Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ12 2/1 էջ 18-22
  • «Զօրացի՛ր ու քա՛ջ եղիր»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Զօրացի՛ր ու քա՛ջ եղիր»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՔԱՋ ՎԿԱՆԵՐ ԱՆԲԱՐԵՊԱՇՏ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ
  • ԱՆՈՆՔ ՀԱՒԱՏՔ ԵՒ ՔԱՋՈՒԹԻՒՆ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵՑԻՆ
  • ԱՆՎԵՀԵՐ ԿԻՆԵՐ՝ ՈՐՈՆՔ ԴԻՐՔ ԲՌՆԵՑԻՆ
  • ՄԵՐ ԽՕՍՔԵՐԸ ԿՐՆԱ՛Ն ՔԱՋՈՒԹԻՒՆ ՆԵՐՇՆՉԵԼ
  • ՔԱՋ ԹԱԳՈՒՀԻ ՄԸ՝ ԵՍԹԵՐ
  • «ՔԱՋԱԼԵՐՈՒԷ՛»
  • «ՔԱՋԱՍԻ՛ՐՏ ԵՂԻՐ»
  • Քաջութեամբ քալենք Եհովայի ճամբաներուն մէջ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Քաջասիրտ ըլլանք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • «Քաջասիրտ եղի՛ր ու այս գործը լրացո՛ւր»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Քաջասի՛րտ եղիր. Եհովան քեզի հետ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
դ12 2/1 էջ 18-22

«Զօրացի՛ր ու քա՛ջ եղիր»

«Զօրացի՛ր ու քա՛ջ եղիր. . . քանզի քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ պիտի ըլլայ» (ՅԵՍ. 1։7-9)։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

Ենովք եւ Նոյ ի՞նչ կերպերով քաջութիւն ցուցաբերեցին։

Վաղեմի որոշ կիներ ինչպէ՞ս հաւատքի եւ քաջութեան մէջ օրինակելի էին։

Պատանիներու ո՞ր կարգ մը օրինակները քեզ կը տպաւորեն։

1, 2. ա) Կեանքի մէջ ուղիղ ընթացք մը հետապնդելու համար, ատեններ ի՞նչ բանի կարիք կայ։ բ) Ի՞նչ պիտի քննարկենք։

ՔԱՋՈՒԹԻՒՆԸ վախին, տկարութեան եւ երկչոտութեան հակառակն է։ Կրնանք խորհիլ թէ քաջ անհատը զօրաւոր, անվեհեր եւ համարձակ է։ Սակայն, ատեններ պարզապէս առօրեայ կեանքին մէջ ուղիղ ընթացք մը հետապնդելու համար քաջութեան կարիք կայ։

2 Աստուածաշունչի մէջ նշուած կարգ մը անհատներ, դժուարին պարագաներու ներքեւ անվախ էին։ Ուրիշներ քաջութիւն ցուցաբերեցին այնպիսի պարագաներու ներքեւ, որոնք ընդհանուր առմամբ Եհովայի ծառաներուն համար սովորական են։ Աստուածաշնչական քաջութեան օրինակներէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Ինչպէ՞ս կրնանք քաջ ըլլալ։

ՔԱՋ ՎԿԱՆԵՐ ԱՆԲԱՐԵՊԱՇՏ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ

3. Ենովք անբարեպաշտներուն ի՞նչ նախագուշակեց։

3 Նոյի օրուան Ջրհեղեղէն առաջ, երկրի վրայ ամբարիշտ մարդոց մէջ Եհովայի վկան ըլլալը քաջութիւն կը պահանջէր։ Սակայն, Ենովք՝ «որ եօթներորդն էր Ադամէն», համարձակօրէն հետեւեալ մարգարէական պատգամը տուաւ. «Ահա Տէրը իր բիւրաւոր սուրբերովը եկաւ, ամենուն դատաստան ընելու ու բոլոր ամբարիշտները յանդիմանելու իրենց ըրած բոլոր ամբարիշտ գործերուն համար եւ այն բոլոր խիստ խօսքերուն համար, որոնք ամբարիշտ մեղաւորները անոր դէմ խօսեցան» (Յուդա 14, 15)։ Ենովք անցեալ եղանակով խօսեցաւ, քանի որ մարգարէութիւնը անպայման պիտի կատարուէր։ Եւ արդարեւ անբարեպաշտ մարդիկը աշխարհածաւալ ջրհեղեղով իրենց կեանքերը կորսնցուցին։

4. Հակառակ ինչպիսի՞ պարագաներու՝ Նոյ «Աստուծոյ հետ քալեց»։

4 Ջրհեղեղը մ.թ.ա. 2370–ին տեղի ունեցաւ, Ենովքի մարգարէական ծառայութենէն աւելի քան 650 տարի ետք։ Մինչ այդ, Նոյ ծնաւ, ընտանիք կազմեց եւ իր որդիներուն հետ տապանը շինեց։ Չար հրեշտակներ նիւթականացած էին, գեղեցիկ աղջիկներ առած էին եւ նեֆիլիմներուն հայրերը դարձած էին։ Ասկէ զատ, մարդուն չարութիւնը շատցած էր, եւ երկիրը բռնութեամբ լեցուած էր (Ծն. 6։1-5, 9, 11)։ Հակառակ այս իրավիճակներուն, «Նոյ Աստուծոյ հետ քալեց» եւ որպէս «արդարութեան քարոզիչ» համարձակութեամբ վկայեց (կարդա՛ Բ. Պետրոս 2։4, 5)։ Այս վերջին օրերուն մէջ, մենք նոյնանման քաջութեան պէտք ունինք։

ԱՆՈՆՔ ՀԱՒԱՏՔ ԵՒ ՔԱՋՈՒԹԻՒՆ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵՑԻՆ

5. Մովսէս ինչպէ՞ս հաւատք եւ քաջութիւն ցուցաբերեց։

5 Մովսէս օրինակելի հաւատք եւ քաջութիւն ունէր (Եբ. 11։24-27)։ Մ.թ.ա. 1513–էն մինչեւ 1473, Աստուած զինք գործածեց, որպէսզի իսրայէլացիները Եգիպտոսէն դուրս հանէ եւ անապատին մէջ առաջնորդէ։ Մովսէս այս նշանակումին համար անատակ զգաց, սակայն զայն ընդունեց (Ել. 6։12)։ Ան եւ իր եղբայրը՝ Ահարոն, կրկին անգամ Եգիպտոսի բռնակալ փարաւոնին առջեւ ներկայացան, եւ քաջաբար Տասը պատուհասները յայտարարեցին, որոնցմով Եհովա Եգիպտոսի չաստուածները արհամարհեց եւ Իր ժողովուրդը ազատեց (Ելից, գլուխ 7-12)։ Մովսէս հաւատք եւ քաջութիւն ցուցաբերեց, քանի որ Աստուծոյ հաստատ աջակցութիւնը ունէր, ճիշդ ինչպէս որ այսօր մենք ունինք (Բ. Օր. 33։27)։

6. Եթէ աշխարհիկ հեղինակութիւններ մեզ հարցաքննեն, ինչպէ՞ս կարող պիտի ըլլանք քաջութեամբ վկայութիւն տալ։

6 Հարկ է որ Մովսէսի քաջութիւնը ունենանք, քանի որ Յիսուս ըսաւ. «Իմ անուանս համար կուսակալներու ու թագաւորներու առջեւ պիտի տարուիք, անոնց եւ հեթանոսներուն վկայութիւն ըլլալու համար։ Բայց երբ ձեզ մատնեն, հոգ մի՛ ընէք թէ ինչպէ՛ս կամ ի՛նչ պիտի խօսիք, վասն զի ձեզի պիտի տրուի այն ժամուն՝ ինչ որ պիտի խօսիք։ Վասն զի ո՛չ թէ դուք էք որ պիտի խօսիք, հապա ձեր Հօրը Հոգին՝ որ ձեր ներսիդին կը խօսի» (Մատ. 10։18-20)։ Եթէ աշխարհիկ հեղինակութիւններ մեզ հարցաքննեն, Եհովայի հոգին մեզի պիտի օգնէ յարգանք ցուցաբերելու, մինչ մեր հաւատալիքները հաւատքով եւ քաջութեամբ կը պաշտպանենք (կարդա՛ Ղուկաս 12։11, 12)։

7. Յեսու ինչո՞ւ քաջ եւ յաջողակ էր։

7 Աստուծոյ Օրէնքին կանոնաւոր ուսումնասիրութիւնը, Մովսէսի յաջորդին՝ Յեսուին, հաւատքն ու քաջութիւնը կերտեց։ Մ.թ.ա. 1473–ին, իսրայէլ Խոստացեալ երկիրը մտնելու վրայ էր։ Աստուած պատուիրեց. «Զօրացի՛ր ու քա՛ջ եղիր»։ Օրէնքին ենթարկուելով, Յեսու իմաստութեամբ պիտի վարուէր եւ յաջող պիտի ըլլար։ Անոր ըսուեցաւ. «Մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր. քանզի քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ պիտի ըլլայ, ուր որ երթաս» (Յես. 1։7-9)։ Այդ խօսքերը ո՜րքան զօրացուցած ըլլալու էին Յեսուն։ Եւ վստահաբար Աստուած անոր հետ էր, քանի որ Խոստացեալ երկրին հիմնական նուաճումը միայն վեց տարուան մէջ ամբողջացաւ,– մ.թ.ա. 1467–ին։

ԱՆՎԵՀԵՐ ԿԻՆԵՐ՝ ՈՐՈՆՔ ԴԻՐՔ ԲՌՆԵՑԻՆ

8. Ռախաբ ինչո՞ւ հաւատքի եւ քաջութեան օրինակ է։

8 Դարերու ընթացքին, բազմաթիւ քաջ կիներ դիրք բռնած են որպէս Եհովայի անվեհեր երկրպագուներ։ Օրինակ, Երիքովի Ռախաբ պոռնիկը Աստուծոյ հաւատք ընծայեց, Յեսուի կողմէ ղրկուած երկու լրտեսները քաջաբար պահելով, եւ ապա զանոնք փնտռող մարդիկը ուրիշ տեղ ղրկելով։ Ինք եւ իր ընտանիքը պահպանուեցան, երբ իսրայէլացիները Երիքովը գրաւեցին։ Ռախաբ իր մեղաւոր գործը լքեց, հաւատարմօրէն Եհովան պաշտեց եւ Մեսիային նախամայրը եղաւ (Յես. 2։1-6. 6։22, 23. Մատ. 1։1, 5)։ Ան իր հաւատքին եւ քաջութեան համար ո՜րքան օրհնուեցաւ։

9. Դեբօրա, Բարակ եւ Յայէլ ինչպէ՞ս քաջութիւն ցուցաբերեցին։

9 Մ.թ.ա. շուրջ 1450–ին Յեսուին մահէն ետք, դատաւորներ Իսրայէլի մէջ արդարութիւն գործադրեցին։ Քանանացի թագաւոր՝ Յաբին, 20 տարի իսրայէլացիները հարստահարած էր, երբ Աստուած Դեբօրա մարգարէուհիին միջոցաւ Բարակ դատաւորը մղեց որ քայլ առնէ։ Թաբօր լերան վրայ, Բարակ 10,000 տղամարդ համախմբեց, եւ պատրաստ էր պատերազմելու Յաբինի սպարապետին՝ Սիսարայի դէմ, որ իր բանակով եւ 900 պատերազմական կառքերով Կիսոն հեղեղատը մտած էր։ Երբ իսրայէլացիները հովիտը հասան, Աստուած տեղատարափ անձրեւ մը պատճառեց, որ ռազմադաշտը ճահիճի վերածեց եւ քանանացիներուն կառքերը շարժելու անկարող դարձուց։ Բարակի մարդիկը յաղթանակ տարին, եւ «Սիսարայի բոլոր բանակը սուրի բերնով ինկաւ»։ Սիսարան ապաստանարան փնտռեց Յայէլի վրանին մէջ, սակայն ան զինք սպաննեց մինչ կը քնանար։ Բարակի ըսուած Դեբօրայի մարգարէութեան համաձայն, այս յաղթանակին ‘փառքը’ Յայէլի գնաց։ Քանի որ Դեբօրա, Բարակ եւ Յայէլ քաջութեամբ գործեցին, Իսրայէլ «քառասուն տարի հանգստացաւ» (Դատ. 4։1-9, 14-22. 5։20, 21, 31)։ Բազմաթիւ աստուածավախ տղամարդիկ եւ կիներ նոյնանման հաւատք եւ քաջութիւն ցուցաբերած են։

ՄԵՐ ԽՕՍՔԵՐԸ ԿՐՆԱ՛Ն ՔԱՋՈՒԹԻՒՆ ՆԵՐՇՆՉԵԼ

10. Ինչո՞ւ կարելի է ըսել, թէ մեր խօսքերը կրնան քաջութիւն ներշնչել։

10 Այն ինչ որ կ’ըսենք, կրնայ Եհովայի երկրպագուներուն քաջութիւն ներշնչել։ Մ.թ.ա. 11–րդ դարուն, Դաւիթ թագաւոր իր որդիին՝ Սողոմոնին ըսաւ. «Զօրացի՛ր ու քաջասիրտ եղի՛ր ու այս գործը լրացո՛ւր. մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր, քանզի Տէր Աստուած, իմ Աստուածս, քեզի հետ է. անիկա քեզ պիտի չթողու ու քեզ երեսէ պիտի չձգէ, մինչեւ որ Տէրոջը տանը ծառայութեանը բոլոր գործերը լմնցնես» (Ա. Մն. 28։20)։ Սողոմոն քաջութեամբ գործեց եւ Երուսաղէմի մէջ Եհովայի հոյակապ տաճարը շինեց։

11. Իսրայէլացի աղջնակի մը քաջ խօսքերը մարդու մը կեանքին վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցան։

11 Մ.թ.ա. 10–րդ դարուն, իսրայէլացի աղջնակի մը քաջ խօսքերը բորոտի մը համար օրհնութիւն եղան։ Գունդ մը զինք գերեվարած էր, եւ ան Սուրիոյ բորոտ սպարապետին՝ Նէեմանին սպասուհին դարձած էր։ Եղիսէի միջոցաւ Եհովայի գործած հրաշքներուն տեղեակ ըլլալով՝ աղջնակը Նէեմանի կնոջ ըսաւ, որ եթէ իր ամուսինը Իսրայէլ երթար, Աստուծոյ մարգարէն զինք կը բժշկէր։ Նէեման Իսրայէլ գնաց, հրաշալիօրէն բժշկուեցաւ, եւ Եհովայի մէկ երկրպագուն դարձաւ (Դ. Թագ. 5։1-3, 10-17)։ Եթէ այդ աղջնակին նման Աստուած սիրող պատանի ես, Ան կրնայ քեզի քաջութիւն տալ որպէսզի վկայես ուսուցիչներուդ, դասընկերներուդ եւ ուրիշներուն։

12. Եզեկիա թագաւորին խօսքերը, իր հպատակներուն ինչպէ՞ս ազդեցին։

12 Լաւ–ընտրուած բառերը, վտանգաւոր պահերուն կրնան քաջութիւն ներշնչել։ Երբ մ.թ.ա. 8–րդ դարուն ասորեստանցիները Երուսաղէմի վրայ արշաւեցին, Եզեկիա թագաւոր իր հպատակներուն ըսաւ. «Զօրացէ՛ք ու քաջասիրտ եղէ՛ք. Ասորեստանի թագաւորին երեսէն մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք. վասն զի մեզի հետ եղողները անոր հետ եղողներէն շատ են։ Անոր հետ մարմնեղէն բազուկ կայ, բայց մեզի հետ եղողը մեր Տէր Աստուածն է, որ պիտի օգնէ մեզի ու մեր պատերազմներուն մէջ պիտի առաջնորդէ»։ Արդի՞ւնքը։ Կը նկատենք, թէ «ժողովուրդը Յուդայի Եզեկիա թագաւորին խօսքերէն սիրտ առաւ» (Բ. Մն. 32։7, 8)։ Համանման խօսքեր կրնան մեր քաջութիւնը ե՛ւ հաւատակիցներուն քաջութիւնը աւելցնել, երբ կը հալածուինք։

13. Աքաաբ թագաւորի ծառան՝ Աբդիան, քաջութեան ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։

13 Ատեններ, քաջութիւն կը ցուցաբերենք երբ որոշ բաներ չե՛նք ըսեր։ Մ.թ.ա. 10–րդ դարուն, Աքաաբ թագաւորին ծառան՝ Աբդիան, քաջաբար Եհովայի հարիւր մարգարէներ «յիսուն յիսուն, քարայրներու մէջ պահեց», որպէսզի չար Յեզաբէլ թագուհիին հրամանով չսպաննուէին (Գ. Թագ. 18։4)։ Աստուածավախ Աբդիայի նման, Եհովայի այժմու հաւատարիմ ծառաներէն շատեր, քաջաբար պաշտպանած են իրենց հաւատակիցները, հալածողներուն տեղեկութիւններ չտալով։

ՔԱՋ ԹԱԳՈՒՀԻ ՄԸ՝ ԵՍԹԵՐ

14, 15. Եսթեր թագուհին ինչպէ՞ս հաւատք եւ քաջութիւն ցուցաբերեց, եւ ի՞նչ արդիւնքով։

14 Եսթեր թագուհին մեծ հաւատք եւ քաջութիւն ցուցաբերեց, երբ չար Համանի մտադրած ջարդի ծրագիրը, մ.թ.ա. 5–րդ դարուն պարսկական կայսրութեան տարածքին գտնուող հրեաները վտանգի ենթարկեց։ Զարմանալի չէ որ անոնք սգացին, ծոմ պահեցին եւ անկասկած ամբողջ սրտով աղօթեցին (Եսթ. 4։1-3)։ Եսթեր թագուհին մեծապէս վշտացաւ։ Իր զարմիկը՝ Մուրթքէ իրեն ղրկեց ջարդը արտօնող օրէնքէն օրինակ մը, եւ պատուիրեց որ թագաւորին ներկայանայ եւ իր ազգակիցներուն համար աղաչէ։ Սակայն, եթէ անհատ մը առանց կանչուելու թագաւորին քով մտնէր, մահուան կը դատապարտուէր (Եսթ. 4։4-11)։

15 Մուրթքէ Եսթերին ըսաւ. ‘Եթէ լռես, հրեաներուն ուրիշ տեղէ մը ազատում պիտի գայ։ Բայց ո՞վ գիտէ, թերեւս դուն այսպիսի ատենուան մը համար թագուհի եղար’։ Եսթեր Մուրթքէի ըսաւ որ Շուշանի հրեաները հաւաքէ, եւ իրեն ի նպաստ ծոմ պահեն։ Ան ըսաւ. «Նոյնպէս ալ ես. . . ծոմ կը պահեմ ու այնպէս թագաւորին առջեւ կ’ելլեմ, թէպէտեւ օրէնքի դէմ է ու եթէ մեռնիմ՝ թող մեռնիմ» (Եսթ. 4։12-17)։ Եսթեր քաջաբար գործեց, եւ իր անունը կրող գիրքը ցոյց կու տայ, թէ Աստուած Իր ժողովուրդը ազատեց։ Մեր օրերուն, օծեալ քրիստոնեաները եւ նուիրուած ընկերակիցները համանման քաջութիւն կը ցուցաբերեն փորձութեան ժամանակ,– եւ «աղօթքի լսող»ը միշտ իրենց կողքին է (կարդա՛ Սաղմոս 65։2. 118։6)։

«ՔԱՋԱԼԵՐՈՒԷ՛»

16. Պատանիներուն համար, Յիսուս ի՞նչ օրինակ թողուց։

16 Մ.թ. առաջին դարուն, առիթով մը 12 տարեկան Յիսուս տաճարին մէջ գտնուեցաւ. ան «վարդապետներուն հետ նստեր էր, անոնց մտիկ կ’ընէր ու անոնց բան կը հարցնէր»։ Ասկէ զատ, «անոր ականջ դնողները կը զարմանային անոր իմաստութեանը ու պատասխաններուն վրայ» (Ղուկ. 2։41-50)։ Թէեւ պատանի էր, սակայն Յիսուս հարկ եղած հաւատքն ու քաջութիւնը ունէր, որպէսզի տաճարին մէջ տարեց ուսուցիչներու հարցումներ ուղղէր։ Յիսուսի օրինակը ի մտի ունենալը, ժողովքի պատանիներուն պիտի օգնէ, որ պատեհութիւններէն լիովին օգտուելով՝ ‘պատասխան տան ամենուն, որոնք իրենց ունեցած յոյսին մասին կը հարցնեն’ (Ա. Պետ. 3։15)։

17. Յիսուս իր աշակերտները ինչո՞ւ յորդորեց որ ‘քաջալերուին’, եւ ինչո՞ւ քաջաբար վարուելու կարիք ունինք։

17 Յիսուս ուրիշները յորդորեց, որ ‘քաջալերուին’ (Մատ. 9։2, 22)։ Իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ահա ժամանակ պիտի գայ ու եկած ալ է, որ ցիրուցան պիտի ըլլաք ամէն մէկդ իր տեղը ու զիս մինակ պիտի թողուք. բայց ես մինակ չեմ, վասն զի Հայրը ինծի հետ է։ Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէս զի ինձմով խաղաղութիւն ունենաք. աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի» (Յովհ. 16։32, 33)։ Յիսուսի սկիզբի հետեւողներուն նման, աշխարհին ատելութիւնը կը դիմագրաւենք. սակայն, թոյլ չտանք որ աշխարհին նման դառնանք։ Աստուծոյ Որդիին քաջութեան վրայ խոկալը կրնայ մեզի քաջութիւն տալ, որպէսզի մեր անձը անարատ պահենք այս աշխարհէն։ Ան աշխարհին յաղթեց, եւ մենք ալ կրնա՛նք յաղթել (Յովհ. 17։16. Յակ. 1։27)։

«ՔԱՋԱՍԻ՛ՐՏ ԵՂԻՐ»

18, 19. Պօղոս առաքեալ հաւատքի եւ քաջութեան ի՞նչ ապացոյց տուաւ։

18 Պօղոս առաքեալ բազմաթիւ փորձութիւններու տոկաց։ Առիթով մը, Երուսաղէմի հրեաները զինք կտոր–կտոր պիտի ընէին, եթէ հռոմայեցի զինուորները զինք չազատէին։ Գիշերուան ընթացքին, «Տէրը անոր քով կայնեցաւ ու ըսաւ. ‘Քաջասի՛րտ եղիր, Պօ՛ղոս, վասն զի ինչպէս Երուսաղէմի մէջ ինծի համար վկայեցիր, այնպէս պէտք է Հռովմի մէջ ալ վկայես’» (Գործք 23։11)։ Պօղոս ճիշդ այդպէս ըրաւ։

19 Պօղոս անվախօրէն յանդիմանեց այն «երեւելի առաքեալներ»ը, որոնք ջանացին Կորնթոսի ժողովքը ապականել (Բ. Կոր. 11։5. 12։11)։ Անոնց հակառակը, ան կրնար իր առաքեալ ըլլալուն ապացոյցը մատնանշել,– բանտարկութիւն, ծեծեր, վտանգաւոր ճամբորդութիւններ, այլ վտանգներ, անօթութիւն, ծարաւ, անքուն գիշերներ, ինչպէս նաեւ հաւատակիցներու հանդէպ խոր մտահոգութիւն (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 11։23-28)։ Հաւատքի եւ քաջութեան ի՜նչ հոյակապ արձանագրութիւն եւ աստուածատուր զօրութեան ապացոյց։

20, 21. ա) Օրինակ մը տուր, որ ցոյց կու տայ թէ պէտք է շարունակենք քաջութեամբ լեցուիլ։ բ) Ինչպիսի՞ պարագաներու ներքեւ քաջութիւն ցուցաբերելու հարկ կրնայ ըլլալ, եւ ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։

20 Բոլոր քրիստոնեաները խիստ հալածանք պիտի չկրեն։ Բայց եւ այնպէս, բոլո՛րը պէտք է համարձակութեամբ լեցուին, որպէսզի կեանքի մարտահրաւէրներուն հետ գլուխ ելլեն։ Լուսաբանենք. Պրազիլի մէջ, երիտասարդ մը աւազակախումբի կը պատկանէր։ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելէ ետք, ան փոփոխութիւններ ընելու կարիքը տեսաւ, սակայն սովորաբար ոեւէ անհատ որ աւազակախումբը կը ձգէր, կը սպաննուէր։ Ան աղօթեց, եւ համարներ գործածելով պարագլուխին ցոյց տուաւ, թէ ինչո՛ւ չէր կրնար իրենց հետ մնալ։ Երիտասարդին արտօնուեցաւ հեռանալ առանց պատժուելու, եւ ան հրատարակիչ եղաւ։

21 Բարի լուրը քարոզելու համար, քաջութիւն պահանջուած է։ Քրիստոնեայ պատանիներ այս յատկութեան պէտք ունին, եթէ կ’ուզեն դպրոցին մէջ ուղղամտութիւն պահել։ Նահանգային համաժողովի բոլոր նիստերուն ներկայ գտնուելու համար, աշխարհիկ գործէն արձակուրդ ուզելը քաջութիւն կրնայ պահանջել։ Շարքը երկա՜ր է։ Սակայն, ի՛նչ որ ալ ըլլան մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրները, Եհովան ‘հաւատքով եղած մեր աղօթքները’ պիտի լսէ (Յակ. 5։15)։ Եւ վստահաբար ան կրնայ մեզի իր սուրբ հոգին տալ, որպէսզի ‘զօրանանք ու քա՛ջ ըլլանք’։

[Նկար՝ էջ 19]

Ենովք անբարեպաշտ աշխարհի մը մէջ քաջութեամբ քարոզեց

[Նկար՝ էջ 20]

Յայէլ քաջ եւ զօրաւոր էր

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել