Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ08 8/1 էջ 3-7
  • Կսկիծին դիմանալ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կսկիծին դիմանալ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ի՞նչ է կսկծանքը
  • Կսկիծին դիմանալ
  • Աստուծոյ մօտեցիր
  • Յարութեան յոյսը
  • Իմ վշտովս ի՞նչպէս կրնամ ապրիլ
    Երբ սիրելի մը մեռնի
  • «Լացողներուն հետ լացէ՛ք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Այս թիւին մէջ. Օգնութիւն սգաւորներուն
    Զարթի՛ր 2018
  • Բացում
    Զարթի՛ր 2018
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
դ08 8/1 էջ 3-7

Կսկիծին դիմանալ

«[Յակոբի] բոլոր որդիներն ու իր բոլոր աղջիկները զինք մխիթարելու ելան. բայց ինք մխիթարուիլ չէր ուզեր ու ըսաւ. ‘Ես սուգով պիտի իջնեմ գերեզման՝ իմ որդիիս քով’։ Այսպէս անոր հայրը լացաւ անոր համար»։—ԾՆՆԴՈՑ 37։35

ՅԱԿՈԲ նահապետ իր որդիին կորուստին համար խորապէս վշտացաւ։ Ան ակնկալեց ցկեանս կսկծալ։ Յակոբի նման, թերեւս զգաս թէ սիրելի մը կորսնցնելուն ցաւը ա՛յնքան խոր է, որ երբեք պիտի չանհետանայ։ Այսպիսի վշտահարութիւն մը անպայմանօրէն Աստուծոյ հանդէպ հաւատքի պակաս ցոյց կու տա՞յ։ Վստահաբար ո՛չ։

Աստուածաշունչը Յակոբը կը նկարագրէ որպէս հաւատքի տէր մարդ մը։ Ան իր մեծ–հօր՝ Աբրահամի եւ իր հօր՝ Իսահակի հետ մէկտեղ, իր ուշագրաւ հաւատքին համար գովաբանուած է։ (Եբրայեցիս 11։8, 9, 13) Առիթով մը ան նոյնիսկ ամբողջ գիշերը հրեշտակի մը հետ գօտեմարտեցաւ, Աստուծմէ օրհնութիւն ստանալու համար։ (Ծննդոց 32։24-30) Բացայայտ է որ Յակոբ հոգեւորապէս զօրաւոր մարդ մըն էր։ Ուստի անոր կսկիծէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Աստուծոյ հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունենալով հանդերձ, կրնանք կսկծանքի ու տրտմութեան խոր զգացումներ ունենալ, երբ սիրելի մը մահանայ։ Կսկծալը բնական հակազդեցութիւնն է սիրելիի մը կորուստին։

Ի՞նչ է կսկծանքը

Կսկծանքը կրնայ այլազան կերպերով մեզի ազդել, բայց շատերու քով տիրական զգացումը՝ սաստիկ զգացական ցաւն է։ Նկատի առ Լէոնարտոյի փորձառութիւնը, որ 14 տարեկան էր, երբ իր հայրը սրտաշնչառական խնդիրներով յանկարծամահ եղաւ։ Լէոնարտոն երբեք պիտի չմոռնայ այն օրը, երբ իր մօրաքոյրը իր հօր մահը գուժեց։ Սկիզբը, ան իր ականջներուն չհաւատաց։ Յուղարկաւորութեան ատեն իր հօր դիակը տեսնելով հանդերձ, ամէն բան անիրական թուեցաւ։ Շուրջ վեց ամիս ան չկրցաւ լալ։ Յաճախ, առանց անդրադառնալու, ան կը սպասէր որ իր հայրը գործէն տուն վերադառնար։ Շուրջ տարի մը անցնելէ ետք, Լէոնարտոն կորուստին իրողութիւնը լիովին ըմբռնեց եւ չափազանց առանձին զգաց։ Սովորական բաներ,– ինչպէս՝ տուն վերադառնալը,– իրեն կը յիշեցնէին իր հօր բացակայութիւնը։ Այսպիսի պահերուն, ան յաճախ կը փղձկէր։ Ան իր հայրը շա՜տ կը կարօտնար։

Ինչպէս Լէոնարտոյի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, կսկիծը կրնայ սաստիկ ըլլալ։ Բարի լուրը այն է թէ ապաքինումը կարելի է։ Սակայն ասիկա ժամանակ կ’առնէ, ինչպէս որ բառացի խոր վէրքի մը բուժումը ժամանակի կը կարօտի։ Կսկիծէն ապաքինիլը կրնայ ամիսներ, մի քանի տարի կամ նոյնիսկ աւելի երկար ժամանակ առնել։ Բայց սկիզբի սուր վիշտը, ժամանակի ընթացքին պիտի թեթեւնայ եւ կեանքը աստիճանաբար նուազ մռայլ եւ նուազ անիմաստ պիտի թուի։

Այդ միջոցին, կ’ըսուի թէ կսկծանքը անհրաժեշտ ազդակ մըն է, որպէսզի անհատը ապաքինի եւ նոր կացութեան յարմարիլ սորվի։ Սիրելիին կորուստը դատարկութիւն մը ստեղծած է։ Հարկ է սկսիլ վարժուիլ առանց անոր ներկայութեան ապրիլ։ Կսկիծը կրնայ օգնել յոյզերը դրսեւորելու։ Հարկաւ ամէն ոք նոյն կերպով իր վիշտը չ’արտայայտեր։ Սակայն կասկած չկայ թէ կսկծանքը կաշկանդելը կրնայ մտային, զգացական եւ ֆիզիքական գետնի վրայ վնասակար ըլլալ։ Արդ, ի՞նչպէս կրնաս կսկիծդ առողջ կերպերով դրսեւորել։ Աստուածաշունչը կարգ մը գործնական խրատներ կը բովանդակէ։a

Կսկիծին դիմանալ

Սգաւորներէն շատեր գտած են թէ խօսիլը կը հանգստացնէ։ Օրինակ, նկատի առ Յոբի խօսքերը, որ իր տասը զաւակները կորսնցուց եւ այլ ողբերգութիւններէ տառապեցաւ։ Ան ըսաւ. «Հոգիս կեանքէս ձանձրացաւ։ Համարձակ պիտի գանգատիմ, հոգիիս դառնութիւնովը պիտի խօսիմ»։ (Յոբ 1։2, 18, 19. 10։1) Նկատէ թէ Յոբ ‘գանգատելու’ կարիք զգաց։ Ան ի՞նչ քայլ պիտի առնէր։ «Պիտի խօսիմ», բացատրեց ան։

Փաուլոն, որ իր մայրը կորսնցուց, կ’ըսէ. «Մօրս մասին խօսիլը ինծի օգնեց»։ Ուստի զգացումներուդ մասին վստահելի բարեկամի մը խօսիլը կրնայ որոշ չափով հանգստացնել։ (Առակաց 17։17) Իր մայրը կորսնցնելէ ետք, Եոն իր Քրիստոնեայ եղբայրներէն խնդրեց որ աւելի յաճախ իրեն այցելեն։ «Խօսիլը օգնեց որ վիշտը մեղմանայ», կը մտաբերէ ան։ Թերեւս դուն ալ նկատես թէ զգացումներդ բառերով արտայայտելը եւ զանոնք կարեկից ունկնդրի մը հետ բաժնելը, անոնց հետ գլուխ ելլելը կը դիւրացնէ։

Գրելը նոյնպէս կրնայ վիշտը թեթեւցնել։ Անոնք որոնք իրենց զգացումներուն մասին խօսիլը դժուար կը գտնեն, թերեւս գրելով դիւրաւ կ’արտայայտուին։ Սաւուղի եւ Յովնաթանի մահէն ետք, հաւատարիմ Դաւիթ յուզիչ սգերգ մը յօրինեց, որուն մէջ իր վիշտը արտայայտեց։ Այս ողբերգը հետագային Աստուածաշունչի Երկրորդ Թագաւորաց գիրքին մաս կազմեց։—Բ. Թագաւորաց 1։17-27

Լալը նոյնպէս զգացականօրէն կը թեթեւցնէ։ «Ամէն բանի ատենը կայ . . . [նոյնիսկ] լալու ժամանակ», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ (Ժողովող 3։1, 4) Վստահաբար սիրելիի մը մահը «լալու ժամանակ» է։ Վիշտի արցունքներ թափելը ամչնալիք բան մը չէ։ Աստուածաշունչը կը նշէ բազմաթիւ հաւատարիմ տղամարդիկ ու կիներ, որոնք լալով իրենց կսկիծը դրսեւորեցին։ (Ծննդոց 23։2. Բ. Թագաւորաց 1։11, 12) Յիսուս Քրիստոս «լացաւ», երբ իր սիրելի բարեկամին՝ Ղազարոսի գերեզմանին մօտեցաւ, որ վերջերս մահացած էր։—Յովհաննէս 11։33, 35

Կսկիծին դիմանալը համբերութիւն կը պահանջէ, քանի որ զգացական վերիվայրումներ պիտի ունենաս։ Մի՛ մոռնար թէ արտասուելը ամչնալու պատճառ չէ։ Բազմաթիւ հաւատարիմ անհատներ նկատած են թէ վիշտի արցունքներ թափելը՝ ապաքինումի ընթացքին բնական եւ անհրաժեշտ մէկ մասն է։

Աստուծոյ մօտեցիր

Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ»։ (Յակոբոս 4։8) Աստուծոյ մօտենալու գլխաւոր կերպերէն մէկն է՝ աղօթքը։ Անոր արժէքը մի՛ ստորագնահատեր։ Աստուածաշունչը այս մխիթարական խոստումը կու տայ. «Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է ու հոգիով խոնարհածները կ’ապրեցնէ»։ (Սաղմոս 34։18) Անիկա նաեւ մեզ կը հաւաստիացնէ. «Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ»։ (Սաղմոս 55։22) Պահ մը ասոր մասին մտածէ։ Նախապէս նշեցինք թէ շատեր իրենց զգացումներուն մասին վստահելի բարեկամի մը խօսելով օգտուած են։ Ա՛լ աւելի օգտակար պիտի չը՞լլայ եթէ զգացումներդ Աստուծոյ յայտնես, որ կը խոստանայ մեր սրտերը մխիթարել։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։15, 16

Նախապէս նշուած Փաուլոն ըսաւ. «Երբ այլեւս ցաւը չէի կրնար տանիլ եւ չէի կրնար դիմանալ, ծունկի կու գայի եւ Աստուծոյ կ’աղօթէի, աղաչելով որ ինծի օգնէ»։ Փաուլոն համոզուած է թէ իր աղօթքները տարբերութիւն մը ըրին։ Թերեւս դուն ալ նկատես թէ յարատեւաբար մատուցուած աղօթքներուդ առ ի պատասխան, «ամէն մխիթարութեան Աստուածը» քեզի պիտի շնորհէ տոկալու հարկ եղած քաջութիւնն ու զօրութիւնը։—Բ. Կորնթացիս 1։3, 4. Հռովմայեցիս 12։12

Յարութեան յոյսը

Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի»։ (Յովհաննէս 11։25) Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ մեռելները պիտի վերակենդանանան։b Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս ցոյց տուաւ թէ մեռելները յարուցանելու կարող է։ Առիթով մը, ան 12 տարեկան աղջնակ մը յարուցանեց։ Անոր ծնողքը ի՞նչպէս հակազդեց։ Անոնք «շատ ապշեցան»։ (Մարկոս 5։42) Իր Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, երկնային Թագաւոր՝ Յիսուս Քրիստոս անհամար մարդիկ պիտի յարուցանէ, որ երկրի վրայ ապրին,– բայց խաղաղ եւ արդար պայմաններու ներքեւ։ (Գործք 24։15. Բ. Պետրոս 3։13) Երեւակայէ այն մեծ սքանչացումը, երբ մեռելները վերակենդանանան ու իրենց սիրելիներուն վերամիանան։

Քլոտէթ, որ օդանաւի արկածով իր որդին՝ Ռենէթոն կորսնցուց, սառնարանին վրայ անոր լուսանկարը դրած է։ Ան յաճախ լուսանկարին կը նայի ու կ’ըսէ. ‘Դարձեալ պիտի տեսնուինք՝ յարութեան ժամանակ’։ Լէոնարտոն կը պատկերացնէ թէ ի՛նչպէս իր հայրը պիտի վերակենդանանայ Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհին մէջ։ Արդարեւ, անոնց եւ սիրելիներ կորսնցուցած անհամար ուրիշներու համար յարութեան յոյսը մխիթարութեան իսկական աղբիւր մըն է։ Անիկա քեզի համար ալ կրնայ այդպէս ըլլալ։

[Ստորանիշներ]

a Դիտարան 1 Յուլիս 2008 թիւին մէջ, էջ 18-20 (Անգլերէն), «Զաւակիդ օգնէ կսկիծին դիմանալու» յօդուածը կը քննարկէ ի՛նչպէս երախաներուն օգնել, երբ սիրելի մը մահանայ։

b Աստուածաշունչի յարութեան յոյսին մասին աւելի մանրամասն քննարկութեան համար, տես՝ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 7–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 5]

«Ամէն մխիթարութեան Աստուածը»

«Օրհնեալ ըլլայ Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին հայրը՝ գթութեան Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածը»։—Բ. Կորնթացիս 1։3

Աստուածաշունչի այս համարը կը նշէ թէ Աստուած կրնայ իր հաւատարիմ ծառաներուն օգնել որ իրենց դիմագրաւած որեւէ խնդիրի կամ դժուարութեան տոկան։ Մխիթարութիւն հայթայթելու Եհովայի կերպերէն մէկն է՝ գործածել բարեկամ կամ սիրելի մը, որ նոյն հաւատալիքները կը բաժնէ։

Լէոնարտոն, որ իր հայրը կորսնցուց, փորձառութիւն մը կը մտաբերէ որ զինք զօրացուց ու մխիթարեց։ Երբ ան տուն մտնելով միտքը ինկաւ թէ ո՛չ ոք կայ հոն, սկսաւ անզուսպ կերպով արտասուել։ Ան մօտակայ զբօսավայր մը գնաց եւ նստարանի մը վրայ նստելով շարունակեց լալ։ Արտասուալից աչքերով ան Աստուծոյ աղերսեց որ իրեն օգնէ։ Յանկարծ, իրեն մօտ կանգ առաւ բեռնակառք մը, եւ Լէոնարտոն անդրադարձաւ որ վարորդը իր Քրիստոնեայ եղբայրներէն մէկն է։ Այս եղբայրը մինչ ապրանք կը յանձնէր, սխալ ճամբայ մտած էր։ Անոր ներկայութիւնը բաւարար էր Լէոնարտոն մխիթարելու։

Առիթով մը, այրի տղամարդ մը առանձնութենէ կը տառապէր ու շատ ընկճուած կը զգար։ Ամէն բան մռայլ թուելով, ան անդադար կու լար։ Ան Աստուծոյ աղաչեց որ իրեն օգնէ։ Մինչ տակաւին կ’աղօթէր, հեռաձայնը հնչեց։ Խօսողը իր թոռնուհին էր։ Ան կը մտաբերէ. «Մեր հակիրճ խօսակցութիւնը բաւարար էր քաջութիւնս վերանորոգելու։ Ո՛չ մէկ կասկած ունէի թէ անոր հեռաձայնը աղօթքիս պատասխանն էր»։

[Շրջանակ՝ էջ 7]

Ուրիշները մխիթարել

«[Աստուած] մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ, որպէս զի մենք կարող ըլլանք մխիթարել զանոնք՝ որ ամէն տեսակ նեղութիւններու մէջ են, այն մխիթարութիւնովը որով մենք Աստուծմէ կը մխիթարուինք»։—Բ. Կորնթացիս 1։4

Ճշմարիտ Քրիստոնեաներէն շատեր փորձառաբար շօշափած են թէ այդ խօսքերը ի՛նչ կը նշանակեն։ Սիրելիի մը կորուստին դիմանալու համար մխիթարութիւն ստանալով, անոնք կը զգան թէ կրնան ուրիշները քաջալերել ու մխիթարել։

Նկատի առ Քլոտէթի օրինակը, որ կանոնաւորաբար ուրիշներուն կ’այցելէ՝ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած իր հաւատալիքները բաժնելու համար։ Իր տղան կորսնցնելէ առաջ, ան կ’այցելէր կնոջ մը, որուն տղան արիւնախտէ մահացած էր։ Կինը այցելութիւններէն կ’ախորժէր, բայց կը խորհէր որ Քլոտէթ երբեք իր կսկիծը լիովին պիտի չհասկնար։ Քլոտէթի տղուն մահէն ետք, կինը իրեն այցելեց ու ըսաւ թէ եկած է տեսնելու թէ Քլոտէթ տակաւին իր հաւատքը ամուր բռնա՞ծ է։ Քլոտէթի զօրաւոր հաւատքով տպաւորուած, այժմ կինը անոր հետ կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէ եւ Աստուծոյ Խօսքով շատ կը մխիթարուի։

Իր հօր մահէն ետք, Լէոնարտոն որոշեց համրերու լեզուն սորվիլ, որպէսզի կարենայ Աստուածաշունչի մխիթարական պատգամը խուլերուն ներկայացնել։ Ան նկատած է թէ խուլերուն օգնելու իր ջանքերը մեծապէս օգտակար եղած են իրեն։ Ան կ’ըսէ. «Կսկիծիս դիմանալու նպաստած է փափաքս որ խուլերուն օգնեմ Աստուծոյ մասին սորվելու։ Այս ուղղութեամբ բաւական ժամանակ ու կորով տրամադրած եմ։ Տխրութիւնս ուրախութեան վերածուեցաւ, երբ Աստուածաշունչի առաջին աշակերտս մկրտուեցաւ։ Իրականութեան մէջ, հօրս մահէն ետք առաջին անգամ ըլլալով, երջանկութեան խոր զգացում մը զգացի»։—Գործք 20։35

[Նկար՝ էջ 3]

Զգացումներուդ մասին խօսիլը կրնայ որոշ չափով հանգստացնել

[Նկար՝ էջ 4]

Գրելը կրնայ օգնել վիշտը արտայայտելու

[Նկար՝ էջ 4]

Յարութեան յոյսին մասին կարդալը կրնայ մխիթարութեան իսկական աղբիւր մը ըլլալ

[Նկար՝ էջ 6]

Յիսուս խոստացաւ յարութիւն տալ իրեն հաւատացողներուն

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել