Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ12 7/1 էջ 3
  • Որեւէ այլ գիրքի նմա՞ն է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Որեւէ այլ գիրքի նմա՞ն է
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Բոլոր սգաւորները մխիթարել»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Վշտահարները մխիթարեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
  • Եհովայի զօրութեամբ մխիթարուեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Աստուած ինչպէ՞ս կը մխիթարէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
դ12 7/1 էջ 3

Որեւէ այլ գիրքի նմա՞ն է

«Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է. . . որպէս զի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած» (Բ. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 3։16, 17)։

ՈՄԱՆՔ կը վարանին Աստուածաշունչի մասին այսպիսի արտայայտութիւն մը ընելու։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ քու մասիդ։ Հետեւեալներէն ո՞ր մէկը Աստուածաշունչի հանդէպ տեսակէտդ լաւագոյն կերպով կը նկարագրէ։

• Ընտիր գրականութեան մէկ երկը

• Հաւասարապէս ընդունուած սրբազան գրութիւններէն մէկը

• Բարոյական դասեր բովանդակող առասպելախառն գիրք մը

• Աստուծոյ Խօսքը

Յարակից հարցում մըն է. տարբերութիւն կ’ընէ՞ թէ ինչ բանի կը հաւատաս։ Նկատի առ թէ Աստուածաշունչը ինքնիր մասին ի՛նչ կ’ըսէ. «Ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ սորվիք, որպէս զի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք» (Հռովմայեցիս 15։4)։ Ուրեմն, Աստուածաշունչը կը դաւանի, թէ ծրագրուած է մեզի սորվեցնելու, մխիթարելու եւ յոյս տալու։

Սակայն, եթէ Աստուածաշունչը պարզապէս գրականութեան մէկ երկը կամ բազմաթիւ սրբազան գրութիւններէն մէկը ըլլար, ատոր պիտի վստահէի՞ր քեզի սորվեցնելու եւ ընտանիքդ առաջնորդելու, մասնաւորաբար եթէ իր պատգամը տարբերէր ա՛յն բանէն՝ որ կը խորհէիր թէ ճիշդ էր։ Եթէ Աստուածաշունչը առասպելներու հաւաքածոյ մը ըլլար, իր խոստումներէն մխիթարութիւն եւ յոյս պիտի ստանայի՞ր։

Միւս կողմէ, միլիոնաւորներ՝ որոնք Աստուածաշունչը ուսումնասիրած են, համոզուած են թէ ատիկա Աստուծոյ իւրայատուկ Խօսքն է։ Ինչո՞ւ։ Ի՞նչ բան Աստուածաշունչը միւս բոլոր գրքերէն կը զատորոշէ։ Քեզ կը հրաւիրենք որ նկատի առնես Աստուածաշունչի հինգ անզուգական երեսակներ, որոնք յաջորդ յօդուածներուն մէջ նկարագրուած են։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել