Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ01 1/15 էջ 3
  • Ինչո՞ւ առաքինութիւն մշակել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ինչո՞ւ առաքինութիւն մշակել
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ի՛նչպէս կրնանք առաքինութիւն մշակել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Առաքինութեան ետեւէ՞ էք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Առաքինի մնանք՝ անառակութեամբ լեցուն աշխարհի մը մէջ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Փորձութիւններու ներքեւ տոկալը օրհնութիւններ կը բերէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
դ01 1/15 էջ 3

Ինչո՞ւ առաքինութիւն մշակել

ԳՈՒՆԻՀԻԹՕ անունով միջին տարիքի Ճափոնցի մարդ մը, վերջերս Միացեալ Նահանգներ գաղթեց։a Իր ժամանումէն քանի մը շաբաթ ետք, ան դէմ յանդիման գտնուեցաւ կացութեան մը հետ, որ կրնար իր ասպարէզը քանդել։ Գունիհիթոն կը պատմէ. «Երբ վերակացուս ինծի հարցուց թէ կրնայի՞ որոշ պատասխանատուութիւն մը ստանձնել, ես ինքնավստահութիւն ունենալով զայն ընդունելու պատրաստ էի։ Այսուհանդերձ, ստացած կրթութեանս համաձայն համեստութիւնը առաքինութիւն նկատելով, պատասխանեցի. ‘Վստահ չեմ թէ կրնամ զայն գլուխ հանել, բայց պիտի ջանամ լաւագոյնս ընել’։ Ամերիկացի վերակացուիս համար, այնպէս թուեցաւ թէ ես անատակ եմ եւ ինքնավստահութեան պակասը ունիմ։ Ասիկա նշմարելով, անդրադարձայ որ կարգ մը բարեճշդումներ ընելու կարիքը ունէի»։

Մարիան, որ Նիւ Եորք քաղաքին մէջ կ’ապրի, ուշիմ աշակերտուհի մըն էր եւ միշտ պատրաստակամ՝ իր դասընկերներուն օգնելու։ Մարիայի մէկ դասընկերը՝ Խուանը, երբեմն իրմէ օգնութիւն կը խնդրէր։ Բայց ան նաեւ զգացումներ ունէր իրեն հանդէպ եւ փորձեց տպաւորել զինք։ Ի հեճուկս բարոյապէս մաքուր մնալու իր փափաքին, Մարիան Խուանի անբարոյ առաջարկներուն տեղի տուաւ եւ անբարոյ վարմունքի միջամուխ եղաւ։

Տարբեր մշակոյթներ ունեցող եւ բարոյապէս ապականած ներկայ աշխարհին մէջ, առաքինութիւն ցուցաբերելը արդարեւ դժուար է։ Ուստի, ինչո՞ւ առաքինութիւն մշակել։ Քանի որ առաքինի վարքը Աստուած կը հաճեցնէ, եւ վստահաբար մեզմէ շատեր կը փափաքին իր հաճութիւնը ունենալ։

Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը, իր ընթերցողները կը յորդորէ որ առաքինութիւն մշակեն։ Օրինակի համար, Պօղոս առաքեալ կը գրէ. «Ինչ առաքինութիւն եւ ինչ գովութիւն որ կայ, անոնց մասին խորհեցէք»։ (Փիլիպպեցիս 4։8) Իսկ Պետրոս առաքեալ մեզ կը յորդորէ որ ‘բոլոր ջանքերնիս դրած՝ մեր հաւատքին վրայ առաքինութիւն աւելցնենք’։ (Բ. Պետրոս 1։5) Սակայն, ի՞նչ է առաքինութիւնը։ Կրնա՞նք դպրոցներուն մէջ զայն սորվեցնել։ Զայն ի՞նչպէս կրնանք մշակել։

[Ստորանիշ]

a Կարգ մը անուններ փոխուած են։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել