Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ13 6/1 էջ 14-15
  • Չարագործէ մը ի՞նչ կրնանք սորվիլ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Չարագործէ մը ի՞նչ կրնանք սորվիլ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Դուն ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • «Դրախտին մէջ կը տեսնուինք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է
    Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր
  • Երկրի վրայ Դրախտ. երեւակայութի՞ւն է, թէ ոչ իրականութիւն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
դ13 6/1 էջ 14-15
[Նկար՝ էջ 14]

ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒԴ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ

Չարագործէ մը ի՞նչ կրնանք սորվիլ

Ձախ պատկերին մէջ կը տեսնե՞ս այս տղամարդը, որուն հետ Յիսուս կը խօսի։ Անիկա է այն չարագործը, որմէ կրնանք սորվիլ։ Ան իր գործած սխալներուն համար զղջացած է։ Ան Յիսուսին կ’ըսէ. «Յիշէ՛ զիս, երբ քու թագաւորութիւնովդ գաս»։ Ինչպէս որ կը տեսնես պատկերին մէջ, Յիսուսն ալ իրեն հետ կը խօսի։ Գիտե՞ս անոր ինչ կ’ըսէa։— Յիսուս իրեն այս խոստումը կու տայ. «Ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս»։

[Նկար՝ էջ 14]

Քու կարծիքովդ, Դրախտը ինչպիսի՞ վայր պիտի ըլլայ։— Ճիշդ կերպով պատասխանելու համար, խօսինք այն դրախտին մասին, որ Աստուած պատրաստեց, երբ առաջին տղամարդն ու կինը՝ Ադամն ու Եւան, ստեղծեց։ Ո՞ւր էր այդ դրախտը։ Երկնքի՞ մէջ էր, թէ ոչ՝ երկրի վրայ։—

Այո՛, ճիշդ պատասխանն է՝ երկրի վրայ։ Ուրեմն, երբ Յիսուս չարագործին ըսաւ որ «դրախտին մէջ» պիտի ըլլայ, կը հասկնանք որ ան դրախտի վերածուած այս երկրին վրայ պիտի ապրի։ Այդ դրախտը ինչպիսի՞ վայր պիտի ըլլայ։— Տեսնե՛նք։

Եհովա Աստուած Ադամն ու Եւան ստեղծելէ ետք, Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ ան զանոնք դրախտի մը մէջ դրաւ, հո՛ս՝ երկրի վրայ։ Ատիկա կը կոչուէր ‘Եդեմի պարտէզ’։ Կրնա՞ս երեւակայել թէ ‘Եդեմի պարտէզը’ որքա՜ն հոյակապ ըլլալու էր։— Վստահաբար, անիկա ապրելու ամէնէն գեղեցիկ վայրն էր։

Քու կարծիքովդ, Յիսուս հոս երկրի՞ վրայ պիտի ըլլայ այն զղջացող չարագործին հետ։— Ո՛չ։ Ան երկնքէն որպէս Թագաւոր պիտի իշխէ դրախտային երկրին վրայ։ Ուրեմն, Յիսուս չարագործին հետ պիտի ըլլայ, այն իմաստով որ ան չարագործին յարութիւն պիտի տայ եւ լաւ կերպով իրեն հոգ պիտի տանի։ Բայց Յիսուս ինչո՞ւ թոյլ պիտի տայ որ նախապէս չարագործ եղող մը դրախտին մէջ ապրի։— Քիչ մը խօսինք ասոր մասին։

[Նկար՝ էջ 15]

Ճիշդ է որ այս չարագործը շատ գէշ բաներ ըրաւ։ Բայց միլիառաւոր մարդիկ, որոնք երկրի վրայ ապրած են, նոյնպէս շատ գէշ բաներ ըրած են։ Սակայն շատեր գէշ բաներ ըրին, քանի որ բնաւ Եհովային մասին եւ անոր սիրած ու չսիրած բաներուն մասին չսորվեցան։

[Նկար՝ էջ 15]

Ուստի, անոնք ե՛ւ այն չարագործը՝ որուն հետ Յիսուս խօսեցաւ, յարութիւն պիտի առնեն, որպէսզի հոս՝ դրախտային երկրի վրայ՝ ապրին։ Անոնք Աստուծոյ կամքը պիտի սորվին, ապա պիտի կարենան փաստել թէ զինք կը սիրեն։

Գիտե՞ս ինչպէս կրնան այդ մէկը փաստել։— Աստուծոյ ուզած բաները ընելով։ Ուրեմն, ի՜նչ աղուոր պիտի ըլլայ ապրիլ դրախտին մէջ եւ միշտ ըլլալ անհատներու հետ, որոնք Եհովան եւ զիրար կը սիրեն։

Աստուածաշունչէդ կարդա՛

  • Ղուկաս 23։32-43

  • Ծննդոց 2։7-9

  • Յայտնութիւն 21։3-5

a Եթէ պզտիկի մը հետ կը կարդաս, ամէն անգամ որ գծիկը տեսնես, կանգ առ եւ պզտիկը քաջալերէ որ արտայայտուի։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել