Աստուածային սկզբունքները կրնան ձեզի օգտակար ըլլալ
ԱՆՏԱՐԱԿՈՅՍ քաջածանօթ էք թէ անասունները կը ղեկավարուին բնազդով։ Բազմաթիւ մեքենաներ այնպիսի կերպով մը ծրագրուած են որ ցուցմունքներու հնազանդին։ Սակայն, մարդիկ ստեղծուած են սկզբունքներով առաջնորդուելու համար։ Ի՞նչպէս կրնաք ասկէ վստահ ըլլալ։ Բոլոր արդար սկզբունքներու Հեղինակը՝ Եհովա, հետեւեալը ըսաւ երբ առաջին մարդկային արարածները ըրաւ. «Մեր պատկերին ու նմանութեանը պէս մարդ ընենք»։ Ստեղծիչը հոգի է. ան մեզի պէս ֆիզիքական մարմին չունի, ուստի իր «պատկեր»ին պէս ենք, այն իմաստով որ կրնանք իր անձնաւորութիւնը արտացոլացնել, որոշ չափով իր ընտիր յատկութիւնները ցուցաբերելով։ Մարդիկ կարողութիւնը ունին իրենց կեանքը ուղղելու սկզբունքներու, այսինքն՝ շիտակ արարքներու կանոնագրի մը՝ համաձայն։ Եհովա այս սկզբունքներէն շատերը իր Խօսքին մէջ արձանագրել տուած է։—Ծննդոց 1։26. Յովհաննու 4։24. 17։17
Անհատ մը կրնայ ըսել. ‘Բայց Աստուածաշունչը հարիւրաւոր սկզբունքներ կը բովանդակէ։ Անկարելի է որ բոլորը գիտնամ’։ Ճիշդ է։ Սակայն, նկատի առէք հետեւեալ իրողութիւնը. Մինչ աստուածային բոլոր սկզբունքները օգտակար են, ոմանք ուրիշներէն աւելի ծանրակշիռ են։ Ասիկա կրնաք տեսնել Մատթէոս 22։37-39–էն, ուր Յիսուս ցոյց տուաւ թէ Մովսիսական Օրէնքին պատուիրաններէն եւ սկզբունքներէն ոմանք, ուրիշներէ աւելի կարեւոր էին։
Ո՞ր սկզբունքները աւելի ծանրակշիռ են։ Աստուածաշունչի գլխաւոր սկզբունքները այն սկզբունքներն են, որոնք Եհովայի հետ մեր յարաբերութեան վրայ ուղղակի ազդեցութիւն ունին։ Եթէ զանոնք կիրարկենք, մեր բարոյական կողմնացոյցին վրայ գլխաւոր ազդեցութիւն բանեցնողը Ստեղծիչը կ’ըլլայ։ Ասկէ զատ, սկզբունքներ կան, որոնք ուրիշներուն հետ մեր յարաբերութեանց կ’ազդեն։ Զանոնք կիրարկելը մեզի պիտի օգնէ եսապաշտութեան դէմ դնելու, ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոր անուանումը։
Այժմ սկսինք Աստուածաշունչի ամենակարեւոր ճշմարտութիւններէն մէկը նկատի առնել։ Ի՞նչ է այդ ճշմարտութիւնը, եւ անիկա ի՛նչպէս կ’ազդէ մեզի։
‘Բարձրեալ Բոլոր Երկրի Վրայ’
Սուրբ Գրութիւնները բացայայտ կը դարձնեն թէ Եհովա մեր Մեծ Ստեղծիչը, Ամենակալ Աստուածն է։ Ան երբեք ուրիշի մը հաւասար չէ, ոչ ալ կը փոխարինուի։ Ասիկա Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած բանալի ճշմարտութիւն մըն է։—Ծննդոց 17։1. Ժողովողի 12։1
Սաղմոսաց գրքին գրողներէն մէկը, Եհովայի մասին հետեւեալը նշեց. ‘Միայն դո՛ւն Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ’։ Վաղեմի Դաւիթ Թագաւոր ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, թագաւորութիւնը քուկդ է ու դուն իբրեւ գլուխ ամենէն բարձրացեալն ես»։ Իսկ հանրածանօթ Երեմիա մարգարէն մղուեցաւ արձանագրելու. «Ո՛վ Տէր, քեզի նման մէ՛կը չկայ. դուն մեծ ես ու քու անունդ զօրութեամբ մեծ է»։—Սաղմոս 83։18. Ա. Մնացորդաց 29։11. Երեմեայ 10։6
Աստուծոյ մասին այս ճշմարտութիւնները ի՞նչպէս պէտք է կիրարկենք ամէնօրեայ կեանքի մէջ։
Բացայայտ է թէ ո՛վ մեր կեանքին մէջ նախապատուութիւնը պէտք է ունենայ՝ մեր Ստեղծիչն ու Կենսատուն։ Ուստի, պատշաճ պիտի չըլլա՞յ ուշադրութիւնը մեր անձին վրայ հրաւիրելու որեւէ հակումի դէմ դնել. հակում մը, որ կրնայ ոմանց մէջ աւելի զօրաւոր ըլլալ, քան՝ ուրիշներու։ Իմաստուն եւ առաջնորդող սկզբունք մըն է՝ ‘ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ընել’։ (Ա. Կորնթացիս 10։31) Դանիէլ մարգարէն այս առնչութեամբ լաւ օրինակ մը հանդիսացաւ։
Պատմական արձանագրութիւնը կ’ըսէ թէ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր Թագաւորը անգամ մը երազի մը պատճառաւ խռովեցաւ եւ պահանջեց անոր իմաստը իմանալ։ Մինչ ամէն ոք շփոթած էր, Դանիէլ ճշգրտօրէն թագաւորին պատմեց ինչ որ ան կ’ուզէր գիտնալ։ Դանիէլ ասոր վարկը իր անձի՞ն վերագրեց։ Ո՛չ, ան ‘երկնքի մէջ գաղտնիքները յայտնող Աստուծոյն’ փառք տուաւ։ Դանիէլ շարունակեց ըսել. «Այս գաղտնիքը՝ ոչ թէ ամէն ապրողներէն աւելի իմաստութիւն ունենալուս համար ինծի յայտնուեցաւ»։ Դանիէլ սկզբունքի տէր մարդ էր։ Զարմանալի չէ որ Դանիէլ գրքին մէջ, ան երեք անգամ նկարագրուած է որպէս Աստուծոյ աչքին «շատ ցանկալի» մէկը։—Դանիէլ 2։28, 30. 9։23. 10։11, 19
Պիտի օգտուիք երբ Դանիէլը ընդօրինակէք։ Դանիէլի օրինակին հետեւելու համար, վճռական ազդակը շարժառիթն է։ Ձեր ըրածին վարկը որո՞ւ պէտք է երթայ։ Ձեր պարագան ի՛նչ որ ալ ըլլայ, կարողութիւնը ունիք հետեւեալ կենսականօրէն կարեւոր սուրբ գրային սկզբունքին հետ համաձայն գործելու. Եհովան Գերիշխան Տէր է։ Ասիկա ընելով, իր աչքին «շատ ցանկալի» պիտի ըլլաք։
Այժմ նկատի առնենք երկու հիմնական սկզբունքներ, որոնք կրնան մեզ առաջնորդել մարդկային յարաբերութեանց մարզին մէջ։ Համատարած եսապաշտութեան ի տես, մարդկային յարաբերութեանց այս մարզը մասնաւորաբար դժուար է։
«Խոնարհութիւնով»
Իրենց անձերը առաջնակարգ տեղը դնողները հազուադէպօրէն գոհունակ կ’ըլլան։ Մարդոց մեծամասնութիւնը աւելի լաւ կեանք մը կ’ուզէ ունենալ, եւ՝ հիմա՛։ Անոնց համար, համեստութիւնը տկարութեան ապացոյց մըն է։ Անոնք համբերութիւնը կը նկատեն բան մը, որ միայն ուրիշները պէտք է ցուցաբերեն։ Իսկ յաջողութիւն ձեռք ձգելու համար, որեւէ բան թոյլատրելի է։ Կը խորհի՞ք թէ անոնցմէ տարբեր կերպով վարուելու ընտրութիւն մը ունիք։
Աստուծոյ ծառաները այս կեցուածքին հետ դէմ յանդիման կու գան ամէն օր, սակայն անիկա պէտք չէ ազդէ իրենց։ Հասուն Քրիստոնեաները կ’ընդունին հետեւեալ սկզբունքը. «Գնահատելի է ո՛չ թէ ա՛ն՝ որ ինքզինք կը յանձնարարէ, հապա ա՛ն՝ որ Տէ՛րը կը յանձնարարէ»։—Բ. Կորնթացիս 10։18, Վերանայուած
Փիլիպպեցիս 2։3, 4–ի սկզբունքը կիրարկելը պիտի օգնէ։ Այս համարը կը քաջալերէ ձեզ որ ‘բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով չընէք. հապա խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպէք’։ Այսպէս, ‘միայն ձեր անձերուն շահը պիտի չփնտռէք, հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ’։
Վաղեմի Եբրայեցիներուն մէկ դատաւորը՝ Գեդէօն, իր անձին հանդէպ պատշաճ տեսակէտ ունեցող եւ իր արժէքին նկատմամբ շիտակ գնահատում ընող անհատ մըն էր։ Ան Իսրայէլի առաջնորդ մը ըլլալու չձգտեցաւ։ Սակայն, երբ այդ դերը ստանձնելու համար ընտրուեցաւ, Գեդէօն ուշադրութիւն հրաւիրեց իր անարժան ըլլալուն վրայ։ «Ահա իմ ազգատոհմս Մանասէին ցեղին ամենէն աղքատն է ու ես իմ հօրս տանը ամենէն պզտիկն եմ», բացատրեց ան։—Դատաւորաց 6։12-16
Ասկէ զատ, Եհովա Գեդէօնի յաղթանակ տալէն ետք, Եփրեմեանները անոր հետ վէճ ըրին։ Գեդէօն ի՞նչպէս հակազդեց։ Իր տարած յաղթանակը պատճառ եղա՞ւ որ ինքզինք աւելի կարեւոր մէկը նկատէ։ Ո՛չ։ Ան աղէտէ մը խուսափեցաւ, մեղմ պատասխան մը տալով. «Ես ի՞նչ կարողացայ անել ձեզ հետ համեմատած»։ Գեդէօն խոնարհ էր։—Դատաւորաց 8։1-3, Էջմիածին
Ճիշդ է որ Գեդէօնի հետ առնչուած այս դէպքերը շատոնց տեղի ունեցան։ Այսուհանդերձ, այս դէպքը նկատի առնելը որոշ օգուտ մը ունի։ Կրնաք տեսնել թէ ներկայիս ա՛յսքան սովորական դարձած կեցուածքէն շատ տարբեր կեցուածք մը ունէր Գեդէօն, եւ անոր համաձայն ալ ապրեցաւ, յօգուտ իրեն։
Եսապաշտութեան տիրական եղող կեցուածքը կրնայ արժանապատուութեան հանդէպ մեր տեսակէտը խեղաթիւրել։ Աստուածաշունչի սկզբունքները կրնան այդ խեղաթիւրումը սրբագրել, մեզի սորվեցնելով մեր իսկական արժէքը, Ստեղծիչին եւ ուրիշներուն կապակցաբար։
Աստուածաշունչի սկզբունքներուն անսալով, եսապաշտութեան այս նորոյթը կրնանք յաղթահարել։ Այլեւս չենք տարուիր զգացումներով կամ անձնաւորութիւններով։ Արդար սկզբունքներուն մասին ո՛րքան աւելի սորվինք, ա՛յնքան աւելի լաւ կը ծանօթանանք անոնց Հեղինակին։ Այո, Աստուածաշունչի ընթերցանութեան ընթացքին աստուածային սկզբունքներուն մասնայատուկ ուշադրութիւն ընծայելը ջանքի արժանի է։—Տես՝ շրջագիծը։
Եհովա մարդիկը անասուններէն գերիվեր ստեղծած է, որոնք գլխաւորաբար բնազդով կը շարժին։ Աստուծոյ կամքին հետեւիլը կը պարփակէ աստուածային սկզբունքները կիրարկել։ Այսպիսով կրնանք մեր բարոյական կողմնացոյցը լաւ վիճակի մէջ պահել. կողմնացոյց մը՝ որ մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի աստուածակերտ նոր դրութիւն մը։ Աստուածաշունչը մեզի պատճառ կու տայ ակնկալելու վերահաս երկրածաւալ նոր դրութիւն մը, որուն մէջ «արդարութիւնը կը բնակի»։—Բ. Պետրոս 3։13
[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 5]
Աստուածաշունչի կարգ մը օգտակար սկզբունքներ
Ընտանիքին մէջ.
«Չըլլայ որ մէկը միայն իր անձին օգուտը փնտռէ, հապա իր ընկերինն ալ»։—Ա. Կորնթացիս 10։24
«Սէրը . . . իրենը չի փնտռեր»։—Ա. Կորնթացիս 13։4, 5
«Ձեզմէ ամէն մէկն ալ իր կինը այնպէս սիրէ՝ որպէս թէ իր անձը»։—Եփեսացիս 5։33
«Կի՛ներ, հնազանդ եղէք ձեր այրերուն»։—Կողոսացիս 3։18
«Հնազանդէ՛ մօրդ, որ քեզ ծներ է ու մի՛ անարգեր քու հայրդ, երբ կը ծերանայ»։—Առակաց 23։22
Դպրոցի, գործի կամ առեւտուրի մէջ.
‘Նենգուած կշիռքը պիղծ է։ Չար մարդը սնոտի գործ կը գործէ’։—Առակաց 11։1, 18
«Ան որ գողութիւն կ’ընէր, ա՛լ թող չգողնայ. այլ մանաւանդ աղէկ գործի մը պարապի»։—Եփեսացիս 4։28
«Ան որ չուզեր գործել, հաց ալ թող չուտէ»։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։10
«Ինչ որ կ’ընէք՝ սրտանց ըրէք, որպէս թէ Տէրոջը ու ոչ թէ մարդոց»։—Կողոսացիս 3։23
«Ամէն բանի մէջ կ’ուզենք աղէկ վարմունք ունենալ»։—Եբրայեցիս 13։18
Հարստութեան հանդէպ տեսակէտ.
«Հարուստ ըլլալու արտորացողը անպատիժ պիտի չմնայ»։—Առակաց 28։20
«Արծաթ սիրողը արծաթէն չի կշտանար»։—Ժողովողի 5։10
Անհատական համարումը արժեւորել.
«Մարդուն իր փառքը փնտռելը փառք չէ»։—Առակաց 25։27
«Քեզ ուրիշը թող գովէ եւ ոչ թէ՝ քու բերանդ»։—Առակաց 27։2
«Կ’ըսեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրին, որ իր մասին աւելի բարձր համարում չունենայ՝ քան ինչ որ պէտք է մտածէ»։—Հռովմայեցիս 12։3, Վերանայուած
«Եթէ մէկը ինքզինք բան մը ըլլալ կը սեպէ ու չէ, անիկա իր անձը կը խաբէ»։—Գաղատացիս 6։3
[Նկար՝ էջ 4]
Դանիէլ վարկը պատշաճօրէն Աստուծոյ վերագրեց