Սեռի մասին տասը հարցումներու պատասխանները
1 Եդեմի պարտէզին մէջ Ադամի ու Եւայի գործած սկզբնական մեղքը սե՞ռն էր։
▪ Պատասխան. շատեր կը խորհին, թէ Եդեմի պարտէզին արգիլուած պտուղը կը ներկայացնէր սեռային յարաբերութիւնը։ Սակայն, Աստուածաշունչը այսպէս չի սորվեցներ։
Նկատի առ. նո՛յնիսկ Եւայի ստեղծագործութենէն առաջ, Աստուած Ադամին պատուիրեց որ «բարիի ու չարի գիտութեան ծառ»ին պտուղէն չուտէ (Ծննդոց 2։15-18)։ Քանի որ Ադամ մինակ էր, այս արգելումը չէր կրնար սեռային յարաբերութեան ակնարկել։ Ասկէ զատ, Աստուած Ադամին ու Եւային բացայայտ պատուէր մը տուաւ՝ ըսելով. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք» (Ծննդոց 1։28)։ Սիրալիր Աստուած մը առաջին զոյգին թելադրութիւն պիտի տա՞ր որ ‘երկիրը լեցնեն’,– ինչ որ անշուշտ սեռային յարաբերութիւն ընել կը պարփակէր,– եւ ապա զիրենք մահուան դատապարտէր, քանի որ իր թելադրութիւններուն հնազանդեցան (Ա. Յովհաննէս 4։8)։
Աւելին, Եւան առանձին էր երբ արգիլուած «պտուղէն. . . կերաւ»։ Ապա ան երբ իր ամուսինին հետ էր, անոր «ալ տուաւ եւ անիկա կերաւ» (Ծննդոց 3։6)։
Վերջապէս, Ադամ ու Եւա չյանդիմանուեցան երբ սեռային յարաբերութիւններ ունենալով զաւակներու ծնունդ տուին (Ծննդոց 4։1, 2)։ Յստակ է որ Ադամի ու Եւայի կերած պտուղը իրենց սեռային յարաբերութեան չակնարկեց, այլ՝ ատիկա ծառի մը բառացի պտուղն էր։
2 Աստուածաշունչը սեռային հաճոյքը կ’արգիլէ՞։
▪ Պատասխան. Աստուածաշունչի առաջին գիրքը կը յայտնէ, թէ Աստուած ի՛նք մարդը «արու եւ էգ ստեղծեց»։ Աստուած ըսաւ որ իր ստեղծագործութիւնը «շատ բարի էր» (Ծննդոց 1։27, 31)։ Յետագային, Ան Աստուածաշունչի գրող մը ներշնչեց որ հետեւեալ թելադրութիւնները տայ ամուսիններուն. «Երիտասարդութեանդ կնոջը հետ ուրախ եղիր. . . Ամէն ատեն անոր ստինքները քեզ թող կշտացնեն» (Առակաց 5։18, 19)։ Այդ խօսքերէն այնպէս կը թուի՞ թէ Աստուածաշունչը սեռային հաճոյքը կ’արգիլէ։
Իրողութիւնները ցոյց կու տան թէ բազմանալը կարելի դարձնելու կողքին, Աստուած սեռային գործարանները այնպէս մը ստեղծեց՝ որ ամուսնացած զոյգին թոյլ տան, որ իրարու հանդէպ իրենց սէրն ու գուրգուրանքը փոխադարձաբար հաճելի կերպով արտայայտեն։ Այսպիսի յարաբերութիւններ կրնան ջերմ ու մտերիմ փոխյարաբերութեան մէջ եղող ամուսնացած զոյգին ֆիզիքական եւ զգացական կարիքները գոհացնել։
3 Աստուածաշունչը կը հաճի՞ որ զոյգ մը կենակցի, առանց օրինապէս ամուսնանալու։
▪ Պատասխան. Աստուածաշունչը յստակ կերպով կը նշէ, թէ «Աստուած պիտի դատէ պոռնիկները» (Եբրայեցիս 13։4)։ Պոռնկութիւն բառին յունարէնը՝ բոռ·նէա, ընդհանուր առմամբ կ’ակնարկէ չամուսնացած զոյգերուն սեռային անդամներու սխալ գործածութեան։a Հետեւաբար, Աստուծոյ աչքին սխալ պիտի ըլլար որ զոյգ մը իրարու հետ ապրի,– նո՛յնիսկ եթէ անոնք կը մտադրեն յետագային ամուսնանալ։
Նո՛յնիսկ եթէ զոյգը խորապէս սիրահարուած է, Աստուած տակաւին կը պահանջէ որ անոնք ամուսնանան՝ նախքան սեռային յարաբերութիւն վայելելը։ Աստուած ի՛նք սիրելու կարողութեամբ մեզ ստեղծած է։ Աստուծոյ գլխաւոր յատկութիւնը սէրն է։ Ուստի, ան վաւերական պատճառ ունի պնդելու, թէ միա՛յն ամուսնացած զոյգեր սեռային յարաբերութիւն վայելեն, ինչպէս որ յաջորդ յօդուածը պիտի բացատրէ։
4 Բազմակնութիւնը ընդունելի՞ է։
▪ Պատասխան. ժամանակ մը, Աստուած թոյլ տուաւ որ տղամարդը մէկէ աւելի կին ունենայ (Ծննդոց 4։19. 16։1-4. 29։18–30։24)։ Սակայն, Աստուած բազմակնութեան ծագում չտուաւ։ Ան Ադամին միայն մէկ կին տուաւ։
Աստուած Յիսուս Քրիստոսը լիազօրեց, որ միակնութեան Իր սկզբնական չափանիշը վերահաստատէ (Յովհաննէս 8։28)։ Երբ ամուսնութեան մասին հարցուեցաւ, Յիսուս ըսաւ. «Ան որ սկիզբէն ստեղծեց, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք, ու աւելցուց. ‘Ասոր համար մարդ իր հայրը ու մայրը պիտի ձգէ եւ իր կնոջ պիտի յարի ու երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան’» (Մատթէոս 19։4, 5)։
Յետագային, ներշնչման ներքեւ Յիսուսի մէկ աշակերտը գրեց. «Ամէն մարդ թող իր կինը ունենայ ու ամէն կին՝ իր այրը» (Ա. Կորնթացիս 7։2)։ Աստուածաշունչը նաեւ կը նշէ, թէ քրիստոնէական ժողովքին մէջ ոեւէ ամուսնացած տղամարդ, որուն մասնայատուկ պատասխանատուութիւններ կը տրուին, «մէկ կնոջ այր» պէտք է ըլլայ (Ա. Տիմոթէոս 3։2, 12)։
5 Սխա՞լ է որ ամուսնացած զոյգերը հակաբեղմնաւորիչ միջոցներ գործածեն։
▪ Պատասխան. Յիսուս իր հետեւորդներուն չպատուիրեց որ զաւակներ ունենան։ Ոչ ալ Յիսուսի աշակերտները յետագային այսպիսի ցուցմունք մը տուին։ Աստուածաշունչը ո՛չ մէկ տեղ բացայայտօրէն յղարգելութիւնը կը դատապարտէ։
Ուստի, ամուսնացած զոյգերը ազատ են անձամբ որոշելու, թէ զաւակներ պիտի բերե՛ն կամ ոչ։ Անոնք նաեւ կրնան որոշել թէ քանի՛ զաւակ պիտի ունենան եւ ե՛րբ զանոնք պիտի ունենան։ Եթէ ամուսինն ու կինը որոշեն վիժում չպատճառող հակաբեղմնաւորիչ միջոց մը գործածել, ասիկա իրենց անձնական որոշումն ու պատասխանատուութիւնն է։b Ո՛չ ոք զիրենք պէտք է դատէ (Հռովմայեցիս 14։4, 11-13)։
6 Վիժում ընելը սխա՞լ է։
▪ Պատասխան. Աստուծոյ համար կեանքը սուրբ է, եւ ան նո՛յնիսկ սաղմը իւրայատուկ ապրող էակ կը նկատէ (Սաղմոս 139։16)։ Աստուած նշեց թէ անհատ մը հաշիւ պիտի տար, եթէ չծնած մանկիկի մը վնաս հասցնէր։ Ուստի, իր աչքին չծնած մանուկ մը բնաջնջելը՝ մարդասպանութիւն է (Ելից 20։13. 21։22, 23)։
Սակայն, ի՞նչ կարելի է ըսել եթէ ծննդաբերութեան ժամանակ ստիպողական պարագայ մը զոյգը ստիպէ ընտրել կա՛մ մօր կեանքը եւ կամ մանկիկին կեանքը։ Այդ պարագային, զոյգը պիտի որոշէ որո՛ւն կեանքը փորձել փրկել։c
7 Աստուածաշունչը ամուսնալուծումը կ’արտօնէ՞։
▪ Պատասխան. այո՛։ Յիսուս ամուսնութեան վերջ դնելու միայն մէկ ընդունելի պատճառ բնորոշեց՝ նշելով. «Ով որ առանց պոռնկութեան պատճառի [արտամուսնական սեռ] իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ» (Մատթէոս 19։9)։
Աստուած նենգութեամբ կատարուած ամուսնալուծումը կ’ատէ։ Ան անձամբ հաշիւ պիտի պահանջէ անոնցմէ՝ որոնք թեթեւամտութեամբ իրենց կողակիցը կը ձգեն, մանաւանդ երբ ասիկա կ’ընեն ուրիշ կողակից մը առնելու շարժառիթով (Մաղաքիա 2։13-16. Մարկոս 10։9)։
8 Աստուած միասեռականութեան հաւանութիւն կու տա՞յ։
▪ Պատասխան. Աստուածաշունչը յստակ կերպով կը դատապարտէ պոռնկութիւնը՝ որ միասեռական յարաբերութիւններ կը պարփակէ (Հռովմայեցիս 1։26, 27. Գաղատացիս 5։19-21)։ Մինչ Աստուածաշունչը հաստատ է թէ Աստուած այդպիսի կենցաղակերպի չի հաճիր, մենք նաեւ գիտենք թէ «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհաննէս 3։16)։
Թէեւ ճշմարիտ քրիստոնեաները միասեռական յարաբերութիւնները չեն հանդուրժեր, սակայն անոնք բոլո՛ր մարդոց հանդէպ քաղցրութիւն կը ցուցաբերեն (Մատթէոս 7։12)։ Աստուած կ’ուզէ որ ‘ամէնքը պատուենք’։ Հետեւաբար, հարազատ քրիստոնեաները միասեռականներէն չեն վախնար՝ անոնց հանդէպ բացասական կեցուածք բռնելով (Ա. Պետրոս 2։17)։
9 Անբարոյ նպատակներով բջիջային հեռաձայնը եւ համացանցը գործածելը սխա՞լ է։
▪ Պատասխան. Աստուածաշունչը այսպիսի արդի սեռային վարքեր մասնայատուկ կերպով չի քննարկեր. սակայն կ’ըսէ. «Պոռնկութեան եւ ամէն կերպ պղծութեան կամ ագահութեան անունը անգամ պէտք չէ յիշուի ձեր մէջ, ինչպէս կը վայլէ սուրբերուն, եւ գարշելի բաներ կամ յիմարական խօսքեր կամ խեղկատակութիւն, որ չի վայլեր» (Եփեսացիս 5։3, 4)։ Բջիջային հեռաձայնով եւ համացանցի միջոցաւ սեռի մասին խօսիլն ու տռփագրգիռ նկարներ փոխանակելը, սեռի հանդէպ խեղաթիւրուած տեսակէտ կը յառաջացնեն եւ անհատները կը քաջալերեն, որ ամուսնական կարգադրութենէն դուրս սեռային հաճոյքը վայելեն։ Փոխանակ մարդոց օգնելու որ իրենց սեռային դրդումները զսպեն, այսպիսի սովորութիւններ անձնասէր գոհացում յառաջ կը մղեն։
10 Գիջութեան նկատմամբ Աստուածաշունչի տեսակէտը ի՞նչ է։
▪ Պատասխան. Աստուածաշունչը մասնայատուկ կերպով չի նշեր գիջութիւնը,– անբնական կերպով սեռային կիրքը յագեցնելու մոլութիւն։ Այսուհանդերձ, Աստուծոյ Խօսքը քրիստոնեաներուն կը պատուիրէ՝ ըսելով. «Ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք. պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, անսանձ կիրքը» (Կողոսացիս 3։5)։
Գիջութիւնը սեռի նկատմամբ խեղաթիւրուած եւ անձնակեդրոն տեսակէտ յառաջ կը մղէ։ Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ, թէ Աստուած «անսահման զօրութիւն» կրնայ շնորհել անոնց՝ որոնք անկեղծ ջանք կը թափեն այս սովորութենէն ձերբազատուելու համար (Բ. Կորնթացիս 4։7, Անթիլիաս. Փիլիպպեցիս 4։13)։
[Ստորանիշներ]
a Բոռ·նէա նաեւ կ’ակնարկէ այլ արարքներու, որոնք մարդկային սեռային գործարանները ստեղծելու Աստուծոյ սկզբնական նպատակէն կը շեղին, ինչպէս՝ շնութիւն, միասեռականութիւն եւ անասնապղծութիւն։
b Ամլացման նկատմամբ աստուածաշնչական յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս «Հարցումներ ընթերցողներէն» Դիտարան–ի 15 յունիս 1999 թիւը, էջ 27-28 (անգլերէն)։
c Քննարկութեան համար, թէ բռնաբարութեան զոհ գացողը արդարացի է վիժում ընելու կամ ոչ, տե՛ս Զարթի՛ր–ի 22 մայիս 1993 թիւը, էջ 10-11 (անգլերէն), հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։