Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ09 4/1 էջ 3
  • «Մեռնելու ժամս չէր հասած»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Մեռնելու ժամս չէր հասած»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ամէն բանի ժամանակը կայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Ի՞նչ բան կը ղեկավարէ ապագադ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Աստուածաշունչը ճակատագրի հաւատալ կը սորվեցնէ՞
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Մեր կեանքը նախասահմանուա՞ծ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
դ09 4/1 էջ 3

«Մեռնելու ժամս չէր հասած»

Հսկայ աղբակիր կառք մը անղեկավարելի դառնալով մայթին վրայ ելաւ ու զարկաւ երեք անցորդներու,– ամոլ մը եւ 23 տարեկան երիտասարդ մը։ Նիւ Եորք Սիթիի մէկ լրագիրը տեղեկագրեց, թէ զոյգը անմիջապէս մահացաւ, իսկ երիտասարդը ուշակորոյս եղաւ։ Ուշքի գալէ ետք, անոր առաջին հակազդեցութիւնն էր. ‘Չեմ կրնար հաւատալ թէ ասիկա տեղի կ’ունենայ։ Ո՛վ Աստուած, կ’աղերսե՛մ, օգնէ որ այս պարագային դիմանամ’։ Ան ըսաւ. «Մեռնելու ժամս չէր հասած»։

ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ այսպիսի պատմութիւններ լսած ես։ Երբ մէկը աղէտէ մը հազիւ հազ ազատի, մարդիկ կ’ըսեն. ‘Անոր ժամանակը չէր լեցուած’, բայց երբ անհատ մը անսովոր արկածով մը մահանայ, անոնք կ’եզրակացնեն. ‘Անոր ժամը հասած էր’ կամ ‘Ասիկա Աստուծոյ կամքն է’։ Հիմնականօրէն, նոյն պատճառաբանութեամբ մարդիկ պատահածը կը վերագրեն ճակատագրին, բախտին կամ Աստուծոյ։ Շատեր կը հաւատան, թէ իրենց կեանքին մէջ ի՛նչ որ կը պատահի, նախասահմանուած է եւ չեն կրնար զայն փոխել։ Եւ այս հակազդեցութիւնը սահմանափակուած չէ այն պարագաներուն, որոնք մահ կամ արկած կը պարփակեն, ո՛չ ալ՝ մեր օրերուն կամ այս դարաշրջանին։

Օրինակ, վաղեմի բաբելոնացիները կը հաւատային, թէ աստղերն ու անոնց շարժումները կ’ազդէին մարդկային գործունէութիւններուն։ Հետեւաբար, անոնք առաջնորդութեան համար երկինք կը նայէին, նախանշաններ փնտռելով։ Յոյներն ու հռովմայեցիները կը պաշտէին ճակատագրի դիցուհիներ, որոնց լաւ կամ վատ ապագայ որոշելու զօրութիւնը, երբեմն շուքի մէջ կը ձգէր նոյնիսկ գլխաւոր աստուածներուն՝ Զեւսի եւ Արամազդի կամքը։

Արեւելքի մէջ, պրահմանականներն ու պուտտայականները կը հաւատան, թէ ներկայիս ի՛նչ որ կը պատահի անհատի մը, անցեալի կեանքին մէջ իր ըրածներուն հետեւանքն է, իսկ ներկայ կեանքին մէջ իր ըրածները պիտի որոշեն իր յաջորդ կեանքին իրադարձութիւնները։ Այլ կրօնքներ,– ի ներառեալ քրիստոնեայ աշխարհի բազմաթիւ յարանուանութիւններ,– նաեւ կ’ընդունին այսպիսի հաւատալիքներ, նախասահմանութեան վարդապետութիւնը ունենալով։

Հետեւաբար, զարմանալի չէ որ այս լուսաւորուած դարուն շատեր տակաւին կը հաւատան, թէ ճակատագիրը կը ղեկավարէ իրենց կեանքի պարագաները, առօրեայ գործունէութիւններուն արդիւնքն ու կեանքին վախճանը, եւ թէ ասոր առնչութեամբ ոչինչ կրնան ընել։ Կեանքդ այսպէս կը նկատե՞ս։ Կեանքի իրադարձութիւնները եւ դէպքերը, յաջողութիւններն ու ձախողութիւնները,– նոյնիսկ ծնունդն ու մահը,– իրապէս նախասահմանուա՞ծ են։ Ճակատագիրը կեանքդ կը ղեկավարէ՞։ Տեսնենք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչպէս կրնայ մեզի օգնել այս հարցումներուն պատասխանելու։

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 3]

Ken Murray/New York Daily News

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել