Ամէն խոչընդոտ յաղթահարելով՝ փառք վաստկէ
«Հեզահոգի մարդը փառք կը վաստկի» (ԱՌ. 29։23)։
1, 2. ա) «Փառք» թարգմանուած եբրայերէն բառը ինչի՞ կ’ակնարկէ։ բ) Յօդուածին մէջ ի՞նչ հարցումներ պիտի պատասխանուին։
ԵՐԲ «փառք» բառը լսես, միտքդ ի՞նչ կու գայ։ Կը մտածե՞ս Աստուծոյ ստեղծագործութեան շքեղ գեղեցկութեան մասին (Սաղ. 19։1)։ Կամ կը մտածե՞ս այն փառքին ու պատիւին մասին, զորս հարուստները, իմաստունները կամ յաջող անհատները կը ստանան։ Աստուածաշունչին մէջ, «փառք» թարգմանուած եբրայերէն բառը ծանրութեան գաղափարը կը հաղորդէ։ Վաղեմի ժամանակներուն, կարգ մը մետաղադրամներ ոսկիէ կամ արծաթէ կը պատրաստուէին։ Մետաղադրամը որքան ծանր ըլլար, այնքան արժէքաւոր կը դառնար։ Անոր համար «փառք» բառը կրնայ ակնարկել բանի մը, որ մեծ արժէք ունի կամ շատ տպաւորիչ է։
2 Մարդիկ յաճախ հեղինակաւոր կամ համբաւաւոր անհատներ կը պատուեն։ Արդեօք նո՞յնն է պարագան Աստուծոյ։ Ան մարդուն մէջ ի՞նչ կը փնտռէ։ Առակաց 22։4–ը կ’ըսէ. «Խոնարհութիւնը եւ Տէրոջը երկիւղին վախճանը հարստութիւն, փառք ու կեանք են»։ Իսկ Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Տէրոջը առջեւ խոնարհեցէ՛ք ու ան ձեզ պիտի բարձրացնէ» (Յակ. 4։10)։ Ի՞նչ է այն փառքը որ Եհովան մեզի կը շնորհէ։ Ի՞նչ խոչընդոտներ կրնան պատճառ ըլլալ որ այդ փառքը չվաստկինք։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք օգնել ուրիշներուն որ զայն վաստկին։
3-5. Եհովան ի՞նչ փառքի կրնայ մեզ առաջնորդել։
3 Սաղմոսերգուն վստահութիւն ունէր թէ Եհովան զինք փառքի պիտի արժանացնէր (կարդա՛ Սաղմոս 73։23, 24)։ Եհովան ասիկա ինչպէ՞ս կ’ընէ։ Ան իր խոնարհ ծառաները փառքի կ’առաջնորդէ՝ զանոնք զանազան կերպերով պատուելով։ Ան զանոնք կ’օրհնէ որ իր կամքը հասկնան (Ա. Կոր. 2։7)։ Ասկէ զատ, իր խօսքը մտիկ ընելով եւ իրեն հնազանդելով, անոնք իրեն հետ մօտիկ բարեկամութիւն վայելելու պատիւը ունին (Յակ. 4։8)։
4 Եհովան նաեւ իր ծառաներուն վստահած է փառաւոր գանձ մը,– բարի լուրը քարոզել (Բ. Կոր. 4։1, 7)։ Եւ այս ծառայութիւնը փառքի կ’առաջնորդէ։ Անոնք՝ որոնք ծառայութեան մասնակցելով Աստուած կը փառաւորեն եւ ուրիշներուն կ’օգնեն, սա խոստումը ունին. «Զիս փառաւորողները պիտի փառաւորեմ» (Ա. Թագ. 2։30)։ Այսպիսիներ Եհովայի քով բարի անուն ձեռք կը ձգեն եւ իր ա՛յլ ծառաներուն քով լաւ համբաւ կ’ունենան (Առ. 11։16. 22։1)։
5 Ապագան ի՞նչ կը վերապահէ անոնց՝ որոնք Եհովայի կը հնազանդին։ Աստուածաշունչը կը խոստանայ. «[Եհովան] քեզ պիտի բարձրացնէ, որպէս զի երկիրը ժառանգես։ Ամբարիշտներուն սատակումը պիտի տեսնես» (Սաղ. 37։34)։ Աստուծոյ ծառաները յաւիտեան ապրելու հոյակապ յոյսը ունին (Սաղ. 37։29)։
«ԵՍ ՄԱՐԴՈՑՄԷ ՓԱՌՔ ՉԵՄ ՍՊԱՍԵՐ»
6, 7. Շատեր ինչո՞ւ չհաւատացին թէ Յիսուս Մեսիան էր։
6 Արդեօք կա՞ն խոչընդոտներ, որոնք կրնան պատճառ ըլլալ որ Եհովայէն փառք չվաստկինք։ Այո՛։ Օրինակի համար, թերեւս շատ արժէք տանք այն մարդոց կարծիքներուն, որոնք Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութիւն չունին։ Նկատի առ թէ Յովհաննէս առաքեալ ի՛նչ ըսաւ Յիսուսի ժամանակակից կարգ մը հեղինակաւոր անհատներու մասին. «Իշխաններէն ալ շատեր [Յիսուսի] հաւատացին, բայց փարիսեցիներէն վախնալով զայն չէին դաւաներ, որպէս զի ժողովարանէն դուրս չձգուին. վասն զի մարդոց փառքը Աստուծոյ փառքէն աւելի սիրեցին» (Յովհ. 12։42, 43)։ Անոնք ա՛յսքան կարեւորութիւն պէտք չէր տային փարիսեցիներուն կարծիքներուն։
7 Յիսուս յստակ կերպով բացատրեց, թէ ինչո՛ւ շատեր չհաւատացին թէ ինք Մեսիան էր (կարդա՛ Յովհաննէս 5։39-44)։ Իսրայէլ ազգը հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր Մեսիային գալուստին կը սպասէր։ Եւ երբ Յիսուս սկսաւ քարոզել, ոմանք թերեւս Դանիէլի մարգարէութենէն եզրակացուցին, թէ Մեսիան շուտով պիտի յայտնուէր։ Նոյնիսկ քանի մը ամիս առաջ, շատեր խորհեցան թէ Յովհաննէս Մկրտիչ Մեսիան էր (Ղուկ. 3։15)։ Բայց երբ Մեսիան եկաւ, օրինականները ինչո՞ւ անոր չհաւատացին։ Յիսուս պատճառը տուաւ, երբ անոնց սա հարցումը ուղղեց. «Դուք ի՞նչպէս կրնաք հաւատալ, երբ իրարմէ փառք կ’ակնկալէք եւ այն փառքը որ Աստուծմէն է՝ չէք փնտռեր»։
8, 9. Լոյսի լուսաբանութիւնը գործածելով, ցոյց տուր թէ ինչպէ՛ս սխալ տեսակի փառք ու պատիւ փնտռելը կրնայ աստուածային փառքը ծածկել։
8 Փառքը լոյսին հետ համեմատելով կրնանք հասկնալ, թէ մարդոց կողմէ մեր ստացած փառքն ու պատիւը ինչպէ՛ս կրնայ աւելի կարեւոր դառնալ, քան Եհովային կողմէ մեր ստացած պատիւը։ Տիեզերքը լոյսով լեցուն է։ Թերեւս կրնաս յիշել պահ մը, երբ անամպ գիշերուան ընթացքին կրցար հազարաւոր աստղեր դիտել։ Այդ աստղերուն գեղեցկութիւնը վստահաբար քեզ տպաւորեց (Ա. Կոր. 15։40, 41)։ Բայց կարգ մը քաղաքներու մէջ, ա՛յնքան լոյսեր կան որ գրեթէ անկարելի է աստղերը տեսնել։ Ինչո՞ւ։ Արդեօք քանի որ ճամբաներուն, մարզադաշտերուն եւ շէնքերուն լոյսը աւելի՞ փայլուն ու գեղեցիկ է՝ քան աստղերունը։ Ո՛չ։ Այլ, քանի որ քաղաքին լոյսերը մեզի աւելի մօտիկ են եւ կը դժուարացնեն աստղերը տեսնելը։ Ուստի, աստղերուն գեղեցկութիւնը դիտելու համար, պէտք է քաղաքի լոյսերէն շա՜տ հեռանանք։
9 Համանման կերպով, եթէ սխալ տեսակի փառքն ու պատիւը մեր սրտին մօտ է, կրնանք չգնահատել ու չփնտռել այն փառքը որ Եհովան կը կամի մեզի շնորհել։ Շատեր բարի լուրը չեն ընդունիր, քանի որ կը վախնան թէ բարեկամներ կամ ընտանիքի անդամներ իրենց մասին ի՛նչ պիտի խորհին։ Նոյնիսկ Եհովայի ծառաները կրնան այսպէս զգալ։ Օրինակ, երիտասարդ մը կը նշանակուի թաղամասի մը մէջ, ուր բոլորը կը ճանչնայ։ Բայց հոն ապրողներուն մեծամասնութիւնը չի գիտեր թէ ան Եհովայի վկայ է։ Արդեօք վախնալով ան ետ պիտի քաշուի՞։ Կամ ի՞նչ կարելի է ըսել, եթէ անհատ մը ծաղրուի իր դրած հոգեւոր նպատակակէտերուն պատճառաւ։ Արդեօք թոյլ պիտի տա՞յ անոնց՝ որոնք հարկ եղած չափով Եհովայի ծառայութիւնը չեն արժեւորեր, որ իր կեանքի ընտրութիւններուն ազդեն։ Կամ թերեւս մէկը լուրջ մեղք գործած է։ Արդեօք ան իր մեղքը պիտի ծածկէ՞, վախնալով որ ժողովքէն ներս իր առանձնաշնորհումները կորսնցնէ կամ չուզելով իր ընտանիքն ու բարեկամները յուսախաբ ընել։ Եթէ անոր գլխաւոր մտահոգութիւնն է՝ Եհովային հետ իր փոխյարաբերութիւնը վերահաստատել, ան երէցներուն օգնութիւնը պիտի հայցէ (կարդա՛ Յակոբոս 5։14-16)։
10. ա) Ի՞նչ կրնայ պատահիլ եթէ չափազանց մտահոգուինք թէ ուրիշներ մեր մասին ի՛նչ կը խորհին։ բ) Եթէ խոնարհ ենք, ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։
10 Թերեւս զգաս որ լրջօրէն կը ջանաս քրիստոնէական հասունութեան դիմել։ Բայց եղբայր մը միշտ քեզ կը խրատէ։ Կրնաս անոր խրատը ընդունիլ եւ օգտուիլ, եթէ հպարտանալով ինքզինքդ չպաշտպանես, համբաւիդ նկատմամբ չմտահոգուիս եւ չքմեղանքներ չներկայացնես։ Կամ, երեւակայէ որ եղբայրներու եւ քոյրերու հետ ծրագրի մը վրայ կ’աշխատիս։ Արդեօք պիտի մտահոգուի՞ս թէ քու լաւ գաղափարներուդ կամ ծանր աշխատանքիդ վարկը որո՛ւ պիտի երթայ։ Եթէ այս պարագաներուն ներքեւ գտնուիս, յիշէ թէ «հեզահոգի մարդը փառք կը վաստկի» (Առ. 29։23)։
11. Երբ գովասանքի արժանանանք, ինչպէ՞ս պէտք է հակազդենք եւ ինչո՞ւ։
11 Երէցները եւ այն եղբայրները, որոնք ծանր կ’աշխատին ժողովքէն ներս պատասխանատուութիւններ ձեռք ձգելու համար, պէտք է ուշադիր ըլլան որ «մարդոցմէ փառք» չփնտռեն (Ա. Թես. 2։6. Ա. Տիմ. 3։1)։ Եղբայր մը ինչպէ՞ս պէտք է հակազդէ, երբ ուրիշներ զինք գովեն իր տարած մէկ աշխատանքին համար։ Անշուշտ, Սաւուղ թագաւորին նման ան իրեն համար ‘նշան պիտի չկանգնեցնէ’ (Ա. Թագ. 15։12)։ Բայց արդեօք ան պիտի խոստովանի՞ թէ Եհովայի օգնութեամբ կրցաւ այդ աշխատանքը կատարել, եւ թէ ապագային յաջողութիւն ձեռք պիտի ձգէ միայն եթէ Եհովան շարունակէ զինք օրհնել (Ա. Պետ. 4։11)։ Մեր ներքին զգացումները՝ երբ ուրիշներ մեզ կը գովեն, շատ բան կը յայտնեն թէ ինչպիսի՛ փառք կը փնտռենք (Առ. 27։21)։
«ՁԵՐ ՀՕՐԸ ԲԱՂՁԱՆՔԸ Կ’ՈՒԶԷՔ ԸՆԵԼ»
12. Որոշ հրեաներ ինչո՞ւ Յիսուսի պատգամը մերժեցին։
12 Մեր անձնական փափաքները ուրիշ խոչընդոտ մըն են, որոնք կրնան պատճառ ըլլալ որ Եհովայէն փառք չվաստկինք։ Անպատշաճ ցանկութիւններու պատճառով, թերեւս բոլորովին չուզենք ճշմարտութիւնը լսել (կարդա՛ Յովհաննէս 8։43-47)։ Օրինակ, Յիսուս որոշ հրեաներու ըսաւ թէ իր պատգամը մերժեցին, քանի որ ուզեցին իրենց ‘հօրը՝ Սատանային՝ բաղձանքը ընել’։
13, 14. ա) Հետազօտիչները մեր ուղեղին եւ մարդկային ձայնին մասին ի՞նչ կ’ըսեն։ բ) Ինչպէ՞ս կ’ընտրենք որո՛ւն ականջ տալ։
13 Ատեններ կը լսենք միայն այն ինչ որ կ’ուզենք լսել (Բ. Պետ. 3։5)։ Եհովան մեր ուղեղը շինած է ձայներ անտեսելու հոյակապ կարողութեամբ։ Պահ մը կանգ առ ու մտածէ թէ այս վայրկեանին քանի՛ ձայն կը լսես։ Հաւանաբար անոնց մեծամասնութիւնը քիչ առաջ չէիր լսեր։ Ինչո՞ւ։ Թէեւ ուղեղդ այդ բոլոր ձայները լսելու կարողութիւնը ունի, բայց քեզի կ’օգնէր որ միայն մէկ ձայնի վրայ կեդրոնանաս։ Սակայն այս մէկը ընելը ուղեղին համար կը դժուարանայ, երբ ուրիշներ մեզի խօսին։ Հետազօտիչներ նկատած են թէ միայն մէկ անհատի կրնանք մտիկ ընել։ Սա կը նշանակէ, թէ երբ երկու անհատներ նոյն վայրկեանին քեզի հետ խօսին, պէտք է ընտրես որո՛ւն ուշադրութիւն ընծայել։ Պիտի ընտրես ա՛յն՝ որուն կ’ուզե՛ս ականջ տալ։ Այսպէս, Յիսուսի ժամանակակից հրեաները իրենց հօր՝ Սատանային՝ բաղձանքը ընել ուզելով, ընտրեցին Յիսուսի մտիկ չընել։
14 Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ ձեւով մը «իմաստութիւնը» եւ ‘անզգամութիւնը’ միշտ կը ջանան մեզ մղել զիրենք լսելու (Առ. 9։1-5, 13-17)։ Մենք ընտրութեան առջեւ ենք. որո՞ւն մտիկ պիտի ընենք։ Ասիկա կախեալ է թէ ո՛վ կ’ուզենք հաճեցնել։ Եթէ Յիսուսին ոչխարներն ենք, իրեն մտիկ պիտի ընենք ու հետեւինք (Յովհ. 10։16, 27)։ Յիսուս կ’ըսէ թէ իր հետեւորդները «ճշմարտութենէն [են]» (Յովհ. 18։37)։ Անոնք «օտարներուն ձայնը չեն ճանչնար» (Յովհ. 10։5)։ Այսպիսի խոնարհներ Եհովայէն փառք պիտի վաստկին (Առ. 3։13, 16. 8։1, 18)։
ԱՍՈՆՔ ՁԵԶԻ ՀԱՄԱՐ «ՓԱՌՔ» ԵՆ
15. Պօղոս ինչո՞ւ ըսաւ, որ իր նեղութիւնները եփեսացիներուն «փառք»ն են։
15 Ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշներուն օգնել որ Աստուծմէ փառք վաստկին։ Համբերատարութեան մեր օրինակը կերպ մըն է։ Պօղոս Եփեսոսի ժողովքին գրեց. «Կ’աղաչեմ որ չձանձրանաք իմ նեղութիւններուս պատճառաւ, որոնք ձեզի համար են եւ որոնք ձեր փառքն են» (Եփ. 3։13)։ Պօղոս ինչո՞ւ ըսաւ որ իր նեղութիւնները եփեսացիներուն փառքն են։ Խնդիրներու դիմաց իր եղբայրներուն ծառայելով, Պօղոս ցոյց տուաւ թէ Աստուծոյ ծառայելը քրիստոնեայի մը համար ամէնէն արժէքաւոր բանը պէտք է ըլլայ։ Եթէ Պօղոս փորձութիւններու ներքեւ ձեռնթափ ըլլար, իր եղբայրները պիտի խորհէին թէ Եհովայի հետ իրենց փոխյարաբերութիւնը, իրենց ծառայութիւնը եւ իրենց յոյսը կարեւորութիւն չունէին։ Իր համբերատարութեան օրինակով, Պօղոս եղբայրներուն ցոյց տուաւ թէ Քրիստոսի աշակերտը ըլլալը կ’արժէ որեւէ զոհողութիւն ընել։
16. Լիւստրայի մէջ, Պօղոսին ի՞նչ պատահեցաւ։
16 Պահ մը մտածէ, թէ որքա՜ն Պօղոսի նախանձախնդրութիւնը եւ համբերատարութիւնը եղբայրներուն օգնեցին։ Գործք 14։18, 19–ն կը պատմէ թէ Լիւստրայի մէջ Պօղոսի ի՛նչ պատահեցաւ. «Անտիոքէն ու Իկոնիոնէն Հրեաներ հասան ու ժողովուրդը համոզեցին եւ Պօղոսը քարկոծեցին ու քաղաքէն դուրս քաշեցին՝ կարծելով թէ մեռած է։ Բայց աշակերտները, երբ անոր բոլորտիքը պատեցին, ելաւ քաղաքը մտաւ ու հետեւեալ օրը Բառնաբասին հետ մէկտեղ Դերբէ գնաց»։ Երեւակայէ թէ որքա՜ն դժուար ըլլալու էր Պօղոսի համար, որ քարկոծուելէ ետք շուրջ 100 քմ քալելով ճամբորդութիւն կատարէր։
17, 18. ա) Տիմոթէոս ինչպէ՞ս ‘ծանօթացաւ’ Պօղոսի տառապանքներուն Լիւստրայի մէջ։ բ) Պօղոսի համբերատարութիւնը ինչպէ՞ս ազդեց Տիմոթէոսին։
17 Երբ Պօղոս քարկոծուեցաւ, Տիմոթէոս իրեն օգնող «աշակերտներ»էն մէ՞կն էր։ Հաւանաբար այո՛, թէեւ Գործք Առաքելոցի արձանագրութիւնը չ’ըսեր։ Բայց ան գիտէր ի՛նչ պատահած էր։ Տիմոթէոսին ուղղուած իր երկրորդ նամակին մէջ, Պօղոս գրեց. «Դուն ծանօթացար իմ վարդապետութեանս, վարմունքիս. . . [այն բաներուն] որոնք ինծի պատահեցան Անտիոքի [վռնտուիլ] եւ Իկոնիոնի [քարկոծման փորձ] ու Լիւստրայի [քարկոծուիլ] մէջ, գիտես թէ ի՛նչպէս հալածանքներու համբերեցի։ Եւ Տէրը ազատեց զիս այս ամենէն» (Բ. Տիմ. 3։10, 11. Գործք 13։50. 14։5, 18)։
18 Տիմոթէոս գիտէր թէ Պօղոս բոլոր այդ դժուար պարագաներուն տոկացած էր եւ անոր օրինակէն շատ բան սորված ըլլալու էր։ Երբ Պօղոս Լիւստրա այցելեց, նկատեց թէ Տիմոթէոս ժողովքէն ներս օրինակելի էր եւ «Լիւստրացի ու Իկոնացի եղբայրներէն ալ բարի վկայուած էր» (Գործք 16։1, 2)։ Ժամանակ մը ետք, Տիմոթէոս նոյնիսկ պատրաստ էր հսկայ պատասխանատուութիւններ շալկելու (Փլպ. 2։19, 20. Ա. Տիմ. 1։3)։
19. Մեր համբերատարութիւնը ինչպէ՞ս կ’օգնէ ուրիշներուն։
19 Եթէ շարունակենք Աստուծոյ կամքը կատարել, մեր օրինակը պիտի քաջալերէ պատանիները, որ Աստուծոյ շատ արժէքաւոր ծառաները դառնան։ Անոնք ոչ միայն դաշտի ծառայութեան մէջ մեզ կը դիտեն եւ կը սորվին մարդոց հետ խօսակցելու հմտութիւններ, այլեւ՝ կ’օգտուին այն կերպէն, որով կը հակազդենք կեանքի դժուար պարագաներուն։ Պօղոս ‘ամէն բանի համբերեց’, որպէսզի բոլոր անոնք՝ որոնք հաւատարիմ կը մնան, կարենան ‘հասնիլ փրկութեան ու յաւիտենական փառքին’ (Բ. Տիմ. 2։10)։
Պատանիները կրնան քրիստոնեայ տարեցներու համբերատարութենէն սորվիլ
20. Ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք փնտռել այն փառքը որ Աստուծմէն է։
20 Ամէն գնով շարունակենք փնտռել «այն փառքը որ Աստուծմէն է» (Յովհ. 5։44. 7։18)։ Եհովան ‘յաւիտենական կեանք կու տայ անոնց, որոնք փառք կը խնդրեն’ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 2։6, 7)։ Ինչպէս նաեւ մեր համբերատարութիւնը կ’օգնէ ուրիշներուն որ հաւատարիմ մնան եւ յաւիտենական կեանք ունենան։ Ուրեմն, ամէն խոչընդոտ յաղթահարելով՝ վաստկէ այն փառքը որ Աստուծմէ կու գայ։