Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ
ՍԿՈՎՏԻԱՅԷՆ եղող տղամարդ մը ի՞նչ բան տեսաւ, որ աւելի արժէքաւոր է քան՝ իր յաջող վաճառականութիւնը։ Պրազիլի մէջ, ի՞նչ բան օգնեց տղամարդու մը, որ անբարոյ ապրելակերպէ վազ անցնի եւ այլեւս քրէք կոկային չգործածէ։ Սլովենիայի մէջ, տղամարդ մը ինչպէ՞ս կրցաւ կեցնել չափազանց խմելու իր սովորութիւնը։ Նկատի առ անոնց փորձառութիւնները։
«Լաւ կեանք մը ունէի» (ՃՈՆ ՌԻՔԵՑ)
ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ. 1958
ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ. ՍԿՈՎՏԻԱ
ՆԱԽԱՊԷՍ. ՅԱՋՈՂ ՎԱՃԱՌԱԿԱՆ
ԱՆՑԵԱԼՍ։ Մեծցայ հարուստ ընտանիքի մը մէջ։ Հայրս սպայ էր բրիտանական բանակին մէջ, անոր համար ընտանիքս տեղէ–տեղ կը փոխադրուէր։ Սկովտիայէն զատ, ապրեցանք Անգլիոյ, Գերմանիոյ, Քենիայի, Մալէզիայի, Իրլանտայի եւ Կիպրոսի մէջ։ Ութ տարեկանէս գիշերօթիկներու մէջ մնացի, Սկովտիայի մէջ։ Ի վերջոյ, Քէմպրիճի Համալսարանէն շրջանաւարտ եղայ։
20 տարեկանէս սկսեալ, ութ տարի անցուցի քարիւղի վաճառականութեան մէջ։ Սկիզբը աշխատեցայ Հարաւային Ամերիկայի մէջ, ետքը Ափրիկէի մէջ, իսկ վերջաւորութեան՝ Արեւմտեան Աւստրալիոյ մէջ։ Աւստրալիա փոխադրուելէ ետք, ներդրումի ընկերութիւն մը հաստատեցի, բայց ի վերջոյ զայն ծախեցի։
Ընկերութիւնս ծախելով այնքա՛ն շատ դրամ շահեցայ, որ 40 տարեկանիս այլեւս պէտք չունէի աշխատելու։ Սկսայ ժամանակս անցընել ճամբորդութիւններ ընելով։ Մոթորսիքլեթով երկու անգամ Աւստրալիայի շուրջը դարձայ, եւ ճամբորդութիւն մը ըրի աշխարհի չորս կողմը։ Լաւ կեանք մը ունէի։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։ Նոյնիսկ ընկերութիւնս ծախելէ առաջ, ուզեցի Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնել իմ վայելած լաւ կեանքիս համար։ Սկսայ նորէն երթալ անկլիքան եկեղեցի։ Բայց եկեղեցին Աստուածաշունչէն շատ տեղեկութիւններ չէր տար։ Ետքը, մորմոններուն հետ սերտեցի, բայց շուտով հետաքրքրութիւնս կորսնցուցի, քանի որ իրենց սորվեցուցածները Աստուածաշունչին վրայ չէին հիմնուած։
Օր մը Եհովայի վկաները դուռս զարկին։ Անմիջապէս կրցայ տեսնել, թէ անոնք իրենց սորվեցուցածները միմիայն Աստուածաշունչին վրայ կը հիմնեն։ Համարներէն մէկը որ բացին, Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4–ն էր։ Այդ համարները կ’ըսեն, որ «Աստուած կ’ուզէ որ ամէն տեսակ մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութեան մասին ճշգրիտ գիտելիքներ ստանան» (ՆԱ)։ Շատ տպաւորուեցայ տեսնելով, թէ Վկաները շեշտեցին ոչ թէ պարզապէս գիտութիւնը, հապա ճշգրիտ գիտութիւնը որ հիմնուած է Աստուածաշունչին վրայ։
Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը սերտելը ինծի օգնեց, որ ճշգրիտ գիտելիքներ ձեռք ձգեմ։ Օրինակ, սորվեցայ որ Աստուած եւ Յիսուս խորհրդաւոր Երրորդութեան մէկ մասը չեն, հապա երկու տարբեր անձեր են (Յովհաննէս 14։28. Ա. Կորնթացիս 11։3)։ Ուրախացայ այս պարզ ճշմարտութիւնը սորվելով։ Նաեւ բարկացայ, որ անցեալին շատ ժամանակ կորսնցուցի, փորձելով հասկնալ այս սուտ վարդապետութիւնը։
Շուտով սկսայ Եհովայի վկաներուն ժողովներուն երթալ։ Նկատեցի որ բոլորը շատ մարդամօտ են եւ բարոյապէս մաքուր են։ Անոնց անկեղծ սէրը տեսնելով համոզուեցայ, որ այս է ճշմարիտ կրօնքը (Յովհաննէս 13։35)։
ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։ Մկրտուելէս ետք, ծանօթացայ Տայան անունով հոյակապ կնոջ մը, որուն ծնողները Վկաներ էին երբ ծնաւ, եւ գեղեցիկ յատկութիւններ ունէր, որոնք շատ կը հաւնէի։ Ժամանակ մը ետք ամուսնացանք։ Շնորհակալ եմ Եհովայէն, որ այսպիսի սիրալիր եւ օգնական կին մը ունեցայ։
Տայանն ու ես զօրաւոր փափաք ունեցանք փոխադրուելու հոն, ուր աւելի մեծ պէտք կայ բարի լուրի քարոզիչներու։ 2010–ին, փոխադրուեցանք Պէլիզ, Կեդրոնական Ամերիկա։ Հոս կը քարոզենք մարդոց, որոնք Աստուած կը սիրեն եւ կ’ուզեն աւելի սորվիլ իր մասին։
Մտքի խաղաղութիւն ունիմ գիտնալով ճշմարտութիւնը Աստուծոյ եւ Աստուածաշունչին մասին։ Որպէս լիաժամ ծառայ, ուրախ եմ որ շատերու սորվեցուցած եմ Աստուածաշունչը։ Ի՜նչ հոյակապ բան մըն է տեսնել, թէ ինչպէ՛ս Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը մէկու մը կեանքը կը բարելաւէ, ճիշդ ինչպէս որ կեանքս բարելաւեց։ Վերջապէս գտած եմ լաւագոյն կերպը Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելու իմ վայելած լաւ կեանքիս համար։
«Անոնք ինծի հանդէպ շատ ազնիւ գտնուեցան» (ՄԱՐԻՍԻՕ ԱՐԱՈՒԺՕ)
ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ. 1967
ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ. ՊՐԱԶԻԼ
ՆԱԽԱՊԷՍ. ԱՆԲԱՐՈՅ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
ԱՆՑԵԱԼՍ։ Մեծցայ Ավարէի մէջ, որ հանդարտ գիւղաքաղաք մըն է Սան Փաուլօ նահանգին մէջ։ Հոն ապրող մարդոց մեծամասնութիւնը աղքատ է։
Հայրս մահացաւ, մինչ մայրս ինձմով յղի էր։ Պատանի տարիքիս, մօրս հագուստները կը հագնէի երբ տունը չէր ըլլար։ Սկսայ աղջիկներու պէս վարուիլ եւ մարդիկ զիս միասեռական սեպեցին։ Ժամանակի ընթացքին, սկսայ սեռային յարաբերութիւն ունենալ տղաքներու եւ տղամարդոց հետ։
Երբ շուրջ 20 տարեկան էի, կը փնտռէի տղամարդիկ ու կիներ, որոնց հետ կրնայի սեռային յարաբերութիւն ընել։ Զանոնք կը գտնէի գինետուներու, նայթքլապներու եւ նոյնիսկ եկեղեցիներու մէջ։ Քարնաւալի ժամանակ, կնոջ հագուստ կը հագուէի եւ կը պարէի տողանցքներուն մէջ։ Շատ ճանչցուած էի։
Ընկերներս միասեռականներ, պոռնիկներ եւ թմրեցուցիչի մոլիներ էին։ Անոնցմէ ոմանք զիս համոզեցին որ քրէք կոկայինը փորձեմ, եւ շուտով անոր մոլի դարձայ։ Երբեմն ամբողջ գիշերը կը ծխէինք։ Ուրիշ ատեններ, ես առանձին ամբողջ օրը քրէք կոկային կը ծխէի։ Այնքա՛ն նիհարցայ որ մարդիկ սկսան ըսել, թէ ԷՅՏՍ ունիմ։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։ Գրեթէ այդ ժամանակ Եհովայի վկաներուն հանդիպեցայ։ Անոնք ինծի հանդէպ շատ ազնիւ գտնուեցան։ Համարներէն մէկը որ ինծի բացին՝ Հռովմայեցիս 10։13–ն էր, որ կ’ըսէ. «Ով որ Տէրոջը անունը կը կանչէ՝ պիտի փրկուի»։ Այդ համարը ինծի ցոյց տուաւ, թէ կարեւոր է Աստուծոյ անունը գործածել։ Շատ անգամ, ամբողջ գիշերը քրէք կոկային ծխելէ ետք, պատուհանը կը բանայի, երկինք կը նայէի եւ արցունքով Եհովային կ’աղաչէի որ ինծի օգնէ։
Մտահոգուեցայ մօրս նկատմամբ, որ կը տառապէր տեսնելով թէ ինչպէ՛ս թմրեցուցիչ գործածելով կեանքս կը քանդէի։ Ուստի, միտքս դրի որ թմրեցուցիչներէ վազ անցնիմ։ Անկէ քիչ ետք, ընդունեցի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը սերտել։ Անոնք զիս վստահեցուցին, որ ուսումնասիրութիւնս ինծի պիտի օգնէր թմրեցուցիչներ գործածելը կեցնելու, եւ այդպէս ալ եղաւ։
Մինչ կը շարունակէի Աստուածաշունչը սերտել, անդրադարձայ որ պէտք է ապրելակերպս փոխեմ։ Շատ դժուար էր որ միասեռական սովորութիւններս լքէի, քանի որ պզտիկութենէս ի վեր անոնց համաձայն կ’ապրէի։ Բայց շրջանակս փոխելը ինծի շատ օգնեց։ Հին բարեկամութիւններուս վերջ դրի եւ գինետուներ ու նայթքլապներ երթալէ ետ կեցայ։
Մինչ կը պայքարէի այդ փոփոխութիւնները ընելու, կը մխիթարուէի գիտնալով որ Եհովան ինձմով հետաքրքրուած էր եւ կը հասկնար պայքարս (Ա. Յովհաննէս 3։19, 20)։ Բոլոր միասեռական սովորութիւններէն ձերբազատուելէ ետք, 2002–ին մկրտուեցայ որպէս Եհովայի վկայ։
ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։ Մայրս այնքա՛ն տպաւորուեցաւ ըրած փոփոխութիւններովս, որ ինքն ալ սկսաւ Աստուածաշունչը սերտել։ Ցաւօք սրտի, ան կաթուած ունեցաւ եւ մինչեւ այսօր իր առողջութիւնը լաւ չէ, բայց տակաւին կը սիրէ Եհովան եւ Աստուածաշունչը։
Վերջին ութ տարիներուն, որպէս լիաժամ քարոզիչ շատ ժամանակ տուած եմ ուրիշներուն քարոզելու եւ Աստուածաշունչը սորվեցնելու։ Ատեններ ստիպուած եղած եմ անպատշաճ ցանկութիւններու դէմ պայքարելու։ Բայց կը քաջալերուիմ գիտնալով, որ երբ կ’ընտրեմ այդ ցանկութիւններուն համաձայն չվարուիլ, կրնա՛մ Եհովան հաճեցնել։
Եհովային մօտենալը եւ զինք հաճեցնող կերպով ապրիլը ինքնայարգանքս աւելցուցած է։ Այսօր կեանքս ուրախութիւններով լեցուն է։
«Անյատակ տակառ էի» (ԼՈՒՔԱ ՇՈՒՑ)
ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ. 1975
ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ. ՍԼՈՎԵՆԻԱ
ՆԱԽԱՊԷՍ. ԾԱՆՐ ԽՄՈՂ
ԱՆՑԵԱԼՍ։ Ծնած եմ Լիւպլիանայի մէջ, Սլովենիոյ մայրաքաղաքը։ Ուրախ մանկութիւն ունէի, մինչեւ որ չորս տարեկան եղայ, երբ հայրս անձնասպան եղաւ։ Այս ցաւալի դէպքէն ետք, մայրս ստիպուեցաւ ծանր աշխատիլ, որպէսզի իմ ու մեծ եղբօրս ապրուստը ճարէր։
15 տարեկանիս փոխադրուեցայ մեծ մօրս քով։ Անոր հետ ապրելով ուրախ էի, քանի որ նոյն շրջանին մէջ շատ մը բարեկամներ ունէի եւ ա՛լ աւելի ազատութիւն կը վայելէի։ Իսկ 16 տարեկանիս, սկսայ ընկերակցիլ անհատներու հետ, որոնք շաբաթավերջերուն խմելու կ’երթային։ Սկսայ մազս չկտրել, թափթփած հագուիլ եւ ծխել։
Թէեւ քանի մը տեսակ թմրեցուցիչներ գործածեցի, բայց ամէնէն շատ սիրեցի խմիչք խմելը։ Սկիզբը միայն քանի մը գաւաթ գինի կը խմէի, բայց ետքը սկսայ ամէն մէկ նիստին գոնէ լման շիշ մը վերջացնել։ Եւ մեծ վարպետութեամբ յայտնի չէի ըներ, որ գինովցած էի։ Յաճախ միայն շունչէս կը գիտցուէր, որ խմած էի։ Եւ նոյնիսկ այն ատեն, մէ՛կը չէր գիտնար, որ լիդրերով գինի, գարեջուր եւ վոտքա խմած էի։
Շատ անգամ, ընկերներով տիսքօ կ’երթայինք եւ ամբողջ գիշերը խմելով կ’անցընէինք։ Թէեւ անոնցմէ շա՜տ աւելի կը խմէի, բայց կրնայի անոնց օգնել, որ քալելով տուն վերադառնային։ Օր մը, ընկերներէս մէկը իմ մասիս ըսաւ, որ ես անյատակ տակառ եմ։ Ասիկա սլովեներէնով կոշտ խօսք մըն է, որ կ’ըսուի մէկու մը՝ որ չափազանց կը խմէ։ Այդ խօսքը զիս շա՜տ վիրաւորեց։
Սկսայ լրջօրէն մտածել կեանքիս մասին։ Ինքզինքս բոլորովին անարժէք զգացի։ Տեսայ որ կեանքիս մէջ կարեւոր կամ իմաստալից բան մը չէի ըներ։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։ Գրեթէ այդ ժամանակ, անդրադարձայ որ դասընկերներէս մէկը փոխուած էր. աւելի ազնիւ մէկը դարձած էր։ Հետաքրքիր էի գիտնալու, թէ ի՛նչ բան իրեն օգնեց փոխուելու։ Անոր համար, զինք սրճարան հրաւիրեցի։ Մեր խօսակցութեան ընթացքին, ան ըսաւ որ սկսած էր Սուրբ Գիրքը սերտել Եհովայի վկաներուն հետ։ Ան պատմեց ի՛նչ որ կը սորվէր, եւ իր ըսածը ինծի համար բոլորովին նորութիւն էր, քանի որ բնա՛ւ եկեղեցի չէի գացած եւ բնա՛ւ Սուրբ Գիրքը չէի կարդացած։ Սկսայ Վկաներու ժողովներուն ներկայ ըլլալ եւ իրենց հետ Սուրբ Գիրքը սերտել։
Սուրբ Գիրքէն սորվեցայ շատ մը բաներ, որոնք ձգեցին որ ուզեմ կեանքս փոխել։ Օրինակ, սորվեցայ թէ կ’ապրինք «վերջին օրեր»ուն մէջ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5)։ Նաեւ սորվեցայ, որ Աստուած մօտ օրէն չար մարդիկը երկրէն պիտի վերցնէ եւ բարի մարդոց առիթը պիտի տայ, որ Դրախտին մէջ յաւիտենական կեանքը վայելեն (Սաղմոս 37։29)։ Ուստի, վճռեցի գէշ սովորութիւններս կեցնել, որպէսզի ըլլամ բարի մարդոց մէջ։
Սկսայ Սուրբ Գիրքէն սորվածներս ընկերներուս պատմել։ Անոնց մեծ մասը վրաս խնդաց, բայց ասիկա ինծի օգնեց չակնկալուած կերպով մը։ Անդրադարձայ, որ անոնք իսկական բարեկամներ չէին։ Եւ անոնց հետ ընկերակցիլը պատճառներէն մէկն էր, որ ես խմելու խնդիր ունէի։ Անոնք ամբողջ շաբաթը անհամբեր կը սպասէին, որ շաբաթավերջը գայ, որպէսզի նորէն գինովնային։
Անոնց հետ կապս կտրեցի եւ սկսայ ժամանակ անցընել նոր բարեկամներու հետ, որոնք Եհովայի վկաներ էին։ Անոնք իրապէս զիս քաջալերեցին, քանի որ անկեղծօրէն Աստուած կը սիրէին ու կը ջանային Սուրբ Գիրքի չափանիշներուն համաձայն ապրիլ։ Աստիճանաբար, կրցայ վերջ դնել ծանր խմելու սովորութեանս։
ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։ Շատ շնորհակալ եմ Եհովայէն, որ ուրախ զգալու համար, այլեւս խմիչքին պէտք չունիմ։ Չեմ գիտեր թէ վերջս ի՛նչ պիտի ըլլար, եթէ այդպէս շարունակէի ապրիլ։ Բայց վստահ եմ, որ հիմա շա՜տ աւելի լաւ կեանք մը ունիմ։
Վերջին եօթը տարիներուն, առանձնաշնորհումը ունեցած եմ Սլովենիոյ մէջ Եհովայի վկաներու մասնաճիւղին մէջ ծառայելու։ Եհովան ճանչնալն ու իրեն ծառայելը կեանքիս իսկական իմաստ տուած է։