Շուտով պատահելիք հրաշքներ
ԵԹԷ վիրաբոյժ մը խրթին գործողութիւն պիտի կատարէր քու վրադ, ինչպէ՞ս պիտի զգայիր եթէ գիտնայիր որ ան բնաւ այսպիսի գործողութիւն չէ կատարած։ Անկասկած պիտի մտահոգուէիր։ Սակայն, ի՞նչ կարելի է ըսել, եթէ գիտնայիր թէ ան իր մարզին մէջ առաջատար վիրաբոյժն է, եւ գործողութեանդ նման հարիւրաւոր յաջող գործողութիւններ կատարած է։ Աւելի վստահ պիտի չը՞լլայիր որ ան կրնայ քեզի օգնել։
Այս հիւանդ աշխարհը, որուն մէջ այժմ կ’ապրինք, արմատական «գործողութեան» պէտք ունի։ Իր Խօսքին, Աստուածաշունչին, միջոցաւ Եհովա Աստուած խոստացած է, որ երկրագունդին վրայ Դրախտը պիտի վերահաստատէ (Բ. Պետրոս 3։13)։ Սակայն, ասիկա տեղի ունենալու համար, նա՛խ չարութիւնը պէտք է մէջտեղէն վերցնել՝ արմատախիլ ընել (Սաղմոս 37։9-11. Առակաց 2։21, 22)։ Բոլոր ցաւալի իրավիճակները, որոնք մեր շուրջը կը տեսնենք, պէտք է արմատահան ըլլան դրախտ մը վերահաստատուելէ առաջ։ Ասիկա բառացիօրէն հրաշքի մը պիտի կարօտի (Յայտնութիւն 21։4, 5)։
Եհովայի վկաները կը հաւատան, թէ այդ հսկայական փոփոխութիւնները շուտով պիտի կատարուին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովա Աստուծոյ արդէն ըրած հրաշքները կը փաստեն, թէ ան զօրութիւն ունի իր խոստումները պահելու։ Համեմատէ Աստուածաշունչի մէջ արձանագրուած միայն վեց հրաշքներ, ապագայի նկատմամբ իր տուած խոստումներուն հետ։
Թող որ շարունակես ապագային նկատմամբ Աստուածաշունչի խոստումներուն մասին սորվիլ։ Մինչ հաւատքդ կ’աճի, յոյսդ ե՛ւս պիտի զօրանայ,– յուսալ ապրիլ այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ անձամբ պիտի օգտուիս այն հրաշքներէն, որոնք Եհովան կը կատարէ։
[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 7]
ՀՐԱՇՔ.
ՔԱՆԻ ՄԸ ՆԿԱՆԱԿՈՎ ԵՒ ՁՈՒԿՈՎ, ՅԻՍՈՒՍ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐՆԵՐ ԿԵՐԱԿՐԵՑ (ՄԱՏԹԷՈՍ 14։13-21. ՄԱՐԿՈՍ 8։1-9. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 6։1-14)։
ԽՈՍՏՈՒՄ.
«Երկիր իր պտուղը պիտի տայ. ու Աստուած, մեր Աստուածը, մեզ պիտի օրհնէ» (ՍԱՂՄՈՍ 67։6)։
Ի՛ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ.
ԱՅԼԵՒՍ ՈՉ ՈՔ ԱՆՕԹՈՒԹԵՆԷ ՊԻՏԻ ՏԱՌԱՊԻ։
ՀՐԱՇՔ.
ՅԻՍՈՒՍ ԿՈՅՐԵՐՈՒՆ ԱՉՔԵՐԸ ԲԱՑԱՒ (ՄԱՏԹԷՈՍ 9։27-31. ՄԱՐԿՈՍ 8։22-26)։
ԽՈՍՏՈՒՄ.
«Կոյրերուն աչքերը պիտի բացուին» (ԵՍԱՅԻ 35։5)։
Ի՛ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ.
ԲՈԼՈ՛Ր ԿՈՅՐԵՐԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻՆ ՏԵՍՆԵԼ։
ՀՐԱՇՔ.
ՅԻՍՈՒՍ ԱՆԿԱՐՈՂՆԵՐԸ ԲԺՇԿԵՑ (ՄԱՏԹԷՈՍ 11։5, 6. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 5։3-9)։
ԽՈՍՏՈՒՄ.
«Կաղը եղջերուի պէս պիտի ցատկռտէ» (ԵՍԱՅԻ 35։6)։
Ի՛ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ.
ՖԻԶԻՔԱԿԱՆ ԲՈԼՈ՛Ր ԱՆԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԲԺՇԿՈՒԻՆ։
ՀՐԱՇՔ.
ՅԻՍՈՒՍ ԱՅԼԱԶԱՆ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԲԺՇԿԵՑ (ՄԱՐԿՈՍ 1։32-34. ՂՈՒԿԱՍ 4։41)։
ԽՈՍՏՈՒՄ.
«Հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’» (ԵՍԱՅԻ 33։24)։
Ի՛ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ.
ՏԿԱՐԱՑՆՈՂ ԲՈԼՈՐ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱՆԱՆ։ ԿԱՏԱՐԵԱԼ ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՎԱՅԵԼԵՆՔ։
ՀՐԱՇՔ.
ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՐԵՐՔՆԵՐԸ ՀԱԿԱԿՇՌԻ ՏԱԿ ԱՌԱՒ (ՄԱՏԹԷՈՍ 8։23-27. ՂՈՒԿԱՍ 8։22-25)։
ԽՈՍՏՈՒՄ.
«Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։ Անոնք պարապ տեղ պիտի չաշխատին» (ԵՍԱՅԻ 65։21, 23)։
«Հեռու պիտի ըլլաս. . . արհաւիրքէն՝ որպէս զի քեզի չմօտենայ» (ԵՍԱՅԻ 54։14)։
Ի՛ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ.
ԱՅԼԵՒՍ ԲՆԱԿԱՆ ԱՂԷՏՆԵՐ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՆ։
ՀՐԱՇՔ.
ՅԻՍՈՒՍ ՄԵՌԵԼՆԵՐԸ ՅԱՐՈՒՑԱՆԵՑ (ՄԱՏԹԷՈՍ 9։18-26. ՂՈՒԿԱՍ 7։11-17)։
ԽՈՍՏՈՒՄ.
«Բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները. . . դուրս պիտի գան» (ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 5։28, 29)։
«Ծովը իր մէջի մեռելները տուաւ ու մահը եւ դժոխքը իրենց մէջի մեռելները տուին» (ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 20։13)։
Ի՛ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ.
ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ՆՆՋԵՑԵԱԼՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՅԱՐՈՒՑԱՆՈՒԻՆ։