ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐԷՆ
Յարմա՞ր է որ ժողովներուն ընթացքին ծնողները իրենց վտարուած զաւակին քով նստին։
Պատճառ չկայ անհարկիօրէն մտահոգուելու, թէ վտարուած անհատը Թագաւորութեան սրահին մէջ ո՛ւր պէտք է նստի։ Այս պարբերաթերթը միշտ քաջալերած է ծնողները, որ տան մէջ բնակող վտարուած զաւակին հոգեւորապէս օգնեն, եթէ այս մէկը յարմար կը տեսնեն։ Ինչպէս որ Դիտարան–ի 1 մայիս 1989 թիւը, էջ 28-29–ի վրայ նշեց, ծնողները կրնան նոյնիսկ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել իրենց վտարուած անչափահաս զաւակին հետ, որ տակաւին տան մէջ է։ Այսպէս, զաւակը հարկ եղած քաջալերութիւնը պիտի ստանայ, որպէսզի իր ընթացքը ճշդէ։
Թագաւորութեան սրահին մէջ ո՛ւր նստելուն առնչութեամբ, տրամաբանական է որ վտարուած անչափահասը կրնայ նաեւ իր ծնողքին հետ լուռումունջ նստիլ։ Քանի որ պահանջուած չէ որ վտարուածը ետեւի շարքերը նստի, վտարուած զաւակը կրնայ իր ծնողքին հետ նստիլ, ո՛ւր որ ալ անոնք նստին։ Մինչ ծնողները իրենց զաւակին հոգեւորութեան հոգ կը տանին, պիտի ուզեն վստահ ըլլալ, որ ան ժողովներէն լաւագոյնս կ’օգտուի։ Այս ուղղութեամբ, օգտակար է որ զաւակը իրե՛նց քով նստի, փոխանակ այլուր առանց հսկողութեան նստելու։
Բայց ի՞նչ կարելի է ըսել, եթէ վտարուած զաւակը այլեւս իր ծնողքին հետ չ’ապրիր։ Անցեալին, այս պարբերաթերթը յստակ կերպով նշեց թէ նոյն տան մէջ չապրող վտարուած՝ ընտանիքի անդամի մը հետ ընկերակցելու առնչութեամբ, քրիստոնեան ինչպիսի՛ պատշաճ կեցուածք պէտք է պահպանէa։ Բայց ժողովի ընթացքին՝ վտարուած անհատին նստիլը իր ընտանիքի անդամներուն քով, բոլորովին կը տարբերի անոր հետ անհարկիօրէն ընկերակցելէն։ Եթէ ընտանիքին հաւատարիմ անդամները պատշաճ կեցուածք ունին վտարուածին հանդէպ եւ կը ջանան անոր հետ չընկերակցելու աստուածաշնչական խրատը յարգել, մտահոգուելու հարկ չկայ (Ա. Կոր. 5։11, 13. Բ. Յովհ. 11)։
Այնքան ատեն որ վտարուածը պատշաճ կերպով կը վարուի, հարկ չկայ մտահոգուելու թէ ան ո՛ւր պէտք է նստի Թագաւորութեան սրահին մէջ,– իր ընտանիքի մէկ անդամին քով կամ ա՛յլ հրատարակիչի քով։ Նստելու տեղը սահմանափակելը կրնայ զանազան խնդիրներու դուռ բանալ։ Եթէ ներկաները, ներառեալ ընտանիքին հաւատարիմ անդամները, կը ջանան վտարումի նկատմամբ աստուածաշնչական սկզբունքները յարգել եւ ասիկա գայթակղութիւն չի պատճառեր, Թագաւորութեան սրահին մէջ ո՛ւր նստելու նկատմամբ մտահոգուելու հարկ չկայb։
a Տե՛ս Դիտարան–ի 1 հոկտեմբեր 1982 թիւը, էջ 21-22։
b Ասիկա կ’այժմէականացնէ ինչ որ հրատարակուած էր Դիտարան–ի 1 ապրիլ 1953 թիւին մէջ, էջ 223 (անգլերէնով)։