Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ13 3/1 էջ 16
  • Աստուածաշունչին պատասխանները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչին պատասխանները
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յիսուս ինչո՞ւ Աստուծոյ Որդին կը կոչուի
    Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
  • Ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
  • Ո՞վ է Յիսուս
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
դ13 3/1 էջ 16
[Նկար՝ էջ 16]

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ

Յիսուս ինչո՞ւ կոչուած է Աստուծոյ Որդի

Զաւակներ ունենալու համար, Աստուած կնոջ կարիք չունէր, որովհետեւ ի՛նքն է բոլոր ապրող էակներուն Ստեղծիչը։ Մարդ արարածը ստեղծուած է այնպիսի կերպով մը, որ կարենայ Աստուծոյ յատկութիւնները ընդօրինակել։ Այս պատճառով է որ Աստուծոյ ստեղծած առաջին մարդը՝ Ադամ, ‘Աստուծոյ որդի’ կոչուած է։ Նմանապէս Յիսուս «Աստուծոյ Որդի» կոչուած է, որովհետեւ ստեղծուած է այն յատկութիւններով, որոնք իր Հայրը ունէր (կարդա՛ Ղուկաս 3։38. Յովհաննէս 1։14, 49)։

Յիսուս ե՞րբ ստեղծուեցաւ

Աստուած Յիսուսը ստեղծեց, նախքան Ադամը ստեղծելը։ Իրականութեան մէջ, Աստուած Յիսուսը ստեղծեց եւ ապա զինք գործածեց մնացեալ բոլոր բաները ստեղծելու, ներառեալ հրեշտակները։ Այս պատճառով է որ Սուրբ Գիրքը Յիսուսը կը կոչէ՝ Աստուծոյ կողմէ «բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկը» (կարդա՛ Կողոսացիս 1։15, 16)։

Նախքան Բեթլեհէմի մէջ ծնիլը, Յիսուս երկինքը կ’ապրէր որպէս հոգեղէն արարած։ Երբ ատենը եկաւ, Աստուած Յիսուսի կեանքը երկնքէն Մարիամին արգանդը փոխադրեց, որպէսզի ծնէր որպէս մարդ արարած (կարդա՛ Ղուկաս 1։30-32. Յովհաննէս 6։38. 8։23)։

Աստուած ինչո՞ւ պատճառ դարձաւ, որ Յիսուս որպէս մարդ ծնէր երկրի վրայ։ Յիսուս ի՞նչ մասնայատուկ դեր մը կատարեց։ Այդ հարցումներուն պատասխանները կրնաս գտնել Աստուածաշունչէն։ Անոնք քեզի պիտի օգնեն, որ աւելի լաւ հասկնաս ու գնահատես ինչ որ Աստուած եւ Յիսուս ըրած են քեզի համար։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 4–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել