«Աստուծոյ մօտեցէք»
«Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ»։—ՅԱԿՈԲՈՒ 4։8
1, 2. (ա) Մարդիկ յաճախ ի՞նչ կը դաւանին։ (բ) Յակոբոս ի՞նչ յորդոր տուաւ, եւ ինչո՞ւ անոր կարիքը կար։
«ԱՍՏՈՒԱԾ մեզի հետ»։ Այս բառերը զարդարած են ազգային խորհրդանիշեր եւ նոյնիսկ զինուորներու տարազներ։ «Աստուծոյ կը վստահինք» արտայայտութիւնը քանդակուած է ներկայիս շրջաբերութեան մէջ եղող անթիւ մետաղադրամներու եւ թղթադրամներու վրայ։ Մարդիկ սովորաբար կը դաւանին որ իրենք Աստուծոյ հետ լաւ յարաբերութիւն ունին։ Սակայն, չէ՞ք համաձայնիր թէ այսպիսի յարաբերութիւն մը ունենալու համար այդ մասին արտայայտուելէն կամ լոզունգներ գործածելէն աւելին կը պահանջուի։
2 Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ կարելի՛ է Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ գալ։ Սակայն, անիկա ջանքի կը կարօտի։ Առաջին դարուն նոյնիսկ, օծեալ Քրիստոնեաներէն ոմանք կարիքը ունէին Եհովա Աստուծոյ հետ իրենց յարաբերութիւնը ամրապնդելու։ Քրիստոնեայ տեսուչ Յակոբոս, հարկ տեսաւ զգուշացնելու ոմանց, քանի որ անոնք մարմնաւոր հակումներ ունէին եւ իրենց հոգեւոր մաքրութիւնը կորսնցուցած էին։ Այդ խրատին կողքին, ան հետեւեալ ուժեղ յորդորն ալ տուաւ՝ «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ»։ (Յակոբու 4։1-12) «Մօտեցէ՛ք» արտայայտութիւնը գործածելով Յակոբոս ի՞նչ ըսել ուզեց։
3, 4. (ա) Առաջին դարուն Յակոբոսի նամակը ընթերցողներէն ոմանց ի՞նչ բան յիշեցուցած ըլլալու էր «Աստուծոյ մօտեցէք» արտայայտութիւնը։ (բ) Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ Աստուծոյ մօտենալը կարելի է։
3 Յակոբոս գործածեց արտայայտութիւն մը, որ իր նամակը ընթերցողներէն շատերուն ծանօթ ըլլալու էր։ Մովսիսական Օրէնքը մասնայատուկ հրահանգներ կու տար թէ քահանաները ի՛նչպէս պէտք էր ‘մօտենային’, կամ մերձենային Եհովայի՝ իր ժողովուրդին ի նպաստ։ (Ելից 19։22) Այս կերպով, Յակոբոսի նամակը իր ընթերցողներուն կը յիշեցնէր թէ Եհովայի մօտենալը թեթեւի առնուելիք բան մը չէր։ Եհովա տիեզերքի բարձրագոյն անձնաւորութիւնն է։
4 Միւս կողմէ, ինչպէս Աստուածաշունչի ուսումնական մը կը նշէ՝ «[Յակոբու 4։8–ի] այս յորդորը ուժեղ լաւատեսութիւն կը յայտնէ»։ Յակոբոս գիտէր թէ Եհովա միշտ սիրալիր կերպով հրաւէր տուած էր անկատար մարդոց որ Իրեն մօտենան։ (Բ. Մնացորդաց 15։2) Յիսուսի զոհագործութիւնը Եհովայի ա՛լ աւելի մօտենալու ճամբան բացաւ։ (Եփեսացիս 3։11, 12) Ներկայիս, Աստուծոյ մօտենալու ճամբան միլիոնաւորներու առջեւ բաց է։ Սակայն, ի՞նչպէս կրնանք այս սքանչելի պատեհութենէն օգտուիլ։ Հակիրճօրէն նկատի պիտի առնենք երեք միջոցներ, որոնցմով կրնանք Եհովա Աստուծոյ մօտենալ։
Շարունակեցէք Աստուծոյ Մասին ‘Գիտութիւն Ստանալ’
5, 6. Մանուկ Սամուէլի օրինակը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ Աստուծոյ մասին ‘գիտութիւն ստանալուն’ մէջ ի՛նչ պարփակուած ըլլալը։
5 Յովհաննու 17։3–ի (ՆԱ) համաձայն, Յիսուս ըսաւ. «Այս կը նշանակէ յաւիտենական կեանք, որ գիտութիւն ստանան, քու՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ մասին, ու Յիսուս Քրիստոսի մասին, զոր դուն ղրկեցիր»։ Շատ մը թարգմանութիւններ այս համարը Նոր Աշխարհի Թարգմանութենէն քիչ մը տարբեր կը թարգմանեն։ Փոխանակ ըսելու՝ Աստուծոյ մասին ‘գիտութիւն ստանալ’, անոնք պարզապէս այս բայը կը թարգմանեն՝ Աստուած ‘ճանչնալ’։ Սակայն, կարգ մը ուսումնականներ կը նշեն թէ Յունարէն բնագրին մէջ գործածուած բառին իմաստը ասկէ աւելին կ’ընդգրկէ. անիկա շարունակական գործողութիւն մըն է, որ նոյնիսկ կրնայ մէկու մը հետ սերտ բարեկամութեան առաջնորդել։
6 Աստուած սերտօրէն ճանչնալը Յիսուսի օրերուն նոր գաղափար մը չէր։ Օրինակ, Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ, կը կարդանք թէ երբ Սամուէլ մանուկ էր, ան «Տիրոջը դեռ չէր ճանաչում»։ (Ա. Թագաւորաց 3։7, Արարատ) Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Սամուէլ իր Աստուծոյ մասին շատ քիչ բան գիտէր։ Ո՛չ։ Իր ծնողքն ու քահանաները վստահաբար շատ բան սորվեցուցած էին իրեն։ Սակայն, ուսումնականի մը համաձայն, այս համարին մէջ գործածուած Եբրայերէն բառը կրնայ «գործածուիլ ամենէն մտերիմ ծանօթութեան համար»։ Սամուէլ տակաւին Եհովան չէր ճանչնար այնքան սերտօրէն, որքան երբ հետագային ծառայեց որպէս Եհովայի խօսնակը։ Մինչ Սամուէլ կը մեծնար, ան սկսաւ Եհովան աւելի լաւ ճանչնալ, անոր հետ անձնական սերտ յարաբերութիւն ձեռք ձգելով։—Ա. Թագաւորաց 3։19, 20
7, 8. (ա) Աստուածաշունչի խոր ուսուցումները ինչո՞ւ պէտք չէ վախցնեն մեզ։ (բ) Որո՞նք են Աստուծոյ Խօսքին կարգ մը խոր ճշմարտութիւնները, զորս պէտք է ուսումնասիրենք։
7 Եհովայի մասին գիտութիւն կը ստանա՞ք, որպէսզի իրեն աւելի սերտօրէն ծանօթանաք։ Ասիկա ընելու համար, Աստուծոյ հայթայթած հոգեւոր սնունդին հանդէպ պէտք է «փափաք» զարգացնէք։ (Ա. Պետրոս 2։2) Աստուածաշունչի տարրական ուսուցումներով մի՛ բաւարարուիք։ Ջանացէք Աստուածաշունչի կարգ մը խոր ուսուցումներուն մասին տեղեակ ըլլալ։ (Եբրայեցիս 5։12-14) Արդեօք այս ուսուցումները ձեզ կը վախցնե՞ն, խորհելով որ զանոնք հասկնալը շատ դժուար է։ Եթէ այս է պարագան, յիշեցէք թէ Եհովա «Մեծ Ուսուցիչ»ն է։ (Եսայեայ 30։20, ՆԱ) Ան գիտէ ի՛նչպէս խորունկ ճշմարտութիւններ փոխանցել մարդկային անկատար մտքերու։ Նաեւ՝ իր ուսուցանած բաները հասկնալու համար ձեր թափած անկեղծ ջանքերը կ’օրհնէ։—Սաղմոս 25։4
8 Ինչո՞ւ անձամբ չքննէք «Աստուծոյ [կարգ մը] խորունկ բաներ»ը։ (Ա. Կորնթացիս 2։10) Անոնք աստուածաբաններու կամ կղերականներու կողմէ վիճաբանութեան նիւթ դարձած անհետաքրքիր նիւթեր չեն։ Այլ՝ պիտանի ուսուցումներ են, որոնք մեր սիրալիր Հօր մտքին ու սրտին մասին սքանչելի հասկացողութիւն կու տան։ Օրինակ, փրկանքը, «սրբազան խորհուրդը», եւ իր ժողովուրդը օրհնելու ու իր նպատակները իրագործելու համար Եհովայի գործածած զանազան ուխտերը, եւ ասոնց նման տակաւին ուրիշ նիւթեր, անձնական պրպտումի եւ ուսումնասիրութեան համար հաճոյալի ու վարձահատոյց նիւթեր են։—Ա. Կորնթացիս 2։7
9, 10. (ա) Հպարտութիւնը ինչո՞ւ վտանգաւոր է, եւ ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ անկէ խուսափինք։ (բ) Եհովայի գիտութեան նկատմամբ ինչո՞ւ պէտք է ջանանք խոնարհ մնալ։
9 Մինչ հոգեւոր խոր ճշմարտութիւններուն մասին ձեր գիտութիւնը կ’աւելցնէք, զգուշացէք գիտութեան ընկերակցող վտանգէ մը՝ հպարտութենէն։ (Ա. Կորնթացիս 8։1) Հպարտութիւնը վտանգաւոր է, քանի որ անիկա մարդիկը Աստուծմէ կը հեռացնէ։ (Առակաց 16։5. Յակոբու 4։6) Մի՛ մոռնաք որ ոչ ոք պատճառ ունի իր գիտութեամբ պարծենալու։ Ասիկա բացատրելու համար նկատի առէք հետեւեալ խօսքերը, որոնք յիշուած են գրքի մը նախաբանին մէջ, որ մարդկութեան վերջին գիտական յառաջդիմութիւնները կշիռքի վրայ կը դնէ. «Ո՛րքան շատ գիտնանք, ա՛յնքան աւելի կ’անդրադառնանք թէ որքան քիչ գիտենք։ . . . Մեր բոլոր սորվածը ոչինչ է, տակաւին մեր սորվելիքին հետ բաղդատած»։ Այսպիսի խոնարհութիւն հաճելի է։ Երբ կը խօսինք մեծագոյն գիտութեան՝ Եհովա Աստուծոյ գիտութեան՝ մասին, խոնարհ մնալու շա՛տ աւելի պատճառներ ունինք։ Ինչո՞ւ։
10 Եհովայի մասին ըսուած կարգ մը սուրբ գրային արտայայտութիւններ նկատի առէք։ «Շատ խորունկ են քու խորհուրդներդ»։ (Սաղմոս 92։5) «[Եհովայի] իմաստութիւնը անհուն է»։ (Սաղմոս 147։5) «[Եհովայի] իմաստութիւնը չի քննուիր»։ (Եսայեայ 40։28) «Ո՜վ Աստուծոյ մեծութեան ու իմաստութեան եւ գիտութեան խորունկութիւնը»։ (Հռովմայեցիս 11։33) Բացայայտօրէն, երբեք պիտի չկարենանք Եհովայի մասին ամէ՛ն բան գիտնալ։ (Ժողովողի 3։11, Արարատ) Ան մեզի բազմաթիւ սքանչելի բաներ սորվեցուցած է, սակայն, միշտ մեր դիմաց պիտի ունենանք անհատնում գիտութիւն մը, որմէ կրնանք միշտ սորվիլ։ Այս հեռանկարը մեզ չի՞ հրճուեցներ ու խոնարհ պահեր։ Հետեւաբար, մինչ կը սորվինք, թող որ մեր գիտութիւնը գործածենք որպէս Եհովայի մօտենալու միջոց մը՝ ուրիշներուն օգնելով որ նոյնը ընեն՝ ու ո՛չ թէ մեր անձը ուրիշներէն բարձր դասելու միջոց մը։—Մատթէոս 23։12. Ղուկաս 9։48
Եհովայի Հանդէպ Մեր Սէրը Գործերով Արտայայտենք
11, 12. (ա) Եհովայի մասին մեր ստացած գիտութիւնը ի՞նչպէս պէտք է ազդէ մեզի։ (բ) Ի՞նչ բան կ’որոշէ թէ Աստուծոյ հանդէպ անհատի մը ունեցած սէրը հարազատ է։
11 Տեղին ըլլալով, Պօղոս առաքեալ գիտութիւնն ու սէրը իրարու կապեց։ Ան գրեց. «Կ’աղօթեմ որ ձեր սէրը հետզհետէ աւելի շատնայ գիտութիւնով ու իմաստութիւնով»։ (Փիլիպպեցիս 1։9) Փոխանակ գոռոզացնելու, Եհովայի ու իր նպատակներուն մասին մեր սորված իւրաքանչիւր թանկարժէք ճշմարտութիւն, մեր երկնաւոր Հօրը հանդէպ մեր սէրը պէտք է աւելցնէ։
12 Անշուշտ, Աստուած սիրել դաւանողներէն շատեր, խորքին մէջ զինք չեն սիրեր։ Անոնց սրտին յոյզերը կրնան անկեղծ ըլլալ։ Այսպիսի զգացումներ լաւ՝ նոյնիսկ գովելի են, եթէ ճշգրիտ գիտութեան համաձայն ըլլան։ Սակայն, անոնք Աստուծոյ հանդէպ իսկական սիրոյ մը հետ կարելի չէ համեմատել։ Ինչո՞ւ։ Նկատի առէք թէ Աստուծոյ Խօսքը ի՛նչպէս կը սահմանէ այս սէրը. «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք»։ (Ա. Յովհաննու 5։3) Ուստի, Եհովայի հանդէպ մեր սէրը հարազատ կ’ըլլայ, միայն երբ անիկա հնազանդ արարքներով դրսեւորուի։
13. Աստուածավախութիւնը ի՞նչպէս պիտի օգնէ մեզի, որ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը ցուցաբերենք։
13 Աստուածավախութիւնը մեզի պիտի օգնէ որ Եհովայի հնազանդինք։ Եհովայի հանդէպ այս խոր երկիւղն ու յարգանքը յառաջ կու գայ իր մասին գիտութիւն ստանալէն, իր անսահման սրբութեան, փառքին, զօրութեան, արդարութեան, իմաստութեան ու սիրոյն մասին սորվելէն։ Այսպիսի վախ ունենալը պայման է իրեն մօտենալու համար։ Նկատի առէք թէ Սաղմոս 25։14–ը ի՛նչ կ’ըսէ. «Տէրոջը բարեկամութիւնը [«մտերմութիւնը», ՆԱ] իրմէ վախցողներուն հետ է»։ Ուստի եթէ մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը տհաճեցնելու առողջ վախը ունինք, կրնանք իրեն մօտենալ։ Աստուածավախութիւնը մեզի պիտի օգնէ որ Առակաց 3։6–ի մէջ արձանագրուած իմաստուն խրատին անսանք. «Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ»։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։
14, 15. (ա) Ամէնօրեայ կեանքի մէջ մեր դիմագրաւած որոշումներէն ոմանք ի՞նչ են։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք որոշումներ կայացնել, որոնք մեր աստուածավախութիւնը կ’արտացոլացնեն։
14 Ամէն օր մեծ կամ փոքր որոշումներու դիմաց կը գտնուինք։ Օրինակ՝ ի՞նչպիսի խօսակցութիւն մը պիտի ունենաք ձեր գործակիցներուն, դասընկերներուն կամ դրացիներուն հետ։ (Ղուկաս 6։45) Ձեզի նշանակուած պարտականութիւնները ամբողջացնելու համար ծանր պիտի աշխատի՞ք, թէ ոչ փախուստի կերպեր պիտի փնտռէք։ (Կողոսացիս 3։23) Եհովայի հանդէպ քիչ սէր ունեցող կամ բնաւ սէր չունեցող անհատներուն հետ աւելի պիտի մտերմանա՞ք, թէ ոչ պիտի ջանաք հոգեւոր անհատներու հետ ձեր յարաբերութիւնները ամրապնդել։ (Առակաց 13։20) Ի՞նչ պիտի ընէք՝ նոյնիսկ չնչին կերպերով՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելու համար։ (Մատթէոս 6։33) Եթէ հոս յիշուած սուրբ գրային սկզբունքներուն նման սկզբունքներով ուղղուած են ձեր ամէնօրեայ որոշումները, այդ պարագային արդարեւ ‘ձեր բոլոր ճամբաներուն մէջ’ Եհովան նկատի ունեցող մըն էք։
15 Իրականութեան մէջ, որեւէ որոշում կայացնելէ առաջ, հետեւեալ մտքով պէտք է առաջնորդուինք. ‘Եհովա ի՞նչ կ’ուզէ որ ընեմ։ Ո՞ր ընթացքը ամենէն հաճելին պիտի ըլլայ իրեն’։ (Առակաց 27։11) Այս կերպով աստուածավախութիւն ցուցաբերելը, Եհովայի հանդէպ սէր արտայայտելու լաւագոյն կերպն է։ Աստուածավախութիւնը նաեւ պիտի մղէ մեզ որ հոգեւորապէս, բարոյապէս ու ֆիզիքապէս մաքուր մնանք։ Յիշեցէք որ այն համարին մէջ, ուր Յակոբոս Քրիստոնեաները կը յորդորէ որ ‘Աստուծոյ մօտենան’, ան նաեւ կ’ըսէ. «Սրբեցէ՛ք ձեռքերնիդ, մե՛ղաւորներ եւ մաքրեցէք սրտերնիդ, ե՛րկմիտներ»։—Յակոբու 4։8
16. Եհովայի տալով ի՞նչ բան երբեք չենք կրնար իրագործել, սակայն միշտ ի՞նչ պէտք է ընենք։
16 Անշուշտ, Եհովայի հանդէպ մեր սէրը արտայայտելը, չարութենէ ետ քաշուելէն շատ աւելին կը պարփակէ։ Սէրը նաեւ շիտակը ընելու կը մղէ մեզ։ Օրինակ, Եհովայի մեծ առատաձեռնութեան հանդէպ ի՞նչ է մեր ընդառաջումը։ Յակոբոս գրեց. «Ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ վերէն է եւ լոյսի Հօրմէն կ’իջնէ»։ (Յակոբու 1։17) Ճիշդ է որ երբ մեր ստացուածքէն Եհովայի կու տանք, զինք չենք հարստացներ։ Ան արդէն իսկ բոլոր բարի բաներուն եւ նիւթական աղբիւրներուն տէրն է։ (Սաղմոս 50։12) Իսկ երբ մեր ժամանակէն ու կորովէն կու տանք Եհովայի, այնպիսի կարիք մը չենք լեցներ, որ առանց մեզի ան պիտի չկարենար անոր հոգ տանիլ։ Եթէ նոյնիսկ մերժենք Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել, ան կրնայ պատճառել որ քարերը աղաղակեն։ Ուստի, ինչո՞ւ մեր նիւթականէն, ժամանակէն ու կորովէն պէտք է տանք Եհովայի։ Քանի որ այս կերպով ցոյց կու տանք որ զինք կը սիրենք մեր բոլոր սրտով, հոգիով, մտքով ու զօրութեամբ։—Մարկոս 12։29, 30
17. Ի՞նչ բան կրնայ մեզ մղել որ Եհովայի ուրախութեամբ տանք։
17 Երբ Եհովայի կու տանք, ուրախութեամբ պէտք է ընենք ասիկա, «որովհետեւ Աստուած սիրում է ուրախ տուողին»։ (Բ. Կորնթացիս 9։7, Արարատ) Բ. Օրինաց 16։17–ի սկզբունքը մեզի կրնայ օգնել որ ուրախութեամբ տանք. «Ամէն մէկը, քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած օրհնութեանը համեմատ, ձեռքէն եկածին չափ նուէր թող բերէ»։ Երբ խորհինք թէ Եհովա մեզի հանդէպ որքա՜ն առատաձեռն գտնուած է, առատօրէն իրեն տալու փափաք մը կը զգանք։ Ա՛յս կերպով տալը իր սիրտը կ’ուրախացնէ, ճիշդ ինչպէս որ սիրելի երախայի մը կողմէ տրուած փոքր նուէր մը կ’ուրախացնէ ծնողը։ Մեր սէրը այսպէս արտայայտելը մեզի պիտի օգնէ որ Եհովայի մօտենանք։
Մտերմութիւն Մշակենք Աղօթքի Միջոցաւ
18. Ինչո՞ւ կ’արժէ նկատի առնել թէ ի՛նչպէս կրնանք մեր աղօթքներուն որակը բարելաւել։
18 Մեր անհատական աղօթքի պահերը անգին պատեհութիւն մը կու տան մեզի. անոնք մեր երկնաւոր Հօրը հետ սրտբաց ու մտերմիկ խօսակցութիւն ունենալու առիթներ են։ (Փիլիպպեցիս 4։6) Քանի որ աղօթելը Աստուծոյ մօտենալու էական միջոց մըն է, կ’արժէ պահ մը կանգ առնել ու աչքէ անցընել մեր աղօթքներուն որակը։ Անոնք ոչ թէ ուշագրաւ պէտք է ըլլան իրենց ճարտասանութեամբ ու կառոյցով, այլ՝ սրտէն բխած անկեղծ արտայայտութիւններ պէտք է ըլլան։ Ի՞նչպէս կրնանք մեր աղօթքներուն որակը բարելաւել։
19, 20. Աղօթելէ առաջ մտածելը ի՞նչ կերպով օգտակար է, եւ ի՞նչպիսի նիւթերու մասին տեղին է մտածել։
19 Կրնանք աղօթելէ առաջ մտածել։ Եթէ նախապէս մտածենք, մեր աղօթքները մասնայատուկ ու իմաստալից կը դարձնենք, այսպիսով կը խուսափինք կրկնելէ այն նախադասութիւնները, որոնց վարժ ենք եւ շուտով մեր միտքը կու գան։ (Առակաց 15։28, 29) Իր տիպար աղօթքին մէջ Յիսուսի յիշած կարգ մը նիւթերուն մասին մտածելը, ապա մեր անձնական պարագաներուն հետ անոնց ունեցած առնչութիւնը տեսնելը՝ կրնայ օգնել։ (Մատթէոս 6։9-13) Օրինակ, կրնանք մենք մեզի հարց տալ թէ երկրի վրայ Եհովայի կամքին կատարման մէջ ո՛րքանով կը յուսանք մեր մասնակցութիւնը բերել։ Կրնա՞նք կարելի եղածին չափ իրեն պիտանի ըլլալու մեր ցանկութիւնը յայտնել Եհովայի եւ մեզի տուած որեւէ նշանակում կատարելու մէջ իր օգնութիւնը խնդրել։ Մեր նիւթական կարիքներու մտահոգութիւններով ծանրաբեռնուա՞ծ ենք։ Ո՞ր մեղքերուն համար թողութեան կարիքը ունինք եւ որո՞ւ հանդէպ աւելի ներող պէտք է ըլլանք։ Ի՞նչ փորձութիւններ մեզ նեղութեան կը մատնեն եւ կը գիտակցի՞նք որ անոր համար ո՛րքան Եհովայի պաշտպանութեան անմիջական կարիքը ունինք։
20 Ասկէ զատ, կրնանք խորհիլ մեզի ծանօթ անհատներու մասին, որոնք Եհովայի մասնայատուկ օգնութեան կարիքը ունին։ (Բ. Կորնթացիս 1։11) Շնորհակալութիւն յայտնելն ալ պէտք չէ մոռնանք։ Եթէ պահ մը կանգ առնենք ու խորհինք այս մասին, վստահաբար Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնելու եւ իր առատ բարութեան համար ամէն օր զինք փառաբանելու պատճառներ պիտի գտնենք։ (Բ. Օրինաց 8։10. Ղուկաս 10։21) Ասիկա յաւելեալ օգուտ մըն ալ ունի. անիկա կ’օգնէ որ կեանքի նկատմամբ աւելի լաւատես ու երախտագէտ հայեցակէտ մը ունենանք։
21. Սուրբ գրային ո՞ր օրինակներուն մասին ուսումնասիրելը կրնայ օգնել մեզի, երբ աղօթքով Եհովայի կը մօտենանք։
21 Ուսումնասիրութիւնն ալ կրնայ մեր աղօթքները բարելաւել։ Աստուծոյ Խօսքին մէջ արձանագրուած են հաւատարիմ տղամարդոց ու կիներու կողմէ մատուցուած յատկանշական աղօթքներ։ Օրինակ, եթէ դժուար խնդիր մը կը դիմագրաւենք, որ մեզ կը մտահոգէ կամ նոյնիսկ մեր կամ մեր սիրելիներուն բարօրութեան կը սպառնայ, կրնանք իր վրիժառու եղբօր՝ Եսաւի հետ իր մօտալուտ հանդիպումին առիթով Յակոբի մատուցած աղօթքը կարդալ։ (Ծննդոց 32։9-12) Կամ՝ կրնանք ուսումնասիրել Ասա Թագաւորին մատուցած աղօթքը, երբ շուրջ մէկ միլիոն Եթովպիացիներէ բաղկացած բանակ մը Աստուծոյ ժողովուրդին սպառնաց։ (Բ. Մնացորդաց 14։11, 12) Եթէ Եհովայի անուան նախատինք բերելիք խնդիր մը մեզ կը խռովեցնէ, այն ատեն կ’արժէ նկատի առնել Կարմեղոս Լերան վրայ Բահաղի երկրպագուներուն առջեւ Եղիայի մատուցած աղօթքը, ինչպէս նաեւ՝ Երուսաղէմի ողբալի վիճակին նկատմամբ Նէեմիայի աղօթքը։ (Գ. Թագաւորաց 18։36, 37. Նէեմեայ 1։4-11) Այսպիսի աղօթքներ կարդալը ու անոնց մասին խոկալը կրնայ մեր հաւատքը զօրացնել եւ մեզի գաղափարներ տալ, թէ մեզ ընկճող մտահոգութիւններով ի՛նչպէս կրնանք լաւագոյն կերպով մօտենալ Եհովայի։
22. 2003–ի տարուան համարը ի՞նչ է, եւ ամբողջ տարուան ընթացքին մերթ ընդ մերթ մենք մեզի ի՞նչ կրնանք հարցնել։
22 Որոշ է որ ‘Աստուծոյ մօտենալու’ մասին Յակոբոսի խրատին անսալէն աւելի մեծ պատիւ կամ աւելի վեհ նպատակակէտ գոյութիւն չունի։ (Յակոբու 4։8) Փորձենք ասիկա ընել Աստուծոյ մասին մեր գիտութեան մէջ յառաջդիմելով, իրեն հանդէպ մեր սէրը աւելի ու աւելի արտայայտելու կերպեր փնտռելով, եւ մեր աղօթքներուն մէջ իրեն հետ մտերմութիւն մշակելով։ 2003–ի ամբողջ տարուան ընթացքին, մինչ որպէս տարուան համար Յակոբու 4։8–ն մեր մտքին մէջ պիտի ունենանք, թող որ շարունակենք մեր անձերը քննել, տեսնելու համար թէ իրապէս Եհովայի մօ՞տ ենք թէ ոչ։ Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել համարին երկրորդ հատուածին մասին։ Եհովա ի՞նչ առումով «ձեզի պիտի մօտենայ», եւ ասկէ ի՞նչ օրհնութիւններ կրնանք քաղել։ Յաջորդ յօդուածը պիտի շօշափէ այս հարցը։
Կը յիշէ՞ք
• Եհովայի մօտենալը ինչո՞ւ լուրջի առնուելիք հարց մըն է։
• Եհովայի մասին գիտութիւն ստանալու առնչութեամբ ի՞նչ նպատակակէտեր կրնանք դնել։
• Ի՞նչպէս կրնանք ապացուցանել թէ Եհովայի հանդէպ հարազատ սէր ունինք։
• Ի՞նչ կերպերով մեր աղօթքները Եհովայի հետ աւելի մտերմութիւն մշակելու կրնան նպաստել։
[Մէջբերում՝ էջ 10]
2003–ի տարուան համարը պիտի ըլլայ. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ»։—Յակոբու 4։8
[Նկար՝ էջ 8, 9]
Մինչ կը մեծնար, Սամուէլ աւելի սերտօրէն սկսաւ ճանչնալ Եհովան
[Նկար՝ էջ 10]
Կարմեղոս Լերան վրայ Եղիայի աղօթքը մեզի լաւ օրինակ կը հանդիսանայ