Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ12 11/1 էջ 28-32
  • Իրարու ներենք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Իրարու ներենք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԻՆՉՈ՛Ւ ՊԷՏՔ Է ՆԵՐՈՂ ԸԼԼԱՆՔ
  • ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐԴ ՎԵՐԼՈՒԾԷ
  • ՊԷ՞ՏՔ Է ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԱԾ ԶԳԱՍ
  • ‘ՁԵՐ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ ՁԵԶԻ ԹՈՂ ԴԱՌՆԱՅ’
  • ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀԱՃԱԾ ԿԵՐՊՈՎ ՀԱԿԱԶԴԷ
  • ‘Շարունակեցէք իրարու անհաշիւ ներել’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Ինչո՞ւ ներելու պատրաստ ըլլալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Ձեր սրտէն ներեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Եհովայի ներած կերպով կը ներե՞նք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
դ12 11/1 էջ 28-32

Իրարու ներենք

«Իրարու հետ քաղցր եղէք, գթած, ներելով իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով ներեց ձեզի» (ԵՓ. 4։32)։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

Ինչո՞ւ պէտք է ներելու կամեցողութիւն ունենանք։

Յիսուս ո՞ր լուսաբանութիւնը գործածեց ցոյց տալու համար թէ ինչո՛ւ պէտք է ներող ըլլանք։

Ներելու կամեցողութիւն ունենալով, ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։

1, 2. Ինչո՞ւ պէտք է նկատի առնես ուրիշներուն ներելու կամեցողութիւնդ։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ մեզի կ’օգնէ գիտնալու մեղքին առնչութեամբ Եհովայի տեսակէտը եւ անոր հակազդեցութիւնը՝ երբ մեղանչենք։ Բայց նաեւ ատիկա կը խօսի մեզի ներելու Եհովայի կամեցողութեան մասին։ Նախորդ յօդուածին մէջ, սորվեցանք որ Եհովան ինչո՛ւ Դաւիթին եւ Մանասէին ներեց։ Անոնք սրտանց զղջացին, իրենց սխալը Եհովային խոստովանեցան եւ վճռեցին նոյն սխալը չկրկնել։ Արդարեւ, այս կեցուածքներուն շնորհիւ՝ Եհովան անոնց ողորմեցաւ։

2 Այժմ քննարկենք ուրիշներուն ներելու մե՛ր կամեցողութիւնը։ Ի՞նչ պիտի զգայիր եթէ ազգականներէդ մէկը Մանասէի արարքներուն զոհը երթար։ Պիտի կարենայի՞ր Մանասէին ներել։ Ասիկա տեղին հարցում մըն է, քանի որ կ’ապրինք անօրէն, վայրագ եւ անձնասէր աշխարհի մը մէջ։ Ուստի, լաւ է հարց տալ. ինչո՞ւ պէտք է սորվինք ներող ըլլալ։ Իսկ եթէ անարդարութեան զոհ երթաս, ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել որ զգացումներդ զսպես, Եհովայի՛ն ուզած կերպով հակազդես եւ ներելու պատրաստ ըլլաս։

ԻՆՉՈ՛Ւ ՊԷՏՔ Է ՆԵՐՈՂ ԸԼԼԱՆՔ

3-5. ա) Յիսուս ի՞նչ լուսաբանութիւն գործածեց, ցոյց տալու համար թէ պէտք է ներող ըլլանք։ բ) Մատթէոս 18։21-35–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերէն ի՞նչ պէտք է սորվինք։

3 Պէտք է պատրաստ ըլլանք ներելու մեզ ընդվզեցնողներուն, ժողովքի անդամներ ըլլան կամ ոչ։ Ասիկա մեզի կ’օգնէ որ խաղաղութեան մէջ ըլլանք մեր ընտանիքի անդամներուն, բարեկամներուն, ուրիշ անհատներու ե՛ւ Եհովային հետ։ Սուրբ Գիրքը ցոյց կու տայ, թէ որպէս քրիստոնեաներ, մեզմէ պահանջուած է ուրիշներուն ներել, առանց նկատի առնելու թէ որքան յաճախ մեզ կ’ընդվզեցնեն։ Այս պահանջը լուսաբանելու համար, Յիսուս օրինակ մը տուաւ պարտապան ծառայի մը մասին։

4 Ծառան իր տիրոջ ա՛յնքան դրամ կը պարտէր որ հաշիւը գոցելու համար 60 միլիոն օր պէտք էր աշխատէր։ Բայց տէրը անոր պարտքը ներեց։ Համանման պարագայի մէջ, ծառան ինչպէ՞ս պիտի վարուէր։ Ուրիշ ծառայ մը իրեն տալիք էր գումար մը, որ աշխատաւոր մը կրնար միայն 100 օրուան մէջ շահիլ։ Բայց ան մերժեց ծառայակիցին ներել եւ անմիջապէս գումարը պահանջեց։ Ծառայակիցը աղաչեց որ իրեն ժամանակ տայ, բայց ան զինք բանտ նետել տուաւ։ Այս կեցուածքը անոնց տէրը զայրացուց։ «Պէտք չէ՞ր որ. . . քու ծառայակիցիդ ողորմէիր, ինչպէս ես քեզի ողորմեցայ», ըսաւ ան։ «Անոր տէրը բարկանալով՝ դահիճներուն մատնեց զանիկա, մինչեւ որ բոլոր պարտքը վճարէ» (Մատ. 18։21-34)։

5 Յիսուսի միտք բանին ի՞նչ էր։ Ան բացատրեց թէ Եհովան մեզի պիտի չներէ, եթէ մենք իսկապէս ուրիշներուն չներենք (Մատ. 18։35)։ Կէտը յստակ է. անկատարութեան պատճառաւ մեր գործած մեղքերը կ’ապացուցանեն, որ անկարող ենք Եհովայի չափանիշներուն լրիւ գոհացում տալ։ Բայց եւ այնպէս, ան պատրաստ է մեզի ներելու եւ նոր էջ բանալու։ Ուստի, եթէ կ’ուզենք Եհովայի բարեկամը ըլլալ, պէտք է ուրիշներուն ներենք։ Յիսուս ասիկա՛ ըսել ուզեց, երբ Լերան քարոզին մէջ ըսաւ. «Եթէ դուք ներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ ձեզի պիտի ներէ. իսկ եթէ դուք չներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր Հայրն ալ ձեզի պիտի չներէ ձեր յանցանքները» (Մատ. 6։14, 15)։

6. Ինչո՞ւ ներելը ընելիք միշտ դիւրին բանը չէ։

6 Թերեւս ըսես. ‘Խօսիլը ի՜նչ դիւրին է’։ Իսկապէս, ատեններ կը զգանք թէ ներելը ընելիք միշտ դիւրին բանը չէ։ Պարագան այդպէս է, քանի որ երբ ուրիշներ մեզ ընդվզեցնեն, յաճախ զգացական կը դառնանք։ Օրինակ, կրնայ ըլլալ որ բարկանանք կամ դաւաճանուած զգանք։ Թերեւս ուզենք վստահ ըլլալ, որ մեզ վիրաւորողը անպայման պատժուի կամ զինք ցաւցնենք ինչպէս որ ի՛նք մեզ ցաւցուց։ Կրնայ ըլլալ որ ա՛յնքան վիրաւորուած ենք որ կը զգանք թէ բնաւ պիտի չկարենանք անհատին ներել։ Եթէ համանման զգացումներ ունիս, ինչպէ՞ս կրնաս Եհովայի պահանջած ներող ըլլալու կեցուածքը մշակել։

ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐԴ ՎԵՐԼՈՒԾԷ

7, 8. Ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել ներող ըլլալու, երբ անհատ մը քեզի հետ կոշտութեամբ վարուի։

7 Երբ անարդարութեան զոհը երթանք,– կամ խորհինք թէ պարագան այդպէս է,– կրնայ ըլլալ որ բարկանանք։ Երիտասարդ մը կը պատմէ թէ ի՛նչ պատահեցաւ երբ զայրացաւ. ‘Տունէն դուրս ելայ եւ ես ինծի ըսի որ երբեք պիտի չվերադառնամ։ Ամրան պայծառ օր մըն էր եւ գեղեցիկ ճամբու մը մէջ կը քալէի։ Այդ անդորր եւ շքեղ վայրին մէջ՝ սկսայ հանդարտիլ։ Ժամեր ետք, տուն վերադարձայ, զղջալով որ ա՛յդքան բարկացած էի’։ Այս երիտասարդին նման, եթէ դուն քեզի հանդարտելու առիթ տաս, պիտի կարենաս պարագան աւելի յստակ կերպով դիտել, փոխանակ հակազդելու այնպիսի կերպով մը, որ յետագային պիտի զղջաս (Սաղ. 4։4. Առ. 14։29. Յակ. 1։19, 20)։

8 Բայց ի՞նչ պէտք է ընես, եթէ տակաւին կը զգաս որ բարկացած ես, նոյնիսկ քիչ մը հանդարտելէ ետք։ Մտածէ թէ ինչո՛ւ բարկացած ես։ Արդեօք քանի որ պատահածը անարդարութի՞ւն էր. կամ քանի որ անհատը անքաղաքավա՞ր գտնուեցաւ քեզի հանդէպ. եւ կամ՝ քանի որ կը խորհիս թէ անհատը դիտմա՞մբ քեզ վիրաւորել ուզեց։ Անհատին ըրածը այդքա՞ն վատ բան մըն էր։ Եթէ ջանաս գիտնալ բարկութեանդ ետին գտնուող պատճառը, կրնաս գիտնալ Աստուածաշունչի ո՛ր սկզբունքները քեզի պիտի օգնեն որ այդ զգացումներդ փոխես։ Ետքը, պիտի կարենաս Եհովային հաճած կերպով վարուիլ (կարդա՛ Առակաց 15։28. 17։27)։ Երբ մտածես իրողութիւններուն մասին քան՝ զգացումներուդ մասին, աւելի հակում կրնաս ունենալ ներելու։ Թէեւ ասիկա կրնայ դժուար ըլլալ, Աստուածաշունչը կրնա՛յ քեզի օգնել որ պարագային հանդէպ իսկական զգացումներդ հասկնաս եւ Եհովայի ներելու կամեցողութիւնը ընդօրինակես (Եբ. 4։12)։

ՊԷ՞ՏՔ Է ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԱԾ ԶԳԱՍ

9, 10. ա) Երբ վիրաւորուած զգաս, թերեւս ինչպէ՞ս հակազդես։ բ) Երբ սորվիս շուտով չվիրաւորուիլ եւ ուրիշներուն ներելու կամեցողութիւն ունենալ, ինչպէ՞ս պիտի զգաս։

9 Բազմաթիւ պարագաներ կրնան անհատ մը բարկացնել։ Օրինակ, մինչ ինքնաշարժ կը քշես, ուրիշ վարորդ մը արկած պատճառելու աստիճան ինքնաշարժիդ կը մօտենայ։ Ինչպէ՞ս կը հակազդես։ Ոմանք ա՛յնքան կը բարկանան որ վարորդին վրայ կը յարձակին։ Բայց քրիստոնեայ ըլլալով, վստահաբար դուն պիտի չուզես այդպէս վարուիլ։

10 Շատ աւելի լաւ պիտի ըլլար որոշ բան մը ընելէ առաջ՝ պահ մը մտածել։ Թերեւս դո՛ւն սխալ բան մը ըրիր մինչ կը քշէիր, քանի որ մտացիր էիր։ Կամ թերեւս միւս վարորդը ինքնաշարժին հետ խնդիր ունէր։ Ուրիշներուն սխալները կրնան մեզ չբարկացնել, երբ ջանանք հասկնալ ինչո՛ւ այդ սխալները պատահեցան, գիտակցինք թէ սխալներուն ետին գտնուող բոլոր պատճառները չենք գիտեր եւ ներելու հակում ունենանք։ Պէտք չէ դիւրաւ վիրաւորուած զգանք. Ժողովող 7։9–ն կ’ըսէ. «Մի՛ արտորար հոգիովդ բարկանալու, քանզի բարկութիւնը յիմարներուն ծոցին մէջ կը հանգչի»։ Երբեմն կը խորհինք թէ մարդիկ մասնաւոր բաներ կ’ընեն, որ մեզ վիրաւորեն։ Բայց իրականութեան մէջ, ատիկա պարզապէս անկատարութեան եւ թիւրիմացութեան արդիւնքն է։ Ուստի, փորձէ յիշել թէ անհատի մը վերաբերմունքին ետին գտնուող բոլոր իրողութիւնները չե՛ս գիտեր, սիրէ զինք եւ իրեն ներելու կամեցողութիւն ունեցիր։ Այսպէս ընելով աւելի ուրախ պիտի ըլլաս (կարդա՛ Ա. Պետրոս 4։8)։

‘ՁԵՐ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ ՁԵԶԻ ԹՈՂ ԴԱՌՆԱՅ’

11. Ինչպէ՞ս պէտք է զգանք, ծառայութեան մէջ մարդոց ընդառաջումը ի՛նչ որ ալ ըլլայ։

11 Ինչպէ՞ս կրնաս ժուժկալութիւն պահպանել, եթէ դաշտի ծառայութեան մէջ մէկը քեզի հետ կոշտ–կոպիտ վարուի։ Երբ Յիսուս 70a քարոզիչներ երկու–երկու ղրկեց, ըսաւ անոնց որ իւրաքանչիւր ընտանիքի ըսեն. «Խաղաղութիւն այս տան»։ Ապա շարունակեց. «Եթէ այդ տան մէջ խաղաղասէր մարդ ըլլայ՝ ձեր ողջոյնին խաղաղութիւնը անոր վրայ պիտի հանգչի, ապա թէ ոչ՝ ձեր ողջոյնը պիտի վերադառնայ ձեզի» (Ղուկ. 10։1, 5, 6, Անթիլիաս)։ Կ’ուրախանանք երբ մարդիկ մեր քարոզած բարի լուրին ընդառաջեն, քանի որ անկէ պիտի օգտուին։ Բայց մարդիկ միշտ ալ խաղաղասէր չեն։ Ուստի, ի՞նչ պէտք է ընենք։ Յիսուս ըսաւ որ տակաւին խաղաղ պէտք է զգանք։ Իւրաքանչիւր դուռի առջեւէն պէտք է մեկնինք ներքին խաղաղութիւն ունենալով, ի՛նչ որ ալ ըլլայ տանտիրոջ վերաբերմունքը։ Եթէ տանտիրոջ կոշտութեան պատճառով բարկանանք, մեր խաղաղութիւնը պիտի չկարենանք պահպանել։

12. Ըստ Եփեսացիս 4։31, 32–ի մէջ արձանագրուած Պօղոսի խօսքերուն, ինչպէ՞ս պէտք է գործենք։

12 Ջանա՛ ամէն պարագայի ներքեւ խաղաղարար ըլլալ եւ ոչ թէ միայն ծառայութեան մէջ։ Թերեւս ուրիշներուն ներելու հակում ունիս, բայց սա չի նշանակեր թէ պէտք է անոնց կոշտ արարքին հաւանիս կամ ձեւացնես թէ ատիկա ուրիշները չի վիրաւորեր։ Անշուշտ ներել կը նշանակէ, թէ իրենց այս վարքը պէտք չէ ա՛լ քեզ բարկացնէ։ Պէտք է ջանաս ներքի՛ն խաղաղութիւն ունենալ։ Ոմանք տակաւին կը մտածեն այն բոլոր գէշ բաներուն մասին, որոնք իրենց պատահեցան եւ խաղաղութիւն չեն զգար։ Թոյլ մի՛ տար որ բարկութիւնը քեզ ղեկավարէ։ Երբ ուրիշներէ բարկացած ես, ուրախ չես կրնար ըլլալ։ Անոր համար, ներո՛ղ եղիր (կարդա՛ Եփեսացիս 4։31, 32)։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀԱՃԱԾ ԿԵՐՊՈՎ ՀԱԿԱԶԴԷ

13. ա) Քրիստոնեան ինչպէ՞ս կրնայ ‘կրակի կայծեր դիզել’ թշնամիին գլխուն վրայ։ բ) Ի՞նչ կրնայ պատահիլ երբ մեզի հանդէպ գէշ վերաբերմունք ունեցող անհատին հետ մեղմօրէն վարուինք։

13 Կրնայ ըլլալ որ անհաւատ մը քեզի հանդէպ գէշ վերաբերմունք ունեցած է։ Բայց եւ այնպէս, թերեւս իրեն կարենաս օգնել որ հետաքրքրուի Աստուածաշունչի ուսուցումներով։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Եթէ քու թշնամիդ անօթեցեր է՝ հաց տուր անոր եւ եթէ ծարաւ է՝ ջուր տուր անոր. քանզի այս ընելով՝ անոր գլխուն վրայ կրակի կայծեր պիտի դիզես։ Չարէն մի՛ յաղթուիր, հապա բարիով յաղթէ՛ չարին» (Հռով. 12։20, 21)։ Երբ քաղաքավարութեամբ վարուիս նոյնիսկ երբ մարդիկ քեզի դէմ բարկանան, թերեւս անոնք իրենց կեցուածքը փոխեն եւ նոյնիսկ սկսին ազնուութեամբ վարուիլ։ Եթէ քեզի հանդէպ գէշ վերաբերմունք ունեցող անհատը հասկնաս եւ կարեկցիս, թերեւս իրեն օգնես Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները սորվելու։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ պարագան, մեղմ եւ ազնիւ արարքներդ պիտի մղեն անհատը որ մտածէ թէ ինչո՛ւ ուրիշներէն տարբեր ես (Ա. Պետ. 2։12. 3։16)։

14. Ինչո՞ւ պէտք է ներելու կամեցողութիւն ունենաս, նոյնիսկ երբ անհատը քեզի հանդէպ գէշ վերաբերմունք ունեցած է։

14 Որոշ պարագաներու ներքեւ, անյարմար պիտի ըլլար կարգ մը անհատներու հետ ընկերակցիլ։ Ասոնք կը պարփակեն այն անհատները, որոնք ժամանակին ժողովքի անդամ էին, բայց մեղանչեցին, անզեղջ գտնուեցան եւ վտարուեցան։ Եթէ այսպիսի անհատ մը քեզ վիրաւորած է, անոր ներելը դժուար կրնայ ըլլալ, նոյնիսկ եթէ ան զղջայ, քանի որ զգացական վէրքերը բուժուելու համար ժամանակ կ’առնեն։ Այսպիսի պարագաներու ներքեւ, կրնաս շարունակ Եհովայէն խնդրել որ քեզի օգնէ ներող ըլլալու զղջացող անհատին հանդէպ։ Վերջ ի վերջոյ, մենք չենք գիտեր անհատին սրտին խորհուրդները։ Բայց Եհովա՛ն գիտէ. ան մարդոց ամենաներքին հակումները կը քննէ եւ յանցագործներուն հանդէպ համբերատար է (Սաղ. 7։9. Առ. 17։3)։ Անոր համար Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք. բոլոր մարդոց առջեւ բարի բաներ ընելու հոգ տարէ՛ք։ Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք։ Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար, հապա բարկութեան տեղի տուէ՛ք. վասն զի գրուած է. ‘Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ’, կ’ըսէ Տէրը» (Հռով. 12։17-19)։ Կրնա՞ս իրաւացիօրէն անհատ մը դատապարտել։ Ո՛չ (Մատ. 7։1, 2)։ Բայց կրնաս վստահ ըլլալ որ Եհովան արդարութեամբ պիտի դատէ։

15. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ մեր բարկութիւնը նուաղի այն անհատին հանդէպ, որուն անարդարութեան զոհը գացած ենք։

15 Եթէ կը զգաս որ անարդարութեան զոհ գացած ես եւ դժուար կը գտնես յանցագործին ներել,– թէեւ զղջացած է,– լաւ կ’ըլլայ գիտակցիլ որ քեզ վիրաւորողն ալ զոհ է. քանի որ ան նաեւ ժառանգուած անկատարութեան ազդեցութիւններէն կը տառապի (Հռով. 3։23)։ Եհովան ամբողջ անկատար մարդկութեան կը կարեկցի։ Ուստի, պատշաճ է մեզ վիրաւորողին համար աղօթել։ Երբ անհատի մը համար աղօթենք, իրեն հանդէպ մեր ունեցած բարկութիւնը կը նուաղի։ Յիսուս յստակացուց որ պէտք չէ շարունակ բարկանանք անհատներու դէմ, նոյնիսկ երբ անոնց անարդարութեան զոհը երթանք։ Ան ըսաւ. ‘Սիրեցէք ձեր թշնամիները եւ աղօթք ըրէք անոնց համար որ ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն’ (Մատ. 5։44)։

16, 17. Ինչպէ՞ս պէտք է հակազդես երբ երէցները որոշեն թէ մեղանչող անհատը զղջացած է, եւ ինչո՞ւ։

16 Եհովան ժողովքի երէցներուն պատասխանատուութիւն տուած է որոշելու, թէ լրջօրէն մեղանչող անհատը զղջացած է կամ ոչ։ Անշուշտ այս եղբայրները իւրաքանչիւր հարցի առնչութեամբ Աստուծոյ նման բոլոր տուեալները չեն գիտեր, բայց եւ այնպէս, կը ջանան որոշում կայացնել Աստուածաշունչի ուսուցումներուն հիման վրայ եւ սուրբ հոգիին օգնութեամբ։ Ուստի, երբ Եհովայի կ’աղօթեն որպէսզի իրենց օգնէ որոշում կայացնելու, կրնանք վստահ ըլլալ որ իրենց որոշումը Եհովային մտածելակերպին հետ ներդաշնակ է (Մատ. 18։18)։

17 Այսպիսի՛ պարագայի ներքեւ է որ պէտք է հաւատարիմ ըլլանք։ Խնդիրը ձեռք առնելու Եհովայի կերպին պէտք է վստահինք եւ երէցներուն առած որոշումը պէտք է ընդունինք։ Եթէ երէցները որոշեն թէ անհատը զղջացած է, անոր պիտի ներե՞ս եւ ցոյց պիտի տա՞ս որ տակաւին զինք կը սիրես (Բ. Կոր. 2։5-8)։ Ասիկա դիւրին պիտի չըլլայ, մա՛նաւանդ եթէ ան քեզ կամ ընտանիքիդ մէկ անդամը վիրաւորած է։ Բայց եթէ կը վստահիս Եհովային եւ ժողովքէն ներս հարցերը ձեռք առնելու անոր կերպին, ճիշդ ձեւով պիտի գործես, ցոյց տալով որ իրապէս կ’ուզես ուրիշներուն մեծահոգաբար ներել (Առ. 3։5, 6)։

18. Եթէ ներելու կամեցողութիւն ունենաս, ինչպէ՞ս պիտի օգտուիս։

18 Նկատի առ ներել չկամենալու հետեւանքները. վատ առողջութիւն, քայքայուած փոխյարաբերութիւններ, ճնշուածութիւն եւ տկար հաղորդակցութիւն։ Միւս կողմէ, մտային առողջապահութեան մասնագէտներ նկատած են ներել կամենալու օգուտները. բարկութենէ եւ տխրութենէ զերծ ըլլալ, ուրախ փոխյարաբերութիւններ։ Իսկ ամէնէն կարեւոր օգուտը՝ մեր երկնաւոր Հօր հետ լաւ փոխյարաբերութիւնն է (Կող. 3։12-14)։

[Ստորանիշ]

a Աստուածաշունչի կարգ մը հին ձեռագիրներ կ’ըսեն «70», իսկ ուրիշներ՝ «72»։

[Նկար՝ էջ 29]

Յիսուսի այս լուսաբանութեան միտք բանին ի՞նչ էր

[Նկար՝ էջ 32]

Ուրիշներուն ներելը քրիստոնէական պահանջ մըն է

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել