ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ
Պոռնկագրութիւնը անվնա՞ս է, թէ ոչ թոյն է
Ներկայիս պոռնկագրութիւնը համատարած էa։ Զայն կարելի է գտնել ծանուցումներուն, նորաձեւութեան, խելացի հեռաձայններուն, ֆիլմերուն, երաժշտութեան, պարբերաթերթերուն, հեռատեսիլին, տեսաերիզի խաղերուն եւ կայքէջերուն մէջ։ Նաեւ, այժմ կարելի դարձած է տռփագրգիռ նկարներ առցանց փոխանակել։ Այնպէս կը թուի, թէ այժմու մարդկային ընկերութիւնը պոռնկագրութիւնը ընդունած է։ Աննախընթաց կերպով, հետզհետէ աշխարհի տարածքին աւելի՛ մարդիկ պոռնկագրութեամբ կը հետաքրքրուին (տե՛ս «Պոռնկագրութեան մասին իրողութիւններ» շրջանակը)։
Պոռնկագրութեան բնոյթն ալ կը փոխուի։ Փրոֆէսոր Կէյլ Տայնըս կը գրէ. «Ներկայիս պատկերները ա՛յնքան ծայրայեղ են որ այն ինչ որ անցեալին չափազանց–բաց կը նկատուէր, հիմա պոռնկագրութեան գլխաւոր հոսանքն է»։
Այս նիւթին մասին քու կարծիքդ ի՞նչ է։ Պոռնկագրութիւնը անվնա՞ս ժամանց է, թէ ոչ մահացու թոյն մը, կամ կէս առ կէս։ Յիսուս ըսաւ. «Ամէն բարի ծառ բարի պտուղ կու տայ եւ չար ծառ չար պտուղ կու տայ» (Մատթէոս 7։17)։ Պոռնկագրութիւնը ի՞նչ պտուղ կու տայ։ Պատասխանը առնելու համար, նկատի առնենք պոռնկագրութեան մասին կարգ մը հիմնական հարցումներ։
Պոռնկագրութիւնը ինչպէ՞ս անհատներու կ’ազդէ
ԻՆՉ ՈՐ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐ Կ’ԸՍԵՆ։ Պոռնկագրութիւնը մոլութիւն է։ Հետազօտիչներ եւ բժիշկներ նոյնիսկ զայն կը նմանցնեն քրէք կոկայինի։
Պրայընb, որ առցանց պոռնկագրութիւն դիտելու մոլի էր, կը պատմէ. «Բան մը չկար որ կրնար զիս կասեցնել։ Կը զգայի թէ ձեւով մը յափշտակուած էի։ Բառացիօրէն կը ցնցուէի եւ գլխու ցաւեր կ’ունենայի։ Ջանացի այս մոլութիւնը դադրեցնել, բայց տարիներ ետք՝ տակաւի՛ն ատոր մոլի էի»։
Անոնք՝ որոնք պոռնկագրութեան միջամուխ կ’ըլլան, յաճախ իրենց սովորութիւնը ծածուկ կը պահեն։ Անոնք գաղտնապահ ու խորամանկ կ’ըլլան։ Ուստի, զարմանալի չէ որ անոնցմէ շատեր կը մեկուսանան, կը մտահոգուին, կ’ընկճուին, կը բարկանան ու ամօթ կը զգան։ Կարգ մը պարագաներու, անոնք նոյնիսկ կը մտածեն անձնասպան ըլլալ։ Սերգէ, որ գրեթէ ամէն օր իր հեռախօսիկին մէջ պոռնկագրութիւն կը բեռնէր, կը պատմէ. «Անձնակեդրոն եւ յուսահատ դարձած էի։ Անարժան, յանցաւոր, մինակ եւ ծուղակի մէջ ինկած կը զգայի։ Կ’ամչնայի եւ կը վախնայի օգնութիւն խնդրելու»։
Ժամանակաւորապէս կամ պատահմամբ պոռնկագրութիւն դիտելն անգամ բացասական ազդեցութիւն կ’ունենայ։ ԱՄՆ–ի Ծերակոյտի յանձնախումբի մը առջեւ վկայելով, պոռնկագրութեան հետազօտիչ դոկտ. Ճուտիթ Ռիսմէն ըսաւ. «Պոռնկագրական պատկերները ուղեղին մէջ կը դրոշմուին ու զայն կը փոխեն, գրգռելով անմիջական եւ ակամայ, բայց մնայուն, կենսատարրական յիշատակ մը, որ դժուար է կամ անկարելի է ջնջել»։ 19 տարեկան Սուզան, որ սկիզբը պատահմամբ պոռնկագրական կայքէջ մը տեսաւ, կը պատմէ. «Պատկերները մտքիս մէջ փորագրուեցան։ Յանկարծ եւ ակամայ զանոնք կը վերյիշեմ։ Այնպէս կը թուի թէ բնա՛ւ պիտի չկարենամ զանոնք արմատախիլ ընել»։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԿԷՏԸ։ Պոռնկագրութեան զոհ գացողները թէ՛ անոր գերին կը դառնան եւ թէ կը վնասուին (Բ. Պետրոս 2։19)։
Պոռնկագրութիւնը ինչպէ՞ս ընտանիքներուն կ’ազդէ
ԻՆՉ ՈՐ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐ Կ’ԸՍԵՆ։ «Պոռնկագրութիւնը զոյգեր եւ ընտանիքներ կը քանդէ» (Պոռնկագրութեան ծուղակը, Ուենտի եւ Լէրրի Մոլթցի կողմէ)։
Պոռնկագրութիւնը ամուսնութիւններ եւ ընտանիքներ կը քանդէ հետեւեալ կերպերով.
Կը քայքայէ ամուսնական վստահութիւնը, մտերմութիւնը եւ սէրը (Առակաց 2։12-17)։
Կը մղէ անհատը որ դառնայ անձնասէր, վերապահ եւ իր կողակիցէն դժգոհ (Եփեսացիս 5։28, 29)։
Կը բոցավառէ սեռային մտահաճոյք եւ ցանկութիւն, որոնք վնասակար են (Բ. Պետրոս 2։14)։
Կը հրապուրէ անհատը որ իր կողակիցը ստիպէ սեռային առարկելի արարքներ ընել (Եփեսացիս 5։3, 4)։
Յառաջ կը մղէ զգացական եւ ֆիզիքական անհաւատարմութիւն (Մատթէոս 5։28)։
Աստուածաշունչը ամուսնացած զոյգը կը յորդորէ որ իրարու «անհաւատարիմ» չըլլան (Մաղաքիա 2։16)։ Անհաւատարմութիւնը դաւաճանութեան տեսակ մըն է, որ կրնայ ամուսնութիւնը քանդել եւ բաժանումի ու ամուսնալուծման առաջնորդել, ինչ որ իր կարգին զաւակներուն կը վնասէ։
Պոռնկագրութիւնը կրնայ նաեւ ուղղակիօրէն վնաս հասցնել զաւակներուն։ Վերոնշեալ Պրայընը կը բացատրէ. «Երբ շուրջ 10 տարեկան էի, մինչ աչկապուկ կը խաղայի, պատահմամբ հօրս պոռնկագրական պարբերաթերթերը գտայ։ Գաղտնաբար սկսայ ատոնք դիտել, առանց հասկնալու թէ ինչո՛ւ այդ նկարները զիս հրապուրեցին։ Այսպիսով, կործանիչ սովորութիւն մը սկսաւ, որ տեւեց մինչեւ չափահասութեանս տարիները»։ Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ պոռնկագրութիւնը կրնայ պատանիներուն ազդել, որ սեռային գետնի վրայ գործունեայ դառնան, ինչպէս նաեւ՝ խառնակեաց, սեռապէս վայրագ եւ զգացականօրէն ու հոգեբանօրէն անկայուն ըլլան։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԿԷՏԸ։ Պոռնկագրութիւնը սիրալիր փոխյարաբերութիւնները կը թունաւորէ եւ ի վերջոյ սրտացաւ եւ վիշտ կը պատճառէ (Առակաց 6։27)։
Պոռնկագրութեան նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը ի՞նչ է
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԸ Կ’ԸՍԷ. «Ուստի ձեր. . . անդամները սպաննեցէք. պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, անսանձ կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, որ կռապաշտութիւն է» (Կողոսացիս 3։5)։
Պարզ խօսքով, Եհովա Աստուած պոռնկագրութիւնը կ’ատէ։ Բայց ոչ թէ քանի որ ան սեռի նկատմամբ վերապահ է։ Ան մեր մէջ սեռային կարողութիւնը դրաւ եւ նպատակադրեց որ ամուսնացած զոյգեր այդպիսով զիրար հաճեցնեն, զգացականօրէն իրարու մօտենան եւ զաւակներ բերեն (Յակոբոս 1։17)։
Ուրեմն, ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ Եհովան պոռնկագրութիւնը կ’ատէ։ Նկատի առ կարգ մը պատճառներ.
Ան գիտէ թէ պոռնկագրութիւնը կրնայ կեանքեր քանդել (Եփեսացիս 4։17-19)։
Ան մեզ կը սիրէ եւ կ’ուզէ մեզ որեւէ վնասէ պաշտպանել (Եսայի 48։17, 18)։
Ան կ’ուզէ ամուսնութիւններ եւ ընտանիքներ պահպանել (Մատթէոս 19։4-6)։
Ան կ’ուզէ որ բարոյապէս մաքուր ըլլանք եւ ուրիշներուն իրաւունքները յարգենք (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3-6)։
Ան կ’ուզէ որ զաւակ ունենալու մեր կարողութիւնը յարգենք եւ պատշաճ կերպով գործածենք (Եբրայեցիս 13։4)։
Եհովան գիտէ թէ պոռնկագրութիւնը սեռի նկատմամբ աղաւաղուած, անձնասէր եւ սատանայական տեսակէտ կ’արտացոլէ (Ծննդոց 6։2. Յուդա 6, 7)։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԿԷՏԸ։ Պոռնկագրութիւնը Աստուծոյ հետ անհատին բարեկամութիւնը կը քանդէ (Հռովմայեցիս 1։24)։
Սակայն Եհովան կը կարեկցի անոնց՝ որոնք կ’ուզեն պոռնկագրութեան ճիրաններէն ազատիլ։ Աստուածաշունչը կը նշէ. «Բարեգութ ու ողորմած է Տէրը, երկայնամիտ ու առատ՝ ողորմութիւնով։ . . .Ան գիտէ մեր կազմուածքը, կը յիշէ թէ մենք հող ենք» (Սաղմոս 103։8, 14)։ Ան կը հրաւիրէ խոնարհները որ իրեն դառնան, որպէսզի ‘ողորմութիւն ընդունին ու շնորհք գտնեն պէտք եղած ատեն իրենց օգնելու’ (Եբրայեցիս 4։16. տե՛ս «Պոռնկագրութենէ ձերբազատուիլ» շրջանակը)։
Շատեր Աստուծոյ օգնութիւնը ընդունած են։ Աստուծոյ օգնութիւնը ազդո՞ւ է։ Նկատի առ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ ոմանց մասին, որոնք գէշ սովորութիւններ յաղթահարեցին. ‘Դուք լուացուեցաք, սրբուեցաք, արդարացաք Տէր Յիսուսին անունովը ու մեր Աստուծոյն Հոգիովը’ (Ա. Կորնթացիս 6։11)։ Պօղոս առաքեալին նման, այսպիսիներ կրնան ըսել. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց» (Փիլիպպեցիս 4։13)։
Սուզան, որ պոռնկագրութեան իր մոլութիւնը դադրեցուց, կ’ըսէ. «Եհովան միա՛կն է որ կրնայ քեզի օգնել որ պոռնկագրութենէ ձերբազատուիս։ Եթէ իր օգնութիւնը եւ առաջնորդութիւնը խնդրես, կրնաս մաքուր կեցուածք ունենալ իրեն առջեւ։ Ան բնա՛ւ քեզ պիտի չլքէ»։
a «Պոռնկագրութիւն» բառը կ’ակնարկէ տռփագրգիռ նիւթերու, որոնք ծրագրուած են դիտողին, կարդացողին կամ ունկնդիրին սեռային փափաքները արթնցնելու։ Անիկա կը պարփակէ պատկերներ, ինչպէս նաեւ գրաւոր եւ լսողական նիւթեր։
b Այս յօդուածին մէջ անունները փոխուած են։