Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ08 12/1 էջ 9
  • Գիտէի՞ր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Գիտէի՞ր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ոսկիէն շատ աւելի արժէքաւոր բան մը փնտռէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Ինչպէ՞ս կրնաս համարներ գտնել Աստուածաշունչիդ մէջ
    Ուրիշ նիւթեր
  • Ժամանակագրական ցուցակ
    Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
դ08 12/1 էջ 9

Գիտէի՞ր

Յիսուսի ժամանակ հրեաները ինչո՞ւ բազմաթիւ երկիրներու մէջ ցիրուցան եղած էին։

Երբ Յիսուս խումբ մը ունկնդիրներու ըսաւ թէ իր երթալիք տեղը պիտի չկարենային գալ, հրեաները իրենք իրենց հարց տուին. «Ո՞ւր պիտի երթայ ատիկա. . . միթէ հեթանոսներուն մէջ ցիրուցան եղածներո՞ւն պիտի երթայ» (Յովհաննէս 7։32-36)։ Անկէ քիչ ետք, քրիստոնեայ միսիոնարներ բարի լուրը քարոզեցին Միջերկրական ծովուն շուրջ գտնուող երկիրներուն մէջ ցիրուցան եղած հրեաներուն (Գործք 2։5-11. 9։2. 13։5, 13, 14. 14։1. 16։1-3. 17։1. 18։12, 19. 28։16, 17)։

Այս գաղթաշխարհը մէջտեղ եկաւ, քանի որ հրեաները իրենց հայրենիքէն աքսորուեցան նուաճող ազգերու կողմէ,– նախ՝ ասորեստանցիներու ձեռքով, մ.թ.ա. 740–ին, ապա՝ բաբելոնացիներու ձեռքով, մ.թ.ա. 607–ին։ Աքսորեալներէն միայն մնացորդ մը Իսրայէլ վերադարձաւ (Եսայի 10։21, 22)։ Իսկ մնացեալ հրեաները ցիրուցան մնացին։

Հետեւաբար, մ.թ.ա. հինգերորդ դարուն, պարսկական կայսրութեան 127 գաւառներուն մէջ հրէական գաղութներ կը գտնուէին (Եսթեր 1։1. 3։8)։ Նորահաւատներ շահելու հրեաներուն ջանքերը պատճառ եղան որ ժամանակի ընթացքին, մեծ թիւով անհատներ Եհովայի մասին եւ մովսիսական օրէնքի մասին որոշ գիտութիւն ձեռք ձգեն (Մատթէոս 23։15)։ Մ.թ. 33–ին, Պէնտէկոստէի տօնին համար, բազմաթիւ երկիրներէ հրեաներ եկած էին Երուսաղէմ, եւ հոն Յիսուսի մասին բարի լուրը լսեցին։ Հետեւաբար, ամբողջ հռովմէական կայսրութեան մէջ հրեաներուն ցիրուցան ըլլալը օգնեց որ քրիստոնէութիւնը արագօրէն տարածուի։

Սողոմոն թագաւոր ո՞րքան ոսկի ունէր։

Սուրբ Գրութիւնները կը նշեն թէ Տիւրոսի թագաւորը Քիրամ, Սողոմոնի չորս թոն ոսկի ղրկեց, Սաբայի թագուհին նոյն քանակը տուաւ, իսկ Սողոմոնի նաւատորմը Ոփիրէն աւելի քան 15 թոն ոսկի բերաւ։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Մէկ տարուան մէջ Սողոմոնին եկած ոսկիին կշիռը վեց հարիւր վաթսունվեց տաղանդ էր», կամ աւելի քան 25 թոն (Գ. Թագաւորաց 9։14, ՆԱ, 28. 10։10, 14)։ Ասիկա հաւատալի՞ է։ Վաղեմի ժամանակներուն, թագաւորներուն մթերած ոսկիին քանակը ո՞րքան մեծ էր։

Հին գրութիւն մը, զոր ուսումնականներ վաւերական կը նկատեն, կ’ըսէ թէ Եգիպտոսի Թաթմուս Գ. փարաւոնը (շուրջ 3500 տարի առաջ), Քառնաքի մէջ եղող Ամոն–Ռա աստուծոյ մեհեանին շուրջ 13,5 թոն ոսկի նուիրեց։ Մ.թ.ա. ութերորդ դարուն, Տիւրոս ասորեստանցի Թիկղատ–փիղասար Գ. թագաւորին իբրեւ հարկ աւելի քան 4 թոն ոսկի վճարեց, իսկ Սարգոն Բ. նոյն քանակը նուիրեց Բաբելոնի աստուածներուն։ Կ’ըսուի թէ Մակեդոնիոյ Ֆիլիփ Բ. թագաւորը (մ.թ.ա. 359-336) ամէն տարի աւելի քան 28 թոն ոսկի կը հանէր Փանկէումի հանքերէն, Թրակիոյ մէջ։

Երբ Ֆիլիփի որդին՝ Մեծն Աղեքսանդր (մ.թ.ա. 336-323) պարսկական Շուշանը գրաւեց, կ’ըսուի թէ քաղաքէն շուրջ 1180 թոն ոսկի առաւ, իսկ շուրջ 7000 թոն՝ ամբողջ Պարսկաստանէն։ Արդ, այս տեղեկագրութիւններուն հետ համեմատած, Սողոմոն թագաւորի ունեցած ոսկիին մասին Աստուածաշունչի նկարագրութիւնը չափազանցուած չէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել