Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ13 4/1 էջ 11
  • «Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովա ‘սուրբ հոգին կու տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • Ինչո՞ւ աղօթել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Յիսուսի խօսքերը աղօթքներուդ կ’ազդե՞ն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Պէ՞տք է Յիսուսին աղօթենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
դ13 4/1 էջ 11

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԵՑԻՐ

«Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի»

Յիսուսի աշակերտներէն մէկը խնդրեց. «Տէ՛ր, մեզի աղօթք ընել սորվեցուր» (Ղուկաս 11։1)։ Պատասխանին մէջ, Յիսուս երկու առակներ պատմեց, որոնք մեզի կը սորվեցնեն ինչպէ՛ս աղօթել եւ Աստուծոյ կողմէ լսուիլ։ Եթէ երբեք հարց տուած ես թէ արդեօք Աստուած աղօթքներդ կը լսէ՛, Յիսուսին պատասխանը քեզ պիտի հետաքրքրէ (կարդա՛ Ղուկաս 11։5-13)։

Առաջին առակը կը կեդրոնանայ աղօթք մատուցանողին վրայ (Ղուկաս 11։5-8)։ Պատմութեան մէջ, տղամարդ մը ուշ գիշեր հիւր մը ընդունելով, հրատապ հարց կ’ունենայ. հիւրասիրելիք ուտելիք չունի։ Թէեւ ժամը ուշ է, բայց ան իր բարեկամին տունը կ’երթայ՝ հաց խնդրելու։ Սկիզբը, բարեկամը կը վարանի ելլելու, քանի որ ընտանեօք մէկտեղ քնացած են։ Բայց հիւրընկալը համարձակ հաստատամտութեամբ կը շարունակէ հաց խնդրել, մինչեւ որ բարեկամը կ’ելլէ ու հարկ եղածը իրեն կը մատակարարէa։

Այս առակով Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ, թէ աղօթքի մէջ պէտք է յարատեւենք,– շարունակե՛նք խնդրել, փնտռել ու դուռը զարնել (Ղուկաս 11։9, 10)։ Ինչո՞ւ։ Արդեօք Յիսուս ըսել կ’ուզէ՞ թէ երբ կ’աղօթենք, կարծես թէ վարանող Աստուծոյ մը դուռը կը զարնենք։ Ո՛չ։ Յիսուսի միտք բանին այն է՝ թէ առակին մէջի վարանող բարեկամին հակառակը, Աստուած պատրաստ է հաւատքով աղօթողներուն պատշաճ խնդրանքները շնորհելու։ Եւ մենք մեր յարատեւութեա՛մբ այսպիսի հաւատք կը ցուցաբերենք։ Կրկին անգամ խնդրելով, ցոյց կու տանք թէ իրապէս մեր խնդրանքին պէտք ունինք եւ թէ իսկապէս կը հաւատանք թէ Աստուած կրնա՛յ զայն շնորհել,– եթէ իր կամքին համաձայն է (Մարկոս 11։24. Ա. Յովհաննէս 5։14)։

Երկրորդ առակը կը կեդրոնանայ «աղօթքի լսող»ին՝ Եհովայի՝ վրայ (Սաղմոս 65։2)։ Յիսուս հարցուց. «Ձեզմէ ո՞վ է այն հայրը, որմէ իր որդին հաց ուզէ, քար տայ անոր. կամ եթէ ձուկ ուզէ, ձուկին տեղ օձ տայ անոր. կամ եթէ հաւկիթ ուզէ, կարիճ տայ անոր»։ Պատասխանը բացայայտ է. ո՛չ մէկ սիրառատ հայր վնասակար բաներ կու տայ իր զաւակներուն։ Ապա, Յիսուս առակին իմաստը բացատրեց. եթէ անկատար հայրեր «աղէկ ընծաներ» կու տան իրենց զաւակներուն, «որչա՜փ աւելի. . . Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգին [լաւագոյն ընծան] պիտի տայ [իր երկրային զաւակներուն] որ իրմէ կը խնդրեն» (Ղուկաս 11։11-13. Մատթէոս 7։11)b։

Աստուած պատրաստ է հաւատքով աղօթողներուն պատշաճ խնդրանքները շնորհելու

Այս առակը Եհովայի՝ «աղօթքի լսող»ին՝ մասին ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի։ Յիսուս մեր ուշադրութեան կը յանձնէ Եհովան որպէս հոգատար Հայր, որ կը փափաքի իր զաւակներուն կարիքները գոհացնել։ Ուստի, Եհովայի երկրպագուները կրնան ազատ զգալ իրեն մօտենալու եւ իրենց սրտին խնդրանքները ներկայացնելու։ Իսկ գիտնալով թէ ան իրենց համար լաւագոյնը կ’ուզէ, անոնք իսկոյն կ’ընդունին անոր պատասխանը, նոյնիսկ եթէ ատիկա իրենց ակնկալածին պէս չըլլայc։

Ապրիլ ամսուան համար թելադրուած Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն

Ղուկաս 7-21

a Յիսուսի այս առակը տեղական սովորութիւններ կ’արտացոլէ։ Հրեաները հիւրասիրութիւնը սուրբ պարտականութիւն կը նկատէին։ Ընտանիքը օրուան համար բաւարար հաց կ’եփէր, ուստի սովորական բան էր փոխ առնել, եթէ հացը պակսէր։ Ասկէ զատ, եթէ ընտանիքը աղքատ էր, բոլո՛րը մէկ սենեակի մէջ կը քնանային։

b Յիսուս յաճախ գործածեց «որչա՜փ աւելի» արտայայտութիւնը, որպէսզի պատճառաբանէ թէ եթէ առաջինը ճշմարիտ է, ուրեմն որչա՜փ աւելի երկրորդն ալ ճշմարիտ պիտի ըլլայ։

c Աստուծոյ ինչպէ՛ս աղօթելու եւ անկէ լսուելու մասին աւելին գիտնալու համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 17–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել