Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ04 10/1 էջ 3-4
  • Վստահելի ժառանգ մը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Վստահելի ժառանգ մը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը». ի՞նչպէս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
  • Արժէքաւոր ժառանգութիւնդ պաշտպանէ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
  • Մեր թանկարժէք ժառանգը ի՞նչ կը նշանակէ ձեզի համար
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Իմաստուն որոշումներ առնելով՝ ժառանգութիւնդ պահպանէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
դ04 10/1 էջ 3-4

Վստահելի ժառանգ մը

«ԵԹԷ անհատէ մը նամակ ստանաս, որուն մէջ կը նշէ թէ անտէր կալուած մը ժառանգած ես, զգո՛յշ եղիր։ Հաւանաբար սրամիտ խաբեբայի մը թիրախը դարձած ես»։

Միացեալ Նահանգներու Թղթատարութեան Քննութեան Բաժանմունքի ցանցակայքը վերոյիշեալ ազդարարութիւնը ծանուցանեց։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ հազարաւորներ նամակ ստացան, որ կ’ըսէ. ‘Ազգականներէդ մէկը մահացաւ եւ քեզի ժառանգ ձգեց’, իսկ շատեր շուրջ 30 տոլար ուղարկեցին, որպէսզի տեղեկանան թէ ժառանգը ո՛ւր է եւ ի՛նչպէս կրնան զայն պահանջել։ Անոնք դառնօրէն յուսախաբ եղան։ Բոլորը միեւնոյն տեղեկագրութիւնը ստացան եւ ո՛չ ոք բան մը ժառանգեց։

Այսպիսի ծրագիրներ կոչ կ’ընեն ժառանգ մը ստանալու մարդոց բնական փափաքին։ Իսկ Աստուածաշունչը հաճութեամբ կը խօսի ժառանգատուին մասին, ըսելով. «Բարի մարդը իր թոռներուն ժառանգութիւն կը թողու»։ (Առակաց 13։22) Իրականութեան մէջ, Յիսուս Քրիստոս իր Լերան Քարոզին մէջ հետեւեալ հանրածանօթ ու շատ սիրուած խօսքը ըսաւ. «Երանի՜ հեզերուն, վասն զի անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը»։—Մատթէոս 5։5

Յիսուսի խօսքը մեր միտքը կը բերէ ինչ որ Իսրայելացի Դաւիթ թագաւորը դարեր առաջ ներշնչման ներքեւ գրեց. «Հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։—Սաղմոս 37։11

‘Երկիրը ժառանգել’,– ի՜նչ ոգեւորիչ հեռանկար։ Բայց կրնա՞նք վստահ ըլլալ որ ասիկա վերոյիշեալին նման նենգամիտ ծրագիր մը չէ։ Այո՛, կրնանք։ Երկիրը Եհովայի սքանչելի ստեղծագործութեան մաս կազմելով, Ան իբր Արարիչ ու Սեփականատէր օրինական իրաւունք ունի զայն աւանդելու որո՛ւ որ ուզէ։ Դաւիթ թագաւորին միջոցով, Եհովա այս մարգարէական խոստումը տուաւ իր սիրելի Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի. «Խնդրէ՛ ինձմէ, ու հեթանոսները քեզի ժառանգութիւն պիտի տամ, ու երկրի ծայրերը՝ քեզի ստացուածք»։ (Սաղմոս 2։8, ԱՎ) Այս պատճառով Պօղոս առաքեալ նշեց թէ Աստուած Յիսուսը «ամէն բանի ժառանգորդ ըրաւ»։ (Եբրայեցիս 1։2) Ուստի կրնանք լիովին վստահ ըլլալ որ Յիսուս անկեղծօրէն ըսաւ թէ հեզերը «պիտի ժառանգեն երկիրը» եւ իր խոստումը կատարելու հեղինակութիւն ունի։—Մատթէոս 28։18

Բայց այդ խոստումը ի՞նչպէս պիտի կատարուի։ Ներկայիս ամէնուրեք նախայարձակ ու բարձրամիտ անհատները կը յաջողին ու իրենց ուզածը ձեռք կը ձգեն։ Հեզերուն ի՞նչ ժառանգ պիտի մնայ։ Ասկէ զատ, ապականութեան վերաբերեալ լուրջ խնդիրներ երկիրը կը հարուածեն, իսկ ընչաքաղց ու կարճատես մարդիկ անոր հարստութիւնը կը շահագործեն։ Արդեօք ժառանգուելու արժանի երկիր մը պիտի ըլլա՞յ։ Կը հրաւիրենք քեզ որ յաջորդ յօդուածը կարդաս, այս եւ այլ կարեւոր հարցումներու պատասխանը գտնելու համար։

[Նկար՝ էջ 3]

Իսկական ժառանգութիւն մը պիտի ստանա՞ս

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել