Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ08 9/1 էջ 21-էջ 23 պարբ. 10
  • Թեսաղոնիկեցիներուն եւ Տիմոթէոսի յղուած նամակներէն աչքառու կէտեր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Թեսաղոնիկեցիներուն եւ Տիմոթէոսի յղուած նամակներէն աչքառու կէտեր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ‘ԱՐԹՈ՛ՒՆ ԵՂԷՔ’
  • (Ա. Թես. 1։1–5։28)
  • «ՀԱՍՏԱՏ ԿԵՑԷՔ»
  • (Բ. Թես. 1։1–3։18)
  • «ՔԵԶԻ ՏՐՈՒԱԾ ԱՒԱՆԴԸ ՊԱՀԷ»
  • (Ա. Տիմ. 1։1–6։21)
  • «ԽՕՍՔԸ ՔԱՐՈԶԷ՛, ՄՏԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ԳՈՐԾԻԴ ՊԱՐԱՊԷ՛»
  • (Բ. Տիմ. 1։1–4։22)
  • Տիմոթէոս. ‘Հաւատքի հարազատ որդի մը’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Նշանակումդ նախանձախնդրութեամբ կատարէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • «Չըլլայ որ շուտ մը խախտիք ձեր մտքէն»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • «Տիրոջմով իմ սիրելի եւ հաւատարիմ որդիս»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
դ08 9/1 էջ 21-էջ 23 պարբ. 10

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Թեսաղոնիկեցիներուն եւ Տիմոթէոսի յղուած նամակներէն աչքառու կէտեր

ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ մէջ Պօղոսի ծառայութեան շնորհիւ կազմուած ժողովքը յարատեւ հակառակութիւն դիմագրաւած է։ Ուստի երբ Տիմոթէոս,– թերեւս 20–ական տարիքին մէջ,– Թեսաղոնիկէէ կը վերադառնայ ու անոնց լաւ լուրերը կը հաղորդէ, Պօղոս կը մղուի ժողովքին նամակ մը գրելու, զիրենք գովելու եւ քաջալերելու համար։ Այս նամակը, որ հաւանաբար մ.թ. 50–ի վերջերը գրուած է, Պօղոսի ներշնչեալ գրութիւններուն առաջինն է։ Անկէ քիչ ետք, ան Թեսաղոնիկէի քրիստոնեաներուն երկրորդ նամակ մը կը գրէ, ոմանց որդեգրած սխալ մէկ տեսակէտը սրբագրելով եւ եղբայրները յորդորելով որ հաւատքին մէջ հաստատուն կայնին։

Շուրջ տասը տարի ետք, Պօղոս Մակեդոնիոյ մէջ է, իսկ Տիմոթէոս՝ Եփեսոսի մէջ։ Պօղոս Տիմոթէոսի կը գրէ, զինք քաջալերելով որ Եփեսոսի մէջ մնայ եւ ժողովքէն ներս սուտ ուսուցիչներուն դէմ հոգեւոր պատերազմ մղէ։ Մ.թ. 64–ին Հռովմը աւերող հրդեհէն ետք, երբ քրիստոնեաներուն դէմ հալածանքի ալիք մը կը սկսի, Պօղոս իր երկրորդ նամակը կը գրէ Տիմոթէոսի։ Անիկա իր ներշնչեալ գրութիւններուն վերջինն է։ Ներկայիս կրնանք այս չորս նամակներուն մէջ տրուած քաջալերութենէն ու խրատէն օգտուիլ (Եբ. 4։12)։

‘ԱՐԹՈ՛ՒՆ ԵՂԷՔ’

(Ա. Թես. 1։1–5։28)

Պօղոս թեսաղոնիկեցիները կը գովէ ‘իրենց հաւատքին գործին, սիրոյ աշխատանքին ու համբերութեան’ համար։ Ան կ’ըսէ թէ անոնք իր ‘յոյսը, ուրախութիւնը եւ պարծանքին պսակն են’ (Ա. Թես. 1։3. 2։19)։

Թեսաղոնիկէի քրիստոնեաները քաջալերելէ ետք որ յարութեան յոյսով զիրար մխիթարեն, Պօղոս կ’ըսէ. «Տէրոջը օրը գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի»։ Ան զիրենք կը խրատէ որ «արթուն ու զգաստ ըլլան» (Ա. Թես. 4։15-17. 5։2, 6)։

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

4։14-16—Որո՞նք ‘կը յափշտակուին ամպերով՝ Տէրոջ առջեւ ելլելու օդին մէջ’, եւ ի՞նչպէս։ Անոնք օծեալ քրիստոնեաներ են, որոնք թագադրուած Քրիստոսի ներկայութեան ընթացքին ողջ են։ Անոնք ‘Տէրոջ [Յիսուսի] առջեւ կ’ելլեն’ կամ անոր կը հանդիպին անտեսանելի երկնային ծիրին մէջ։ Սակայն ասիկա տեղի ունենալու համար, անոնք նախ պէտք է մեռնին եւ յարուցանուին որպէս հոգեղէն արարածներ (Հռով. 6։3-5. Ա. Կոր. 15։35, 44)։ Քրիստոսի ներկայութիւնը արդէն սկսած է, ուստի օծեալ քրիստոնեաները որոնք այսօր կը մահանան, ‘կը յափշտակուին’ կամ անմիջապէս կը յարուցանուին (Ա. Կոր. 15։51, 52)։

5։23—Պօղոս ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ աղօթեց որ եղբայրներուն «բոլոր հոգին եւ շունչը ու մարմինը անարատ պահուի»։ Պօղոս բաղադրեալ քրիստոնէական ժողովքին հոգիին, շունչին ու մարմնին կ’ակնարկէր, որ Թեսաղոնիկէի հոգիէն–օծուած քրիստոնեաները կը պարփակէր։ Փոխանակ պարզապէս աղօթելու որ ժողովքը պահպանուի, ան աղօթեց որ անոր «հոգին»՝ կամ տրամադրութիւնը պահուի։ Ան նաեւ աղօթեց անոր «շունչ»ին՝ կեանքին կամ գոյութեան համար, եւ անոր «մարմին»ին՝ օծեալ քրիստոնեաներու բաղադրեալ մարմինին համար (Ա. Կոր. 12։12, 13)։ Այսպէս աղօթքը ցցուն կ’ընէ ժողովքին հանդէպ Պօղոսի խոր հետաքրքրութիւնը։

Դասեր՝ մեզի համար.

1։3, 7. 2։13. 4։1-11. 5։15. Պատշաճ գովասանքին հետ մէկտեղ՝ աւելի լաւը ընելու քաջալերութիւն տալը, խրատելու ազդու կերպ մըն է։

4։1, 9, 10. Եհովայի երկրպագուները պէտք է շարունակեն հոգեւորապէս յառաջդիմել։

5։1-3, 8, 20, 21. Մինչ Եհովայի օրը կը մօտենայ, պէտք է «զգաստ ըլլանք եւ հաւատքի ու սիրոյ զրահը մեր վրայ հագնինք ու փրկութեան յոյսին սաղաւարտը գլուխնիս դնենք»։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ մարգարէական Խօսքին՝ Աստուածաշունչին լուրջ ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք։

«ՀԱՍՏԱՏ ԿԵՑԷՔ»

(Բ. Թես. 1։1–3։18)

Ըստ երեւոյթին, առաջին նամակին մէջ Պօղոսի ըսածները խեղաթիւրելով, ժողովքի անդամներէն ոմանք կը պնդեն թէ ‘Տէրոջ գալուստը’ մօտալուտ է։ Այդ տեսակէտը սրբագրելու համար, Պօղոս կը նշէ թէ ի՛նչ բան պէտք է ‘առաջ գայ’ (Բ. Թես. 2։1-3)։

Պօղոս կը յորդորէ. «Հաստատ կեցէք ու պի՛նդ բռնեցէք այն աւանդութիւնները որոնք սորվեցաք»։ Ան կը պատուիրէ ‘ետ քաշուիլ ամէն եղբօրմէ, որ անկարգութեամբ կը վարուի’ (Բ. Թես. 2։14. 3։6)։

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

2։3, 8—Ո՞վ է «անօրէնութեան մարդը» եւ ի՞նչպէս պիտի սպառուի։ Այս բաղադրեալ «մարդը» քրիստոնեայ աշխարհի կղերական դասն է։ Ամբարիշտներուն դէմ Աստուծոյ դատավճիռները յայտարարելու եւ զանոնք գործադրելու հրամանը տալու լիազօրութիւն ունեցող անհատը ‘Բանն’ է,– Աստուծոյ գլխաւոր Խօսնակը՝ Յիսուս Քրիստոս (Յովհ. 1։1)։ Ուստի կրնայ ըսուիլ թէ Յիսուս անօրէնութեան մարդը պիտի սպառէ «իր բերնին շունչովը [գործօն ուժով]»։

2։12, 13—Օծեալ քրիստոնեաները ի՞նչպէս ‘սկիզբէն ընտրուած են փրկուելու’։ Օծեալները որպէս դասակարգ նախասահմանուեցան, երբ Եհովա նպատակադրեց որ կնոջ սերունդը Սատանայի գլուխը ջախջախէ (Ծն. 3։15)։ Եհովա նաեւ նշեց անոնցմէ պահանջուած բաները, անոնց ընելիք գործը եւ դիմագրաւելիք փորձը։

Դասեր՝ մեզի համար.

1։6-9. Եհովա իր դատաստանները ընտրողաբար կը գործադրէ։

3։8-12. Եհովայի օրուան մօտ ըլլալը իբրեւ չքմեղանք պէտք չէ գործածենք, որպէսզի չաշխատինք՝ մեր ապրուստը ճարելու համար։ Պարապ կենալը կրնայ մեզ ծոյլ եւ «ուրիշի բանին խառնուող» դարձնել (Ա. Պետ. 4։15)։

«ՔԵԶԻ ՏՐՈՒԱԾ ԱՒԱՆԴԸ ՊԱՀԷ»

(Ա. Տիմ. 1։1–6։21)

Պօղոս Տիմոթէոսի ցուցմունք կու տայ որ ‘պատերազմի բարի պատերազմը, պահելով հաւատքն ու մաքուր խղճմտանքը’։ Առաքեալը ժողովքին մէջ նշանակուած տղամարդոց որակները կ’ուրուագծէ։ Ան նաեւ Տիմոթէոսի ուղղութիւն կու տայ որ ‘պիղծ առասպելներէն ետ կենայ’ (Ա. Տիմ. 1։18, 19. 3։1-10, 12, 13. 4։7)։

«Ծերը սաստիկ մի՛ յանդիմաներ», կը գրէ Պօղոս։ Ան Տիմոթէոսը կը յորդորէ. «Քեզի տրուած աւանդը պահէ, փախչելով պիղծ ունայնաբանութիւններէ եւ սուտանուն գիտութեան հակառակութիւններէ» (Ա. Տիմ. 5։1. 6։20)։

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

1։18. 4։14—Տիմոթէոսի մասին ի՞նչ «մարգարէութիւններ» ըսուեցան։ Թերեւս անոնք քրիստոնէական ժողովքին մէջ Տիմոթէոսի ապագայ դերին հետ կապ ունէին եւ ներշնչման ներքեւ ըսուեցան երբ Պօղոս իր երկրորդ միսիոնարական ճամբորդութեան ընթացքին Լիւստրա այցելեց (Գործք 16։1, 2)։ Այս «մարգարէութիւններ»ուն համաձայն վարուելով, ժողովքին երէցները երիտասարդ Տիմոթէոսի վրայ ‘իրենց ձեռքերը դրին’, զինք մասնայատուկ ծառայութեան մը տրամադրելով։

2։15—Կին մը ի՞նչպէս ‘որդեծնութեամբ կը փրկուի’։ Որդեծնութիւնը եւ զաւակներուն ու ընտանիքին հոգ տանիլը կրնան կինը ‘դատարկապորտ, շաղակրատ ու հետաքրքրամոլ’ ըլլալէ «փրկել» (Ա. Տիմ. 5։11-15, ԱՎ)։

3։16—Ի՞նչ է աստուածպաշտութեան սրբազան գաղտնիքը։ Դարեր շարունակ գաղտնիք էր թէ մարդիկ Եհովայի գերիշխանութեան հանդէպ կատարեալ հնազանդութիւն կրնա՛ն ցուցաբերել կամ ոչ։ Յիսուս պատասխանը հայթայթեց, Աստուծոյ հանդէպ կատարեալ ուղղամտութիւն պահելով մինչեւ իր մահը։

6։15, 16—Այս խօսքերը կը կիրարկուին Եհովա Աստուծո՞յ թէ Յիսուս Քրիստոսի։ Այս խօսքերը կը կիրարկուին Յիսուս Քրիստոսի, որուն յայտնութիւնը կը նկարագրեն (Ա. Տիմ. 6։14)։ Մարդկային թագաւորներու եւ տէրերու հետ համեմատած, Յիսուս «միմիայն Հզօր»ն է, եւ միայն ինք անմահութիւն ունի (Դան. 7։14. Հռով. 6։9)։ Անտեսանելի երկինք համբառնալէն ի վեր, երկրի վրայ ո՛չ ոք կրնայ բառացի աչքերով ‘զինք տեսնել’։

Դասեր՝ մեզի համար.

4։15. Քրիստոնէութիւնը ընդունած ըլլանք վերջերս թէ շատոնց, պէտք է ջանանք յառաջդիմական ըլլալ ու շարունակենք հոգեւորապէս յառաջդիմել։

6։2. Եթէ մեր գործատէրը հաւատակից մըն է, փոխանակ որեւէ կերպով զինք շահագործելու, ա՛լ աւելի յօժարութեամբ պէտք է իրեն ծառայենք։

«ԽՕՍՔԸ ՔԱՐՈԶԷ՛, ՄՏԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ԳՈՐԾԻԴ ՊԱՐԱՊԷ՛»

(Բ. Տիմ. 1։1–4։22)

Տիմոթէոսը պատրաստելու համար որ գալիք դժուար ժամանակները դիմագրաւէ, Պօղոս կը գրէ. «Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ, հապա զօրութեան ու սիրոյ եւ զգաստութեան»։ Ան Տիմոթէոսը կը խրատէ. «Տէրոջը ծառան պէտք չէ կռուի, հապա հեզահոգի ըլլայ ամենուն, սորվեցնող» (Բ. Տիմ. 1։7. 2։24)։

Պօղոս Տիմոթէոսը կը յորդորէ. «Հաստատո՛ւն կեցիր այն բաներուն մէջ որոնք սորվեցար ու որոնց հաւատացիր»։ Հաւատուրաց ուսուցումները կը տարածուէին, ուստի առաքեալը երիտասարդ տեսուչը կը խրատէ. «Խօսքը քարոզէ՛, մտադրութեամբ գործիդ պարապէ՛. . . յանդիմանէ՛, սաստէ՛, յորդորէ՛» (Բ. Տիմ. 3։14. 4։2)։

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

1։13—«Ողջամիտ խօսքերուն օրինակը» ի՞նչ է։ «Ողջամիտ խօսքեր»ը «մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ողջամիտ խօսքեր»ն են,– ճշմարիտ քրիստոնէական ուսուցումները (Ա. Տիմ. 6։3)։ Յիսուսի սորվեցուցածը եւ ըրածը Աստուծոյ Խօսքին հետ ներդաշնակ ըլլալով, «ողջամիտ խօսքեր» արտայայտութիւնը կրնայ նաեւ ակնարկել Աստուածաշունչի բոլոր ուսուցումներուն։ Այս ուսուցումները կրնան մեզի օգնել տեսնելու թէ Եհովա ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ։ Այս օրինակը ամուր կը բռնենք, Աստուածաշունչէն մեր սորվածները գործադրելով։

4։13—Ի՞նչ էին «մագաղաթները»։ Կարելի է որ Պօղոս Եբրայերէն Գրութիւններուն կարգ մը հատուածները կը խնդրէր, որպէսզի կարենար զանոնք ուսումնասիրել մինչ Հռովմի մէջ բանտարկուած էր։ Թերեւս գրքերէն ոմանք գրուած էին պապիրոսի վրայ, իսկ ուրիշներ՝ մագաղաթի վրայ։

Դասեր՝ մեզի համար.

1։5. 3։15. Տան մէջ իր մատղաշ տարիքէն աստուածաշնչական կրթութիւն ստանալով, Տիմոթէոս Քրիստոս Յիսուսի հանդէպ ա՛յնպիսի հաւատք մը զարգացուց, որ իր բոլոր ըրածներուն ազդեց։ Ո՜րքան կենսական է որ ծնողներ լրջօրէն խորհին թէ Աստուծոյ ու իրենց զաւակներուն հանդէպ այս պատասխանատուութիւնը ի՛նչպէս կը կատարեն։

1։16-18. Երբ մեր հաւատակիցները փորձութիւններու ենթարկուին, հալածանք դիմագրաւեն կամ բանտը նետուին, թող անոնց համար աղօթենք ու ջանանք ամէն կերպով օգնել (Առ. 3։27. Ա. Թես. 5։25)։

2։22. Քրիստոնեաներ, մանաւանդ պատանիներ, պէտք չէ ա՛յնքան զբաղած ըլլան մարմնակրթութեամբ, մարզանքով, երաժշտութեամբ, զբօսանքով, ճամբորդութեամբ, աննպատակ խօսակցութիւններով, իրենց նախասիրած ժամանցներով եւ նման բաներով, որ հոգեւոր հետապնդումներու համար քիչ ժամանակ ունենան։

[Նկար՝ էջ 23]

Ո՞ր նամակը Պօղոս առաքեալի վերջին ներշնչեալ նամակն էր

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել