օրհնութիւնը կը բերէ։
Փորձառութիւն Ունեցողներ կը Խօսին
Գաղաադու այս դասարանին աշակերտները իրենց դպրոցական շրջանին յատկապէս օգտուեցան, ընկերակցելով 23 երկիրներու Մասնաճիւղի Յանձնախումբի անդամներուն հետ, որոնք նոյն ատեն Փէթըրսընի Կրթական Կեդրոնին մէջ մասնաւոր մարզում կը ստանային։ Ծառայութեան Բաժինէն Լիյոն Ուիվըր եւ Մըրթըն Քէմփպէլ հարցազրոյցներ վարեցին Մասնաճիւղի Յանձնախումբերու կարգ մը անդամներու հետ, որոնցմէ քանի մը հատը Գաղաադու շրջանաւարտներ էին։ Այս փորձառու միսիոնարներուն մտիկ ընելը, աշակերտներուն, իրենց ընտանիքներուն ու բարեկամներուն վստահութիւն ներշնչեց։
Շրջանաւարտ դասարանին տրուած խրատը, որ պիտի օգնէր անոնց վերաճշդումներ ընելու, կը պարփակէր հետեւեալին նման նկատողութիւններ. «Դրական եղէ՛ք։ Եթէ ձեզի անծանօթ կամ անհասկնալի եղող բանի մը հանդիպիք, տեղի մի՛ տաք։ Եհովայի ապաւինեցէ՛ք». «սորվեցէ՛ք ձեր ունեցածով ուրախ ըլլալ, եւ վստահ եղէք որ Եհովա ձեզի պիտի ապահովէ կեանքի անհրաժեշտութիւնները»։ Այլ խրատներ կեդրոնացան աշակերտներուն օգնելու որ իրենց նշանակումին մէջ ուրախութիւնը պահպանեն։ Արտայայտութիւններէն ոմանք էին. «Ձեր ունեցած նշանակումը ձեր եկած վայրին հետ մի՛ բաղդատէք». «տեղական լեզուն սորվեցէ՛ք եւ զայն շիտակ կերպով խօսեցէ՛ք, որպէսզի կարենաք ժողովուրդին հետ հաղորդակցիլ». «ժողովուրդին սովորութիւնները եւ մշակոյթը սորվեցէ՛ք, քանի որ ասիկա ձեզի պիտի օգնէ ձեր նշանակումին կառչելու»։ Այս արտայայտութիւնները նոր միսիոնարներուն համար շատ քաջալերական էին։
Տեսակցութիւններէն ետք, նախկին միսիոնար եւ Գաղաադու 42–րդ դասարանի շրջանաւարտ՝ Տէյվիտ Սբլէյն, որ ներկայիս կը ծառայէ որպէս Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինին մէկ անդամը, միտք գրգռող բնաբանով գլխաւոր դասախօսութիւնը զարգացուց՝ «Աշակերտներ թէ Շրջանաւարտներ—Ո՞ր Մէկը»։ Ան շրջանաւարտ դասարանին հարցուց. «Մինչ ձեր միսիոնարական նշանակումին կ’երթաք, դուք ձեզ ի՞նչ աչքով պիտի դիտէք։ Որպէս շրջանաւարտնե՞ր, որոնք միսիոնարական գործին մասին ամէն բան գիտեն, թէ ոչ որպէս աշակերտներ, որոնք տակաւին շատ բան ունին սորվելիք»։ Եղբայր Սբլէյն մատնանշեց թէ իմաստուն շրջանաւարտը ինքզինք աշակերտ կը նկատէ։ Միսիոնարները պէտք է որդեգրեն այն տեսակէտը թէ իրենց միսիոնարական նշանակումին մէջ իրենց հանդիպող իւրաքանչիւր անհատ հաւանական է որ իրենց բան մը սորվեցնէ։ (Փիլիպպեցիս 2։3) Աշակերտներուն քաջալերութիւն տրուեցաւ որ միսիոնար գործակիցներուն, մասնաճիւղի գրասենեակին եւ իրենց ժողովքին հետ սերտօրէն համագործակցին։ Եղբայր Սբլէյն յորդորեց. «Վերջին քննութիւնները յաջողութեամբ անցուցիք, սակայն աշակերտ ըլլալէ չդադրեցաք։ Բոլորին բացայայտ դարձուցէք թէ դուք հոն էք սորվելու համար»։
Այս դասախօսութենէն ետք, աշակերտները իրենց վկայականները ստացան, եւ իրենց նշանակումները ներկաներուն ծանուցանուեցան։ Շրջանաւարտներուն համար սրտաշարժ պահ մըն էր, երբ դասարանին կողմէ ներկայացուցիչ մը կարդաց որոշում մը՝ թէ շրջանաւարտները վճռած են թոյլ տալ որ Աստուծոյ Խօսքէն իրենց սորված բաները, զիրենք մղեն սրբազան ծառայութեան մէջ աւելի մեծ գործեր կատարելու։
Բոլոր ներկաներն ալ պիտի համաձայնէին թէ տրուած խրատը ամրապնդեց Աստուծոյ եւ դրացիին հանդէպ սէր ցոյց տալու շրջանաւարտներուն վճռակամութիւնը։ Անիկա որեւէ ժամանակէ աւելի զանոնք վճռակամ դարձուց որ իրենց միսիոնարական նշանակումին մէջ գտնուող անհատներուն հոգեւորապէս օգնեն։
[Շրջանակ՝ էջ 25]
ԴԱՍԱՐԱՆԻՆ ՎԻՃԱԿԱԳՐԱԿԱՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐԸ
Ներկայացուած երկիրներ՝ 10
Նշանակուած երկիրներ՝ 20
Աշակերտներուն թիւը՝ 48
Միջին տարիք՝ 33.7
Ճշմարտութեան մէջ միջին տարի՝ 16.2
Լիաժամ ծառայութեան մէջ միջին տարի՝ 12.5
[Նկար՝ էջ 26]
Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու դպրոցի 109–րդ դասարանի շրջանաւարտները
Ստորեւ տրուած ցանկին մէջ, շարքերը թուագրուած են առջեւէն դէպի ետեւ, իսկ անունները տրուած են ձախէն՝ աջ, իւրաքանչիւր շարքի համար։
(1) Քոլլինզ Է., Մայլզ Լ., Ալվարատօ Ա., Լէյք Ճ.։ (2) Վան Տուսըն Լ., Պիհարի Ա., Հէյքինըն Հ., Քոս Ս., Սմիթ Հ.։ (3) Աշֆորտ Ճ., Աշֆորտ Ք., Պուր Ք., Ռիչըրտ Լ., Ուիլպըրն Տ., Լէյք Ճ.։ (4) Չիչիի Ք., Չիչիի Հ., Ռամիրէզ Մ., Պոման Տ., Պէքըր Կ., Պիհարի Շ., Ռամիրէզ Ա.։ (5) Վան Տուսըն Ու., Լըմէթր Հ., Փիսքօ Ճ., Քադց Լ., Ռասըլ Հ., Ճոնսըն Ռ.։ (6) Պէքըր Ֆ., Պոման Տ., Ճոնսըն Ք., Փայֆըր Է., Մատսըն Շ., Լըմէթր Ժ., Հէյքինըն Փ.։ (7) Սմիթ Ռ., Ռասըլ Ճ., Քոլլինզ Է., Փիսքօ Տ., Ուիլպըրն Ռ., Քոս Ե.։ (8) Քադց Պ., Պուր Ճ., Մատսըն Ն., Փայֆըր Ս., Ռիչըրտ Է., Մայլզ Պ., Ալվարատօ Ռ.։