Աշխարհածաւալ խնդիր մը, աշխարհածաւալ լուծում մը
ԱՄԷՆՈՒՐԵՔ տառապանք կայ, եւ շատեր կարեկցաբար կը հակազդեն։ Օրինակ՝ հիւանդանոցներու մէջ բժշկական անձնակազմը երկար ժամեր կ’աշխատի, հիւանդներուն կամ վիրաւորներուն օգնելու համար։ Հրշէջներ, ոստիկաններ, օրէնսդիրներ եւ ազատարարներ կը ջանան ուրիշներու տառապանքը մեղմացնել կամ արգիլել։ Այսպիսի ջանքեր մեծապէս կ’օգնեն անհատներու, բայց ոեւէ անհատ կամ որեւէ կազմակերպութիւն չի կրնար ամբողջ աշխարհէն տառապանքը վերցնել։ Միւս կողմէ, Աստուած աշխարհածաւալ լուծում մը կրնայ բերել եւ պիտի բերէ։
Աստուածաշունչի վերջին գրքին մէջ սա երաշխիքը տրուած է. «[Աստուած] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան» (Յայտնութիւն 21։4)։ Նկատի առ այդ խոստումին տարողութիւնը։ Անիկա ամէն տառապանքի վերջ դնելու Աստուծոյ նպատակը կ’ամփոփէ։ Աստուած ասիկա պիտի ընէ՝ երկիրը պատերազմէ, սովէ, հիւանդութենէ, անիրաւութենէ եւ չար մարդոցմէ զերծ ընելով։ Ո՛չ մէկ մարդ կրնայ ասիկա իրագործել։
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչ պիտի ընէ
Աստուած իր խոստումները պիտի կատարէ՝ տիեզերքին մէջ երկրորդ հզօրագոյն անձնաւորութեան միջոցաւ,– յարուցեալ Յիսուս Քրիստոս։ Մօտ օրէն Յիսուս ամբողջ երկրագունդին վրայ անարգել պիտի իշխէ որպէս Թագաւոր։ Մարդկութիւնը այլեւս մարդկային թագաւորներու, նախագահներու կամ քաղաքագէտներու կողմէ պիտի չղեկավարուի։ Փոխարէն, մարդոց վրայ պիտի տիրեն մէ՛կ Թագաւոր եւ մէ՛կ կառավարութիւն,– Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։
Այդ Թագաւորութիւնը մարդկային բոլոր կառավարութիւնները պիտի բնաջնջէ։ Աստուածաշունչը շատոնց նախագուշակեց. «Երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ» (Դանիէլ 2։44)։ Երկրի բոլոր ժողովուրդները մէկ արդար կառավարութեան՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան՝ ներքեւ պիտի միանան։
Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս բազմաթիւ առիթներով այդ Թագաւորութեան մասին խօսեցաւ։ Ան Թագաւորութեան ակնարկեց տիպար աղօթքին մէջ, իր աշակերտներուն պատուիրելով որ աղօթեն. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատթէոս 6։10)։ Նկատէ թէ Յիսուս ցոյց տուաւ, թէ Թագաւորութիւնը կապ ունի երկրի վրայ Աստուծոյ կամքը կատարուելուն հետ, իսկ Աստուծոյ կամքն է՝ աշխարհի չորս կողմը տառապանքը չքացնել։
Աստուծոյ արդար կառավարութիւնը պիտի բերէ այնպիսի օրհնութիւններ, զորս ո՛չ մէկ մարդկային կառավարութիւն կրնայ բերել։ Մտաբերէ թէ Եհովա իր Որդին որպէս փրկանք տուաւ, որպէսզի մարդիկ կարենան յաւիտենական կեանք ստանալ։ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, մարդիկ կատարելութեան պիտի հասնին։ Արդի՞ւնքը։ Եհովա «մահը յաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ ու Տէր Եհովան ամէն աչքէ արցունքը պիտի սրբէ» (Եսայի 25։8)։
Ոմանք կրնան հարց տալ. ‘Աստուած ինչո՞ւ շատոնց գործի չէ լծուած։ Ան ի՞նչ կը սպասէ’։ Եհովա վաղուց կրնար ամէն տառապանք չքացնել կամ նոյնիսկ արգիլել։ Փոխարէն, ան թոյլատրած է որ անիկա շարունակուի, ոչ թէ անձնասէր պատճառներով, այլ՝ իր երկրային զաւակներուն յաւիտենական օգտին համար։ Գորովալից ծնողներ թոյլ կու տան, որ իրենց զաւակը դժուարութիւններ կրէ, երբ գիտնան թէ ասիկա երկարատեւ օգուտներ պիտի բերէ։ Նոյնպէս, վաւերական պատճառներ կան, թէ Եհովա ինչո՛ւ թոյլատրած է որ մարդիկ առժամապէս տառապին, եւ այս պատճառները Աստուածաշունչին մէջ բացատրուած են։ Անոնցմէ ոմանք են. ազատ կամքը, մեղքը եւ Եհովայի իշխանութեան իրաւացի ըլլալուն հարցը։ Աստուածաշունչը նաեւ կը բացատրէ, թէ հոգեղէն չար արարածի մը թոյլ տրուած է, որ որոշ ժամանակ մը աշխարհին տիրապետէ։a
Թէեւ այժմ այդ բոլոր պատճառները պիտի չքննարկենք, սակայն կան երկու իրողութիւններ, որոնք կրնան յոյս ու քաջալերութիւն տալ մեզի։ Առաջինը՝ ի՛նչ տառապանք ալ դիմագրաւենք, Եհովա մեզ առատապէս պիտի օրհնէ։ Աւելին, Աստուած մեզ կը հաւաստիացնէ. «Առաջինները պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան» (Եսայի 65։17)։ Աստուած ամբողջովին եւ վերջնականապէս պիտի խափանէ չարութեան ժամանակաւոր թոյլատրումին առթած թշուառութիւնն ու տառապանքը։
Երկրորդը՝ Աստուած անփոփոխելի ժամանակ մը սահմանած է, տառապանքին վերջ դնելու։ Մտաբերէ Ամբակում մարգարէին հարցումը, թէ Եհովա մինչեւ ե՛րբ պիտի թոյլատրէր բռնութիւնն ու կռիւները։ Եհովա պատասխանեց. «Տեսիլքը որոշուած ժամանակի համար է. . . ետ պիտի չմնայ» (Ամբակում 2։3)։ Ինչպէս որ յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, այդ «որոշուած ժամանակ»ը մօտ է։
[Ստորանիշ]
a Տառապանքը թոյլատրելու Աստուծոյ պատճառներուն մասին մանրամասն տեղեկութիւններ ստանալու համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 11–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։
[Շրջանակ՝ էջ 7]
Փայլուն ապագայ մատնանշող համարներ
ԱՅԼԵՒՍ ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՅ
«Եկէ՛ք ու տեսէ՛ք Տէրոջը գործերը, որ աւերումներ ըրաւ երկրի մէջ։ Պատերազմները կը դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը» (Սաղմոս 46։8, 9)։
ՍԻՐԵԼԻՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՆ.
«Մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն» (Գործք 24։15)։
ԲՈԼՈՐԻՆ ՀԱՄԱՐ ՈՒՏԵԼԻՔ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ.
«Ցորենի յորդառատութիւն պիտի ըլլայ երկրին մէջ՝ լեռներուն գագաթը» (Սաղմոս 72։16, ԱԾ)։
ԱՅԼԵՒՍ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՅ.
«Հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’» (Եսայի 33։24)։
ԱՄԲԱՐԻՇՏՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԱՆՀԵՏԱՆԱՆ.
«Ամբարիշտները երկրէն պիտի կորսուին ու անօրէնները անկէ պիտի մերժուին» (Առակաց 2։22)։
ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՏԻՐԷ.
«Ահա թագաւոր մը [Քրիստոս Յիսուս] արդարութեամբ պիտի թագաւորէ ու իշխանները իրաւունքով պիտի իշխեն» (Եսայի 32։1)։
[Նկարներ՝ էջ 7]
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մեր բոլոր նեղութիւններուն վերջ պիտի դնէ