Աստուծոյ մասին ինչպէ՛ս երեխաներուն սորվեցնել. ի՞նչ մեթոտներ ազդեցիկ են
«Այս խօսքերը որոնք ես այսօր քեզի պատուիրեցի, քու սրտիդ մէջ թող ըլլան ու զանոնք քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր։ Թէ՛ տանդ մէջ նստած ատենդ, թէ՛ ճամբայ քալած ատենդ եւ թէ՛ պառկելու ու ելլելու ատենդ՝ անոնց վրայ խօսիր» (Բ. ՕՐԻՆԱՑ 6։6, 7)։
ԾՆՈՂՆԵՐԸ ատեններ իրենց զաւակները մարզելու պատասխանատուութենէն ջախջախուած կը զգան։ Սակայն, երբ խրատ կը փնտռեն, շփոթութեան կը մատնուին, բազմաթիւ առաջարկներ լսելով կամ կարդալով։ Յաճախ ազգականներ եւ բարեկամներ շուտով իրենց թելադրութիւնները կը ներկայացնեն։ Իսկ գիրքեր, պարբերաթերթի յօդուածներ եւ ցանցակայքեր հակասական խրատներ կը մատուցանեն ծնողներուն։
Միւս կողմէ, Աստուածաշունչը ոչ միայն վստահելի խրատ կու տայ ծնողներուն, թէ իրենց զաւակներուն ի՛նչ սորվեցնեն, այլ նաեւ գործնական ուղղութիւն՝ թէ ինչպէ՛ս անոնց սորվեցնեն։ Ինչպէս վերոնշեալ մէջբերուած համարները ցոյց կու տան, ծնողները իւրաքանչիւր օր կերպեր պէտք է գտնեն, որ Աստուծոյ մասին իրենց զաւակներուն խօսին։ Այժմ քննարկենք աստուածաշնչական չորս առաջարկներ, որոնք հազարաւոր ծնողներու օգնած են Աստուծոյ մասին իրենց զաւակներուն սորվեցնելու։
1. Ստեղծագործութենէն դասեր քաղէ: Պօղոս առաքեալ գրեց. «Աշխարհի ստեղծումէն ի վեր՝ ստեղծագործութեան ընդմէջէն կ’իմացուին ու կը տեսնուին Աստուծոյ աներեւոյթ յատկանիշները, այսինքն՝ մշտնջենաւոր զօրութիւնը եւ անոր աստուածութիւնը» (Հռովմայեցիս 1։20, Անթիլիաս)։ Ծնողներ շատ բան կրնան ընել, որպէսզի իրենց զաւակներուն օգնեն տեսնելու Աստուած որպէս իրական Անձ, անոր ստեղծագործութեան վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելով, ապա օգնելով որ զատորոշեն, թէ այդ ստեղծագործութիւնները Աստուծոյ ո՛ր յատկութիւնները կը յայտնեն։
Յիսուս այս մեթոտը գործածեց, երբ իր աշակերտներուն կը սորվեցնէր։ Օրինակի համար, ան ըսաւ. «Նայեցէք երկնքի թռչուններուն, որոնք ո՛չ կը սերմանեն եւ ո՛չ կը հնձեն, ո՛չ ամբարի մէջ կը ժողվեն, բայց ձեր երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք։ Չէ՞ որ դուք անոնցմէ լաւ էք» (Մատթէոս 6։26)։ Հոս՝ Յիսուս աչքառու դարձուց Եհովայի սիրոյ եւ կարեկցութեան յատկութիւնները։ Բայց անկէ աւելի՛ն ըրաւ։ Ան օգնեց իր աշակերտներուն որ տրամաբանեն, թէ Աստուած ինչպէ՛ս այդ յատկութիւնները իր զաւակներուն հանդէպ արտայայտեց։
Իմաստուն Սողոմոն թագաւոր մատնանշեց Աստուծոյ կողմէ մրջիւններուն տրուած բնազդական իմաստութիւնը, եւ այս մանր արարածները գործածեց, որպէսզի արժէքաւոր դաս մը շեշտէ։ Ան գրեց. «Ո՛վ ծոյլ, մրջիւնին գնա, անոր ճամբաները տես ու իմաստուն եղիր։ Վասն զի անիկա թէեւ իշխան, ոստիկան կամ տիրող չունի, բայց իր կերակուրը ամառուընէ կը պատրաստէ, իր ուտելիքը հունձքի ատեն կը հաւաքէ» (Առակաց 6։6-8)։ Ի՜նչ զօրաւոր կերպ մը՝ սորվեցնելու համար արժէքաւոր նպատակակէտեր դնելու եւ ապա անոնց հասնելու կարեւորութիւնը։
Ծնողները կրնա՛ն ընդօրինակել Յիսուսի եւ Սողոմոնի ազդու ուսուցումը, հետեւեալը ընելով. 1) Իրենց զաւակներուն հարցնեն, թէ ո՛ր բոյսերը եւ անասունները զիրենք կը հետաքրքրեն։ 2) Այդ բոյսերուն եւ անասուններուն մասին աւելի սորվին։ 3) Այդ ստեղծագործութիւններէն Աստուծոյ մասին դասեր քաղեն։
2. Իր սորվեցուցած անհատներուն հանդէպ Յիսուսի կեցուածքը ընդօրինակէ: Ցարդ ապրած մարդոց մէջ, Յիսուս ըսելիք ամէնէն կարեւոր բաները ունէր։ Սակայն, ան իր ժամանակին մեծամասնութիւնը հարցումներ ուղղելով անցուց։ Ան խորապէս հետաքրքրուած էր իր սորվեցուցած անհատներուն մտածումներով եւ զգացումներով (Մատթէոս 17։23, 24. Մարկոս 8։27-29)։ Նմանապէս, ծնողները իրենց զաւակներուն սորվեցնելիք բազմաթիւ կարեւոր դասեր ունին։ Բայց՝ որպէսզի ազդու ըլլան, հարկ է որ Յիսուսը ընդօրինակելով իրենց զաւակները քաջալերեն որ ազատօրէն արտայայտուին։
Ի՞նչ կարելի է ընել, եթէ երեխաները վատ կեցուածք մը ցուցաբերեն կամ արժէքաւոր դաս մը շուտով չսորվին։ Նկատի առ Յիսուսի վարուած կերպը առաքեալներուն հետ։ Անոնք ատեններ իրարու հետ դառնօրէն կը վիճէին եւ խոնարհ ըլլալու օգուտները դանդաղօրէն կ’ըմբռնէին։ Սակայն Յիսուս համբերատար մնաց եւ խոնարհութեան կարիքին մասին կրկին անգամ խօսեցաւ (Մարկոս 9։32, 33. Ղուկաս 9։46-48. 22։24, 25)։ Յիսուսը ընդօրինակող ծնողները, համբերատարութեամբ իրենց զաւակները պիտի սրբագրեն, եւ ի պահանջել հարկին, նոյն դասը պիտի կրկնեն մինչեւ որ երեխաները ատոր կարեւորութիւնը լիովին հասկնան։
3. Օրինակով սորվեցուր: Ծնողներ լաւ կ’ընեն եթէ անսան Պօղոս առաքեալի հետեւեալ խրատին, որ Հռոմի մէջ ապրող քրիստոնեաներուն տուաւ. «Դուն որ ընկերիդ կը սորվեցնես, քու անձիդ չե՞ս սորվեցներ. որ կը քարոզես չգողնալ, բայց դուն կը գողնա՞ս» (Հռովմայեցիս 2։21)։
Այդ խրատը յարմար է, քանի որ երեխաները շատ աւելի կը տպաւորուին իրենց ծնողներուն արարքներով քան խօսքերով։ Իրականութեան մէջ, իրենց քարոզածը գործադրող ծնողներուն զաւակները աւելի հակամէտ են ծնողքին սորվեցուցածին ականջ տալու։
4. Սկսէ մինչ երեխան փոքր է: Պօղոս առաքեալի միսիոնարական ընկերակիցը՝ Տիմոթէոս, իր շրջանին մէջ հոյակապ համբաւ ունէր (Գործք 16։1, 2)։ Մէկ պատճառը այն էր, թէ ան ‘մանկութենէն ի վեր սուրբ գրքերը’ սորված էր։ Տիմոթէոսի մայրն ու մեծ մայրը ոչ միայն Սուրբ Գրութիւնները անոր կը կարդային, այլ նաեւ կ’օգնէին որ խորհրդածէ անոնց բովանդակած ճշմարտութիւններուն մասին (Բ. Տիմոթէոս 1։5. 3։14, 15)։
Ո՛ւր կրնաս օգնութիւն գտնել
Եհովայի վկաները շատ մը հրատարակութիւններ կ’արտադրեն, որոնք յատկապէս ծրագրուած են ծնողներուն օգնելու, որ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը սորվեցնեն իրենց զաւակներուն։ Ոմանք երեխաները ի մտի ունենալով գրուած են։ Իսկ այլ հրատարակութիւններ կրնան օգնել ծնողներուն եւ իրենց պատանիներուն, որ շարունակեն իրարու հետ ազատօրէն հաղորդակցիլ։a
Անշուշտ, Աստուծոյ մասին իրենց զաւակներուն սորվեցնելէ առաջ, հարկ է որ ծնողներ զաւակներուն յարուցանելիք կարգ մը դժուար հարցումներուն պատասխանները գիտնան։ Օրինակ, ինչպէ՞ս պիտի պատասխանէիր հետեւեալին նման հարցումներու. Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ տառապանքը։ Երկրագունդին նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է։ Մեռելները ո՞ւր են։ Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան քեզի օգնելու որ այս եւ այլ հարցումներու պատասխանները առնես, որպէսզի դուն եւ քու ընտանիքդ կարենաք Աստուծոյ մօտենալ (Յակոբոս 4։8)։
[Ստորանիշ]
a Փոքր երեխաներու համար, ծնողներ կրնան գործածել Մեծ Ուսուցիչէն սորվէ՛ գիրքը, որ Յիսուս Քրիստոսի ուսուցումները աչքառու կը դարձնէ, կամ՝ Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ գիրքը, որ պարզ լեզուով Աստուածաշունչէն բանալի դասեր կը պատմէ։ Պատանիներու համար, ծնողներ կրնան գործածել Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ գրքին Ա. եւ Բ. հատորները։