Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ11 2/1 էջ 9-11
  • Եդեմը ինչո՛ւ քեզի համար կարեւոր է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եդեմը ինչո՛ւ քեզի համար կարեւոր է
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եդեմի պարտէզ մը իրապէս կա՞ր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Դրախտը կը կորսուի
    Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
  • Դրախտին մէջ կեանքը ինչպէ՞ս էր
    Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս
  • Երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
դ11 2/1 էջ 9-11

Եդեմը ինչո՛ւ քեզի համար կարեւոր է

ԵԴԵՄԻ արձանագրութեան շուրջ կարգ մը ուսումնականներու յարուցած ամէնէն զարմանալի մէկ առարկութիւնն է, թէ Աստուածաշունչի մնացեալ մասերը անոր նեցուկ չեն կանգնիր։ Օրինակ՝ Կրօնական ուսումնասիրութիւններու փրոֆէսոր Բօլ Մորիս կը գրէ. «Աստուածաշունչի մնացեալ մասերուն մէջ Եդեմի պատմութեան ուղղակի ակնարկութիւններ չկան»։ Անոր արժեւորումը կրնայ զանազան «մասնագէտներու» հաւանութիւնը շահիլ, բայց իրողութիւններուն ուղղակի կը հակասէ։

Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը բազմիցս կ’ակնարկէ Եդեմի պարտէզին, Ադամին, Եւային եւ օձին։a Բայց քանի մը ուսումնականներու սխալը ոչինչ է, բաղդատելով աւելի մեծ ու համատարած սխալի մը հետ։ Եդեմի պարտէզին մասին Ծննդոցի արձանագրութիւնը վարկաբեկելով, կրօնական առաջնորդներ եւ Աստուածաշունչի քննադատներ ամբողջական յարձակում կը գործեն Աստուածաշունչին վրայ։ Ինչպէ՞ս։

Եդեմի մէջ տեղի ունեցածը հասկնալը կենսական է Աստուածաշունչի մնացեալ մասերը հասկնալու համար։ Օրինակ՝ Աստուծոյ Խօսքը ծրագրուած է մեզի օգնելու, որ մարդոց դիմագրաւած ամէնէն խորիմաստ ու կարեւորագոյն հարցումներուն պատասխանները գտնենք։ Կրկին ու կրկին, այդ հարցումներուն Աստուածաշունչի տուած պատասխանները կ’առնչուին դէպքերու, որոնք տեղի ունեցան Եդեմի պարտէզին մէջ։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ։

● Ինչո՞ւ կը ծերանանք ու կը մեռնինք։ Ադամն ու Եւան յաւիտեան պիտի ապրէին, եթէ շարունակէին Եհովային հպատակիլ։ Միայն ըմբոստանալու պարագային էր որ անոնք պիտի մեռնէին։ Այն օրը որ անոնք ըմբոստացան, սկսան մեռնիլ (Ծննդոց 2։16, 17. 3։19)։ Անոնք կատարելութիւնը կորսնցուցին եւ իրենց սերունդին կրցան միայն մեղքն ու անկատարութիւնը փոխանցել։ Արդ՝ Աստուածաշունչը կը բացատրէ. «Մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին» (Հռովմայեցիս 5։12)։

● Աստուած ինչո՞ւ չարութիւնը կը թոյլատրէ։ Եդեմի պարտէզին մէջ, Սատանան Աստուած կոչեց ստախօս մը, որ իր արարածները լաւ բաներէ կը զրկէ (Ծննդոց 3։3-5)։ Այսպիսով ան Եհովայի իշխելու կերպին իրաւացի ըլլալը հարցականի տակ դրաւ։ Ադամն ու Եւան ընտրեցին Սատանային հետեւիլ. ուստի անոնք նոյնպէս Եհովայի գերիշխանութիւնը մերժեցին, եւ առումով մը հաստատեցին, թէ մարդը կրնայ իր անձին համար որոշել բարին ու չարը։ Իր կատարեալ արդարութեամբ եւ իմաստութեամբ, Եհովա գիտէր թէ մարտահրաւէրին պատշաճօրէն պատասխանելու միայն մէկ կերպ կար,– թոյլ տալ որ ժամանակ անցնի, մարդոց պատեհութիւն տալով որ իրենց ընտրած կերպով իրենք զիրենք կառավարեն։ Յառաջ եկած չարութիւնը, որ մասամբ Սատանայի շարունական ազդեցութեան պատճառաւ է, աստիճանաբար երեւան հանած է մեծ ճշմարտութիւն մը. առանց Աստուծոյ՝ մարդը ինքզինք կառավարելու անկարող է (Երեմիա 10։23)։

● Ի՞նչ է Աստուծոյ նպատակը երկրին համար։ Եդեմի պարտէզին մէջ, Եհովա երկրի նկատմամբ գեղեցկութեան չափանիշ մը սահմանեց։ Ան Ադամին ու Եւային յանձնարարութիւն տուաւ, որ երկիրը իրենց սերունդով լեցնեն եւ ‘անոր տիրեն’, որպէսզի ամբողջ մոլորակին վրայ նոյն գեղեցկութիւնն ու ներդաշնակութիւնը ըլլան (Ծննդոց 1։28)։ Ուստի երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակն է որ անիկա դրախտ մը ըլլայ, որուն մէջ կը բնակի Ադամէն ու Եւայէն սերած կատարեալ ու միացեալ ընտանիք մը։ Աստուածաշունչի մեծ մասը կը խօսի այս սկզբնական նպատակը իրագործելու Աստուծոյ միջոցին մասին։

● Յիսուս Քրիստոս ինչո՞ւ երկիր եկաւ։ Եդեմի պարտէզին մէջ տեղի ունեցած ըմբոստութիւնը, Ադամի, Եւայի եւ անոնց ամբողջ սերունդին վրայ մահուան դատապարտում բերաւ, բայց Աստուած սիրալիրօրէն յոյս տուաւ։ Ան իր Որդին երկիր ղրկեց, հայթայթելու համար ինչ որ Աստուածաշունչը կը կոչէ փրկանք (Մատթէոս 20։28)։ Ասիկա ի՞նչ նշանակութիւն ունի։ Յիսուս «վերջին Ադամն» էր. ան յաջողեցաւ հոն՝ ուր Ադամ ձախողեցաւ։ Յիսուս իր կատարեալ մարդկային կեանքը պահպանեց, Եհովային հնազանդ մնալով։ Ապա ան իր կեանքը սիրայօժարօրէն տուաւ որպէս զոհ՝ կամ փրկանք՝ բոլոր հաւատարիմ մարդոց հայթայթելով միջոցը, որ իրենց մեղքերուն համար ներում ստանան եւ ի վերջոյ ձեռք ձգեն ա՛յն կեանքը, զոր Ադամն ու Եւան Եդեմի մէջ վայելեցին՝ մեղանչելէ առաջ (Ա. Կորնթացիս 15։22, 45. Յովհաննէս 3։16)։ Այսպէս՝ Յիսուս երաշխաւորեց, թէ այս երկրագունդը եդեմանման դրախտի մը վերածելու Եհովայի նպատակը պիտի իրագործուի։b

Աստուծոյ նպատակը անորոշ չէ, ոչ ալ աստուածաբանական վերացական գաղափար մըն է։ Անիկա իրական է։ Ճիշդ ինչպէս որ Եդեմի պարտէզը սոյն երկրագունդին վրայ իսկական վայր մըն էր, իսկական անասուններով եւ իսկական մարդոցմով, նոյնպէս ապագայի նկատմամբ Աստուծոյ խոստումը ստոյգ է, իրողութիւն մը որ շուտով պիտի գայ։ Անիկա քու ապագադ, քու իրողութիւնդ պիտի ըլլա՞յ։ Շատ բան քեզմէ կախեալ է։ Աստուած կ’ուզէ որ կարելի եղածին չափ շատ մարդիկ ունենան այդ ապագան, նոյնիսկ անոնք՝ որոնց կեանքը սխալ ուղղութիւն բռնած է (Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4)։

Մինչ կը մեռնէր, Յիսուս խօսեցաւ մարդու մը հետ, որուն կեանքը ահռելիօրէն շեղած էր։ Այդ մարդը ոճրագործ մըն էր եւ գիտէր թէ մահապատիժի արժանի էր։ Բայց ան մխիթարութեան եւ յոյսի համար Յիսուսին դիմեց։ Յիսուս ի՞նչ ըսաւ անոր։ «Ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս» (Ղուկաս 23։43)։ Եթէ Յիսուս կ’ուզէ այս նախկին ոճրագործը եդեմանման դրախտի մը մէջ տեսնել,– յարուցուած ու յաւիտեան ապրելու պատեհութեամբ օրհնուած,– քեզի համար ալ նոյն օրհնութիւնը չի՞ փափաքիր։ Անշո՛ւշտ կը փափաքի. իր Հայրն ալ կ’ուզէ։ Եթէ կ’ուզես այդ ապագան վայելել, ամբողջ կարելիդ ըրէ որ սորվիս Եդեմի պարտէզը շինող Աստուծոյն մասին։

[Ստորանիշներ]

a Տե՛ս, զոր օրինակ, Ծննդոց 13։10. Բ. Օրինաց 32։8. Ա. Մնացորդաց 1։1. Յոբ 31։33. Եսայի 51։3. Եզեկիէլ 28։13. 31։8, 9. Ղուկաս 3։38. Հռովմայեցիս 5։12-14. Ա. Կորնթացիս 15։22, 45. Բ. Կորնթացիս 11։3. Ա. Տիմոթէոս 2։13, 14. Յուդա 14. եւ Յայտնութիւն 12։9։

b Քրիստոսի փրկանքի զոհին մասին աւելին գիտնալու համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 5–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 10]

ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՈՐ ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՐԱՐՈՒ ԿԸ ՄԻԱՑՆԷ

«Քու [օձը] ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես» (Ծննդոց 3։15)։

Ասիկա Աստուածաշունչին առաջին մարգարէութիւնն է, Եդեմի մէջ Աստուծոյ կողմէ ըսուած։ Ո՞վ են չորս անձնաւորութիւնները. կինը, կնոջ սերունդը, օձը եւ օձին սերունդը։ Նախագուշակուած «թշնամութիւնը» ինչպէ՞ս ի յայտ կու գայ։

ՕՁԸ

Բանսարկու Սատանան (Յայտնութիւն 12։9)։

ԿԻՆԸ

Երկնային արարածներէ բաղկացած Եհովայի կազմակերպութիւնը (Գաղատացիս 4։26, 27)։ Եսայի խօսեցաւ ‘կնոջ’ մասին, նախագուշակելով թէ ան ապագայ հոգեւոր ազգի մը ծնունդ պիտի տար (Եսայի 54։1. 66։8)։

ՕՁԻՆ ՍԵՐՈՒՆԴԸ

Անոնք որոնք կ’ընտրեն Սատանային կամքը ընել (Յովհաննէս 8։44)։

ԿՆՈՋ ՍԵՐՈՒՆԴԸ

Գլխաւորաբար Յիսուս Քրիստոս, որ Եհովայի կազմակերպութեան երկնային մասէն եկաւ։ «Սերունդին» մէջ նաեւ պարփակուած են Քրիստոսի հոգեւոր եղբայրները, որոնք երկնքի մէջ իրեն հետ կ’իշխեն։ Այդ օծեալ քրիստոնեաները կը կազմեն հոգեւոր ազգ մը՝ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը (Գաղատացիս 3։16, 29. 6։16. Ծննդոց 22։18)։

ԳԱՐՇԱՊԱՐԻՆ ՎԷՐՔԸ

Մեսիային ուղղուած ցաւագին հարուած մը, բայց ոչ մնայուն հետեւանքով։ Սատանան յաջողեցաւ երկրի վրայ Յիսուսի կեանքին վերջ դնելու մէջ. բայց Յիսուս յարուցանուեցաւ։

ԳԼԽՈՒՆ ՎԷՐՔԸ

Սատանային ուղղուած մահացու հարուած մը։ Յիսուս Սատանան առյաւէտ գոյութենէ պիտի ջնջէ։ Նոյնիսկ ատկէ առաջ, Յիսուս Եդեմի մէջ Սատանայի սկսած չարութիւնը պիտի խափանէ (Ա. Յովհաննէս 3։8. Յայտնութիւն 20։9, 10)։

Աստուածաշունչի գլխաւոր բնաբանին ամփոփումին համար, տե՛ս Աստուածաշունչը ի՞նչ պատգամ կը հաղորդէ գրքոյկը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

[Նկար՝ էջ 11]

Ադամն ու Եւան մեղքին աղէտալի հետեւանքներէն տառապեցան

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել